ՄԻԱԲԱՆՔ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՔ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ

 

 

ԿԱՏԱՐԻՆԷ ՂՈՐՂԱՆՈՎ (ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻ)

Թիֆլիզի Կուսանաց Անապատի կոյսերէն. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, Մովսէսեան Յովհաննէս պտրք-ի օրով, Բ. անգամ 1864ին, եւ այս առթիւ Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ 31 հատ ոսկեթել հիւսուածով կարմիր դիպակէ շուրջառներ, եւ արծաթեայ աշտանակներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ հէօճէթով կը նուիրէ ձիթաստան մը:

Ազգպտմ. էջ 4095

ԿԱՐԱՊԵՏ ԱԲ.

Մբ. 1407ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Գրիգոր վրդ. Տաթեւացւոյն Հարցմանր գիրքը. ձեռագիրը այժմ կը գտնուի Ս. Էջմիածնի մատենադարանը:

Էջմ. Ցուց. էջ 50. Նօտարք, էջ 26

ԿԱՐԱՊԵՏ ԱԲ.

Մբ. Չնքուշի վանքին, ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, 1702ին կը վախճանի հոն:

Օրագրութիւն Ամդեցիին

ԿԱՐԱՊԵՏ ԱԲ. ՄՈԿԱՑԻ

Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ տպագիր Աստուածաշունչ մը (տպ. 1705, ի Կ. Պոլիս), որուն ձեռագիր մէկ յիշատակարանէն կը հասկցուի թէ` 1728ին Կարապետ աբ. Մոկացին կատարած է այս նուիրատուութիւնը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԱԲ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Լէնկ-Թիմուրի ժամանակ ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. վերադարձին Սրծկէի մէջ գերի կը բռնուի նոյն բռնաւորին մարդերէն. Թովմա Մեծոփեցին իր Պատմութեան մէջ (էջ 28) հետեւեալ վկայութիւնը կուտայ սոյն Կարապետ աբ-ի մասին. «եւ անտի չուեալ եկն (Լէնկ-Թիմուր) ի յԱրծկէ. եւ ի հասանիլն ի դուռն քաղաքին ըմբռնեցին աբեղայ մի Կարապետ անուն ի գեղջէն Ջուղայու, որ գայր յԵրուսաղիմայ. եւ կապեցին զնա եւ տարան կապանօք: Եւ գերեալ քրիստոնէիցն հաստատութիւն եղեւ հաւատոյ ի Սմրղանտ քաղաքի. եւ եղեւ եպիսկոպոսութիւն յետ ժամանակին. եւ ո'չ հասաւ յաշխարհն յայն. այլ մեռաւ ի Սուլթանեա. եւ քրիստոնէութիւնն կորեաւ անդ…»:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՄԻՐԱՅ ՊԱԼԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Ծ. 1800ին. ի նպաստ Ս. Յակոբի վանքին կը կտակէ 1866ին Եալովայի եւ Ետիգուլէի իր երկու ագարակները. (Սիօն 1866. էջ 93): Դարձեալ նոյն թուականին Ս. Յակոբի վանքին կը կտակէ հազար հինգ հարիւր օսմ. ոսկի պայման դնելով որ նոյն գումարը հաստատուն կալուածի մը վերածուի եւ արդիւնքէն ամսէ ամիս հազար դահեկան վճարուի ծանօթ գրագէտ Պուրսացի Չամուրճեան Յովհաննէս Պատուելիին (+1888). եւ հինգ հարիւր դահեկան Մանուէլեան Յակոբիկի (+1870). եւ յիշեալներուն մահուանէ վերջ կալուածին հասոյթը յատկանայ Ս. Յակոբի վանքին: Կարապետ ամիրայ կը վախճանի 1870ին եւ նոյն տարին կը շինուի խոստացուած կալուածը Ս. Յակոբի վանքին դիմաց, կամարին տակի խանութներուն ետեւ. եւ կալուածին ճակատն կը զետեղուի հետեւեալ յիշատակարանը. «Ի յիշատակ անմահ բարերարին Սրբոյ Աթոռոյս արքունի ճարտարապետ Պալեան Կարապետ ամիրայի. կառուցաւ սոյն մաղազայս ի պատրիարքութեան Տ. Տ. Եսայեայ ազգասէր պատրիարքի յամին 1870».

Պալեան գերդաստանին կողմէն Տէրունական պատկերի գեգեցիկ վարագոյր մը ընծայ տրուած է Ս. Յակոբին եւ ունի յիշատակարան մը, որուն տոհմագրական տեսակէտով կարեւորութեանը համար նոյնութեամբ կը դնենք հոս. «Յիշատակ է տէրունական… ճարտարապետ Գրիգոր Աղայի եւ մօրն մհտ. ֆիլօր խաթունին եւ կողակիցն Սողոմէ խաթունին եւ զաւակացն Կարապետ եւ Յովհաննէս աղայից եւ դստերացն, յորոց եղբայրն պրն. Պետրոս եւ կողակիցն Նազլըն, որոց փոքր եղբայրն զՍենեքերիմ (1833ին Երուսաղէմ վախճանած եւ թաղուած է Ս. Փրկիչ), եւ կողակիցն Կարիխանէն (Գայիանէ) եւ քեռայր նոցին Սամուէլն եւ կողակիցն Չիչիլեան եւ վասն իւրեանց ննջեցելոց պրն. Մակարայ, Աննային, Իսմիին, Լութվիկին, Մինասայ, Մարեամու, յամի տեառն 1814. Յարութիւն Թերաչինա, Արուսեակ, Աբիսողոմ»: Կարապետ ամիրայի հօր` Գրիգոր գալֆայի Ս. Յակոբի վանքի ծառայութեանց մասին տեսնել:

ՄՁ. Թ. 85

ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՐՔԵՊՍ. ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Մբ. կնիքը 1815, Նւ. Աժտէրխանի 1817ին, Նւ. Հնդկաց, խորհրդական եւ դարպասնկալ 1824ին, փոխ. (1833-34). իր անունով կայ յիշատակարան մը` Բեթղէհէմի Հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցիին տեառնական պատկերի մը ստորեւ. «Յիշատակ է տնական. սբ. պատկերս սբ. Յակոբայ միաբան Թօխատցի Կարապետ Վրպին. որ հնտստանայ իմտատիէճի. թվին ՌՄԾԹ (=1810) Ապրիլ Ա-ին»: Կարապետ արքեպս. իր Հնդկաց եւ Աժտէրխանի նուիրակութիւններէն շատ ընծաներ բերած է Ս. Յակոբի վանքին:

Եթէ վերոգրեալ 1815 թուականով «կնիքը» իր եպս-ական. կնիքը նկատենք, հաւանական է որ միեւնոյն անձը ըլլայ Կարապետ աբ. Թօխատցին` որ 1803ին աբ. կը ձեռնադրուի եւ նոյն թուականին կը կարգուի տեսուչ Ս. Յարութեան եւ ՌՄԾԸ (=1809)ին ալ, ՄՁ. Թ. 1. Ճառընտիրին ցանկը կը շինէ եւ կ՚ստորագրէ Եւդոկիացի «երբեմն գրագիր երբեմն էմիրհաճ Կարապետ աբեղայ» անունով: Կարապետ արքեպս. Եւդոկիացի վախճանած է 1849 դեկտ. 16ին, եւ թաղուած է Ս. Փրկչի վանքը, վաստակաւորներու շարքին, իր տապանագիրը հետեւեալն է. «Այս է տապան հանգստեան Սրբոյ աթոռոյս միաբան Հնդկաց նուիրակ եւ բազմաշխատ վէքիլ Եւդոկիացի Կարապետ Արքեպիսկոպոսին որք հանդիպիք տուք զողորմին. 1849 դեկտ. 16. »:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՐՔԵՊՍ. ՄԱԶԼԸՄԵԱՆ, ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ

Ծ. 1870ին, շրջանաւարտ Պարտիզակի Ազգ. Վարժարանին 1887ին, Ձռ. 1894ին Պարտիզակի մէջ. տեսուչ եւ ուսուցիչ ազգ. վարժարանին (1893-1895), նոյն պաշտօններով Ատաբազար եւ քարոզիչ տեղւոյն Ս. Լուսաւորիչ եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն (1895-1900), առ. փոխ. Նիկոմիդիոյ թեմորէից, (1900-1905), նախ առ. տեղապահ Պանտրմա-Պալըքէսէրի եւ ապա առ. նոյն թեմին (1905-1908), եպս. կը ձեռնադրուի 1910ին, 1915ին Ընդհ. պատերազմին` իր հօտին հետ տեղահանուած կը տարագրուի Քիլիսի Էղիէ ըսուած տեղը. 1916ին Երուսաղէմ կը հրաւիրուի իբր անդամ նորակազմ Սինոդի եւ մէկ տարիի չափ կը մնայ նոյն պաշտօնով. 1917ին Սահակ կթղ-ի եւ ուրիշ սինոդականներուն հետ կը տարագրուի Դամասկոս` ուր կը կարգուի տեսուչ տեղւոյն սրբանոցներուն. զինադադարէն վերջ կը մեկնի Պոլիս, ուրկէ կը դառնայ Պանտրմա. բայց քիչ յետոյ Քէմալական յարձակումներու հետեւանքով կ՚ստիպուի թողուլ իր պաշտօնը եւ ժողովուրդին հետ մեկնել Պոլիս. 1923ին Պատրիարքարանէն կը ղրկուի Աթէնք իբր Լիեզօր քննիչ, 1924ին ալ տեղւոյն Պատգամաւորական ժողովէն կ՚ընտրսւի առաջնորդ եւ կ՚ստանայ ամենայն Հայոց հայրապետէն վաւերացումի կոնդակը. 1926ին կը շնորհուի արքութիւն

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՐՔԵՊՍ. ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ, ՄԱՐՍՈՒԱՆՑԻ

Մբ. Ծ 1811ին. միաբան կ՚արձանագրուի 1841ին: Ձռ. 1847ին, ՓԿԵ. (1850-58), քարոզիչ Մարաշի մէջ 1859ին, կը վերադառնայ Ս. Յակոբի վանքը 1862ին, լսպ. 1863ին, եպս. կը ձեռնադրուի 1863ին. կը հրաժարի լսպ. պաշտօնէն 1869ին, տեսուչ դպրոցներու. 1876ին կը վախճանի. կնիքը 1847:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՊՍ.

1823ին Առ. Ս. Դանիէլի վանուց Կեսարիոյ, ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՊՍ. ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ (մականունով ՇՓՈԹ)

Մբ. Նւ. Աժտէրխանի եւ Զմիւռնիոյ (1781?) կը ձեռնադրուի եպս. 1801ին, Նիկոմիդիոյ եւ Պուրասայի առաջնորդ 1816ին. վերջին պաշտօնավարութիւնը եղած է Պոլսի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին, ուրկէ կը վտարուի. ժամանակ ինչ աստ անդ վարանեալ յետոյ փախեաւ ի Լիբանան (Դիւան. Գիրք Ժ. էջ 466): 1819ին փոխադրուեցաւ Անտոնեանց Հռոմի վանքը եւ հոն մեռաւ 1819 Յուլիս 28ին: Հռովմէականութեան մէջ ալ եպիսկոպոս սրբոյ Երուսաղէմի եւ Եփեսոսի տարօրինակ տիտղոսը կը գործածէր: (Ազգպտմ. էջ 3403): Կարապետ եպս. Ս. Յակոբի Մատենադարանին նուիրած է Կուռնելիոսի Մեկն. երգոց երգոյն թարգմանութեան ձեռագիրը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՊՍ. ԷՎՔԷՐԷՑԻ

Մբ. խորհրդական Ս. Յակոբի վանքին 1791ին, Նւ. Կեսարիոյ 1795ին, դարպասընկալ. 1812ին կը վախճանի` իր տապանագիրն է հետեւեալը. «Այս է տապան հանգստեան Ս. Աթոռոյս միաբան Կեսարիոյ Էվքէրէցի Կարապետ հեզահամբոյր արքեպիսկոպոսին որ հանգեաւ ի թվին ՌՄԿԱ (=1812) Սեպտեմբերի Բ. »:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՊՍ. ՔԷՉԷՃԵԱՆ, ԶԵՅԹՈՒՆՑԻ

Ծ. 1836ին, եպս. 1883ին, Առ. Զեյթունի. կը տարագրուի (1895-96) Երուսաղէմ եւ կ՚ապաստանի Ս. Յակոբի վանքը. կը վախճանի 1904ին:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՐԷՑ.

1596ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Գառնեցիին օրինակէն Սաղմոսարան մը.

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Օսմաներէնի քարտուղար Պոլսի Ազգ. Պատրիարքարանի, 1904ին քննչական պաշտօնով կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԿԹՂ. ԶԵՅԹՈՒՆՑԻ

(1725-1729), Ծ. 1661ին, աշկ. Ստեփաննոս եպս. Զէյթունցիի որ առաջնորդն էր Գաղատիոյ (+1697). Ձռ. Գաղատիա 1681ին, եպս. եւ առ. Գաղատիոյ 1694ին, համաձայն իր ձեռագիր Աստուածաշունչի յիշատակարանին, ուր գրած է իր Ինքնակենսագրութիւնը եւ ուրկէ կը հասկցուի թէ` Կարապետ կթղ. 1705ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ Քրիստոսի տնօրինական Ս. Տեղերը, ընկերակցութեամբ իր հոգեւոր եղբօր ու հայրենակցին Յովհաննէս վրդ-ի որ ձեռնասուն աշակերտն էր Գաղատացի Մովսէսի եւ միւս աշակերտ Մարտիրոս վրդ-ի եւ ուրիշներու: Վերադարձին կը հանդիպի Կիլիկիա, կ՚այցելէ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին դամբարանը եւ իր ազգականները տեսնելով կը վերադառնայ Գաղատիա:

Կարապետ Զէյթունցի կթղ. կ՚ընտրուի 1755ին, եւ Պոլսի Մայր եկեղեցիին մէջ կ՚օծուի, Կոլոտ Յովհ. պտրք-ի օրով. Երուսաղէմի Գրիգոր Շղթայակիր պտրք-ը շնորհաւորութեան համար յատկապէս կը ղրկէ Երուսաղէմացի Յովհաննէս վրդ-ը (Հաննէ) ու անոր ձեռքով կ՚ընծայէ ոսկեղէն եւ գոհարներով զարդարուած խաչ մը կենաց փայտի մասունքով. Կարապետ կթղ. թէեւ ուխտ ըրած էր կրկին Երուսաղէմ այցելել, բայց ծերութեան պատճառաւ զանց կընէ. միայն իր ուխտի բաժինը եւ բարեսէրներու նպաստը, ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածնի աթոռակալ Մանուէլ Աստապատցի վրդ-ի նուիրատուութիւնը նորապսակ Հաննէ եպս-ին հետ կը ղրկէ Շղթայակրին. որուն կը գրէ նաեւ, որպէսզի այլ եւս վզէն հանէ երկաթէ շղթան: Կարապետ կթղ. Պոլիս գտնուած ժամանակ կը բնակէր Սկիւտարի Ս. Երուսաղէմի Հոգետունը որուն արեւելեան կողմի պատկից յոյնի մը տունը կը գնէ մէկ ու կէս քէսէ գումարով եւ կը միացնէ Հոգետան, եւ կը պատուիրէ Կոլոտ պտրք-ի որպէս զի հարկ եղած նորոգութիւնները կատարել տայ: Նոյն տարին Ս. Էջմիածին ուղեւորելէ առաջ` Կարապետ կթղ. ներկայ կ՚ըլլայ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիի օծման, եւ, ի ներկայութեան Կոլոտ պտրք-ի, աթոռակալ Հաննէ եպս-ի եւ ժողովրդեան, Ս. Յակոբի վանքին համար յատկապէս պատրաստուած երեք կանոնները կարդացներ կուտայ եւ կը վաւերացնէ զանոնք: Պուրսայի եւ Գաղատիոյ ճանապարհով կը մեկնի Ս. Էջմիածին: Մանրամասնութեանց համար դիմել (Երեւակ, 1859, ուր աշխարաբարի թարգմանուած է Կարապետ կթղ-ի ինքնակենսագրււթիւնը` եւ ուրկէ մենք քաղած ենք վերոգրեալ տեղեկութիւնները):  

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ԿԹՂ. ՍՍՈՅ, ԹՕԽԱՏՑԻ

(1447-1478), իր եղբայրն է պարոն Առաքել, եղբօրորդին Տէր Գրիգոր. յիշատակագիր մը հետեւեալ վկայութիւնը կուտայ յիշատակարանին մէջ ա'յն ձեռագրին որուն ստացողը եղած է Կարապետ կթղ: Գոմելէ յետոյ անոր բարեմասնութիւնները` կը յիշատակէ Ս. Յակոբի վանքի մասին ըրած կարգադրութիւններն եւ օգտակար գործերը. «… նորոգեաց զսուրբ աթոռս, եւ ելեալ գնաց յԵրուսաղէմ եւ երկրպագեաց սուրբ տեղեաց տնօրինականացն Քրիստոսի. եւ տեսեալ զամենայն պակասութիւն Հայոց վանացն Ս. Յակոբայ, զի յայնմ ժամանակի եկեղեցին Հայոց ի ներքեւ պարտուց անկեալ կայր, եւ խաչ եւ աւետարան եւ շուրջառ ի ձեռս այլազգեաց յաւանդ կային: Եւ անտի ելեալ Տէր Կարապետ կաթողիկոս գնացեալ էջ յեգիպտոս առ Սուլթան Տահիրն, եւ մեծարեալ պատուեցաւ ի նմանէ. եւ առեալ խիլայս մեծագինս եւ պարգեւս մեծամեծս, որպէս օրէն է թագաւորաց` տալ պարգեւս մեծամեծաց` ըստ արժանեացն: Եւ եկեալ կրկին յԵրուսաղէմ եւ ազատեաց զեկեղեցին ի պարտուց. եւ զսրբութիւնսն ի յանօրինաց: Եւ անտի եկեալ սեփականեաց զսուրբ աթոռս Կիլիկեցւոց, ի սուրբ ուխտս Տէր Պաւղոսի, զոր Տէր Աստուած վայելել տացէ նմա զաթոռ եւ զգիրքս, եւ անջինջ յիշատակ պահեսցէ նմա եւ ծնողաց իւրոց եւ եղբօրն Պարոն Առաքելին եւ եղբօրորդւոյն Տէր Գրիգորին. ամէն. »

Հայապատում, էջ 575

ԿԱՐԱՊԵՏ ԿՐՕՆԱՒՈՐ

Մբ. Էջմ. Ցուց. Թ. 193. էջ 14 Աստուածաշունչի յիշատակարանէն կը հասկցուի թէ` 1331 թուին Հայոց Օշինի որդւոյն` Լեւոնի օրով, նոյն ձեռագիրը Կարապետ կրօնաւոր ընդօրինակած է Ս. Յակոբի վանքին մէջ:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԻԱՅՆԱՒՈՐ

Մբ. ձեռագիր Խորհրդատետր մը ընդօրինակուած է Կարապետ միայնաւորին ձեռքով Ս. Յակոբի մէջ Գրիգոր Պարոնտէր պտրք-ի խնդրանքով. 1666ին ալ Եղիազար պտրք-ի օրով գրուած է նոյն ձեռագրին յիշատակարանը, որուն ընդօրինակութիւնը կը դնենք հոս.

«ով բաղձալի իմ սիրական.

ձեռամբ յոգնամեղ միայնաւորին

պիտակ անուն Կարապատին.

եւ ստացողի կտակարանիս,

Գրիգոր ձայնեալ Պարոնտէրին:

՚ի Հայրապետութեան Սուրբ Սաղիմայ եղիազար Սրբազանին,

յետ ծննդեան մեսիային

հազար վեշտասան որ անցին

վեց հարիւրեակ երկ ընդ քառին (=1666). Փակեալ եղեւ ներկայս ամէն»:

Քէշ. Ցուց. անտիպ. Թ. 365

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Քրձ. 1902ին կը վախճանի եւ յօգուտ Ս. Յակոբի վանքին կըթողու իբր կալուած մէկ յարկաբաժին` Երուսաղէմի մէջ:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՆԻԿՈՄԻԴԱՑԻ

Աւագ թարգման Ս. Յակոբի վանքին (1821-23). իր ծախքով կառուցած է Դարպասատան Մուսլխը եւ Մսմատան քովի փոքր քարուկիր սենեակը. կը դնենք հոս երկուքին ալ յիշատակարանները. «ի Պատրիարքութեան առն. Գաբրիէլի Սրբազան վեհին մուսլուխ շինեցաւ վասն պարտէզիս արդեամբ իզնիմիտցի տիրացու մհտ. Կարապետին, 1821 ՌՄՀ»:

«վայելուչ սենեակս ի հիմանց կազմի.

ի պատրիարքութեան Գաբրիէլ վեհի.

նպաստիւք ջանից աւագ թարգմանի

նիկոմիդացի պարոն Կարապետի,

ռմհբ» (=1823):

 

ԿԱՐԱՊԵՏ (ՄՀՏ. ) ՇԱՀՎԷՔԻԼԵԱՆ կամ ՓԱՓԱԶ ՕՂԼՈՒ, ԷՕՏԷՄԻՇՑԻ

1821ին գործակալ գանձապետ Ս. Յակոբի վանքին: Նոյն թուականին վանքին կը նուիրէ Զմիռնիոյ Նւ. Կիրակոս եպս-ի ձեռքով Քարոզգիրք մը (ՄՁ. Թ. 57)` զոր յօրինած է Ս. Էջմիածնի մբ. Նախիջեւանցի Աղամալեան Պետրոս արքեպս. եւ ընդօրինակել տուած է զայն հմտ. Կարապետ Շահվէքիլեան Ս. Յակոբի վանքի քարոզիչներուն համար, ձեռագրին սկիզբը կը գտնուի հետեւեալ յիշատակարանը. «… զի որք ընթերցմամբ օգտիք ի սմանէ պատկան վարկաներ յիշման… զմեծ հաւն նորին զպր. Գրիգոր քահանայն, եւ զպապսն զմհի բագարատն եւ զպաղտասարն, եւ զհայրն իւր զշահվէքիլ պարոն Յովհաննէսն, եւ զմայրն զսհի Գայիանէ խաթունմ. եւ զի տր. հանգուցեալ եղբայրն զմհի Գրիգորն, եւ զկենդանիսի զպարոն սիմէօն եւ զպարոն Յարութիւն, եւ զկենդանի քոյրն զխոնարհ խաթունմ. եւ զհանգուցեալ քորսն զթագուհին, զմարիամն եւ զխաթունմ, եւ նորաբողբոջ որդեակսն զմհի տիրացու Յովհաննէսն եւ զսարգիսն, եւ զերկուորեակսն զգրիգորն եւ զՅակոբն, եւ զդստերսն զմհի Աննա, զմհի Գայիանէն եւ զվարդերն: եւ զնուանսն զնունեան եւ զսանդուխտն: եւ զկողակիցն իւր զմհի հերիքնազն եւ զամ. արեանառու զազգականսն իւր…»:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՇՈՒԼԴՈՎԵԱՆ, ՆՈՐ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ

1861ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, 1862ին իր ծախքով Ս. Յակոբի Վանքին մէջ` Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին գնալիք ճանապարհին վրայ` կը շինէ աղջկանց Գայեանեան Դպրոցը` որուն ճակատը զետեղուած է հետեւեալ յիշատակարանը, «Դպրոցս օրիորդաց նուիրեալ յանուն սրբոյն Գայեանեայ, կառուցաւ արդեամբ Նոր Նախիջեւանցի Շուլդովեան մհտ. Կարապետ Աղայի եւ կենակցի իւրոյ Տիրունի խաթունի ի յիշատակ կենդանեաց եւ հանգուցելոցն, 1862»: 1927ի երկրաշարժի պատճառաւ խախտած ըլլալով այս շէնքը վանքին եւ ուրիշ նուիրատուննրու ծախքովը դարձեալ ի հիմանէ կառուցուեցաւ 1928ին:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

(1817-1903). աշկ. շարականագէտ Յովհաննէս Մէնէճեանի. ինքն քաջ ալ շարականագէտ, Պալատցի նշանաւոր Յովհաննէս կուսակրօն սարկաւագին եղբօրորդին էր. 1856ին առաջարկութեամբ Պալեան Կարապետ ամիրայի, Չերչեան Համբարձումի հետ, բոլոր շարականները կ՚սկսի ձայնագրել, բայց միայն Ձեռացը կ՚աւարտէ. երաժշտութեան արուեստին սիրոյն համար չորս անգամ կը ճամբորդէ Ս. Էջմիածին: Կը վարէ Ս. Յակոբայ վանքին դպրապետութիւնը եւ Ժառ. Վարժ-ի երաժշտութեան ուսուցչութիւնը (1860-64). կը վախճանի 1903ին Պոլիս: Տեսներ իր լիակատար կենսագրութիւնը:

Սուրհանդակ, 1903. Թ. 1416-17

ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԵ. ԳԱՆՁԱԿԵՑԻ (ԱՐՁԱԽ).

Աշկ. Խորենացի Թէոդորոս պտրք-ի. 1734ին հայրենիքէն կը հասնի Ս. Յակոբ եւ կը միաբանակցի. Ձռ. 1737 Շղթայակիր Գրիգոր պտրք-էն. կնիքը 1737. Նւ. Ատանայի, Ակնայ, Ռումելիի եւ Եւդոկիոյ (1759-1761). ժամանակ մը կը վարէ ՓԿԵ. պաշտօնը. 1761ին կ՚ընտրուի պտրք: Յոպպէի եւ Ռեմլէի վանքերուն, նոյնպէս Ս. Յարութեան եւ Ս. Յակոբայ տաճարներուն եւ Բերիոյ Հոգետան նորոգութիւնները կատարել կուտայ (1762-65) (ՄՁ. Թ. 14): Գանձակեցի պտրք. 1767ին երկրորդ անգամ տպագրել տուած է Հաննէ վրդ-ի Երուսաղիմայ Պատմութիւնը, եւ նոյն տպագրութեան վերջը զետեղած է իր մի քանի կրօնական քերթուածները, որոց շատերուն սկզբնատառերը կը կապեն իր անունը: Վախճանած է 1768ին. Կարապետ պտրք. իր աբեղայութեան` Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Մեկն. Սահմանաց գիրքը, ՌՃՁԷ (=1738) թուին իբր յիշատակ Ս. Յակոբի վանքին (ՄՁ. Թ. 804): Իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Այս է տապան հանգստեան.

Գանձակեցի Սրբազան

Կարապետ Պատրիարքի

Սրբոյ Աթոռոյս Երուսաղէմի.

Որ փոխեցաւ յանանց կեանս

Ի թվին ՌՄԺԷ (=1768).

Որք հանդիպիք տուք զողորմի»:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԵ.

Սովորական ցուցակներու մէջ կը պակսի իր անունը. սակայն յիշատակուած է 1349 թուականաւ կալուածագրի մը մէջ:

Ընդ Օր. 1909. էջ 291

ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԿ. ՊԱԼԱՏՑԻ

Մբ. Ծ. 1783ին. աշկ Էտիրնէցի Պօղոս պտրք-ի. Նւ. Վանայ. Առ. Ամասիոյ-Մարսուանի. ՊԿ. (1823-31). կը վախճանի 1850ին եւ կը թաղուի Սկիւտարի գերեզմանատունը: Յօրինած է Լապտեր հոգւոյ խորագրով երկասիրութիւն մը:

տպ. 1826, Պոլիս

ԿԱՐԱՊԵՏ (մհտ. ) ՍՐԿ. ԽԱՉԻԿ ՆԻԱԶԵԱՆ, ԿԱԼԿԱԹԱՑԻ

Մբ. Ձռ. Ս. Յակոբի մէջ Գաբրիէլ պտրք-էն: 1821ին կ՚օժանդակէ Հնդկաց Նւ. Աբրահամ վրդ-ի, որուն քարտուղարն էր: 1822 թուական իր գրած նամակէն կը հասկցուի որ` յանուն Ս. Յակոբի վանքին նպաստներ հաւաքելով Հնդկաստանի մէջ ղրկած է Ս. Յակոբ: Նոյն նամակով տեղեկութիւններ կուտայ նաեւ Հնդկաստանի ազգայնոց վրայ եւ կը ծանուցանէ Կալկաթայի Մարդասիրական Մեմարանի հիմնարկութիւնը եւ իր վերադարձն Հնդկաստան, եւլն.:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍՐԿ. ՊԱՂՏԱՏՑԻ

Քարտուղար ՊԿ. Կեսարացի Կարապետի (Կրպօ). Կարապետ սարկաւագ ՌՃԽԱ (=1692) թուին ուխտաւորութեամբ բնակած է Ս. Յակոբի վանքը, եւ այդ առթիւ հաւաքածոյի մը երկու մասերն` Ջուղայեցի Սնմէոն վրդ-ի Քերեկենութիւնը եւ Քերականական բացատրութիւնք հարց-պատասխանիով ընդօրինակած է Ս. Յակոբի վանքին մէջ. իսկ ձեռագրին միւսը մասերը ընդօրինակած է այլուր:

CMA. էջ 142

ԿԱՐԱՊԵՏ (մհտ. ) ՍԱՐՐԱՖԵԱՆ, ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ.

1841ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. եւ այդ առթիւ Բեթղէհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցիին համար կը նուիրէ երկհատոր հին տիպ Ճաշոց գիրք մը.

տպ. Արապեան Կ. Պոլիս, 1801

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԱՑԻ

Մբ. ՉԻԱ (=1272) թուական, Իգնատիոս վրդ-ի Մեկն. Ղուկասու Աւետարանին ձեռագիրը կը պարունակէ հետեւեալ ինքնագիր յուշագրութիւնը. «ես նուաստ կարապետ վրդ-ս որ գնեցի զսբ. փրկիչ եկեղեցին որ է ի Ս. քաղաքս Երսղմ. եւ է Ս. փրկիչն տեղիք չարչարանաց Քրիստոսի Աստուծոյ յուսոյն մերոյ. որ է սեղան վէմն որ զՔրիստոս ի վերայ ձաղեցին. եւ շինեցի վանք ըստ կարի իմում. դ. անգամ յեգիպտոս իջի եւ առի թուղթ հրամանի ի յարքայէն եգիպտոսի` համարձակ շրջիլ ի տեղիս տնօրինականաց Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ: Բազում վշտացայ ի հաւատացելոց եւ յանհաւատից…: յոյս ունիմ իսբ. Ածածին. որ փոխարէն տայ զիւր տեսն եւ զիւր միածին. ու սբ. Ածածինն. լինի ինձ հոգեբարձ. զի ես մարմնական տէր չունիմ. տվի զիմ գըրքուկն սբ. փրկչին, որ է ղուկասու մեկնիչն. մի' ոք իշխեսցէ հանել ի սբ. փրկչէն. կարդասցեն եւ այլ ի վանքն դարձուսցեն…» Կարապետ վրդ-ի այս յիշատակարանէն զատ` նոյն ձեռագրին մէջտեղը լուսանցքի վրայ գրուած կը տեսնուի հետեւեալը. «տէր Յս. ողորմիա կրպ. վրդ-ին եմացո. ամէն». տեսնել նաեւ (ժպե. Հատ. Ա. էջ 234): Ուրիշ ժամանակագիր մը, յիշատակարանի մը համաձայն, կը գրէ թէ` Կարապետ վրդ. բացի Ս. Փրկչի վանքին վերաշինութենէն, կը նորոգէ նաեւ «զեկեղեցին գերեզմանի Աստուածածնայ ի Գեթսեմանի բազում աշխատութեամբ, զի գերեզման եւ եթ երեւէր. իսկ յեկեղեցին լցեալ աւազով ի հեղեղէ անտի, եւ դրունք ինչ էին մերձ գերեզմանին սուրբ Աստուածածնայ որ ի ռամկաց դրունք դժոխոց անուանէին. զայնս քակեալ եւ ծեփեալ է, որպէս երեւի, ի վաղու ժամանակաց ի վիմէ փորեալ գերեզմանք են լեալ…» (ՄՁ. Թ. 1818): Մեր հոս յիշած ժամանակագիրը չգիտցուիր թէ ո'ր յիշատակարանի վրայ յենլով` Կարապետ վրդ. Երուսաղեմացին կը դասէ Ս. Յակոբի վանքի պատրիարքներու չարքին մէջ.

Ցպե. էջ 40

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԱԿՆՑԻ

Մբ. 1876ին:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԱՄԱՍԻԱՑԻ

Մբ. 1780ին, Նւ. Ամասիոյ:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԱՄԱՍԻԱՑԻ

Մբ. 1855ին:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԱՐՄՏԱՆՑԻ.

Մբ. 1810ին, կ՚ընդօրինակէ Ս. Էջմիածնի միաբան Հռոմկլայեցի Պետրոս վրդ-ին Աստուածաբանութիւնը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԲԵՐԻԱՑԻ

1757ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ, ԷՎԷՐԷԿՑԻ

Մբ. Ձռ. 1830ին, Առ. Տրապիզոնի (1839-42)` իր պաշտօնավարութեան սկիզբը, Տրապիզոնի մէջ իր կողմէ պատրաստուած կահուց եւ կարասեաց տետրակի մը ներքեւ կը գրէ հետեւեալը «… Այցելու եւ վերատեսուչ նուաստ ծառայ ծառայիցն Աստուծոյ Ս. Երուսաղէմի միաբան Կարապետ վրդ. Կեսարու Էվէրէկ գեղջէ Մ. Կարապետ Ղալֆայեան քիւրքճի զատէ»: Կը ձեռնադրուի եպս. 1851ին, Առ. Սեբաստիոյ (1851-1869), կրկին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը (1857-1859): 1869էն յետոյ կը մնայ Ս. Նշանի վանքին մէջ իբրեւ վանահայր: Կը վախճանի 1877ին. տեսնել նաեւ:

Պ. Սեբաստիոյ. էջ 306

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԱՏԻՇԵՑԻ, (Արղընի Մատէնի Թեմ).

Մբ. 1837ին Ս. Յակոբի վանքին կը կտակէ Պոլիս ունեցած իր մէկ խանութը, ըստ նամակի Ատիշեցի Մարտիրոս քհ-ի:

Թ. ՌՄՁԶ=1837

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԿԱՅԾԱԿՆ, ԿԵՍԱՐԱՑԻ?

Մբ. Ձռ. 1802ին, Վանեցի Թէոդորոս պտրք-էն. 1822ին կ՚սկսի պաշտօնավարել Գահիրէ եւ շրջակաները. 1854ին կը վախճանի:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԿԱՐԲԵՑԻ.

Մբ. 1776ին կը ձեռնադրուի եպս. Նւ. Կարնոյ, Կարսի եւ Վանայ 1793ին, տեսնել:

Դիւան, Գիրք Ը. էջ 48

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. Տ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ, ԿԱՐՆԵՑԻ

Մբ. Նւ. Կարնոյ, Տրապիզոնի եւ Կիւմիւշխանէի (1793-95):

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՄՇԵՑԻ

Մբ. Ձռ. 1814ին:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՄՈԿԱՑԻ, ԿԱԼՕԵՆՑ

Ծնողքն են Մեսրոպ եւ Ալամ, եղբայրները` Խաչատուր եւ Հերապետ, քոյրերը` Յինախ, Վարդ, Մարիամ, հօրեղբայրը` Սրապիոն, որդիքը` Աւագ եւ Մխիթար. (ՄՁ. Թ. 100). Աշկ. Ապարանցի Սիմէոն վրդ-ի (+1637) որ կը կոչուի պըւետիկոս (ՄՁ. Թ. 100). 1629ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը (ՄՁ. Թ. 295). Գրիգոր Պարոնտէր պտրք-էն Նւ. կը կարգուի (ՄՁ. Թ. 1919): Դարանաղցին այսպէս կը վկայէ անոր մասին. «եւ բազում ժամանակ է որ յերուսաղիմայ սպասաւորութիւն կ՚առնէ. յամենայն երկիր ընթանալով. շրջեալ ողորմութիւն խնդրելով վասն սուրբ Յերուսաղիմայ կարեացն եւ պիտոյիցն եւ ծանր հարկապահանջութեան աղագաւ: Մէկ երկու ամ մի ի շուրջ գալով եւ մէկ ամ նստելով. այսպէս ուխտ արարեալ: Որպէս ի թվին (ՌՀԸ=1629) յըստամպօլս այլ երեկ նուիրակութեան աղագաւ. նա որպէս զառաքեալ յԱստուծոյ ընկալան… եւ մէկ ամ ու կէս եկաց յըստամպօլ… եւ յԱտրանայ եւ մեր յԸռատոզ… եւ այլ ուրեք ոչ կամեցաւ գնալ վասն խառնափնդոր շփոթմանցն ի պատրիարքական երկիւղիցն, որ կամէին խաբկանօք յափշտակել ի հաւաքեալ ընչիցն Յերուսաղիմայ, վասն որոյ շուտ ելաւ գնաց ի հետ ուխտաւորացն ծովով յԵրուսաղէմ. » (էջ 394-95): Մոկացի Կարապետ վրդ-ի հմտութեան, վարուց եւ արդեանց եւ համբաւի մասին տեսնել դարձեալ Դարանաղցին (էջ 393-397): Մոկացի վրդ. բացի իր նուիրակութեան այս ծառայութիւններէն, Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ 1631ին ձեռագիր Ագաթանգեղոս մը, որուն ինքնագիր մէկ յիշատակարանին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «ի թվին Հայոց Ռ եւ Ձ (=1631) ի ժամանակս յորում էր հայրապետ սբ. Երուսաղէմի Գանձակեցի տր Գրիգոր Սրբազան, ես նուաստ Մոկացի պիտակ անուն վրդ. Ե. պատուական գիրք տուի յիշատակ Ս. Երուսաղիմայ ի դուռն սբ. Յակոբայ. նախ Աստուածաշունչ` հին եւ նոր կտակարանք` ի մի տուփ. (ՄՁ. Թ. 100, Խապ. Ցուց. Ը. էջ 608): Երկրորդ գիրքն Է. պատմագիրք եւ մեծ հարանց վարքնի մի տուփ: Երրորդ գիրքն Է. արտաքին եւ Սահմանքն Դաւթի , բովանդակ բնաբանքն, եւ մեկնիչքն եւ լուծմունքն է. ի մի տուփ: Չորրորդ գիրքն Տաթեւացւոյ շինած նոյն արտաքին Է. գրոց լուծմունքն ի մի տուփ: Հինգերորդ գիրքն կանոնագիրքն եւ դատաստանագիրքն եւ տասն ասացուածքն ի մի տուփ» (Պատմագիրք, էջ ԻԴ): 1637ին Կարապետ վրդ. վախճանած է Երուսաղէմ եւ թաղուած է Ս. Փրկչի վանքին մէջ:  

ՄՁ. Թ. 79

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ.

1859ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի Վանքը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Աժտէրխանի 1791ին, կը վախճանի նուիրակութեան պաշտօնին մէջ:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Արղնիի, կը վախճանի 1799ին:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՉՆՔՈՒՇՑԻ, Տ: ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

Մբ. Ձռ. 1902ին Ժամարար Դամասկոսի (1903-1906). հիւրընկալ (1910-1911) կը մեկնի Մուշ 1911ին, նահատակ 1914ին ի Խարբերդ:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ.

Մբ. 1843ին:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՎԱՅՈՑՁՈՐԵՑԻ.

Մբ. 1497ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ կ՚ընտրուի Լսպ. (ՄՁ. Թ. 265): Կարապետ վրդ. սոյն ձեռագրին նորոգութեան առթիւ, գրած է ոտանաւոր յիշատակարան մը, որմէ կը հասկցուի իր ինքնութիւնը. հոս կը դնենք նոյնին ընդօրինակութիւնը.

«ի կարապետէ փակակալէ

սուրբ Յակոբայ սպասաւորէ,

սա է որդւոցն Զեբէդէ,

որ հրամանաւ Փրկչին մերմէ

զդասիլն էառ զյաջակողմէ,

ընդ Քսի. յաթոռ նստէ,

սա է պարծանք մեծ թորգոմէ

եւ է աթոռ Հայոց զամէ.

մեք ի վերինն յարեւելէ

ի գաւառէն Վայիձորէ

ի բնիկ գեղջէ յայրերնիցէ,

ի վանք սորա մեր սնեալ է,

մեր ազգականքն ամեն անդ է.

զտէր Մելքիսէթն ընտրեալ ազգէ,

որ մեզ քեռի սայ յորջորջէ

այլ եւ յիշէք ձեր սուրբ սրտէ.

բայց մեք եկայք ի Սաղիմէ,

երկրպագել Փրկչին մերմէ

եւ մեր տեսեալ զերգս ի Դաւթէ,

զսաղմոսարանս որ եղծեալ է

ըստ իմ կարծեացս զսա նորոգէ

զկազմել սորա (անընթեռնլի).

որ հանապազ յատեանն երգէ,

որ ողորմին սորա ասէ.

յառաջիկայիցն եւ ի յետնէ.

տխմարամիտս ի ձեզնէ խնդրէ

խնամով պահէք զդա ի ձէթէ եւ ի մոմէ.

ի թվին Հայոց ինն հարիւրէ

ԽԶ աւելորդէ: (=1497)

նորոգեցաւ սա ի մերէ

ի Կարապետ փակակալէ

ձեր ամենեցուն հնազանդ հողէ

զմէկ ողորմին ձենէ խնդրէ

Տէր մեզ եւ ձեզ ձրի տացէ.

զարքայութիւն ձեզ պարգեւէ

ի մեծ աւուր այներեկէ»:

Խապ. Ցուց. տետր 1. էջ 48-49

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՎԱՆՑԻ

Մբ. 1790ին. Աշկ. դարպասնկալ Զաքարիա Եպս-ի:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ԵՒ ԳՐԻՉ

1332ին Ս. Հրեշտակապետի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Մեկն. Կաթ. Թղթոց ձեռագիրը, որուն յիշատակարանին մէջ կը նշանակուին Ս. Հրեշտակապետի վանքին նոյն թուականի միաբանները, (ՄՁ. Թ. 229): Պատմական շահեկանութեանը համար նոյն ձեռագրին յիշատակարանին կարեւոր մասերը կ՚ընդօրինակենք հոս. «… յիշեցէք նախ` զարժանին յիշատակի զտր Վարդան եւ ծնաւղս իւր ի մեղաց թողութիւն, զի յոյժ հանգուցեալ է զիս ի հոգեւորն եւ ի մարմնաւորն. եւ զեղբաւր որդին իւր զհեզահոգին զՄարտիրոս քնյն. զամենայն գովութեանց արժաինն. եւ զերջանիկ վրդպքս. զԿիւրակոս զուսուցիչ իմ եւ զվարդապետ Կարապետ եւ զայլ միաբան եղբայրութիւնս մեր:

զՍտեփաննոս…:

եւ զՊետրոս եւ զՊաւղոս…:

եւ զԳրիգոր…:

եւ զԿարապետ…:

եւ զՆերսէս…: եւ զՍարգիս…: եւ զԹօրոս…: եւ զԳրիգորիս…: եւ զՄատթէոս…: եւ զփակակալս մեր, զՅովսէփ կրօնաւո, եւ զայլ միանձունս ամենայն. զԲարսեղ եւ զԿիւրակոս եւ զՄանուէլ որ զթուղթս է կոկել սակաւ մի: զԹաթէոսն եւ զՍարգիս, զՂազարն, եւ զՍտեփաննոս ջուլհակ եւ զտոներն: եւ զՅովհաննէս զփակակալ Սբ. Յակոբայ, եւ զԹօրոս խոստովանահայրն. նաեւ իմ աղկաղկութիւնս զչարին սպասաւորս, ի բազում աւուրս: որոյն յոլով ժամանակս ծառայեցի կամաց նորա: զԿարապետ` որ գրոյս ծրագրաւղ եղէ: Յիշեցէք եւ զիմ ծնաւղքն զՊարոն տատ եւ զՃոհար, եւ զեղբայրսն իմ զԲանարգես եւ զՅովհաննէս, զՆէրսէս եւ զՍարգիս եւ զքորսն մեր զՏիկին եւ զԽեր: գրեցաւ ի հայր. Յակոբայ եւ ի թագ. Լեւոնի… առ դրան սբ եւ փռաւորեալ տաճարի Քի. ի քաղաքիս յածակոխ յեմս. ի վանքս որ կոչի Հրեշտակապետք: Եւ իմաստուն հանդիպողացդ մաղթեմ. զսխալն ուղղել, զի չէ ի կամաց, այլ յանկարութենէ, եւ Հայոց թուիս է ՉՁԱ (=1332)…: »

Կարապետ գրչին մէկ ոտանաւորէն յետոյ հետեւեալ յիշատակարանը գրուած է նոյն գրով. «ո~հ զմեղաւոր դատապարտեալս զկազմող սորա զՄատթէոս զյոգնամեղ եւ զմեղսաթաւալ եւ զողորմելի սուտ անուն կրաւնաւոր յիշեսջիք յաղօթս ձեր. արդ կազմեցաւ սա յանապատիս ընդ հովանեաւ սբ Կարապետիս եւ սբ վիմիս եւ սբ ածածնիս եւ սբ ծնընդիս արդ աղաչեմ զամենեսեան որ կարդայք զսա մեղաց թողութիւն խնդրեցէք յայ. ինձ եւ ծնաւղաց իմոց եւ ած. ձեզ ողորմեսցի ամէ~ն ամէ~ն»:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՏԱՐՈՆԵՑԻ

Մբ. Մշոյ Ս. Կարապետի. –1629ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ Մշոյ Ս. Կարապետի վանքին յիշատակ ընելու համար ընդօրինակել կուտայ Հարանց Վարք մը (ՄՁ. Թ. 638) Աստուածատուր գրչին: Ս. Յակոբի մէջ. 1630ին պակասը կը լրացնէ Մինաս գրիչ Ամիդի մէջ: Նոյն ձեռագրին յիշատակարանէն կը քաղենք հետեւեալը. «…Կարապետ բանի սպասաւոր, քարոզող եւ ճշմարիտ վրդ. սնեալ եւ ի յարբունս հասեալ ի դուռն Տարօնո գաւառին, ի սբ ուխտն. որ յանուն սբ Կարապետ հռչակեալ կայ, փափաքեցաւ սբ Երուսաղիմայ ոտնակոխ տեղեացն Քսի. Այ. մերոյ եւ գնացեալ հանդերձ եղբարբք տէր թադէոս վարդապետիւ եւ համշիրակ եղբարբ տէր Մէլքիսէթ վարդապետիւ ի սբ քաղաքն յԵմ. եւ մնացեալ անդ ամ մի ողջոյն, եւ Կարապետ բանի սպասաւորն տեսեալ զՀարանց Վարքն, ցանկացող եղեալ վարուց նոցին` ետ գրել զհարանց վարքս անջրելի յիշատակ ի դուռն Տարօնոյ սբ կարապետին, տէր Կարապետ վրդ-ին եւ ծնողացն իւրոց, հօրն Առաքելին եւ մօրն Եղիսին եւ պապուն Հայրապետ քնյ-ին եւ հօրեղբարցն Կարապետ վրդ-ին եւ Ստեփաննոս վրդ-ին եւ Յովհաննէս քնյ-ին…: Արդ գրեցաւ գիրքս ի սբ քաղաքն եմ. ձեռամբ երկու գրչաց եւ սակաւ գիր մնացեալ առեալ բերին ի քաղաքս Համիթ, առ հեգս եւ անարգս ի գրչաց Մինաս սուտ եւ փուտ գրիչ եւ իմ տեսեալ զփափագ եւ զիղձս սորա զսակաւ գիրն ետու գրել աշակերտաց իմոց եւ ծաղկեալ կազմեցի զգիրքս, թվին ՌՀԹ (=1630), ի դուռն սբ Կիրակոսի յառաջնորդութե. մայրաքաղաքիս Համթայ տր Բարսեղ աստուածաբան վրդ-ին…»  

Խապ. Ցուց. Տետր ԾԷ. էջ 4411-12

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ

Մբ. ՏՌ. (1794-99):

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ

Մբ. 1810-12, կը յիշատակուի միաբան Ս. Յակոբի վանքին, բայց յետոյ Ս. Էջմիածին կ՚երթայ, Սիմէոն կթղ-ի քով ծառայելու համար:

Կան. Ցուց. էջ 25

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ.

Մբ. 1331ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Աստուածաշունչ մը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. Տ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. ՄԵԾ-ՆՈՐ-ԳԻՒՂԱՑԻ (Պրուսա)

Մբ. Ծ. 1866ին. Ձռ. 1889ին. տեսուչ Ժառանգաւորաց Վարժարանի (1893-1901). առ. Հալէպի (1904-1908). անդամ Տն. Ժողովի 1908ին. կարգաթող 1911ին: 17 դեկտ. 1928ին կը վախճանի Նիկոսիայի մէջ. Ս. Յակոբի յիշատակ կը թողու երկու մթերանոցներ Երուսաղէմի մէջ:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՏՈՍՊԵՑԻ

ԺԳ դարուն վրեջերը ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, ուր կ՚ունենայ արդիւնաշատ գործունէութիւն մը. ՄՁ. թ. 540 յիշատակարանին մէջ Կարապետ վրդ. ընդարձակ կը պատմէ իր գործունէութիւնը եւ Ս. Յակոբի վանքին մատուցած ծառայութիւնները. պատմական շահեկանութեան համար հոս կ՚ընդօրինակենք զայն. «Ես նուաստ Կարապետ վարդապետ որ եմ ի գաւառէն Տոսպայ մերձ առ ստորոտ լերինն Վարագայ. եւ ի տղայութեան հասակին սիրեցին զսպասաւորութիւն բանի, գնացի առ Յովհաննէս վրդն. Արճիշեցի եւ աշակերտեցի նմա. գ. ամ եւ առի զաւրհնութիւն կարգի քահանայութեան. եւ անտի գնացի ի մենաստանն Գլաձոր առ հռչակաւոր վրդ-ն յԵսայի եւ անդ կացեալ զամս Ը. առի զաւրհնութիւն հրամանի վարդապետութեան յերեսուն ամին եւ առաջնորդութեամբն Քրիստոսի եկի ի սբ. քաղաքս Երուսաղէմ երկիրպագանել սբ. տնաւրինական տեղեացս եւ տեսի զՍբ. Փրկիչ եկեղեցին որ է տեղիք չարչարանաց Քի. Աստուծոյ յուսոյն մերոյ, էր կոխան լեալ անօրինաց այլ եւ ձիոց եւ իշուց, քակած եւ ծակած, եւ ես նուաստս կարողութեամբն Յիսուսի գնեցի ի Պէթլմալէն ի չորս հազար դրամ ընդ գինն եւ ընդ կաշառքն, եւ Գ. անգամ յեգիպտոս իջայ եւ առի թուղթ հրամանի յարքայէն եգիպտոսի շինութեան վանիցս սբ. փրկչին, բ. անգամ յերկիրն կիլիկեցւոց գնացի եւ բազում աշխատանս կրեցի ի ծովու եւ ի ցամաքի զի հետիոտս ընթանայի ընդ ցամաքն. եւ ի յերուսաղէմ անպատմելի վշտացայ ի յանաւրինաց եւ յաւրինաւորաց այլ եւ ի սուտ եղբարց: -

Եկն եւ մայրիկն իմ յերկրպագութիւն սբ տնաւրինականացս եւ երկրպագեալ դարձաւ ի գաւառն իւր եւ գնացեալ ի յերկիրն կիլիկեցւոց-փոխեցաւ առ Քս., Քս. Ած. թողութիւն մեղաց եւ յարութիւն կենաց շնորհէ նմա. ամէն: -եւ որք հանդիպիք այսմ տառի թողութիւն մեղաց եւ յարութիւն կենաց խնդրեցէք ինձ վշտագնելոյս եւ ծնաւղաց իմոց հաւրն իմոյ Թումա քահանայի եւ Մայրկան իմոյ եւ Ած. զձերն թողու ամէն. մի ոք իշխեսցէ հանել զսբ. կտակս ի սբ. Փրկչէս եւ որ յանդգնի եւ հանէ մասն եւ բաժին զԿայենին եւ զՅուդային առցէ. բայց թէ ահ լինի կամ փախուստ, պահեն եւ այլ ի յԵրուսաղէմ դարձուսցեն, ի յիւր տեղիքն խնամով պահողքն աւրհնին յԱյ. եւ անխնամքն զպատիժն կրեսցեն: Տր Յս արդար… (թերի) …»: Այս ձեռագիրը, որ կը բովանդակէ չորս աւետարանները եւ հատուածներ Հին Կտակարանէն, Կարապետ վրդ. ինքնագիր յիշատակարանով մը կը նուիրէ Ս. Փրկչի վանքին. «ես նուաստս Կարապետ վրդ-ս տուի զիմ գրկունքս որ է նոր կտակարանքն, առակքն եւ յեսային սբ. փրկչին որ է տեղիք չարչարանաց Քրիստոսի այ յուսոյն մերոյ եւ կայ սեղան ածամերձ վէմն` որ զՅս ի վերայ ձաղեցին, յիշատակ ինձ եւ իմոցն հաւրն իմոյ Թումայ քհյին եւ մայրկանն իմոյ հանգուցելոյն առ Քս. ըստ յեսայեայ թէ երանի որ ունի զաւակ ի Սիոն եւ ընտանեակ յերուսաղէմ. խնամով պահողքն աւրհնին յայ: »

Յովհաննէս ՊԵ. 1853ին այս ձեռագիրը Երուսաղէմի քաղաքացիներէն ծախու առնելով յիշատակ կուտայ Ս. Յակոբի վանքին: Ձեռագրին բովանդակութեան, բուն գրչի յիշատակարանի եւ այլ պարագաներու մասին տեսնել վերոյիշեալ ձեռագիրը (Երկու համանուն վարդապետներու (Կարապետ Երուսաղէմացի եւ Կարապետ Տոսպեցի) կողմէ Ս. Փրկչի գնման կամ նորոգութեան մասին աւանդուած յիշատակարանները` իրարմէ անկախ գործունէութեան վաւերագիրներ են ըսն ինքեան: Տարակոյս չիկայ որ Երուսաղէմացիին շինութիւնները ոչ քրիստոնեայ բնակչութեան մը ձեռքով քանդուած էին, եւ գրաւուած էր վանքն ալ, երբ` Տոսպեցին, աւելի քան դար մը վերջը, նոյնը կը գրէ դարձեալ, ու ժամանակին պահանջումին համաձայն` իր դիմումները կը կատարէ տիրող իշխանութեան մօտ (յԵգիպտոս), նորոգութեան արտօնութիւն ձեռք բերելու համար):

Սաւալան, էջ 615-617, Մուրատ, էջ ՅԺԹ-ՅԼԵ

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՓՈՐԵԱԶ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. Գր. պտրք. Շղթայակրի օրով. յիշատակներ ունի Ս. Յակոբի վանքին մէջ:

ՄՁ. Թ. 532

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԵԱՅ

Արծուաբեր վանքին (Վանայ Արճէշ գաւառի) վանահայր Զաքէոս եպս-ին եղբօրորդին էր, ու անոր վախճանումէն յետոյ վանահայր կարգուցաւ նոյն վանքին. (Նօտարք, էջ 20 եւ 31). ապրած կը թուի մինչեւ ՊՂԸ (=1449) թուականը (նոյն. էջ 160): Կարապետ վրդ. ՊԿԵ (=1416) թուին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, ուր նոյն թուականին Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Յովհաննէս քհ-ին ընդօրինակել կուտայ Աւետարան մը, եւ վերադարձին կը նուիրէ զայն Արծուաբեր վանքին: Ձեռագրին յիշատակարանը նոյնութեամբ կ՚ընդօրինակենք հոս. «… Արդ գրեցաւ սա ձեռամբ Յովհաննէս սուտ անուն քահանայի… ի մեծափառ եւ ի գերահրաշ աստուածակոխ քաղաքս Երուսաղէմ. ի թուականիս Հայոց ՊԿԵ (=1406), ի մէջ Յարութեանս, ի դուռն Սուրբ Գերեզմանիս. եւ ընդ հովանեաւ Սուրբ Գողգոթայի. եւ ալյ տնօրինականացս Քրիստոսի Այ. մերոյ: Դարձեալ ես նուաստս ի բանասիրաց եւ վերջինս ի վարդապետաց, Կարապետ կարօտ բանի փափաքող էի Աստուածաբնակ քաղաքին երուսաղէմի. որ բազում անգամ ջանայի գնալ եւ ոչ յաջողէր… զի բուռն էր հարկապահանջութիւն Ղարայ Ուսուֆ խանին ի վերայ մեր… եւ ի միւսում տարին գութ մարմնական ծնողաց նեղեաց զմեզ. եւ բնական աշխարհի սովորութիւն. եւ խնդրեցաք յԱստուծոյ հասուցանել զմեզ (յԵրուսաղէմէ) յերկիրս Քաջբերունի ի վանքս Սուրախայ. որ այժմ Խառաբաստայ վանք կոչի. ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնի տաճարիս: Եւ տեսեալ իմ զսուրբ Աւետարանս. ի յԵրուսաղէմ. գրեալ ձեռամբ Յովհաննէս կրօնաւորին որ փակակալ էր Աստուածային Սուրբ Գերեզմանին. եւ ջանավառ Սուրբ Գողգոթային. եւ գրեալ ի մէջ Սուրբ Յարութեան. վասն որոյ ցանկացող եղէ ես Կարապետ վարդապետս. զի յայն աւուրն էր գրեալ զԱւետարանս, որ Աստուածային խորհուրդ մատուցեալ էր ի Սուրբ Գողգոթայ, եւ գնեցի զսա ի հալալ վաստակոց իմոց. յիշատակ ինձ եւ ծնողաց իմոց. հօրեղբօրն իմում տէր Զաքէոսի… եւ դառնալն իմում ոչ եղէ արժանի տեսանել զեղբայրն իմ զՅովհաննէս (աբեղայն) զի փոխեալ էր առ Քրիստոս. ի չար եւ ի դառն ժամանակիս, որ վերջացեալ էր Ղարայ Ուսուֆն… եւ իմ այրեցեալ սրտիւ նուիրեցի զՍուրբ Աւետարանս դռան Սուրբ Աստուածածնի տաճարիս…: եւ զիս զՀայրապետ կազմողս յիշեցէք ի Քս. ի թուականութեանս Հայոց ՊՀ» (=1421)

Նօտարք, էջ 49-50

ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՔՕԹ, ԵՐԶՆԿԱՑԻ, (ԹԻԼԱՒԱՆ ԳԻՒՂԱՑԻ)

Աշկ. Կարկառեցի Պետրոս կթղի. Հալէպի մէջ. 1608ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը իր վարդապետին մահէն վերջ: Դարանաղցին հետեւեալ կերպով կը գրէ անոր պատահած արկածները Երուսաղէմի մէջ. «ես ինքն չորս հինգ ամ եկաց յայնմ կողմն յԱրաբիոյ եւ յԵրուսաղէմ. որ յաւագ ուրբաթին շատ գատ էարբ եւ ի բանտ եդին վասն ճշմարտութիւնն խօսելոյ վանուց ընչից հաշուին. եւ չար թուաց նորա զրուցն ամենեցուն եւ ինքն այլ աներկիւղ եւ դիմախօս էր առ հակառակն. եւ հնարեցին երկուս ոմանս զի տայցեն սուտ վկայութիւնս. որպէս Տեառն արարին եւ սրբոյն Ստեփաննոսի, եւ առաջի դատաւորին վկայեցին սուտ բարուրս վնասուց եւ գան հարին եւ եդին ի բանտին յաւագ շաբաթին եւ եղեւ չարչարակից Քրիստոսի: Յետ աւագ ուրբաթի ճաշին` ամաչեցին յօտար ազգացն.    գնացին թէ հանեն ի բանտէն` ասելով. թողէ'ք մնացից աստ. եւ այլ շատ բանս յանդիմանական ասելով վասն իւր եւ վասն նոցա եւ ոչ կամէր ելանել եւ հազիւ կարացին հանել ի բանտէն: Եւ յետ Զատկին, որ ուխտաւորքն գնացին իւրաքանչիւր յերկիր իւր ծովով եւ ցամաքով, նա' սուտ վկայքն վաճառականք գոլով, ուրիշ յուխտաւորացն` յայլ վաճառականացն նաւ մտանելով, կամէին նաւել ի Տիմիաթն: Նա' դեռ տակաւին ի նաւահանգստին գոլով, հուր հարաւ յինքենէ ի նաւին եւ այրեցաւ նաւն սուտ վկայիւքն հանդերձ. եւ այսպէս առին զառհաւատչեայ դատաստանին եւ այսպէս մեծ հրաշիւք յայտնեաց աստուածութիւնն զիրաւ լինելն եւ զանմեղութիւն վարդապետին եւ այլ թշնամիքն յամօթ եղեն. » (էջ 358):

Կարապետ Քօթ վրդ. կը մեկնի Երուսաղէմէն, կ՚այցելէ նաեւ Եգիպտոսի ուխտատեղիները, Հարանց անապատները եւ Սինա լեռը. երկու տարի ալ կը մնայ այդ կողմերը, արաբերէն կ՚ուսանի եւ կը քարոզէ այդ լեզուով. «եւ մեք այլ շատ կացաք անդ յԵգիպտոս եւ նորա նման ո'չ կարացաք առնել. զի աստուածատուր էր շնորհ եւ ո'չ ստացական». (Անդ., էջ 359): Քօթ վրդ-ի այլուր պատահած արկածներու եւ մահուան մասին տեսնել` (Անդ., էջ 359-363). Կարապետ վրդ. մեռած է 1623ին եւ թողուած Պալըխլու գերեզմանատունը (թծսպ., էջ 50): Հետեւեալ խորագրով ունի երկասիրութիւն մը` որ կը գտնուի Ս. Յակոբի Մատենադարանին մէջ. «Ներբողեան ի թաղումն վրդ-ի իւրոյ Պետրոս կթղ. Կարկառեցոյ եւ Գրիգորի Ուռհայեցոյ այն է Սրապիոն կթղ. անհարթ չափաբերութեամբ, գրեալ ի թվ. ՌԾԷ (=1608) զկնի ԺԴ աւուր վախճանին Պետրոսի»:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՔՀ.

1681ին կրկին անգամ ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. իր որդին է Յովհաննէս Սրկ. որ ձեռագրի մը մէջ ունի հետեւեալ յուշագրութիւնը. «… զհայրն իմ մահտեսի տէր կարապետ եւ զմայրն իմ խանումն, որ փոխեցաւ յայս կենացս (ի) թվականիս հազար հարիւր քսան» (=1671). եւ ապա այլ գրչով. «եւ ՌՃԼ (=1681) թվականիս հայրն իմ գնաց ի Ս. քաղաքն Երուսաղէմ կրկին անգամ. եւ ի Ս. Սարգիս տօնի առաջաւորաց փոխի այս կենացս»:

Էջմ. Ցուց. Թ. 1672. Անեցի, էջ ԺԸ-ԺԹ

ԿԱՐԱՊԵՏ Ա. ՔՀ. Տ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ, ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ

Որդի Տէր Գրիգոր Քհ-ի, որուն կենդանութեան իսկ քհ. կը ձեռնադրուի Աղաւնի Ստեփանոս արքեպս-էն: Կ՚այրիանայ Կարապետ քհ. մահուամբ իր երէցկնոջ` որմէ ունեցած էր երեք աղջիկ եւ մանչ մը` Յովհաննէս անուն, վաղամեռիկ եղած: Այս դառն մահերը թէեւ մեծ վիշտ կը պատճառեն քահանային, բայց ա'ն ալ աւելի կը նուիրուի իր քահանայական պաշտօնին քարոզութեամբ Աւետարանին եւ ծառայութեամբ Ս. Եկեղեցիին: Կարապետ քհ. Պարտիզակի մէջ առաջին կը հաստատէ տումարներ ծնելոց եւ եռելոց յատուկ, կը գրէ Պարտիզակ գիւղին հիմնարկութեան պատմութիւնը. Ս. Յակոբ եկեղեցիին շինութեան Պատմութիւնը եւ յիշատակարան մը ընտանեկան դիպուածներու. բայց յիշեալ քհ-ին գլուխ գործոցը կարելի է նկատել 1838 Ապր. 30 Շաբաթ օրը Պարտիզակի մէջ նահատակուած Յովհաննէս Փիրէնեանի վկայաբանութիւնը, զոր յօրինած է թէ' արձակ եւ թէ' չափաւ: Ինքը յօրինած է նաեւ նոյն նահատակին Տապանագիրը:

Կարապետ քհ. երկիցս կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, երկրորդ անգամ` 1857ին: Կ՚աւանդուի թէ` առաջարկուած է իրեն վեղար ստանալ Ս. Յակոբի մէջ եւ ծառայել վանքին. բայց ան մէջ բերելով իր ժողովրդեան հովուութեան պարտականութիւնը` չի ընդունիր եւ կը մեկնի հայրենիք ու քիչ ժամանակ եւս ապրելով կը վախճանի հոն: Կարապետ քի. ժողովրդասէր եւ զործունեայ պաշտօնէի մը համբաւը թողած է Պարտիզակի մէջ:

Յիշեալ քհ-ին կենսագրութիւնը ինչ ինչ պատմական ակնարկներով եւ գրաբար լեզուով գրած է նոյն քհ-ին թոռնորդին Տ. Թորգոմ Սրբազան Գուշակեան` որ կը զտնուի Ս. Յակոբի Մատենադարանին մէջ. վերեւ յիշուած Վկայաբանութեան վերջը, այդ գրուածքէն քաղած ենք կենսագրական համառօտ այս գիծերը:

 

ԿԱՐԱՊԵՏ Ա. ՔՀ. ՄԽԱԼԵԱՆ, ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ.

Ծ. 1828ին` աշկ. Պարտիզակի Ազգ. Վարժ-ին, առեւտրական, յետոյ ուսուցիչ նոյն Վարժ-ին Ձռ. քհ. Պարտիզակի Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ Պարտիզակցի Յովհաննէս Մկրեան եւ Մկրտիչ Ազարեան քահանաներուն հետ քիչ ժամանակէն կը կարգուի աւագ երէց նոյն եկեղեցիին: Նիկոմիդիոյ գաւառական եւ կրօնական ժողովներուն կ՚անդամակցի բազմիցս: 1895ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ քանի ամիս ալ ծառայութիւն կ՚ունենայ Ս. Տեղերու մէջ, եւ յետոյ կը վերադառնայ հայրենիք. Պարտիզակի կրթական, ժողովրդական եւ եկեղեցական գործերուն մէջ մեծ ծառայութիւն մատուցած է եւ միշտ բարեջան օժանդակ մը եղած է տեղւոյն Թաղ. Խորհուրդին բոլոր գործառնութեանց մէջ:

Ընդհ. Տարագրութեան ժամանակ, Կարապետ Ա. քհ. իր ութսունամեայ տարիքին մէջ բազմանդամ ընտանիքին եւ ժողովուրդին հետ կը տարագրուի. եւ իր զաւակները շալակով կը տանին հետերնին մինչեւ Տարսոն. ուր Տէր Հայրը կ՚ըսէ իր մօտիններուն. «Գիտէ՞ք տղաք, Տարսոնը Պօղոս Առաքեալին քաղաքն է»: 1915ին կը վախճանի Մէսքէնէի մէջ եւ կը թաղուի հոն:

Տեղեկացած ենք որ` հանգուցեալ Տէր Հայրը գրի առած է Պարտիզակի Պատմութիւնը եւ թողած է զայն իրեններուն մօտ:

 

ԿԱՐՈՒՑ ԿԱՄ ԿԱՐՆՈՅ ԵՊՍ.

Գրիգոր Մագիստրոսի (ԺԱ դար) Նամականիին մէջ կը գտնուի սա վերնագրով թուղթ մը. «Առ եպիսկոպոսն Կարուց պատասխանի վասն երթալոյ նորա ի սուրբ Քաղաքն Աստուծոյ: » Մագիստրոսի տուած պատասխանէն կը հասկցուի թէ Կարուց կամ Կարնոյ եպիսկոպոսը իր ուխտադրութենէն յետոյ ալ մնացած է Երուսաղէմի մէջ: Մագիստրոսի այս թուղթը ըստ Միւնխէնի ձեռագրին ԽԶ. թուղթն է եւ եպս-ը կը կոչուի Կարուց. իսկ` ըստ Լանկլուայի հրատարակութեան` ԽԷ. եւ եպս-ը Կարնոյ. (Տաշ. Ցուց. էջ 157): -Կոստանեանց եւս ունի կարուց թուղթ ԿԳ:

Գր. Մագիստրոսի թուղթերը, էջ 145, տպ. Աղեքսանդրապօլ

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՐԻՉ

Կտուց անապատի ձեռագիր Աստուածաշունչի մը մէկ մասը Երուսաղէմի Ս. Փրկիչ վանքին մէջ ըադօրինակուած է, սկսեալ ԺԲ. Մարգարէից գիրքերէն. որոնցմէ վերջ դրուած է սա յիշատակարանը. «Գրեցաւ գիրքս յԵրուսաղէմ. ընդ հովանեաւ Սբ. Փրկչիս եւ այլ բազմահաւաք սուրբ տնաւրինականացս, ձեռամբ մեղապարտ եւ փցուն գրչի Կիրակոսի. ի վայելումն եւ յիշատակ հոգւոյ սուրբ հաւրս մերոյ Ներսէսի եւ Առաջնորդի սուրբ ուխտիս. եւ արդ աղաչեմ զամենեսեան, որք հանդիպիք սմա կարդալով եւ աւրինակելով, յիշեսջիք ի Տէր զվերոյգրեալ ստացաւղ սորա զՆերսէս հայրն եւ զծնաւղսն իւր զփոխեցեալսն ի Քրիստոս զհայրն իւր զԳրիգոր քահանայն եւ զմայրն իւր զՇնոֆոր եւ զհարազատ իւր… երէց եւ զմեծ երէց ընդ նմին եւ զԿարապետ քահանան եւ զՎարդան եւ զՅոհան եւ զբարեպաշտ Շահնայն. զՍարգիսն եւ ընդ նոսին յիշեսջիք ի տէր եւ զեղբայրն իւր զՊարոն Չոքինն եւ Աստուած մեզ յիշելեացս եւ ձեզ յիշողացդ առ հասարակ ողորմեսցի եւ նմա փառք յաւիտեանս ամէն. ». «գրեցաւ ի թվին Հայոց ՊԺԲ (=1363) մարտ ամսոյ ԻԴ. եւ Քրիստոսի փառք յաւիտեանս ամէն. »

Լաշա. Ցուց. Թ. 27. էջ 18

ԿԻՊԱԿՈՍ ԳՐԻՉ

ՌԿԳ (=1614) թուին, Գր. պտրք. Պարոնտէրի ժամանակ, Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Մկրտութեան, ամուսնութեան եւ խոստովանութեան վերաբերեալ կանոնները պարունակող ձեռագիր մը:

ՄՁ. Թ. 973

ԿԻՐԱԿՈՍ ԴՊԻՐ

ՌՃՁԳ (=1734)ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ քարոզգիրք մը Պոլսեցի Պօղոս վրդ-ի համար. իսկ ՌՃՁԶ (=1737)ին ալ, Եփրեմի Աղօթագիրքը:

ՄՁ. Թ. 1441

ԿԻՐԱԿՈՍ ԿԹՂ. ՍՍՈՅ (ՄԵԾ) ԱՋԱՊԱՀԵԱՆՑ

(1797-1823) եղբօրորդի տէր Թէոդորոսի եւ որդի մհտ. Գրիգորի, (Ազգպտմ. էջ 3614), 1803ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. Սսոյ Ձեռագրաց Մատենադարանին ՉԿ=1311 թուականին գրուած ձեռնադրութեան ձեռագիր Մաշտոցի մը մէջ Կիրակոս կթղ. հետեւեալ ինքնագիր յիշատակարանին ունի իր կթղ. ընտրութեան եւ ս: Յակոբի ուխտագնացութեան առթիւ. «Նուաստ Կիրակոս կաթողիկոս նստայ յաթոռ հայրապատութեան որ եմ եղբօրորդի Թորոս Սրբազան կաթողիկոսին ՌՄԽԶ (=1797) փետր. ԺԴ. յաւուր տեառնընդառաջի. »

«Ի ՌՄԾԲ (=1803)չոքայ ի սբ. Երուսաղէմ Դ. եպիսկոպոսօք եւ Դ. վարդապետօք եւ Դ. քահանայիւք եւ Ե. սպասաւորօք եւ անտի եկի ի Բերիա», (Տեսնել նաեւ ժպե. Հատ. Բ. էջ 434): Կիրակոս կթղ. երբ Սսոյ եկեղեցիին նորոգութեամբ կ՚զբաղէր` Հալէպի կուսակալը ամբաստանեց զայն իբր ապստամբապետ, որպէս թէ միացած է Զէյթինցւոց. 1819ին այդ ամբաստանութեամբ Պոլիս կը կանչուի եւ սակայն կ՚արդարանայ յայտնապէս: 1820 Սեպտ. 19ին Պոլսէն Սիս կը մեկնի եւ ազատօրէն Սսի մէջ կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1822, բայց երկրին բռնապետներու ձեռքով բռնի թունաւորուելով կը վախճանի (Դիւան. Գիրք Ժ., էջ 473-475): Ուրիշ յիշատակարան մը սակայն` այս վերջին պարագան հետեւեալ կերպով կը պատմէ. «թէպէտ Կիրակոս անգամ մը ազատեցաւ ի մահուանէ օգնականութեամբ ազգին եւ պատրիարքի տեառն Պօղոսի Ադրիանուպօլսեցւոյ, բայց ի վերջոյ դեղով թիւնոյ Խոզանեան Ալի պէկի սպանաւ յԵնի գիւղ, Հայոց ՌՄՀԲ ի շաբաթ օր Խաչվերացի ի նաւակատիսն, (որ է 1823 սեպտ. 15)»:

Ազգպտմ., էջ 3613-14

ԿԻՐԱԿՈՍ ՊԵ. ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՑԻ

Հայրը` Մնացական Ջուղայեցի. Ծ. 1783ին. 1807ին Ձռ. Էտիրնէի Առ. Միքայէլ եպս-էն, իր եղբօր Գէորգ վրդ-ի (E 1811, Զմիւռնիա) յորդորումովը: Թէոդորոս պտրք-ի օրով կ՚ընդունուի Ս. Յակոբի վանքին միաբաններու շարքին մէջ եւ կ՚ընտրուի Քարտուղար եւ Հանդերձապետ. 1812ին իր եղբօրը` Գէորգ վրդ-ին ի յիշատակ Ս. Յակոբի կը նուիրէ զոյգ մը սաղաւարտ թաւշապատ եւ մարգարտայեռ (Ցուց. Պ. ): Եպս կը ձեռնադրուի 1815ին. Նւ. Զմիւռնիոյ, Պանտըրմայի եւ Կիլիկիոյ (1822-23). Խորհրդական անդամ վանքին. (1823). առ. Եգիպտոսի (1825-1834). Պօղոս պտրքի հրամանով 1836ին կ՚ուղեւորի Կ. Պոլիս վանական հաշիւներու համարատուութեան համար: Կը կարգուի ներքին տեսուչ Սկիւտարի Երուսաղէմի Ճեմարանին (1836-1839). ՊԵ. 1847ին: Կիրակոս պտրք. ունի 52 քարոզներ տէրունական տօներու եւ սուրբերու վրայ, աշխարհաբար լեզուով. ընդօրինակուած` 1861ին Վանեցի Մկրտիչ սրկ-ի ձեռքով. ոսկեզօծել տուած է նաեւ Ս. Հրեշտակապետի, Ս. Յակոբի գւ Ս. Ծննդեան տաճարներուն խաչկալները. այս ոսկեզօծումներուն յիշատակարաններէն մին` որ կը գտնուի Ս. Յակոբ եկեղեցիին Աւագ սեղանին կամարաբերձ սիւներուն վրայ գրուած բոլորակ ձեւով է, եւ ընդօրինակութիւնն է հետեւեալը. «Նորոգեցաւ ոսկեզօծ որմն բոլոր ոսկեզօծելի տեղեաց սրբոյ Տաճարիս եւ այլոց արդեամբք Ազգիս Հայոց ի պատրիարքութեան Տեառն Կիրակոսի Արքեպիսկոպոսի Երուսաղեմացւոյ, յամի Տեառն 1847 եւ Հայոց ՌՄՂԶ»: Վախճանած է 1850ին եւ թաղուած է Ս. Փրկչի վանքը եւ իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Հօտին Քրիստոսի հովիւ հոգեկան,

բանական հնձոց մշակ տէրունեան,

հայելի ընտիր վարուք մաքրութեան

անձանձիր քարոզ կենացն անվախճան,

նորոգիչ գահոյս տեղեաց զանազան

որք կան ակներեւ գրեալ ի յարձան:

Հովուապետ բարի,

փրկիչ աշխարհի,

տուր սմա տեղի

ի քում խորանի:

1850 Մայիս 25: »

 

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԱԶԱՐԵԱՆՑ, ԿԷԼԻՊՈԼՈՒՑԻ.

Մբ. Ծ. 1786ին, աւազանի անունը Յակոբ: Ձռ. 1851ին, ՏՊ. 1866ին. ՏՅ. (1869-70): ՏՅՊ. 1871ին. ՏՀ. (1874-77). Գանձապետ վանուց 1877ին. ՏԲ. (1885-86). Բ. անգամ ՏՀ. (1887-1891). կը վախճանի 1892ին: Ի նպաստ Ս. Յակոբի վանքին Երուսաղէմի մէջ յիշատակ կը թողու երկու մթերանոցներ, եւ 1862ին նուիրած է նաեւ արծաթ եւ ոսկեզօծ սկիհ մը:

Ցուց. Պ.

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻ

Որդի Պատուականի, ՌՃԼԲ (=1683), կը յիշուի գործակալ Ս. Յակոբի վանքին, (ՄՁ. Թ. 1390), նուիրած է Ալբերդոսի գիրքին մէկ ձեռագիրը, որուն յիշատակարանը կը դնենք հոս. «Գիրքս զոր արարեալ է Ալպերդոս վրդպն. ֆրանկաց, ետուր կիրակոս վրդտ-ն յամթեցի Պատուականի որդի կոչեցեալն. ի սբ. քաղաքն Երուսաղէմ ի դուռն սբ. Յակոբայ ի թվ. ՌՃԼԲ (=1683), որք ընթեռնուք ասացէք ած. ողորմեսցի հոգւոյն. ամէն»:

ՄՁ. Թ. 808

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԱՊԱՐԱՆՑՆ

Ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը 1584ին. Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին մօտ կ՚ընդօրինակէ Աւետարան մը որ մինչեւ 1847 թուականը կը մնար Պարտիզակի Ս. Յակոբ եկեղեցիին գրատան մէջ. նոյն ձեռագրին յիշատակարանէն կը քաղենք հետեւեալը. «… այլ եւ գրեցաւ Ս. Աւետարանս ձեռամբ Կիրակոս սուտ անուն կրօնաւորի… ի մեծ թուիս Հայոց ՌԼԳ (=1584) ամին. ի կաթողիկոսութեան հայկազեան սեռի տեառն Գրիգորիսի Աղթամարցւոյ: Այլ եւ գրեցաւ Ս. Աւետարանս ի Ս. քաղաքն Երուսաղէմ. ընդ հովանեաւ Քրիստոսի լուսընկալ Ս. Գերեզմանին, եւ հոյակապ Ս. Առաքալոյ Յակոբայ մեր Հայոց ազգին, զի անդ առաջք եղաւ եւ երկու գլուխն գրեցաւ եւ բերաւ ի յերկիրս Մէմընտանք ի սուրբ հռչակաւոր ուխտս Ապարանայ, եւ աստ աւարտեցաւ փրկագործ Ս. Աւետարանս ընդ հովանեաւ կենսատու սբ. Խաչին Քրիստոսի. ի յառաջնորդութեան Տէր Թումա արհի եպիսկոպոսին, ի վայելումն մանկանց Ս. եկեղեցւոյն. »

Հայաստան, Թ. 12-65, 1847

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԱՏԱՆԱՑԻ

Մբ. Ձռ. 1811ին:

 

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ.

1671ին Ջուղայեցի Յակոբ կթղ-ին կողմէն Յովհան Եպս. Պարոնտէր եւ Կիրակոս վրդ. պատուիրակ կուգան Ս. Յակոբի վանքը` յորդորելու Եղիազար հակաթոռ կաթողիկոսը, որպէս զի յխանգարէ ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կարգը եւ չխռովէ խաղաղութիւնը:

Սաւալան, էջ 752

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. միաբանակից Գրիգոր վրդ-ին հետ կը նահատակըուի Գազայի մէջ:

ժպե. Ա. Հատ. էջ 212

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԳԱՐԱՃԱՅ

Մբ. 1589ին Թարգման Ս. Յակոբի վանքին. նոյն թուականին Կիրակոս վրդ. դատ կը բանայ ա'յն յոյներուն դէմ` որ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ խռովութիւններ հանելով` յարձակած էին Հայ ուխտաւորներու վրայ: Խռովարարք կը պատժուին:

ժպե. Ա. Հատ. էջ 277

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԳԱՐԱՄԱՆՑԻ

Մբ. Աբեղաթաղէն պատրիարքարան երթալիք ճանապարհին` աջ կողմի սենեակներէն մէկուն վրայ գրուած յիշատակարանին մէջ գրուած է Գարամանցի Կիրակոս վրդ-ին անունը հետեւեալ կերպով. «ի պատրիարքութեան Տեառն Պետրոսի գերերջանկին, երկրորդ դրախտս այս նոր ի նորոյ նորոգեաց եւ ծաղկեցոյց Գարամանցի Կիրակոս վրդ-ն ՌՄԽԴ (=1795) թվին»:

 

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԿԻՊՐԱՑԻ

Մբ. ՏԲ. կը վախճանի 1816ին:

 

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՐԱՇՑԻ

Մբ. 1801ին կը վարէր Պտրք. Փոխանորդութիւնը. կը վախճանի 1815ին եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքին մէջ. իր տապանագիրն է հետեւեալը. «Այս է տապան հանգստեան, սուրբ Յակոբայ միաբան, Գերմանիկցի Կիրակոս վարդապետի որ հանգեաւ ի թուին ՌՄԿԴ (=1815)»:

ՄՁ. Թ. 120

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ, ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ

Մբ. Ծ. 1861ին. Ձռ. 1889ին, Մատակարար (1892-94), ՏՅ. (1900-1901), գաւազանակիր (1915-18), կը վախճանի 1922ին:

 

ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. 1843ի հաշուետումարի մը համաձայն, Նւ. Կիպրոսի, կնիքը 1839:

 

ԿԻՐԱԿՈՍ ՔՀ. ԲԱՂԻՇԵՑԻ

Ծնողքը` Վարդան եւ Մարգարիտ. կինը` Ղումաշ, եղբայրները` Գրիգոր եւ Սիմէոն. Շղթայակրի օրով. 1721ին կը նուիրէ Ս. Հրեշտակապետի վանքին Յայսմաւուրք մը (տպ. ՌՃԾԵ. =1706), որուն ձեռագիր մէկ յիշատակարանէն կ՚իմացուի թէ` Կիրակոս վարած է նաեւ նոյն վանքին տեսչութիւնը:

 

ԿԻՐԱԿՈՍ ՔՀ. ՏՐԱՊԻԶՈՆՑԻ

1606ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. Առաքել Դավրիժեցին հետեւեալ կերպով կը պատմը (էջ 251) Կիրակոս քհ-ին ուխտագնացութեան պատճառը. «Դարձեալ ի սոյն ժամանակի գտեալ եղեւ միւս եւս ոմն այր որում անունն էր տէր Կիրակոս. որ կամօք եւ յօժարութեամբ նման գոյր կամաց եւ յօժարութեան Սարգիս եպիսկոպոսին: Եւ էր տէր Կիրակոս այս ի քաղաքէն Տրապիզոնայ, մտեալ ի կարգ աշխարհի, բայց ոչ վայելեալ, քանզի զկնի սակաւ աւոր վախճանեալ ամուսնոյ նորա. եւ ինքն մենացեալ իբր զտատրակ ողջախոհ. եւ հանապազօր խոկայր ի պատուիրանս Աստուծոյ. եւլն. » դարձեալ, ըստ նոյն պատմչին, տէր Կիրակոս Տրապիզոնէն Սաղմոսավանք կ՚երթայ Սարգիս եպիսկոպոսի մօտ, որու մասին սակայն լսելով թէ` Երուսաղէմ մեկնած է, Տրապիզոն կը դառնայ, եւ ունեցածը աղքատներուն եւ Տրապիզոնի եկեղեցիին նուիրելով` կը մեկնի Երուսաղէմ եւ հոն կը միանայ Սարգիս եպիսկոպոսին եւ ուրիշներու հետ. (անդ. էջ 252): Սարգիս եպս. եւ Տէր Կիրակոս Երուսաղէմի վանքերուն կանոններու համաձայն կը փափաքին յարմար տեղի մը մէջ «անապատ» (վանք) մը հաստատել, այդ պատճառաւ կը շրջագային Երուսաղէմի յունական վանքերը, Յորդանանու եզերքները, Փորձութեան լեռը եւ այլուր, բայց Կիրակոս քհ: կը նախընտրէ Արեւելեան աշխարհն երթալ եւ հոն հաստատել անապատը. ուստի մեկնեցան Երուսաղէմէն եւ գացին Սիւնիք, ու հոն հաստատեցին բաղձացուած վանքը: Մանրամասնութիւնները տեսնել (Դավրիժեցի, էջ 252-266): Կիրակոս քհ. նորահաստատ անապատին աշակերտներուն Ս. Գրոց եւ կրօնի ուսման դասերով կ՚զբաղէր, յետոյ իր կողմէն հաստատուած Հօզանց անապատը կը քաչուի, եւ ՌՀ. (=1621) թուականին կը վախճանի եւ հոն կը թաղուի: Այս Կիրակոս քհ-ի մասին տեսնել ?

Դարանաղցի, էջ 102

ԿԻՐԱԿՈՍ (մհտ. ) ՔԱՐՈՒԿԵՆՑ, ԲԻՆԿԵԱՆՑԻ

1867ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբ վանքը: 1872ին իր ծախքով Ս. Յակոբի վանքին տպարանին մէջ կը հրատարակուի Մելքիսեդեկ վրդ. Մուրատեանցի Պատմ. Հայաստանեայց Առաք. Ս. եկեղեցւոյ անուն դասագիրքը Ժառ. վարժ-ի համար: Մհտ. Կիրակոս Քարուկենցի 1868ին վանքին կտակած քսաներեք Քոնսոլիտներուն փոխարէն, վանքը տարեկան 300 ղրշ-ի եկեղեցական գրքեր ղրկել կ՚որոշէ Ակնայ Բինկեան եւ Զմառ գիւղերու եկեղեցիներուն: Յիշեալը Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ արծաթեայ խոշոր ոսկեզօծ ճաճանչ մը սա յիշատակարանով. «յիշատակ է Բինկեանցի Քարուկանց մհտ. Կիրակոս աղայի վասն հանգուցեալ ծնողացն Երեմիայի եւ Հռիփսիմէի եւ համայն կենդանեաց եւ ննջեցելոց հոգւոյն, 1869»:

Ցուց. պ.

ԿԻՒՐԵՂ ԵՊՍ: ՍՐԱՊԵԱՆ, ԿԷՅՎԷՑԻ

Մբ. Ծ. 1844ին, աշկ. Ժառ. վարժ-ի, Ձռ. 1868ին, կը վարէ վանական եւ ուսուցչական պաշտօններ. կը մեկնի Ս. Յակոբի վանքէն 1872ին: Քննիչ ի Սեբաստիա 1873ին, կը միաբանակցի Ս. Էջմիածնի եւ կը կարգուի դասատու Գէորգեան Ճեմարանին 1875ին. պաշտօնով կ՚երթայ Կարս 1879ին. վանահայր Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ վանքին 1884ին, Փոխանորդ Երեւանի 1892ին. կը ձեռնադրուի եպս. 1894ին, կը վախճանի 1895ին եւ կը թաղուի Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ վանքը: Խրիմեան Հայրիկի շարադրութեամբ տե'ս իր տապանագիրը (Լումայ, 1901, էջ 142): Արարատի մէջ հրատարակած իր յօդուածներէն զատ` յօրինած է նաեւ հայերէն լեզուի Քերականութիւն մը:

Տպ. Երուսաղէմ, 1872

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ. ԵՐԶՆԿԱՅԵՑԻ

Մբ. կը յիշատակուի Գրիգոր վրդ. Պասմաճեան պտրք-ի յիշատակարանին մէջ (էջ 28), «Գրիգոր մեծ վարդապետն եւ պատիարքն սրբոյն Սաղիմայ, որ էր մի յաշակերտաց տեառն Վարդանայ Ամրտօլեցւոյ. որոյ վարքն եւ համբաւն սրբութեան եւ վարուց նորին սփռեալ եւ տարածեալ ընդ ոլորտս տիեզերաց, որ իբրեւ արեգակն փայլէր ի մէջ ազգին իւրոյ. ոմն ի միաբանից իւրոց, Երզնկայեցի Կիւրեղ անուն, արհամարհեաց զնա եւ զբազումս անգոսնեաց ոչ խնայելով զծերութիւն նորին եւ ո'չ պատկառելով ի նորին մեծ համբաւէն այնպիսի երջանիկ եւ սրբակրօն անձինն. այլ ստիպեալ ի յիւրոյ դիւական ախտակրութենէն եւ ամբարտաւանութենէն, խօսեցաւ զբանս յերես նորին զոր ինչ կամեցաւ, եւ խոցոտեալ զսիրտ եւ զհոգի այնպիսի հոգիացեալ առն երջանկի եւ սրբազանի»:

 

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ. ԵՐԵՒԱՆՑԻ

Մբ. կը միաբանակցէր 1717ին:

 

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ, ԶԷՅԹՈՒՆՑԻ

Մբ. աւազանի անունը Ստեփան. Ձռ. 1857ին. կը վախճանի 1858ին, իր տապանագիրը կը դնենք հոս. «Այս է տապան հանգստեան Սրբոյ Աթոռոյս միաբան Կիւրեղ Վրդ. Զէյթունցի միամեայ աբեղայ վախճանեալ 1858 Հոկտ. 16ին. » տապանաքարը շինել կուտայ հանգուցեալին հայրենակիցը Աթանաս վրդ. Թաշճի Ասատուրեան:

 

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ. ԻՍՐԱՅԵԼԵԱՆ, ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ.

Մբ. Հայրը` Մաշտոց քհ., մայրը` Մէրճան. Ծ. 1895ին Նոր Ջուղայ. աշկ. Մարդասիրական Ճեմարանին եւ Անգլ. Սէմինէրին Կալկաթայի (1907-1918). կը միաբանակցի Ս. Յակոբի վանքին 1921ին. Ձռ. 1923. Մատենադարանապետ 1923ին. անգղ ուսուցիչ Ժառ. վար-ժին մէջ 1921էն սկսեալ. Փոխ-Տեսուչ նոյն վարժարանին 1924ին. եւ կը պաշտօնավարէ ցարդ:

 

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ.

Մբ. 1732ին Լս. Ս. Աստուածածնի Գերեզմանին. Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է (անթուական) Ճառք եւ Քարոզք խորագրով ձեռագիր մը:

ՄՁ. Թ. 807

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ. Մ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ, ՄՇԵՑԻ

Մբ. աւազանի անունը Պետրոս. Ձռ. 1853ին. 1856ին վախճանած է Դամասկոսի մէջ:

 

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ. ՄՇԵՑԻ

Մբ. 1871ին կը միաբանակցէր:

 

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ. ՊԱՀԼԱՒԵԱՆ.

Մբ. Լիմ անապատի. 1871ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. կ՚աշխատակցի Սիօն թերթին:

 

ԿԻՒՐԵՂ ՎՐԴ.

Մբ. 1701ին յիշատակարաններու համաձայն:

 

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎՐԴ.

Մբ. աշկ. Մինաս պտրք. Ամդեցիին. ՌՃԽ (=1691) թուին կ՚ընդօրինակէ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի խորհրդածութիւն Ս. Պատարագի ձեռագիրը (ՄՁ. Թ. 650). ունի յիշատակարան մը ուր կը գրէ` թէ Մինաս Ամդեցին, Ս. Երուսաղէմի պտրք. ընտրուեցաւ Կ. Պոլսի մէջ Եղիազար կթղ-ին հրամանով:

 

ԿՈՄԻՏԱՍ ՔՀ. ՔԷՕՄԻՒՐՃԵԱՆ. ՊՈԼՍԵՑԻ

Ծ. 1656ին, հայրը` Մարտիրոս քհ. եղբայրը` Երեմիա Չէլէպի. միւս եղբայրը` Մարտիրոս քհ. ` Եւդոկիոյ առ. Կիրակոս եպս-էն կը ձեռնադրուի քհ. եւ կ՚ընտրուի աւագերէց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիին: Ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, ուր կը հալածուի ՊԿ. Աւետիքի կողմնակից Յովհաննէս վրդ. Զմիւռնացիէն` որ յետոյ եղաւ պատրիարք Կ. Պոլսի: Կոմիտաս քհ. Երուսաղէմէն կը մեկնի Պոլիս, ուր Յովհաննէս պտրք. եւ Սամաթիոյ քհ-ները կ՚ամբաստանեն զինքը իբր Ֆրէնկ կամ Ֆրանկացեալ, եւ հակառակորդ մը կը նկատեն Աւետիք պտրք-ի: Դատարանով գլխատման կը դատապարտուի. կ՚առաջարկուի իրեն իսլամութիւն ընդունիլ` ազատուելու համար. բայց չընդունիր, ու կը յայտարարէ հայ քրիստոնեայ ըլլալը. կը գլխատուի ու կը թաղուի Պալըգլըի գեերզմանոցը Թորոս կթղ-ի շիրիմին մօտ:

-Ոմանք կը կարծեն թէ Կոմիտաս հռովմէական եկեղեցին ընդունած ըլլալուն հետեւանքով նահատակուած է. բայց յիշատակարանները կը հաստատեն թէ այդ զրոյցը շինծու է, եւ այս մասին յերիւրուած պատմութիւնները, ինչպէս է Ավքերեանց Ստեփանոս վարդապետինը, բոլորովին անվաւեր են եւ հակասական:

1707ին` Կոմիտաս քհ-ի նահատակութեան թուականին գրուած եկ Վանի անապատին մէջ պահուած անոր վկայաբանութիւնը, ինչպէս նոյնին Սամաթիոյ քահանայից ուղղած սրտայոյզ նամակը, եւ Մահքէմէի Իլամի օրինակները բացարձակապէս կը հերքեն Կոմիտաս քհ-ի վերագրուած պապադաւանութիւնը: Ան նահատակուած է պարզապէս իսլամութիւնը մերժած ըլլալուն համար: Վկայաբանութեան ընդօրինակութիւնը եւ մանրամասնութիւնները տեսնել (Ժամանակ. 1867. Թ. 118, 119, 120, 121):

Կոմիտաս քհ. Գործք Առաքելոցը ոտանաւորի վերածած է, ոտանաւոր բանք ի գործս Առաքելոց խորագրով. եւ Կ. Պոլիս տպագրած է 1704ին: Գրքին վերջը կը յիշատակէ թէ` ինքը տեսած է պատմագրութիւն մը որուն մէջ գրուած էր թէ` 536 թուին, Յուստիանոս կայսեր օրով, «հռչակեալ Արադօրոս կիսասարկաւագ Սրբուհւոյ եկեղեցւոյն Հռովմայ զարմանալի ֆիլոսօֆոս եւ վարդապետ տաղաչափութեան» Գործք Առաքելոցը ոտանաւորի վերածած է. Կոմիտաս քհ. գիտնալով որ Հայոց մէջ չի գտնուիր այդպիսի գիրք մը, իր կողմէն Գործք Առաքելոցը ոտանաւորի կը վերածէ Ներսէս Շնորհալիի Յիսուս որդի երկասիրութեան հետեւելով:

Արարատ. 1908, էջ 896

ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ԵՊՍ. ԱԿԵՒՌԱՑ

ՄՁ. Թ. 532 ձեռագիրը ունի հետեւեալ յիշատակարանը. «Ած. ողորմի Կոստանդին Սկեւռայ եպս-ին, եւ իւր հոգգեւոր եւ մարմնաւոր ծնողացն եւ հաւասար ննջեցելոցն որ ունի յիշատակ ի Ս. Աթոռս մէկ մագաբաթ սբ. Աւետարան արծթպտ. » Կոստանդին եպս-ի մականունը եւ թուականը յիշատակուած չըլլալով` կրնայ ենթադրուիլ որ Կատուկեցի (Պրօնագործ) Կոստանդին Բ. Կաթողիկոսն ըլլայ ան, (1286-1289) որ Հեթում թագաւորի կողմէ աթոռընկէց ըլլալով շղթայակապ բանտարկուեցաւ Լամբրոնի մէջ եւ յետոյ առաջնորդ եղաւ Սկեւռայի, եւ կամ` Կաստանդին Դ. կթղ. Լամբրոնացին ըլլայ թերեւս, որ Սկեւռայի վանքին մօտիկ Լամբրոնի բերդէն էր (1323-1326):

 

ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ԿԹՂ. ԲԱՐՁՐԲԵՐԴՑԻ. (1221-1267)

Հայրը` Վահրամ, մայրը` Շողիկ, եղբայրները` Գրիգոր եւ Գէորգ, եղբօրորդին` Թորոս քհ. եւ անոր որդին Ստեփաննոս (Թորոս Աղբար, Բ. էջ 359): 1238ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. «Կոստանդին կաթողիկոս ընդ կաթողիկոսին Ասորւոց երթայ յԵրուսաղէմ յուխտ. »

Սիսուան, էջ 554

ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ԿԹՂ. ՎԱՀԿԱՑԻ

(1430-1439). ՄՁ. Թ. 251 ձեռագիրը նկարազարդ մագաղաթեայ Աւետարան մ՚է` որուն առաջին յիշատակարանէն կը հասկցուի թէ` նոյն ձեռագիրը 1260ին կ՚ընդօրինակուի Հռոմկլայի մէջ Կոստանդին կթղ. Բարձրբերդցիի համար. նկարչութեամբ նշանաւոր Թորոս Ռոսլինի: Այս թանկագին ձեռագիրը ժամանակ յետոյ գրաւ կը դրուի ասորի Խօճա Ասիլէտտին անուն մէկուն մօտ. Վահկացին` դեռ եպս. փափաքող կ՚ըլլայ ձեռագիր մը ունենալու. կ՚իմանայ որ` յիշեալ ձեռագիրը գրաւ կը մնայ նոյն ասորիին մօտ. ամէն ջանք կը թափէ եւ ԽԶ ֆլորիի կը գնէ ու կ՚ստանայ եւ ոսկեզօծել ու արծաթել կուտայ զայն: Պատմական տեսակէտով ձեռագրիս բոլոր յիշատակարանները կարեւոր են. մենք կը քաղենք անոնցմէ միայն այն մասերը` որ կապ ունին մեր նիւթին հետ. Վահկացին իր մասին կը գրէ «… յիշեցէք ի սբ եւ ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր զտր Կոստանտինս. եւ զծնաւղս իմ. զՎասիլ եւ զմայրն իմ զՏիրուհի, եւ զԱյ. աւրինաւք զամուսին իմ զՄարիուն. եւ զածատուր որդեակն զակոբ. Ժ. ամեայ փոխեցաւ ի Քս. եւ ինձ մեծ սուգ եւ տրտմութիւն եղեւ. որ այլ չունիմ ինձ մխիթար յաշխարհս. բայց միայն զՔս. որ մխիթարիչ է հոգւոց եւ մարմնոց եկնդանեաց եւ ննջեցելոց: Արծաթապատ զարդարեցաւ ի մեծ թվին Հայոց ՊԿԲ (=1413) եւ ի Հայր. տն. տր. յակոբայ. կթղկսի. ընդհանուր ամ. հայկազեան սեռի. եւ ի նորա աթոռակալութեան տր. վահրամին…»: Այս յիշատակարանը գրած է Աստուածատուր երէց: Կոստանդին Վահկացին ձեռագրիս սկիզբը ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր Աւետարանի վերջը ունի յիշատակարաններ, որոց երկուքը ոտանաւոր են. անոնցմէ կը քաղենք ա'յն կտորները որ կը վերաբերին այս ձեռագրին Ս. Յակոբի վանքին նուիրման եւ այլ պարագաներու մասին.

«… Տէր Կոստանդինս ես անպիտան

ընծայեցի զաւետարանս

ի սբ քաղաքս տնաւրինական.

յեէմս պանծական

որ Քի. է գերեզման.

ինձ եւ իմոց պատճառ յիշման.

որ զմեզ յիշէք միշտ անխափան…

տր Կոստանդինս էր փափաքեալ

եպիսկոպոս Հայոց պատուեալ

զայս աւետեաց մատեան ստացեալ

եւ Այ. ընծայ տուեալ.

սա յիշատակ բարեաց լիցի

տէր Կսոտանդի իւր ստացողի

եւ իւր ծնողաց մարմնաւորի,

եկ իւր որդւոյն պատանեկի

Յակոբ անուանն ցանկալի»

Մնալ յիշատակ ի տաճարի

որ յարութիւն անուն կոչի.

ի Քրիստոսին գերեզմանի:

ի Գողգոթա խաչին տեղի.

յեէմ մեծ քաղաքի

ի Սբ Յակոբ եկեղեցի…

որ միշտ պահեն յեկեղեցի

վասն յիշելոյ զմեզ ի բարի

եւ թողութիւն մեղաց լիին

ինձ եւ որդւոյն իմ Յակոբի:

ոչ ոք հանէ սա ի յաստի,

ոչ տայ ի ձեռս անօրինի,

թէ յայլազգեաց ահ մի լինի`

դընեն պահուստ ի յամրոցի.

կամ ի Կիպրոս կղզին տանի

մինչ բարկութիւնն այն անցանի.

դարձեալ բերեն ի սոյն տեղի.

եւ վարձս առցեն ըստ վաստակի…»: (Տե'ս նաեւ ՄՁ. Թ. 532):

Այս յիշատակարանէն զատ, ձեռագիրս սկզբի թերթերուն մէջ երկու կարճ յիշատակարաններ եւս ունի, երկաթագիր. մն` կը վերաբերի Կոստանդին Վահկացիին, միւսը` Կոստանդին կթղ. Բարձրաբերդցիին, վերջնոյս վերաբերեալը նկարէն ու ոսկիազարդ տառերով գրուած է: Կոստանդին կթղ. Վահկացին` կաթողիկոսանալէ առաջ, հրամանով Կաթողիկոսին եւ Պրն. Վահրամին, Յունվար ԺԵին ձմրան մէջ կը ճամբորդէ Կաֆա, «վասն նոցա սիրոյ եւ խաղաղութեան» իր պաշտօնը կը լրացնէ եւ կը վերադառնայ: Վերոգրեալ յիշատակարանին մէջ մանրամասնուած են իր ճամբորդութեան պարագաները: Վահկացի կ՚ընտրուի կթղ. 1430ին եւ կը վախճանի 1439ին:

 

ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ԿԱՄԱՍԱՐԱԿԱՆ, ՂԱՐԱՊԱՂՑԻ (Նուխի)

Կամսարական զինուորական գնդապետ մ՚էր, եւ 1879-1885ին Վանի մէջ հիւպատոս էր Ռուսաց. ժամանակ մը ճամբորդած է Հայաստանի գաւառները, հաւանաբար 1885-87ին: Նոյն պաշտօնով կը փոխադրուի Համա, Համուս եւ Դամասկոս. բայց իր բնակութիւնը հաստատած էր Պէյրութ (1886-4895): 1887ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

1892ին կ՚այցելէ Խրիմեան Հայրիկի` որ նոյն ատեն կը գտնուէր Երուսաղէմ եւ ընտրուած էր Կթղ. ամենայն Հայոց. իրեն կ՚ընկերանար իր տիկինն ալ, որ քոյրն էր Թիֆլիսի Արձագանգ թերթի խմբագիր Աբգար Յովհաննէսեանի: Կամսարական այս առթիւ այցելած է նաեւ Յարութիւն Պատրիարքի: Կաթողիկոս եւ Պատրիարք երկիցս այցելութիւն կուտան Կամսարականի` որ ընդունելութիւն կը կատարէ անոնց Ռուս. Հիւպատոսարանի մէջ: Կամսարական վերադարձաւ Երուսաղէմէն իր պաշտօնատեղին, ուրկէ քիչ յետոյ մեկնեցաւ Բեդերսպուրկ եւ արժանացաւ Ժէնէրալի պաշտօնին եւ հանգստեան թոշակի` իր կենաց վերջին տարիները անցուց Ֆրանսայի մէջ` ուր խոր ծերութեան մէջ վախճանեցաւ քանի մը տարի առաջ:

Հանգուցեալ Կամսարական իր պաշտօնավարած տեղերը թողած է մարդասէր եւ բարեպաշտ անձի մը համբաւը:

 

ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ՔՀ.

Ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը 1454ին. Վանքին Ս. Թէոդորոս եկեղեցիին Ս. Մերկեռիոսի մատրան խորանի պատկերին մօտ կը գտնուի հետեւեալ խաչքարը, ուր կը յիշուին Կոստանդին քհ. եւ իր ծնողքը. «կանգնեցան սբ նշանքս ի բարեխօսութիւն Կոստանդին քահանային եւ ծնողաց իւրոց Վասլի քահանալին եւ Աննային ի թվ. ՋԳ» (=1454):