Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Միայն Դաւրեժեցի Խաչատուրն չէ որ Վենետկոյ վրայ զմայլած եւ գրած ըլլայ. ուրիշ Խաչատրոյ երեց մայլ կայ. աւելի հեռու տեղւոյ մի մականուամբ. Եթովպացի. ծնընդեամբ, թէ ուրիշ պատճառաւ այսպէս կոչւած, չեմ գիտեր: Սա աւելի երկար եւ մանր եւ սուր դիտողութիւն ըրած եւ ոտանաւոր բանիւ գրած է իր « Յարմարեալ Պատմութեան Վանատիկոյ, փոքր ի շատէ... ականատես եւ ոչ ականջալուր լեալ »: Զայս արդէն իբր կէս դար առաջ հրատարակած եմք ի Բազմավէպ օրագրի ( Ե. 172-77) եւ կրկնել այն իբր 280 երկայն տողերը ծանր է, թէ եւ ոչ անարժան գրուած, մանաւանդ անծանօթի մի, նա եւ բնիկ Վենետ բանասիրի. ինչպէս որ փաագած են այսպիսիք այլ թարգմանել: Մեր առջի անգամ հրատարակուածատեն ինչպէս որ յայտնած եմք, օրինակին մէջ 20 տողի չափ կար. յետոյ ուրիշ օրինակ մի ունեցածք անպակաս. քիչ մաւելի նոր գրուած, 1656 - ին, բայց ոչ ասկէ եւ ոչ առաջինէն ` որոշ չիմացուիր հեղինակին ժամանակը, որ իր գրութեան ամսուն օրը նշանակելով տարին մոռացեր է: Կերեւի թէ Դաւրիժեցիէն քիչ ետքը ըլլայ. եւ քան զնա աւելի անաչառ գիտող եւ գրող. ստորագրած բաներն ճնշդ են, բաց ի Վենետկոյ 10, 000 կամուրջներէն, եւ անոր ծագման կամ շինութեան սկզբնաւորութեան աւանդութենէ. իբր թէ Հնդկաստանէ եկողէ մի, կամ այն աշխարհին թագաւորաց փախստեայ գանձերով շինուած ըլլայ: Քաղքին նեղուածք ըլլալն, ջրի մէջ ամփոփուելով եւ ընդարձակելու համար ` կամ ծանծաղ տեղուանքցիցեր անկելով եւ անոնց վրայ չէնք շինելն, կամ տուներու վրայէ վրայ յարկեր բարձրացընելը ` լաւ կու ստորագրէ Խաչատուր, ըսելով.

« Պաղ եւ պաղչայ յաւել չունին, եւ զոր ունին ` տան մէջն է նայ.

Հանց գեղեցիկ են զարդարեր. նման դրախտին ծաղկեր է նայ:

Մէջ քաղաքին կովկիթ չունին. եւ զոր ունին գիւղօրէքն է.

Գրաստու զերեսըն չեն տեսնուր. տեսողացըն մեծ զարմանք է:

Նեղուց քաղաք եւ մարդըն շատ. տունն ի վերայ տան շինեալ է.

Հինգ եւ վեց ղաթ տուն են շիներ, ներքինըն զգերինըն չի գիտէ.

Տասն հազար կարմունճ ունի. ի քաղաքին մէջ երթեւեկն է.

Լանուց մէկ տեղ մի հէչ չըկայ, ներքեւն խանութ վըրան տուն է:

Ծովէն բացուած ցածուն տեղուանք, քարով խիճով բարձրացընեն:

Քսան երեսուն տարի դատին, հազիւ տեղ մի ցամաքեցընեն:

Սան Մարքոյին մալըն շատ է, խարճեն եւ սարայներ շինեն.

Կամ ծու ծախեն, կամ վարձու տան, հըսապով զդրամն աւելցընեն:

Քանի մի մեծ տօլապ շինած ` ծովունզատկըն կու քերեն.

Տանին ի յայն տեղըն լընուն ` յոր տեղ որ սարայ կու շինեն »:

 

Խաչատուր ` թէ այս լեզուով գրուածէն թուրք բառեր խառնելով, եւ թէ հետեւեալ տողերովս:

 

« Զերկրին հողըն հլուն շինեն, մարգարտի պէս ծախեն գնայ:

ԶԹուրքաց երկրի զմարդըն խաբեն, մէկ մալ եւս որ խիստ խաբեցայ »

 

կու յայտնէ ` իր Թուրքիոյ կամ արեւմտեան Հայոց կողմերէն գալը, ամենեւին չի յիշեր ազգայնոց ի Վենետիկ գտնուիլը կամ անոնց տունն եւ եկեղեցին. միայն ի յիշելն Ս. Մարկոս մայր եկեղեցւոյ հարստութիւնը ` կըսէ.

 

« Այլասեռից վաճառականք ի տեսութիւն մտնեն ի նայ,

Զգըլխնին շարժեն նոքա, շատ ոք զաւանդըն մոռանայ ».

