Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

I
Ազգասիրական զգացումը. Հպարտութիւնը ցեղերու մէջ. Պատմական գիտակցութիւն. Հայոց պարծենկոտութիւնը. Պատմական մեծագործութիւններ. Պատմական դերը՝ հայուն կեանքին մէջ։

 

Ազգասիրական զգացումը մարդուն մէջ շատ բնական գիծ մըն է։ Դժուարաւ պիտի գտնէինք որեւէ մէկը, որ բնական անքակտելի կապով մը միացած չըլլար զինք արտադրող համայնքին հետ։ Եթէ նիւթական ու բնական միջավայրը հայրենասիրական ա՛յնքան ջերմին զգացումներ կը ստեղծէ սրտին մէջ, ֆիզիքական ու բնական միջավայրն ալ շատ բնականօրէն պիտի գար արենակցական ու ազգասիրական բուռն զգացումներով տոգորել մարդը, որ ո՛չ միայն իբրեւ իմացական էակ, այլեւ իբրեւ թագաւոր-կենդանի՝ բնազդական որոշ յատկանիշներ պէտք է ներկայացնէր այս տեսակէտով։ Արտայայտութեան եղանակներն են միայն որ առաւել կամ նուազ կը մատնանշեն մէկու մը մէջ տիրող այս զգացումը եւ կամ կը զանազանեն ազգասիրական ըմբռնումները։

Ի հարկէ կը հպարտանայ մարդ, երբ՝ բնական տրամադրութիւն եւ ձգտում զգալով հանդերձ դէպ ի իր հայրենիքն ու ցեղակիցները, զորս անպայման սիրելու ստիպուած է կարծես, գիտակցութիւնը կ’ունենայ թէ կը պատկանի ուշիմ, ընդունակ եւ առաջադէմ ժողովուրդի մը եւ պատուաբեր ցեղի մը։ Այս է պատճառը որ հայ ժողովուրդը եւ իր զաւակները տարապայման հպարտութեամբ մըն է որ կը պարծենան իրենց ցեղին ընդունակութիւններովը, կրօնքովը, պատմութիւնովն ու աւանդութիւններով։ Այս անմեղ հպարտութիւնը որեւէ ժողովուրդի մէջ աւելի ուժգին թափ կ’առնէ՝ համաձայն այն պատմական ուղիին, որուն մէջէն քալած է ազգ մը։ Որեւէ ցեղի պատկանող անհատ մը աւելի խանդավառ հայրենասէր է՝ իր ցեղին պատմութեան շողշողուն էջերովը, քան այն՝ որ կը պատկանի պատմական համեմատաբար աւելի աննշան ընթացք մը ունեցող ցեղի մը։ Ֆրանսացի ժողովուրդը աւելի հայրենասէր, աւելի՛ ֆրանսացի է՝ իր պատկանած այդ մեծ ու փայլուն ցեղին պատմական սխրագործութիւններովը, քան սերպիացին կամ աֆղանը։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք այս վերջինները ազգասէր չե՞ն։ Կարելի չէ ժխտել անոնց ազգասիրութիւնը, սակայն անոնք իրենց աչքին առջեւ չունին այն պատմական մեծ անցեալը, որ ֆրանսացիի՛նն է, այն պատմական գիտակցութիւնը, որ Ֆրանսայի քալած ճամբէն կը շղթայուի իր զաւակներու սրտին հետ։

Ճիշդ այս կերպո՛վ է ահա որ Հայ ցեղին զաւակները անտանելի կերպով ազգամոլ եղած են։ Խօսէ՛ Հայոց Պատմութեան աւանդական մասը լաւ գիտցող հայու մը հետ, եւ պիտի տեսնես թէ անոր համար աշխարհիս վրայ Հայ ցեղէն աւելի բարձր, անկէց աւելի քաջ եւ կտրիճ ազգ գոյութիւն չունի։ Ազգերու պատմութեան մէջ թատր եկող ո՛չ մէկ նշանակելի դէմք կամ մեծ դէպք կրնայ ան փոխել Հայ կեանքին մէջ ասպարէզ եկող դէմքերու եւ դէպքերու մեծութեան ու հսկայականութեան հետ։ Անոր համար գերազանցօրէն ընդունակ ցեղը Հայն է, Հայ լեզուին պէս մեծավայելուչ լեզու չկայ, Հայուն եկեղեցիէն աւելի նուիրական սրբավայր չկայ, Հայուն բարքերուն պէս մաքուր բարք չկայ, իսկ Հայկական փառաւոր անցեալը որեւէ մեծ ազգի պատմութիւնը կրնայ ստուերել։ Հայերու այս կարծիքը շատ տարամերժական եւ միակողմանի է անշուշտ. վասնզի Քննական Պատմութիւնը, որ ամենէն անկեղծ փորձաքարն է անցեալի լուսաբանութեան, քիչ մը տարբեր բաներ կ’ըսէ մեզի, թելադրելով որ չափաւորենք մեր ազգամոլութիւնը, ու ամեն առաջդիմութիւն, ընդունակութիւն եւ առաւելութիւններ չվերագրենք Հայ ցեղին։

Այսու հանդերձ որչափ ալ միակողմանի ըլլայ հայու մը պարծենկոտութիւնը՝ իր ցեղին մասին, գիտութիւնն ու պատմութիւնը կուգան հաւաստել մեզ թէ արհամարհելի ժողովուրդ մը չէ եղած այս ազգը իր պատմութեան ընթացքին մէջ եւ ունեցած է անցեալ մը, որ իսկապէս կրնայ պատիւ բերել որեւէ ժողովուրդի։ Ամեն ազգերու պատմութիւն ալ արձանագրած է սեւ էջեր՝ իր ամենամաքուր երեսներուն քովն ի վեր։ Ու Հայ ցեղը չէր հարկաւ որ բացառութիւն պիտի կազմէր այս ընդհանուր օրէնքէն։ Մենք հոն, Հայուն պատմութեան մէջ, այո՛ կը գտնենք լաւագոյն ղեկավարներուն քով անկարողներ, դիւցազուններու քով դաւաճաններ, գիտակից կղերին քով անգիտակից հրէշներ, սակայն եւ այնպէս այս հակադրութիւնները՝ պատմութեան էութենէ՛ն իսկ յատուկ են որեւէ ցեղի եւ անխուսափելի մասերն են ցեղային մտայնութեան ու ըմբռնողութիւններու, մէկ խօսքով ցեղային հոգեբանութեան արտայայտութեան։ Մենք կը սխալէինք, եթէ մակերեսիկ կերպով դատէինք ազգի մը նկարագիրը, որ, անհատի մը նման, կ’ունենայ անպատճառ իր յանձնարարելի կամ դատապարտելի կողմերը։ Արդ, վճիռ տալ Հայուն նկարագրին մասին՝ մեր նպատակէն դուրս է բոլորովին, որովհետեւ այդ վճիռը պէտք է հիմնուած ըլլայ գիտական համբերատար ուսումնասիրութեան վրայ, մինչ մենք Հայ կեանքին տարբեր մէկ երեսովը կ’ուզենք զբաղիլ, երես մը՝ որ, մեր կարծիքով, Հայոց պատմութեան ամենէն յատկանշական մէկ մասը կը կազմէ, եւ աւելի գիտակցական հիմերու վրայ կը դնէ մեր ազգին ու ցեղին նկատմամբ մեր ունեցած սէրը։

Հայուն պատմական դե՛րն է որ զինքը կը դնէ աշխարհի Քաղաքակրթութեան Պատմութեան մէջ։ Եւ եթէ այսօր օտարազգի պատմագիրներ արժանաւորապէս վեր չեն հանած այս նահատակ ժողովուրդին անգնահատելի զոհողութիւնները, Քաղաքակրթութեան անունով, ատիկա պատճառ մը չէ սակայն թէ միշտ լռութիւն պիտի ըլլայ Հայուն բաժինը այդ մասին։ Անոր դերը՝ պատմութեան ընթացքին մէջ շատ հսկայական է։ Այդ դե՛րն է որ մեր պարծանքը պէտք է կազմէ. այլապէս աւանդական փայլուն յաղթութիւններու եւ մեր ազգասիրական զգացումները գգուող պատմութիւնները չեն որ ազգի մը մեծագործութիւնները կ’ապացուցանեն։