Մաթիկ Մելիքխանեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ե.

Ըսի ձեզի, թէ Մատթէոս-Արտաշէս-Սերգէյ Մելիքխանեանց իրական անձնաւորութիւն մըն է։ Անիրական պատմութեամբ մը սակայն։

1902ին, Կասպականէն մինչեւ Պրոպէնտէս (Մաթիկ Մելիքխանեանց ճեմարանական, շատ խնամքով սորված էր Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքներու հնախօսութիւնը, տեղագրական անուններու  հին  կոչումն  ալ  գործածելէ ախորժող, գիտութեան մարդու սովորութիւն դարձած խղճմտութեան պատճառով), ամբողջ Կովկասը, Հայաստանը, Փոքր Հայքը, Կապադովկիան կտրող-անցնող սա նոր Մարգօ-Փոլոն այնքան շահեկան թուեցաւ ինծի, որքան միջնադարու վենետիկցին։ Ո՞ր հրաշքը պաշտպանած էր զինքը, որպէսզի Այրարատէն Վասպուրական, Սասունէն Կիլիկիա, Իկոնիայէն Բիւթանիա, միշտ հետի, զինանշանի մը մէկ բաղկացուցիչ մասին նման սուր իր մօրուքը կզակին ամրասեւեռ, հասնէր ինծի «ողջ ու առողջ», զուարթ ու խանդավառ։ Հիմա ատոր վրայ մտածելն իսկ սարսափ կու տայ ինծի։ Բայց աշխարհը մեծ, պարզ իր օրէնքներուն հետ, քով ունի ուրիշներ, անսովոր, անմատոյց, որոնք նոյնքան ճակատագրական են ու խռովիչ, քանի որ կը խուսափին վերլուծումէ, անբացատրելի ըլլալնուն։ Ոճիր-արկած շահագործող թերթօնագիր մը հեշտանքով իր գիրքին մէկ կարեւոր գլուխը պիտի տար պատահարի մը, զոր ունիմ մտքիս մէջ սեւեռուած, անջինջ ու պարզ։ 1918ին, Փետրուարին ինծի վիճակուեցաւ ապրիլ տրաման փախուստի մը, Թալաաթի ոստիկանութեան ցանցէն, Պոլսոյ վրայով անցնիլ Պուլկարիա։ Քաղաքական դատապարտեալ մըն էի։ Լուսանկարս՝ բաշխուած ոստիկանական բոլոր կեդրոններուն։ Չեմ պատմեր հոս, թէ ինչպէս ճարուեցան թուղթերը։ Գերման զինուորներու համազգեստները։ Բաւ է յայտարարել, որ կատարուեցան բոլոր ձեւակերպական արարողութիւնները արձանագրութիւնները դիւանէ դիւան, Սիրզէճիի մեծ կայարանին մէջ, ուր թուրքերը հաստատած էին գաղտնի ոստիկանութեան շատ զօրաւոր պիւրօ մը եւ կը գործածէին իրենց ամէնէն ճարտար որսահանները։ Անցայ սակայն, դէմքի գալով հանդերձ պատին փակցուած իմ լուսանկարին։ Գերման զինուորի համազգեստը կախարդական բանաձեւ մըն էր, հրաշք մըն ալ սա անշուշտ։ Նոյն միջոցով Պուլկարիա ինկած ուրիշներ դեռ չեն մեռած։

Մատթէոս Մելիքխանեանց միամիտ էր շատ ու ատով՝ անպաշտպան, ազատել կրնալու համար իր կարճառօտ անձնաւորութեան ընդարձակ ոդիսականը, մարդկային պատահարին տոգիւմէնտին հանդէպ շատ խորունկ, մռայլ իմ հետաքրքրութենէս, որ գրամոլ, խանդավառ, ցնորական իմ խառնուածքիս աննահանջ յատակը կազմեց։ Իմ գրական աշխատանքը չի գար ուրիշ ակէ։ Բոլոր իմ վիպակները, վէպերը վաւերատիպ անձնաւորութեանց ու աւելի քան իրաւ դէպքերու արձագանգներ են։ «Մնացորդաց»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատանեկան այդ զօրաւոր ձգտումին պատշաճեցումը կեանքին, այսինքն՝ մարդկային պատահարներու աւելի մեծ թիւի մը, - ինձմէ պահուածին վրայ։ Այդ հոգեկան տրամադրութիւնն էր, որ զիս ըրաւ լուռ, ուրիշները լսելու ատեն ճարելու համար իմ սա ցանկութեան։ Այս տրամադրութիւնն էր, որ ապրումներու ընդարձակ հոսանքներն իսկ իմ մէջ, շուրջը, դուրսը ես դասաւորեցի իբր պատահարներու հանդէս մը։ Ուրիշներ կը գրեն թերեւս բազմաթիւ ազդակներէ թելադրուած։ Ես գրեցի միայն ու միայն մարդեր, այսինքն՝ մարդկային պատահարը սեւեռելու, փրկելու թերեւս վիճելի, բայց իրաւ, հաստատ առաջադրութեամբ։ Այդ էր պատճառը թերեւս, որ ըլլամ Մաթիկը մտիկ ըրած։

Տեղի տուի իրեն, ուզածէն աւելի իսկ, երբ սկսաւ իր յեղումը, կոհակ-կոհակ գաղափար, տեսութիւն, վարդապետութիւն թափելով վրաս, տառապէս ողողելով իմ պատանիի խանդավառ հետաքրքրութիւնս արկածէն ու վտանգէն, իմաստէն ու կեանքէն, պատմութենէն, ինչպէս երազէն։ Հսկայ լուղորդ այդ մեծ ջուրերուն վրայ, անիկա կը յոգնէր ո՛չ թէ կեանքէն, շարժումէն, այլ՝ հանգիստէն։ Ու հանգիստը պարզ բառ է հոս, այսինքն՝ ա՛յն պահը, երբ փոխանակ տիալեկտիկի, ըլլար ստիպուած ինծի սեւեռելու պատառ մը կեանք, ապրուած իրաւ, ան ալ՝ ծամծուած, դժկամ ու յիմար։

Աւանդութիւնը կ՚ուզէ, որ ամէն Աքիլլէս կրունկ մը ունենայ։ Խօսքն ալ՝ կրո՛ւնկը Մելիքխանեանին։ Այնքան տարուած իր առաքելութեան միստիքէն, այնքան ինքզինքը պարսպած մարդոց միջին հրայրքներէն, փակած՝ իր զգայարանքները աշխարհի ամէնէն աւագ թելադրանքներուն, ծորումներուն, անիկա մերկ էր մօրէ ծնած տղու մը նման խօսքի հրայրքին դէմ։ Ուրիշ ոչ մէկ ճամբայ, որպէսզի ճարուէին գիծերը, տարրերը, որոնցմէ կազմուած է իր սա կենդանագիրը։ Առաջին իսկ օրուան վախճանին, յստակ էր իմ դէմ երիտասարդը, որմէ պիտի գային, ինչպէս լուսանկարի մը ապակիին, հոգեղէն անոր կազմը, ջիղերու ցանցին շուքը։ Իմ դերը եղաւ օգտուիլ կրնալ այդ հանգամանքէն։ Այդ երիտասարդը ինքզինքը տուաւ, առանց իսկ կասկածելու, որովհետեւ խօսիլը ամէն բան էր անոր, հոմանիշ՝ աւելորդ չէ ըսել շունչ առնելուն ու տալուն։ Թաքթով, մեթոտով զինքը մօտեցուցի այն անհրաժեշտ «դադարներուն», «ընդհատներուն», որոնք կարիք մըն են մտիկ ընողին չափ ըսողին թերեւս, քանի որ շատ լարուած անոր մտածումին բեռը կը հանգչեցնէին գէթ պահի մը համար, անոր ընծայելով պատեհութիւն շունչ առնելու (մեր ուղեղն ալ, այսինքն՝ անոր մտածական fonctionnementը ենթակայ է սա բնախօսական իրողութեան), աւելի ուժով դառնալու համար իր ճախրանքներուն։ Ձեզի դժուար է մտապատկերել այդ ճպուռը, որ լափած էր իր շրջանին բոլոր ընկերային, ընկերաբանական վարդապետութեանց խարն ու կոթունքը (հասկ՝ որմէ ցորենը չէ արձակուած կամին տակ) ու կը հաւատար իր դերին, առաջին դարու նորընծայ հրեայի մը նման, Մեսիան քարոզելու իր խանդին մէջ սիրայօժար մեռնելու Յեղափոխական փրոփականտին հետ, այսինքն՝ ճիշդ ու ճիշդ ժիժիի նման ճաթելու աստիճան ճռճռալէն յետոյ, քրտնաթոր, սպառած՝ անիկա քանի մը րոպէ շունչ կը փնտռէր լռութենէն, որմէ ետք կ՚ըլլար մատչելի «արիւնառութեան», անգիտակցաբար բանալով ծալքերը իր անհատական կեանքին, անշուշտ միշտ ժլատ, բայց միշտ ալ տրամադիր այդ «անձին» դառնալու, քանի որ ամէն յեղափոխականի նման կը հաւատար այդ անձին արժէքին։ Միւս կողմէ՝ հզօր է հակադրութիւնը, որ կայ հարազատ յեղափոխականը յօրինող զոյգ անձնաւորութեանց խառնուրդ շէնքին մէջ։ Աւելորդ է խօսիլ վճռական, արի, արու, հոյակապ երիտասարդէն, որ իր գաղափարին համար կը յարձակի մահուան վրայ, իր բոլոր եսերուն դիմաց հանելով իր նուիրումին սխրալի հանդէսը։ Մեր հին, մա՛նաւանդ պատմութիւնը բիւրեր կը հաշուէ անոնցմէ։ Բայց քիչեր պիտի ընդունին, որ յեղափոխականը ըլլալու պարզսիրտ, միամիտ, մանուկէ մը աւելի, բոլոր այն մարզերուն վրայ, որոնք իր «մասնագիտութենէն» կ՚իյնան դուրս։ Կեանքը աւանդի մը պէս կրելու վարժուած, անոր հետ իր հաշիւը ընդմիշտ յարդարած հոգեբանութեամբ  մը՝  անիկա պիտի  նայի իր շուրջի փոքր բաներուն, անտարբեր, գրեթէ սուտ, հեգնելով, ինծիպէսները, «մտքի աչքով քիչ օժտուածները» (կ՚ակնարկէր դրապաշտները, որոնց դանդաղ կը գործէ երեւակայութիւնը), որոնք կը զբաղին մարդու մը մոյնքովը, տարազներովը, ծնողքներուն մասնայատկութիւններովը, ծննդավայրովը, չնչին, «փուճ» տղայական, հէնցումէնց մանրամասնութիւններով, խաղերով, - բոլորն ալ մարդ մը նիւթացնող։

Բերան փոխ մը, հանգիստ մը, շունչ առնել մը, ուրեմն իր անձնականին սա փշրանքները, որոնք մնացին քիչ, յագեցնելու համար իմ մռայլ հետաքրքրութիւնը մարդկային պատահարէն, պզտիկ դէպքեր (petit fait), որով խանդավառ սկսած եմ մտքիս շէնքը։ Այնքան ալ դժուար էր զինքը կեցնել փորձել, երբ գաղափարները, վարդապետութիւնները «կը հոյնէր» (երնել, ցորենով խառն ծեծքը հովին տալ, հասկէն զատելու համար հատիկը) արտակարգ արագութեամբ։ Առջի օրերու ժլատութիւնը քիչ-քիչ պիտի կոտրէր սակայն։ Յետոյ գաղափարներու արտաբերումին համար իր վարժ յեղումը անզգալաբար կերպադրեց իր ոճը, երբ ան մօտեցաւ անձնական տարրերու արտահանումին։ Յոգնեցնող, առատաբան իր ոճը, այդ ժլատ ինքնասփռումը ունեցաւ իբր հակադիր դրուագում մը։

Դուք, որ կը կարդաք սա տողերը, ինքզինքնիդ կը տանիք հեքիաթին, լեռնային քարայրի մը ներսը, տարօրինակ կրակի մը առջեւ օրեր երկարող սա վերլուծումին նոյնքան տարօրինակ յայտնութիւններով։ Բայց եղէք ուշադիր։ Յեղափոխական Մաթիկները, գէթ անոր դպրոցին խլեակները Սփիւռքի շատ մը հայաշատ կեդրոններուն վրայ կ՚ապրին տակաւին։ Ես հանդիպած եմ անոնց Եւրոպա, Ասիա, Ափրիկէ։ Ու նոյնն էին բոլորն ալ, իրաւ է թէ գահազուրկ արքաներու նման աղօտափայլ, բայց իրենց հաւատացողներուն մօտ վայելելով նոյն անպարփակ հիացումը, զոր ունեցաւ ինձմէ ներս, 1902ին մեռնող Մաթիկ Մելիքխանեանցը։

* * *

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ խուսափեցաւ ճշդելէ, յստակ յայտնելէ իր գեղին, ծննդավայր գեղին (չէր կրնար քաղաքացի մը ըլլալ, այսպէս ուզեցի, առաջին իսկ րոպէին, իմ ալ ծնունդիս, որ տեղի ունեցած է քաղաքի մը մէջ -ու մանկութիւնս ու պատանութիւնս- որոնք անցան գեղին մէջ, զիս յօրինելով տարօրինակ գեղացի մը, մէջէն անցած քաղաքին- ու զարգացումիս (մարմնական) հանգիտութիւնները արդարացնել ջանալով իր վրայ։ Քաղաքացի մը չէր կրնար ըլլալ սա երիտասարդը, հակառակ դիմագիծերուն նրբութեանը ու խօսուածքին ազնուականութեանը անհերքելի վկայութեան) իրական անունը, ուր միշտ յածեր է իմ յամեցուն հետաքրքրութիւնը ամէն նոր դէմքի առջեւ, հողին հետ հաղորդ ազդակներու դրութեան մը հաւատարիմ մինչեւ այսօր։ Դէպի ծննդավայր ամէն հարցում, շեղում, անիկա միշտ դիմաւորեց վեհաշեշտ.

-Կովկասից։

Ետեւէն կարճ ու վսեմ՝

-Պրծաւ գնաց, էլի։

Իր ծննդավայրը լռող ամէն գեղացիի յատուկ լակոնական խուսափումով մը։ Տարիներ պիտի հարցնէի ես ինծի, թէ ինչո՞ւ այս տղան կ՚ուզէի գեղէն։ Գեղացի՛։ Ինծի՛  պէս։  Ինքնագնահատումի  տարտամ ստուեր  մը երբեմն լուծում մը ճարեց, բայց յիմար լուծում մը, տրուած ըլլալով խոր այն արհամարհանքը, զոր ես ունէի ինձմէ, այնքան կանուխ, իբրեւ մէկէ մը, որ դատապարտուած էր, իր երազներուն ներքեւ «քաշուելու վար», թռիչքի տեղ սողալու՝ կեանքի ճահիճին։ Այսպէս է կեանքը։

«Կովկասից» ուրեմն։

Դժուար չէ մեր հայրենիքին լեռնածիր մէկ անուշիկ գեղը կամ Արաքսը եզերող բլուրի մը, գարգմանակի մը նմանող աւան մը աչքի առջեւ բերել, անոնցմէ կազմելու համար սա երիտասարդին անդրանիկ տասնամեակը, որոշ բարեկեցութեամբ (յիշեց, թէ հայրը այգի ունէր ու իրենց գինին՝ անուն) ու գորովիլ դերէն, ճակատագրէն, զորս իր մայրը այնքան սրտառուչ երազանքով թել-թել, տախտակ-տախտակ յօրիներ էր իր բալիկին հասուկ տարիքին համար, թերեւս ընտրած ալ դրկից կամ մօտի ուրիշ աւանէ մը քաղցրաչուի աղջնակ մըն ալ, որ պիտի անցնէր հայրենի օճախին, գրաւելու իր տեղն ու յաւերժելու արիւնին կերպարանքները։

Կովկասը, այս դարու սկիզբը, իմ մատղաշ զգայնութեանս համար անտարազելի, համապարփակ խորհուրդ մը, հոգեբանութիւն մըն էր։ Մաթիկ Մելիքխանեանցի պատմումը ինծի բերաւ բարիքը այդ Կովկասը աւելի յստակ տեսնելու ինձմէ ներս։ Պարզուեցան ինծի համար բաներ, որոնց հանդիպեր էի իրենց գրականութեան մէջ, բայց չէի հասկցեր։ Անոնց արտայայտութեան անկանգնելի աղքատութիւնը, մերինին տարադէպ խնամքին ու բռնազբօսութեան դէմ դատեր էի մերինին չափ գրական, այսինքն՝ արուեստական։ Անոնց ժողովրդական աւիշը, մա՛նաւանդ երգերու մէջէն, գտած էր սիրտս, բայց տառապանք առթած ուղեղիս։ Մաթիկ Մելիքխանեանց բարիքը ըրաւ մա՛նաւանդ ինծի մօտեցնելու, սիրելի ընծայելու արեւելահայ վէպին արժանառատ բարեխառնութիւնը, հակառակ անոր, որ հոն գործող տիպարները կնիքին տակն են ծանր կաղապար դարձող իրապաշտութեան մը։ Ոչ Մամուրեանի յիմար հերոսները («Անգլիական ու հայկական նամականի»ներուն վիպային մասերը, ու ինքը՝ «Սեւ լերին մարդը» ամբողջութեամբ), ոչ ալ Տիւսաբի նոյնքան կեղծ հերոսները («Մայտա», «Արաքսիա», «Սիրանոյշ») անկարող էին դիմանալ արեւելահայ վէպին ամէնէն խոնարհ մարդոց իրաւութեան առջեւ։ Աւելի՛ն, այդ մարդերը, այսինքն՝ Րաֆֆիի, Շիրվանզադէի, Մուրացանի, նոյնիսկ Պռօշեանի հերոսները չէին «գլխից վիրաւոր»։  Իրենց  անբաւականութիւնը անխնամութիւնը գաղտնիք մը չէր ինծի, բայց որքան տխուր, թեթեւ, գնելի երբ  բաղդատուէր արեւմտահայ վէպին անբնականութեան, այլանդակութեան հետ։ Մարդիկ կ՚ապրէին ու կը հասկնային իրենց ապրումները՝ վիպասաններուն տաղանդին բոլոր միջականութեանցը ընդդէմ։ Սա պարագան արդիւնքն էր անշուշտ մեծ, բարեբաշխ, թուրքէն բոլորովին տարբեր քաղաքակրթութեան մը, ուր փոքր ժողովուրդները կը շարունակէին պաշտպանուիլ իրենց կարգ մը հպարտութիւններէն։ Կէս դարու ազդեցութիւն մը մեր լալկան հոգիին վրայ երեւան կը բերէր շէն, խաղաղ, հողի ու լերան զգայնութիւններուն ինքզինքը տաճար ընծայող յատակ մը, ոլորտ մը։ Կովկասը քաղաքական հալածանք ըլլալէ առաջ, երկիրն էր աշուղներուն ու գոզալներուն, լեռնական բարքերուն ու բացսիրտ, աննենգ սէրերուն։ Մաթիկին յեղումը խոշոր չափով մը կը թելադրէր ռուս թաթը, աղջիկներու, կիներու, չինովնիկներու ուրուաստուերներով։ Բայց ատկէ առաջ, այսինքն՝ պետական դրութեան եւ յարակից կազմակերպութեանց չարիքէն առաջ (այս է ռուս բռնապետութիւնը) թուրքերէն ու պարսիկներէն ետ առնուած հայ հայրենիքին վրայ շողացեր էր պայծառ, հաւատախոր, քիչիկ մը զգայնոտ հոգեբանութիւնը սլաւ ցեղերուն, որ իր քաղաքական անընդունակութիւնները այսօր կը քաւէ, անկլօ-սաքսոն, գերման հոգեդրութիւններուն առջեւ տակաւ նահանջող։ Հոս չեմ կրնար լայննալ 1900էն ասդին, աւելի ճիշդ՝ 1914էն ասդին ամբոխներուն մատուցուող պատրանքի էլիքսիրներուն աժան յիմարութեան։ Կը ճանչնամ արեւմտեան մեծ ազգերուն ո՛չ միայն մշակոյթները, այլեւ անոնց անհատներէն բազմաթիւ նմոյշներու վկայութիւնները։ 1920ին, Պոլիս թափած էին ռուս ազնուականութեան, քաղքենի աւագ կարգին ամենազան ներկայացուցիչները։ Ու մարդ կը համակրէր այդ որեարին անհուն դժբախտութեանցը գնով անոնց բարձրակոհակ մեղքերուն ու կը մնար զգոյշ, կասկածոտ հիւսիսայիններուն (nordique) թմբկուած առաքինութեանց։ Սլաւ հոգին մօտ է հայու հոգիին, հողային մօտիկութեամբ մը, զոր նոր բառ մը (tellurique) թերեւս կը բացատրէ։ Ատ էր պատճառը, որ Նալպանդեանցը ռուս գաղափարագրութեան զինակիր մը ըլլալը զոհողութիւն մը չնկատեց, իր ժողովուրդէն խլուած իր ուժերուն գործածման մէջ իր վատնած եռանդը վերածելով ժողովրդային հանգանակի մը։ 1850էն ասդին, արեւելահայ երիտասարդութիւնը- մտաւորականներու փաղանգը  - իր սնունդը, ոսկորները ճարեց այդ հոգեբանութեան մէջ։

Բայց մեր յեղափոխականները ռուսերէն չսորվեցան անշուշտ իրենց ազգը սիրել եւ անոր համար զոհուելու յօժարիլ, բայց սորվեցան անոնցմէ -մեղքերէն դուրս- գործելու, գործողութեան կիրքը, որ առանձին իրականութիւն է։ Կը բաւէ բաղդատել 19րդ դարու երկրորդ կէսը արեւելահայ ու արեւմտահայ կեանքին, համոզուելու համար, թէ որքան հզօր միջամտած է սլաւ հոգին [1] մեր ամէն արտայայտութեանց    մէջ։

«Կովկասից», ուր միայն նոր քաղաքներ չէր, որ կը բուսնէին քանի մը տարուան մէջ, ինչպէս սովորութիւն է դատել ռուսական շինարարութիւնը, Ասիան շէնցնելու յաւակնող ոգիին ծնունդ։ Այլեւ մա՛նաւանդ կը ծնին մեր լեռներուն մէջ չերքէզ գիւղակներու նախատիպ գեղեցկութիւնները, այն աղջիկները, որոնք կը կենան խրճիթի մը դրան, ձեռքերնին իրենց փորին ու կը նային հիւրին, ճամբորդ արիւնի մը նման տաք-տաք իջնելով երակներդ ի վար, գաղթական (թուրքիոյ մէջ) այս ցեղին համար, մօտ գեղեցկութիւնը կերպարանք, ձեւ ըլլալէ առաջ՝ ներքին զգայութիւն մըն է, բնախօսական ու ատով անվերածելի։ Լեռներու պտուղները առոյգ են ու առողջ ու անոնց համը, ջերմ, թոյլ, յամեցուն, ծաւալուն բանէն, որ դաշտերուն գիրութենէն կ՚առնէ իր հեշտութիւնն ու յորդութիւնը։ Նոյն այդ գեղեցկութիւնը, այս դարու սկիզբին, ատեն չէր գտած դաշտայնանալու, քանի որ այդ գիւղերը կը պահէին իրենց tellurique համերը, զարկերը։ Թուրքերէ ճնշուած ժողովուրդներու մէջ գեղեցկութիւնը դժբախտութիւն մըն է, իրական ցաւ մը, ամէն մարդ գիտէ ինչու, բայց քիչեր գիտեն, թէ նոյնիսկ թուրքին հասողութենէն ազատ ցեղերու մէջ, միշտ այդ երկրի երեսին, գեղեցկութիւնը դարձեալ տրտմութիւն է…։

Մինչ Մաթիկ Մելիքխանեանց իր «Կովկասը» կ՚ոգեկոչէր, ես կը մտածէի մեր ճակատագրին, մեր աղջիկներուն, հոն՝ Արարատի ոտքին ու բարձր ուրիշ լեռներու թափերուն, ուր կը պտտին, առանց ահի այդ լեռներուն աղջիկները, որոնց երեսին անաղարտ ինչպէս վառը կը վառի արիւնը, ինչպէս հոգին ձիւնին մէջ շրջուած վարդի մը, բարակ, իմաստուն, ինքնիրեն բաւող։ Ո՜վ մեր պատմութիւնը։ Քեզի չտրուեցաւ բարիքը նայելու նման աղջիկներու ետեւէն, վասնզի ստոյգ էր պատուհասումը այդ սրբապղծութիւնը ընել յանդգնողին։ Շատ, շա՜տ էին իշխանուհիները, որոնց անցքին պարտաւոր էիր աչքերդ խոնարհել գետին, այլապէս սեւամորթ ներքինիներու մտրակները կը ճզմէին անխորհուրդ նայուածքիդ հետ, քիթդ ու բերանդ։ Քանի՜-քանի՜ պատանիներ վրայ տուած են իրենց աչքին պտուղները։ «Կովկասից», ուր գինի խմելու համար մարդ պիտի չվախնար բանտ առաջնորդուելէ, հայհոյուելէ, նախատուելէ ու ընդդիմութեան մը պահուն ալ շէնք-շնորհք ջարդուփշուր իյնալէ։ Ուր երգելը մեղք էր, մահացու տեսակէն, քեզ ընող տունէդ, տեղէդ, զաւկըներէդ ու քշող աքսոր՝ դէպի Ափրիկէ, արեւէն մարուելու ա՛լ անվերադարձ։ Անծանօթ չէի Սիպերիային, բայց ունէի բաւական հասունութիւն բառը զետեղելու իր ճիշդ ոլորտին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ Սիպերիան ամէն գիւղի սահմանէն կը սկսէր։

Ըսի, թէ խուսափեցաւ ճշդելէ իր ծննդավայրը։

Բայց թարմ, գունագեղ կենդանութիւնը իր կարգ մը զգայնութիւններուն պերճախօս էր շատ։ Քաղաքի տղայ մը լեռ մը իբրեւ պատկեր կը զգայ ու կ՚արտայայտէ։ Իր զգայարանքները, առաւելապէս մորթը կը մատնեն օտարը, հանդիսատեսը, հիւրը։ Լերան տղուն ձայնէն իսկ լեռ կը հոտի։ Ձոր, գետակ, ձիւն, կանանչ արօտներ, անհուն ծաղկաստանը հայ հաստամեստներուն, ջուրեր, լիճեր՝ իբրեւ փշրանք անոր քաղաքական, ընկերաբանական ընդլայնումներուն մէջ կը թռէին յանկարծակի, թելադրելով հոգեյատակը, որ գումարն է այդ զգայնութիւններուն։ Ըսի, թէ ուր կը տարբերի քաղաքի տղան գեղացիէն։ Առաջինը թատրոն, խաղ, դպրոցական արշաւներ, օդափոխութեան պատկերներ միայն պիտի յիշէ, երբ մեծնայ։ Մաթիկին անդրանիկ աշխարհը խաւարած ամայք մըն է։ Բայց անոր յուշքերուն մէջ ես կարծեցի հաստատել հետքերը, փոքր ու անջինջ, այն զրկանքներուն, որոնք շիներ էին իմ ալ մանկութիւնը, ուր տիրական նոթ է, աշխարհ քաղաքը։ Ու ի՜նչ քաղաք։ Իմ գրականութեան մէջ այդ քաղաքը թուրքով է պայմանաւոր։ Ու անոնք, որ հարիւր տարի յետոյ պիտի ենթարկեն հաշուեյարդարի Արեւմտահայ գրական արդիւնքը ու դասաւորեն անոր մէջ հայ հոգիին երեսները, անարդար պիտի ըլլան, երբ իմ քաղաքը մերժեն իմ գրականութեան, այն գլխաւոր պատճառով, որ անոր մէջ տիրականը թուրքն է։ Կ՚ընդունիմ, որ թուրքերուն քաղաքը արեւմտեան քաղաքը չէ, ան՝ որուն կը հանդիպինք Արեւմուտքի վէպերուն մէջ։ Բայց ստիպուած եմ աւելցնել, որ այդ ձիւնէն շաղուած ու մորթուած կոյսերու արիւնով գոյնի ելած իշխանուհիները գեղ, լիճ, արտ, դաշտ, այգի, այսինքն՝ շարժումի ելած հայեր էին ու իբր այդ անցած են իմ գործէն ներս, որոնք թուրքէն շատ անդին ինկող ապրումներ են։ Տակաւին կը զգայի անորակելի այն լքումը, աչքէ ու սրտէ հեռուութիւնը, որ մեր մանկութիւնն էր մեր ետին, անհայր կամ անմայր, երբեմն երկուքն ալ միասին։ Ո՜րբ մը։ Ուրիշ ի՞նչ կրնան ըլլալ բոլոր անոնք միւս բախտաւորներուն պէս պուտ-պուտ, կարգով-կանոնով չհասունցած, մեծերու շուքին, ճարելով կեանքին բեռը կրելու կարող ուռկանը, ջիղերու ցանցը, զոր մեր անդրանիկ յուզումները կը հիմեն (հիւսել)։ Ու չունեցան մեզ իրենց կապող, բայց անդարձ ուժով՝ այն զգայնութիւնները, յետոյ զգացումները, որոնք տուն մը, ըսել կ՚ուզեմ՝ ընտանիք մը, այսինչ թաղին մասնայատուկ կնիքովը կնքաւոր առարկան կ՚ընեն։ Հայրենիք գաղափարն ալ ուրիշ տեղէ չի մեկնիր։ Ու որբ է մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն այսօր, այլեւ՝ երէկ, դար մը, դարեր առաջ ալ։ Ու որբեր են տակաւին բոլոր արմատախիլ տղաքը, որոնց համար կեանքը տեղէ մը, հողէ մը չի սկսիր։ Աւելի ետքը գտայ, որ մեր բոլոր գործիչները, յեղափոխականները կ՚իյնային այս նկատումին շառաւիղին։ Ո՞րբ մը, - պէտք է կրկնել հարցումը, - Մաթիկ Մելիքխանեանցը։ Ուրիշ ի՜նչ կրնար ըլլալ սա երիտասարդը, որ քարայրի մը փորը ինքզինքը կը զգար իբրեւ իր տունին մէջ, մա՛նաւանդ՝ կուշտ էր իրմէ, քանի որ առատ էին իր ամբարները։ Աւելի ետքը, այդ օրերէն սանկ քսան մը տարի, ես հանդիպումն ըրի իր նմաններուն, անհուն ճպուռներ, համայնավար, ռամկավար վարդապետութեանց վրայ լայնատարած իրենց բառերով, ժամեր ու ժամեր, երանելի, ինչպէս անսպառ, միշտ վերջին բառին լարած իրենց բոլոր ուժերը, իրաւունքէն, հմտութենէն շատ անդին ինկող սոփեստութեամբ մը, որ չի զարմացներ զիս այսօր։ Մաթիկ Մելիքխանեանցին ամէնէն հեռու յիշատակը իր մանկութենէն (միշտ ալ պիտի հարցնէի մարդկային պատահարը տարօրէն լուսաւորող սա եղերակուռ հարցումը վէպին, ինչպէս իրականութեան մարդերուն, հոն կարդալու յաւակնութեամբ թերեւս ամէնէն անսուտ վկայութիւնը յարափոփոխ պատկերներէ բաղադրուած վերացական յղացքին, - մարդուն), «ախր, մի մութ բակ էր», տանիքէն միայն լուսնալու արտօննուած։ Դէպք, իր այդ վկայութեան վրայ յաւելում՝ չորս պատ, երբեմն քարով, երբեմն հող-աղիւսով, աւելի յաճախ՝ կաղնիի ոստերով հիւսուած, իրար բռնող՝ իրենց շրթներէն։ Անշուշտ գետինը թրծուած հող, որ տարուէ տարի կ՚ամրանայ։ Բացէք ծակ մը գագաթէն։ Դուք կ՚ունենաք այն խշտին, ուր լոյսին բացուեցան աչքերը մեր որբերուն։ Թերեւս օր մը պատմեմ այն բունն ալ, ուր իմ մաման զիս իր պլուզին փաթթելով դրած է միակ առարկայ հացի տաշտին մէջ։ Կը պակսէր օրանը։ Օրան իսկ չեն ճանչցած իմ ոսկորները։ Ու ասիկա արեւելեան մեծ քաղաքի բոլոր փարթամ պալատներուն կողքին։ Անիկա չբանաձեւեց պատճառը այդ կերպ լոյսին։ Ինչ փոյթ Կովկասէն գալը։ Կարիք ալ չկար բացատրութեան, զի ես գիտէի, մեր բունիկէն, հոյաշէն թաղի մը ծայրին, հանուած, հրդեհուած ապարանքի մը աւերավայրէն, զոր շուներուն ժանիքներէն կը խլէին մեր մայրերը, կը գոցէին ինկած աղիւսներէն գոյացած ծակուծուկերը պատերուն, վրան կը նետէին փողոց ձգուած թիթեղի թերթեր ու կը ծուարէին այսպէս ստեղծուած պատսպարանին ներսը, երեքը, չորսը լայն-լայն անցնող իրենց զաւկըները անոր մէկ անկիւնը զետեղելով վրայէ վրայ։ Առջի մեծ պատերազմի վախճանին, Պոլիս շատ-շատ էր թիւը այս կարգի բնակարաններուն։ Երկրորդ մեծ պատերազմին սկիզբը Փարիզ ասոր մօտիկ պատկերներ գետին արմուկներուն ծոցը դարձեալ տեսայ։ Յիսուն-վաթսուն տարի առաջ, Պրուսայի մէջ անսովոր չէին այդ թշուառութեան բոյները։ Օրուան հացը երբեք գինը չէր օրուան վաստակին, նիհար ու պատահական։ Մենք կ՚ուտէինք փիղերու պէս, ինչպէս կը պատկերեն տարւոքները մեր ուտելու անգթութիւնը, անկշտութիւնը Աստուծոյ մէկ նոր պատուհասը դաւանելով։ Ո՛չ չորը, ոչ ալ պաղը այդ բոյներէն ներս չունէին ընելիք։ Իւղազօծ թուղթը շատ-շատ քանի մը օր, ձիւնին կատղած պահերուն…։ Ուրիշ ի՞նչ կրնար ըլլալ Մաթիկ Մելիքխանեանցը (անիկա խուսափեցաւ իր մականունին հիմնական մասը՝ Մելիքը պաշտպանելէ, ինք՝ որ դասակարգային անարդարութեան դէմ գրոհ էր բացած այն մատաղ եռանդով, ինչպէս ուրանալէ) այդ խաւար-բակ սենեակին մէջ, ուրկէ մարդահասակ գուբերու մարմինները, հսկայ յետոյքներու վրայ պպզած կուռքերու նման կը նստէին անոր ալ միտքի բակին, իրենց բերանին վրայ գլխարկի պէս կրելով շրջուած գրիւը, լեցուն՝ գոյն-գոյն հեղուկներով, Այրարատեան Հայաստանի ամէնէն հին ու գողտր արհեստը պատմող։ Հա՞յրը։ Ի՜նչ յիմար եղաւ Մաթիկ Մելիքխանեանը կարծես ամչնալով այդ մարդը դնելէ այդ գուբերուն խորհուրդին մէջ, երբ մելիքութիւնը կը թելադրէր ուրիշ աշխարհ, ուրիշ արձակութիւն։ Լռեց անիկա։ Ես յօրինեցի այդ մարդը։ Քիչ մը հօրմէս, քիչ մըն ալ դրացի Էզեկէլէն փոխ տարրեր առնելով ու նետելով անոր կենդանագրին խմորին։ Էզեկէլը -ուստա, ինքնատիպ, լեզուն բերնին դարձող ու սատանին չափ հնարամիտ յաճախորդներուն աչքերը շլացնելու ներքին իր սեփական խառնուրդներով- կանուխէն կուզ կապած, գուբերու անդունդներուն վրայ ծռելէն-ծռելէն։

Անշուշտ։ Մաթիկ յիշեց իր ուղեղին փակած պատկերը անոր մատներուն, որոնք երբեք չեղան գոյնովը ուրիշներուն։ «Ճերմեկելը» մոռցող այդ մատնե՜րը։ Բայց չյիշեց անոր ձայնը, աչքերուն գոյնը, հոգիին կերպարանքը, այսինքն՝ այն ամէն անկշռելի տարրերը, որոնք անէին արտածորումը, առարկայումն են ինքնիրմէն ու բիւրեղացող, մա՛նաւանդ մարող հոգեյատակներու, եւ որոնցմով մանուկը քիչ-քիչ կը ստանայ իր հայրը հոգեպէս, ըլլալու համար զայն լիութեամբ, երբ աւարտի անոր կազմաւորման հրաշքը, սանկ տասէն-տասնհինգէն ետք, երբ թանձրութիւն ճարեն ընկալուչ անոր ջիղերը, կրել կարենալու համար անհուն ծանրութեամբ այդ պատկերները։ Մաթիկ Մելիքխանեանը, հակառակ բժշկական ճիւղի մը սպասը ընելուն, անտարբեր էր այս ամէնուն։ Անիկա չըսաւ հիւանդութիւնը իր հօրը, որ մեռած էր, մենէ շատերուն հայրիկին նման, ելած շալակը չորս մարդերու ու ա՛լ չդարձած, ճիշդ ինչպէս էր պատահածը իմ հօրը, որուն հիւանդ պատկերը չունիմ մտքիս մէջ քանդակուած, բայց ունիմ դագաղ մտնելու տեսարանը, չորս մարդոց շալակը ելլելու միւս տեսարանը մօրս բոպիկ ճոռոցին մէջ, երբ զիս կը ձգէր ինծի տարեկից աղջկան մը խնամքին ու անձրեւախառն ձիւնին տակ կ՚ըլլար աներեւոյթ աչքերէս։ Ի՜նչ անուշիկ աղջիկ էր այդ պուպրիկը, որուն գոգնոցին գրպաններուն շաքար ու նուշ ու սուղ չորեղէնները, չամիչէն ու արմաւէն սկսեալ, պարպելով զանոնք իմ ապշահար ուրախութեանս։ Ու խաղ ու խնդուք։ Պէտք պիտի ըլլային սա եղերական, անդարմանելի տեսարանները, որպէսզի իմ անօթի երեսներուս քիչիկ մը ժպիտ բացուէր։ Հէ՜յ աշխարհ։ Քեզ ո՞վ է շիներ այսպէս անիրաւ։ Հիմա կը զգամ զիս այն անհուն կսկիծին մէջ, որ այդ օրուան գիշերը կը սկսէր, երբ սպառած անուշն ու կուշտ, զրկուած հարուստին այդ աղջկան սփոփիչ ներկայութենէն, մութէն վախցած ու տակաւին այցուած աւելի մութ բաներէ՝ ուզեցի յամառ ու անգութ լացով մը ուշացած պապան, բզկտելով ինքզինքս ու բզկտելով սիրտերը մամաս շրջապատողներուն, հանըմներ, հասուն աղջիկներ, մանարանին տէրը, տղաքը, պուպրիկը, որոնք իրենց ապարանքէն վազեր էին մեր հիւղակը լացէս սարսափած, նուաղած ինկող մամաս սթափեցնելու եւ համբոյրով փակելու վշտին մանրիկ, բայց անզուսպ փողրակները… իմ բերնին։ Ողջերուն համար մահը դաժան են ըսեր ու անցեր։ Մահը ամէնէն խոր փորձառութիւնն է կեանքին, պայմանով, որ ասացուածէն զեղչուի բաժինը կրօնքներով, գրականութիւններով, արուեստներով անոր ներսը զետեղուած հասարակ տեղիքէն։ Զայն կ՚ապրինք անշուշտ քիչ մը ամէն օր եւ ամէն տեղ։ Բայց շատ քիչերու վիճակուած է ճակատ ճակատի կենալ անոր հետ։ Մահը դառնագոյն փորձառութիւնն է, որուն քուրայէն անցնող ողջն է միայն, որ կը հասկնայ անոր ահաւոր ստեղծուածը։ Ոչ մէկ բնազանցական շահաբերում սա տողերուն ետին։

Ոչ մէկ փարատոքսեալ նրբախուզութիւն, որուն ճամբով երբեմն խորհողներ կեանքի պատկերներու կը հասնին։

Բայց զայն լիովին զգալու համար անհրաժեշտ է հասուննալ, գեղացին կ՚ըսէ՝ զաւակ մը թաղած ըլլալ։ Այդ է պատճառը, որ տհաս ժողովուրդը անկէ միայն իր կրցածը, ուզածը հասկնայ։ Այդ է պատճառը, որ թուրքը զայն վերածէ իրական Orgieի…։ Մեռած էր հայրն ալ Մաթիկին, ձգելով իր տղաքը, իմ հօրս պէս, անոր մամային, սեւերով կնիկ, իմս վար երեսունէն, անորն ալ հաւանաբար մօտիկը այդ թիւին։

Ու թող մեծնան, անոնք, այդքան կանուխէն հաղորդ ըլլալով մահուան հաւասար ալիւրի ցաւին։ Ողբերգութիւն էր փոխ-հացը, զոր մեր քաղքենին շատ չի հասկնար։

Ալի՜ւրը փախած հեքիաթներուն աշխարհը, որպէսզի մեզ ըլլար կարելի հանդիպիլ անոր։ Ու մութին ելլելուն՝ ես ափ կ՚առնէի մեր թաղէն անդին - որուն բոլոր տուները վճարուած - ուրիշներու դուռ ու փոխ կ՚ուզէի, ամէն մարդ գիտէր, թէ ինչ կ՚ուզեն առանց հօր տղաքը, մութը կոխելուն…։ Որբութի՛ւնը՝ հաւասարութիւն, որուն մէկ եզրը մինակ է կեցած այդ դժբախտ մաման։ Որ պէտք չէ մեռնի, մահը խաբելով տղոցը սիրոյն։ Ատ է պատճառը, որ այրիները կատարեն չորս կնիկի գործ, յոգնիլ չգիտնան ու շահին, պարտկեն ճակատագրին հարուածէն ջախջախուած պզտիկները։ Հիւա՞նդ։ Ան պէտք չէ ըլլայ։ Պառկա՞ծ։ Ան գործի վրայ, միշտ օտարի տուն, իրիկունը բերելու իր տղոց աման մը ուտեստ…։ Այդ մաման է, որ պիտի քարերէն ճարէ հացը ֆելիրուն, փաղաքուշ վերադիր, որով կը մեծարուէինք մենք, հացը բզկտելու, աղալու եւ վայրկենապէս անհետ ընելու մեր մագիստրոսութեան մէջ։ Վէպ մը առանձին, անհունապէս սրտառուչ իմ երկրորդ մանկութիւնը, ուր աշխարհին բոլոր զրկանքները մամայիս բազուկներուն աղեղովը կը վանուէին ինձմէ։ Վէպ մը առանձին այդ անպատմելի ստուգութիւնը, որ չորս-հինգ ֆելի բերաններուն համար հացի աղբիւր մինակ այրին կայ, հիմա կը խորհիմ՝ թերեւս  մանկամարդ հիմա  կը  խորհիմ՝  ենթակայ  հազարումէկ փորձանքներու, հիմա կը խորհիմ՝ ինքզինքը մոռնալու իսկ անկարող, քանի որ մեր քաղաքակրթութիւնը ո՛չ միայն հացը կը բաշխէ իր ուզածին պէս, այսինքն՝ անհուն լրբութեամբ, այլեւ իր ստորին կիրքերուն յագուրդ կը հետապնդէ աղքատներուն կարիքներուն ուղիով։ Ո՜վ իմ մայրը, դուն ի՜նչ արցունք եղար ինծի, շատ աւելի ետք, Մաթիկէն ալ ետքը, երբ թաղեցիր մէկիկ- մէկիկ աչքիդ լուսերը ու անդրանիկիդ գերեզմանին առջեւ հող ուզեցիր քու գլխուդ…

Բայց պէտք է քալել։ Ու ձգել, որ իրենք իրենց մեծնան որբերը, դժուար, արագ, քարի պէս՝ քարերուն վրայ։ Յաճախ անօթի լուսցուած գիշերը կապելով յաջորդին։ Լալ իսկ վախնալով՝ աւելի չանօթենալու համար, ինչպէս կը խնդրէր մաման։ Յաճախ ցերեկն ալ պահելով վերմակը վրադ, քանի որ դուրսը ձիւն է հասակէդ աւելի, ու սուղ ածուխը՝ հացէն աւելի։ Ու պէտք չէ սառիլ, նոյնիսկ երբ մատներուդ մորթը փակչի երկաթին, այնտեղ ձգելով մաս մը ճերմակի։ Ու մեծնան, մեծնան։ Աղտին ու նախատինքին, ցաւին ու ողորմութեան, գրեթէ մօտիկ մուրացողներուն։ Չհասկնալով ինչո՞ւ մաման գովք կ՚ըսէ այնքան շատ անգամ, իր լալը ձգած հիւղակին դռնէն, բոլորէն տեսանելի կտաւի մը պէս սեւ ու սառուցիկ, երբ տղաքը զուարթ են հացով, պտուղով ու խաղէն գինով։ Ինչո՞ւ կը կանչէ հեռու հայրիկը սա անմեղներուն, զանոնք փողոցին ձգած այդպէս վաղ։ Թող գայ այդ հայրիկը ու դնէ տղան իր հիւանդ լանջքին, շրթները լայնէ ու պագնէ մէկ-մէկ…։ Տղաքը գիտեն այդ գովքին բոլոր բառերը, այնքան յաճախ եղեր են այդ բառերուն լացին մէջ ու կը զարմանան լալկան մամային, քանի որ իրենք փողոցի երեսին հիմա շուք ունին ու կռիւէն ալ չեն ընկրկիր…

Մայրերու կեա՜նք։ Ո՞րն է վէպը, որ կարենար հաւասարիլ քեզի։ Վասնզի տասը, յիսուն, հարիւր, հազար էջը անբաւական կու գայ իր մէջ, վրան առնելու որբութեան մը մէկ հատիկ տարին։ Ո՞ւր դնել, ինչպէ՞ս նուաճել այն միւսները, ասոնք ալ ժամանակի կտորներ, բայց  մասնաւորուած անձնացած  տօնի տաղաւարի եղանակներէ, որոնց իւրաքանչիւրին համար կեանքը կը բաշխէ նոր կտաւ, նոր ապրում։ Որոնք կու գան «իրենց սարիքով»ը։ Խորհած ունի՞ք, թէ ինչու Կաղանդ Պապան կը մոռնայ կարգ մը տուներ, գիւղեր երբեմն, քաղաքներ ու երկիրներ։ Կու գան օրերը ուրիշներուն համար։ Բայց քեզի, որ ո՜րբ ես…։ Ո՞ւր վէպը՝ որ համարձակէր մօտենալ, իր խորութեան ու մասերուն լման սարսափին մէջ, մթերքին այն հարազատ ապրումներուն -առանց վերադիրի- որոնք դիզուին պիտի մեր ուսերուն, աւելի ճիշդը՝ մեր ջիղերուն ու իրենց ներքին սոսկումին քստմնելի ժանգը պիտի բիւրեղեն, հիւսեն անոնց, այդ անուշիկ լարերուն, որոնց դերն էր ըլլալ շքեղ ընդունարան, թրթռագին նուագարան հովէն ու ծովէն, խոտէն ու ծաղիկէն, խաղէն ու երգէն ծիածանուող ամէն ծուէնի, ամէն հեշտանքի, ամէն սարսուռի, ինչպէս են ճակատագիրները մանուկներու ջիղերուն ուրիշ-ուրիշ երկիրներու երեսին ու մեր մօտն ալ՝ հորթերուն, գառներուն, ձգուած արօտին մէջը աշխարհին համերուն, կեանքին քաղցրութեանց։

Եղեր է, որ նախանձով նայիմ շան իսկ լակոտներուն, որոնք յարգանքով կը պարուրուէին անորակելի ձեռքերէ տասը հայ մանուկ տասը վայրկեանի մէջ անթարթ մորթոտող։ Ժա՛նգը՝ մեզ վիրաւորող, մեզ թունաւորող՝ իրարմէ խորունկ անարդարութեանց, որոնցմէ փոքրագոյնն իսկ այնքան բարձրակայլակ կ՚իյնայ մեր որբութեան ճախնահար հոգեվիճակին, ուրիշներուն առատ, անարգել վայելքովը կրկնապէս կարկառի ելած զրկանքը առաջին ու երկրորդ մանկութիւններուն, որոնք այդ խախուտ, դեղին, սմքած, դդմած յուզումներուն սպիները կարծես կը յաւերժեն մեր հոգիին երեսին ու ա՛լ չեն անհետիր քսանին դռներուն մեզ ընել լեղիէն զարնուած, դեղնախտաւոր, առնուազն մարդատեաց ու կեանքին նայելու իսկ անտրամադիր, նոյնիսկ այն պարագային, երբ այդ կեանքը չըլլար 1890ի մանուկներուն սպասող զարհուրանքը…։ Ու ասիկա այսպէս քու գեղիդ, քու ցեղիդ, քու ամբողջ ժողովուրդիդ համար։ Թող ըլլար Մաթիկը իմ տեղը, ամէնէն թուրք քաղաքին ամէնէն մռայլ մէկ խորշին ծնած։ Թող ըլլար հացին տաշտը պառկած։ Թող  երկաթէն  ըլլար  ծակուած առաջին  իսկ ամսուն իր կեանքին, կը խորհիմ, թէ պիտի ներէր ինծի իմ տրտմութիւնը, զոր չվարանեցաւ երեսիս զարնել շքեղ լաւատեսութեամբ մը, իր անձին ու զրկանքներուն հանդէսովը այլապէս լուսաւորուած։ Բայց ան ի՜նչ գիտնար, ուրկէ՛ գիտնար, թէ բանուորի տղաքը ունին ամէնուն նման ապրումներ եւ այն ուրիշները, որոնք մեզի միայն եղան սեփական։ Այսպէս է, որ իմ ծննդեան խորշը ձորով մը բաժնուած էր հինաւուրց ու մռայլ ծառաստանէ մը, չորս մեծ, դարաւոր սօսիներու քով ուրիշ քարքարուտներով ողկուզուած անտառակ, ու այդ ժայռերուն թեւերուն տակ գնդակ մը պլլելու պէս սեղմող մզկիթին մթագնած կապար գմբէթը, տերեւներուն մէջ ճիւղերն ու բոյսերը տաճկացնող մահիկ իր ճարմանգովը, սուր իր սայլերովը աչքդ սլաքող։ Թող ըլլար Մաթիկը գեղ ալ բնակած -ձմեռները մեր մանարանը աշխատանք չունէր ու մեզ կը ճամբէր դէպի մեր գեղերը- ու ազատ լեռներու ձիւնին մէջ տաքնալու, եփելու դրուած ամուր մանուկը նոյն ատեն։ Ու քաղաք դարձին կը պառկէր հիւանդ, կարօտովը իր ամայութիւններուն։ Ու քաշուէր, բայց «աղեխարշ» յուշերով դէպի պուրակը, աղբիւրները՝ այնքան բազմաթիւ, նոճիները՝ այնքան մինինիկ կամ այնքան իմաստուն, խոժոռ, բայց սարսափէն գամուած իր հիւղի սեմին, ուրականներէն մարդերու, որոնք սեւ իրենց վերարկուները մէկ թեւին նետած, իրենց ահաւոր մօրուքը փարատելեն ապտէսիի լուացումը կը կատարէին այդ ջուրերուն առջին, աչքով փնտռելով ուտուելիք մանչուկ մը, որբ կամ ոչ, հայ կամ թուրք, այդ գազաններուն համար անգոյ խղճմտանք։ Հէ՜յ քաղաքը թուրքերու առաջին սուլթաններուն, որոնց շնորհապիղծ դամբարաններուն մէջ այս դարու սկիզբը տղայ կ՚ուտէին, լայն-լայն խաղաղութեամբ։ Որուն քիչ մը թեթեւ բանուած փողոցներուն մէջէն իմ տարիքով քանի՜-քանի՜ տղաք փախցուած էին, ամէն մարդ կը փսփսայ՝ ինչու։ Զուտ հայաբնակ գեղերուն մէջ մեռո՞նը մեզ կը պաշտպանէր, թէ բարքերը կը մնային աւանդական իրենց պարզութեամբ։ Չեմ վիճիր։ Քաղաքին փողոցներն իսկ ինծի կու տային նոյն սարսափը։ Պատմեցի՞ ձեզի, թէ այս պատմումին մէջ երեւցող պատանին, գիւղապետին մէկ հատիկը, ուսումի համար քաղաք զիջուած, մօրը պնդումներուն հակառակ, որ չէր կրնար ըմբռնել Աստուծոյ օր մը, առանց իր մանուկին արեւէն ջերմանալու, պաշտպանութեամբ կը բերուէր դպրոց, կէս մը տաճկախառն փողոցներուն յայրատ կարելիութեանց ընդդէմ։ Այդ քաղաքին մէջ, ինչպէս ամէն տեղ Թուրքիոյ ընդարձակ հողերուն երեսին, արգիլուած էր հայերուն զէնքը, սուր կամ կրակ։

Եւ սակայն դաշոյնով դպրոց կ՚առաջնորդէի իմ խնամքին յանձնուած պատանին։ Այսպէս են ապրեր մեր պատանիները այդ «շա՜տ ազնիւ, շա՜տ վեհանձն» ժողովուրդին, ԹՈՒՐՔին ամէնէն հարազատ, մաքրամաքուր, սկզբնատիպ ոստանին մէջ։ Կոմս Քէյզերլինկ, իր հարաւ ամերիկեան խորհրդածութեանց մէջ, թուրքերը այդ մակդիրներով կ՚որակէ։ Ինքնատիպ մտածողը չեմ գիտեր ո՞ւր է հանդիպեր այդ վերադիրները թելադրող զգայնութիւններուն։ Զբօսաշրջիկներուն անհուն է եղած չարիքը, յանուն ինքնատպութեան, երբ կը գրեն իրենց տպաւորութիւնները։ Ես անգամ մը յուսախաբ եղած եմ արդէն ուրիշ կոմսէ մը, աս ալ գաղիացի (Կոպինօ), որ Պարսկաստան իր բնակութեան ընթացքին իր զգայնութիւնները հրատարակած է՝ ստեղծելով ահաւոր անդրադարձումներով եղերական վարդապետութիւններ, մեծ ու փոքր ցեղերու հարցին շուրջ։ Գերման մտածողը զո՞վ ունի նկատի այդ ազնիւ ու վեհանձն որակականներուն ետին։

Ինչո՞ւ միտքէն չ՚անցըներ, որ այդ որակումները արդարացնող մարդեր կրնան կենալ ու կան բոլոր ժողովուրդներուն մէջն ալ, առանց որ թուրք արիւն մը ըլլար անհրաժեշտ սա առաքինութիւնները սնուցանելու միսերու դրութեան մը մէջ։ Խորհած ունի՞, թէ բացի ափրիկեան կիսավայրենի ժողովուրդներէ ուրիշ ոչ մէկ մարդկային համախմբութեան մէջ -դրէք անունը ազգ- հանդիպելի կրնան ըլլալ մարդկութիւնը հիմնովին հերքող ամենավայրագ հանդէսները արեան ու կրակի, զորս պատմութիւնը արձանագրած է իբրեւ ջարդ։ Ու հարցը, զայն ընելը, անոր ծարաւովը ապրիլը, անոր մէջ երիտասարդանալը թուրքերուն ազնիւ ու վեհանձն ալ մենաշնորհն է մեր օրերուն անգամ, ո՛ւր մնաց քանի մը դար առաջ։ 914ի պատերազմին, փրոփականտի արդիւնք թուրք եւ գերման բարեկամութեան քաղաքական հաշիւները ի՜նչ դիւրութեամբ կը միջամտեն, որպէսզի անխոնջ տասը դար կործանելէ զատ ուրիշ ոչինչ իրագործող ժողովուրդ մը յայտարարուի   Si noble, si généreux։ Այդ այնքան ազնիւ ու վեհանձն թուրքերը ես ապրեր եմ սակայն, դարձեալ մեր գեղերու պարունակին։ Մարդեր էին, որոնք իրենց հալալին հարամը խառնելու կը զգուշանային։ Կը վախնային վաշխէն։ Կը հասնէին մեր տագնապներուն՝ եղ, ցորեն, անուշ տրամադրելով չունեցողներուն, կեավուրն ալ ասոնց մէջ։ Ատիկա իրականութիւն է ու ես թերեւս ըլլամ խօսած այս հոգեկան վիճակին վրայ։ Բայց ահա աւելին։ Սովի տարիներուն -ամէն տասը տարին անգամ մը սով էր մեր շրջաններուն- այդ կեավուր գեղէն հաճի Արթինը (տեսնել «Մնացորդաց»ը, Ա. հատոր, «Արգանդի ճամբով») բացած է իր ամբարները բոլոր աղքատներուն, չունեցողներուն, հայ՝ որքան թուրք, որոնք կրած են անոնց պարունակութիւնը ու օրհնած մեծ չորպաճին։ Ազնուութեան եւ վեհանձնութեան օրինակները մի՛ մենաշնորհէք աս ու ան ցեղին։ Ու մա՛նաւանդ զբօսաշրջիկի ձեր հոգեվիճակը, ձեզի մատուցուած հիւրասիրական ցոյցերը, աղջիկը, կնիկը, բերքը, բարիքը մի՛ ընդհանրացնէք, վճիռներ արձակելու համար, որոնք ամէն օր հերքուեցան այդ ընդարձակ կայսրութեան մէջ։ Թուրքերուն վրայ խօսելու արտօնուած ցեղը հայն է միայն, որ շատ մը հասարակաց կողմեր ունի անոնց հետ, կողմեր՝ որոնք արիւնէն գալուն չափ կու գան հողէն, հովէն, ջուրէն, երկինքէն։ Այդ է պատճառը, որ եւրոպացիներուն, ամերիկացիներուն տուած թուրքը ապսպրուած ապրանք է։ Մենք՝ հայերս միայն կը ճանչնանք թուրքը, արեան ճանաչումով մը։ Յետոյ այդ յարաբերութիւնը -հայու եւ թուրքի- տրուած է դարձեալ տարբեր մեր ժողովուրդին երկու հատուածներուն համար։ Սփիւռքի հայութեան մէջ անիկա, այդ հարցը դեռ չապականուած զգայնութիւն մըն է, շատ խոր բռնուած ըլլալուն մեր ներսը։ Արեւելահայերը զայն կը զգան ուրիշ։ Այդ է պատճառը, որ Մելիքխանեանց Մաթիկը թուրքը հարազատօրէն զգալու համար կարիք ունենար հռետորութեան, ըսել կ՚ուզեմ՝ ինքզինքը փչելու, նեղելու, բռնադատելու, իր ջիղերուն ինկած զգայնութիւնները տարօրէն աճեցնելու, նմանելով քիչիկ մը Տոն Քիշոտ ասպետին, որ իր եռանդին մէջ մնալու երջանկութեան սիրոյն՝ ոչխարները կը հանէր դէպի առիւծութիւն։ Դիտեցի, որ տժգոյն էին այդ զգայնութիւնները, քանի որ մոռցած էին իր երկրացիները թուրքին իմաստը։ Ասիկա զարմանալի կերպով պիտի հաստատէի 1918ին, երբ Պոլսէն փախայ գերման սպայի տարազով Պուլկարիա։ Երիտասարդ սպայ մը, որ պաշտօն ունէր փախստականները հսկողութեան տակ պահելու, կը զարմանար, թէ ինչպէ՜ս ինծի պէս երիտասարդ մը ստիպուած էր փախչիլ Պոլսէն, ծանօթ անոնց լեզուին, բարքերուն, գրականութեան։ Ահաւոր էր իր միամտութիւնը, աւելի քան Քէյզերլինկ կոմսինը։ Անշուշտ բարձրագոյն միջամտութիւն մը կ՚արգիլէր փախստականներուն թուրքերուն յանձնուիլը։ Խօսեցայ իրեն 915ի սպանդէն ու վարձատրուեցայ իբր անգլիական փրոփականտի չափազանցութիւն։ Պուլկար սպան չէր կրնար ըմբռնել, որ անմեղ, մա՛նաւանդ անզէն մարդեր մորթուէին։ Յիշեցուցի իրեն 76ի սարսափները, որոնք պատմութեան մէջ Պուլկար անգթութիւններ անունով կը մնան արձանագրուած։ Թօթուեց գլուխը։ ՄՈՌՑԱԾ ԷՐ։ Մաթիկը սպայ մը չէր ազատագրուած ժողովուրդի մը յաղթական բանակին մէջ ծառայող։ Ու մոռցած էր, իր կարգին։ Այսպէս է, որ բառն ալ՝ թուրքը քիչ կ՚երեւար իր այնքան բազմակեդրոն յարձակողականին մէջ, ուր չէին խնայուեր շանթեր փաշաներուն, մոլլաներուն, բռնապետներուն, Համիտին, աղաներուն, պէյերուն, սրիկաներուն, խուլիգաններուն՝ բոլորն ալ թուրքէն տարբերական բառով մը, հեռու, գրեթէ անծանօթ այն զգայնութեան, որ մերն էր։ Վասնզի ջարդը, մեր գերութեան  տախտակները շղթաները մա՛նաւանդ  հոգեվիճակը արեւմտահայերուն համար անհատական չեն, ըսել կ՚ուզեմ՝ անհատներով պայմանաւոր։ Լաւ փաշաներ շա՜տ։ Բայց փաշայութիւնը մեր պապերուն համար մանկահաւաքն էր, աղջիկներուն առեւանգումն էր, բերքին թալանը ու քիչ մըն ալ աւելի՝ քան այն կոշտ, պարզապարզ տարազը, որով մեր անկարողութիւնը կը կարծենք դիմաւորել բառերով, քլիշէով, յոյսով…։ Ցանցառ բացառութիւններէ դուրս, անոնք ալ մարդերու ամէնէն ստորին խաւերուն պատկանող քանի մը պատիկ ոճրագործ -որոնք ջարդարարներու մէջ իրենց հակառակորդներուն իբր հակացոյց զոհուելիք կիներ ազատեր էին սպանդէն- ջարդին մասին մեր ներքին վկայութիւնը ո՛չ մէկ կողմէ չհերքուեցաւ։ Ամբողջ ժողովուրդ մը, սուլթանէն մինչեւ յետնագոյն գիւղին քեխխան հաղորդ էին ջարդը ստեղծող, արդարացնող, փառաբանող հոգեվիճակին։

Ինծի տրուեցաւ զգալ ուրիշ բան սակայն, ջարդի մը ատեն դարձեալ, այս պատմումին թուականէն տասը տարի ետք, ուր ջարդի զգայնութիւնները ողողեցին զիս։ Կը ջարդուէին թուրքերը, Արեւելեան Եւրոպայի մէկ գիւղաքաղաքին մէջ։ Պուլկարները յաղթական մտած էին քաղաք ու արտօնած թուրքերէն այնքան սիրուած արեան բաղնիքը։ Կը պտտէին շուկան։ Կը թալանուէին խանութները։ Պուլկար զինուոր մը ունի երկաթեայ փողկապ մը։ Ձրի՜։ Կտաւին կտորը ձեռքէս ինկած էր։ Օր մը ետք մորթելու արարքին ամբողջ սաստկութիւնը դեռ անջինջ կը մնայ մտքիս մէջ, պատահմամբ հանդիպեցայ մեր դպրոցի թուրքերէնի ուսուցչին, անուշիկ մոլլա մը։ Մորթեր էին զաւակները, առեր ձեռքէն կինը, այրեր հայրը, ողջ-ողջ թաղեր մայրը։ Զինքը ողջ ձգող հրաշքը կին մըն էր։ Բայց այդ չէ, որ պիտի ուզէի պատմել։ Այդ տագնապի օրերուն սա ամէն բանէ զրկուած մարդուն պարպեցի քսակս։ Դիմեցի զինուորական հազարապետին անոր կեանքին համար ու պահուեցաւ այդ կեանքը։ Իրողութիւն էր, որ 1912ին, այդ քաղաքէն չէ գտնուած ոչ մէկ հայ, որ իրենց ուսուցիչէն տարբեր ապրած ըլլան թուրք ողբերգութեան դիմաց։ 1915ին, դեղի համար պիտի չգտնուէր մէկ հատիկ թուրք, որ տարբեր մտածէր, գործէր ջարդարար աւագանիէն։ Ու մի մոռնաք այս փաստերուն տարողութիւնը։ Կը կրկնեմ, հայ եւ թուրք յարաբերութեանց հարցը հոգեբանական վերյիշում մը չէ ինծի համար։ Այլեւ՝ ներկայ ապրում մը։ Թուրքն ու ջարդը մեզի համար նոյն զգայնութեան երկու երեսներն են։ Այսպէս չէր, չէ հեռուէն եկողներուն, շրջիկ վաճառորդներուն, մենաշնորհ հալածողներուն, աժան իմաստասէրներուն ու… Մելիքխանեանց Մաթիկին համար, որ թուրքը փոխարինած էր աւելի տարտամ, ընդհանուր տարազով մը -ԹՇՆԱՄԻ, այսինքն՝ գիրքերէ իր մտքին կառչած բառ մը, առանց ահաւոր զգայնութեանց խումբին, որով հանգուցուած ան կը խորանար մեզմէ ներս։

Այդ ընդհանրութիւնը այնքան իրական էր, որ թուրքերը կը ճանչնար իրենց կիներէն, այդքան վաղատի ու կը պատմէր անոնց անգթութիւնը նոյնիսկ իրենք զիրենք տուած ատեննին։ Թշնամի՞։ Բարեկամներ չենք եղած, չեն եղած տէրերն ու գերիները։ Այդ մասին օրինագրուելիքը ո՛չ թէ իրողութեան փաստն է, այլ այդ վիճակը հասկնալու մէջ մեր նոր գործիքները, գործարանները, Եւրոպան ու ԺԹրդ  դարու քաղաքական ու ընկերային գիտութիւնները, որոնք մայր յղացք մը լաստակերտեցին, առանց մտահոգուելու, թէ ո՛ր իրականութեանց կրնար վերածուիլ անիկա։ Ու սխալի մէջ չեմ, եթէ երբեք յայտարարեմ, թէ մեր պատրանքին չափ - այդ յղացքներուն տարողութեանը վրայ - ինչպէս մեր ռոմանթիզմը, ես կ՚աւելցնեմ մեր անգիտութիւնը թշնամիին հոգեբանութենէն։ Մենք կը փոխուէինք շատ արագ։ Թուրքը իր հոգեկան խորագոյն գիտակցութեան նոր կը դառնար, ժողովուրդ մը ըլլալու համար, ան՝ որ դարերով աշխարհակալ էր եղած, այսինքն՝ բանակի սպաս։ Թուրքերը որդեգրելով Արեւմուտքի արտաքին երեսը, Համիտի ռեժիմին յայտարարեցին իրենց համար հոգի մը, որ 7-8րդ դարերու իսլամինն էր, ուր ներարկուէին ցեղամիջեան ալ ատելութեանց բոլոր ահաւոր թոյները։ Այս վերլուծումը զիս հեռուները կը տանի հիմա։ Ստիպուած կը կենամ։

Ապահով եմ, որ ոչ մէկ յեղափոխական ճամբայ ինկած կ՚ըլլար դէպի հայրենիք, ոչ թէ վախէն իր անձին, զոր յօժարած էր զոհաբերել, այլ՝ սարսռագին այն հեռանկարին մղձաւանջովը տապալած, եթէ երբեք թուրքը ըլլար ճանչցած մեզի պէս, այսինքն՝ իբր զգայնութիւն, միսի, ոսկորի փորձառութիւն, հոգիին բունին տրուած եաթաղան ու մեղքին թեւերուն օղակուած կախաղան։ Թուրքը այդ մէկ հատիկ բառն է, որուն մէջ կը խտանան մեր պապերուն ամէնէն եղերական ապրումները։ Այն տղաքը, մերիններէն, որ ելան թուրքին դէմ, ըրին ատիկա, իրենց հաշուոյն, մեռնելու հաստատ վճիռով, երբեք չանդրադառնալով հաւաքական դատին վրայ այդ ելոյթին ունենալիք չարագուշակ հետեւանքներուն։ Արեւմտահայը տուած է հայ յեղափոխութեան միստիքները։

