Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

V
Հայ կեանքը Վարդանանց պատերազմէն վերջ. Քաղկեդոնի ժողովը. Վահան Մամիկոնեան եւ իր գործը. Պարսիկներու քաղաքականութիւնը կը փոխուի. Հայերը առիթէն կ’օգտուին. Պարսից գահը խարխլած. Մահմեդականութեան ծագումն ու տիրապետութիւնը։

Քննական պատմութիւնը հարց մը կը դնէ մէջտեղ։ Հա՞րկ էր որ հայեր մղէին Վարդանանց պատերազմը։ Թեր ու դէմ կարծիքներ բնականաբար գոյութիւն ունին այս մասին։ Սակայն՝ անհերքելի է սա ճշմարտութիւնը որ այդ պատերազմը անխուսափելի կը դառնար՝ քանի որ հելլենական ոգին կը զօրանար հետզհետէ եւ հայ գիրերու գիւտէն վերջ ազգային ըմբռնումներ եկած, խառնուած էին քրիստոնէական հաւատալիքներու։ Հայը՝ Քրիստոնեայ ըլլալէ աւելի, Ե. դարուն մէջ, Հայ-Քրիստոնեայ էր։ Եւ իր կրօնին ուղղուած որեւէ հարուած կրնար նկատել հարուած մը՝ ուղղուած իր ազգային զգացումներուն, ազգային ոգիին ու ազգային պատմա-անհատականութեան. բաներ՝ որոնք նուիրական էին իրեն համար։ Հայ ժողովուրդը այլեւս ինքնուրոյն ոգի մը մշակել սկսած էր։ Մշակութական գործը նոր թռիչ առած էր եւ հելլեն գրականութեան առաջնորդութիւնը անհրաժեշտութիւն մ’էր։

Վարդանանց Պատերազմը աշխարհի մեծ եւ վճռական պատերազմներէն մէկը համարելով հանդերձ, պէտք է խոստովանիլ թէ պարտութիւնով վերջացաւ, պարապը հանեց բոլորովին Հայ կրօնաւորներուն ջանքերը, խորտակեց Հայոց ունեցած անկախութեան երազները եւ մէկ խօսքով չտուաւ այն, որուն համոզուած էին հայերը, երբ անհաւասար ոյժով յանդգնութիւնն ունեցան ճակատելու պարսիկներուն անհամեմատօրէն ուժեղ բանակին հետ։ Վասակն ալ չարաչար յուսախաբ եղաւ։ Սակայն Սասանեան թագաւորներուն ու անոնց խորհրդականներուն հասկցուց բան մը, որ նպաստաւոր էր Հայոց համար։ Անոնք խորապէս համոզուեցան թէ բիրտ ուժով անկարելի է ջնջել ժողովրդային կրօն մը եւ թէ այդ կերպով, կրօնափոխութեամբ, անհնար կ’ըլլար Հայոց ձգտումները եւ աշխարհահայեացքը կապել իրենց շահերուն ու քաղաքական ըմբռնումներուն հետ։ Ասիկա սակայն պատճառ մը չեղաւ որ Պարսից արքունիքը կրկին հետամուտ չըլլայ իր առաջադրութեան եւ Յազկերտ Բ. իր սոսկալի հալածանքով չըստեղծէ նոր կրօնական պատերազմ մը, երկրորդ խաչակրութիւն մը, որուն ղէկավարն ալ դարձեալ կը վերաբերէր այն տոհմին, որ ստանձնած էր Հայոց շահերուն պաշտպանութիւնը՝ արեւմտեան քաղաքակրթութեան իբր զինուոր։ Այդ պատուական պատերազմիկը Վահան Մամիկոնեանն էր. հին դարերու Հայ մեծ Յեղափոխականը։

Այս երկրորդ կրօնական պատերազմին անցնելէ առաջ, կ’արժէ նկատողութեան առնել թէ ի՛նչ էր Հայ կեանքը Վարդանանց Պատերազմէն անմիջապէս վերջ։ Շատ բնական էր որ յոգնեցուցիչ եւ սպառիչ կռիւ մը ըլլար Շաւարշանի ճակատամարտը, որովհետեւ ժողովրդային էր եւ ո՛չ թէ զինուորական։ Հայոց պարտութենէն վերջ Պարսիկները իրենց քաղաքականութիւնը փոխելու իմաստութիւնը չունեցան եւ հալածանքը շարունակուեցաւ։ Շատ մը հայ աստիճանաւորներ Պարսկաստան քշուեցան, Հայաստանի մէջ թշուառութիւն մը ծայր տուաւ եւ յուսահատութիւնը պիտի դառնար տիրական, եթէ Հայ կղերը, քրիստոնէական ոգին ու Հայ զինուորականութեան ներկայացուցիչները անհաշտ ատելութիւն չսնուցանէին պարսից կրօնական հետապնդութիւններուն դէմ։ Յոյներուն դիրքը որոշ էր արդէն սկիզբէն ի վեր։ Համակրօն եղբայրներու վրայ դրուած ամեն յոյս ապարդիւն մնալու դատապարտուած էր. իսկ ասորիները հնարաւորութիւն չունէին արդէն ներգործական դեր մը ստանձնելու։ Այսուհանդերձ ներքին-կրօնական խնդիրներ եկան տարաձայնութիւններու եւ հակակրութիւններու տեղի տալ ու Հայոց յարաբերութիւնը սրտացաւ Յոյներուն եւ Ասորիներու հետ, որոնք կրօնական սին վէճերով զբաղած էին, երբ ասդին քաղաքական մեծ յեղաշրջութիւններ տեղի կ’ունենային Հայաստանի մէջ, Քրիստոնէութեան անունով՝ Մամիկոնեան Նախարարութեան ձեռներէցութեամբ, եւ ա՜յնչափ զգալի էր իրենց օժանդակութիւնը։

Մինչդեռ Քրիստոնէութիւնը տակաւ կը զօրանար արեւմուտքի եւ արեւելքի մէջ, կղերականութեան մէջ երեւան կուգային ազատական հոսանքներ եւ անոնց արտայայտիչները, որոնք իբրեւ ազատ մտածողներ՝ «գայթակղութիւն կը սերմանէին իրենց շուրջը»։ Քրիստոնեայ կղերականութիւնը տակնուվրայ եղած՝ իր բոլոր զէնքերը կը գործածէր այսպիսի հերետիկոսներու դէմ, անէծք, նզովք, բանադրանք եւ այլն չխնայելով։ Եւ որպէսզի աւելի ազդեցիկ ըլլան ու մեծագոչ՝ այդ պատիժները, Քրիստոնէական-տիեզերական ժողովներու գաղափարն յղացան։ Առաջին տիեզերական ժողովը տեղի ունեցաւ Նիկիոյ մէջ, 325ին, դատապարտելու համար Արիոսը, որ կ’ըսէր. «Քրիստոս աստուած չէ, այլ՝ հասարակ արարած, եւ թէ Հայր Աստուած անկէ աւելի մեծ է»։ Այս ժողովին մասնակցեցան հայերն ալ։ Հո՛դ է որ յօրինուեցաւ «Հաւատոյ Հանգանակ»ը։ Այդ առաջին ժողովէն եւ անոր մեծադղորդ պատգամներէն հազիւ 60 տարի անցած էր, երբ կրկին պէտք տեսնուեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ 381ին գումարելու երկրորդ տիեզերական ժողով մը՝ դատապարտելու համար հերետիկոս Մակեդոնը, որ Արիոսէն ա՛լ աւելի առաջ երթալով ո՛չ միայն Քրիստոսի աստուածութիւնը չէր ընդուներ, այլ եւ Սուրբ Հոգին ալ կը մերժէր։ Բայց որովհետեւ աղանդաւորները հետզհետէ կը շատնային եւ քրիստոնէական կրօնին սահմանագծուած ըմբռնողութիւնները քննադատութիւններով կը խանգարուէին, ուստի անհրաժեշտութիւն դարձաւ գումարել երրորդ տիեզերական ժողովը Եփեսոսի մէջ՝ 431ին՝ դատապարտելու համար ընդհանրապէս բոլոր հերետիկոսները եւ մասնաւորապէս Նեստորը, որ հաստատելով հանդերձ Արիոսի եւ Մակեդոնի ըսածները, կ’աւելցնէր թէ «Մարիամը չէր կրնար Աստուածածին կոչուիլ, այլ՝ մարդածին, վասնզի Քրիստոս մարդ էր եւ ո՛չ թէ Աստուած»։ Հայ եկեղեցին այս երեք տիեզերական ժողովներու որոշումներն ալ ընդունած է, մասնաւոր ներկայացուցիչներով մասնակցելով։ 451ին գումարուեցաւ չորրորդ տիեզերական ժողովը Քաղկեդոնի մէջ։ Այս անգամ աւելի աղմկալից հարց կար։ Նոր մոլեռանդ մըն էր որ խնդիր կը ստեղծէր։ Եւտիքէս կ’ըսէր թէ «Քրիստոս երկու բնութիւն, Աստուածային եւ մարդկային, չունէր, այլ՝ մէկ եւ ան ալ մի՛միայն Աստուածային», հակառակ եկեղեցիներու ընդունած երկու բնութեան վարդապետութեան։ Հայերը սակայն այս ժողովին մասնակցելու հնարաւորութիւն չունէին, ասդին զբաղած ըլլալով հայ-պարսկական ընդհարումներով, որոնց իբրեւ հետեւանք քաղաքական ահագին բարդութիւններ ստեղծուած էին Հայ կեանքին շուրջը եւ օրհասական կռիւ կը մղուէր պարսիկներուն դէմ։ Եւ ի վերջոյ ալ հարկ չտեսնուեցաւ ընդունել որոշումները ժողովի մը, որուն օրակարգի խնդիրները Հայոց համար հետաքրքրական ոչինչ ունէին։ Այս էր ահա պատճառը որ Քաղկեդոնի ժողովը կրօնական մեծամեծ վէճերու դուռ բացաւ եւ Հայերը լարեց Յոյներուն դէմ։

Արեւմտեան Քրիստոնեայ ազգերու կրօնական այս փոթորիկներուն ատեն էր որ պարսիկներուն բուռն հալածանքները ստեղծեցին երկրորդ պատերազմ մը։ 482ին Ատրվշնասպի ղէկավարութեամբ Պարսից բանակը մտաւ Հայաստան։ Վահան Մամիկոնեան սպարապետը կը վարէր կռիւը։ Այս անգամ արդիւնքը շատ աննպաստ էր պարսից համար։ Վահան կը յաղթէր չարաչար այն բոլոր բանակներուն, որոնք կը ղրկուէին Պերոզի կողմէ, եւ «զինու զօրութեամբ» կուգար յուսահատութեան մատնել պարսիկ արքունիքը, ստիպելով որ հալածանքի քաղաքականութիւնը դադրի այլ եւս։ Պերոզի յաջորդը Վաղարշ, ի բնէ խաղաղասէր՝ ո՛չ միայն հալածանքն ու յարձակումը դադրեցուց, այլ եւ մասնաւոր պատգամաւորութեան մը միջոցաւ հաշտուեցաւ Վահան Մամիկոնեանի հետ եւ կրօնական ազատութիւն հռչակեց։

Ահա այսպէս բազմաթիւ հերոսական կռիւներու եւ արիւնհեղութեան շնորհի՛ւ միայն էր որ ձեռք բերուեցաւ այս թանկագին ազատութիւնը։

Բայց արդէն ներքին պառակտումներու հետեւանքով Սասանեաններու գահը կը խարխլար, եւ պարսիկ վեհապետներ հարկադրուած էին որոշ զիջումներ ցոյց տալ եւ համաձայնիլ իրենց հպատակ ժողովուրդին հետ։ Այս առիթէն օգտուելո՛վ է որ արդէն հայերը յաջողեցան Վահան Մամիկոնեանը մարզպան կարգել տալ։ Վաղարշի յաջորդը Կաւատ, թէեւ պարսից քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղութիւնը փոխել ուզեց՝ Նոր Հալածանք մը ստեղծելով եւ նորոգելով հին խնդիրները, բայց Պարսկաստանի ներքին երկպառակութիւնները իր ուշադրութիւնը դարձուցին ուրիշ կողմ եւ ստիպուեցաւ զիջել։

Յոյներն ու պարսիկները սկսան այլեւս շարունակական կռիւներու։ Խեղճ Հայ ժողովուրդը կրկին մնաց երկու սուրերու մէջտեղ եւ մանաւանդ երկու հակակրութիւններու միջեւ։ Է. Դարուն կէսերուն (640) սակայն Արաբացիները տիրեցին Պարսկաստանի, օգտուելով անոնց ներքին խնդիրներէն եւ անցան Հայաստան։ Պարսիկներ եւ Յոյներ, արդէն տկարացած շարունակական պատերազմներով՝ յանկարծ նոր թշնամիի մը դէմ գտան ինքզինքնին։

Մահմետական կրօնն սկսած էր ու արաբական բանակները՝ տիրապետական ձգտումներով՝ կ’արշաւէին ամեն կողմ։

Հայաստանի ճակատագիրն ալ կը փոխուէր։