Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XVIII
Սան-Սթէֆանօյի Դաշնագրութիւնը եւ 16րդ Յօդուածը. Կիպրոսի Դաշնագրութիւնը. Նուպար փաշայի ծրագիրը. Պերլինի վեհաժողովը եւ 61րդ Յօդուածը. Հայկական շարժումներու արշալոյսը։

Հայոց ազգասէր պատրիարքը Ներսէս Վարժապետեան առիթէն օգտուելով եւ ամեն վտանգ ու պատասխանատուութիւն իր վրայ առնելով անձամբ Սան-Սթէֆանօ Ռուսիոյ բանակը գնաց եւ Նիկողոս Մեծ Դուքսէն խնդրեց որ Թուրքիոյ հետ կնքուելիք Դաշնագրութեան մէջ՝ Հայոց համար ալ յօդուած մը դրուի։ Ժամանակը նպաստաւոր էր։ Հայ զօրապետներ, ռուս բանակին մէջ, շատ մը յաղթութիւններ տարած էին եւ պատերազմին հետեւանքով ալ հայերը շատ վնասուած էին, ուստի Մեծ Դուքսը շատ չընդդիմացաւ մանաւանդ Կոմս Իքնաթիէֆ ու Պարոն Նելիտոֆ ալ միջամտեցին։ Հետեւեալ օրը Թուրքիոյ ներկայացուցիչները զարմանալով տեսան թէ Ռուսերը Հայոց համար ալ յօդուած մը կ’ուզեն։ Բայց զիջանելէ զատ ուրիշ միջոց չի կար։ Այսպէս Սան Սթէֆանօյի դաշնագիրին մէջ աւելցաւ 61րդ Յօդուածը, որ հետեւեալն է։

Յօդուած 16. Որովհետեւ Ռուս բանակներու Հայաստանի (Արմենիա) մէջ գրաւած երկիրները, որոնք Թուրքիոյ պիտի դարձուին, պարպուած ատեն երկու պետութեանց յարաբերութեան պահպանման տեսակէտով վնասակար շփոթութիւններ եւ բարդութիւններ կրնան առաջ գալ, ուստի Բ. Դուռը կը խոստանայ գործադրել, առանց յապաղման, տեղական պահանջներուն հարկաւոր ըրած բարւոքումներն ու բարեկարգութիւնները հայոց բնակած գաւառներուն մէջ եւ երաշխաւորել անոնց ապահովութիւնը Քիւրտերու եւ Չէրքէզներու դէմ։

Սան Սթէֆանօյի դաշնագիրը կազմուեցաւ 1878 Մարտ 3ին, եւ այդ թուականէն սկսեալ Հայաստան միջազգային դաշինքներու մէջ մտցուելով Եւրոպական պետութեանց սեղաններուն վրայ եկաւ։ Այս յօդուածը, ինչպէս յայտնի է, ունի իր թերի կողմերը եւ մանաւանդ մթութիւն՝ բարեկարգութիւններու որակին մասին, այսուհանդերձ մեծ յաջողութիւն մըն է, որ Ներսէս Վարժապետեանի կուտայ խոշոր դեր՝ Հայկական Հարցին մէջ։ 16րդ յօդուածը Հայաստանը Ռուսիոյ պաշտպանութեան կ’ենթարկէր, իսկ այդ չէր կրնար գոհ թողուլ Անգլիան, որուն ձգտումն էր մեծ ձայն ունենալ Օսմանեան պետութեան վերաբերող գործերուն մէջ մասնաւորապէս եւ Արեւելեան Հարցին մէջ ընդհանրապէս։ Ուստի կերպով մը դաշնակցութիւն ստեղծելու համար Թուրքիոյ հետ, եւ ի հարկին անոր տկարացումն ու ազդեցութիւնը զօրացնելու համար, պահանջեց Անգլիա իր տրամադրութեան տակ դնել Կիպրոսը, որպէսզի Անգլիացի պաշտօնեաներ ու զօրքեր դիւրաւ կարենան Թուրքիա մտնել։ Թուրքիա հապճեպով ընդունեց այս առաջարկութիւնը, եւ 1878 Յունիս 4ին ստորագրուեցաւ Կիպրոսի Դաշնագրութիւնը որ ահաւասիկ։

«Եթէ Ռուսիա իր ձեռքը պահէ Բաթումը, Արտահանը, Կարսը եւ կամ անոնցմէ մէկը, եւ եթէ խաղաղութեան դաշինքէն վերջ նորէն փորձ ընէ վեհափառ Սուլթանի Ասիական երկիրներէն մին գրաւելու, այդ պարագային Անգլիա կը խոստանայ միանալ Սուլթանի հետ եւ զէնքի ուժով պաշտպանել անոր իրաւունքները։

Ատոր փոխարէն Սուլթանը կը խոստանայ իր կառավարած երկիրներուն մէջ մտցնել հարկ եղած բարենորոգումները՝ այդ երկիրներուն մէջ ապրող քրիստոնեաներու եւ ուրիշ հպատակներու պաշտպանութեանը համար։

Այդ բարենորոգումները պէտք է որոշուին յետոյ, երկու պետութիւններու հաւանութեամբ։ Եւ որպէսզի Անգլիան կարողանայ պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսնել՝ իր պարտականութիւնները կատարելու համար, Սուլթանը հաճութիւն կուտայ որ Անգլիան գրաւէ եւ կառավարէ Կիպրոս կղզին»։

Այս Դաշնագրութիւնը չբաւականացուց Անգլիան, որ հաշտ աչքով չէր նայեր Ռուսիոյ ազդեցութեան այսպէս մեծնալուն, եւ որ առարկելով թէ Բարիզի դաշինքը կնքող պետութիւններ միայն կրնային Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ կնքուած դաշինքն ստորագրել, առաջարկեց որ Պերլինի Վեհաժողողովը կազմուի։ Ռուսիա, պատերազմելէն յոգնած եւ վստահ Աւստրիոյ բարեկամութեան կամ չէզոքութեան վրայ՝ ընդունեց Պերլինի Վեհաժողովին գումարման առաջարկը։ 1878 Յունիս 13 գումարուեցաւ Վեհաժողովը՝ Պերլինի մէջ։ Ժողովին նախագահը թէեւ Պիզմարքն էր, բայց զայն վարողն էր Անգլիոյ ներկայացուցիչը՝ Սալըզպրին։

Հոն կային հաւաքուած երեւելի դիւանագէտներ։ Անգլիա, Կիպրոսի Դաշինքէն գոհ՝ Պերլինի Վեհաժողովին կը մասնակցի։ Ամէն ազգեր կը շահագրգռուին Պերլինի Վեհաժողովով, անոնց հետ նաեւ հայերը։ Հայոց Պատրիարքարանը եւս ի հարկէ չկրնալով անտարբեր մնալ՝ նոյն ուղղութեամբ կ’աշխատի, եւ կը կազմակերպէ յատուկ պատգամաւորութիւն մը՝ Եւրոպական արքունիքները ղրկելու համար։ Խրիմեան Հայրիկ Մինաս Չերազի հետ Եւրոպա գնաց, որպէսզի միտքերը պատրաստելէ վերջ անցնի Պերլին, իսկ Խորէն Նար Պէյ Բեթրսպուրկ գնաց, ապա Պերլին միւսներուն հետ միանալու պայմանաւ։ Թուրք կառավարութիւնը խորամանկ քաղաքականութեան մը հետեւեցաւ եւ՝ ո՛չ միայն չհակառակեցաւ այս խորհուրդին, այլ եւ քաջալերեց ու աջակցիլ խոստացաւ։ «Պերլինի Վեհաժողովին Հայկական Հարցը ներկայացնելու համար կառավարութիւնը Յովհաննէս Նուրեանի, Գրիգոր Օտեանի, Սէրվիչէնի եւ այլնի միջոցաւ քաջալերեց Ներսէսը։ Այս խաղը Անգլիոյ կողմէ պատրաստուած էր՝ Ռուսը մեծ Հայաստանէն հանելու համար։ Այս հայերը Ներսէսը վախցուցին ըսելով թէ իր ռուսամոլութիւնը կրնար հայերը ջարդել տալ։ Ներսէս վախցաւ եւ անոնց խորհուրդին հետեւեցաւ։ Թուրքը շողոմել կեղծեց եւ նոյնիսկ Պերլինի հետ ծածկագիր յարաբերութիւն ընելու թոյլ տուաւ։ Ազգ[ային] Ժողովին բան մը չի հարցուց Ներսէս եւ հակառակ խորհուրդ տուողները դուրս վռնտեց։ Ներսէս սքանչելի գաղափարն ունեցած էր Նար Պէյը Բեթրսպուրկ Ձարին ղրկելու, բայց Խրիմեան Պերլին չէր հասած, երբ հեռագրուեցաւ թէ Նար Պէյ պաշտօնական հրահանգագիր մը չունի ձեռքը՝ Ձարին ներկայանալու համար։ Այս բանը, զոր նախ «Մասիս» եւ ապա Եւրոպական թերթերը հրատարակեցին, Ռուս Պետութեան համար է՛ն մեծ նախատինքն էր։ Հայ պատգամաւորները հաստատուն եւ հեռատես գործունէութիւն մը չունեցան։ Նար Պէյ ռուսական գերիշխանութեան կողմնակից էր, Լօրիս Մելիքովը կառավարիչ կարգելու եւ Կիլիկիան իշխանապետութիւն մը ընելու պայմանով։ Հայրիկ դէմ էր ռուս ազդեցութեան եւ կը նախընտրէր Անգլիոյ հովանաւորութիւնը՝ Հայաստանի կառավարիչ ընելու պայմանաւ Նուպար Փաշան» [1] ։ Կարծիքներու այս տարբերութեան պատճառաւ Խրիմեան միշտ կը պնդէր որ Նուպար Փաշան Պերլին կանչէին, որպէսզի նա, իբրեւ փորձառու դիւանագէտ՝ գլուխ կանգնի Հայկական Հարցին։ Իսկ Պոլսէն Ս. Փափազեանը ղրկեցին, այն երկիւղով թէ մի՛ գուցէ Նուպար փաշա իրական թեկնածու մը կը ներկայանայ «Ինքնավար Հայաստան»ի։ Նուպար Փաշա այդ ժամանակ Բարիզ էր եւ մշակած էր «Հայկական Ինքնավարութեան» ծրագիր մը։ Ինչպէս յայտնի է, Նուպար Փաշա՝ թէ՛ իբրեւ նախարարապետ Եգիպտոսի եւ թէ՛ իբրեւ ճշմարիտ պետական մարդ՝ շա՛տ սիրուած էր։ Սա երբ իր ծրագիրը ներկայացուցած էր Բարիզի գերման դեսպան Հոհէնլոհէ կոմսին, սքանչացած էր, իսկ Անգլիական դեսպան Լօրտ Լայընս գոչած էր. «Ասիկա Արեւելեան Խնդիրին բանալին է»։ Նուպար փաշայի առաջարկած ծրագրին ամփոփումն է հետեւեալը [2].

1. Եւրոպական Տէրութիւններ, ինչպէս եւ Բ. Դուռը պէտք կը զգան բարենորոգումներ մտցնելու հայաբնակ գաւառներու մէջ։

2. Հայերը քաղաքական անկախութեան աչք չունին, այլ՝ քաղաքական ազատութեան, որուն մէջ կարողանան երաշխաւորել իրենց կեանքը, պատիւն ու ինչքը։

3. 1839էն իվեր արդէն խաթթը շէրիֆներով շեշտուած են այդ պէտքերը։

4. Որովհետեւ ցարդ թուրք պաշտօնեաները եղած են զեղծարարներ, ուստի ընտրել ընդհանուր քրիստոնեայ (մանաւանդ հայ) կառաւարիչ մը։

5. Հոգ տանիլ քիւրտերու արշաւանքներուն եւ աւարառութեանց խնդիրին։

6. Կառավարիչը պիտի կազմակերպէ պահակազօրք։

7. Ոստիկանական նոր կազմակերպութիւն։

8. Արդարութեան նոր կազմակերպութիւն։

9. Տուրքերու գանձման եղանակին մէջ իմաստութիւն։

Ծրագիրը գրուած է շատ դիւանագիտական ոճով մը, որ ո՛չ Սուլթանը վշտացնելու բնոյթն ունի եւ ո՛չ ալ Եւրոպական պետութիւններէն մին կամ Ռուսը։ Նուպար փաշայի մեծագոյն սխալն այն է որ իր բոլոր յոյսը կը դնէ Թուրք Կառավարութեան եւ Սուլթանական «բարեհաճ հրամանագրութիւն»ներու վրայ։ Իսկ հրամաններուն որակը, արժէքն ու Կառավարութեան խոստումներուն ո՛ր աստիճան իրականանալի ըլլալը քանիցս տեսնուած է։ Առանց ատոր ալ արդէն կարելի չէր այդ ծրագիրը ներկայացնել Վեհաժողովին, քանի որ ան չէ՛ր զբաղեր ծրագրով։ Վերջապէս շատ ու շատ դժուարութիւններէ վերջը Հայ պատգամաւորներն հազիւ հազ կրցան ազդել Վեհաժողովին լիազօրներուն վրայ եւ Պերլինի Դաշնագրութեան մէջ դնել տալ 61րդ Յօդուածը, որ կը վերաբերի բացառապէս հայոց։ Դաշինքին 62րդ Յօդուածը կը վերաբերի կրօնական առանձնաշնորհումներու, որոնք եւս հայոց համար կարեւոր են։ Ահաւասիկ 61րդ եւ 62րդ Յօդուածները։

61 Յօդուած. Բ. Դուռը յանձն կ’առնէ առանց յապաղման գործադրել այն բոլոր բարւոքումներն ու բարեկարգութիւնները, որոնք հայաբնակ նահանգներուն տեղական պէտքերը կը պահանջեն, նաեւ երաշխաւորել անոնց ապահովութիւնը՝ քիւրտերու եւ չէրքէզներու հանդէպ։ Առ այս առնուած քայլերու մասին ժամանակ առ ժամանակ ծանօթութիւն պիտի տայ Մեծ Պետութեանց, որոնք անոնց գործադրման վրայ պիտի հսկեն։

62 Յօդուած. Բ. Դուռը փափաք յայտնած ըլլալով որ անվթար պահէ կրօնական ազատութեան սկզբունքները՝ տալով անոր ամենաընդարձակ ասպարէզ մը, դաշնագրող պետութիւնք այս ինքնաբերաբար եղած յայտարարութիւնը կը նօթագրեն։

Օսմ[անեան] Կայսրութեան ո՛չ մէկ մասին մէջ կրօնական դաւանանքներու տարբերութիւններ պատճառ պիտի բռնուին որեւիցէ անհատի մը քաղաքական իրաւունքներ վայելելուն, հանրային պաշտօնի, գործի եւ պատուոյ արժանանալուն կամ որեւիցէ արհեստով կամ գործով զբաղելուն։

Դատաւորաց առջեւ առանց խտրութեան ամեն անձի վկայութիւն պիտի ընդունուի։

Կրօնական ամեն ձեւերու ազատութիւնը եւ անոնց հրապարակաւ գործադրումը կ’ապահովուի ամենուն։ Նաեւ զանազան ժողովրդոց կրօնապետական կազմակերպութեան կամ անոնց իրենց հոգեւոր պետերուն հետ ունեցած յարաբերութեանց դէմ ո՛չ մէկ արգելք պիտի յարուցուի։

Պերլինի Դաշնագրութեան հայոց վերաբերեալ մասին մէջ, ինչպէս կը տեսնուի, Հայաստան բառը ջնջուած եւ հայաբնակ նահանգներ յիշուած է։ Ունի իր մութ եւ անորոշ կողմերը, եւ իր ամենէն աչքի զարնող տարբերութիւնն այն է որ Ռուսիոյ հսկողութենէն Հայաստանը հանելով վեց Մեծ Տէրութեանց բարեկամեցողութեան կը յանձնէ։

Այնուհետեւ այլ եւս Պերլինի Դաշնագրութեան 61րդ Յօդուածը կը խանդավառէ հայերը, թէեւ Օտեան Բարիզի մէջ կը յայտարարէր թէ 61րդ Յօդուածը բոլորովին վնասակար է Հայկական Հարցին համար, եւ Սէրվիչէն ալ արցունքոտ աչքերով կը խոստովանէր թէ սխալած էին, բայց միամտութեամբ եւ խաբուած։ Հայոց եռանդը կը շատնայ տակաւ եւ քանի՛ Հայկական գաւառներու հարստահարութիւնները կը շատնային՝ ա՛յնքան ալ յեղափոխական ոգին կ’արթննար։ Պերլինէն դարձող պատգամաւորները յեղափոխութեան ազդանշանը տուած էին արդէն իրենց քարոզութիւններով, որոնց մէջ առանց կռիւի ազատութիւն ստանալը անկարելի կը գտնէին։ Իսկ կառավարութիւնը իր բարենորոգումներուն սկսաւ՝ ձերբակալելով Եղիա Տնտեսեանը, իբրեւ Ազգ[ային] երգարանի հրատարակիչ. քիչ յետոյ Հայ Թատրոնը կը գոցուէր, լրագրութիւնը կը սեղմուէր, դպրոցները քննութեան կ’ենթարկուէին եւ գաւառներուն մէջ հալածանքը կը շեշտուէր։

Եւ ահա Գամառ-Քաթիպան ու Ռաֆֆին էին որ Հայ ցաւերը երգելով ըմբոստութիւն կը քարոզէին, ու նոր սերունդը ազատութեան իտէալով կը սնանէր։ Կայի՞ն ազդակներ Հայոց հայրենասիրական եռանդն հրահրող, կարելի՞ էր հաստատել թէ հայերը թուրք կառավարութիւնէն դժգոհ մնալու պատճառներ ունէին։

Անշուշտ։ Խոստացուած բարենորոգումները կ’ուշանային, Հայոց Աշխարհի դէպքերը կը գահավիժէին եւ Հայկական շարժումներու արշալոյսը կը ծագէր…։



[1]            Անահիտ, 1899, Ա. Չօպանեան։

[2]            Նուպար Փաշայի ծրագիրը հրատարակուած է «Անահիտ»ի առաջին տարուան 5-6 միացեալ թիւերու մէջ։ Անգլիերէնը կը գտնուի Լոնտոն հրատարակուած Nineteenth Century ամսաթերթին 1878ի Սեպտեմբերի թիւին մէջ։