Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

VIII
Մահմետական տիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ պարտուած. Բագրատունիներու անկումը. Յոյները արեւմտականութեան կը դաւեն՝ Հայ թագը խլելով. Մելիք Շահի արշաւանքը. Ճէնկիզ Խան եւ Թաթարական հալածանք. Կիլիկիան ազատ. Չարմաղան եւ Լէնկթիմուր. Ահարկու սով եւ գաղթականութիւն. Հայաստանը կռուախնձոր. Օսմանեան ցեղերը. Էջմիածին եւ Սիս. Օսմանօ-Պարսկական արշաւանքներ. Քրիստոնեաները եւ Մահմետական աշխարհը. Հայ հոգեւորականութիւնը. Շահ Աբբաս եւ իր ծրագիրը Երասխի ափին նախճիրը. Հայերը Պարսկաստանի մէջ. Մեծ Հայաստանը թափուր եւ աւերակ։

Մահմետական տիրապետութիւնը Հայաստանի ու Փոքր Ասիոյ մէջ՝ հրապարակ բերած էր Բիւզանդական մրցակցութիւնը։ Յոյներուն կրկին վիճակուած կը մնար ոչ նուազ կարեւոր գործ մը Հայկական կեանքին շուրջ։ Արեւելքի մահմետական ազգերու ու բանակներու արշաւանքներէն կերպով մը խուսափած, առաւել կամ նուազ զոհաբերութիւնով մազապուր պրծած հայկական գահն ու թագաւորութիւնը յոյներուն ձեռքով, արեւմտեան քաղաքակրթութեան ջահակիրներուն միջոցաւ պէտք է որ խորտակուէր։ Բագրատունիներու անկումը պատմական այդ իրողութիւնը կ’արձանագրէր։ Յոյները, Հայ թագն ու սաղաւարտը խլելով՝ անգիտակցաբար կը դաւէին այն քաղաքակրթութեան, այն առաջդիմական ոգիին, որուն անունով երբեմն Դարեհներու, Քսէրքսէսներու եւ այլ արեւելականութեան հզօր ներկայացուցիչներու հետ կը չափուէին, կ’ուրանային իրենց առաքելութիւնը արեւմտականութեան դրօշին պահպանումին մասին։ Չէ՛ր ճանչցուած Հայ ժողովուրդին դերը, մանաւանդ հսկա՛յ դերը՝ Փոքր Ասիոյ լեռնադաշտերուն վրայ, արեւելականութեան բիրտ ու խրոխտ ներկայացուցիչներուն մէջ արեւմտեան մտայնութեան, քաղաքակրթական այդ հոսանքին պաշտպանութեան նուիրական՝ այլ տաժանելի ճակատագրականութեանը մէջ։ Ափ մը ժողովուրդի երբ բաժին կ’իյնար հսկայական գործի մը կատարումը, անպայման մեծամեծ զոհողութիւններու, կամաւոր անձնուրացութեան եւ ինքնախողխողման ամբողջ շրջան մը կը բացուէր։ Ու այդ միեւնոյն երեւոյթն էր որ կը պարզուէր ու կը կրկնուէր Հայ կեանքի մէջ, պատմական յաջորդականութեամբ մը, որուն արձանագրութիւնը ինքնին բաւական է ընդունել տալու Հայ ցեղին մեծութիւնն ու կենսունակութիւնը։

Շնորհիւ ժամանակակից հայ ստուգապատում պատմիչներու, Ազգային պատմութիւնը մանրամասնօրէն կ’աւանդէ այն բոլոր հանգամանքներն ու պայմանները, որոնց մէջ հայկական երրորդ Հարստութիւնը, Բագրատունիներու իշխանութիւնը 186 տարի տեւելէ ետք, վերջ գտաւ դժբաղդ Գագիկ Բ. ի օրով եւ պատմական ու պատուական Անի մայրաքաղաքին կործանումով։ Հայ կեանքը, արդէն իսկ անմխիթար, անգամ մըն ալ վատթարացաւ, դուռ բանալով շարք մը անցուդարձերու, որոնց վերաքաղը ո՛չ մէկ սրտապնդող երեւոյթ կ’ընծայէ տարաբաղդաբար։ Բագրատունիներու անկումէն վերջ գրեթէ չորս մասերու բաժնուեցաւ Հայաստան՝ Յոյներուն, Պարսիկներուն, Վրացիներուն եւ Արաբացիներուն ձեռքը։ Թշուառութեան նոր սահման մըն է, որ կը սկսէր խեղճ հայուն կեանքին համար։ Տուղրիլ եւ Ալփասլան արդէն իսկ իրենց տխուր դերը կատարեր էին Հայաստան արշաւելով եւ նշանակելի վնասներ տալով։ Ասպարէզը կը մնար վերջինին յաջորդին, Մելիք Շահին, որ տիրող պայմաններէն օգտուելով Հայաստան արշաւեց եւ տէրը դարձաւ ամբողջ երկրին (1086)։ Հայաստան միեւնոյն լուծը տարաւ գրեթէ եօթը տարի, մինչեւ Մելիք Շահի մահը, երբ անոր յաջորդները իր ընդարձակած միապետութիւնը կտոր կտոր ընելով աւատական կարգեր հաստատեցին, բաղկացուցիչ բոլոր մանր ու մեծ իշխողներու հետ։ Վրացիներու Դաւիթ թագաւորը, առիթէն օգուտ քաղելով, մինչեւ Շիրակ հասաւ եւ տիրեց շրջականերուն։ Այս գրաւումը թէեւ մասամբ խաղաղութիւն բերաւ իր հետ, բայց քիչ ժամանակէն նոր վրդովումներ ելան եւ խաղաղութիւնը խանգարուեցաւ, որովհետեւ Սելճուգները յաջողեցան Վրացիները դուրս քշել հայ միջավայրէն ու տիրապետել անոր։ 1160 թուականին միայն վրացի եւ հայ իշխանները զինու զօրութիւնով հիւսիսային Հայաստանը յաջողեցան Վրաց պետութեան տրամադրութեան ներքեւ դնել։ Վրացիներու այս վերջին տիրապետութիւնը տեւեց մինչեւ 1220։

ԺԳ. դարու սկիզբները Չինաստանի եւ Սիպերիայի միջեւ փռուած Ասիական լեռնադաշտերու թափառական Մոնկոլ-Թաթարական ցեղերը մեծ բազմութեամբ շարժուեցան, զօրացան եւ Ճէնկիզ Խանի առաջնորդութեամբ Չինաստանը նուաճեցին, անոր վեհապետը գահընկէց ըրին, Հնդկաստանի տիրեցին եւ ապա մտան Փոքր Ասիա։ Շատ վայրենի էր իրենց վերաբերումը։ Ամեն տեղ դիակներու սոսկալի կոյտեր կը ձեւանային, եւ ընդարձակածաւալ ու անհաշուելի շէնքեր փլատակ դարձած կը մխային։ Թալան եւ կողոպուտ աւելորդ իսկ է ըսել, ա՛յնքան սովորական էին։ Ճէնկիզ Խանի յաջորդներէն արիւնարբու Չարմաղանին բաժին ինկած էր Հայաստանը, եւ սա՝ հաւատարմօրէն կատարեց իր պաշտօնը՝ ո՛չ մէկին խնայելով, ո՛չ մէկին խղճալով, մորթելով բնակիչները եւ այրելով տուն, տեղ, քաղաք, բերդ եւ ամէն ինչ։ Ո՛չ մէկ դիմադրութիւն կասեցուց այս արշաւանքը։ Հայաստանը ամեն կողմ արիւնով ոռոգուեցաւ։ Իննսուն տարի տեւեց այս անհանդուրժելի կեանքը, որ Հայոց Աշխարհը դրաւ ողբալի կացութեան մը եւ ճգնաժամային անձկութիւններու մէջ։ Եթէ կար վայր մը սակայն, որ անմատչելի դարձած էր եւ ազատ այս բարբարոս արեւելքցիներու վայրենի գրոհին դիմաց, այդ՝ Տօրոսի բարձունքներուն վրայ թառած Կիլիկեան Հայութիւնն էր, Ռուբինեանց Հարստութեան սերտիւ փարած։

Փոթորիկը հազիւ դադրած, ահա Էօզպէկ Թաթարներու Լէնկթիմուր զօրապետն էր որ Պարսկաստանի ճամբով Հայաստան արշաւեց՝ (1387) անգամ մը եւս գերեզման դարձնելու Հայկական դժբաղդ աշխարհը։ Լէնկթիմուր «Հնդկաստանի մէջ մարդկային գանկերով բուրգեր կանգնեցուց, Պարսկաստանը արիւնով ողողեց, Պաղտատը կործանեց, Դամասկոսը այրեց, եւ Ասորիքը նուաճելով մտաւ Հայաստան»։ Անկարելի է պատմել Լէնկթիմուրի անգթութիւնները, որոնք Հայոց Պատմութեան ամենէն սրտաճմլիկ էջերը կը կազմեն։ Վասպուրականի ու Սեբաստիոյ կոտորածները արիւնկզակ բռնաւորին գազանային ախորժակը ցոյց կուտան արդէն։ Անոր մահով կեղեքիչները պզտիկցան, բայց եւ այնպէս շատցան։ Այս բոլոր նախճիրներու բնական հետեւանքը դարձաւ այն սարսափելի սովը, որ համաճարակի մը հետ ամբողջ հայութիւնը նահատակեց եւ արտագաղթի փախուստով չորս հովերուն յանձնեց։ Հետզհետէ Թիւրքմէն ու Թաթար ցեղեր իրարու դէմ զինուեցան եւ Հայաստան դարձաւ կռուախնձոր մը՝ բարբարոսներու քմահաճոյքներուն անձնատուր։

Մինչ արեւելքի մէջ Մոնկոլ-Թաթար ցեղեր աւատական իշխանութիւններու բաժնուած իրարու դէմ կռիւ կը մղէին, անդին արեւմտեան Փոքր Ասիոյ մէջ օսմանեան զանազան ցեղեր երիտասարդ պետութիւն մը կազմած սկսան իրականութեան տէր դառնալ եւ մինչեւ Պրուսա հասան։ Նորահաստատ այս պետութիւնը տիրապետելու ընդունակութիւն ցոյց կուտար եւ Բիւզանդական Կայսրութիւնը գրեթէ քայքայման եզրն հասած էր արդէն, երբ 1453ի Մայիսին Սուլթան Մէհէմմէտ Բ. Արշաւեց Բիւզանդական մայրաքաղաքին, Կ. Պոլսոյ, վրայ, եւ գրաւեց զայն յաջողութեամբ։ Ֆաթիհը, ինչպէս կոչուեցաւ Սուլթան Մէհէմմէտ Բ., ուշիմ եւ հեռատես անձ մը ըլլալով, ըմբռնած էր ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն եւ մասնաւորապէս հայերուն շինարար դերը քաղաքակրթութեան ասպարէզին մէջ, ուստի քաջալերեց զանոնք եւ սիրով վարուեցաւ իր հպատակներուն հետ։ Նոյն իսկ հրաւիրեց որ հայկական մեծ գաղութ մը հաստատուի Կ. Պոլիս եւ Պրուսայի Յովակիմ եպիսկոպոսն ալ որոշ եւ նշանակելի արտօնութիւններով եւ առանձնաշնորհումներով Հայոց առաջին պատրիարքը նշանակեց (1461)։ Հայ ցեղին արժանաւոր գնահատութիւնն էր այս ի հարկէ։ Այնուհետեւ Օսմանեան պետութիւնն հետզհետէ զօրացաւ եւ Վոսփորի ափերուն վրայ կանգնեց արեւելեան այս պետութիւնը, որ երբեմն Եւրոպայի կարեւոր մէկ մասին ճակատագիրն իսկ ղէկավարել փորձեց։

Իրերու այս դրութեան մէջ վատթար էր Հայոց եկեղեցական-հովուապետական դրութիւնը։ Ռուբինեանց Հարստութեան օրով Սիս հաստատուած կաթողիկոսական աթոռը հակառակորդներ ստեղծեց իր դէմ եւ ԺԵ. դարու կէսին Էջմիածնայ մէջ կաթողիկոս ընտրուեցաւ Կիրակոս Վիրապեցին։ Ներքին երկպառակութիւն մը ծայր տուած էր արդէն հայերուն մէջ։ ԺԴ. դարուն Հայաստան կրօնական արշաւանք կատարող Լատին կրօնաւորներ գժտութեան գետինը ստեղծած էին արդէն։ Եւ ահա քաղաքական անբաղձալի դրութեան մը կուգար միանալ նաեւ ներքին անհամաձայնութիւնը, որ սկիզբէն ի վեր հայոց համար եղած է շատ աղիտաբեր։

Հիմա արեւմտեան Ասիոյ հորիզոնին վրայ կը մնային մրցորդ երկու մահմետական պետութիւններ, Օսմանեանն ու Պարսկաստանը։ Դիւրին է հետեւցնել անշուշտ թէ ի վնաս Հայոց եւ իրենց Աշխարհին պիտի ըլլար ասոնց պատերազմական մրցումը, քանի որ աշխարհագրապէս Հայաստանն էր այն հողը, որ կրնար կռուան դառնալ բաղխումներու։ Հինգ երկար տասնեակ տարիներ տեւեցին այս արշաւանքները, որոնք կը մղուէին օսմանցիներու եւ պարսիկներու միջեւ։ Յաղթութիւնը մնաց սակայն Սիւլէյման Ա. Սուլթանի, որ անձամբ կնքեց հաշտութիւնը։

Հակառակ Ֆաթիհի ազնիւ վերաբերութեան դէպի հայերը, ներքին գաւառներու մէջ քրիստոնեաները կ’ապրէին վերջին ծայր ստրուկ կերպով։ Անոնք ռամիկ մահմետական ամբոխին կարծիքով ոչինչ իրաւունք ունէին իբրեւ մարդ ապրելու։ Տակաւ կը դառնանայ Հայոց վիճակը, գաւառներու մէջ, անտանելի եւ յուսահատական։ Հայ ժողովուրդը իր միակ մխիթարութիւնը կը սպասէր հոգեւորականներէն, մինչդեռ այս վերջինները աւելի լաւ կը համարէին իրենց աթոռներու չնչին կռիւներով զբաղիլ, քան անտէր ու թշուառ ժողովուրդի մը առաջնորդելու դժուարին պարտականութեանը մէջ ծառանալ։

Սուլթան Սիւլէյմանի յաղթութիւնները չկրցան վերջակէտը դնել օսմանեան եւ պարսկական ընդհարումներուն։ Ասոնք շարունակուեցան պարբերաբար, եւ երբ Շահ Աբբաս պարսից գահը բարձրացաւ, երկու պետութիւններուն յարաբերութիւնները դարձան ո՛չ միայն սպառնական, այլեւ՝ ուղղակի թշնամական։ Շահ Աբբաս մէկ կողմէն հաշտութիւն կնքեց եւ միւս կողմէ ալ լուռ պատրաստութիւններ տեսաւ։ ԺԷ. դարու սկիզբներուն ան կրցաւ իր կողմ գրաւել նաեւ օսմ[անեան] կառավարութենէն դժգոհ պէյեր եւ աւատապետներ։ Յանկարծական եղաւ իր արշաւանքը, զոր կատարեց Նախիջեւանէն եւ Երեւանէն մինչեւ Կարս. բայց երբ լսեց օսմանցիներու բանակին գալուստը, համոզուած՝ թէ իր անկանոն բանակով անկարող պիտի ըլլար դէմ դնելու օսմ[անեան] կանոնաւոր զօրքին, յուսահատական միջոց մը խորհեցաւ՝ իր նահանջի պահուն Երեւանէն մինչեւ Երասխի ափերը անապատ դարձնելու ծրագրով, որպէսզի հակառակորդ բանակը իյնար նեղ դրութեան մէջ։ Այս հրէշային ծրագրին գործադրութիւնը սարսափելի էր։ Հայաստանը հազիւ տեսած էր այդպիսի սեւ օրեր։ Պէտք էր այրել գիւղ ու քաղաք եւ ազգաբնակչութիւնը անասուններու հօտի մը նման քշել Պարսկաստան։ Առաքել Դավրիժեցի շատ աղեխարշ կերպով կը նկարագրէ Շահ Աբբասեան այս խժդժութիւնները։ Սոսկումը տիրած էր ամեն կողմ։ Ժողովուրդը բռնաւորին ցանցին մէջ, եւ զուրկ դիմադրութեան ու պատերազմական ոգիէ, ամենաողորմելի կացութեան եւ սրտաճմլիկ պայմաններու մէջ պարսիկ խուժանին հրամաններուն կը հպատակէր՝ անիծելով սեւ բաղդը։ Սպաննուողներ, մորթոտուողներ, ինքզինքնին ժայռերէ վար նետողներ՝ անթիւ, անհամար։ Տեսարանին ամենէն կսկծալին պարզուեցաւ Երասխի ափին մօտ։ Գետին ջուրը իր գոյնը փոխեց. ամբողջ ժողովուրդը կը մտրակուէր. ջուրը չի մտնողներ սուիններու վրայ առնուեցան, սպաննուեցան, բռնի ջուրը մղուեցան. շատերուն քիթն ու ականջները կտրեցին՝ միւսները սոսկացնելու համար։ 1605ին ա՛յս էր ահա հայերու վիճակը, այս բռնադատեալ գաղթականութեան պահուն։ Քանի՜ հարիւրաւորներ ու հազարաւորներ ծածկուեցան արդեօք Երասխի ջուրերուն ներքեւ։ Հազարաւոր դիակները ինկան ճամբաները։ Եւ խեղճ հայութիւնը անցաւ պարսկական հողին վրայ, հոն քաւելու համար իր անմեղութեան մեղքը։ Բազմաթիւ հայ քաղաքներէն զատ փճացաւ նաեւ Հին Ջուղան, հայ վաճառականութեան սիրտը, զոր այրեցին ու ոչնչացուցին անխնայօրէն։ Շահ Աբբաս դժբաղդ վտարանդիները տեղաւորեց Սպահանի, Շիրազի եւ այլ պարսկական քաղաքներու մէջ։ Հաստատուեցաւ Նոր Ջուղան իբրեւ յիշատակը Հինին եւ այսպէս հաստատուեցաւ Արեւելեան-Պարսկաստանի հայ գաղթականութիւնը։

Շահ Աբբաս պարսկական հողին վրայ այլեւս լաւ վարուեցաւ հայոց հետ եւ ամեն դիւրութիւններ տուաւ, որպէսզի անոնք գործեն թէ՛ իբրեւ վաճառական եւ թէ՛ իբրեւ արհեստաւոր։ Մե՜ղք որ Մեծ Հայաստանը ամայացաւ. երկիրը դժողք դարձաւ այլեւս։ Հայ ժողովուրդը դարաւոր հալածանքներէ վերջ այս վերջին եղեռնէն աւելի եւս սարսափահար, փախաւ Հայաստանէն բիւրաւորներով՝ Դէպի Լեհաստան, Փոքր Ասիա եւ Եւրոպայի զանազան կողմերը։ Այս բոլորին հետեւանքով հայ Մելիքները քաղաքական ձեռնարկներու կը սկսին ԺԶ. դարուն վերջերն ու ԺԷ. դարուն սկիզբները։ Իսրայէլ Օրի գլուխ կը կանգնի ընդհանրապէս Հայաստանի եւ մասնաւորապէս Պարսկաստանի հայոց ազատագրութեան գործին։

Այս դժնդակ պայմաններուն ենթարկուած էր Հայ ժողովուրդը ԺԴ. ԺԵ. եւ ԺԶ դարերուն մէջ։ Աշխարհագրական դիրքը, որ դրած էր հայ ժողովուրդը նախապէս Եւրոպական եւ Ասիական արեւմտեան ու արեւելեան քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչ երկու պետութիւններու, օսմանեանին ու պարսկականին, միջեւ, անոնց արշաւանքներուն ու բարբարոսութիւններուն թատերաբեմը դարձուց Հայաստանը։ Ամբողջ դարեր մահ ու աւեր սփռուեցաւ Հայոց Աշխարհին վրայ։ Երկրագործութիւն, գրականութիւն, արհեստ, արուեստ եւ որեւէ առաջդիմութիւն կանգ առին երկար ատեն։ Ո՛չ վանք մնացած էր եւ ո՛չ ալ քաղաք։ Մեռելութիւն կար ամեն կողմ մտաւորապէս, բարոյապէս, նիւթապէս ֆիզիքապէս ու քաղաքակրթապէս։ Սուր եւ հուր անդադար կ’ոչնչացնէր ամեն կեանք։ Հոս Լէնկթիմուր մ’էր որ կը կոտորէր, հոն Շահ Աբբաս մը, որ կը քշէր, կը տանէր։ Արդ, այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ առաջդիմութիւն եւ կենսակրթութիւն կարելի էր յուսալ Հայ ժողովուրդէն։ Ոչի՛նչ անշուշտ։ Կեանքի անապահովութիւնը շուարցուցած էր ժողովուրդը։ Վաղը ողջ մնալու հոգը պաշարած էր ամենը։ Անվերջանալի գաղթականութիւնը ամայացուց հետզհետէ Հայաստանը։ Մոխիր ու աւերակ կար ամենուրեք։ Երբեմնի շէն երկիրը գերեզման մըն էր դարձած, որմէ ահաբեկ կը փախչէին ու կը փախչէին իր հարազատ զաւակները։ Ու կ’երկարէր շարքը փախստականներու կարաւաններուն անվերջ, անդադրում։ Քար քարի վրայ չէր մնացած։ Հայ վանքերը, որոնք երբեմն այս կամ այն հոգեւորական գործիչին շնորհիւ ծաղկած կը համարուէին, փճացան բոլորովին։ Արիւն կը հոսէր ամեն կողմ եւ փախչողը սարսուռով մը կը յիշէր այս ամենը։

Գրականութեան ոչ մէկ նշոյլ կարելի էր փնտռել։ Ստեղծագործող միտքեր չէին կրնար արտագրել այս արիւնոտ դարերը։ Հազա՜ր յարգանք դարձեալ այն պատմիչներուն եւ երգիչներուն, որոնք պատմութիւններու կամ տաղասացութիւններու միջոցաւ առաւել կամ նուազ յաջողած են արձանագրել Հայ Կեանքը։

Օսմանեան տիրապետութիւնը բաղդատաբար քիչ շատ հանդուրժելի կացութիւն մը ստեղծէր թերեւս հայոց կեանքին մէջ, բայց օսմանօ-պարսկական անվերջանալի բաղխումները աւելի՛ վատթարացուցին անոնց վիճակը։ Ա՛յդ էր պատճառը, որ աշխարհաշէն եւ հայրենի օճախին սերտիւ կապուած Հայ ժողովուրդը բո՛ւռն սոսկումով մը խոյս տուաւ հայրենի հողերէն, օտար աստղերո՛ւ ներքեւ փնտռելու համար կեանքի ապահովութիւն եւ կտոր մը չորաբեկ հաց։

Եւ այսպէս, այս միեւնոյն դարերուն ու տարիներուն մէջ, երբ Յովհաննէս Կիւթթէմպէրկի հնարած տպագրութեան գիւտը Եւրոպայի ամբողջ ճակատագիրը կը փոխէր եւ վերածնած Եւրոպայի կեանքը կը յեղաշրջէր, ասդին Հայաստանի մէջ Հայութիւնը հոգեվարքի հռնդիւններ կ’արձակէր։