Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XXIV
Ռուսահայոց հալածական կացութիւնը. Հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու գրաւումը. Իշխան Կալիցին եւ իր վատ դերը. Ռուսական մեծ յեղափոխութիւնը. Ռուսական Սահմանադրութիւնը. Հայ-Թաթարական ընդհարումներ եւ Հայ քաղաքական կազմակերպութիւններ. Իշխան Վարանցով Տաշկով. Ռուսահայոց եւ տաճկահայոց առնչութիւնները։

Հայոց եւ Ռուսաց արքունիքին յարաբերութիւններուն վրայ խօսած ժամանակ մենք մատնանշած էինք այն իրողութիւնը թէ Ռուս կառավարութիւնը հայերը սիրաշահելու քաղաքականութիւն բռնած էր՝ գլխաւորաբար երկու նպատակներով. 1. ) Հայոց շինարար ձեռքերուն եւ ոգիին միջոցաւ Ռուսական Կայսրութիւնը շէնցնել ու բարգաւաճեցնել եւ 2. ) Հայ տարրը միջոց դարձնել իր աշխարհակալական ծրագիրները յաջողցնելու համար՝ Պարսկաստանի եւ Տաճկաստանի մէջ։ Եւ այս երկու նպատակներուն մէջ ալ յաջողեցաւ անվրէպ։ Ռուսիան շէնցաւ, զարգացաւ, վաճառականութիւնը առաջ գնաց, արհեստներ ու արուեստներ ծաղկեցան, ու ասոնց բոլորին մէջ Հայ ժողովուրդը հանդիսացաւ գլխաւոր քաղաքակրթիչ տարր։ Ռուս բանակը, միւս կողմէ, հայ կարող, անձնուէր ու փայլուն զօրապետներով օժտուեցաւ, յաջող արշաւանքներ ունեցաւ Պարսից ու Օսմանեան պետութեան հողերուն վրայ եւ մտադրուած աշխարհակալութիւնները յաջողեցան։ Ի՞նչ կը մնար ուրեմն այնուհետեւ։ Փոխել քաղաքականութիւնը, թոյլ չտալ որ ազգայնական ոգին պահպանուէր Ռուսիոյ Հայոց մէջ, ձուլել այս ուշիմ ժողովուրդը՝ ռուս զանգուածին մէջ՝ իր ձեռքէն խլելով այն բոլոր ազդակները, որոնք իր ազգային-պատմական գոյութիւնը կը պահպանեն։ Ռուսաց արքունիքը կը խանդավառուի ռուսացման ծրագրով եւ կը սկսի լուռ հալածանքի մը, որ ի վերջոյ մերկապարանոց յայտնուեցաւ։

Ֆրանսական Յեղափոխութեան շնորհիւ նոր սերունդ մը դուրս եկաւ, ազատասէր, գիտակից ու ազգասէր։ Ռուսահայ երիտասարդներ Դորպատի համալսարանը մտան։ Հոն մշակուեցաւ ազգային քնարը։ Ս. Նազարեանց, Մ. Նալբանդեան, Գամառ-Քաթիպա եւ այլն դուրս եկան իբրեւ ճշմարիտ առաջնորդողներ Հայ ժողովուրդի գաղափարական ձգտումներուն։ Ահա հիմնարկուեցաւ Ռուսահայ աշխարհիկ գրականութիւնը։ Խաչատուր Աբովեան, Գամառ-Քաթիպա, Նալբանդեան, Շահազիզեան եւ Ս. Նազարեան առաջին գրչի զինուորները դարձան նորածին գրականութեան։ Ազգային զգացումներ թեւ առին։ Հայկական ոգին էր որ կը պատկերանար գրականութեան մէջ։ Գիտակցութիւնն էր որ կ’արթննար։

Բայց այս բոլորը հաշտ աչքով չէին դիտուեր Պետութեան կողմէ։ Ռուսացման գաղափարն ու ծրագիրը, որ ընդհանուր քաղաքականութիւն մ’էր, միացած ազգային վերածնութեան երեւոյթներուն, հայերը կասկածելի դարձուցած էր այն գահուն, որուն համար ա՜յնչափ զոհողութիւն եւ անձնուիրութիւն ցոյց տուած էր այս ժողովուրդը եւ որուն համար մատաղ եղած էր մէկ խօսքով։ 80ական թուականներուն՝ այլեւս բացայայտ գործունէութեան ժամանակը հասած կը համարուէր Ռուս կառավարութեան համար։ Իշխան Դօնդուկով Կորսագով, որ կառավարչապետն էր Կովկասի, շատ նպաստաւոր կը գտնէր հայերն ռուսացնելու առիթը։ Բարձրագոյն հրամանաւ 1885ին յանկարծ կը գոցուին բոլոր հայ վարժարանները։ 30, 000 աշակերտ եւ 900 ուսուցիչ բացը կը մնան բոլորովին։ Հակահայ տրամադրութիւնները կը շատնան հետզհետէ, բռնաբարութիւնները կը սկսին, նոյն իսկ կաթողիկոսարանը Բեդրսպուրկ փոխադրելու համար անօգուտ ստիպումներ ի գործ կը դնէ կառավարութիւնը։ Կորսագովի յաջորդը Շէրիմիտէվ կը շարունակէ Պետութեան միեւնոյն քաղաքականութիւնը։ Տակաւ հայոց հալածանքը կը շեշտուի։ Պահ մը կը մտածուի հայերը նոյն իսկ Սիպիր քշել։ Իշխան Կալիցին, որ 1897ին կը յաջորդէր Շէրիմիտէվի, բոլորովին նոր շրջան մը կը բանար Հայ եւ Ռուս յարաբերութեանց մէջ՝ հայաջինջ ծրագրով մը, որ Մայրաքաղաքին կողմէ շատ ծայրայեղ գտնուած էր։ Հետզհետէ հայ աստիճանաւորներ կը քշուին երկրին այս ու այն կողմերը, Կովկասէն հեռու, Թաթարներն ու Թուրքերը կը տեղաւորուին Կովկասիոյ մէջ՝ Հայոց վտանգաւոր մեծամասնութիւնը հաւասարակշռելու եւ չէզոքացնելու համար, զարգացական ընկերութիւնները եւ հիմնարկութիւնները կը բռնաբարուին, թատրոնը կ’արգիլուի եւ տաճկահայ գաղթականներու առջեւ յայտնի աստիճան դժուարութիւններ կը ստեղծուին։ Վերջապէս իշխան Կալիցին (Կովկասի փոխարքայ) 1903 յունիս 12ին կը յաջողի հրաման ստանալ երկրորդ անգամ ըլլալով գրաւելու եկեղեցապատկան եւ դպրոցական կալուածները։ Ամբողջ հայութիւնը կը ցնցուի։ Ռուս Սինոդի ձգտումն էր Հայ եկեղեցին իր մէջ ձուլել, իսկ կառավարութեան մտադրութիւնն էր կեանքը մեռցնել Հայոց իմացական կեանքին մէջ՝

1. Փակելով հայոց դպրոցները, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ հակակառավարչական քարոզչութեան վայրեր։

2. Փակելով հայոց ընկերութիւնները, որոնց իւրաքանչիւրը մէյմէկ յեղափոխական օճախ է։

3. Ձեռք առնելով ղէկը Հայ հոգեւորականութեան, որ անկախ Հայաստանի վերականգնման գլխաւոր գործիչն է։

եւ վերջապէս Հայութիւնը բնաջնջել հետեւեալ ծրագրով՝

1. Ոչնչացնել ժողովուրդը լուսաւորող հիմնարկութիւնները։

2. Հարուածելով Հայ Եկեղեցին։

3. Սահմանափակել հայոց իրաւունքները քաղաքացիական բոլոր ազատ ասպարէզներու մէջ։

4. Եւ նուազեցնելով հայոց թիւը Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի սահմանակից նահանգներու մէջ։

Եկեղեցապատկան եւ դպրոցապատկան կալուածներու գրաւման այս երկրորդ փորձը մեծ յանդգնութիւն մ’էր, որ չարիքներու սկիզբը դրուած էր։ Ամբողջ հայութիւնը գրգռող հարց մ’էր այս, որ թէեւ իրականին մէջ քաղաքական խնդիր մ’էր, բայց ըստ երեւոյթին ազգային էր, կրօնական էր։ Իսկ Հայ ժողովուրդը չէր կրնար հանդուրժել այս լրբութեան։ Ուստի ձեռնարկը ո՛րչափ խիզախ եւ յանդուգն, ընդդիմութիւնն ալ նո՛յնչափ բուռն էր։ Հայոց Կաթողիկոսը, Խրիմեան Հայրիկ, Պատրիարք, Կուսակցութիւններ, կղեր ու ժողովուրդ մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնած՝ ո՛չ միայն կը բողոքէին այս անօրինակ բռնաբարութեան դէմ, այլեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէին մինչեւ վերջին շունչն ընդդիմանալու։ Հայ գաղութները իրենց ձայները կը բարձրացնէին ամեն կողմէ, Հայ յեղափոխականները ասպարէզ կուգային եւ Ալեքսանդրապօլի, Երեւանի, Ախալքալաքի, Կարսի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Էջմիածնի, Բագուի, Շուշիի, Նոր Նախիջեւանի եւ այլնի մէջ սոսկալի ժողովրդական արիւնահեղ ցոյցեր կ’ըլլային եւ կառավարութիւնը ամեն միջոց ի գործ կը դնէր՝ զինու զօրութեամբ գրաւելու այս կալուածները։

Բռնութիւնն ու հալածանքը սակայն, Ռուս Պետութեան մէջ, միայն հայերու յատուկ չէին։ Բոլոր առաջդիմական տարրերն ալ միեւնոյն յոռի կացութեան մէջ էին, միայն թէ ո՛չ մէկ տարր հայոց չափ եկեղեցական ու ազգային կազմակերպական ոյժ մը կը ներկայացնէր Կովկասի մէջ ու հետեւաբար ալ անոնցմէ սկսելու էր ձուլման ու ճնշման գործը։ Ահաւոր բռնակալութիւնը իր ճիրաններուն մէջ կ’երկնէր Մեծ Յեղափոխութիւնը։ Բոլոր յեղափոխական կուսակցութիւններ սպասողական դիրքի մէջ՝ պատրաստ էին համայնական շարժումն սկսելու։ Ռուս եւ Ճաբոն պատերազմը, անոր ընթացքին մէջ Ձարին բանակներուն շարունակական պարտութիւնները, երկրին վարչութեան հետեւանքով՝ ժողովրդական բոլոր խաւերու մէջ ստեղծուած դժգոհութիւնն ու ամեն նպաստաւոր պայմաններ ընդհանրացուցած էին յեղափոխական գաղափարը։ Շոգին ճնշուած էր արդէն եւ պայթելու վիճակին մէջ։ Ռուսիոյ սիրտը, Պաքուն՝ յեղափոխութեան ազդանշանը կուտար ահա։ Ընկերվարական կուսակցութիւններ կազմակերպած էին հսկայական արիւնահեղ գործադուլ մը, որ պայթելով 1904 Դեկտ. 14ին՝ կը տարածուէր երկրին ամեն կողմը։ Բիւրաւոր գործաւորներ փողոցները լեցուած դրօշակներով ու թափօրներով՝ իրենց պահանջները կը ներկայացնէին, պահանջներ՝ քաղաքական ազատութեան, սահմանադրական կարգերու, Խորհրդարանի բացման եւ ութժամեայ բանւորական աշխատութեան։ Ամբողջ Պաքուն եռուզեռի մէջ էր։ Կառավարութիւնը սարսափահար՝ դէպքին առջեւն առնելու անզօր կը զգար ինքզինքը։ Յեղափոխութեան ալիքները կը հասնէին Պետութեան նախկին եւ արդի մայրաքաղաքները, եւ ահա հարիւր հազարաւոր բանւորներ Մոսկուայի ու Բեդրսպուրկի փողոցներուն մէջ դուրս կը լեցուէին իրենց որոշ պահանջներով, քաղաքական ու տնտեսական։ Գապօն քահանայ բանւորներու գլուխն անցած էր, կուսակցութիւններ գործադուլն ու յեղափոխութիւնը կը ղէկավարէին։ Խազախներ անխնայ կը կոտորէին բանւորներն ու ժողովուրդը։ Հետզհետէ կը բանտարկուէին ականաւոր մտաւորականներ, ինչպէս՝ Մաքսիմ Կօրքի, Կարիէվ, Պէշէխանոֆ եւն։ Մոսկուայէն ու Բեթրսպուրկէն վերջ Պաթումն ու Թիֆլիսն ալ բռնկեցան։ Ամբողջ Ռուսաստանը ուրեմն հրդեհի մէջ էր։ Ամեն կողմ տէրրօրական գործողութիւններ կը կատարուէին, ահ ու սարսափով լեցնելով բոլոր մեծ ու պզտիկ բռնակալներն ու բռնակալութեան պաշտօնեաները։ Հայերն ալ անմասն չեն մնար այս համաձայնական շարժումէն, եւ իբրեւ Ռուսական Պետութեան քաղաքացիներ, առաջապահներու շարքին մէջ կը մնան։

Շուարումը կը պաշարէ կառավարութիւնն ու իր վեհապետը։ Ձարը՝ նեղուած բոլորովին՝ փախուստ տալ կ’ուզէ։ Կոտորածը կը սկսի բովանդակ Ռուսաստանի մէջ, Լեհաստան ու Ֆինլանտիա ինքնավարութիւն եւ Կուրիա հանրապետութիւն կը հռչակեն։ Վերջապէս նաւատորմիղն ալ կ’ապստամբի եւ Օտեսայի առջեւ՝ ծովակալ Բադէմքին ըմբոստութիւն կը յայտարարէ։ Արտաքին ու ներքին թշնամիներ այսպէս կը տկարացնեն բոլորովին պետութիւնը, որ՝ ստիպուած՝ տեղի տալով ընդհանուր պահանջին՝ Սահմանադրութիւն կը հռչակէ։

Յեղափոխական այս շրջանին մէջ տարրերը իրարու դէմ լարելէն զատ ուրիշ ճար չկար։ Կառավարութիւնը «Բաժանեա զի տիրեսցես» ի քաղաքականութեամբ՝ Կովկասաբնակ Թաթարները Հայերու դէմ կը հանէ։ 1905 Փետր. 5ին ընդհարումը կը սկսի Պաքուէն, ինչպէս որ Յեղափոխութիւնն ալ նախ հոն պայթած էր։ Հայ-թաթարական ընդհարումները կը տարածուին ու կ’արձագանգուին ամեն կողմ եւ հետզհետէ Երեւանի, Նախիջեւանի, Շուշիի, Զանգեզուրի, Թիֆլիզի եւ այլ շրջաններու մէջ կատաղի ու արիւնոտ պատերազմներ կը մղուին Հայերու եւ Թաթարներու միջեւ։ 1895ի Հայկական կոտորածներու կարմիր տասնամեակը կը տօնուէր կարծես այսչափ դժոխային եռանդով մը։ Հայ կուսակցութիւններ, իրենց դրօշին հաւատարիմ, Հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան գործը կը կատարեն անձնուիրաբար եւ միեւնոյն ատեն յաջողակօրէն։ Ընդհարումները կը տեւեն ամիսներ, մինչեւ որ թաթարներուն կարելի կ’ըլլայ հասկցնել թէ ասիկա արուեստական թշնամութիւն մ’է բռնապետութեան կողմէ սարքուած։

Իշխան Կալիցինի վատ մատը Կովկասի մէջ հազարաւորներու մահուան պատճառ դարձած էր։ Փոխարքայութիւնը յանձնուեցաւ Կոմս Վարանցով Տաշկովի (905 Ապրիլ)։ Ամեն աչք իրեն յառած էր։ Կաթողիկոսը առաջին առթիւ իսկ հարկ եղած դիմումներն ըրաւ գրաւուած կալուածներուն համար։ Եւ վերջապէս 905 Օգոստ. 1ին վերադարձուեցան Հայոց այն բոլոր կալուածները, որոնք բռնի գրաւուած էին կառավարութեան կողմէ։

Հրատարակուած Ռուսական Սահմանադրութիւնը կը տրամադրէր.

1. Տալ ազգաբնակչութեան քաղաքական ազատութեան անփոփոխելի խարիսխները, հիմնուած անհատի իրական անձեռնմխելիութեան վրայ. ազատութիւն՝ խղճի, խօսքի եւ գումարումներու։

2. Դումայի անդամներու ընտրութիւն։

3. Նոր Սահմանադրութեան գծում։

Այս ի հարկէ բռնապետական խաղ մ’էր, վասնզի այնուհետեւ Ձարը երկու անգամ գումարուած Դումաները լուծեց՝ համեմատաբար ազատական տարրերով կազմուած ըլլալնուն համար, կառավարութիւնը տակաւ խիստ հալածանք մը կազմակերպեց յեղափոխականներուն դէմ։

Ի՞նչ էին սակայն Ռուսահայոց եւ Տաճկահայոց յարաբերութիւնները քաղաքական այս ճգնաժամերու միջոցին։ Արդարութեան հարկ մըն է խոստովանել թէ Տաճկահայ զուլումի միջոցին Կովկասահայը օժանդակ էր։ 1876ի Վանի հրդեհին, ապա Զէյթունի եւ Վանի սովերուն ատեն Գր. Արծրունի իր Մշակով հազարաւոր լիրաներ հաւաքեց ու հասցուց անօթի ժողովուրդին։ Կովկասի Հայութիւնը երկար ատեն ասպնջականութիւն ըրաւ Տաճկահայ փախստականներուն։ Յեղափոխական կուսակցութիւնները Ռուսահայերով սկսան։ Տաճկահայ դատին համար նոյն իսկ Գօլօշեան եւ Կուկունեանց զէնք առին։ Գամառ-Քաթիպա, Ռաֆֆի եւ այնուհետեւ ալ Ահարոնեան եւ ուրիշներ՝ Տաճկահայուն ցաւերը երգեցին։ Ռուսահայ հրապարակագիրներ միշտ արձագանգ եղան Տաճկահայոց կեանքին եւ միշտ ձայն բարձրացուցին թշուառութիւններու դէմ։ Ամբողջ 25 տարի Տաճկահայոց կեանքով ղէկավարուեցաւ Ռուսահայ մամուլը։ Եւ մէկ խօսքով սահմանէն անդին բնակող Հայութիւնը եղբայրական ձեռք կարկառեց Թուրք բռնապետութեան լուծին տակ ճնշուող իր տանջուած եղբայրներուն, անոր ցաւերովը լացաւ ու հրճուանքներուն միացաւ։ Ռուսահայի ու Տաճկահայի պատուարն ու խտիրը՝ փշրուած, վերցուա՛ծ է ալ։