 

այդ այլասեռ վաճառականաց մէջ անշուշտ կիմացընեէ եւ զՀայս. իսկ զատանդը մոռանալը թուի թէ անոնց ապշած նայելու ատեն ` քովերնին ունեցածին մոռանալը, եւ թերեւս գողցընելը կու յայտնէ: Այս յանցանքը յայտնի չըսեր Խաչատուր. բայց յետ արժանապէս գովելու զքաղաքն եւ զքաղաքացիս, արդարութիւն համարի նա եւ ասոնց անիրաւ կամ անվայել քանի մի գործն այլ յիշել եւ թերեւս ոչ ոք ի մերազվի տեսողաց այս զարմանալի քաղաքը ` ասոր նման արդարադատ չէ եղած, համարձակ կըսէ յետ գովաստնութեանը:

« Այս հերիք է զոր գովեցի. պահ մի բամբաս առնեմ զնոսա....

Զվայելչութիւնն աղէկ ունին, բայց այս քանի բանս անարգ է »:

Այս անարգ բաներուն գլխաւոր համարի զգեստուց շռայլութիւնն եւ անպատշաճ բացուծքը, կանանց նազանքով քայլուածքը, արանց փաղաքշութիւնը. մանր թռչուններ, ծովային եւ ցամաքային ժժմունքներ ու միջատներ ուտելնին. չուները գրկել եւ գգուել եւ ինչուան մէկտեղ յեկեղեցի մտցընելը. կերակրոյ ատեն ` իրենց բերնի պատճառը չանց տալը, եւ այլն: - Խաչատուր կերեւի թէ ինչպէս սուր աչք ` այսպէս այլ սուր յիշողութիւն ունի եղեր, կամ տեսածը իր յիշատակաց գրքուկին մէջ կու նշանէ եղեր, վասն զի Վենետկէ ելնելէն վերջը եւ դէպ Քօրֆու կղզի նաւելու ատեն ` շտապով գրեր է:

« ի մէջ նեղութեան ծովուն, ( երբ եւ ) ջուր մեր պակասեալ էր ». այսպէս կու սկսի. իսկ վերջն ալ կրկնէ. « Այս հերիք է զոր գրեցի, աճըզեցայ. ձեզ ի՞նչ գաղտնի.

Ծովուն թասան զիս առեր, ամենեւին աչք չերեւի. Ի բազու լիմանլըխէ եւ ի կամաւ որ շատ լինի ` Չի ժաժցըներ տակմա քամի. յոյս մեր այն է ( որ ) Քորֆէզ հասնի ».

Կերեւի թէ գրութեան վերջերը յիրաւի յօգնած, եւ ծովուն թասան ` այսինքն հոգն ` մէկ մի առանց յաջող հովու մնալն. մէկ մայլ սաստիկ հովով ալէկոծիլն, իր գլուխն այլ ժաժեցրեր է. վասն զի հակառակ ի սկզբան ըսածներուն Վենետկոյ համար ` թէ նմանը չկայ, եւ թէ « տեսնողքն ամէն ապուշ մնայ ». վերջը վերջը կըսէ.

« Յորժամ զբաներըս գրէի, եւ առ ընկերըս չխօսէի:

Ծիծաղէի ես իմ վրայ ` թէ Վանատիկ աչք երեւի:

Արի ', գնա ԸՍանիոյ քաղաք ` որ դեղորայքն եւ իբրեւ զՎանատիկ ».

եւ կարգաւ յիշելով Անապոլի  ( Նաբոլի ): Ալիկուռնա, Ֆլորենցա, Մեսսենա, Բալերմոյ, Մարչիլիա, Ճինիվիզ, դարձեալ կրկնէ. « գեղն է նման Վանատիկոյ » թերեւս յիշելով Վենետկոյ նեղուց ըլլալը. իսկ միւս յիշեալ քաղաքաց միջի եւ դրսի ընդարձակութիւնը, իրեն այլ սրտնեղութեան ատեն ` այսպէս ըսել տուեր է: Բայց լաւ է որ գոհութեամբ կաւարտէ գրուածը:

« Փառք շինուցին ( յ ) օրինողին, պակաս չըներ զնաֆաղանին.

Ամենեքեան բարով վայելեն, օրհնեն ըզտուողն  պարգեւաց »:

Եւ կրկին փառատրութեամբ կու կնքէ. « Փառք Աստուծոյ, յամենայն ժամ »:

Կըրնանք եւ մեք փառաբանակից ըլլալ առ Տուողն պարգեւաց, որ այնպիսի մութ եւ խուլ դարու մէջ ( ԺԶ ), ասանկ սուր ` թէ եւ անհարթ կամ անօգնական հանճարներ պարգեւներ եւ մեր Խաչատուրներու. որ է ըսել թէ մեր անծանօթ հանճարեղ ազգայնոց մէկ քանին յայտներ է, իրենց հայրենի երկրէն շատ հեռու եւ անկարծելի կողմեր: Կարծեմ այս վերոյիշեալներէն եւ անոնց ժամանակակից ` շատ աւելի հանճարեղ եւ հնարագէտ քան զՎենետն, մեծագոյն տօլապ շինօղ եւ ծովուն յատակը քերող Հայ մայլ պիտի ճանչցուի, որ երեւի թէ նոյն իսկ իրեն բազմահնար յաջողութեան համար ` հանրածանօթ ըլլալով այն ժամանակ, ի Վենետիկ յատկաբար Հայն կոչուէր է, L'Armeno, ինչպէս յաճախ կու գրուի քաղաքին Դիւանաց մէջ: