Գանձեր եւ ողբեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զգանձն եւ զողբսն երգօղն թէ յարմարեսցէ ըստ ոճին զեղանակն՝ նա՛ մէրհէպա Տեառն շնորհիւ։

Ե կա՛յք եղբայրք աստ ժողովեցէք,
Զնոր եղեալ իրքս դուք նոր իմացէք,
Գիր ՚ւ օրինակ զպատմութիւնս առէք,
Յերկրէ յերկիր դուք նոր ծանուցէք։
Զնոր մեռելոյս գանկատն լըսեցէք,
Թէ ի՞նչ խղճերով մեռաւ՝ մէկ հարցէք,
Սուտ ՚ւ անցաւոր՝ զաստըւորս ասէք,
Նանիր ՚ւ ունայն տիր զայն ստուգեցէք։
Զսա նոր տեսէք ձեզ ողորմեցէք,
Որ խիղճ հոգւոց ձեր զրկանք չանէք.
Թագաւորաց չէ մնացէր՝ գիտէք,
Խան եւ սուլթան հող դարձած տեսէք։
Գեղով մանկտիք ի հող մաշեալ լսէք,

՚Ի աղվորք ա՜հ ա՜հ կանչողաց հմուտ էք,
Շատ ղարիպի դուք հանդիպեր էք,
Ա՜հ հար, վա՛հ մար զճչողսն ճանաչէք։
Բազում պանդուխտ անտէր տեսեր էք,
Եղբօր՝ որդւոյ թալկըտողքն գիտէք.
Մէկ այլ զԽօճայ Խօսրովս տեսէք,
Ի հող լուծեալ փըտեալ իմացէք։
Տէր ողորմեա՛ սոյն ննջեցելոյս,
Բարի հայցմամբ լսող ժողովոյս։
Աղաչեմք։ Լուր Տէր եւ ողորմեա՜։

Ր ոտեալ ղարիպս յԱգուլեաց յերկրէ,
Գայ ի տեղս թէ վաճառ ինչ շահէ.
Տէրն զինչ կամի զայն կու յաջողէ,
Քանի մի փող դատեալ պատրաստէ։
Ի Վալիտէ խանն բնակութիւնս առնէ,
Որբոց ՚ւ այրեաց գութ մեծ ցուցանէ,
Փորձանակրաց ողորմի ՚ւ օգնէ,
Եւ զկարօտեալս դատարկ չը դարձնէ։
Եկեղեցեաց յիշատակս դնէ,
Եւ զքահանայս տըրօք մեծարէ,
Վարդապետաց ի սէր պաշտպանէ,
Մի զի համբաւն ի մեծն ժամանէ,
Թըղթով գըրով զողջոյնն ընդունէ,
Օր ըստ օրէ օրհնութեամբն աճէ։
Մեծ խօճայից ի պարս մըտանէ,
Ի համացեղս փարթամ զցոյցս առնէ։
Ի Վէզիր խանն զօտայսն ջուխտըկէ,
Ճորտ պաշտօնեայ իւր կարգաւորէ.
Բարեաց չարկամն հեռուստ տեսանէ,
Զսա ի պատւոյն գըլխիվայր առնէ։
Ողորմեա՛ Տէր սոյն ննջեցելոյս,
Սուրբ մաղթանօք լըսող ժողովոյս։
Աղաչեմք։ Լուր Տէր եւ ողորմեա՜։

Ե ղեւ պատճառ խարդախութեանց չար,
Որ զբարունակս ետես ուռճաբար,
Զի որ ծաղկեալ ի գոյն զուարթարար,
Եւ պըտղատու մորճս վայելչաբար։
Եհաս թափեաց զծաղիկն խամրարար,
Եւ ըզպըտղովքն գետնով հաւասար.
Զէնք թըշնամւոյ հընոյն չարարար,
Ի սա հաւքին բըժիշկք մահարար։
Խառնեն ի մէջ բանի վնասակար.
Ղայրէթ է քեզ նամուսով ճարտար.
Խօճա՛յ, խօճա՛յ, դու ես մին խիկար,
Այս մասլահաթս ի քենէ վճար։
Ոչ թէ ցերեկն այլ զգիշերն ի վառ,
Բորբոքէին դըրդեալ անդադար,
Սուտ բարեկամք ցուցեալ շահարար,
Գունեալ զոսկին որ ի պղինձ դառնայր։
Նախնեաց հին խօսք է մեզ օգտակար,
Զրոցքն ի գետին անկած անհընար.
Միամըտին վա՜յ եկեալ հազար,
Հետ երկումտին որ դատած գըտար.
Ու մարդ մարդոյ քահանայ տեսար,
Երբեմն լինի հասեալ Բելիար։
Ողորմեա Տէր սոյն ննջեցելոյս, եւն։

Մ ուրատ Մագսուտ սորա մաաշին,
Զաչքերն տընկեալ հազըր լօխմային,
Հօտն բուրէր քաղցր Խօճի մաթպաղին,
Վասն այն մըտնել խաբել ջանային։
Գապունիս փիլաւն գովելն լըսէին,
Շատք ցանկ աշնայ լինիլ ծըկլային,
Եաղշի կեունտէ ի դուռն շըփուէին,
Խօշամէտճիքըն շատանային։
Սանահար ու կընքահար լինէին,
Խօճին յօտան տիվան առթէին,
Զհացն ուտէին զգինին խըմէին,
Փոյթ զտօլէստանն ի շուռ ածէին։
Կենդանութիւն լինի Խօճային,
Փառք ու պարծանք դու Հայոց ազգին,
Սեղանդ իլի դըրմընի լինին,
Մինչ ի յաւուրըն դատաստանին։
Մէկ օրն հազար լինի պարոնին.
Պու ֆէլէքտէ պիր Խօճայ սէնսըն.
Սըհէնց պիտի լինիլ ասէին,
Ջանք ու ղայրէթ նամուս ձեր ըռզին։
Գործս որ եզրի ձեռամբ Խօճային,
Մինչ յաւիտեան պիտի որ յիշուին.
Եւ Իմիրզէ մին հէմթա սորին,
Զբարեբարոյն ընդ լուծ սորա եդին.
Որ նա յառաջ փճացաւ վշտագին,
Չարքաշ Խօսրովս ներքոյ ֆէլէքին։
Ողորմեա Տէր եւն։

Ի նչ սէրմայէ ունէր ընդ գործն ապռեալ,
՛Ի այլոց մալի քէֆիլ զսա առեալ.
Որ ձեռնտու այլոց սա էր լեալ,
Հայոց՝ Տաճկաց արդ պարտատէր լեալ։
Եղբայրն Սարխօշն որ յերկրէն եկեալ,
Նա յիւր գըլխոյն վաճառական լեալ,
Զնոյն տառապանս զեղբօրն տեսեալ,
Գործն յերկարեալ ցաւն երբ խստացեալ։
Օր ըստ օրէ յետ ՚ւ առաջ չեկեալ,
Սարխօշն կսկծով մանկամեռ եղեալ,
Եւ զսէմայէն եւ զնորա հանեալ,
Ի ծախ կըռւոյն խարճէին շըռայլ։
Հեղեղն յոտից այժմ ի ծունկն հասեալ,
Սուտ բարեկամքն դեռ ի ջան շարժեալ,
Մինչեւ ի մէջքն տեսին զի ելեալ,
Փիլաւխօրներն դեռ այլ բանսարկեալ։
Մինչ ի պօղազն հեղեղն վերանցեալ,
Լօխմայխօրներն սուտ ումետ տուեալ,
Ի հաւայէն դրամ ցոյց տուեալ,
Ֆիլան ֆիլան տեղաց պատրաստ գալ։
Մինչ ի բերանն պըտոյտք ջուրցն մըրրկեալ,
Անօգնական զԽօսրովս խեղդ արկեալ։
Ողորմեա եւն։

Ա յսմ խեղդելոյ պատճառն լեալ մասալ,
Զի ամենայն աշխարհ են լուեալ,
Ամենայն ազգ զայս տեղեկացեալ,
Արեւմտեան ՚ւ արեւելյան այլ։
Մինչ Հնդուստան ՚ւ ի Ֆրանկըստան այլ,
Կագ ՚ւ ի կըռիւ վասն այսմ որք մըխեալ,
Ի եւ Զ տարօք յայս տապեալ,
Տառապանօքս զբաղեալ տատանեալ։
Պարտք եւ տոկոսք սոցա շատացեալ,
Որքան խըլրտեալ՝ ա՛յնքան ծանրացեալ.
Յետ Քէֆէցուն մահուն առակ այլ,
Յետինն չար քան զառաջինն այլ։
Ոմանք ուրոյն բարեկամ դարձեալ,
Զծունկ պագէին սորա ՚ւ աղաչեալ,
Զի ի պատիւ ՚ւ ի փառս մեծարեալ,
Որք ի քունճերս պատուարց դեգերեալ։
Սա զլաւութիւն նոցա արարեալ,
Բ անգամ ի փառսն վերածեալ.
Յետոյ ձախմէ սորա այնք նենգեալ,
Զսորա տըւեալ դրամն ուրացեալ։
Քան զառաջին բարեկամսն անցեալ,
Նոյն նենգողաց զպակասն այն լըցեալ,
Զի զպատառուն պարտական հանեալ,
Վկայս գըտեալ՝ կաշառուք պարծեալ։
Հին քիւֆթէխօրքն ոչինչ մի օգնեալ,
Գըրեն վճռեն թէ պարտատէր լեալ.
Դիպուածք սորա եռալեան պատեալ,
Զբարին տեսօղքն թշնամիք դարձեալ։
Զի զհաց ուտողքն զչարիս են նիւթեալ,
Ծաղիկ վէքիլք վերայ յարուցեալ,
Դատախազիւք նորքն եւս բազմացեալ։
Սա որ մի էր զինչ պատասխանեալ,
Շողոքորթիցն հընոցն ատեցեալ,
Մարդելուզքն արդ ի հեռուստ դիտեալ,

՚Ի ի գըրելն ի հափս ըզսա արգիլեալ։
Թէ շատ ջանաց զոչինչ մի շահեալ,
Զտէֆթէր եւ զգիր համայնըն խըփեալ,

՚Ի ի չաւուշի տանն էր վըշտացեալ.
Տես զմեծ իմն որ նոր փորձանք դիպեալ։
Մինչ չաւուշի ձեռնէ հափս եղեալ,
Մին միամօր որդեակ սա ստացեալ,
Ի ծերութեան իբր այնու սփոփեալ,
Գէորք անուն պատանեակ կոչեալ.
Իբր խոցադեղ սրտին այն մնացեալ։
Գնացին սեւ գուժ տարին թէ մեռեալ,
Վա՜յ եւ եղուկ ի բօթն հանդիպեալ։
Ողորմեա Տէր եւն։

Յ այսմ ողբոց սա յոլով արժանի,
Որ չաւուշի զոտիւքն շատ զփարի,
Զերես գետնով եդեալ պաղատի.
Լութֆ ու քէրէմ արա՛ էհսան մի,
Տա՛ր զիս ի հետդ ի տունս անգամ մի,
Տեսնում աչօք զմէյիտն իմ զաւկի։
Չաւուշն բերէ պահն երեկոյի
Ի տուն՝ տեսնուլ զմահն իւր որդեկի,
Երբ գայ ի տուն՝ նոյն պահն հանդիպի,
Զոր լուանային զիւր սիրուն (որդի)։
Փետէր զմորուսն՝ զճանկն ի յերեսի,
Ծեծէր զգլուխն խիստ ողորմելի,
Վա՜յ եւ եղուկ տայր աւաղելի,
Խիղճն էր անչափ եւ կըսկըծալի։
Խիստ ամաչէր ի տեսողաց մի,
Չաւուշն կանգնէր թէ Ի յետ դարձի՛.
Աղիքն գալար առնոյր կըրկնակի,
Եւ յետ դառնալն խոց տուգան սրտի։
Թէ մնայ ի տուն՝ չթողուլն չաւուշի,
Ընդ մնալն որդւոյն Գէորքի,
Փոյթ ընդ փութով դարձնելն չաւուշի,
Բողոք բառնալն վայ եղուկ ծնօղի։
Գոռումն գոչումն ընտանեաց լինի,
Սիրտ խարշատեալ բորբոք կըրկնակի.
Ի տեսանելն զողբումն Խօսրովի,
Լալով դառնալն ի հափս չաւուշի։
Վա՜յ եւ եղուկ տայր նոյն գիշերի,
Եւ սեւ աւուրցն կոծ ՚ւ ի հառաչի։
Ողորմեա Տէր եւն։

Ի սկ թէ մընայր այս միայն տէրտով,
Կամ ի հափսէն ելնուլ ինչ հնարով,
Օր աւուր վիշտքըն ծանրանալով,
Որպէս նախ գրելս հեղեղ առակով։
Դատախազքն յայսմ ոչ իսկ խըղճալով,
Զհոգին հանել կամին այլ շուտով,
Զի չշատացան վճռով այն հափսով,
Այլ ի Պապայ Ճաֆէր դնելով։
Զի դառնասցի կեանքն իւր արեւովն,
Եւ ոչ տեսցէ զարեւ ցորեկով,
Զի մաշեսցի հոգւով եւ մարմնով,
Ի մութ զընտանըն դառնանալով.
Զի ժայթքեսցէ զծիւն իւր ծըրարով,
Կամ զհին ու զնոր տէֆթէրսն այրելով։
Բայց չեն թողած ղումաշ չուխայով,
Կեր ու պատառ ոսկի արծաթով,
Այլ քերելոյ եղունկ ոչ թողլով,
Թէ շահիցէր զնենգողսն կաշառով։
Անխիղճ եղեն զՏէրն ոչ յիշելով,
Զդատաստանին ահն մոռանալով,
Թողին ի բանտն հաշիլ մաշելով,
Բոլոր տարի մի տառապելով։
Ի շոքն ամռան տապեալ տագնապով,
Ի ցուրտ ձմերան կծկեալ ծըմրելով,
Ոչ կեր ոչ խում պօղազն անցնելով,
Սուգ սըգաւոր նեղութեան վըշտով։
Ծուխ սրտին իբր զբոց ծաւալելով,
Դառն արտասուօք շունչն քաղելով։
Տէր ողորմեա սոյն ննջեցելոյս,
Բարի հայցմամբ պատրաստ ժողովոյս։
Ողորմեաց մեզ Տէր Աստուած մեր։
Ասասցուք միաբանութեամբ Տէր ողորմեա։

(Տուներու սկզբնատառերը կը յօդեն՝
ԵՐԷՄԻԱՅԻ

Ողբ եւ տաղ վասն մահուան.
Բարձաւ ի մէնջ մեծն Մովսէս, ի նոյն եղանակն ասա՛։

Եկ դու հարցիր զմահն Խօսրովին, էվա՜հ, էվա՜հ,
Թէ ո՞րպիսի կեանքն վըճարին, էվահ,
Զի այն ոչ դիպեալ ճգնազգեցից, էվահ,
Եւ ոչ հարանց անապատին, էվա՜հ։

Զմոխիր իբր զհաց ուտէր ըստ Դաւթին,
Խառն արտասուօք զիւր ըմպելին,
Ցերեկն ի բուն ոչ դուր անձին,
Գիշերն բողոք դէմ արեւին, էվա՜հ։

Ոչ ցաւ ՚ւ ոչ հիւանդութիւն,
Այլ զի մաշումն անհնարին,
Զի յառաջն էր լաղար անձին,
Ի բանտն հիւծեալ հաշեալ մարմինն, էվա՜հ։

Մինչ մորթն յոսկերսըն կըցէին,
Միայն ոսկերքն երեւէին,
Իմացաւ զմուտն իւր արեւին,
Մեղա՜յ ասէր Տեառն Արարչին, էվա՜հ։

Ապա խնդրէր ըզսրբութիւն,
Ձգէր զիւր աչքն ի յանդէնին,
Ոչ հեծեծանք ՚ւ ոչ թառանչանք,
՚Ի ոչ հառաչանք կամ բողոք մի, էվա՜հ։

Զի տըկարացեալ թուլանային,
Օդուածքն զինքեանս թողեալ էին,
Կազմուածքն լուծեալ ի վաղ վըշտին,
Անձն անդամօք մաշեալ էին, էվա՜հ։
Տուր առ շընչոյն հազիւ էին,
Միոյ փըչմամբն քաղէր հոգին, էվա՜հ։

Վասն սուտ բարեկամացն առաջնոց՝ ոչ երեւեալ ի մահ նորին, յեղանակն Արդ պաղատիմք։

Անողորմից սիրտքն ոչ զիջին, որ զպարտս բազում պահանջէին.
Արդ զդի սորա հանեալ տեսին, վըճռեալ գըրեալ զմահըն սորին։
Ո՞ւր աշ տօստի փօսթի ծանօթքն, եաման կիւնտէ մէկն չերեւին.
Այսօր ղարիպ անտէր պառկեր, Պապ Ճաֆէրն մէջ աւլուին։
Ո՞ւր քիւֆթէխօր սուտ բարեկամքն, գընային ըմպել թաս թաս զգինին.
Գիշեր ցերեկ խօշամէտիւք կանչօղքն Խօճին կենդանութիւն։
Ո՞ւր փիլաւխօր սուտ սիրելիքն, անգամ մի տեսըն չերթային,
Հիմա հոգիդ ելնէ ասեն, է՞ր այլ շատ մեզ չտայիր բաժին։
Ո՞ւր չէնկէպազ նենգօղ դրդօղքն, Տեսնունք զԽօճին աստ քաջութիւն.
Հայոց ազգիս մէջ դու գըտվար, որ քո ձէռօքդ բանս յըստըկին։
Ոչ ուզաքտան մէկ մէհրէպա, եւ ոչ օր մի զհալ զխաթր հարցին.
Ասեն՝ Շաչղընն բան չէ գիտցեր, ահա՛ տեսաք զիւր իշութիւն։
Զայս բաջաղողքն տեղաց էին, ոմանք քան զսա յառաջ չքէին.
Միթէ սորա տէրտն չէ՞ր հերիք, սիթէմս այլ գան ու խոց սրտին։
Ոմանք հաչեն՝ Ջանք մեր այս էր, հոս առնէաք մեք զքո հոգին.
Ուր կ'երթաս՝ նա՛ գընա՛ հէրիֆ, տես թէ ինտո՛ր է խօճայութիւն։

Վասն ի տուն բերելոյ զդի Խօսրօվին։ Յեղանակն Ես եմ կորուսեալ. Աշխարհս է ի ծով նման, եւ զոր կամիս։

Երբ ի զընտանէն հանին, իբր զղարիպ ի տուն հասուցին,
Խիստ խիղճ էր տեսիլք նորա, լըսողաց զարմանք թէ պատմին։
Երբ ի դըռնէն ներս մուծին, ի գաւիթն ըզնաշ որ եդին,
Կրկին կատարած լինէր, ընտանեացն անդ ճիչըն ձայնին։
Որպէս ըզմոմեա տեսին, խոր դեղնեալ բոլորեալ մարմին.
Միայն ոսկերքն էր մորթովն, չորցած փայտ տերեւթափ ծառ մին։
Ընտանիքն ի գլուխ ի բաց, հերարձակ վազեն ՚ւ ասէին.
Եղբա՛յր այս չէ մեր պարոնն, դէմքն ու կերպն մի՞թէ այս փոխին։
Երբոր սանդղոցն ի վեր՝ հանեցին ի տուն իւր մուծին,
Լըցուան սէյիրճիք բազումք, ի տեսնուլ լըսել զահվալնին։

Փոխէ զգոյնն. Վայ այս Պօվրոսիս, քանզի ողբ վասն աւուրն եւ պահուն այն։

Սեւ բօթն որ վաղ հասուցին, յայն տարերքն խռովեալ խառնակին.
Խառնիլ սկըսաւ լերդ ՚ւ աղիքն, մըրրկաւ սուգն նոր սըգաւորին։
Զերեսս երկնից թուխ ամպերք, մառախուղ այսօր պատեցին.
Որպէս ամուսնոյն սրտիւն, սեւ դարիք գալիք հանդիպին։
Օրն եղեւ ձիւն բըքաբեր, դառնաշունչ հողմով մըրրկին.
Այնպէս կողակցի սըրտին, դառնաբեր եղեամն կսկծին։
Երկինք ՚ւ երկիր մթնացաւ, ամուսնոյն սեւ սեւ խոց հեղին.
Սառնամանիք սեւ սըրտին, որբ ՚ւ այրի լինիլ Մէյրէմին։
Մութն ու մըլարն պատեցաւ, մարդոյ աչք բանալ չըտային.
Սա վերայ գըլխին ծեծէր, որ արցունքն զաչքերն չբանային։
Փոթոր[կ]եալ խառնակ օդոյն, յօր մահուն տեսաք Խօսրովին,
Որ տարի մի դառնանայր, ար սեւ դար սեւ սըգաւորին։
Հողմոյն խառնուխուռն հընչման, զդէմս զերես մարդոց ճղատկէին.
Ճղատկեալ մազերն Մէյրէմին, ի վերայ կրծոց Խօճային։
Ձիւնն որ փչմամբ զօդն ծածկէր, օր ՚ւ արեւ բնակչաց չըցուցին.
Անդ սեւ սեւ մազերն ծածկէր, զդագաղն ու զմարմին սեւ բախտին։
Ձիւնն որ ցընդեալ կու մաղէր, բըքախառն մանէման հոսին.
Զխելքըն ցիրուցան մաղէր՝ մաղկըտէր զսիրտըն Մէյրէմին։
Ձիւնն որ ի փոս փոս տեղիք, լընոյր որ կուտոց դիզէին.
Հանգուց վերայ հանկուցի, ծալիծալ կըսկիծն Մէյրէմին։
Ձիւնն որ սփռեալ եւ հեղոյր, զձիւայետղս ամբարանոցին.
Այլ նոր շտեմարան բացաւ, զսեւ խոցեր դիզեալ Մէյրէմին։
Ցուրտն որ սաստիկ էր հնչման, զանձն մարդկան սարսռեցնին.
Արտադող սարսափ եբեր, ատամանց կրճտել Մէյրէմին։
Սառուցման ցըրտոյն յետեւ, կերպարանք մարդկան կիզէին.
Յետ սարսըռելի դողմանս, ջերմ դողման մորմոք Մէյրէմին։
Մինչ օրս կայր անմխիթար, թալիթալ խըշխըշալ սրտին.
Անայր ՚ւ անորդի մնալն, սեւագիր սեւ սըգաւորին։
Մինչ օրս անըսփոփ մնայ, լեարդն օղիկ օղիկ գալարին.
Շատ աղաչանօք խնդրեաց, այսօր զԳանձս դեղթափ Մէյրէմին։

Փոխէ զգոյնն

Մի՛ լար դստրի՛կ մի՛ ողբար, տուր սրտիդ համբեր փոքր մին.
Այս սուտ յանցաւոր յաշխարհս, ո՞վ հասեր սրտի մուրատին։
Մի՛ լար դու քուրո՛ւկ մի լար, ումիտ ու սապռ տուր քո սըրտին.
Մահուն չէ եղեր ճարակ, ձիւնն եկեր որ ոտքըն մըսին։
Մի՛ լար դստրի՛կ դու մի լար, թէ ոք հասեր սըրտին մուրատին.
Վերջն հեծեծանօք ի հող, արտասուօք յաշխարհէ ելին։
Ով սըրտահանգէք լինի՝ Տէր նորա բարի տայ ըստ սըրտին.
Մուխ որ քո յօճախէն ելաւ, նա՛ յամէն յօճղէ կու ծըխին։
Գնա՛ աղաչէ զԱստուած, շալլա բախտ մի բարի դիպին,
Այդ մըթանըդ լոյս մի տայ, զքեզ տանի յերկիր մի բարին։
Գնա՛ մաղթէ Աստուծոյ, որ դուռս քեզ փակեալ երեւին.
Կարող է դուռն մի այլ բանալ, անհնարք նորա հնարին։
Յայս սուտ փուտ յաստըվորէս՝ ամէն մէկ տէրտով մի ելին.
Խօճայ Խօսրովն այլ ճանփովս՝ չհասաւ սըրտի մուրատին։
Կարճ ի կարճոյ պատմեցաւ, նախատն ու բամբասն վշտակրին.
Ի նեղն հասուցեալ զվախճանն, յարեւուն մահրում հանեցին։
Թիւն ՌՃԽ (=1691) յունվար Ժ եւ Ը կիրակին,
Զընտանէն ի տուն բերեալ, հող զնտանս յայգն Բ[2]շ[աբթ]ին։
Հէմշէրիքն արեւելեան, ղայրէթով զկարգն կատարեցին.
Ցըրտովն զաշխատանսն կըրեալ, Պէկօղլին բերեալ թաղեցին։
Զմեր Պալըխլուն կ՚ասէաք, թէ՛ ի՜նչ մարեր քուրեր կու լային,
Արդ Պէկօղլիս զայն անցոյց, թ'ի՛նչ թուրլի խաղաց մեզ օյին։
Ա՛յ դուք օրհնեալ ժողովուրդք, կեանք ՚ւ արեւ ձեզ երկարեսցին.
Զահմէթեցայք զճառս լսել, ՚ւ այլ ասէք զԱստուած ողորմին։
Սիրովն Քրիստոսի եկիք, սփոփանք տալ սըգաւորին,
Խօսրովի հոգւոյն համար, հրամեցէք մէկ Հայր մեր յերկին։

( Ձեռ. թիւ 1042, թղ. 90բ-96բ )