Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.   ՎԵՆԵՏՔ Ի ՍԻՍՈՒԱՆ

Արժանի են հետաքննութեան հանգամանք վաճառականութեան Վենետաց ի Հայս. վասն զի այն պատճառաւ եղած են ժողովրդոց իրարու հետ փոխադարձ յարաբերութիւնք: Յառաջ քան զմեզ հետամուտք եւ քննողք ` գրեցին եւ հրատարակեցին ինչ որ այս նիւթիս նկատմամբ յաջողեցան գտնել ի դիւանաց Վենետկոյ, ի ժամանակագրաց եւ վաճառականութեան վրայ գրողներէ. որոց մէջ վերջին եւ ամենէն աւելի կատարելագոյն ` բազմահմուտ Հայտ, նախ ի համառօտ ` եւ ապա յընդարձակ երկհատոր գիրսն, որ զվաճառականութենէ արեւելից ի Միջին դարս: Մենք դիտաւորութիւն չունինք ասոնց ըսածները կրկնել, եւ կամ ջանալ յաւելուլ ի նոյնս. այլ միայն նախածանօթ կամ դեռ եւս անծանօթ հաւաստականները (documents) հրատարակել, որչափ գտեր ենք, վաճառական այլ եւ այլ խնդրոց վրայ, դրամոց համեմատութեան, Վենետկոյ հասարակապետութենէն եղած շնորհմանց ` առ վաճառաբերս կամ առ մաքսանենգս ոմանս. յիշելով եւ զնիւթս վաճառուց բերելոց կամ տարելոց. որոց վրայ զանազան գիտելիք ` կը գտնուին մեր թագաւորաց ձեռքով տրուած պարգեւագրոց մէջ, յորոց զոմանս արդէն յիշեցինք ի նախընթաց յօդուածս, եւ զայլս ի մէջ պիտի բերենք ըստ ժամանակի յարաբերութեան նոցա ընդ պետութեան Վենետկոյ. արդէն վերը գրուած նաւարկութեան յիշատակարանաց մէջ ալ ` յաճախ յիշատակութիւն եղաւ վաճառականաց:

Այս վաւերականաց մէջ ամենէն կարեւոր կրնայ համարուիլ Վենետկոյ մեծ Ատենին վճիռն ` յամի 1283 ի 22 յուլիսի, վաճառականական ընկերութիւն մը հաստատելու համար յԱյաս, ընդ տեսչութեամբ Պայլին, վասն առեւտրոյ Բամբակի, Ծփսոյ եւ Պղպեղի. այդ ընկերութեան մէջ անոնք միայն կարող էին մտնել ` որ երկու հարիւր բիզանդէն աւելի գումարելով մասնակցէին: Օրէն էր վաճառականաց ` սահմանեալ նաւատորմոաւ յորոշեալ ժամանակի նաւել. երբեմն թոյլ կու տրուէր առանձին նաւով ալ երթալ, յաւէտ ընկերելով տորմղին. միայն պետութեան իրաւունքն էր ուզած պայմանը դնել հետերնին. ինչպէս ի 1311 (յունիս 22) Պէմպոյ Տա'րտի նաւապետին վրայ պարտք դրաւ, որ առ թագաւորն Հայոց ղրկուած դեսպանը ձրիաբար տանի եւ դարձընէ: Քաղաքական դիպուածոց համեմատ` արգելք կու դրուէր վաճառականաց` չերթալ ի Հայս կամ յայլ աշխարհս. ինչպէս յամի 1320, Օշին թագաւորին մահուան եւ Լեւոն Դի յաջորդութեան առթիւ: Երբեմն ալ կ՚արգելուի այս կամ այն նիւթոց արտահանութիւն. օրինակ իմն` կտաւոյ, յամս 1322-3: Յամի 1328 հրաման կու տրուի ` որ ի Հայոց կամ ուրիշ աշխարհներէ վերցուած վաճառքը ` որ ասդիս անդին մնացեր էին, Վենետկոյ ծոցին ծովապետն վերցընէ ու փոխադրէ ուր որ արժան է: Աւելորդ է ըսել որ հասարակաց համար օրէնք սահմանած ատենին, զանց չէին ըներ նա եւ առանձնականաց խնդիրները. օրինակի համար, վճիռ մը կը պատուիրէ քննել եւ խնամել Սէրվատէոյ նաւը, որ ալեկոծութեամբ վնասուած էր յԱյաս եւ յայլ կողմանս:

Վաճառք. - Արտահանուած նիւթք կրկին են. մին թանկագին բերք մերձաւոր եւ  հեռաւոր արեւելեան աշխարհաց, Հնդկաց, Չինաց, Ասորւոց եւ Պարսից, զորս յաճախ կարաւանք ցամաքի ճամբով կը բերէին յԱյաս իսկ միւսն` բնիկ բերք Սիսուանայ, որոց մէջ գլխաւոր էր Բամբակ, ինչպէս յիշեցինք. եւ վաճառականական յարաբերութեանց վերջի տարիներուն (1344) կը հանդիպինք, որ մանտուացի մը (Միքայէլ Լօ-Թաթարոյ) այս նիւթէն 4000 հակ ղրկեր է ի Վենետիկ: Նշանաւոր էր եւ բամբակեայ հիւսուածն Bucherami կամ ըստ Փռանկաց Boucrans կոչուածն:

Կիլիկիոյ յատուկ բերք կամ ձեռագործ մ՚ալ էր Ծփսի, ի ստեւոյ այծից, որոյ յիշատակութեան կու հանդիպինք աւելի հնագոյն դարուց մէջ ալ. ուստի եւ պարգեւագրոց մէջ մասնաւոր պայմաններ ալ դնել հարկ եղաւ, մանաւանդ երբ Վենետք ալ սովրեցան արուեստը, եւ նոյն իսկ Հայոց երկրին մէջ սկսան գործել: Թագաւորութեան վերցուելէն ետքը, նա եւ նոյն իսկ նոր դարուց մէջ ( ԺԶ - Է ), այս ձեռագործս Հայոց ձեռքով կը բերուէր ի Վենետիկ, որոյ յիշատակն շատ անգամ կ՚ըլլայ Հինգ Իմաստնոց կամ պետութեան վճռոց մէջ եւ ի գիրս նօտարաց: Հայրենեաց իբրեւ սեպհական ու պատուական բերք ` Հայոց դեսպանին ձեռքով ընծայ կը տարուէր երբեմն առ սրբազան քահանայապետն Հռովմայ. բայց որովհետեւ անգամ մի ծածկեր էր զայն եւ զոսկեդիպակն, գաղտուկ բռնուեցաւ եւ արգիլուեցաւ ի մաքսաւորաց. այլ ի շնորհս տանողին եւ որում կը տանէր ` ազատութիւն եղաւ դեսպանին: Ուրիշ նիւթերէ զատ կը յիշատակուի տեղ տեղ եւ Հայկական աղ (Sal Armiago), որ հաւանօրէն պիտի ըլլայ Sal ammoniaco.

Հանքային նիւթերէն կամ ի մետաղաց ` մասնաւոր կերպով կը յիշուին Երկաթ, Պղինձ, Պաղլեղ: Ի կենդանեաց ` Ձի, Ջորի, Էշ, Արջառ, եւ մանաւանդ Մուշտակք ` զոր կը մատակարարէին Մեծ Հայք, եւ Մորթ գոմշոյ: Իսկ ի բուսականաց ` առանձինն, կամ ուրիշներէն աւելի յաճախագոյն կը յիշուի ի դիւանս Վենետկոյ Պղպեղ ` յԱյաս. զոր անշուշտ ինքեանք Հայք կը բերէին ի Հնդկաց կամ իրենց սեպհականած էին զվաճառն: Ասոնցմէ զատ Ցորեան, Չամիչ, Խաղող եւ Գինի, անտաշ Փայտ, Խար, եւ այլն:

Իսկ ի Վենետաց ի Հայս փոխադրած վաճառքն էին, նախ, գլխաւոր նիւթք զգեստուց, անկազմ հանեալ ի Հայոց եւ արուեստագործուած կրկին հօն մուծանելով, ինչպէս Ասուեղենք, Կտաւիւք եւ պէսպէս Ոսկեդիպակք (Samiti): Նշանակութեան արժանաւոր է մուրհակն պահանջից Միքայէլի Լօ Թաթարոյ կամ Լոքաթարոյի (1306), Սմբատայ թագաւորի Մանուէլ դեսպանէն կամ գործակալէն, որ իր ձեռքովը ինն տախտ կամ փերթ ոսկեդիպակ գնած էր, ամէն մէկը 800 նոր դրամոյ արժէքով: Եգիպտոսի սուլտանին ընծայ ղրկելու համար: Ասոնցմէ զատ ` այլ եւ այլ Համիմեղինք (Epiceries), զորս ընդ ծով կը բերէին յԱրաբիոյ: Ի Հնդկաց եւ յԵգիպտոսէ. նոյնպէս եւ վենետական յատուկ ձեռագործ ` Ապակեղէնք եւ նմանիք, Կազմուածք նաւուց եւ Նաւք, երբեմն եւ Զէնք: Հայոց համար կարեւոր նիւթերէն մէկն ալ ` տաշուած եւ յղուած Փայտն էր, զոր իրենց երկրին մայրիք կը մատակարարէին օտարազգեաց, եւ պատրաստածը կընդունէին ի պէտս շինութեանց: Հետաքննելի վաւերական մը կայ 1326 օգոստոս 21 թուականւ, յորում եւ ցուցակ նիւթոց առաքելոց ի Վենետկոյ ի Հայս, եւ գլխաւորաբար Փայտեղէնք, մանրամասն նշանակեալ չափաւ, թուով եւ արժէիւք, ուրիշ անգամներ առ յԱյաս նստող Պայլին տանը նորոգութեան համար պէտք եղած փայտը ` զրկուեցաւ ի Վենետկոյ: Վաճառականաց շահասիրութիւնն երբեմն չէր խղճեր պետութեան շահը ոտքի տակ առնուլ, կամ անկէ խուսել փախչիլ, մաքսի հարկը չվճարելով: Իրենց այս ձեռնարկին մէջ մերթ կը յաջողին, եւ մերթ կը բռնուին. եւ պետութիւնն ալ երբեմն կը պատուհասէ զնենգողսն, երբեմն ալ ներողամիտ երեւնալով իր դիւանաց մէջ կարձանագրէ այնպիսեաց համար ըրած շնորհքը:

Դրամք. - Միջին դարուց ` մանաւանդ ընդ արեւելից վաճառականութեան գիտութեան ` կարեւորագոյն մաս մէ դրամոց եւ անոնց արժէից ծանօթութիւնն, որոնցմով արեւտուրք կը կատարուէին. եւ թէպէտ շատք աշխատեր, ու առաւեգլ կամ նուազ յաջողութեամբ կրցէր են ճանչնալ եւ ստուգել, բայց հարկ է որ ամէնքն երախտապարտ ըլլան փլորենտեան գործակալին Պալտինոյ Բեկոլոդդի, որ իւր ժամանակին չորեքտասաներորդ դարուն, դրամոց եւ կշռոց համեմատութիւնն առ մեզ հասցընելով: Հայոց Կիլիկեցւոց դրամոց եւ կշռոց վրայ ալ տեղեկութիւններ կու տայ. Վենետկեան դիւանաց մէջ ալ շատ պատուական ծանոթութիւններ կը գտնենք, եւ մեծապէս հաճելիք են ` ի ծանօթութիւնն յարաբերութեանց նոյն ատենուան հայկական տէրութեան ընդ Վենետաց:

1289 օգոստոս 18 թուականաւ տրուած վճռով մը հայոց Նոր դրամը, որ նոյն ատեն եւ գրեթէ մինչ ի վերջ կիլիկեան թագաւորութեան վարուն կամ գործածուած  դրամն էր, ( թէպէտ եւ հետզհետէ նուազելով յարժէսն ), այսպէս կը համեմատուի. մէկ Բիզանդ սառակինեան 10 Նոր դրամ Հայոց 35 սոլոտայ վենետկեան. որ է ըսել ` մէկ նոր դրամ երեքուկէս սոլտայ վենետեան: Քառասուն եւ չորս տարի եգտքը (13 մայիս 1333) պետութիւնն կը վճռէ ուրիշ համեմատութիւն մի ` ընդ Թագաւորին (Tacolini) կոչուած հայկական դրամոց ` որ Reale կը թարգմանուի, եւ ի ժամանակին ` ու անկէ ետքն ալ ` Հայոց սովորական դրամն էր, եւ հազիւ Նոր դրամն ու Թագաւորին կոչուածն մէկտեղ կը յիշուին: Վճռին կու պատուիրէ վենետկեան տասներկու Կրոսը զուգել Հայոց տասուերեք Թագաւորին դրամոյ հետ. նոյն վճռոյն մէջ կան նա եւ ուրիշ կարեւոր համեմատութիւնք Վենետկոյ կրոսից ուրիշ տեղեաց դրամոց հետ. ինչպէս Տրապիզոնի, Դանայ, Կիպրոսի, եւ այլն: Եթէ ուզենայ մէկն մեր դրամքը համեմատել հիմկու վրաուն դրամոց ` Գաղղիոյ ֆրանքին կամ իտալական արծաթ լիրայի հետ, ըստ մեր քննութեան ` Նոր դրամն առջի բերան կարժէր ըստ նիւթականին իբր 0, 90. յետոյ նուազելով իջաւ 0, 85. 0, 75 եւ մինչեւ 0, 57 այսպէս եւ Թագաւորին դրամն յառաջագոյն կարժէր 0, 66 եւ ապա 0, 49 կամ գրեթէ կէս ֆրանք: Աւելորդ կու համարիմ յուզել մեծ խնդիր մի դրամոյ կամ անոնց հաւասար նիւթոյ վարկական արժէից համեմատութիւնն այն ատենուան եւ ներկայիս հետ: Հայք ունէին նա եւ արծաթի բիզանդ դրամ, որ կարժէր ֆրանք 2. 50. եւ ոսկի` այլեւայլ կշռով, ըստ զանազան ժամանակաց. յորոց ոմանց արժէքն էր 21 ֆրանք, այլոց 15 եւ 12: Սակաւագիւտ են հիմայ Հայոց գործածած  ոսկեղէն դրամք. իսկ արծաթի Նոր կամ հին դրամք, ինչպէս նա եւ պղինձք` համեմատութեամբ շատ աւելի կը գտնուին. եւ յաճախագոյն յանուն Լեւոնի եւ Հեթմոյ:

Ի լրումն ծանօթութեան կարեւոր խնդրոյս ` անհրաժեշտ կը համարիմ մէջ բերել քիչ յառաջ յիշատակուած Բեկոլոդդեայ համեմատութիւնները ` Չափուց, Կշռոց եւ Դրամոց Հայոց ընդ վենետկեացն, եւ ուրիշ տեղեաց հետ, ուր որ կարելի չէ որոշել ի վենետականաց:

Ruotoli l di Spezierie d'Erminia torna in Vinegia libbre 20. e once 3 e 1 / 4 sottili. - Ruotoli 49 di Cotone d'Erminia tornano in Vinegia libbre 9 sottili. - Occhia l di Seta, e di Spezierie sottile d'Erminia torna in Vinegia libbre 1 e once 4 sottili. - Il migliajo grosso di Vinegia torna in Erminia ruotoli 76 in 78 o vuogli 20 1 / 2 d'Erminia. - Mars al cento dars al peso di Vinegia fa in Erminia mars 106 1 / 2. - Braccia 315 di tele line alla misura di Vinegia, torna in Erminia Canne 100. - Libbre 11 sottile di Vinegia tornano all'Ajazzo d'Erminia libbre 10. - Costano le mercatanzie a conducere da Vinegia in Erminia, e d'Armenia a Vinegia per nolo di comune ordinato  per lo comune di Vinegia in Galee armate, come dirà qui a piede, e diviserà innanzi a una carta. - Tele grosse e Canovacci per soldi 6 di grossi dars di Vinagia alla balla, a peso 350 al peso grosso di Vinegia. - Rame, e Stagno e Ferro soldi 6 di grossi dars la balla di peso libbre 260 al peso grosso di Vinegis. Argenti in pezzi 1 per cento. - Oro filato, Argento, e altre simile cose dee avere di casse 3 per cento. - Tutte Spezierie soldi 13 di grossi dars del migliajo sottile. - Ciambellotti 2  per cento in Galee armate, in leguo disarmato 1 1 / 2 per cento. -zucchero soldi 10 di grossi dars del migliajo sottile.

Առ լաւ եւս խելամտութիւն որպիսութեան առեւտրի Վենետաց ` զորս յայլեւայլ ժամանակս եւ ի դէպս ունեցեր են ընդ Հայոց, եւ այն պատճառաւ մերթ ընդ մերթ յառաջ եկած դժուարութեանց, պիտանի են յոյժ երկու Հաւաստագիրք (documents), յորոց մին գրուած է ի 1312 յԱյաս քաղաքէ` ի ձեռն Գրիգոր Տոլֆին պայլի` առ դուքսն Մարինոյ Ծործի. իսկ միւսն` ի 1330 գրէ Պետրոս Պրակտին: Առաջնովն Տոլֆին կու ծանուցանէ դքսին, թէ տարի ու կէս կամ երկամեայ ժամանակ վարած պայլութեան պաշտամանը միջոց ` ներս մտած վաճառուց ` կէս առ հարիւր իրեն ընկած բաժինն ընդունելով, գումարն եղած էր իբրու վաթսուն լիրա կրոսից. այս կրոսը համարելով հարիւր քսան ֆրանք, վաթսուն կրոսին գումարն կ՚ըլլայ 7200 ֆրանք. եւ այս համեմատութեամբ (200x7200)=1, 440, 000 ֆրանք կ՚ըլլան առ նուազն ` Վենետաց վաճառուց արժէքն, իսկ հիմակուան արժէքով գէթ երեք միլիոնի կը գումարին: Այս պզտի նշմարաւ գուշակել եւ մերձաւորապէս համեմատել թէ քանի ' հարիւր միլիոններու առեւտուր ըրած են Վենետք յութսուն ամս բարգաւաճութեան Այասոյ. եւ քանի ' միլիարք անցած են քաղաքին հրապարակաց վրայ, ոչ միայն իրենց ` այլ նա եւ ուրիշ վաճառական ազգաց ապրանքէն, Գենուացւոց, Պիզացւոց, Փլորենտացւոց, եւ այլն, եւ ուրիշներուն, զորս կը յիշէ կամ չի յիշեր Բեւոլոդդի, եւ յամենայն աղխամաղխէ արեւելից եւ արեւմըտից ` որ ընդ ցամաք կը թափուէին յառաջնակարգ  շահաստանն եւ նաւահանգիստն այն ` ԺԳ - Դ դարուց վերջին եւ առաջին կիսուն, որ ի ժամանակին ճառագայթաւէտ  կը ցոլանայը ընդ ամենայն աշխարհ. իսկ հիմայ ` իբրեւ զկէտ մի աղօտացեալ եւ աներեւութացեալ, մանաւանդ թէ անհետացած, մեռեալ եւ մոռացուած յամենայն վաճառականաց եւ ընչասիրաց աշխարհի: Կու ծանուցանէ դարձեալ  Տորֆին թէ ղրկած է առ դուքսն տասն լիրա կրոսից, ինչպէս նա եւ քսան կրոս առնախորդն, մնացածը ծախեր է ի պէտս հայրենակցացն եւ անոց հօն ունեցած տանց վրայ: Կու յաւելու, թէ դժուարին կ՚ըլլայ տեղւոյն վրայ գանձել հարիւրին կէս սահմանեալ տուրքը, եւ թէ լաւագոյն է առնուլ զայն ի Վենետիկ. վասն  զի  կ՚ըսէ Ռուպենի  եւ Գոնդարինի երկու վաճառականներէն որ 1400 պարկէն աւելի վաճառք փոխադրեր էին իրենց նաւերովը ` հազիւ կրցեր էր տասն կամ տասնումէկ կրոս բաժ առնուլ: Իսկ Պրակատինի գրուածն ` յամի 1330 կամ ի յաջորդին ` ողբական եղանակ մ՚ունի. գանգատելով այն զրկանաց համար ` զորս  վաճառականք Վենետկոյ կրէին ի Հայս, յիշելով յանուանէ նա եւ զոմանս ի զրկելոցն. յորս ` բանտուողք, սպաննուողք եւ կողոպտուողք ալ կան, եւ իրենց իրաւունք չըլլար: Կ՚իմացընէ, թէ ստըկին  կշեռքն վեց առ հարիւր նուազած է. թէ, նաւուց հասած կամ մեկնած ատեն ` կ՚ուշացընեն կամ անկարգօրէն կու քննեն եւ կշիռքը կու խարդախեն. - թէ, հակառակ պարգեւագրին տուելոյ ի  թագաւորէ ` վեց կամ չորս առ հարիւր բաժ կու պահանջեն քաղաքէն դուրս, եւ մէկ առ հարիւր ի քաղաքին: - Ի վենետացի ցփսիագործաց աւելորդ չափողչէք կը պահանջուին. - յԱտանա ` անկտակ մեռնողի մը ինչքը ` չթողուցին որ պայլն գրաւէ, եւ իրեն թոյլ չեն տար Վենետաց դատաստանը տեսնել, ինչպէս յառաջագոյն շնորհուած էր ու սահմանուած, այլ կու ձգեն յատեան թագաւորին: Այս գանգատանաց վրայ կու յաւելու, թէ ի վաճառականաց շատ ծախք պահանջուելուն պատճառաւ, պատշաճ կու համարէր տուները նորոգել ու վարձել, եւ այն հասոյթէն ռոճիկ ու թոշակ տալով ` երկու հրապարակատեսուչ ( plazeri ) պահել ` որպէս յառաջն:

Յայտնի է որ այսչափ ու այսպիսի բողոքանաց վրայ չէր կրնար դուքսն լուռ կենալ. ուստի գրեց առ թագաւորն Հայոց Լեւոն Դ. եւ նոր Պարգեւագիր մ՚ալ ընդունեցաւ (1333), ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ ետքը ` ի կարգի յարաբերութեանց երկոցունց արքունեացն, ընդ որում եւ մեր թագաւորին վերջին թուղթն առ դուքս ժամանակին: Վենետաց Կիլիկիոյ Հայոց հետ վաճառականական յարաբերութեանց վրայ համառօտ եւ հարեւանցի տեսութիւնս կնքելով, հարկ կու համարիմ յաւելուլ ` ինծի ծանօթ քանի մը առեւտրոց յիշատակքն այն աշխարհէն դուրս, ի բուն եւ ի Մեծ Հայս. որպիսի է հետաքննական անձն եւ գործ Աւագ կոչուած մէկու մը, որ յանուանէ հայ կը ճանաչի, մեծ Հայոց մէջ ի ժամանակին շատ գործածական անուն մը. եւ ի դիւանական գրուածս ` թուրք եւ թաթար բառով Քալամազի կը կոչուի, եւ համարիմ թէ թարգման, դեսպան կամ կարաւանապետ կը նշանակէ. եւ  յիրաւի ` այսպիսի պաշտօն մ՚էր ունեցածը, Հայոց եւ Պարսից սահմաններէն ընկերելով կամ առաջնորդելով կարաւանաց ի Տրապիզոն: Սա ` անգամ մի հանդիպելով եւ ի Վենետիկ ` խնդրեց որ ի փորձ իր բազմամեայ ծառայութեանց ` յօգուտ եւ ի շահ հասարակապետութեան երկրին ` երթալով եւ գալով ի Դավրիժոյ ի Տրապիզոն, առ մէն մի գրաստաբեռն ` դրամական շնորհք եւ պարգեւ մը ըլլուի իրեն. բայց խնդիրն ընդունելի չեղաւ (16 յունիս, 1332): Նոյն օրերը (յունիս 20) ի Վենետիկ գտնուեցաւ մահմէտական մի` Հաճի Սիւլէյման Թայիպի անունով, որ նոյն Աւագայ թարգմանութեամբ յանձն առաւ իրեն տրուած 4000 բիզանդ դրամէն ` ի  փոխարէն վնասուն յԷրզիռումայ, մասն հանուի նոյնպէս վնաս կրող երկու անձանց ` Սանո ' ւտոյի եւ Նիկողայոսի Ճիւսթինիանի, երեք փող առ բեռն: Այս պայմանս ` ինքն Սիւլէյման գրեց ի պարսիկ լեզու, եւ Աւագ թարգմանեց յիտալական. եւ վկայեցին ` Մահմէտ որդի Շէյխ Գութպէտտինի ի Հաճի Ալի: Նշանաւոր եւ ոչ անծանօթ է ոմանց գիտնոց ` Ղրիմու Թաթարաց հետ եղած վաճառականական դէպք մ՚ալ. եւս եւ խնդիրք Հայոց ` որ ի թերակղզւոջն կու բնակէին բազմութեամբ, եւ որոց վէճք եւ գործք ` յաճախագոյն եւս կու գտնուին ի դիւանս Ճենովացւոց: Ղրիմու Սուլղաթ գլխաւոր քաղաքին կուսակալն Ռամազան, 1356 թուին (2 մարտ) Աքսէրայ քաղաքին մէջ պայման դրաւ Վենետաց հետ, որ իրենց վաճառուց արժէից համեմատ երեք առ հարիւր հարկ վճարեն. նոյնպէս ուրիշ քանի մի պայմաններ ալ: Դաշնագրով մ՚ալ շնորհեց իրենց որ կարող ըլլան գալ ի նաւահանգիստ Բրովա'թոյ (Provato) կամ Նոր քաղաքի թերակղզւոյն, պահանջելով որ իր հպատակաց եղած վնասը հատուցանեն. որոց մէջ էին եւ Հայք ` գերեալք ի Վենետաց այն գենուացի նաւուն հետ ` որով եկեր էին ի Պոլիս, իրենց 4000 բեռ կարասեաւ. կուսակալն կը խոստանար որ ինքն ալ ետ դարձընէ իր գրաւած Վենետաց ինչքը: Այս վաւերագիրս ` արդէն իսկ շատ տարի յառաջ հրատարակուած է ի Մասլադրի կոմսէ: Ռամազանի յաջորդն ` միոյն տեղ ուրեք նաւահանգիստ շնորհեց, եւ էին, Provato, Calitra, Soldadi. Առ սա գրեց Ղրիմու Թաթարաց Պէտրի ղան ` որ Ռամազան կուսակալին պէս պահանջէ ի Վենետաց իրենց կողոպուտը, որոց մէջ կը գտնուէր գումար մը 1300 արծաթոյ եւ 500 բեռն վաճառք Պասուար անունով անձի մը ` որ կու գար ի Կիպրոսէ: Բայց ղանին բարեսիրտ կինն Վենետաց շնորհք մ՚ուզելով ընել, իւր անձնական գանձէն հատոյց ղրկելոց` 11, 000 բիզանդ դրամ, որոց 5000ն Հայոց բաժին էր, քսան բիզանդ ալ անոնց թոշակ. դքսին ալ գրեց որ Հայոց պահանջից համեմատ (pro precepo Arminium) կը հատուցանէ զգումարն (10, 998 բիզանդ). 550 դրամոց գումար մ՚ալ ի փոխարէն 2, 830 դրամոց, որոյ պարտական ըլլալնին ` ինքեանք Վենետք ալ կը վկայէին:

Բազմաթիւ յիշատակք ալ կը գտնուին ի դիւանս ` վաճառականական յարաբերութեանց Վենետաց ընդ Դավրիժու ` մայրաքաղաքի Պարսկահայոց, եւ որոց քննութիւնն կը հեռացնէ զմեզ մեր նպատակէն. այսչափ միայն յիշեցընենք որ Շէյխ Իւվէիզ ղան կամ թագաւոր Դավրիժու ` յամի իբր 1369 Պարգեւագիր մը տալով առ դուքսն, կը հաստատէր իր նախնոյն Պուսայիդ ղանի շնորհմունքը, եւ կը հրաւիրէր զվաճառականս ապահով եւ անվտանգ ցուցընելով Տրապիզոնէ մինչեւ ի Դավրէժ ճանապարհը: Դուքսն ալ կը ծանուցանէր նմա ` թէ շատ վաճառականք կը սպասեն ի Տրապիզօն ` ճամբարներուն ապահովութեանը կասկածանօք. վասն զի աւազակք կողոպտեր էին զվաճառականս մերձ յԱւնիկ, որ հին եւ անուանի տեղ ու բերդ մէ ի մեծ Հայս, ոչ շատ հեռի յԷրզիռումայ եւ ի Բասենոյ: Իւվէիզ ղան դրեց յայնժամ առ պայլն Տրապիզոնի (իբր ի 1373) թէ Ապրամ ( Իպրահիմ ) անունով մէկը զրկելով բռնեց ու պատժեց գաւազակսն ու գօղօնը ետ դարձուց, ուստի աներկիւղ ու համարձակ կրնան վաճառականք գալ ու երթալ: