Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  Այս երկու դեսպանութեանց միանգամայն կատարող Հայն ` կոչուէր Միրատ, ( ըստ իտալական թարգմանութեան թղթոյ Բէկին ի պարսկերէնէ ), իր հաւատարիմ սպասաւոր կամ պաշտօնեայ. Mando alla presenza vostra questo Nontio e fedel servidor nostro, il chiama Mirat, de nazion Armeno. Dateli piena fede di quello che a bocca vi riferirh in nome nostro. Թուղթն գրուած է ի Սուլտանիա, ուր էր այն ատեն արքայական աթոռ Բէկին, յ'2 օգոստ., 1469 տարւոյ: Միրատայ անունն կըրնար Մուրատ ըլլալ, բայց հաւանագոյն է որ ըլլայ Միրաք, ինչպէս պիտի յիշեմք յետոյ: Սա ` թէ յառաջ կամ վերջը գացե՞ր է եւ ի Հռովմ առ Պապն Պօղոս Բ. չեմ գիտեր. այլ ի Վենետիկ հասաւ փեբրուար ամսու մէջ, 1470 ին, եւ մարտի եօթին ներկայացուց իր տիրոջ թուղթը հանդերձ իտալերէն թարգմանութեամբ, յորում կու յիշեցընէր Բէկն իր յաղթութիւնները, եւ երեք տիրապետները վերցընելը. կու մնար չորրորդը ` զոր կանուանէր Օսմանի որդի Մէհէմմէտ Բէկ ( սուլտանն ), զոր եւ յուսար Վենետաց նաւազօրուն օգնութեամբ. եւ իր ցամաքային բանակաւ ` քշել հանել թէ յԵւրոպիոյ եւ թէ յԱսիոյ. ( բայց պատերազմի բազգն այլ ինչուան վերջ օգնական չեղաւ իրեն ): Խորագէտ եւ երբեմն խորամանկ ծերակոյտն չորս ամիս ուշացուց պատասխան տալ Միրաքայ, զոր պատւով պահէր ի Վենետիկ. վասն զի այն ատեն Սուլտանին հետ ալ դաշնագրութիւն ունէր, եւ կու սպասէր իր պատգամաւորաց լուրերուն. եւ երբ Դրան հետ խօսակցութիւնն յերկարեցաւ: Միրաքայ իմացուց ` որ իրեն փոխարէն Դուքսն ալ դեսպան կու խաւրէ ( զԿատերինոյ Ծենոյ ) եւ անոր բերնով ամեն բան կու ծանուցանէ. բայց վախնալով ալ որ ճամբան փորձանաց չհանդիպի,  պարսկերէն պատասխան մայլ գրել տուաւ եւ յանձնեց առ Միրաք ` որ տանի տիրոջը: Գրուածն շնորհակալութիւն մէր բարեկամական, միանգամայն եւ յորդոր աղէկ պատրաստութեան ընդդէմ Օսմանեանց, որոց դէմ թէ եւ Հասան իր որդւոյն առաջնորդութեամբ խաւրած էր 40, 000 զորք ի Գարամանիա ( Կիլիկիոյ կողմերը ), բայց բաւական չէր համարուեր: Երկու դեսպանքն իրենց սպասաւորներով եւ ընկերներով միատեղ պիտի ճամբուէին, յայտ է թէ, ըստ սովորութեան ` ընծաներ այլ տանելով, բայց դարձեալ դէպք ստիպեցին որ Կատարինոյ ուշանայ ի Վենետիկ մինչեւ ի սեպտեմբեր ամիս. իսկ Միրաք սպասեց արդեօք եթէ մինակ գնաց. եւ ի՞նչ ընդունելութիւն ունեցաւ ի Հասանայ, յայտնի չէ, որովհետեւ Ծենոյի յատուկ գրած դեսպանութեան պատմութիւնն կորած է: Բայց յետոյ կերեւի թէ Միրաք անակնկալ վախճան մ՚ունեցեր է, ( համարելով միշտ որ նոյն են Միրաքն եւ Միրատն ): - Հասանայ մահուանէն տասն տարի վերջ (1488) կու գրէ ժամանակակից ազգային մի, թէ Դաւրիժու «զատին թաթար էր, եւ հալածէր զքրիստոնեայս» ( եւ ) Տաճիկ ոմն Մէհթի սպան զԽօճայ Միրաքն, վասն ի Քրիստոս հաւատոց. որ եւ յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի»: Այս յիշակակ Յայսմաւուրք կաւանդեն երկարօրէն. ի 21 Մարտի, որ օր ( աւագ ուրբաթուն ) նահատակեցաւ. Վենետկեցի ականատեսք ալ պատմեցին իրենց Յովսափատ Պարպարոյ դսպանին, ( որ յետ Կատերինոյ եկած էր ), ինքն ալ կու յիշէ իր գրած տեղեկութեանց մէջ: