Աբուսահլ հայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

Շահնշահի մահուանէն տասն տարի մի վերջը՝ ուրիշ Հայ վզուրկ միանգամայն եւ քաջ զօրավար մի փառօք փայլի յԵգիպտոս. Աբուսահլի Զուհրայ վանաց ստորագրութեան մէջ յիշուածն Թաճ ատ-տաւլա Պէհրամ, ծանօթ ազնուական ցեղէ Պահլաւունեաց, ի մօրէ այլ Գրիգ. Մագիստրոսի թոռն, հօրեղբայր Ս. Ներսիսի Շնորհալւոյ եւ եղբայր Գրիգորիսի եպիսկոպոսին Եգիպտոսի, Վահրամ. ասոնց հետ եկած էր նաեւ միւս եղբայրնին, Վասակ, զոր եւ Վուսիլ եւ Եասալ կոչեն արաբացի պատմիչք։ Շնորհալի իր Վիպասանութեան վերջ իր ցեղին ազգաբանութիւնն ընելով, յիշէ զայս երեք հօրեղբարքն այլ, նախ մեծ Վկայասիրին համար ըսելով, թէ յԵգիպտոս՝ 

«Անդ ի յաթոռըն սուրբ եդեալ

Զառ ի քեռէն որդի ծընեալ

ԶԳրիգորիոս համանուանեալ...

Որ Յովսեփայ մեծին նմանեալ՝

Ըզհամազգիս ըզկնի ձըգեալ

Զարկ եղբարս իւր քաջացեալ,

Ըստ Յեսովայ զօրավարեալ։

Որոյ Վահրամ վերաձայնեալ,

Միւսոյն Վասակ անուանադրեալ:

Որք վեհագոյն փառս ընկալեալ

Եւ մեծարգի պատուոյ հասեալ։

Ըզպատերազմ ազանց վանեալ

Հակառակաց յաղթող գըտեալ։

Վասն այսորիկ շըքեղացեալ,

Եւ աշխարհի նոցունց տիրեալ»

Տիրելն շատ է, բայց ստուգիւ տեսակ մի տիրապետել եւ պայազատել էր կէս դար, Պատրի եւ Շահնշահի վզըրկութիւնն. վասն զի թոյլտուութեամբ կամ թուլութեամբ Խալիֆայից, իրենք հոգային թէ քաղաքական թէ զինուորական գործերը, եւ թէ տնտեսականը, այսինքն տէրութեան գանձն կամ եկամուտն. որ Պատրի վերահոգութեամբ, եւ Աշ-Խահհալ մեծ ղատիի մի գործադրութեամբ՝ տարեկան երեք միլիոն դենարէն աւելի էր, իսկ Շահնշահ, կ՚ըսէ Աբուսահլ, գլխահարկը աւելցուց մինչեւ մէկ դենար եւ 3/4։ Ասոնց գործոց՝ թէ ոչ շատ տարի՝ այլ շատ մասամբ հետեւող եւ յաջորդ եղան Շնորհալւոյ գոված հօրեղբարքն, մանաւանդ երիցագոյնն Վահրամ՝ Թագ պետութեան մականուանեալն, հաւատարիմ ամիրապետին, հաւատարմագոյն Ամենապետին, հայրենի եւ պահլաւունի ցեղին կրօնապահութեամբ, եւ առաւելեալ իսկ քան զիշխանակից ազգակիցսն, ինչպէս քիչ մի յետոյ պիտի տեսնեմք։ Վահրամ՝ վզուրկ եղաւ Հաֆըզ խալիֆայի ատեն, որ թուլութեամբ չէր կարող կառավարել, եւ նախ իր որդին ապստամբեցաւ եւ սկսաւ զուրիշներն այլ գրգռել. զօրականք աղաչեցին եւ խալիֆայն հաւանեցաւ՝ որ Վահրամ յանձն առնու վէզիրութիւնը, փոխանակ ապստամբ որդւոյն: Վահրամ որ Պատրի հետ Եգիպտոս եկած կ՚ըսուի, եւ անոր օգնական էր եւ յառաջադէմ՝ ի զինուորական կարգի, զիջաւ անոնց աղաչանաց, եւ իշխանութեան եւ բանակին գլուխ կենալով, երբ մօտեցաւ ի մայրաքաղաքն, ապստամբն (Ալ–Հաչէն) թողուց փախաւ, եւ Վահրամ՝ խաղաղցուց ու բարեկարգեց աշխարհը։ Բայց երբ երկու տարի վերջը (1137), Ռիւտովան Վալախշի անուամբ մէկն՝ նորէն գրգռեց զժողովուրդը, իբր թէ Վահրամ ամեն պաշտօն եւ պատիւ Հայոց եւ Քրիստոնէից կու տայ, Հայոց հեծելազօրք եւ աղեղնաւորք ուզեցին նորէն հալածել զապստամբները. բայց Վահրամ՝ որ աւելի բարեպաշտ էր կան փառապաշտ, համոզեց զանոնք որ թողուն բնիկ երկրgոց իրենց հոգը, եւ իրենք իրենց ստացուածքն առնուն երթան ի Սայիտ (հիմայ Սիւյիւտ). ինքն այլ գնաց յ՚այն կողմն, ի Թեբայիդ, ուր դեռ հին ճգնաւորաց հետեւող վանքեր եւ վանականներ կային, եւ ուր իր եղբայրն Վասակ իշխան էր: Ռիւտովան յաջողեցաւ յանկարծ վրայ հասնիլ, բռնել ու սպաննել զՎասակ. ուզեց բռնել եւ զՎահրամ, (եւ ըստ ոմանց բռնեց). բայց իմանալով որ նա քաշուած ի վանս՝ ճգնաւորի կեանք կ՚անցընէ, թողուց ազատ, ու եկաւ մայրաքաղաքին մնացեալ  Հայերը հալածեց, եւ Զուհրեայ վանքը աւրեց։ Բայց ինքն այլ բռնուեցաւ եւ սպանուեցաւ: Խալիֆայն աղաչեց Վահրամայ՝ որ դառնայ իր Վեզիրութեան աթոռը. սա յանձն չառաւ, այլ իբրեւ հիւր ատեն մի կեցաւ յարքունիս, եւ յետոյ ի վանորայս, մինչեւ ի մահն։ Աբուսահլ չի պատմեր այս բաները, միայն ի ստորագրութեան հռչակաւոր Ճերմակ վանաց կամ՝ Ղփտեաց մեծ Ս. Շնուտի կամ Շանուտի, որ եւ Սանութիոս, կ՚ըսէ.

«Վահրամ քրիստոնեայ Հայն՝ որ Ալ Հաֆըզ խալիֆայի ատեն վզուրկ եղած էր, եւ յետոյ կրօնաւոր, այս վանացս մէջ միանձնացաւ, իր պաշտօնէն մերժուելէն ետեւ, վերջը թէպէտ եւ խիստ շատ տկար եւ հիւանդ էր, բայց փափագեցաւ երթալ ի Գահիրէ. ուր եւ տարուեցաւ, եւ դեռ ողջ հասաւ»։ 

Ուրիշ նշանաւոր վանքի մի, Ալ Քուսաիր կոչուած ստորագրութեան մէջ՝ յիշէ Աբուսահլ զեղբայրն Վահրամայ. որ երբ այդ դարէ ի վեր (1010ին) աւրշտկած եւ կողոպտուած վանքին համար հրաման տրուեցաւ կրօնաւորաց՝ նորոգելու

«Ալ–Եասալ (Վասակ) եղբայր Թաճ ատ–տաւլա Վահրամայ՝ սահմանեց այդ  վանաց՝ իբրեւ փոխարէն վնասուն, 16 ֆէտզան երկիր»

Այդ իբր ուխտատեղի պատուեալ վանքն՝ Եգիպտոսի արեւելեան կողմի լերանց վրայ շինուած է, յանուն հռչակաւոր Ս. Արսէն ճգնաւորի, որ հօն թաղուած էր։ Յիշեալ տարածութեան չափն, մէկ ֆէտզան կամ ֆէտան, 4200 քառակուսի Չափ (մետր) է։ 

Վահրամներէ եւ Վասակներէ շատ առաջ, եւ նոյն իսկ Արաբացւոց Եգիպտոսի տիրելուն ժամանակակից եւ գործակից` ծանօթ եւ ուրացեալ հայազգի Վարդանն, որ առաջ Յունաց կայսերաց զորավար ըլլալով Հոռոմ կոչուի, յիշէ Աբուսահլ, Արաբաց գլխաւորին (Ամ իպն ալ-Ասի), թէ բարեկամն էր, եւ Եգիպտոսի հարկապետ եղաւ, բայց յետոյ սպանուեցաւ յԱղեքսանդրիա, սակայն ի հին Գահիրէ կոչուած եւ հիմայ Ֆուսդադ քաղաքի՝ երկար ժամանակ լսուէր իր անուամբ Շուկայն կամ վաճառանոցն Սիւք Վարտան, որոյ մօտ ճեմելիքն այլ կոչուէր Ապու Ֆարվայի զուկակ: (Այս ետքի անունս՝ որ վաճառատուն նշանակէ, քանի մի հեղ յիշուած է յարձանագիրս Հայոց հռչակեալ Անի քաղաքի): Մեր համազգեաց այսպիսի բարձր գահերով եւ մեծամեծ պաշտամամբք հանդիսանալն յԵգիպտոս յ՚Է, ԺԱ, ԺԲ դարս, թէ այն երկրին թէ մեր երկրի պատմութեան մէջ նշանաւոր կէտ մ՚է, որոյ զուգակշռեն անշուշտ ընթերցողք` մեր դարում եւ այս օրերուս նոյն հին աշխարհին մէջ, մերձաւորապէս նման պատիւ եւ պաշտօններ վարած եւ վարող ճարտար ազգային փաշաներ եւ պէկեր, Պօղ. Եուսուֆեան, Արթին Չրաքեան եւ որդիքն՝ Եաքուպ եւ Եուսուֆ, Նուպար, Պետան, Հէքէքեան, Տիգրան Ապրոյ, եւ այլն