Հայրէններու բուրաստանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳ

Այդ վարի լեռնէն ի վար ջուրն ի շինուդ մէջն անցանէր.
Թուխ մանուկ մի դուրս ելեր ձեռքն ու զերեսն է լըւացեր. Լըւացեր ա՜յ լըւացեր դարձել ի ջուր հարցունք եղեր.
 
Ջուր դու ո՞ր լեռնէն կուգաս իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։   Ես ի յայն լեռնէն կուգամ որ հին ու նոր ձիւն կայ վերան։

  Ջուր դուն ո՞ր առու կ՚երթաս իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։   Ես ի յայն առուն կ՚երթամ որ փունջըն շատ է մանուշկին։
  Ջուր դուն ո՞ր այգի կ՚երթաս իմ պաղո՛ւկ վըրիկ ՚ւ անուշիկ։   Ես յայն այգին կ՚երթամ որ տէրն ի մէջն է այգեպան։

  Ջո՛ւր դուն ո՞ր պախճան կ՚երթաս իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։   Ես ի յայն պաղչան կ՚երթամ որ պուլպուլն քաղցր եղանակէ։
  Ջո՛ւր դուն ո՞ր տունկ կու ջըրես իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։
  Ես ի յայն տունկըն ջըրեմ որ տակըն խոտ բերէ գառին։

  Ջո՛ւր դուն ո՞ր աղբիւր կ՚երթաս իմ պաղո՛ւկ ջըրիկ ՚ւ անուշիկ։   Ես ի յայն աղբիւրն երթամ որ գայ քո եարըն ջուր քըմէ,
Դէմ գընամ դունչըն պագնեմ սիրովըն հապա գինանամ։