Ատիկա տակաւ կը դառնայ պարզ, երբ երեւան կը հանուին գործիչներու յուշերը։ Արեւելահայերը, որոնք մահակառոյց այդ զգացումը մտածեցին շահագործել աւելի ընդարձակ, համապարփակ ազգային նպատակներու սպասին, հաւատարիմ էին իրենց ուրիշ կարգէ զգայնութիւններուն, դարձեալ այդ թուրքէն, բայց… Կովկասի մէջ, ուր ցեղը կը պարզէր պատկերը անկանգնելի թշուառութեան, աղտին ու ախտերու մէջ խորասոյզ, կործանած ու անխելք։ Մաթիկ Մելիքխանեանցը պիտի յիշէր Մոսկուայի թուրք ուսանողները, պոռնիկներու սպասարկու, հասարակ թշուառականներ, որոնց իմացականութիւնը կը մնար հաւասար ֆիզիքական անկարութեան։ Այդ էր թերեւս պատճառը, որ ինքն իր վրայ ըլլար ստիպուած բռնութիւն գործելու՝ մեծցնելու համար այդ թշնամին ու գտնէր եզր մը, ուր հաշտուէին մեր ժողովուրդի զոյգ մեծ հատուածներուն իրարմէ բոլորովին հեռացած, տարադէմ զգայնութիւնները, ապրումները։

Բառարանի բառ մը ու անոր տակը խտացած ապրումները որքան իրարու հետ իրենց աղերսը կ՚ընեն քմահաճ, ծանօթ է բոլոր գաղափարները տարանջատող մտածողներուն։ Մեր յեղափոխութիւնը -այսինքն՝ անոր պատմութիւնը մինչեւ այսօր չէ գտած հասարակաց գետին մը, ուր մարդկօրէն ըլլային հասկնալի արեւմտահայ հերոս մարտիկներուն խելացնոր արարքները ու արեւելահայ գործիչ ինտելիգենտներու անկանգնելի յիմարաբանութիւնները։ Ի՜նչ միամիտ են այդ յեղափոխութեան տեսաբանները, երբ իրենց կապուած զանգուածներու սիրտին կարծեցին դրած ըլլալ ազնուագոյն սերմերը։ 1915ին ստորութեան ու մատնութեան մէջ ահաւոր հանդիսացող մեր զանգուածները, երբ աղէտին պատասխանատուութիւնը կը նետէին այդ Արեւելքէն բուսած մարդոց ուսերուն, կ՚ըսէին իրենց խորագոյն ճշմարտութիւնները։ Արեւմտահայ, կուսակցականը, գէթ մինչեւ մեր վերջին պարտութիւնը մտաւ այդ գործունէութեան մէջ մէկ ու միակ զգացումով մը - հարկ չկայ այդ զգացումին անունն իսկ տալու։ Թուրքը ատելը ապրումներուն ամէնէն իրաւը, ինչպէս կսկծագինն էր այդ օրերուն։ Ու պէտք է արդար ըլլալ, ըսելու համար, որ թուրքերը ամէն բան ըրին այդ ատելութիւնը հրահրելու, ազգային զգացման վերածելու մեր, ինչպէս իրենց մէջ, նենգ ու պաղարիւն սպասումով մը, սրբագրելու համար «յիմարութիւնները» հին սուլթաններուն։ Մինչեւ 1915, ինծի պատահած է լսել շատ մը թուրքեր, - բժիշկ, դեղագործ, պաշտօնեայ, փաստաբան, մա՛նաւանդ սպայ, որոնց մէջ ոմանք կ՚երթային առաջ ո՛չ միայն ծաղրելու մեր ազգային ճիգը, այլ մա՛նաւանդ մեր յիմարութիւնը, խըմպլութիւնը, օտարին վրայ հաւատալու չափ անմարդկային ցնորատեսութիւնը, իբր թէ եւրոպացիները չունենային ուրիշ զբաղում։ Հայերու բարիքին վրայ մտածելու եւ գործածելու իրենց մեծ-մեծ կազմակերպութիւնները, դիւանագիտական մեծ ձեռնարկները։ Երեսուն տարի առաջ չէր բաւեր յեղափոխական ըլլալու համար ուրանալ մեր թշնամին, ըսել կ՚ուզեմ՝ զայն դաւանիլ եւրոպական դիւանագիտութեան դասական շրջաբանութեան մէջ, - հիւանդ մարդու, որուն օրերը համրուած էին։ Այս տեսակ տրամադրութիւն մը, անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ, չմոռցայ սակայն միւս իրականութիւնը, վտանգին զգայարանքը, քանի որ սահմանը անցնող ամէն հերոսի գլխուն, ինչպէս մեր ժողովուրդի հաւաքական գոյութեան վերեւ կախ էր առակին սուրը։ Չէր բաւեր զայն վերածել գրական յղացքի [2], որպէսզի հնարաւորութիւն ստեղծուէր իմացապէս, մա՛նաւանդ զինուորագրուելու այս չարիքին դէմ, որ գլխագրուած Տգիտութիւն կ՚անուանուի։ Որքան շատ տեսեր եմ Մաթիկէն ետք հզօր ու շքեղ սոփեստներ, որոնք թուրքէն կը սորվէին, որպէսզի այս ժողովուրդը լուսաւորեն ու ընկերվարական վարդապետութեանց ընդհանրացմամբ մը միանգամ ընդմիշտ արմատախիլ ընեն ազգը ազգին դէմ լարող մախանքը։ Այս մտածումը Մաթիկին ուղեղին մէջ տակաւին խակ, աւելի յետոյ պիտի ընդունուէր ամերիկացիներէ, որոնց երանելի ուղեղին ծնունդն էր գիւտը հայ որբերուն արգիլել հայոց լեզուի ուսումը հալածել  անոր  գործածութիւնը արտօնելով  որեւէ ուրիշ լեզու։ Ասիկա ո՛չ միայն ինքնատիպ է իբր մտածողութիւն, այլեւ ահաւոր կերպով իրաւ։ Նիր Իսթի պաշտօնեաներուն   տեղեկագիրները   պաշտպանած  են այդ հրէշութիւնը ընկերութեան կեդրոնին, Ամերիկայի մէջ։ Մաթիկ Մելիքխանեանց սոցիալիստ էր՝ յեղափոխական ըլլալուն չափ։ Ու իր քարոզները կը շփուէին երկու աշխարհներուն հիմնական հարցերուն։ Չէր գիտեր, թէ իր այս տեսութիւններով որքան կը հեռանար մենէ, որ թուրքը չէինք երեւակայեր, այլ կը շարունակէինք ինչ որ իրենք դադրած էին ընելէ «Կովկասում», այսինքն՝ կրել զայն, թուրքը, մեր ջիղերուն ճամբաներէն, թանձր, անխուսափելի շարաւի մը նման։ Ընկեր Մաթիկը մեզի չափ ուժով ատելու անկարող ու անվարժ, պարտք ունէր, աւա՜ղ, երեւակայելու, երբ չէր անցած Սահմանէն։ Նշանաւոր այդ հրուանդանը իմաստութեան ծովերուն։



[1]            Կը զգուշանամ շատ յստակ վճիռներ, աֆորիզմներ առաջարկելէ ցեղերու հոգիին վրայ, ինչպէս կ՚ախորժին ընելէ գերման մտածողները (Քէյզերլինկ, Շփենկլէր) փարատոքսը երբ կը ջանան արժեւորել, խոր հմտութեան մը նպաստովը։ Իրողութիւնը այն է, որ արեւելահայ երիտասարդութիւնը -կազմակերպիչը հայ հոգիի նոր յղացքին- աշակերտ է ռուս աւանդութեան։ Արեւմտահայերը անջատ հերոսներ եւ ողբալի կազմակերպութիւններ միայն կարողացան տալ ընդհ. սպասին։

[2]            Հաշտ երթալու համար նշանաւոր ընկերային վարդապետութեան մը տոկմային, այսինքն՝ չէզոքացնել, գրեթէ չքացնել, կամաւոր մեղսակցութեամբ, կուրութեամբ, բարբարոսութիւնը, որ թուրք մեծ ժողովուրդին մօտ տեսակ մը վաղանցուկ spasma է եւ ոչ թէ հոգեյատակի տեւական դրութիւն, արիւնը եւ իր ձայները, որոնք նախնական ժողովուրդներու մէջ կը փոխարինեն իմաստին fonctionnementը, առնուազն ուղեղը։ Աւելի՛ն, ուրանալէ ետքը այս ահաւոր իրողութիւնները, հաւատալ ուրիշ տրտմութիւններու, այսինքն՝ զարգացման, գիտութեան մէջ բարելաւման ու մեր թշնամին մեզ ալ սիրող ընծայող ինքնապատիր սուտի, - պարագայ, որ լայնօրէն ապացուցուած է այսօր, երբ ո՛չ միայն Եւրոպայի մէջ կը պաշտպանուին թուրքերը, այլեւ՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, առանց նկատի ունենալու ուրիշ ծանրակշիռ փաստեր, որոնցմէ մէկն է Պոլսոյ հայերուն հոգիին պարտադրուած պետական ընդարձակ կեղծիքը։ Այդ մեր արիւնէն եկող մարդերը իրենց թրքացման պրոցեսը կը հրահրեն թուրքերէն վեր, հեռուէն մեզ ընելով կրկնապէս նկուն։