Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. ՆՈՐ ՅԱՐԸՆՉՈՒԹԻՒՆՔ ՀԱՅ - ՎԵՆԵՏԱՑ

 

  Երբ  Լեւոն Գ նոր Պարգեւագրաւ ` Հայոց ու Վենետաց մէջ հաշտութիւնն եւ մտերմութիւնը վերահաստատեց, իսկոյն Հասարակապետութիւնն որոշեց ընծաներ ղրկել առ թագաւորն եւ առ պարոն Օշին, որ յետ Հեթմոյ ` նախապատիւ համարուած էր արքային հօրեղբարց մէջ, մինչ Հեթում միանձնական կեանքով հրաժարած էր ի փառաց եւ յընծայից. վճիռն կու սահմանէր, որ եթէ ընծայից ծախքըն ձրիատուր չըլլայ, կէս առ հարիւր սակէն հայթհայթի. գէթ այսպէս հասկընամ վճռոյն խօսքը: Սակայն շուտով լուր հասաւ ` Հայոց մատաղահասակ թագաւորին աղիտալի սպանման, իր մենտորին ` աւագ հօեղբօր Հեթմոյ Բի հետ, որոյ խոհական առաջնորդութեամբ եւ պաշտպանութեամբ կու յուսայր Սիսուան ` զգօն եւ երջանիկ թագաւոր մունենալ. այլ պայծառ ծաղիկն իր բողբոջին մէջ կտրուեցաւ, մանաւանդ թէ անասնաբար ոտնակոխ եղաւ: Պիլարկու թաթար զօրավարէն դաւաճանելով ի մահ (1307 նոյեմբ. 27). զոր` կարելի չըլլալով առանց արտասուաց յիշել, հարկ է լռել, եւ կամ ազնուական մխիթարութիւն համարիլ ` սպանչին արժանաւոր պատուհասը ` սպանմամբ, Թաթարաց մեծ ղանին հրամանաւ, ու Լեւոն Գ թագաւորին մնացած երկու հօրեղբարց, Հեթմոյ խեղեփ եղբարց, Օշնի եւ Ալինախայ, իրաւացի պահանջմամբ: Ասոնք ` ըստ բնութեան արգանդակիցք ` առաւել քան զբնութիւն մեծ յարգ եւ սէր ունէին իրարու վրայ, մինչեւ իրարու առաջարկել արքունական թագը, որուն թերեւս վայրկեանք ինչ ժամու միայն ` ժառանգութեան իրաւանց վրայ խտիր ու զանազանութիւն կու դնէին. բայց կայտառ երիտասարդն Ալինախ ` որ քանի մի վայրկեան յետնածին էր, ազնուապէս յարգելով եղբօրը իրաւունքը, թողուց Օշինի զթագն. ուստի մեծաշուք հանդիսիւ պսակեցին զնա, երբ Ալինախ` Թաթարաց մեծ ղանին հաւանութիւնն առնըլով դարձաւ ի Հայաստան (1308): Վենետկոյ հասարակապետութիւնն ալ իր կողմանէ փութաց ի մեծարանս նորապսակ արքային, հարազատին եւ իշխանացն Հայոց. եւ Օշնի թագաւորելէն քանի մը ամիս ետքը` սահմանեց (1308, սեպտ 5) Յովհան Ֆոսգարինի նոր դեսպանին ձեռքով ընծաներ ղրկել, տասնումէկ լիպրա կրոսից արժէիւք. դեսպանին պիտոյից համար ալ` իննեւտասն կրօս որոշեց: Եւ որովհետեւ Ֆոսդարինի, ինչպէս թուի, ի Կորոն էր այն միջոցին: Պետրոս Կրատենիկոյ դուքսն դրեց առ նա (1308 սեպտ. 22) իր խորհրդակցացն ու հասարակապետութեան հաւանութեամբ, երթալ դեսպանութեան պաշտամամբ առ թագաւորն Հայոց, իշխանութիւն ալ տաքով փոխառութիւն ընելու` յորոց եւ իցէ, ի Վենետաց եւ յօտարաց, խոստանալով անոնց ի Վենետիկ գալէն կամ պահանջելէն երկու ամիս ետքը հատուցանել: Նոյն օրը կու գրէր դուքսն եւ առ Օշին թագաւոր ` յանձնելով նմա զնոր դեսպանն. գրեց եւ առ Ալինախ, աղաչելով որ իր խնամքն անպակաս  ընէ Ֆոսգարինեայ վրայ: Նոյն ոճով, միայն անուանց ու պաշտամանց փոփոխութեան զանազանութեամբ, դրեց եւ առ Հեթում տէր Կոռիկոսի, որ հետաքննական երկասիրութեամբն Պատմութեան Արեւելից (Historia Orientalis) իբրու հայ Մարկոս - Պօղոս մը ` ծանօթ եւ արեւմըտեայց, եւ իրր համանուն հօրեղբօրորդւոյն նման ( Հեթմոյ Բ. յետոյ առանձնանալով ի վանս Պրեմոնստրատեանց, վերադասեց ըզվարս կրօնաւորութեան քան զփառս արքունեաց: Գրեց եւ առ Հեթում տէր Նղրոյ որ եւ հազարապետ էր տէրութեան Հայոց (Capitano). եւ որ առաւել զարմանալի է, նա եւ առ Հեթում Բ. չգիտենալով թէ արդէն մեռած էր նա ` իր եղբօրորդւոյն Լեւոն Գի հետ. եթէ գրուածն ` օրինակողաց անմտադրութեամբ կրկնագիր պատճէն մը չէ առաջին նամակաց, ինչպէս հաւանական կերեւնայ:

Ֆոսգարինիի դեսպանութեան երթալն ուշացաւ, կարծեմ նախ հիւանդանալուն պատճառաւ, եւ ապա պատրաստութեանն ի չու, եւ մահուամբն բոլորովին խափանեցաւ. թերեւս կերպով մը պատճառեցաւ Հայոց ընդ Կիպրացիս գժտուելէն, որոց երկուքին ալ բարեկամ էր Հասարակապետութիւնն, եւ որ երկու ազգաց նոյն ժամանակաց պատմութեան մէջ մեծ եւ նշանաւոր դէպք մը կու համարուի, եւ այն պատճառաւ երկար դրութիւնք եղած են առ միմեանց, առ Պապն Հռովմայ, առ օտարս, եւ առ նոյն իսկ Հասարակապետութիւն Վենետկոյ. առ որս յետոյ կու գրէր եւ կաղերսէր նա եւ Կիպրոսի թագաւորին կին ` դշխոյն Իզապէլ, ազատել իր ամուսինը ( Ենրիկ թագաւորը ) արգելուածն յաշխարհին Հայոց (1310 օգոստ 20): Օտար ըլլալով մեր նպատակէն այս դիպուածոց եւ գրութեանց վրայ յերկարել, զհետաքննողս կու ղրկեմք առ Մասլադրի (Histoire de Chypre. ll 116). Տարի ու կէս վրան անցնելէն ետքը ` փոխանակ Ֆոսգարինի վախճանելոյ ` պայլ եւ դեսպան ընտրուեցաւ Գրիգոր Տոլֆին, ( որ երբեմն Գէորգ ալ կոչուած է ): Ի վերջ կոյս ապրիլի կամ ի սկիզբն մայիսի, սահմանելով նմա թոշակ իբրու դեսպանի եւեթ: Եւ որովհետեւ առ թագաւորն Հայոց ղրկուելիք ընծաներն մնացեր էին ի Կորոն. կու գրէր դուքսն (1310 մայիս 12) առ բերդապահն (Castellan) Կորոնի եւ Մոթոնի. որ նոր դեսպանին յանձնէ զանոնք, յորս` կերեւնայ թէ կայր նա եւ վրան (tenda) մի. իսկ իր վախճանելոյն մնացած ինչը պահել, մինչեւ իմացընեն ինչ ընելիք: Երկրորդ օրը կու գրէր առ թագաւորն Օշին (1310 մայիս 13), յանձնելով նմա զՏոլֆին իբրու Պայլ. իսկ իբրեւ դեսպան ` առանձինն կու գրէ աղաչելով մտիկ ընել քանի մը խընդրւածոց ` զոր բերանացի կամ գաղտ յանձնած էր նմա: Ինչպէս յառաջնումն, այս անգամ ալ կու գրէ եւ առ այլ իշխանազունս երկրին, եւ մի եւ նոյն օրուան մէջ նախ քան զամենեսին ` առ Հեթում գունդստապլ, ոչ միայն յանձնելով նմա զՊայլն, այլ եւ առանձինն շնորհակալ ըլլալով որ մեծապէս խնամակալութիւն կ՚ընէ Վենետաց, ինչպէս պատմեր էին ազնուատոհմ Նիկողայոս Մորոզինի եւ այլք: Այսպէս ողոքով կու գրէր եւ առ միւս Հեթում տէրն Նղրի, վասն զի երկուքն այլ հզօրք էին եւ մեծահարկիք ի պետութեան Հայոց:

Այս առթով եւ ի նմին աւուր կու գրէր դուքսն նա եւ առ Պայլն Նեկրոբոնդի, այն խնդրոց համար` որ պիտի դիւրացընէին Հասարակապետութեան բարեկամութիւնն ընդ Հայս. եւ էր` ստիպել զՅովակիմ Սանուտոյ, որ երկու խալէիւք կողոպտէր էր զՀայս եւ զԿիպրացիս, եւ որք իրենց վրէժն առնելու համար բանտեր էին զՎենետս, որպէս զի իրեք ամսու միջոցի գայ առ դուքսն, հաշիւ տալու իր ըրած գործոյն, ապա թէ ոչ` յանցաւոր պիտի համարուի: Թերեւս այս եւ ուրիշ խնդրոց համար Օշին թագաւորն ալ դեսպան ղրկեր էր ի Վենետիկ զզօրականն Գերարդ եւ զՆիկ. Մորոզինի, յորոց դուքսն լսեց զամենայն, եւ յանձնես անոնց (1310 մայիս 14) բերանացի պատասխանել թագաւորին. եւ որովհետեւ Օշինմիջնորդութիւն ալ ըրեր էր առ Քահանայապետն ի նպաստ Վենետաց, քիչ յառաջ (1310 ապրիլ 7), շնորհակալու մտօք վճռէր էր Ատեանն, որ ի ժողովոյ Հնգետասից քննուած Հայոց թագաւորին խնդիրքն` ըլլան, իբրու վճռուած ի Մեծ Ատեանէն: Ուրիշ վճիռ մալ տրուած է նոյն օրերում (1310, ապրիլ 14), որպէս զի ի Կիլիկիա գացող դեսպանն վարձէ դարիթ մի տասնուհինգ կամ քսան նաւաստեօք եւ ոչ աւելի, առ ի տանել առ թագաւորն զսահմանեալ ընծայս, բայց որովհետեւ նա արդէն վարձած էր մեծ խալէ մը իբր երեսունուերեք կամ երեսունեւհինգ նաւաստեօք, ատեանն կու զիջանի (1310, մայիս 30) թոյլ տալ նմա` եթէ հաւանին գունցք նաւագին (Consules marinariis): Քիչ օրէն (3 յունիս) կը շնորհուի  նմա կէս առ հարիւր շահէն` առնուլ որչափ ինչ կարեւոր է ի կառուցումն մթերանոցաց, եւ Վենետաց հասարակապետութեան ի Հայս ունեցած ուրիշ կալուածոց, եւ եղած ծախքը ծանուցանել ի Վենետիկ: Երկբայութիւն չկայ որ դեսպանին առաջին խնդիրն պիտի ըլլար Պարգեւագրին նորոգութիւնը, զոր եւ կատարեց Օշին, ինչպէս կու վկայէ իւր որդին (Լեւոն Դ) իր տուած Պարգեւագրին մէջ. բայցորովհետեւ կորսուած է Օշնի պարգեւածին պատճէնն, ուստի եւ անյայտ մնայ գրութեան թուականն: Թագաւորին եւ իշխանազանց, առ որս գրուեցան վերոյիշեալ թուղթք, անուանք ու պատուոյ կոչումն նշանակուած են ի գիրսն Դաշնադրութեանց (Patti) յէջս 79 - 81 ուրիշ ազգաց համապատիւ եւ համանման իշխանաց եւ կարդինալաց անուանց հետ, իբրու յատկապէս սահմանուած երեսագիրք կամ հասցէք, եւ են հետեւեալքն: Օշին թագաւորին, Hoissinus de Altitonanti genere Ruppinorum:

ALINAC  filins quondam Regis Armenie Dominus Lambri Montis Livonis Gogolaqui Tarsso. Կրկին գրուած կայ իր հասցէն հետեւեալ կերպով. Alinsch Regis frater et quoudam Serenissimi Regis (Leoni ll) filins.

FRATER Johannes Ordinis Fratrum Minorum Primogenitus quondam Serenissimi Regis Armenorum. ուր գրիչն կը յաւելու, nune mortuus (այժմ վախճանեալ) բայց ուրիշ մը կընթեռնու monacus (այժմ կրօնաւորեալ), որ է Հեթում Բ:

Օշին թագաւորին մահուընէն ետքը ` յետագայ երեսագիրք կու գտնուին ` ինչուան առ մեզ հասած.

Leo (IV) Sex Armenie.

AYTONUS Senechalcus Regis Armeniae.

AYTONUS de Negrio Camberianus et Cubernator Regni Armenie.

Կրկին գրուած կան ասոնց անուանքն De Harmenia խորագրաւ:

AYTOBUS Dominus Nigrini, Capitanus Curie Regis Herminorum.

AYTONUS Conestabilis Hermenie.

Ի գիրս եւ ի յիշատակարանս գտնուած այդ անուներէն յայտնապէս կ՚երեւի, թէ Օշնի թագաւորութեան ատեն (1307-1320) յաճախ եւ սերտ էին փոփոխակի վերաբերութիւնք Հայոց ընդ Վենետաց, ինչպէս նա եւ յետոյ իր որդւոյն Դ. Լեւոնի ժամանակ: Վերը յիշուած Գրիգոր Տոլֆին դեսպանին ի  Հայաստան երթալէն քանի մը տարի ետքը, նոր դեսպանի պատրաստութիւն կու տեսնուի, եւ թերեւս նոր եկողի մը ի Հայոց. վասն զի նոյն տարւոյն (1310) սեպտեմբեր 24 ու հոկտեմբեր 10 թուականներով տրուած որոշմանց մէջ Ատեանն կու  վճռէ Հայոց  թագաւորէն եկած ընծայ մետաքսեայն ու ոսկէդիպակքը (drapis setae, drapis ad aurum) վաճառել, որ հաւանօրէն  Դամասկոսի կամ ուրիշ արեւելեան քաղաքի մը հիւսուածք էին, ու անոնց գնով նոր դեսպանին յանձնել  իրեն ղրկուելիք ընծաները. եւ որովհետեւ չվաճառուեցան, եւ կ՚ենթադրէին թէ անոնց արժէքն ըլլայ իբր քսան լիպրա կրոսից, սահմանեցաւ որ նոյնչափ արժէքիւք ընծայք գնուին ու ղրկուին առ թագաւորն: Որոշակի եւս կու յիշատակուի դեսպան Հայոց ի Վենետիկ 1311 թուականին, յուլիս ամսոյն տասնին, եւ որում կը շնորհուի անմաքս ի ցամաք հանել 560 թիակ ընդ մեծ եւ ընդ փոքր` ի կազմած երկու խալէից եւ միոյ նաւու: Գրիգոր Տոլֆինի ալ` նոյն օրեր (յուլիս 17) հրաման եղաւ դառնալ Պեմպոյ Տարտիի խալէիւ, (որ ի Հայոց եւ ի Կիպրոսէ վաճառք վերցընելու հրամանն ընդունած էր, պայմանաւ ` որ ձրի տանի Վենետկեցի դեսպանն ի Հայս եւ ի Կիպրոս ). սահմանեցաւ դեսպան Նիկողայոս Մորոզինի, որոյ անունն կը յիշուի 1311 նոյեմբեր 10 թուականաւ տրուած վճռոյն մէջ, ուր խօսք կ՚ըլլայ նա եւ Լիոնա նաւուն կահից եւ կազմածոց վրայ: 1314 տարւոյն սկիզբը (27 փեբր. ) կու յիշուի առ թագաւորն Հայոց ղրկուած նոր դեսպան եւ ընծայ, որոց համար հարկաւոր ծախքն պիտի լեցուէր կէս առ հարիւր բաժէն. եւ որովհետեւ չբաւեց այն, յօտարաց փոխ առնուելով` սահմանեցաւ ի մտից Պաշտօնէից ծովու (officiales maris) հատուցանել պարտատեարց. իսկ սոյն պաշտօնէից ալ` յետոյ նոյն կէս առ հարիւր բաժիւ հատուցանել իրենց պահանջքը: Ասկէ քանի մը ամիս ետքը (1314, յուլիս 21) դարձեալ կու հրամայուի ընծայ պատրաստել Հայոց թագաւորին համար քսանուերկու լիպ. կրոսից արժէքով: Իսկ երկու տարիէն ետեւ (1316, սեպտ. 5 եւ 9) ճոխագոյն ընծայք պատրաստուեցան Հայոց թագաւորին հարսանեաց համար, որ այրիացեալ ` կ՚անցնէր յերկրորդ ամուսնութիւն ընդ Յովհաննայ Եռինէի ` դստեր Փիլիպպոսի իշխանին Տարենտայ. եւ սահմանեցաւ գին ընծայիցն ` երեսուն լիպրա կրոսից. եւ թէ զայդ դրամ հայթհայթելու համար ` դուքսն եւ խորհրդականք կարենան փոխառութիւն մ՚ընել, ուստի եւ յաջողին, նա եւ տոկոսեօք, ի հատուցումն այս եւ ուրիշ կանխաւ եղած փոխառութեանց:

Կորուսեալ գործոց (actes) համառօտ գլխակարգութեան մը մէջ կու նշանակուի վճիռ մ՚ալ 1317 կամ յաջորդ տարւոյն մէջ` նոր դեսպան մը ղրկելու, որ առ ժամն կու խափանուի: Կու յիշուի դարձեալ ի դիմաց դքսին թղթոյ մը առաքումն առ թագաւորն Հայոց, ոչ ի ձեռն դեսպանի` ինչպէս թուի, որովհետեւ Փր. Տանտոլոյ Նէկրոբոնդի Պայլն ղրկեց զայն, ինչպէս կու ծանուցանէ սա առ դուքսն` նամակաւն գրեալ ի 1318, յուն. 28, յորում նշանակէ եւ զգերիլ վաճառակիր խալէի Կրիմանեանց յԱյաս` ի Սբինոլայ Գենուացւոյ:

Երկու տարի վրան արցնելէն ետքը ` մեռաւ բարեկամն Վենետաց Օշին թագաւոր, (20 յուլիս, 1320), ժառանգ թողլով իր երկոտասանամեայ դեռահասակ որդին, Լեւոն Դ, եւ խնամակալ կարգելով նմա` վերը յիշուած երկու Հեթմեանքը, դքսին հետ թղթակցելու համար, եւ զՊաղտին մարաջախտ: Նոյն ժամանակին հանդիպած արշաւանք Եգիպտացւոց ի Հայս, թագաւորին անչափահասութիւնն, Կոռիկոսոյ տեառն Օշին Պայլի ձեռներիցութիւնք, առ վայր մի վրդովեցին զԿիլիկիա, եւ որոյ տատանումն հասաւ մինչեւ ի Վենետիկ. վասն զի Օշին մահուընէն ամիս ու կէս ետքը (8 սեպտ. 1320) ատեանն կու վճռէր որ ի Կիլիկիա երթալու պատրաստուած Պայլն Յովհաննէս Գարոզոյ ` մնայ ի մայրաքաղաքին, եւ իրեն փոխանակ ` արդէն սահմանուած դեսպանն ուղեւորի, որոշելով նա եւ իրեն էր թոշակին ու ծախուց չափը: Այս դեսպանն էր Միքայէլ Յուստինեան, որուն մեծ խնամքով յանձնեցաւ, ( թերեւս յառաջ քան զմահ Օշին), դիւրացնել վենետացի վաճառականաց առեւտուրը, Հայոց թագաւորէն խնդրելով որ վերցընէ արդէն սպրդած զեղծմունք, ու կրկին հաստատէ նախկին բարեկարգութիւնը: Մտադրութեան արժանաւոր վկայականներէն մէկն է` իր ձեռքն տրուած հրահանգը, որոյ պատճէնը պահուած է ի դիւանս. յորում` նախ, կու խնդրէ նորոգել հնաւանդ արտունութիւնը. (թագաւորն փութաց կատարել զայն` ի փռանկ լեզու գրուած վճռով մը, 1 մարտ, 1321), եւ յետոյ ուրիշ այլեւայլ առաջարկութիւններ կ՚ընէ. յորս գլխաւորքն են, որ Վենետք առանց արգելից եւ դժուարութեան` կարող ըլլան իրենցմէ ի Հայս բերուած ոսկին ու արծաթը վաճառել: Թագաւորն թոյլտուութիւն ըրաւ ոսկւոյն, բայց արծաթոյն կէսը կ՚ուզէր իր փողանոցին մէջ դնել, որպէս զի կարող ըլլայ Եգիպտոսի սուլտանին հարկի դրամը հայթհայթել: Կու պահանջէին դարձեալ Վենետք ` որ Հայք իրենց փողանոցին կշիռքը փոխեն ` իբր անճիշտ. որոյ պատասխան տրուեցաւ ի մերոց, թէ կշիռք ճնշտ են, եւ խարդախութիւնն թերեւս կշռողին կողմանէ է: - Խնդրեցին դարձեալ եւ շնորհուեցաւ Վենետաց, որ կարենան գնել առանց մէկէնիմէկ փոխարէն վճարքն ընելու, միայն հաստուցանելով դաշնագրին մէջ նշանակուած տուրքը: - Տրուեցաւ նոցա ազատութիւն գետանցից, թոյլտուութիւն կապելոյ զնաւս յերկաթի անուրս ծովաբերդին Այասոյ, եւ ապահարկութիւն ի սովորական սակէ մետաքսեայ եւ մորթեայց ի Սիս եւ այլուր: - Եւ որովհետեւ նեղ էր նաւահանգիստն ` շատ բեռ թափելու անյարմար, իրենց խնդրանաց համաձայնելով հրաման շնորհուեցաւ, որ կարող ըլլան թափել եւ ի ծովափն, բաց յարծաթոյ ` զոր հարկ էր հանել ի նաւահանգիստն: - Բաց յառանձնաշնորհութեանցս ` թագաւորին Հայոց մասնաւոր խնամոց կու յանձնուի տէր Նիկոլայոս ոմն ` սարկաւագապետ Տարսոնի. կու շնորհուի մթերանոց մը (masen) գերեզմանատան մօտ: - Մնացածն կրնան գտնել փափաքողք եւ հետամուտք ` մեր իտալերէն գրածին մէջ:

Այս ամէն խնդրուածոց գլուխները կնքուելով արքունական փոքր կնքով, կու յանձնուի հայցողին, եւ որ թուի թէ փութով զրկեր կամ անձամբ բերեր է ի Վենետիկ, եւ թերեւս յառաջ քան զՊարգեւագիրն Լեւոնի որ ի 1 մարտի, փռանկ լեզուաւ, համաձայն շնորհելումն ի հօրեղբօրորդւոյն իւրմէ ի Լեւոնէ Գ. հայ բնագրին հետ եւ լատին թարմանութեամբ եւ ոսկեղէն կնքօք. որոց համար հին նօտարաց դիւանն կ՚ըսէ, թէ Պայլն Գարոզոյ բերեր էր ի Վենետիկ, եւ հրամանաւ դքսին գրեր էր ի տան գործակալութեան դքսական ապարանից (Procuratis). եւ յետոյ միւսանգամ ղրկուեցաւ նա ի Հայս ի սկիզբն 1322 տարւոյն ընդունելով տասնուչորս լիրայ կրոսից ի նորոգութիւն տանն յԱյաս, եւ հնար տանելով նա եւ զպատճէն խնդրոց եւ շնորհաց առ դեսպանն Միքայէլ Յուստինեան, իբրու վաւերական եւ ապահովութիւն իր հայրենակցաց իրաւանցը, որ յետոյ տրուեցաւ նա եւ իր յաջորդին Պիաճիոյ Մալիբէրիի, յամին 1326 յինն յուլիսի: Եւ որովհետեւ դեռ մանուկ կամ անչափահաս էր թագաւորն, ինչպէս ըսինք, հաւանական է կարծել ` թէ ոչ միայն քարտուղարն ` Կոստանդին արքեպիսկոպոսն Դրազարկի, ( յետոյ կաթողիկոս ) այլ եւ պայլքն երկոքին Հեթմեանք դրին իրենց ստորագրութիւնը. ինչպէս կու տեսնուի ի համառօտ վաւերական Պարգեւագրէն, որ հրամանաւ եւ հաւանութեամբ թագաւորին տրուեցաւ նոյն օրերում (16 մարտ, 1321) Մոնբլուզեցի (Մոնբելիէ) վաճառականաց, որուն կու ստորագրեն երկուքն ալ սոսկ իրենց անուամբն, Հեթում, Հեթում. յորոց մին էր ջամբալյան եւ միւսն սէնէսկալ պետութեանն:

Թէպէտ եւ անտարակուսելի, այլ չյաջողեցաւ ինձ գիւտ գումարին յիշեալ ընծայից զոր այս անգամ Հասարակապետութիւնն ղրկեց առ Լեւոն, եւ որ անշուշտ հարկ էր թէ մեծագին եւ մեծափառ ըլլար, թէ ի պատճառս շնորհացն զոր ընդունեցան ի ձեռն Մալիբիէրի դեսպանի, եւ թէ վասն հարսանեաց թագաւորին, որ ի նոյն ամս կատարեցաւ. վասն զի այն ժամանակաց սովորութեանն համեմատ կու փութային արքայազուն մանկունք կանուխ պսակել, անոնց ապագայն ապահովելու, կամ յուսացողաց եւ հետամտից հնարքը կարճելու վախճանաւ: Իսկ այս անգամ մեծագոյն եւս էր փոյթ ` խորագէտ եւ փառասէր իշխանին Կոռիկոսի ` Օշինի, որդւոյ ծանոթ պատմըչին Հեթմոյ, արքունական Պայլի պաշտման բարձրանալ: Սա հարսնացոյց թագաւորին իր դստրիկը ` Ալիծ, եւ ինքն կին առաւ զմօրու նորա ` զերկրորդ կին Օշինի, զՅովհաննա, եւ սան առ ոտն յառաջ երթալով, եւ ինչուան մահու չափ հարստահարելով ըզպարոնայս, արքունեաց պատկանող զանազան կալուածներ ալ նուաճեց: Թագաւորն զարգացեալ եւ սթափեալ, հաւանաբար նա եւ գրդեալ յայլոց, իբրեւ արքունի իրաց պարտաւոր (Lese majeste) սպաննել տուաւ զՕշին եւ զեղբայրն (1329) մանաւանդ զի յանդըգնէր էր նա դատապարտել եւ սպաննել` իւր իսկ թագաւորին հօրաքոյրը, զգոռոզն Զապլուն, զկին հռչակելոյն Ամուրեայ իշխանին Տիւրոսի, եղբօր Կիպրոսի Ենրիկ թագաւորին, որ Բ Լեւոնի վեշտասան որդւոց եւ դստերաց անդրանիկն էր, եւ միաւ կենդանի մնացած:

Բայց Չորրորդս այս Լեւոն ` իր բազմածուփ թագաւորութեան քսանուերկու տարիներու մէջ, - որ աղիտալի Այասոյ կորստեամբ, այլ ուրիշ կողմանէ ոչ նուազ բարգաւաճն, յորոց այլեւայլ յիշատակք կան մնան ցայսօր, ինչպէս նա եւ մատեանք ընտիր գրչութեամբ, - ջանաց սերտ պահել Վենետկոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը, թէպէտ եւ ի հարկէ դիպաց եւ արկածից իր երկրին ` բռնադատուելով երբեմն ամփոփել զայն, ըստ ոչ յօժարութեան եւ շահու Վենետաց: Այս վերջիններս ոչ միայն դիւանագիտական ( diplomatique ) եւ վաճառական յարաբերութիւններ պահեցին հետը, այլ եւ ուրիշ կերպով մալ. այսինքն առանձնակի մը գրուածներով եւ ջանիւք, եւ պահպանութիւն թագաւորութեան Հայոց: Գրողն էր գերահռչակն Մարինոյ Սանուտոյ Դորչելլոյ, ծանօթն եւ համախոհ մերոյս Հեթմոյ Անտոնի Կոռիկոսեցւոյ, որ սիրով ազատութեան Սրբոյ Երկրին ` ոգւով չափ վառուած, ( առ որ օժանդակ մեծ կու համարէր զթագաւորութիւն Հայոց ), կու թղթակցէր ընդ թագաւորին, ինչպէս քաջայայտ կերեւնայ իր մէկ ծանոթ թղթէն ` զոր գրած է իբր յամի 1326 յորում կարեւոր ծանօթութիւնք կան եւ նախ, թէ Լեւոն գրեր էր յառաջագոյն առ Սանուտոյ. եւ երկրորդ, զի պատգամաւորութեամբ ղրկէր էր առ քահանայապետն Հռովմայ ` զԵղ. Թադէոս արքեպիսկոպոս Կաֆայի, հանդերձ ընկերակցօք. եւ երկրորդ, թէ եւ ինքն Սանուտոյ անձամբ եւ գրովք կու յորդորէր զՊապն, զծիրանաւորս, ինչպէս նա եւ զթագաւորս Փռանկաց եւ զԱնգղիոյ, անոնց պարոնայքը, զԿոմսն Հաննովէրի եւ զայլս յօգնութիւն Հայոց. - չորրորդ, թէ զայս ամենայն պիտի ծանուցանէ թագաւորին Եղ. Հուգոյ ի կարգէ Քարոզողաց: Սանուտոյի ոչ միայն թուղթք ` ամփոփեալք ի հաւաքմունս ( Gesta Dei per Francos ), այլ եւ իր հռչակաւոր ժամանակագրութիւնն լի են ծանօթութեամբք այն ժամանակին Հայոց թագաւորութեան վիճակին վրայ, եւ թելադրութեամբք ի նպաստ ասոնց: Նոյն վախճանաւ մեծ ջանք ցուցին քահանայապետքն Յովհաննէս ԻԲ եւ յաջորդքն. բայց Փռանկաց եւ Անգղիոյ թագաւորաց իրարու հետ հակառակութիւնք, արեւմտականաց դանդաղութիւնք, անվախճան վէճք եւ քննութիւնք զհաւատոց Հայոց, անօգուտ ըրին Սանուտայի եւ Հեթմոյ ջանքն ` ի պահպանութիւն կիլիկեան իշխանութեան Հայոց, որ նախամարտիկ էր քրիստոնէութեան, ինչպէս նա եւ օգուտ եւ պարծանք քրիստոնէից:

Դառնանք հիմայ յուղղակի յարաբերութիւնս Հասարակապետութեանն, որ ի ժամանակին կարեւոր խնդիր մալ ունէր, զոր առանց մեզ յայտնելոյ` 1326-7 ամաց վճիռք կիմացընեն. եւ զոր քննելու վախճանաւ ընտրեցան պետական գիտնականքն կամ Իմաստունք (Savii) Նոյն ատեններն ստէպ դեսպանութիւնք կըլլային Հայոց ընդ քահանայապետական արքունեաց, եւ որք շատ անգամ Վենետկէն կանցնէին. երբ նոյն պաշտամամբ` յամի 1327 Յակոբ թարգման եկաւ ընդ Ռեմունդի, սա մնաց ի Վենետիկ, ուր այլք ուղեւորեցան ի Հռովմ, թերեւս կարեւոր խնդրոյ մը համար, որպէս կարելի է կարծել հաշտութեանն Հայոց ընդ Կիպրացիս, թէպէտ եւ արդէն հաստատուած էր այն, եւ քահանայապետն Յովհաննէս ԻԲ խնդակցութեան նամակ գրած առ թագաւորս երկուց ազգաց, բայց դեռ քանի մի պայմանք ի կախ մնացած էին, եւ առանձին խնդիրք կային. ուստի եւ Հասարակապետութիւնն կու յանձնէր Պայլին Հայոց ` երթալ խոսիլ Կիպրացւոց հետ (1328) իսկ յերկրորդ ամին կու սահմանէր ընտրել գիտունս, եւ անոնց ձեռօք քննել զդէպս Հայոց եւ Կիպրացւոց: Նոյն ժամանակին Դեսպան մալ ղրկուած էր ի Հայս, եւ իրեն ծախուցն համար երկու առ հարիւր փող, եւ ինչպէս կերեւնայ, միւս այլ դեսպան կու պատրաստուէր երթալ, եւ ասոր համար ալ դրամ կու սահմանուէր, որ թուի թէ ըլլայ հին ծանօթ դեսպանն Գր. Տոլֆին, եւ քիչ ետքը կորոշուէր պատգամաւորութիւնն եւ առ թագաւորն Հայոց ըսելիքն: Նոյն ատեններն ի Վենետիկ էր նա եւ Հայոց դեսպանն, եւ որոշուեցաւ (19-21 յուլիս, 1329) ի հասից պետութեան ընծայ տալ նմա 4 լիպրա կրոսից. եւ մինչ ստէպ յանձնարարութիւնք կըլլային ի Հայաստան երթալու խալէ եւ նաւեր շինելու, ամենայն խնամքով պատուէր կու տրուէր հօն պատահած անցից քննութեան, եւ ութ օր կու յերկարէր Իմաստնոց ժողովոյն քննութեան համար ժամանակն: Եւ որովհետեւ դարձեալ եկած հասած էին դեսպանք ի Հայոց (1331), կու հրամայուէր ժողովականաց ` խոսիլ անոնց հետ, եւ խնդրել որ յարմարցընեն ընդ թագաւորին, որ վերցընէ իր եւ հորը ատեն վաճառականաց վրայ գրուած հարկաց եւ բաժից ծանրութիւնը: Այս պահանջից վրայ, ինչպէս կու յիշէ ընթերցողն, մանրամասն ծանօթութիւն տուեր էր Հասարակապետութեան ` Պետրոս Պրակատին, եւ թէ պատճառք եղած էին Հայոց ընդ Եգիպտացիս պատերազմունքն, եւ վերջնոցս չարաչար զարնուելով Այասայ քով (1330), վրէժխնդիր յարձակմամբ տիրելն քաղաքին (1331), որով վաճառականաց վնաս հետեւելով եւ բաժից ծանրութիւն, կամայ ակամայ պիտի նեղուէին ի Հայոց. եւ հարկ կըլլար դարձեալ կարգել քննիչս յԻմաստնոց (20 յուլիս 1332) ութ որ պայմանելով, միանգամայն փութոյ պնդութեամբ ` ի վերանորոգութիւն դաշանց դեսպան ղրկել առ թագաւորն զոմն ի վաճառականաց. ուստի կու յանձնուէր պաշտօնէից Աղի (Officiales Salis maris) ճանապարհի ծախքը հայթհայթել, որպէս զի ուղեւորի առաջին ճամբայ ելլող նաւով: Մինչ այս պատրաստութեան վրայ էին, ստիպողական նամակք կու հասնէին  ի Հայոց, յորոց ի քննութիւն ` կու վճռէր ծերակոյտն (28 դեկտ. 1332), որ դուքսն եւ խորհրդականք ընտրեն երեք Իմաստունս, որ պարտաւորին տասն փողոյ տուգանօք մինչեւ ցկէս յանուարի ծանուցանել գրով ` ինչ որ իրենց պատշաճական երեւնայ: Ղրկուած դեսպանն էր Յակոբ Դրէվիզան, որ իմացուց գործոյն յարմարութեան դժուարութիւնը. որովհետեւ գրգռւած էին Հայք ` Վենետաց կողմանէ ցոյց տրուած քանի մի հակառակութեանց համար, եւ Պետրոսի Բիծալոյ ` զբանտարկեալն Գոնդարինի ազատելուն, որով բռնադատեցան պատուհասել զնա ձեռուըները կտրել տալով: Այս ամէն բանին համար ծերակոյտն գումարելով ի խորհուրդ (17 յուլիս, 1333) սահմանեց որ դուքսն իր խորհրդականներովն եւ ժողովով Վաթոնից ` դեսպան կարգեն վաճառականներէն մէկը. որ ի Սիսուան երթալով բերանացի խօսի ընդ թագաւորին, պահանջելով իրմէ տրուած Պարգեւագրին դաշինքը պահպանել, յայտնելով նա եւ Յակոբայ Դրեվիզանի գրով բերած գանգատանաց գլուխները, եւ Պայլին թուղթը ` զոր թագաւորին դիմացը դնէ, եթէ սա չգիտենալ ձեւացընէ: Ասկէ զատ, խնդրել որ այն կողմանց արծաթոյ նուազութեան համար ` ի Վենետաց բերուած արծաթոյն գինը բարձրացընէ, եւ մէը տուկատը ` քսանուչորս Թագաւորին դրամոց արժէք ունենայ, եւ յառեւտուրս ` առ պակասութեան արծաթոյ ` վարուն համարուի նա եւ ոսկին: - Եթէ թագաւորն ` ժամանակին պիտոյից համար, ( ինչպէս կու պնդէր նա եւ իր դեսպանն ի Վենետիկ ) պահանջելու ըլլայ տուրս մէկ առ հարիւր, ըսէ իրեն ` թէ մերքն կամաւորապէս ի շնորհս նորա եւ ոչ ի պրտուց ` կու վճարէին զայս, եւ թերեւս նորէն վճարեն: _ Թէ որ պահանջէ զբաժ վաճառուց, ջանայ ազատ ընել. իսկ թէ այդ անհնարին է, գէթ յարքունի տրոց ազատութեան շնորհքը ձեռք ձգէ: - Եթէ ուզենայ յուզել զարկեղս ` որպէս զի չըլլայ թէ գաղտուկ արծաթ ներս մտցընեն, խնդրէ խափանել զայնպիսի հետազօտութիւն. բայց ի ստիպելն ` գթէ գոհ ըլլայ Պայլին դիմաց եղած երդմամբ: _ Եթէ ուրիշ դժուարութիւն կամ փոփոխութիւն ուզենայ ընել թագաւորն, դեսպանն խոհեմութեամբ ընդդիմանայ: Եթէ որ այս եղած առաջարկութեանց թագաւորն չհաւանի, դեսպանն ծանուցանէ թէ Վենետք իր տէրութեան սահմաններէն դուրս պիտի ելլեն, եւ հրատարակէ զժամանակ ելիցն մինչեւ յառաջիկայ ապրիլ ամիս, եւ չմեկնողն ` եթէ վաճառական է, հինգ հարիւր լիպրա կրոսից տուգանաց տակ ինկնայ. իսկ եթէ ոչ ` յիսուն լիպրա: Որոնք երեք տարիէն աւելի բնակած են ի Հայս եւ կ՚ուզեն հօն մնալ ` ազատ ըլլան. իսկ ուրիշ տուգանելոց ինչք կամ ձեռագործք չընդունուին. բայց եթէ յիսուն առ հարիւր տուգանօք. նոյն տուգանաց տակ ինկնան ապրիլ ամսէն ետքը վաճառք տանողքն ի Հայս: Վենետկոյ մէջ ալ ծանուցուի, թէ որոնք տարւոյս դեկտեմբեր ամսէն ետքը նաւելու ըլլան, նախ Կիպրոս երթալով տեղեկանան թէ թագաւորն ` Վենետաց հետ իրաւախոհ եղա՞ծ է. ապա թէ ոչ չերթան ի Հայաստան. առանց ի Կիպրոս հանդիպելու հօն գնացողք ` ետ դառնան. իսկ թէ ոչ ` նոյն տուգանաց տակ ինկնան, եւ այս կարգաւորութիւնք եւ սահմանք ծանուցուին Վենետկոյ Ուղղիչ (Rector) պաշտօնակալաց, Կիպրոսի Պայլէն տեղեկանալով, եւ յանձնուին հանդիսաւոր դեսպանի, որոյ թոշակն ըլլայ որպէս Յակոբայ Դրէվիզանադոյի: Առ այս պաշտօն ընտրեցաւ Պետրոս Պրակատին վաճառական. եւ իրեն տրուելիք թոշակը ` պիտի հայթհայթէին Աղի եւ Ծովու պաշտօնեայք, շարունակելով հինգ առ հարիւր հարկը, զոր կ՚առնուին Դրեվիզանադոյի համար. եւ դեսպանն հայագնաց Խալէիւք պիտի ընէր ուղեւորութիւնը:

Ժողովոյն վճռոյն համեմատ ` Իմաստունք պարապելով ի քննութիւն այսր ամենայնի, ծանուցին դքսին (28 յուլիս, 1333), թէ որովհետեւ դեռ հասած չեն ժողովոյն կողմանէ առ թագաւորն գրուած ծանր թուղթք, ինչպէս նա եւ իր դեսպանէն ի Վենետկոյ առ նա ուղղեալքն, եւ Լեւոն բարեկամութեամբ էր ընդ Հասարակապետութեանն, պատշաճ կու թուի սպասել Պայլին գալստեան խալէիւքն ի Հայոց, հասկընալով թագաւորին միտքը. եւ ժամանմանէն տասնուհինգ օր ետքը ` կոչել զնա ի ժողով ծերակուտին, լսել եւ այնպէս առնել զարժանն:

Ինչպէս յուսալի էր ` աղմուկն զիջաւ, ու գէթ առ ժամն խաղաղութիւն եղաւ: Լեւոն Դ թագաւորն ` նոյեմբեր ամսոյն տասնին նոր Պարգեւագիր մը տուաւ Յակոբայ Դրեվիզաադոյի ձեռքով, որ դեսպանութեան պաշտամամբ վերադարձեր էր ի Հայս: Այս Պարգեւագրին մէջ բաց ի կրկին հաստատութենէ առաջնոց առանձնաշնորհութեանց, կու շնորհուի, նախ ցփսւոյ եւ ասուեղինաց արուեստագործաց ազատութիւն ի սահմանեալ սակէ. - երկրորդ. գինեվաճառք մէկ թագաւորին դրամոյ տուրքէն ազատ ըլլան յեօթնեկի. իսկ եթէ խարդախեն ի կշիռս, տուգանաց տակ ինկնան. - երրորդ. քաղաքին մէջ գինւոյ կամ քաղցուոյ վաճառականք ` առ մէն մի չափ (vegete) տուրք կու վճարէին մէկ նոր դրամ, իսկ քաղաքէն դուրս ` երկու. կու շնորհուի իրենց ` ասկէ ետքը ազատ ըլլայ. - չորրորդ. մորթեաց, մուշտակաց եւ փայտից վաճառողք ` ապրանքնին ազատաբար մտցընեն ու հանեն Տարսոնի նաւահանգստէն. - հինգերորդ. գնողք ասուի, ստեւոյ այծեայց եւ  նմանեաց ` նախատուեալ Պարգեւագրին համեմատ վարուին. - վեցերորդ. ազատ ըլլան նա եւ ասուեղինաց չափողութեան տուրքէն. - եօթներորդ. բռնադատութիւն չըլլայ Վենետաց ` ցորեան եւ աղ դնելու. - ութներորդ. Վենետացի գողք պատժուին յարքունեաց. - իններորդ. Վենետաց պարտականք բանտուին ` մինչեւ ի հատուցումն. - եւ տասներորդ, ամենայն Վենետք չանարգուին եւ չի նեղուին:

Այս թուղթս ` չէ յետինն զոր գրեց Լեւոն թագաւոր առ դուքսն, այլ վերջին ծանօթ Պարգեւագիր, զոր ընդունելով Դրեվիզան դեսպանք ` պանծանօք եւ ուրախութեամբ կու բերէր. բայց ի ծովաչու ճանապարհորդութեանն կողոպտեցաւ ի Գենուաց, ինչպէս յառաջ ալ յիշատակեցինք. սակայն Պարգեւագիրն անվնաս հասաւ առ դուքսն, եւ զօրեց քանի մը տարի եւս ` ցորչափ կու տեւէր Հայոց իշխանութիւնն ի վերայ ցանկալւոյն Այասոյ. իսկ անկէ ետքը (1337) ա ' լ կարօտութիւն չկայր նոր Պարգեւագրի մը, երբ շահաստանն այն կուրացաւ կամ խափանեցաւ ի վերահաս բռնութենէ թշնամեաց. եւ թէպէտ առ վայր մի զերծաւ, այլ ոչ բաւելով դառնալ կրկին ի զսրութիւն, ի սպառ աւերեցաւ անչքացաւ, եւ իւր ամէն փառքն եւ մեծութիւն ` սուզան ի խորս ծովածոցին եւ ի ներքոյ դերբկացն:

Եղած հաշտութեան եւ գրուած դաշանց պահպանութեանն համար, ետեւէ եղաւ Հասարակապետութիւնն իր կողմանէ ապահովութիւն տալ թագաւորին պայմանաց ամենէն աւելի ծանրագունին համար, պատուիրելով Պայլին (1334, օգոստ. 13) որ ի Հայաստան արծաթ բերողաց ծանուցանէ ` արծաթոյն կէսը դնել յարքունի փողանոցի. որուն եթէ դրժեն ` պատժուին: Այս կերպով խաղաղութեամբ անցան առեւտրոյ եւ շահուց վերջին տարիներն յԱյաս եւ ի Հայս. ափսոս, որ խիստ կարճատեւ եղաւ այն ժամանակն, եւ յոր չկըրցան դշնագիրքն վայելել ընդ երկար, Լեւոն թագաւոր եւ Տանտոլոյ դուքս, վասն զի նոյն ատեն արդէն սկսած էին խըլրտմունք եւ աղիտաբեր ասպատակք թշնամի այլազգեաց ` յերից կողմանց, ի հարաւոյ ` Եգիպտոսի սուլտանն, յարեւելից ` Հալպայ սուլտանն, եւ հիւսիսոյ ` Գարամանք: Թագաւորն մէկմէկու ետեւէ դեսպաններ կու ղրկէր առ քահանյապետն Հռովմայ, առ թագաւորս Անգղից եւ Փռանկաց. Պապին յորդորանօք կու միաբանէին Փռանկաց: Նաւաբբայ, Արագոնի եւ Պոհեմիոյ թագաւորք ` յօգնութիւն Հայոց. բայց ինչպէս յաճախ հանդիպած է ` թէ յառաջ եւ թէ ետքը, ոչ մէկն շարժեցաւ. գոհ եղան միայն դրամական նպաստ մը ղրկելով. մինչեւ ասպատակքն ` Կիլիկիոյ հարստութիւնը կու գերփէին. եւ թէպէտ Հայք զայրացած ` վերջին ճգամբք եւ ատելութեամբ յԱյաս գտնուող բոլոր այլազգիքը կոտորեցին (1336), բայց վրան տարի մը անցնելէն ետքը` ստիպուեցան թողուլ զայն ի կամս եւ ի զոհ իրենց հզօր հակառակորդին. սուլտանին Եգիպտոսի: Այլազգեաց այն կոտորածին ատեն` կային եւ շատք պարտատեարք Վենետաց. ուստի փութաց ծերակոյտն գրել առ Պայլն Կիպրոսի (1337, սեպտ. 3) որպէս զի ամէն մէկ պարտաւորաց ծանուցանէ նշանակել թէ որչափ ինչ կու պարտին Սառակինոսաց, եւ պարտուց հատուցման գրաւ տալ, որ ղրկելով ի Վենետիկ` պահեստի գրուին ի պաշտօնական Ցորենոյ (Ufficio de Frumenti), մինչեւ ստուգուին իրաւացի պահանջողք, եւ իրենց արդար եւ պատշաճական հատուցումն ընդունին: Ասկէ առաջ ալ (20 օգոստ) գրեր էր դարձեալ ծերակոյտն առ նոյն Պայլ, որ նաւատորմիղը ի Կիպրոս հասած ատեն` խորհրդակցի տորմըղապետին հետ, եւ որոշեն թէ արժան է երթալ ի Հայս ` թէ ոչ. եթէ երթն պատշաճ դատուի, նաւապետն կարող ըլլայ քսանուերկու որ մնալ հոն, իսկ եթէ ոչ ` տասնեւութ որ ի Կիպրոս:

Քանի մը տարիէն ետքը ` ասոր նման պարտք մունեցան Վենետք առ Սառակինոսս, որոյ նկատմամբ կու ծանուցանէ թագաւորն Լեւոն 1341 մարտ 1 թուականւ նամակովը, որ իր վերջին գիրն է, ինչպէս նա եւ վերջին թուղթ մինչեւ առ մեզ հասած Սիսուանայ թագաւորաց առ Հասարակապետութիւնն Վենետկոյ: Երկրին խաղաղութեանն ու անդորրութեան համար` Լեւոն հեռացուցեր էր անտի զանմենայն Սառակինոսս. եւ որովհետեւ անոնցմէ ոմանք պահանջ ունէին ի բնակչացն, Եգիպտոսէ դեսպան գալով սպառնալեօք կուզէր որ հատուցին: Այդպիսի անհամբոյր պատգամաւորութիւն մը արգիլելու համար, փութաց Լեւոն իր կողմանէ հատուցանէ Վենետաց պարտքերն ալ, ու անդորրագիր առնելով ` պահանջողը ետ դարձնել. եւ ծանոյց առ դուքսն Բարթ. Կրատենիկոյ, որ մնացորդ պարտքն ալ վճարէ, որպէս զի չի ստիպուի բռնադատութեամբ առնուլ ի Վենետաց. եւ մի առ մի կու նշանակէր հայկական կշռօք ` զչափ բամբակին, զոր վաճառականք Վենետք գներ էին յայլազգեաց. եւ որոյ գումարն` ըստ նշանագրութեան ի հաշուեմատեանս բաժտանն Այասոյ` կու հասնէր ի 24, 107 դրամ թագաւորին, բայց Սառակինոսք 2, 890 թագաւորին գումար մ՚ալ կու պահանջէին, որով հարկ եղաւ վճարել ամէնը մէկտեղ 27, 000 թագւորին: Պարտական եղողներէն երեքն` որովհետեւ տեարք էին ընչից ի Հայս, 11, 000 թագւորին անոնցմէ առին, եւ 16, 000 մնաց Վենետաց կամ Հասարակապետութեան պարտքն: Վաճառականաց իրաց հետամտից, նիւթոց արժէից ըստ որոշեալ կշռոյ, եւ անոնց բաժնի յարքունիս ` մեծապէս հետաքննական եւ Հայոց եւ Վենետաց տուրեւառական յարաբերութեանց այս վերջին վաւերականն:

Դիւանաց մէջ ասկէ երեք տարի յառաջ յիշատակ մ՚ալ կայ Լեւոնի (1338, 29 յուն. ), յորմէ կու գուշակուի թէ կա'մ գրով եւ կամ դեսպանի ձեռքով խնդիր ըրած էր, եւ Հասարակապետութիւնն կու պատուիրէր յղել առ նա` քսանտախտեայ հին նաւ մի, ըստ զնոյն զոր պատշաճ համարին պաշտօնեայք նաւարանին:

Երիտասարդական երեսունուիրեք կամ երեսունեւչորս տարուան հասակին ` մեռաւ Լեւոն ( 1342, օգոստ. 28), եւ դժբաղդաբար` ինչպէս կ՚երեւնայ, ոչ բնական եւ անդորր մահուամբ, այլ զոհ մ՚ըլլալով իր սերտ մտերմութեանն ընդ Լատինաց եւ մանաւանդ ընդ քահանայապետական Դրան: Կրնանք ըսել թէ իրեն հետ վերջացաւ եւ թագաւորական տոհմ եւ պանծալի զարմն Ռուբինեանց եւ Հեթմեանց. վասն զի անտարակոյս է, թէ իրմէ յառաջ վախճանեալ էր Հեթում ` իր դեռաբոյս որդեակն, որով սպառեցաւ յառաջնոյն Հեթմոյ սերեալ զարմն, տեւելով տասուերկու ազգ, երեք հարիւր տարի. եւ հարկ եղաւ փնտռել խնդրել մերձաւոր ժառանգ մի ի սերնդոց իգական սեռի, որոց չէր ինկնար ըստ սալեան օրինաց ` թագաւորական աթոռ եւ իշխանութիւն ի վերայ Հայոց. ուստի եւ թագաւոր ընտրեցաւ մերձաւոր ազգականն (cousin) Լեւոնի Դ ի մօրէ. այսինքն որդին իր Զապլուն հօրաքեռ եւ շատ անգամ յիշուած Ամաւրեայ ` եղբօր թագաւորին Կիպրոսի, Կի կամ Գուիտոն. որով փոխանակ Ռուբինեանց ` Հայոց թագաւորութեան ցեղն եղաւ Լիւզինեան, որ բաղդաւոր տոհմ մը չեղաւ. վասն զի երկու տարի վրան անցներէն ետքը (1344) սպաննուեցան Գուիտոն եւ իր Պեմունդ եղբայրն, եւ թագն յանձնուեցաւ այս վերջնոյս փեսային, Կոստանդնի Բ, որդւոյ քաջին Պաղտին մարաջախտի: Սա իբր քսան տարի թագաւորեց, յորս կամաց կամաց կու նուազէր նշոյլ փառաց, զօրութիւն եւ հարստութիւն Սիսուանայ երկրին եւ  թագաւորութեան Ռուբինեանց. զի այս անուամբ կու կոչուէր մինչեւ ի վերջ տէրութիւնն Հայոց ի Կիլիկիա:

Ուրիշ տեղ յիշեցինք Կոստանդին Բ թագաւորի դեսպանն ի Վենետիկ (1346, սեպտ. 3), ընծայիւք ցփսեաց եւ ոսկեդիպակաց` երթալով առ քահանայապետն, որոց բաժն ազատ շնորհեցաւ: Երկրորդ տարին (1347) ղրկեց դեսպանս առ Դուքսն եւ առ Պապն, զկորուսեալն Այաս վերստին ձեռք ձգելու համար` անոնցմէ օգնութիւն խնդրելով. Կղեմէս Զ քահանայապետ գրեց (25 սեպտ. ) յորդոր առ դուքսն, որուն առաւել քան այլոց` հարկ էր որ ցանկալի ըլլար` Հայոց ծովուն դժխոյին վերստին կանգնումն` դաշնակցի դժխոյին Ադրիականի: Յաջողեցան Հայք անգամ մի եւս օգնութեամբ Ասպետաց նորէն ազատել զԱյաս յեգիպտական բռնութենէ. որ կարծես թէ բաղդին բերմամբ ` ջրասոյզ լինելու դատապարտուած ` միւսանգամ կու վերցընէր յալեաց իր բրգապսակ գլուխը, ապա ի սպառ խորասոյզ ըլլալով. այնուհետեւ ոչ ոք յիշեց Սիսուանայ ճոխութեան բանալին, եւ զհամաշխարհական հրապարակն այն վաճառականութեան: Շարժեցա՞ւ արդեօք գոռոզ դժխոյն ադրիական ` ձեռք կարկառել իր կրտսեր քրոջ ` յայնպիսի կարեւորագոյն պահու, թէ ըստ ցուրտ հաշուոց քաղաքագիտութեան կամ շահասիրութեան ` անփոյթ եղաւ. - թերեւս լաւագոյն ըլլայ իր լռութիւնն կամ մեր տգիտութիւնն ` յայսմ մասին: Չկայ, կամ ինձ ծանօթ չէ, ուրիշ յարաբերութիւն մի Կոստանդին թագաւորիս ընդ Վենետաց. բայց իր ժամանակ կու յիշուին, օրինակ իմն, Հայք Կաֆայի, որոց համար կու գրէր Թիմուր կուսակալ Սուլղաթի, պահանջել ի Վենետաց ` ինչ որ իրենց նաւատորմ կողոպտեր էր իր հպատակ Հայոց վաճառականներէն:

Տարուէ տարի կու մօտենար վախճան սերտ հաղորդակցութեան Ռուբինեգան թագաւորութեան եւ արեւելեան քրիստոնէից ` ընդ արեւմըտեայս. տկար ներկայացուցչին Կոստանդ ` իր ամէն ջանքովն եւ ստէպ դեսպանութեամբ առ թագաւորս քրիստոնեայս եւ առ գլուխ նոցա քահանայապետն Հռովմայ, կու տագնապէր, չկարենալով պահպանել եւ պնդել ի ձեռին ` երբեմն բաւական ընդարձակ երկիրն եւ բարգաւաճ քաղաքները, որ մի առ մի նուաճեցան յԵգիպտացւոց, յիշխողաց Հալպայ եւ ի Գարամանաց, մանաւանդ ծովայիններն, որ դիւրագոյն ճանապարհք էին հաղորդակցութեան ընդ արեւմուտս, սկսեալ յԱյաս, ի գեղեցիկ ափանց Միջերկրականի եւ Փոքուն Ասիոյ, մինչեւ ի Տարսոն, ի ծովային մայրաքաղաք Կիլիկիոյ, եւ ընկան ի ձեռս թշնամեաց (1360): Կու մնայր միայն կոռիկոս ` ամուրն եւ զարմանալին, որ լաւագոյն խորհրդով կամ յուսահատութեամբ ` հետեւեալ տարին (1361) անձնատուր եղաւ ի Պետրոս  Ա թագաւոր Կիպրոսի: Քաղաքաց հետ ` հարկաւ եւ անպատըսպար դաշտակողմն Աիսուանայ ոտնակոխ կըլլար յայլազգեաց: Հայոց թագաւորին ապաստան մնալով միայն լեռնակողմն եւ հոն գտնուած բերդերն, որոց գլուխ էր մայրաքաղաքն եւ ամրագոյնն, մանաւանդ թէ թագաւորն բերդից ` Սիսի, գեղեցիկ եւ հզոր ծնունդ հանճարեղին եւ հզօրի Լեւոնի Առաջնոյ, հիմնադրի թագաւորութեանն Հայոց: Իշխանութեան սահմանաց ամփոփուելով կամփոփուէր եւ սիրտ Կոստանդնի, կու մեռնէր 1363 թուականին ` չթողլով ժառանգ արու. վասն զի իր երկու որդեակքն, Օշին եւ Լեւոն, ապագայ մատաղ յոյսք Հայոց, հօրերնուն աչքին առջեւ մեռած էին: Հարկ էր դառնալ ի Լիւզինեան պայազատս , յորս աւագագոյն էր Պեմունդ ` որդի Ճիւանի եղբոր Կի թագաւորի: Սա իր իրաւունքն ու իշխանութիւնը զօրացընելու դիտմամբ ` փութաց դիմել անձամբ առ Քահանյայպետն Հռովմայ, եւ անոր նախաձեռնութեամբ ընդունել զթագն առաջարկեալ: Անհանճար խորհուրդ մի չէր այս, թէպէտ եւ ոչ ամենայն Հայոց երկրին հաճոյ: Երիտասարդ էր Պեմունդ , ու ի Հռովմ երթալու ատեն ` ըստ տետկէն անցաւ, կամելով թերեւս աթոռոյն հաստատութեան առաջին կապերը կցորդել: Այլ բաղդ ` կամ գերագոյն կամք ` այլազգ  տնօրինեցին. վասն զի ի նոյն 1363 տարին ` մեռաւ ի Վենետիկ, ինչպէս կաւանդէ նորագիւտ ժամանակագիրն փռանկ ` Տարտել: Թէ ինչպէս եւ ուր թաղուեցաւ, - գուցէ յայտնէ մեզ դեռ եւս անծանօթ դիւան մի կամ Վենետկոյ Տարեգիրք մի, եւ որոց քննութիւնը կու յանձնենք հետամտից:

Երկու տարուան ծփանքէ ու բռնաբարութիւններէ ետքը ` (1365) թագաւորեց ուրիշ ( Գ ) Կոստանդին մի, որդի Հեթմոյ ջամբըռլայի, որ մի էր ի պայլից Լեւոնի Դ, մինչ Ուրբանոս Ե քահանայապետ կառաջարկէր, - ինչպէս պատշաճագոյն էր, - թագաւորեցուցանել զեղբայր տարաժամ վախճանելոյն Պեմունդի ` զԼեւոն Ե. աստի ծագեցաւ երկպառակութիւն, որ չարագոյն հարուածն է ազգաց, մանաւանդ ի տկարութեան իւրեանց: Խաւարաբորբ թատեր վրայ ` խորհրդապէս իմն վեր երեւեցաւ սգաւոր կին մը այրի, ու երբեմն թագուհի, եւ ուզեց փորձել զյետին յարաբերութիւն տիրական հայութեան ընդ Վենետկոյ: Այդ կինն էր Մարիամ դշխոյ, ամուսնացեալն Ւոստանդին Բի եւ դուստր Օշին Պայլի եւ Յովհաննայ ` երբեմն դշխոյի Օշնի թագաւորի, դստեր Փիլիպպոսի իշխանին Տարենտայ: Փութաց սա գեպան ղրկել ` առ հին դաշնակից եւ շահակից Հայոց, Հասարակապետութիւնն Վենետկոյ. բայց թէ զո ' ղրկեց, ինչ գրեց կամ խօսել տուաւ, յանուանէ ու իր վաւերական գրութեանց բան մի ձեռուընիս հասած չէ: Սակայն դքսին կողմանէ տրուած պատասխանն, որ բարեբաղդաբար կու պահուի ի դիւանս ծերակուտին, 1368 հոկտեմբեր 11 թուականաւ, կու ծանուցանէ մեզ, թէ Հասարակապետութիւնն անմոռաց պահելով ըզնախնի մտերմութիւնն եւ զհաճութիւն օգտի Հայոց տէրութեան, կարեկից կըլլայ վտանգին, եւ ինչպէս յառաջագոյն ` ասանկ ալ հիմայ ձեռքէն ամէն եկածը պիտի ընէ (quo coommodo possumus). թէ արդէն դաշնակցած է դուքսն իր եղբօր                  Գենուացոց դքսին հետ, որ նաւատորմ կազմեն պատրաստեն. եւ եթէ Եգիպտոսի  սուլտանն դրժէ խաղաղութեան դաշանց եւ իրենց պատուոյն, պիտի զինուորին ի վնաս նորա. եւ պատուէր ղրկած են առ տորմղապետն ` Գենուացւոց հետ դաշնակցութիւնը պնդել, եւ սուլտանին հետ հաշտութեան պայմաններուն մէջ մտցընել նա եւ զՀայս: Եւ որովհետեւ դեսպանք Հայոց կըսէին թէ Հռովմայ քահանյայպետն խաչակրութիւն հրատարակեր է, պատասխանեցին, թէ կարելի չէր գործադրել ի ժամանակին, արեւմտեայց իրարու հետ ունեցած պատերազմաց պատճառաւ. իսկ երբ յաջողելու ըլլայ անցքն (passaggio) յարեւելս, իրենք ալ իբրեւ դաշնակիցք ` պիտի ընեն զարժանն եւ զհաճոյն Աստուծոյ: Գենուայի դուքսն ալ գրած ըլլալով առ տոժն ` հաշտութեան պայմաններու մէջ փակել եւ զՀայաստան, շնորհակալութիւն գրուի իրեն եւ ծանուցուի դեսպանաց թէ հաճոյ է եւ մեզ այս:

Յիրաւի գրուած եւ կնքուած էին դաշինք ի մէջ երկոցուն հասարակապետութեանց, որ երբեմն իրարու հակառակորդ վիճողք էին ի վերայ ծովու, ինչպէս յայտնի է ` ի յերկար գրուածոց որ կու պահուին ի դիւանս Վենետկոյ. ուր կան եւ պատճէնք թղթոց քահանայապետին առ նոսա, առ Յովհաննէս անուանեալն Բրինձ Անտիոքայ, առ Ասպետս, եւ այլն. եւ անոնց յայտնի խորհուրդն` արշաւելու յԱղեքսանդրիա, ի 1370. բայց այն գրութեանց մէջ Հայաստանի անուան յիշատակութիւն չկայ, այլ միայն Կիպրոսի. որով յայտնի կ՚ըլլայ, թէ ըստ գրութեան ծերակուտին ` այն ամենայն սահմանուած էր յառաջ քան զդիմել դեսպանաց թագուհւոյս Հայոց ` առ թագուհին ծովու:

Նոյն ժամանակին եւ Խաչակրած պատմութիւնք կ՚իմացընեն թէ ի ' նչպէս անօգուտ եղան այն ամենայն պատրաստութիւնք, թերուղիղ յօժարութիւնք եւ խոստմունք, Փռանկաց եւ Անգղիոյ իրարու հետ ունեցած անողոք եւ ընդդիմամարտ հակառակութեանց պատճառաւ, ինչպէս նա եւ այլ փոքրագոյն պետութեանց յողդողութեան եւ տկարութեան. եւ որոց խիղճ եղաւ այն առթով անօգնական ձգելնին Հայոց տէրութիւնը, եւ պատճառ անոր կորստեան, որ քրիստոնէութեան մերձագոյն ամուր ապաւէն մ՚էր ընդդէմ այլադենից. ասպետական արիութեամբ չփութացին ի սպաս եւ յօգնականութիւն յետին թագուհւոյն Հայոց, որ տակաւին ոչ յուսահատ` երեք տարիէն ետքը (1371) կու ղրկէր զարքեպիսկոպոսն Տարսոնի եւ զՄանուէլ ասպետ` հայ ազգաւ, բայց ծնած ի Գենուա եւ բնակութեամբն հաստատուած ի Նէապոլիս, յորդորելով իր մօրը Յովհաննա թագուհւոյն ազգականները, որ փութան յօգնութիւն տատանեալ տանն Հայոց, որ մերձ էր ի կործանում եւ յաւեր: Վասն զի յետին թագաւորն Կոստանդին (1363 - 72) բռնաւոր մը հարուած էր եւ ոչ օրինաւոր թագաւոր, ուստի եւ բռնաւորի եւ կողոպտողի մահուամբ մեռաւ. եւ քանի որ ուրիշ ժառանգ երեւցած չէր ` նոյն Մարիամ դշխոյն միւսանգամ ներկայանալով, թագապահ կու դրուէր յողջախոհից. եւ Գրիգոր քահանայապետ կու գրէր (1372, յունուար 22) առ մայրենի ազգական նորա Փիլիպպոս իշխան Տարենտայ, որ պսակել տալով զնա ընդ Ոթոնի դքսին Պրանզուիքայ ` թագաւորեցընէ ի վերայ Հայոց, մինչ տակաւին կենդանի էր, ինչպէս թուի, Կոստանդին բռնաւորն, եւ որոյ բռնական մահուան կերպն քաջայայտ չէ: Բայց Լիւզինեան ցեղէն կար ժառանգն թագաւորուըեան Հայոց. ի Վենետիկ մեռնող Պեմունդի եղբայրն, որդին Ճիւանի եւ թոռն Զապլունի եւ Ամաւրեայ, Լեւոն Ե, կամ Լեւոն վերջին ` ի թագաւորս Սիսուանայ եւ Ռուբինեանց. որ տասն տարի առաջ ետեւէ էր նոյն թագին, եւ հիմայ ` Հայոց պետութեան մահամերձ ճգնաժամուն ` անոնց հաւատարմաց փափագանօք, եւ ի նոյն իսկ ի Մարիամայ դշխոյէ ` հրաւիրեցաւ:

Սա ի սակաւատեւ ժամանակի իր թագաւորութեանն ` գիտացաւ գէթ արժանապէս ու փառօք պաշտպանել զյետին ապաստան եւ  զգահ տէրութեանն ` զՍիս, եւ սակաւաձեռն հաւատարմօք դիւցազնաբար կռուիլ ընդ բիւրաւորաց Եգիպտացւոց եւ Բերիացւոց. իմաստութեամբ անձնապահ ըլլալ յուրացողաց եւ ի մատնչաց. արիաբար կրել սով եւ վէրք. եւ վերջապէս խոհականութեամբ եւ վսեմութեամբ անձնատուր ըլլալ. թագաւորական սրտով եւ բարձրագլուխ կրել զշղթայս, երթալ ի բանտ յԵգիպտոս, հաճոյանալ յաչս գոռոզ սուլդանին, կալ արձակօրէն ի դիպուահոջ, եւ արեւմտեան թագաւորաց մտադրութիւնը շարժել իր վրայ, գլխաւորաւն Քահանայապետիւ: Յետոյ Կաստիլիոյ թագաւորին բարեխօսութեամբ ` եօթնամեայ գերութենէն ազատեցաւ (1382). եւ համարձակ թագաւորի անուամբ նաւարկելով, ողջունեց ի Հռոդոս զԶապել քեռդուստր իւր, զհարսն Կիի Գէ, ուստի անցաւ ի Վենետիկ, իբրեւ յօրինաւոր հրաժեշտ ազգի եւ թագաւորութեան Հայոց` յերկդարեան դաշնակցէն` ի հասարակապետութենէն Վենետկոյ: Որպիսի՞ օրինակաւ արդեօք տուաւ եւ սա Կիլիկեցւոց ժառանգին, յորոց այնչափ պարգեւագրեր ընդուներ էր, եւ մանաւանդ այնքան շահ եւ այնչափ ոսկի ` ի փոխարէն արծաթոյն, զոր կու բռնադատուէր դնել ի փողանոցն արքունի. - զայս պէտք է ուսանիլ իր դիւաններէն ու դեռ չյայտնուած պատմագրաց յիշատակարաններէն:

Բայց ի մեկնել Լեւոնի երթալ առ քահանայապետն Հռովմայ եւ ապա առ թագաւորս Փռանկաց եւ Անգղիոյ, ոչ միայն մեծարանք եւ եղբայրաբար գահակցութիւն ընդունեցաւ անոնցմէ, այլ եւ գանձս ` աւելի քան ի կարճատեւ թագաւորութեանն, որոյ ծանրագնի ոսկերէն թագերը յաւուրս գերութեանն ստիպուեր էր յանձնել գերողին:

Ի՞նչ եղաւ նախայիշեալ թագուհին այն, մանաւանդ թէ երկու թագուհիք, որ Լեւոնի հետ գերեցան. մին ` Լեւոնի կինն Մարգարիտ, ի Սուասոնեան տոհմէ, միւսն ` վերը յիշուած Մարիամն: Առաջինն ` էրկանը գերութեան ժամանակ վախճանեցաւ, Եգիպտոսի սուլտանաց մայրաքաղաքին մէջ ի Գահիրէ. եւ այս տողերը գրած ատեննիս, հինգ հարիւր եւ աւելի տարիներէ վերջը ` փնտռուեցան իր ոսկերքն ի յատակս տաճարին ուր կու կարծուէր թէ թաղուած ըլլայ, եւ չգտնուեցան: Իսկ նախորդ թագուհին, Կոռիկոսեան պարոնայց արիւն ` խառնեալ ընդ իշխանացն Տարենտեայ, Վենետկոյ յետին թղթակիցն, թէպէտ եւ առաջնոյն հետ գնաց ի գերութիւն, բայց յետոյ ազատութիւն տրուեցաւ իրեն ` ուզած տեղն երթալու: Սակայն մեծահոգին այն կին ` որ գիտացաւ պատուով պահպանել զթագն ու հրաժարել ` յօգուտ մերձաւոր ժառանգին, իր երկրին ու ժամանակին պարոնայց շատէն աւելի ` հայենասիրի պարտքը հատուցանելով, այնուհետեւ չուզեց նայիլ ` ոչ թէ ի ճաճանչս թագի, այն եւ ոչ յորպիսի եւ է շուք եւ փառս աշխարհի. եւ թէպէտ կըրնար Լեւոնի նման մեծամեծար պատիւ եւ ընդունելութիւն գտնել ի մայրենիս իւր ` ի Տարենտոն, եւ  ըստ փափուկ սեռին ` առաւել եւս խանդաղատանօք եւ գգուանօք մեծարիլ. այլ սիրեց Կոփրետեան թագը, մանաւանդ թէ զՔրիստոսին հետեւելով վեհագունի թագաւորաց թագաւորի, երթալ յԵրուսաղէմ. ուր հաւատաւորի սքեմաւ սքօղելով զանձն յաշխարհէ եւ զաշխարհ յինքենէ, քիչ ատենէն փոխադրեցաւ յանմահ թագաւորութիւնն (1377), մինչ Լեւոն` Հայոց տէրութեան թագը միւսանգամ ձեռք ձգելու յուսով, - որոյ փոխարէն Մատրիտի թագաւոր կ՚անուանէր, - ատլանդական ծովու վրայ կու յածէր ստէպ, Անգղիոյ եւ Փռանկաց թագաւորները իրարու հետ հաշտեցնելու նպատակաւ, յորում յաջողելովը կու կարծէր փափաքին հասնիլ. եւ գուցէ նոյն յուսով հանգեաւ ի գերեզմանս թագաւորաց Փռանկաց, ի Ս. Դիոնեսիոս Բարիզու (1393, նոյեմբ. 29):

Այսպիսի եղաւ կատարած դիւանագիտական եւ վաճառականական յարաբերութեանց Հայոց ընդ Վենետաց, յառաջնում յեղանակի ծանօթութեան իւրեանց, յերեքտասան եւ չորեքտասան դարս բազմադիմակ ժամանակի միջին դարուց: