Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3. Քերականութիւն

Գաւառաբարբառի մը ուսումնասիրութիւնը կատարեալ ընելու համար բնականաբար հարկ է անոր քերականութիւնն ալ ծանօթացընել. բայց որովհետեւ ինչպէս առաջ ալ ըսինք, Եւդոկիոյ բարբառն իր ընդհանուր նկարագրովը Պոլսոյ բարբառէն շատ տարբերութիւն չունենալով` քերականական ընդհանուր ձեւերով ալ գրեթե նոյն է անոր հետ, որ այսօր արեւմտեան աշխարհաբար անուան տակ գրական լեզու եղած է եւ ունի իր առաւել կամ նուազ միօրինակ դասական քերականութիւնը, ուստի առանց Եւդոկիոյ բարբառին ամբողջական քերականութիւնը գրելու հարկը տեսնելու, միայն քանի մը մասնաւորութեանց վրայ պիտի բաւականանանք: