Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱԿՆԱՅ ՀԱՅՐԷՆՆԵՐ ԶԱՆԱԶԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՎՐԱՅ [1]


Ա՜յ իմ Մայիսի անձրեւ որ կուգաս կանաչիս վըրայ,

Թէ գաս նէ կենամ կանաչ, թէ չիգաս, երթամ չորանամ։

 

******

Լեռնե՛ր, իմ խորու ձորեր, ինծի դուր տըւէք, դուրանամ.

Թէ չէ նէ, սապռ ու համբեր, որ ես այս տէրտին դիմանամ։

 

******

Լեռնե՛ր, ձեզ երնեկ կուտամ, որ ատենկ բարձր էք մընացեր,

Մեզի երնեկ չիպիտի, մեր տերտե՛րը շատ կու լինի.

Ամառը տաքուն կ՚երինք, ձըմեռն ալ ի մէջ ձուներուն։

Մարիկն է տաքուկ հացիկ, ով ուտէ՝ կու կշտացընէ.

Հարիկն է անպակ գինի, ով խըմէ՝ կու արբեցընէ.

Աղբարն արեգակ նըման, սար ու ձոր հաւսար կու ցաթէ։

 

******

Տարին տասներկու ամիս սիրու տէր եմ այս ի լաց.

Արունով հաց եմ նստեր, արցունքով ի կուլ եմ տըւեր։

 

******

Տէրտերս արեւուն ըսեմ, վախնամ թէ արեւ չիցաթէ.

Երթամ լուսնըկին ըսեմ, որ ամսէ ամսիկ կու նորի։

 

******

Աչերս է չարտախ նըման, մէջն երկու ախպար կու կենան. կու կենան.

Մեծիս մեծ արեւ կ՚ըսեն, պզտիկիս արեւ լուսընկայ։

 

******

Լուսընկայ, քեզ չեմ սիրեր, խոռեր ես ու խոռ կու նայիս.

Ես արեգակ կու սիրեմ, կու ցաթէ ալէմս արունատ։

 

******

Խաչին լուսընկան նորուն, ալվի մուխ տըւին աչերուս.

Առին ճերմակ պալերուս, չիթողին աղուոր ձագերուս։

Խօսիմ, կ՚ելլեմ արեւուս. չիխօսիմ, կ՚ելլեմ ձագերուս.

Ալվի կ՚ելլեմ արեւուս, չեմ անցնիր աղուոր ձագերուս։

 

******

ԾԱՂԿԱԽՏԷՆ ԿՈՒՐԱՑԱԾ ՄԱՆՈՒԿԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

Ես աս գիշեր դուրս ելայ, ճնճըղնին կու ճըլվըլտային.

Կայնեցայ մըտիկ արի, իրարու գանգատ կ՚անէին.

Մէկն ալ մէկալին կ՚ըսէր՝ «Ի՜նչ դիժար է մնկան հոգին.

Թող ելլէ մանկան հոգին, թող չելլէ աչերն երեսէն.

Ես քաշած ու տեսած եմ, չիտեսնէ՜ տիւշմանիս աչուին։

 



[1]           Այս հայրէններն ալ քաղուած են Ճանիկեանի հատորէն։