Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը ՎԵՐՋԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿՔ ՀԱՅ - ՎԵՆԵՏԱՑ ՅԱՌԱՋԻՆ ՅԵՂԱՆԱԿԻՆ

 

Հայոց թագաւորութեան տեւելուն մինչեւ վերջին տարիները ` դեռ եւս կու գտնուին Ծերակուտի վճիռք` նաւուց երթի կամ չերթալուն ի Հայս. ինչպէս յամս 1363, նոյեմբ. 22. -1373, յուլիս 1. -1374, մայիս 25 եւ դեկտ. 8. որ է նախընթաց տարի բարձման թագաւորութեանն եւ գերութեան Լեւոնի Ե, եւ յորում կու դադարին երթեւեկք: Այսով յայտնի կ՚ըլլայ, թէ Վենետաց Միջերկրական ծովային վաճառականութիւնն այլ խզուեր, կուրացեր եւ դադրած էր այնուհետեւ, թէպէտ կարելի է կարծել թէ վաճառականք տակաւին շարունակած ըլլան ի խնդիր շահաբեր նիւթոց. զոր երկու հարիւր տարիներէ ի վեր կու հանէին ի բարեբեր դաշտաց Կիլիկիոյ. ուր ` երբեմն թագաւորանիստ եւ յետոյ երկրին գլխաւոր քաղաքին Սսոյ Եգիպտոսի կուսակալն, ի 1415 ամի, կու հրաւիրէր զՎենետս գալ յառեւտուր: Յայտնի է ի պատմական աւանդից, որ կէս դար ետքը (1473-4) Վենետք ետեւէ եղան տիրել Կիլիկիոյ քանի մի ծովափանց` դաշնակցութեամբ ընդ Գարամանս եւ ընդ Պարսից Ուզուն Հասանայ, ընդդէմ նոր եւ հզօրացեալ օսմանեան տէրութեան. բայց թէ ի ժամանակին ունեցա՞ն թէ ոչ գործակցութիւն ընդ Հայոց, մեզի նպատակ դրած յարաբերութեանց յեղանակէն դուրս կու մնայ պատմութեան այս մասն: Բայց այդ արգելք մը չէր Վենետաց, մանաւանդ թէ պատկառելի ու նուիրական հրապոյր մը պէտք էր ըլլալ, յամայացեալ Սիսուան փնտռել գտնել, եթէ ոչ այն հրապարակներն ուր սփռեցին եւ ժողովեցին մթերս ոսկւոյ եւ արծաթոյ, այլ գէթ անոնց խորքը ` ուր կու հանգչին ոսկերք ` ո ' գիտէ քանի հարիւրաւոր իրենց հայրենակցաց. եւ  բրելով թերեւս քիչ մը զհող ` այնքան բազմակոխ գետնոյն ի հարց իւրեանց, յերեւան հանել Ատանայի Սուրբ Մարկոս եկեղեցւոյն եւ ժողովատեղւոյն (loggia) աւերակաց տակ` արձանագրեալ քարեր, կրելով վրանին այնպիսի ընտանեաց անուններ` որ հիմայ սպառեր անցեր են. եւ թէ ցայսօր կու լսուին դեռ ի Վենետկեան հրապարակի, ոչ անկորուստ ի նախկին տեղւոյն, այլ այն ատենուան ճոխութենէն կապտեալ. վասն զի բաղդին սայրասուր թեւերն գծեցին եւ Ադրիոյ պատկառելի դշխոյին դէմքը: Թողլով զհետս Վենետաց ի Հայս ` յայնմ յեղանակի, դառնանք ի Վենետիկ յուզել զհետս Հայոց յայն վերջին միջոց ժամանակի:

Արդէն յաճախ յիշատակեցինք Հայոց դեսպանաց երթեւեկը յիշխանանիստ այս շահաստան, բայց ոչ զհաստատուն բնակութիւնք Հայոց այս տեղ կամ զգործ: Սակայն եւ լռութիւնն բաւական չէ կարծեցընել ` թէ Հայք եղած կամ թողած չըլլան իրենց յիշատակներն ի Վենետիկ, մինչ նոյն ԺԳ եւ ԺԴ դարուց միջոցին ` աւելի քան յերեսուն քաղաքս Իտալիոյ թողեր են եկեղեցեաց կամ ուրիշ հետք, ուր նուազ քան ի Վենետիկ էր իրենց շահն եւ առընչութիւնն. յայսմ մասին ` Վենետիկ իրենց համար առաջին քաղաքն էր յԻտալիա, ինչպէս Հռովմ ` ուրիշ տեսակէտով. եւ եթէ այդ պատճառաւ կանխած ալ ըլլայ Հայոց երթեւեկն ի Հռովմ, հաւանական է որ հօն երթալու ատեննին ` յաճախ Վենետիկէն կ՚ըլլար իրենց անցքն, նա եւ յառաջ քան զսկզբնաւորութիւն երեքտասաներորդ դարու եւ զՄեծն Լեւոն եւ թէպէտ դեռ յայտնուած չըլլան ` բայց անտարակուսելի է որ ասոր տասնեւինն տարուան թագաւորութեան ատեն եւ անկէ առաջ եւ ետքը ` եղած են երթեւեկք դեսպանաց, եւս առաւել վաճառականաց ու նա եւ սոսկական մարդկան, որ եւ իցէ պատճառաւ:

Ի սկզբան մեր այս գրութեան ` մէջ բերինք Հասարակապետութեան պաշտօնէից բերնէն լսուած աւանդութիւն մի, թէ երկոտասաներորդ դարէն ի վեր եղած էր Հայոց մուտքն եւ այցելութիւն ի Վենետիկ, եւ թէ յաջորդ երեքտասաներորդին առաջին կիսուն, այն է յաւուրս Լեւոնի Ա եւ Հեթմոյ Ա, անոնց ի քաղաքս յաճախելուն պատճառաւ ` Մարկոս Ծիանի կտակաւ թողուց իրենց ` Սրբոյն Յուլիանոսի կոչուած թաղին մէջ ` ունեցած տուներէն մէկը, եւ որ յայնմ հետէ` վեց հարիւր յիսուն տարիներէ ի վեր` Հայոց տուն (Casa degli Armeni) կու կոչուի, ինչպէս նա եւ փողոցն իրենց անուամբ` Calle delgi Armeni, եւ մերձաւոր կամուրջն` հիմայ Dei Ferali ըսուածն` գրոց մէջ Կամուրջ Հայոց (Pons Armeniorum seu Feralium) կոչուած կու գտնուի: Վենետաց վաճառականութեան վրայ խօսող գրեթէ ամենայն մատենագիրք, եւ  մանաւանդ հմտագոյնքն ` կու յիշեն Հայոց գալստեան սկզբնաւորութիւնը եւ Ծիանիի կտակը. մենք անոնցմէ մէկուն միայն ` Սանտիի ` խօսքը առաջ բերենք. « Վենետկոյ վաճառականութեան մէջ համբաւաւոր է, ինչպէս նա եւ անցեալ դարուց մէջ ` Հայոց ազգն, որ արժանի համարուեցաւ ընդունելութեան, բնակութեան եւ պաշտպանութեան ի Վենետիկ: Ամենահին են իրենց յարաբերութիւնք ընդ Վենետիկեցիս, որով եւ իրենց բնակութեան վայրն ի մայրաքաղաքին, 1253 թուականէն ի վեր` եւ հետեւեալ տարւոյն մէջ` հաստատուած կտակաւ մը Մ. Ծիանիի` եղբօրորդւոյ հանգուցեալ Սեբաստիան դքսին, որ Վենեա ժամանակագրաց վկայութեան համեմատ ` մեծահարուստ ճոխութեամբ համբաւեալ ընտանիք մ՚էր, եւ գութ ունենալով այդ ազգին վրայ, ու վաճառականութեան պատճառաւ երկար ատեն բնակած ըլլալով ի Հայաստան, Վենետկոյ Ներքին գործակալաց կտակեց տուն մի»: Հին ժամանակագիրն Մուացցոյ ` որոյ խօսքն ի մէջ բերէ Ֆիլիա ' զի, շփոթելով թերեւս զՄարկոս ընդ հօրեղբօրն, եւ կ՚ըսէ. « Սեբաստիանոս Ծիա ' նի որ յետոյ դուքս ընտրեցաւ. շատ ատեն բնակեցաւ ի Հայաստան, եւ յետոյ թողուց տուն մի ի Ս. Յուլիանոս թաղի, ի Վենետիկ եկող Հայոց համար. եւ զայս ըրաւ ` անոնց կողմերում գտած լաւ ընկերութեանն համար»:

Մեր ազգայինք որ յայլ է այլ դարս պէտք ունեցան խնդրոց ի Ծերակուտէն, կու յիշատակեն միշտ իրենց ազգակցաց ի նպաստ եղած այս շնորհքը, եւ եթէ չեն սխալիր, կու ծանուցանեն կանխելով զթուական թողլոյ Մարկոսի զտունն, իբրեւ յառաջագոյն գրուած կտակաւ մի յամի 1235, ի մայիսի 25. յորում կու նշանակուէր յիշեալ թաղին մէջ տալ տուն մի ի բնակութիւն Հայոց ոչ ճոխից, իբրու հիւրանոց ( ospizio). որով տուչութեան թուականն կու կանխէ քան զամենայն ծանօթ բնակութիւնս Հայոց յայլ քաղաքս Իտալիոյ, նա եւ ի Հռովմ, ուր` ինձ ծանօթ թուական հաստատուն բնակութեան կամ եկեղեցւոյ` (որ եւ նշանակ է բնակութեան) է 1239 տարին. թէպէտ հաւանաբար այլ աւելի առաջուց պէտք է ըլլայ: Իսկ ի վերջին եւ ի ծանօթագոյն կտակին ` որ ի 5 յունիսի, 1253, այսպէս գրուած կու գտնենք. «Տունն` ուր կենան Հայք, (ըսել է թէ արդէն բնակած էին այն տեղ), կ՚ուզենք որ մշտնջենաւարաբար իրենց բնակատեղի ըլլայ. եւ ինչ որ հարկաւոր համարուի տեղւոյն նորոգութեան, ի մեր ստացուածոց ըլլայ այդ ծախքն Մեր այս կամքին յանձնակատար կու սահմանենք ` կենդանի մնացող ժառանգաց հետ, զտետրս գործակալս եկեղեցւոյ Սրբոյն Մարկոսի»:

Մարկոս Ծիանի առաջնորդ եւ կամ մանաւանդ հետեւող եղաւ Հայոց ասպնջական բարերարութեան գործոյն. վասն զի նոյն պատմիչք որ կու յիշեն զայդ, կու ծանուցանեն միանգամայն թէ ծերունի եւ հարուստ հայազգի մի ` բնակեալ եւ վախճանեալ ի Վենետիկ, այս կարգաւորութիւնն ըրած էր, ըստ Սանտեայ, Մ. Ծիանիէ քիչ յառաջ կամ ետքը (o poeo prima o dappoi di M. Ziani): Բայց հնագոյն գրիչ մի կ՚ըսէ. «Ջերմեռանդն ու ծերունի հայ մի իր կտակաւ գումար մի դրամոց թողած էր, յառաջագոյն իսկ քան զՄ. Ծիանի, որպէս զի տուն մի գնուի ու եկեղեցեակ մի շինուի ի փողոցին Լապտերաց ի դիւրութիւն ` եւ նպաստ ազգակցացն, որ Պարսկաստանի հեռաւոր կողմերէն կու գան»: Այս խօսքերէն կու գուշակուի, թէ հայ ծերունին չէր ի Կիլիկիոյ, այլ ի Մեծ Հայոց, որ ի ժամանակին ` Սէլչուքեան Թուրքաց իշխանութեան կու հպատակեր, եւ քիչ յետոյ Մողոլ Թարաթաց: Աւելորդ կու համարիմ քննել թէ ինչպէս սոցա երկոցուն, ծերոյս եւ Մ. Ծիանեայ ի միում վայրի նշանակեալքն Calle delle Lanterne  կամ Ferali կրնան պատշաճիլ, եւ իրենց տուրքն կու միանան. բայց հաւանական կ՚երեւնայ որ ծերունին դրամոյ գումար մի թողած էր, իսկ Ծիանի ձրի բնակութեան տուն. բնակողաց կամ աղքատաց ծախքն կու հայթհայթուէին ի տրոց ծերունւոյն: Փափաքելի է գիւտ այս վերջնոյս կտակին, որ մեզմէ չորս դար առաջ ` ի 1496` ծանօթ էր Հայոց, եւ ցուցեր էին ուր որ հարկ եւ պատշաճ էր, ինչպէս կ՚ակնարկեն նոյն գրչին հետեւեալ խօսքերն. « Ծերունի Հայոյն ըրած կտակին զօրութեամբ, յաւուրս առաջնոյ Ծիանի տոժի, (ուրեմն անդստին ի 1171-9 թուականէ, որ է ժամանակամիջոց իշխանութեան Սեբաստիան Ծիանիի ), նոյն գործակալք ի հանգուցելոյն թողուած դրամովք գնացին տուն մի ու եկեղեցեակ մի ի փողոցն Լապտերաց, ի դիւրութիւն Հայոց ` որ գային բնակելու ի Վենետիկ»:

Շատ անգամ խնդիր եղած է յատենի ծերակուտին Վենետկոյ ` Հայոց եկեղեցւոյն շինութեան սկզբնաւորութեան համար, եւ չեն կրցած ստոյգ թուականը գտնել, զի յայտնի վկայութիւն մը չկայ առ այն, ինչպէս հիւրանոցին ` զոր տեսանք, բայց տունէն աւելի կարեւոր էր մեզ գիւտ եկեղեցւոյն, վասն զի կեդրոն կամ միութեան կէտ մ՚է այն ազգին ` որոյ համար կու կանգնուի, եւ ի միւս կողմանէ ` հաւաստեաւ գիտեմք, որ Հայք չէին հանդուրժեր, թէպէտ եւ սակաւաւորք թուով, տեղ մը բնակութիւն հաստատել առանց ազգին եկեղեցւոյ. եւ այս պատճառաւ իրենց համար մասնաւոր եկեղեցիք կառուցած են մինչեւ ի Սիկիլիա կղզւոջ. եւ որովհետեւ ի Վենետիկ յաճախագոյն էին թուով, հաւանական է թէ վաղագոյն ձեռք զարկած ըլլան եկեղեցւոյ մը կամ գէթ մատրան հաստատութեան: Կու տեսնեմք դարձեալ, որ ի Հռովմ, ի Փլորենտիա, յԱնգոնա, ի Ռիմինի, եւ այլն, երեքտասաներորդ դարու կիսուն, կամ անկէ այլ յառաջ, եւ ի սկիզբն հետեւեալ չորեքտասաներորդին ի Պոլոնիա, Ֆերրարա, Ճենովա, Պատուա, ոչ միայն եկեղեցի ` այլ եւ վանք կ՚անուանին հոգետունք Հայոց, որ կու նշանակէ զբազմութիւն եկեղեցականաց, կամ գէթ եղբայրաբար միաբանակեցից, որով հարկ կ՚ըլլայ ենթադրել, թէ առաւելագոյն կերպով նոյնպէս եղած ըլլայ եւ ի Վեիետիկ:

Ասով հանդերձ ` զարմանալի է, որ մինչ այդ քաղաքաց պատմագիրք եւ յիշատակագիրք ճիշդ ` կամ մերձաւորապէս կու յիշեն Հայոց եկեղեցեաց շինութեան, կամ անոնց Բարսեղեան միանձանց գալըստեան ժամանակը, Վենետկոյ տարեգիրք այդպիսի յիշատակութիւն մը չեն ըներ, բաց ի յառաջ մեզմէ յիշուած Ծիանիի բարերարական կտակէն, որ չէ նման այլոց, այլ աւելի հիւրանոց կամ բնակարան մի: Խօսքերնիս չերկարելու համար ` փութանք ըսել, թէ հարկ էր որ ի Ս. Յուլիան թաղի գտնուած Հայոց տանը մէջ ` ըլլար գոնէ ձեւացեալ մատուռ մի, ինչպէս շատեր կարծեն, եւ կամ ուրիշ տեղ Հայոց վանատուն մի կար: Եթէ նոյն թաղին մէջ կայր այդպիսի մատուռն, ինչպէս ինձ ալ հաւանական թուի, այլ հաւանակագոյն եւս` թէ փոքր ու անշուք շինութիւն մ՚էր, որ երկիցս եւ երիցս ընդարձակուելով 1494, 1510-20, 1689), տակաւին եւ այժմ փոքրիկ եկեղեցեակ մ՚է, թէպէտ եւ չքնաղ գոհար մի. ուստի, ինչպէս յայլ քաղաքս Իտալիոյ կու գտնենք, պէտք է երդմնեցուցանելով ամէն դիւան եւ յիշատակարան ` փնտռել եւ ի Վենետիկ մեծագոյն եկեղեցի մի եւ Հայ միաբանք: Մի կամ երկու նշոյլք միայն կու ծագեն ինձ ` առհաւատչեայ այլոց. որոց փափաքելի գիւտին յաջողութիւնն մնայ քան զիս բաղդաւոր եւ քննասէր հետամտից: Մի ի նշուլիցս է ` քանի մը խօսք Ծաննինի տի Սգալա անունով մէկու մը կտակին, ի 1348, յունիս 26, Ռիալդոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Օնեիպէն թաղերիցու գործոց (atti) մէջ, որ ուրիշ բարերարական տուրքերէ զատ կու պատուիրէ տալ Հայ Եղբարց Սրբոյն Յովհաննու Մկրտչի` հինգ տուկատ, իրենց ապրուստի համար: Կային ուրեմն Հայ Եղբարք միաբանակեացք ի Վենետիկ ԺԴ դարու կիսէն ալ յառաջ. բայց ո՞ւր էր այդ Ս. Յովհաննու Մկրտչի անուան ու պաշտման նուիրուած եկեղեցին, արդեօք իրենց համար յատո՞ւկ եկեղեցի մ՚էր, ինչպէս կարծեմ, ( որովհետեւ շատ սիրող են Հայք այն Սրբոյն ), թէ լատին եկեղեցեաց մէկն, յորում թաղի գտնուէր եւ հոգետունն եւ եկեղեցի Հայոց. զայս ամենայն պիտի ցուցընեն անշուշտ ապագայ դիւանական գիւտք եւ յայտնութիւնք: - Ս. Յուլիանոսի թաղին մէջ եղող Հայոց եկեղեցւոյն վրայ, որ գէթ յառաջ քան զկէս ԺԵ դարու, յամի 1434, կու յիշուի պաշտեալ եւ պատարագօք, եւ միշտ Ս. Խաչ կու կոչի եւ պաշտի մինչեւ ցայժմ, քիչ ետքը նորէն պիտի դառնանք խօսելու:

Յիշենք այս տեղ թէ յեկեղեցւոյ անանջատ է եւ հաւատացելոց յետին հանգստարանն. չենք ըսեր շինուածքի կցորդութեամբ, թէպէտ եւ  յաճախ այնպէս ալ է, _ այլ սեպհական հոգեւոր առընչութեամբ. վասն զի առանձին ազգային եկեղեցի մի ունենալ փաքաքողք ` առանձին գերեզմանատուն ալ կ՚ուզեն: Բազումք ի Հայոց ` Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերջին շինութենէն ետքը ` հօն ալ թաղուած են, եւ կու վկայեն իրենց մահարձանք. շատք ալ ԺԷ - ԺԸ դարուց միջոց թաղուած են յայլեւայլ եկեղեցիս քաղաքին. ինչպէս յայտնի է թաղապետական եկեղեցեաց մահաբանութեանց գրքերէն, տեղ տեղ ալ յարձանագրութեանց ` որ գրուած են իրենց գերեզմանաց վրայ: Բայց աւելի առաջին դարուց մէջ, երբ Հայք աւելի պնդութեամբ կու պահէին իրենց ազգային ծէսերը, հարկ էր որ առանձին գերեզմանատուն մ՚ալ ունենային. եւ էր ի Սուրբ Գէորգ կղզւոջ, քաղաքին մօտ: Մեծ վիճի մը առիթով ` զոր ունեցեր են Հայք ` Սրբոյն Գէորգայ Բենետդիկտեան մենաստանին  կրօնաւորաց հետ. յամի իբր 1675, կու պնդէին մերքն` թէ չորս հարիւր տարուընէ ի վեր շնորհուած էր իրենց հօն ազգային հանգստարան մը ունենալու իրաւունք. եւ անժխտելի գրաւոր յիշատակ մի, որոյ վրայ քիչ ետքը պիտի խօսինք, կու վկայէ 1343 թուակնին որ ի հնուց հօն էր Հայոց գերեզմանատունը:

Ու՞ր են ապա քարինքն եւ արձանք ` որ իրապէս վկայեն այս կարծեաց ստուգութեան: - Հարկ է խնդրել զանոնք կամ ի հիմունս գեղեցիկ Զանգակատան Ս. Գէորգայ, զօրով կու շրջապատէին գերեզմանքն ու բակն ու ջրհօրն ` որ Հայոց անուամբ կու կոչուէին, եւ որ անցեալ ( ԺԸ ) դարուն կործանելով, ջարդեց խորտակեց քարինքը, ու նոր զանգակատան  հիմնարկութեան ծառայեցուց: միայն քանի մը քարինք զերծան, ոչ չատ հինք, այլ ԺԶ - ԺԸ դարուց, որոց վրայի արձանագրերը ընդօրինակեցին Հարք Ուխտիս. երբ սովոր էին Հայք ` Վենետկոյ զանազան եկեղեցեաց մէջթաղուիլ, եւ այն սակաւաթիւ մնացած մահարձանք եւս ` առաջնոց բաղդը կամ կորուստը ժառանգեցին: Սրբոյն Գէորգայ եկեղեցւոյն սալայատակին նորոգմանը ատեն: Ասանկով Հայոց կենդանութեան կամ մեռելութեան հետքն ալ չմնաց ի կղզւոյն, բաց ի վերը յիշատակուած քանի մի արձանագրութիւններէ: Մաղթելով վայրիկ մի հանգիստ ` հանգուցելոցն ի վաղուց դառնանք միւսանգամ առ կենդանիս:

Վենետիկ եկող յանուանէ ծանոթ Հայոց մէջ, բաց ի յոյժ հնագունից ` որոց վրայ խօսեցանք ի սկիզբն այս մեր գրուածոյս, առաջին կու յիշուի Մանուէլ դեսպան Սմբատայ թագաւորի ի վերջ կոյս երեքտասաներորդ դարու (1297-8), որ բաց յայլոց իրաց եկեր էր եւ խնդիր դիպակաց, ինչպէս յառաջագոյն ալ ըսինք: Իրմէ յառաջ, ինչպէս ետքն ալ եկողաց շատերուն անունք չեն յիշատակուիր. եւ զորս զանց կընենք մէջ բերել, ինչպէս ի դիմաց դքսին անոնց շնորհուած պարգեւներն այլ զոր դեսպանաց ձեռքով կու ղրկէին առ թագաւոր Հայոց:

Ի սկիզբն չորեքտասաներորդ դարու (1302, սեպտեմբեր 23) թոյլ կու տայ ծերակոյտն ` վենետկեան նաւերով քանի մի վաճառականեան նաւերով քանի մի վաճառականաց ` գալ այսր. ասոնց մէջ կու յիշուին Լեւոն, Սիմոն եւ Գորք հայ: - 1331 թուականին յիշուի Հեթում անունով յանցաւոր մի ի Վենետիկ, որոյ շնորհուեցաւ ազատութիւն եւ դատէ, այլ թէ ինչ յանցանքի համար, պարտաւորուած էր, յայտնի չէ: - Նոյն միջոցներուն տեսանք, ինչպէս ի վեր անդր, զԱաագ Գալամազի թարգման եւ կարաւանապետ մի ի Վենետիկ: Անկէ ետքն է թագաւորազանց եւ թագաւորականաց ոմանց գալուստն ի Վենետիկ, ինչպէս Լիւզինեան Պեմոանդի, որ եւ մեռած (1364) կըսուի հօս. - քսան տարի անցնելէն ետքը` իր եղբօրն` Լեւոնի թագէն ղրկուած եւ ի խնդիր թագի` ստուերակերպ անցքն ընդ Վենետիկ (1383):

Այս վերջին Լեւոնի Վենետիկ եկած տարին կու բնակէր Եղբայր Օգոստինոս ոմն Էրզիրումցի հայ դոմինիկեան կրօնաւոր, յառաջն Աւետիք կոչուած, ուր եւ կընդօրինակէր զՆախադրութիւնս հայերէն Ս. Գրոց, աւելցընեքով յիւրմէ պէսպէս կրօնական բանս արձակ եւ ոտանաւոր, եւ որոյ գրչագիրն ի ձեռուընիս է: Աս գրուածքին մէջ նշանակութեան արժանաւոր կէտ մի եւ կարեւոր մեր առաջարկութեան այն է, որ կըսէ թէ գրած կամ աւարտած է զայն ի 29 փետր. նահանջ ամի ի Վընէժոյ եկեղեցին: Ո՞ր եկեղեցի է ` զոր կուզէ ակնարկել գրիչն. եթէ զմի ի լատին եկեղեցեաց, առանց տարակուսելու ` նուիրական տաճար Սրբոյն Մարկոսին է. սակայն Հայոց մէջ այնքան հռչակուած էր անոր անունն (San Mareo), որ եթէ գրիչն զայն ակնարկել ուզէր ` յանուանէ այլ կու գրէր. ուստի պատշաճ թուի կարծել ` թէ կամ ի վեր անդր ` ( 1348ին ) յիշուած եկեղեցին կիմանար, ուր Հայ Եղբարք կու բնակէին. - մանաւանդ զի ինքն ալ կրօնաւոր էր եւ դոմինիկեան, եւ կիսով դարու յառաջ հաստատուած էր Սրբոյն Դոմինիկոսի կանոններով Հայոց Ունիթորաց միաբանութիւն մի, եւ տարադէպ չէ կարծել թէ անոնցմէ ոմանք կանխած եկած ըլլան նա եւ ի քաղաքս. ինչպէս այլք ալ արդէն անցէլ էին ի Կաֆա. եւ կամ պէտք է համարել զեկեղեցի Ս. Խաչի, եթէ այս անուամբ ալ կոչուած եւ թէ ոչ, այն որ մերձ է Հոգետան եւ փողոցի Հայոց, ի թաղերիցութեան Ս. Յուլիանոսի, առ որ միւսանգամ դառնաք եւ կնքենք խօսքերնիս:

Սրբոյն Յովհաննու Հայ Եղբարց յիշատակութենէն քանի մի տարի յառաջ (1344 հոկտ. 2) Ս. Յուլիանոս եկեղեցւոյ Յակոբ Մարքէզինի քահանայի ձեռքով գրուած կտակ մի կայ Հայ տան (Ca Armena) մէջ բնակող կնոջ մի, Armina կոչուած, եւ Մարիամ անունով. եւ որ ինքզինքը կու կոչէ ի կտակին Massaria domus Armenorum, որ ոչ թուի ինձ սոսկ աղախնի, որպիսի նշանակութիւն ունի արդի գաւառական լեզուի մէջ այդ massaja կամ nja) տանն Հայոց, եւ այս առաջին անգամ է, գէթ ինձ ծանոթ յիշատակագրաց մէջ, Հայոց տան յիշատակութիւնն Ծիանիի կտակէն ետքը: Վասնզի հայ ազգայնոց դեռ առաջին եւ միակ հին կտակն է ` զոր յաջողեր ենք գտնել ի դիւանս Նոտարաց, բայց բաւական նշան մէ թէ անկէ յառաջ ու ետքն այլ գրուած պէտք էին ըլլալ այդպիսի վաւերականք,, եւ որոց դիւան փափաքելի է. զի թէպէտ կտակք են եւ մահու յիշատակաւ առթեալ, այլ կըրնան ընծայել մեզ շատ կարեւոր եւ անտխուր տեղեկութիւն. եւ այս ` որոյ խօսքը կ՚ընենք, ըստ բազում գլխոց պատուական է եւ հմտացուցիչ: Կտակողն Մարիամ ` ազգէն զատ չի յիշեր ոչ զծնողս եւ ոչ զազգականս. եւ ըրած մանրմունր մէկուն կամ մէկալին թողած դրամք կու գումարուին հարիւր տուկատ եւ երկու ֆիորին, անշուշտ ոսկի դրամով, որով կրնայ ենթադրուիլ ` թէ հասարակ աղախնէ մի բարձր վիճակ ունէր, եւ աւելի բարեկեցիկ: Կու զբաղի եղեր ի դարման տեսակ տեսակ հաւուց, եւ այն միջոցով կու հայթհայթէր անշուշտ իրեն պարէնը եւ կենաց դիւրութիւն: Իր կտակին առթիւ թողած կարեւոր գիտելին ` Հայոց տան մէջ եւ  թերեւս անկէ դուրս բնակողաց ութ կամ տասն ազգայնոց անուանք են. արք, կանայք եւ Եղբարք եւ յորոց իրեն կտակակատար կու սահմանէ, եւ են. Եղբայր Միքայէլ Հայ. - Տիկին Բարթուղիմէ հայազգի (Domina Bartholomia Armeni), եւ որոյ ֆլորին մի յիշատակ կու թողու. իսկ առաջնոյն ` երկու ֆլորին եւ սեաւ պատմուճան մի. - Յակոբ կտակակատարին ` չորս տուկատ եւ արդէն իր քով եղած գրաւականը. - նօտարին ` ֆլորինի մի: Կու յիշէ ուրիշ հայ Եղբարք, Գուլիելմ (Vielmo) եւ Եղեկիել, չի նշանակելով անոնց բնակութիւնն ի տան Հայոց, եւ կու թողու առաջնոյն չորս ֆլ., իսկ միւսոյն երկու: Ի կանանց ` բաց ի Բարթուղիմէէ, զոր յիշեցինք, կ՚անուանէ զԶապել, որ Հայոց Սիսուանեայց մէջ յաճախել անուն մ՚էր ի ժամանակին, մանաւանդ առ ազնուականս. եւ բնակութիւն սորա էր ի Հայ տան. որուն կու կտակէ իր կրկնոցը եւ սպիտակ պատմուճանը (mantello, tunica alba) եւ տուկատ մի դրամ: Նոյնպէս ի Հայտան բնակող Գալլի կնոջ մի կու թողու իր զգեստները (i suoi panni) եւ տասնուվեց փոքր դրամ (soldi): Յիշենք անցողաբար, որ այս ատեններու կտակաց մէջ յաճախ կու տեսնուի բառդ Գալի, եւ կարծեմ ստրուկ-կանայք կու նշանակէ: Ֆրանչիսկա (Francisca) հայ կնոջ մ՚ալ կու թողու ֆլորին մի. սա չէր ի բնակչաց Հայատան, այլ ի Ս. Վյաս (Sancti Blasii), ոչ գիտեմ յաշխարհական տան թէ ի մենաստանի:

Ամէն բանէ առաջ ` իբր բարի քրիստոնեայ ` իր ընչից տասնորդը կու տայ (In primis omnium rectam dimitto decimam). եւ վերոգրեալ քահանայից եւ Հայ Եղբարց թողածէն զատ, կու կտակէ Ս. Յուլիանոս եկեղեցւոյ քահանային` երկու տուկատ վասն մատուցման պատարագաց, նոյնպէս Սրբոյն Մարկոսի քահանային երկու տուկատ. տուկատ մ՚ալ կուսանաց Սրբոյն Զաքարիայի, որ Բիւզանդիոնի հայ կայսեր մը գանձով կառուցուած եկեղեցի է, ու վերջին դարուց մէջ դեռ եւս կային հօն եւ հայազգի կուսանք, եւ թերեւս կտակող Մարիամայ ժամանակն ալ: Հայոց տանն այլ ` ուր կու բնակէր, կու թողու ութ ֆլորին, որպէս զի պէտք եղած նորոգութիւնն ընեն, որով կ՚երեւնայ կարօտ ըլլալն, եւ անշուշտ Ծիանեայ տուրքն չէր բաւեր ծախքը գոցելու: Չի մոռանար Մարիամ եւ այլ ազգային տուներն, եկեղեցիք եւ վանորայք որ յայլեւայլ քաղաքս Իտալիոյ, բարեպաշտութեան հետ անշէջ պահելով նա եւ զոգին ազգային. եւ կու կտակէ Հայոց տանց որ ի Պոլոնիա, Բերուճիա, Սիենա եւ Գենուա ` երկու երկու տուկատ կամ ֆլ., իսկ հոգետանն որ ի Չիվիդավեգգիա (Urbe veneris) մէկ տուկատ:

Իրմէ բարերարելոց մէջ նշանաւոր է Արքեպիսկոպոսն Հայոց, ճոխամասն կտակաւ. ասոր կու թողու արդէն փոխ տուած երեսուն տուկատը, ու իրմէ առած գրաւականն, աւելացնելով ասոնց վրայ տասն ֆլորին եւս: Ափսո ' ս որ յանուանէ չի յիշատակեր զնա. բայց լոկ Հայոց արքեպիսկոպոս կոչումն ալ նշանակ է. եւ իրաւամբ ենթադրել կու տայ, թէ Վենետկոյ ` կամ յաւէտ Իտալիոյ Հայք ` եպիսկոպոս կամ արքեպիսկոպոս մի ունէին, եւ որոյ աթոռն էր այն քաղաքաց մէկուն մէջ ` յորս Հայոց հոգետունք կամ վանորայք կու գտնուէին: Ուրիշ թէ ' ազգային եւ թէ օտար յիշատակարաններէ գիտեմք, թէ այն ատեններն Թովմաս անունով հայ եպիսկոպոս մի կայր, որ Եպիսկոպոս Իդալիոյ կու գրէ եւ կու կոչէ զանձն, կոչումն պանծալի, որով հաւանաբար կրնայ կարծուիլ թէ յիշեալ քաղաքաց մէջ, նա եւ ի Հռովմ գտնուող գաղթական Հայոց վերադիտող մ՚էր. իր ի Վենետիկ ըլլալուն վկայութիւն մի կայ. զի ասկէ մագաղաթ ( գրուած կամ անգիր ), կու ղրկէր առ Կոստանդին կաթողիկոս (1374-81): Վախճանած եւ թաղուած է Թովմաս ի Բերուճիա (1385), ինչպէս կու տեսնուի ի տապանագրէն ի Սուրբ Մատթէոս եկեղեցւոջ քաղաքին: Եւ որովհետեւ քառասունեւհինգ տարուան միջոց կայ ընդ մահ Թովմայի եւ Մարեմայ, մարթ է կարծել թէ ուրիշ մ՚ըլլայ ասոր յիշած եպիսկոպոսն, թերեւս նախորդն Թովմայի. մանաւանդ զի յայնմ դարու յաճախ կու հանդիպէին այցելութիւնք եպիսկոպոսաց Հայոց ի Հռովմ, ի Պոլոնիա, ի Փլորենտիա եւ ի Վենետիկ. եւ կտակիս գրուելուն ժամանակ եպիսկոպոսին ի Վենետիկ գտնուելուն նշանակ մ՚այլ ` ոչ միայն փոխառութիւնն եւ գրաւական տալն է, այլ եւ կտակողին կողմանէ ձգուած ուրիշ պարգեւ մի եւս, երեք սիրամարգ. ինչպէս եւ մէկմէկ սիրամարգ Յակոբ քահանայի, եւ Սրբոյն Մարկոսի եկեղեցւոյ պահապան Փրանկիսկոս քահանայի. ուրիշ մ՚այլ իր հոգւոյն. որպէս զի մնացած հաւեղէններով զոր կու թողուր, հոգեհաց ուրախութիւն մի` ընեն. (de omnibus meis galinis fiat unam charitas) իր մահուան օրը: Տասն տուկատ ալ կու սահմանէ, որպէս զի այն գումարով ողորմութիւն կնեն ի նպաստ հոգւոյն, (volo fiet unam charitatem), կտակակատարաց որոշմանն համեմատ, որոց եւ  կու յանձնէ իր ամէն շարժուն եւ անշարժ ընչից մնացածը բաշխել վասն իր հոգւոյն. ասով կ՚իմացուի թէ ըստ մարմնոյ ժառանգ չունենալուն ` կու ժառանգեցընէր իր հոգին:

Սակայն հարկ էր մարմնոյն համար այլ հանգստարան մի ցուցընել. զոր եւ կու նշանակէ ի կտակին, եւ անով կու հաստատէր մեր յառաջագոյն ըսածը, թէ երեքտասաներորդ դարէն ի վեր Սրբոյն Գէորգայ կղզւոյն մէջ էր Հայոց Հանգստարանն, ուր եւ ինքն Մարիամ ուզեց թաղուիլ. ու տեղւոյն վաճառականաց երկու տուկատ պատարագիք թողլէն զատ, կու կտակէր մեծ կրկնաջահ մի (oppiere) ի պատիւ Սրբութեան սրբոց մոմեղէն վառելու, եւ ուրիշ մ՚այլ Սրբոյն Յուլիանու եկեղեցւոյն: Ճրագարանաց այս ետքի յիշատակք, ի Ս. Գէորգ թաղումն, լատին այլեւայլ եկեղեցեաց պատարագիք, երկբայելի կ՚ընեն Հայոց տան մէջ մատուռն կամ պատարագատեղի մի ըլլալը. բայց հաւանական յոյժ ` մանաւանդ թէ անժխտելի ` որ կային հայ եպիսկոպոս մի եւ հայազգի Եղբարք Ս. Յովհաննու:

  Գուցէ քահանայք էին եւ յիշեալք ի կտակին ` Գուլիելմ եւ Եզեկիէլ Եղբարք, ուր էր եւ իրենց բնակութիւնն: Եւ թէպէտ յայտնի է յազգային յիշատակարանաց որ, այս կտակէն գրեթէ հարիւր տարի ետքը (1434) պատարագ կու մատչէր ի տան Հայոց, բայց չենք կրնար որոշ բան մի զրուցել թէ պատարագի մատուցման տեղին արդեօք ի յատակի տա՞նն էր, թէ ուրիշ սենեկի մի մէջ ի ստորին յարկի. եւ տեղւոյն անձկութեան պատճառաւ կարելի չէր թաղել հօն զմեռեալս, որպէս սովոր էին ընել ի ժամանակին ` յայլ եկեղեցիս քաղաքին, ինչպէս նա եւ ի Ս. Խաչ ` յետ նորաշինութեանն: Թող որ յառաջ քան զհաստատութիւն տանն Հայոց ի Ծիանեայ, յաւուրս ծերունի Հայոյն եւ յառաջ իսկ քան զնա ` եղեր են ազգայինք մեր ի Վենետիկ. եւ փափաքելի է գիւտ վճռոյ ծերակուտին կամ եպիսկոպոսին Վենետկոյ, որով կու շնորհուէր Հայոց գերեզմանատեղի ի Ս. Գէորգ. ուր ընդ համազգեացն ցանկացաւ ննջել զանհրաժարելի քունն ` եւ աղուաբարոյ Մարիամս այս, ընդ կանխեալսն անյայտս եւ ընդ հետեւեալսն ` յասպնջական եւ ի հիւրամեծար յայսմ քաղաքի, որ ի գիրկս աղուտ հողոյն ամփոփեալ շտեմարանէ ոչ սակաւ նշխարս հայութեան. յորոց հազարէն աւելի անուանց հանդիպեր եմք եկեղեցեաց մահացուցակ սրբագրութեանց մէջ, թէ ' ի բուն քաղաքին, եւ թէ ի կղզիս եւ ի մերձակայ ափունս. որոց ամենեցուն մաղթեմք հանգիստ, եւ խաղաղաւէտ ժողովարանն հասարակաց, յաշխարհն իրական եւ յանփոփոխելի: