Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

III
Արեւելքի քաղաքակրթութիւնը. Հայուն Պատմութիւնը եւ Արեւելեան Խնդիրը. Հայերու Նոր Հայրենիքը. Հայկական միջավայր եւ աշխարհագրական դիրք. Հնդեւրոպական ցեղ մը, որ ասիականութեան զինուոր կ’ըլլայ. Պատմական ապացոյցներ. Արեւելականութեան ներկայացուցիչներ. Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը եւ իր արտայայտիչները։

Քաղաքակրթութեան Պատմութիւնը եկած հաստատած է թէ Միջերկրական ու Կարմիր ծովերու ափերը առաջին հանդիսատեսները եղած են մարդկային քաղաքակրթական գործին եւ թէ Ասիոյ ցամաքն է որ միշտ առաջընթացն եղած է պատմութեան ու կրօնական գործունէութեան մէջ։ Ամենահին ժամանակներու մէջ երբ արդի Եւրոպական Քաղաքակրթութիւնը չկար, եւ ներկայիս մէջ իրենց մշակութական (culture) առաջդիմութիւնովը պարծեցող Եւրոպացիները բարբարոսութեան մէջ կ’ապրէին, ասդին Ափրիկէի հիւսիսային արեւելեան կողմը Նուիրական Նեղոսի պատուական եզերքներուն վրայ հիմնուած Եգիպտական կայսրութիւնը՝ ծաղկեալ քաղաքակրթութիւն մը կը ներկայացնէր։ Այլ եւ այլ գիտութիւններ բաւական առաջ գնացած էին այդ երջանիկ երկրին մէջ։ Նոյն իսկ պատմութեան մէջ առաջին անգամ յիշատակուող կինը, Եգիպտացի ուսուցչուհի-գիտուն մըն էր, Հիւպաթիա կոչուած։ Այնուհետեւ հետզհետէ զօրացող ու տիրապետութիւններ ստեղծող պետութիւնները եղան նոյնպէս արեւելեան կամ ասիական ինքնակալութիւններ, ինչպէս Ասորեստան, Բաբելաստան, Մարաստան ու Պարսկաստան։ Աշխարհիս վրայ տարածուած կրօններու հիմնադիրներն ալ ասիացի են, Յիսուս Նազովրեցին, Մուհամմէտը, Սաքիա-Մունին եւ Կոմբիւկիոսը։ Քաղաքակրթութիւնը ուրեմն, Ասիայէն անցած է Եւրոպա, նախ Յունաստան, ապա Հռոմ եւ ապա Եւրոպայի զանազան կողմերը։

Միեւնոյն արմատէն ու ծագումէն սերած այս Քաղաքակրթութիւնը սակայն՝ տարբեր տարբեր յատկանիշներով հանդէս եկաւ, այնպէս որ Ասիա ու Եւրոպա, կամ ուրիշ բառերով Արեւելք եւ Արեւմուտք իրենց Քաղաքակրթութիւններու ուրոյն հանգամանքներով հակամարտ հոսանքներ դարձան եւ ընդդիմադրական ահեղ ոյժեր ստեղծեցին։ Պայքարը, որ սկսաւ այս երկու հոսանքներուն կամ ձգտումներուն մէջ, անշուշտ չունէր այն իմաստը, զոր ունեցաւ ապա իրերու եւ դէպքերու բնական հետեւանքով։ Պետական ազդեցութեան եւ պարզ տիրապետութեան խնդիր էր նախ ատիկա, բայց վերջը հետզհետէ դարձաւ սկզբունքի, Քաղաքակրթութեան եւ ձգտումներու խնդիր, այնպէս որ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի այս կռիւը արիւնոտ ու կարմիր սոսկալի բաղխումներ առաջացուց։

Արեւելեան Խնդի՛րն էր ահա որ սկսած էր։ Եւ շատ բնական էր որ առաջին բաղխումը պիտի սկսէր հոն, ուր այս երկու հոսանքները կը մօտենային իրարու։ Ա՛յդ իսկ պատճառով Փոքր Ասիան դարձաւ առաջին մարտավայրը Արեւելքի ու Արեւմուտքի կարմիր ընդհարումներուն։ Փոքր Ասիա, ո՛չ միայն առաջին ռազմադաշտն ըլլալու սահմանուած էր, այլ եւ իր աշխարհագրական դիրքով, շատ բնականօրէն վերածուեցաւ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան քաղաքակրթութիւններու հսկայական բաղխումի աւանդական գլխաւոր թատերավայրին։ Թղթատելով եւ ուսումնասիրելով Պատմութիւնը՝ նոյն ճշմարտութիւնը դիւրին պիտի ըլլայ հաստատել, որովհետեւ Արեւելք եւ Արեւմուտք որո՛ւ միջոցաւ ալ որ ներկայանան, Յոյներու թէ Հռովմէացիներու, Ասորեստանցիներու, Պարսիկներու թէ Հայերու, իբրեւ ժամադրավայր կամ անցք՝ Փոքր Ասիոյ հողը շահագործած են։ Եւ իսկապէս՝ այս ցամաքին աշխարհագրական դիրքը զինքը տեղաւորած ըլլալով Եւրոպայի ու Ասիոյ ճամբուն վրայ, Փոքր Ասիա չէր կրնար զերծ մնալ այն արհաւիրքներէն, որոնք առաջ եկան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի նախ տիրապետութեան, ազդեցութեան պայքարէն եւ ապա քաղաքակրթութեան ու ձգտումներու հակադրութենէն։

Երբ կըսկսէր Արեւելեան Խնդիրը, հայերը, արեւմուտքէն, ըստ ոմանց Փռիւգիայէն, մեկնած ըլլալով, խաղաղ գործունէութեամբ եւ խոհեմ առաջխաղացութեամբ տակաւ տէր կը դառնային Նախահայաստանի, անաղմուկ կերպով։ Այս լուռ տիրապետութիւնը գուցէ աննշմար չանցնէր՝ եթէ տիրական հզօր ձգտումի մը բացակայութիւնը եւ հովուական անմեղ յատկութիւններ ունեցող ուշիմ ժողովուրդի մը այս յուշիկ գնացքը աստիճանական թափով մը տեղի չունենար։ Հայերու Նոր Հայրենիքին, Հայաստանի կը վերածուէր Ուրարտու այս կերպով, եւ պատմական զարգացման ճամբով Հայ ինքնութիւնը, թէեւ հետեւողական, Փոքր Ասիոյ ցամաքին վրայ կը ցցուէր։ Գիտութիւնը Հայոց ծագման մասին իր վերջին խօսքը տակաւին ըսած չըլլալով հանդերձ՝ պատմական ապացոյցները Հայոց Փոքր Ասիոյ մէջ ունեցած գոյութիւնը կը հաստատեն։ Այս մասին Ս. Գրոց յիշատակութիւններն ալ հետաքրքրական են։ Հոն կը յիշատակուի Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին երկու հայրասպան տղոցը Ադրամելեքին եւ Սանասարին փախուստը դէպի Արմենիայի լեռները (Աստուածաշունչ, Դ. թագաւորաց, ԺԹ. գլ. 37)։ Երեմիա մարգարէն Բաբելոնի առման մէջ հայերու յիշատակութիւնը կ’ընէ (Երեմիայի մարգարէութիւն, ԾԱ. գլ. 27 համար)։ Այս յիշատակութիւններէն առաջինը հայ դիւցազնավէպերուն մէջ ալ կ’երեւայ [1] ։ Ս. Գրոց այս յիշատակութիւններէն զատ Ասորական եւ Ուրարտեան արձանագրութեանց մէջ որոշ մասեր կան Հայոց վրայ խօսող, ինչպէս զոր օրինակ Դարեհի դէմ Հայոց կրկնուած ապստամբութիւնները եւայլն։ Յայտնի պատմաբաններ ալ արդէն Հայերը յիշատակած են, ինչպէս Քսենոփոն, Հերոդոտոս եւայլն։

Արդ, հայերու այս Նոր Հայրենիքն ու միջավայրը աշխարհագրական դիրքով՝ կը գտնուէր անանկ կէտի մը վրայ, որուն Արեւելեան Խնդիրին կամ Արեւելքի ու Արեւմուտքի բաղխման ամենագլխաւոր կեդրոնն ըլլալը խնդիր չվերցներ այլեւս։ Հայերու աշխարհագրապէս այդ դժբաղդ աշխարհն էր որ քաղաքական այնքան դժբաղդութիւններու ենթարկեց այս ժողովուրդը։ Նախասահմանուած էր կարծես որ Հայաստանը հայերու ձեռքով շէննայ ու արեւելքէն ու արեւմուտքէն հրոսող բանակներու ձեռքերով քանդուի միշտ։ Արեւելքն ըլլայ թէ Արեւմուտքը՝ յարձակողը, Պարսիկն ըլլայ թէ Յոյնը յաղթողը, տուժողը միշտ Հայն ու Հայաստանն է անպայման։ Ինչո՞ւ. վասնզի բնական մարտավայրն է Հայաստանը։ Ասո՛ր համար է որ աշխարհի ընդհանուր Քաղաքակրթութեան դատին մէջ ամենէն մեծ զոհը Հայերը տուած են, ասո՛ր համար է որ շատ անգամ հայը տանջուած է, հալածուած ու հարստահարուած։ Հայուն առաջդիմութեան ձգտումը զինքն սպաննած է՝ շրջապատուած ըլլալով հակառակ ձգտումներով տոգորուած ցեղերէ։ Հայուն աշխարհագրական այս դիրքն է նոյն իսկ իր համբաւուած անմիաբանութեան պատճառը։ Երբեմն տիրապետական գոյն կ’առնէ Արեւելքի ու Արեւմուտքի այս պայքարը, լոկ ազդեցութեան խնդիր, եւ ահա Հա՛յն է որ կը տուժէ (Պարսկա-Յունական), երբեմն կրօնական հարց կը դառնայ (Զրադաշտա-Քրիստոնէական) եւ վնասուողը հայն է, դարեր վերջ Մահմետականութիւն եւ Քրիստոնէութիւն իրարու կը բաղխին, եւ տառապողը հայն է միշտ։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ այս բոլոր ընդհարումներու ճամբուն վրայ կը գտնուի Հայաստան՝ ճակատագրականօրէն։

Հայերը իբրեւ Հնդեւրոպական աշխոյժ եւ հետաքրքիր ցեղին պատկանող ժողովուրդ մը, ամեն արեւմտեան յատկութիւններով օժտուած համայնք մըն էր, որ բաղդին բերումով՝ փոխանակ Եւրոպայի ցամաքին վրայ իր նախնական Հայրենիքին մէջ մնալու՝ թափառելով եւ կամաց կամաց առաջանալով կուգար, կը հաստատուէր Փոքր Ասիոյ մէջ, ասիական ցամաքին վրայ, ուր Արեւելքը կ’ապրէր՝ իր հսկայական բռնապետներով, մեծ պետութիւններով եւ արեւելեան բիրտ ու բարբարոս ձգտումներով։ Հոն, Արեւելքի մէջ, արեւմտեան ոչինչ կար արեւմտեան այս ընդունակ ցեղը շրջապատող։ Մինակ ու միս-մինակ, հայը ստիպուած էր կողք կողքի ապրիլ Պարսիկին ու Արաբին, Ասորիին ու Թաթարին հետ։ Միմիայն արեւմտեան կողմէն կապուած էր Յոյներուն, իսկ հիւսիսը, հարաւը եւ արեւելքը գրաւած էին Ասիոյ եւ Ասիականութեան ներկայացուցիչները։ Իսկ Յո՞յնը…։ Քրիստոսէ շատ առաջ մանաւանդ, երբ յունական ազդեցութիւնը այնչափ մեծ չէր Ասիոյ մէջ, Հայը բնականօրէն ենթարկուած էր ասիացիներու տիրապետութեան եւ հետեւաբար ալ ազդեցութեան։ Մէկ կողմէ աշխարհագրական միջավայրի փոփոխութիւնը եւ միւս կողմէ Հայերը շրջապատող ընկերային եւ քաղաքական այս պայմանները ասիականացուցին զանոնք, որ Եւրոպականութեան հզօր ներկայացուցիչները պիտի դառնային վերջը ցեղային շատ բնական վերադարձով մը՝ դէպ ի իրենց բուն ծագումը։

Ու այսպէս Հայը Փոքր Ասիոյ մէջ դարձաւ Ասիականութեան Զինուոր եւ կամայ թէ ակամայ պաշտպանը՝ Ասիական Քաղաքակրթութեան։

Հայերը այսպէս իրենց աշխարհագրական դիրքին եւ միջավայրին հետեւանքով ասիականութեան զինուոր դառնալով, հաւատարմօրէն ալ հետեւեցան իրենց այդ պարագայական կոչումին՝ մինչեւ Քրիստոնէութեան Հայաստան մտնելն ու արեւմտեան ձգտումներու որդեգրումը։ Եօթը ութը դար տեւեց այս ժամանակամիջոցը, որուն ընթացքին մէջ Հայ ժողովուրդը իբրեւ ասիականութեան պաշտպան գործեց։ Նոյն իսկ Քրիստոնէութեան Հայաստան մտած ատեն ո՛րչափ դժուար էր Գր. Լուսաւորչի գործը, ա՛յն գերազանց պատճառով որ Հայերը ասիականութեան ներկայացուցիչ ժողովուրդ մը՝ արեւելեան մտայնութիւնը մեծ մասամբ որդեգրած, անհանդուրժելի կը գտնէին թէեւ Ասիայէն, Արեւելքէն ծնած, բայց Արեւմուտքի ճամբով իրենց եկող այդ Նոր Կրօնքն ու անոր վարդապետութիւնները։ Եւ արդարեւ, եթէ Տրդատ իր պետական ու զինուորական ոյժը չգործածէր Քրիստոնէութեան բռնի տարածման համար, Լուսաւորչի խաղաղ կրօնական գործունէութիւնը մեծ արդիւնք մը չէր երաշխաւորեր։ Հայոց Պատմութենէն կարելի է հետեւցնել թէ Հայերը ի՜նչ ահեղ յետաշրջականութեամբ մըն է որ ջանացին ռազմին մէ՛ջն իսկ խեղդել առաջին փորձը՝ Քրիստոնէութիւնը Հայաստան մտցնելու համար, զոր ըրաւ Միջագետքի ասորի թագաւորն Աբգար իր Քրիստոսի հետ կատարած աւանդական բանակցութենէն անմիջապէս վերջը, եւ թէ Աբգարի մահուընէն վերջ, երբ իր տղաքները Անանէ եւ Սանատրուկ պետութիւնը բաժնելով առանձինն տիրեցին, ո՞ւր մնացին Քրիստոսի հետեւող հաւատացեալները։ Հոս Սանդուխտն էր որ կը նահատակուէր եւ հոն Թադէոս Առաքեալը չարաչար կը սպաննուէր։ Դժբաղդաբար պատմական մանրամասնութիւններ չունինք մեր ձեռքին մէջ։ Այլապէս ո՞վ գիտէ թէ որչա՜փ նահատակներու պիտի հանդիպէինք։ Նոյն իսկ Տրդատի եւ Լուսաւորչի միացած գործունէութեան ժամանակ, երբ Սուրին զօրութեամբ Խաչը կը տարածուէր Հայաստան, ի՜նչ մեծ ընդդիմութիւններ ցոյց տրուեցան ամեն կողմ, մանաւանդ Հայաստանի ա՛յն գաւառներուն մէջ, ուր ամենէն աւելի մոլի հեթանոս հայութիւնը կ’ապրէր։ Երկար դարեր Գողթան Երգիչներու գոհար փշուրները իր մէջ աւանդօրէն պահպանող եւ մինչեւ Մովսէս Խորենացի հասցնող Սիւնեաց գաւառը անշուշտ դիւրութեամբ չպիտի կրնար լքել իր հեթանոսական աւանդութիւնները, դիւցազներգութիւնները, տօներն ու այլ սովորութիւնները։ Ահա պատմական փաստեր, որոնք կը հաստատեն թէ ո՛րչափ սերտիւ ասիացած էին հայերը։

Նախաքրիստոնէական շրջանի Հայ Պատմութիւնն ալ շահեկան տեղեկութիւններ կուտայ մեզ՝ Հայոց ասիականութեան իբր զինուոր ունեցած գործունէութիւնը պատկերացնող։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի պայքարը երբ ստեղծուած էր, հակառակորդ ախոյեանները այս կամ այն ազգութեան տիրապետական ոյժին կրթնած՝ մերթ յարձակողական եւ մերթ պաշտպանողական ջանադրութիւններ ըրած էին, որոնց մէջ Հայերը գործօն մասնակցութիւն մը ունենալով ապացուցած են թէ չե՛ն համակրիր Արեւմուտքին ու անոր քաղաքակրթութեան եւ հաւատարիմ են ասիականութեան։ Ասիականութեան այս ձգտումը աւելի զօրեղ թափով մը արտայայտուած է Հայ Կեանքին մէջ, երբ Պարսկաստանի մէջ սկսած են տիրապետող դառնալ Պարթեւները եւ Հայերն ալ խնամիական կապերով կապուած են անոնց հետ։ Դարեհի յաջորդը, Քսերքսես Ա. երբ հսկայական բանակ մը պատրաստած, կազմակերպեց երկրորդ մարական պատերազմը եւ յարձակողական քաղաքականութեամբ մը Յունաստան արշաւեց Արեւմուտքի Քաղաքակրթութիւնը եւ անոր օրրանը ջնջելու համար, Հայերը միացած էին այդ վիթխարի բանակին եւ, որպէս Ասիացի, կը կռուէին հելլէններու դէմ, ինչպէս կը պատմէ Հերոդոտոս, նոյն իսկ Հայոց զգեստներն ու բարքերը նկարագրելով։ Քրիստոսէ երեք դար առաջ (336-326) յարձակողական-նուաճողական դերը Արեւմուտքի վիճակուած ըլլալով երբ Մեծն Աղեքսանդր Մակեդոնացին Պարսիկ մեծ վեհապետին, Դարեհի դէմ կը կռուէր, Պատմութիւնը կ’ըսէ թէ Հայոց Վահէ իշխանն ալ իր ոյժերը միացուցած էր Արեւելքի ներկայացուցիչ Պարսիկներուն, մինչդեռ Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան ներկայացուցի՛չն էր Աղեքսանդր։ Եւ եթէ աւանդութիւնը մեզ չխաբեր, մեր Հայկազունի իշխաններուն մէջ ունեցած ենք Զարմայր մը, որ Տրովադայի պատերազմին մէջ դեր ունեցած է՝ օգտուելով Յոյներուն ու Տրովադացիներուն ներքին խռովութենէն։ Բայց ամենէն մեծ ապացոյցը, որ Հայերը երբեք տուած են՝ իրենց ասիականութեան պաշտպան ըլլալուն համար՝ մեծն Տիգրանն է (90. Ք. Ա. ), որ Պոնտոսի իշխանին Միհրդատին հետ ամբողջ երկար տարիներ կռուած է Հռովմայեցիներու դէմ եւ արգիլել փորձած անոնց մուտքն ու ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ։

Ահա պատմական իրողութիւններ, որոնք բաւական են ապացուցանելու Արեւելքի ու Արեւմուտքի ընդդիմամարտ հոսանքները եւ անոնց մէջ Հայոց ունեցած մասնակցութիւնը՝ իբրեւ Ասիականութեան զինուորներ՝ մինչեւ Քրիստոնէութեան Հայաստան մտնելը։

Իսկ թէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի արտայայտիչներն ու ճշմարիտ ներկայացուցիչները որո՛նք կը հանդիսանան այս պայքարին մէջ։ Այդ շատ պարզ է։ Յոյները, Մակեդոնացիներն ու ապա Հռովմէացիները իբրեւ Արեւմուտքի եւ արեւմտականութեան ախոյեաններ՝ Եւրոպայի մէջ, իսկ Ասորեստանը, Բաբելաստանը, Եգիպտոսը, Պարսկաստանը եւ ապա Արաբները՝ Արեւելքի մէջ իբրեւ արեւելականութեան ախոյեաններ։



[1]            Այդ պարագան կը պատմէ «Սասմայ Ծռեր» կոչուած Հայկական վիպասանութիւնը, որ չորս մասեր ունի 1. ) Սանասար եւ Ադրամելէք, 2. ) Առիւծաձեւ Մհեր, 3. ) Սասունցի Դաւիթ եւ 4. ) Պզտիկ Մհեր։