ԵՐԿՈՒ
ԽՕՍՔ
Եթէ
անհրաժեշտ
է
բան
մը
ըսել,
երկու
խօսքով
բացատրենք
մեր
նպատակը։
Ներկայ
գործը
պատրաստելու
ատեն
մենք
նկատի
ունէինք
այն
անգիտակցութիւնը,
որ
ունէր
եւ
ունի
Նոր
Սերունդը
պատմական
խնդիրներու
նկատմամբ,
եւ
այն
պէտքը՝
որ
կը
շեշտուէր
Հայ
Ցեղին
պատմութիւնը
իմաստասիրօրէն
պարզաբանելու
տեսակէտով։
Մենք
կը
խորհինք
թէ
ազգի
մը
իսկական
պատմութիւնը
այն
չէ,
զոր
կուտան
դասագիրքեր՝
անուններու,
դէպքերու
եւ
թուականներու
յաջորդականութեամբ
մը,
այլ
այն՝
որ
կ’ընդգրկէ
նոյն
ցեղին
պատմութեան
մէջ
տիրող
ընդհանուր
ոգին,
ձգտումը
եւ
սեփական
նկարագիրը,
վերլուծելով
պատմական
բոլոր
եղելութիւնները
եւ
անոնցմէ
հանելով
եզրակացութիւններ։
Եւ
այս
իսկ
ըմբռնումով
ջանացինք
փորձել
անգամ
մը
Հայ
Ցեղին
պատմութեան
վերլուծումն
ու
անոր
փիլիսոփայութեան
հասարակականացումը՝
կարելի
եղածին
չափ
ժողովրդական
լեզուով
եւ
համառօտակի։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
ասիկա
նախափորձ
կրնայ
համարուիլ։
Բաղձալի
եւ
օգտակար
կը
նկատէինք
որ
Հայ
Կեանքով
հետաքրքրուող
դէմքեր
ջանային
այս
ուղղութեամբ
ուսումնասիրել
ու
ծանօթացնել
Հայկական
Պատմութեան
բազմապիսի
երեսները,
որպէսզի
նոր
սերունդը
գիտակից
կերպով
ըմբռնէր
այն
մեծ
գործը,
որ
կատարած
է
մեր
կենսունակ
ցեղը,
դրական
եւ
բացասական
գիծերով։
Պարտաւոր
կը
զգանք
յիշատակել
հոս
թէ
Հայապատումի
պատրաստութեան
ընթացքին
մէջ
աչքի
առջեւ
ունեցած
ենք
այս
նիւթը
շօշափող
հայ
եւ
օտար
հեղինակութիւններ
եւ
այլ
եւ
այլ
թերթերու
մէջ
լոյս
տեսած
յօդուածներ
եւ
ուսումնասիրութիւններ,
որոնցմէ
օգտուած
ենք
ամեն
կերպով,
ի
հարկին
մէջբերումներ
ալ
ընելով։
5/18
Յուլիս
1912,
Մարզուան,
Գագիկ
Օզանեան