ՄԻԱԲԱՆՔ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՔ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ճ

 

 

ՃԱՆԻԿ ԱՄԻՐԱՅ ԱԿՆՑԻ, ՈՐԴԻ ՍԻՄՈՆ ԱՄԻՐԱՅԻ

Ս. Յակոբի վանքին սեպհականութեանց խնդրոյն դատավարութեան առթիւ, 1228 թուականաւ սուլթան Մահմուտի կողմէն տրուած հրովարտակին մէջ կը յիշատակուի Ճանիկ ամիրայի անունը, իբրեւ Ս. Յակոբի իրաւանց պաշտպան: 1845ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը նախորդ ՓԿԵ. Յովհաննէս եպս-ի հետ եւ կը նուիրէ 25. 000 ղրշ. այն նպատակաւ որ բնիկ միաբաններուն մէն մի պատարագին, փոխանակ երեքի չորս ղրշ. ժամուցագին տրուի, եւ հիւրերուն` երկուք: Սոյն նուիրատուութեան համար, Ս. Աթոռի կողմէն մշտնջենական յիշատակարաններ կը դրուին Ս. Յարութիւն, Բեթղէհէմ եւ Ս. Ածածին: Ճանիկ ամիրայ իր այս այցելութենէն օգտուելով` Ս. Աթոռոյ դրամարկղէն կը գանձէ Սկիւտարի ճեմարանին ի նպաստ 150. 000 ղրշ-ի գումարը, վասն զի Զաքարիա պտրք. տարեկան 60. 000 ղրշ. նպաստը դադրեցուցած էր ինչ ինչ նկատումներով: (Սաւալան, էջ 1254-55): Ճանիկ ամիրայ կը վախճանի 1856ին. իր ծախքովը շինել տուած է Խասկալի (Արմաշի մօտ) Մծբնայ Ս. Յակոբ հայրապետի եկեղեցին 1834ին. (բբ. Բ. հատ. էջ 152):

Հանգուցելոյն տիկինը մհտ. Նարդուհի եւ որդին մհտ. Միրիճան Ամիրայ 1858ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելեն Ս. Յակոբի վանքը: Յովհաննէս պտրք. Մովսէսեան` այդ առթիւ, Ս. Պանդալէոն բժշկին մասունքը կը նուիրէ անոնց, խաչի մը մէջ ամփոփուած: