Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս ատեն եւ վերջը Հայք աւե ' լի բազմացեալ եւ հաստատ բնակելով ի Վենետիկ ` այնքան կարօտութիւն չկար թարգմանչաց, ոչ իրենց համար եւ ոչ պետութեանն, եւ ոչ այլ մեծ յարգ մի լեզուաւ թարգմանութեան ` որպէս գրով: Այս ետքի մասամբ ` Մարկոսի պէս եւ աւելի այլ նշանաւոր եղած է մերազգին Խաչատուր Դաւրիժեցի, պարսիկ լեզուէ լաւ իտալերէն թարգմանելով հետաքրքրական գրքոյկ մի. որ է վիպասանութիւն մի Պանդըխտութեան կամ ուղեւորութեան Սերենդիպպոյ (1) կղզւոյն թագաւորին երեք որդւոց. վերնագիրն է, Peregrinaggio di tre giovani figlinoli del Re di Serendippo Per opera di M. Christoforo Armeno, dalla persiana nell'italiana lingua rapportato. Նախ տպագրուած է յամի 1557, յետոյ այլ եւ այլ անգամ. մեր ձեռքը գտնուած է 1584 ի տպագրութիւնն, ի Վենետիկ, փոքրիկ, ութածալ, 83 թուղթ: Ինչ պատճառաւ թարգմանուած եւ տպագրուած ըլլալը ` լսենք Խաչատրոյ արեւելեան ոճով յառաջաբանէն, իր իտալերենէն թարգմանելով ի հայ. « Միշտ գովութիւն Տեառն Աստուծոյ, ստեղծողին եօթն երկնից եւ չորս տարերաց, եւ այլ ամեն իրաց ` որ կ՚երեւին ի վերայ երկրի, եւ արարչին մարդոյ ` որ գերազանց է քան զամենայն կենդանիս. որուն ` ոչ միայն միտք ընծայեց ` իր աստուածութիւնը ճանչնալու համար, այլ եւ լեզու ` իրմէ ընդունած բարեաց շնորհակալ ըլլալու: Եւ խեղճ մեղաւորս Խաչատուր (Christoforo) հայ, իմ երկիրս ` Դաւրէժ քաղքին մէջ գտնուած ատեն, շատ անգամ եւ շատերէն կու լսէի որ Ֆռանկաց կողմերը շատ ազնուական եւ մեծահանճար մարդիկ կան, զոր եւ դիւրին էր հասկընալ անոնց քով գտնուած գեղեցիկ եւ զարմանալի բաներէն: Ասկէ մեծ փափագ մտաւ ի սիրտս ` այդ երկիրը տեսնելու, մանաւանդ որ քրիստոնէից իշխանութեան ներքեւ էր, ուր Քրիստոսի կրօնից ծէսերն եւ իշխանաց սովորութիւնները կրնայի ճանչնալ, ես ալ քրիստոնեայ ըլլալովս ` այլ աւելի կու փափագէի: Արդ օգնութեամբ Տեառն Աստուծոյ ` ճամբայ ելնելով ի Փռանկաստան երթալու, իմ առաջին հանդիպած տեղն եղաւ Վենետիկ, որորովհետեւ բոլոր աշխարհիս մէջ իր նմանը չունի, կըրնայ ըսուիլ թէ Աստուծոյ եւ ոչ ուրիշի ձեռօք նախ շինուած ըլլայ: Ծովումէջ զետեղուած է, եւ թէ ջրով թէ ցամաքով մարդ ամէն կողմը կըրնայ երթալ գալ. վասն զի միշտ կու գտուին տեսակ մի ծածկուած նաւակք: Կոնտոլա ըսուած, որ ` ուր որ մարդ ուզէ ` կու տանին: Պալատաց եւ տանց մեծ մասն երկու դուռ ունի, մէկն ջըրի վրայ, ուր ինչ որ պէտք է ընտանեաց ` նաւակներով կու բերուի, մէկայլն փողոցի վրայ է, ուսկից ամէն մարդ ուզածին պէս կելնէ կու մտնէ: Այս քաղքիս  մէջ ուրիշ կենդանի չերեւնար, բայց միայն մարդիկ եւ գեղեցիկ ու վայելչահասակ կանայք, մինչդեռ մեր քաղաքաց մէջ էշերն եւ ուղտերն անդադար անցնելով անտանելի նեղութիւն կու տան մեզի: Ճամբաներն ամենամաքուր եւ աղիւսայատակ են. շատ եւ մեծաշէն պալատք եւ եկեղեցիք կերեւան. կան եւ շատ հոգետունք ( կամ հիւանդանոցք, hospitali), ուր արք եւ կանայք առանձին կու բնակին, եւ շատ լաւ ծառայողներ ունին. ճերմակեղէն հագուստին շատ մաքուր բժշկնին միշտ կու հոգան զանոնք, եւ անոնց ամէն պէտքն կու տրուի: Այս տեղ ճնշտ արդարութիւն կըլլայ. ամենեւին չի թողուիր որ մէկն ուրիշի անիրաւութիւն ընէ. ամէն մարդ կու ջանայ կրցածին չափ Աստուծոյ պատուիրանք ները պահել. օրինօք կապրին. եւ պաշտօնեայք արդարութեան ամենքն այլ շատ գիտուն եւ շատ բարեսէր անձինք են: Ասոնցմէ զատ կան նա եւ շատ սենեակներ, ուր աղքատ օտարականք ` առանց վարձք տալու կու բնակին: Այս բանիս կըրնամ ես համարձակ վկայել. որ երեք տարի է իմ վիճակիս պատշաճ սենեակի մի մէջ բնակած եմ առանց բան սի վճարելու. չեմ յիշեր թէ հանդիպած ըլլամ ուրիշ քաղքն մի ` որ ասկէ աւելի ողորմած եւ աղքատաց կարեկից ըլլայ: - Արդ ես այսպիսի գեղեցիկ բարուց եւ սովորութեանց սիրահարուած. իս հայրենիքս բոլորովին մոռնալով, եթէ եւ երբեմն ի միտքս ընկնայ նորէն դառնալ, կարծես թէ բաղձանքս մոռցընել կու տայ զայն: Այս տեղ ամէն արուեստի պարապող մարդիկ շատ մտադիր տեսնելով իրենց բանին գործին, այս քաղքիս մէջ իրենց ինծի ըրած շատ եւ շատ մարդավարութեանց փոխարէն, իրենց զուարճութեան համար ուզեցի իմ մէկ սիրելի բարեկամիս օգնութեամբ ` իմ լեզուէս յիտալական լեզու թարգմանել Պանդխտութիւն մի ` Երեք երիտասարդ որդւոց Սերենդիպպոյի թագաւորին. որ ըստ իմ կարծեացս ` իր գեղեցկութեանն համար ընթերցողաց շատ հաճոյ պիտի ըլլայ, որով կու յուսամ իրենց շնորհակալութեան արժանի ըլլայ »:

Խաչատուր այս յառաջաբանէն զատ նամակ մայլ գրած է առ ազնուականն Մարկոս - Անտոն Ճիւստինիանոյ, անոր ընծայելով գիրքը. մէկ մի ` անոր իրեն ըրած շատ բարեբարութեանց համար, մէկ մայլ ` ուզելով անոր մեծ եւ պատկառելի անուամբ ` բամբասողաց կամ չհասանողաց բերանը գոցել, ինչպէս որ մեր ազգին մէջ ալ կու գտուին. կըսէ ասկէ զատ, ամառուան տաք օրերուն մէջ զբաղելու յարմար առիթ մի համարեր է այս գրաւոր աշխատութիւնը. նամակն այլ գրած է օգոստոսի առաջին օրը (1557): - Որչափ որ աւելորդ համարիմ այդ վիպասանութեան ( եօթն պատմութեանց ) վրայ խօսիլ, ի գովեստ հեղինակին եւ Խաչատրոյ, ( թերեւս երկուքն ալ մի են ), պէտք է ըսել ` որ նախ իտալական լեզուին յստակութիւնն գովուած է, եւ 7 կամ 8 անգամ տպագրուած. ( աղէկ բարեկամ գտած է ընտրած է Խաչատուր ):

Երկրորդ, գրուածն այլ ` կամ արեւելեան ճաշակին համար, կամ վայելուչ ոճոյն համար ` թարգմանուեր է ի փռանկերէն, անգլիերէն, հոլանդերէն եւ դանիերէն. հիմայ բաւական հազուագիւտ եւ թանկագին են ասոնք: Այս ամենուն արդիւնքն վերաբերի առ խեղճուկ մեղաւոր Հայ Խաչատուրն այն. որոյ նման Հայ մայլ գտնելու համար, որոյ գրաւոր գործն այսքան լեզուներ թարգմանուած եւ տպագրուած ըլլայ, թերեւս հարկ է մեր ԺԳ դարու ` Կոռիկոսի տէր ` Հեթում Պատմչին մօտ երթալ: