Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԵԶՐ Ա. ՓԱՌԱԺՆԱԿԵՐՏՑԻ

460. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Միեւնոյն շարժումը որ Քրիստափորը կաթողիկոսութենէ հեռացուց, աթոռին բարձրացուց Եզր կաթողիկոսը, որ բաւական խօսիլ տուած է իր վրայ պատմութեան մէջ, եւ մերձաւոր եւ հեռաւոր ժամանակներու մէջ ծանրապէս մեղադրուած է, այնչափ որ ատեն մը սովորութիւն եղած էր, իր անունին սկզբնատառը գլխիվայր դնել: Եզրի ծննդավայրն է Նիգ գաւառի Փառաժնակերտ գիւղը, եւ Թէոդորոս Քռթենաւոր որ Կոմիտասի եղբօրորդի էր, Եզրի ալ քեռորդի կ՚ըսուի (ՅՈՎ. 99, ՀԻՆ. 470), որով Եզր կ՚ըլլայ Կոմիտասի եղբօր աներձագը, կամ Կոմիտաս Եզրի քրոջ տագրը, ինչ որ շուտով ալ կը մեկնուի, քանի որ Արագածոտնի Աղցքը եւ Նիգի Փառաժնակերտը իրարմէ շատ հեռու չեն: Այդ խնամիութեան հետեւանք է հարկաւ որ Եզր Կոմիտասի յատուկ հովանաւորութիւնը վայելած, հայրապետանոցի մէջ առաջացած, եւ Դըւնայ Ս. Գրիգորի փոկակալ անուանուած է (ՅՈՎ. 98): Սեբէոս զինքը կը ներկայացնէ իբր այր խոնարհ եւ հեզ, որ ոչ կամէր զոք ցասուցանել, եւ ոչ ելանէր ի բերանոյ նորա բան տգեղ (ՍԵԲ. 154): Այդ նկարագիրը, եւ Դըւնայ մէջ Վարազտիրոցի մօտ գտնուիլը, բաւական են բացատրել, թէ ինչպէս Եզր կրցաւ Վարազտիրոցի ընտրելին ըլլալ, եւ կաթողիկոսական աթոռ բարձրանալ առանց վիճակաւոր եպիսկոպոս մը ըլլալու, ինչպէս եղած էին ընդհանրապէս իր նախորդները: Իրեն կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը համաձայն կերպով նշանակուած է 10 տարիէն աւելի, կամ 11 տարի, եւ երկու տեղ միայն 9 նշանակուած ըլլալը համաձայնութիւնը չ՚եղծանէր: Հետեւելով այդ համաձայնութեան մենք ալ 11 տարուան տեւողութիւնը կը պահենք, եւ 630-ին դնելով Եզրի ընտրութիւնը, կաթողիկոսութեան վերջը կը նշանակենք 641-ին:

461. ՀԵՐԱԿԼԻ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Եզրի ընտրութեան տարին Խաչափայտին ալ գերեդարձին տարին էր, զոր Հերակլի ղրկեց Բորան թագուհին Պարսից, վասնզի Շահրվարազ Խոռեամ խոստացած պայմանը գործադրելու չափ ալ ատեն չէր ունեցած. իսկ Բորան պէտք ունէր Հերակլի բարեկամութիւնը ապահովել: Խաչափայտը Հերակլի դեսպաններուն յանձնուեցաւ, որ Հայաստանի ճամբով զայն Կոստանդնուպոլիս հասցուցին: Հերակլ փափաքելով զայն անձամբ տանիլ Երուսաղէմ` իր առաջին տեղը, բանակ եւ թագաւորական հանդերձանք կազմելով կը մեկնի մայրաքաղաքէն, եւ Խաչափայտը տարեալ հասուցանէ ի քաղաքն սուրբ (ՍԵԲ. 158): Այդ առթիւ բնաւ ծովագնաց ուղեւորութիւնն ալ պատմուած չլինելուն, եւ բանակի ընկերակցութիւնն ալ պատմուած լինելուն, անտարակոյս ցամաքի ճամբով կատարեց Հերակլ Երուսաղէմի ուխտաւորութիւնը, որ շտապով ալ չէր կրնար լրանալ: Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւններ եւ մեծահանդէս տօնախմբութիւններ կատարուեցան, եւ այս առթիւ հաստատուեցաւ Վերացման Խաչի կամ Խաչվերացի տարեկան տօնը, որով 631 Սեպտեմբերի 14-ը կրնայ նկատուիլ իբր Խաչափայտին Երուսաղէմ հասնելուն թուականը: Հերակլ հարկաւ միջոց մը Երուսաղէմ մնաց, անկէ Ասորիք անցաւ, կայսրութեան գաւառները այցելեց, որոնք շատ վնասուեր էին վերջին պատերազմներու ատեն, եւ տակաւ յառաջելով եւ Եփրատացւոց եւ Ծոփաց նահանգներէն անցնելով եկաւ Յունական Հայաստանը, իրեն բնակատեղի ընտրելով Կարին կամ Թէոդոսուպոլիս քաղաքը, որ կայսերական կուսակալութեան ալ կեդրոնն էր: Այստեղ է որ Հերակլ կը ձեռնարկէ կրօնական կամ դաւանական միաբանութեան զարկ տալու, որպէսզի իր գաւառներուն ժողովուրդները ներքին եւ հաստատուն միութեան մէջ դնէ, նոյնիսկ կայսրութեան պաշտպանութեան համար, որ մեծ վտանգի հանդէպ կը գտնուէր Արաբական արշաւանքներուն երեսէն: Մուհամմէտի բանակները Արաբիոյ մէջ ապահով դիրք մը կազմած, սկսած էին դէպի հիւսիս քալել եւ կայսրութեան սահմանագլուխները զարնել եւ յառաջել, կէտ նպատակի ունենալով Պաղեստինը եւ Ասորիքը գրաւել, զոր իրենց սեփական իրաւունքը կը նկատէին, իբր Իսմայէլի որդիք, եւ իբր ժառանգներ այն երկիրներուն, եւ կ՚ըսէին թէ հօր մերում Աբրահամու ետ Աստուած զերկիրդ զայդ ի կալուած ժառանգութիւն (ՍԵԲ. 166): Ասորւոց եւ Հայոց երկիրներուն մէջ զօրաւոր եւ բազմաւոր էին հակաքաղկեդոնականները, եւ Հերակլ չէր կրնար անոնց վստահիլ, ցորչափ սիրտով զատուած էին Յոյներէն, եւ հակակիր զգացումներ կը սնուցանէին: Այստեղ անգամ մըն ալ պիտի կրկնենք, թէ երբ Հերակլ` Հայերն ու Ասորիները դաւանական միութեան կը հրաւիրէր, պարզապէս եւ բացարձակապէս քաղկեդոնականութիւն չէր անոր առաջարկածը, այլ եփեսոսական եւ քաղկեդոնական դաւանութեանց մէջ միջասահման դրութիւն մը, երկու կողմերուն մասնակի զիջողութեամբ կազմուած, այն է Սարգիս պատրիարքի խորհած եւ առաջարկած միակամեայ դաւանութիւնը, որ Կոստանդնուպոլսոյ 626 տարւոյ ժողովոյն մէջ պաշտօնապէս ընդունուեցաւ, եւ 633-ին նոր ժողովով մը Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ հռչակուեցաւ, եւ որուն ձայնակցած ու միացած էր Կիւրոս Աղեքսանդրիոյ պատրիարքը եւ այս կերպով հակաքաղկեդոնիկներէն մաս մըն ալ իրեն կողմը շահած էր (ՖՆՔ. Ա. 241):

462. ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Գործերը այդ կացութեան մէջ էին, երբոր Հերակլ ձեռնարկեց Եզր կաթողիկոսը համոզել, եւ անով Հայոց Եկեղեցին ու ազգը իր կողմը շահիլ: Ազգային պատմութիւն ուսունասիրողներ, սովորաբար այդ գործողութիւնը Եզրի առաջին տարւոյն մէջ կը դնեն (ՉԱՄ. Բ. 328), որ է ըսել 630-ին, ինչ որ չի կրնար կապակցիլ Խաչափայտի վերադարձին եւ Հերակլի ուղեւորութեան պէտք եղած ժամանակամիջոցին հետ 461), եւ պէտք է զայն զետեղել յերրորդ ամի կաթողիկոսութեան Եզրի, ինչպէս յայտնապէս գրած է Օրբէլեան (ՕՐԲ. Ա. 156), որով 632-է առաջ հնար չէ դնել, եւ աւելի հաւանականութեամբ 633-ին: Հերակլ Մժէժ Գնունին, Յունական Հայաստանի սպարապետը, պատուիրակ որոշեց Եզրի մօտ երթալու Դըւնայ հայրապետանոցը, եւ պէտք եղած կերպով զայն հրաւիրելու որ Կարին գայ եւ կայսեր հետ հոգեւորապէս հաղորդակցի, որպէսզի իր իշխանութիւնը օրինաւորապէս ճանչցուի Յունական բաժինի Հայերուն վրայ: Մժէժ կը սպառնար ալ յանուն կայսեր, որ եթէ հաւանի հաղորդիլ օրինօք ընդ կայսեր, հարկ պիտի ըլլայ Յունական բաժինին զատէն կաթողիկոս մը նշանակել, որով Եզր Պարսկական բաժինէն դուրս իշխանութիւն պիտի չկարենար վարել: Եզր ծանր կացութեան կը մատնուի այդ առաջարկներուն առջեւ, եւ հարկաւ միտքը կը բերէ Մօրիկի օրով տեղի ունեցած Յովհան Բագարանցիի հակաթոռ կաթողիկոսութիւնը, եւ անոր աղիտաբեր հետեւանքները, եւ կը վախնայ Հայ Եկեղեցւոյն վրայ նմանօրինակ տագնապ մը նորոգել: Անտարակոյս է որ Եզր փախուստի ճամբաներ փորձած է, առանց որոյ Մժէժ հակաթոռութեան սպառնալիքին չէր հասներ: Դժուարին դիրքէն ազատելու համար Թէոդորոս Ռշտունիի հետ ալ կը խորհրդակցի, ուրիշ նախարարներ ալ կը խօսեցնէ, յարմար որոշման մը յանգելու համար: Թէոդորոս Պարսկական բաժինին մէջ սպարապետ էր, եւ իր յունատեաց զգացումներով ծանօթ: Նա միւս ընկերներուն հետ համախոհութեամբ կը պատասխանէ. Մեք երթամք փութապէս ի ծառայութեան արքայի (ՕՐԲ. Բ. 157), ակնարկելով Պարսից թագաւորին, որ այն ատեն Յազկերտ էր, Բորանէ ետքը նստող քանի մը սակաւօրեայ թագաւորներէ ետքը գահ բարձրացած 632-ին: Ասով Թէոդորոս ու ընկերներ կը յայտնեն թէ իրենք Պարսից հպատակ կը գտնուին եւ իրենց համար բանի մը պէտք չեն տեսներ: Սակայն չեն հակառակիր որ Եզր երթայ, Հերակլի հետ տեսնուի, եւ Հայոց իրաւունքը ու դաւանութիւնը ամրութեամբ պաշտպանէ, եւ այդ նպատակով իրեն հետ առնէ ժամանակին երկու գերագոյն վարդապետները: Մաթուսաղա Սիւնեցին եւ Յովհաննէս Մայրավանեցին: Երկրորդը Դուին կը գտնուէր իբր Ս. Գրիգորի եկեղեցւոյն փակակալ եւ կաթողիկոսարանի գործերը կը վարէր, ուստի Մաթուսաղային միայն հրաւիրակներ յղուեցան, որ Դուին գայ (ՕՐԲ. Ա. 157), եւ խորհրդակցին եւ միասին կայսեր երթան:

463. ՎԱՐԱԶՏԻՐՈՑԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Այդ պարագաներու մէջ նկատելի է, որ բնաւ չի յիշուիր Վարազտիրոց մարզպանին անունը: Գիտենք թէ Վարազտիրոց պաշտօնը լքելով Յունաց կողմը անցաւ, Ատրպատականի նախկին մարզպան Խոռոխ Որմիզդի եւ անոր որդւոյն եւ յաջորդին Ռոստոմի դաւաճանութենէն վախնալով, որով յայտնի կ՚ըլլայ թէ 633-ին արդէն այդ փախուստը տեղի ունեցած էր: Վարազտիրոցի համար գրուած է իրաւ, թէ շինեաց բոլորովին զամենայն աշխարհն Հայոց, բայց 628-էն 5 տարին ալ կրնար բաւել օգտակար գործունէութիւն ցուցնելու: Իսկ փախուստին պատճառ եղած է Ռոստոմի եղբօր Գարիքպետի Դուին գալը` Վարազտիրոցը նենգութեամբ դաւաճանելու համար: Հազիւ թէ Վարազտիրոց գաղտնի տեղեկութեամբ անոր միտքը կ՚իմանայ, կինն ու որդիները առնելով գիշերանց Դուինը կը թողու եւ մինչեւ Տարոն կը փախչի, ինքզինքը պաշտպանելու համար: Այնտեղէն է որ Հերակլի հետ կը բանակցի, եւ պէտք եղած խոստումները ընդունելով անոր կը ներկայանայ, մինչ տակաւին Հերակլ Ասորւոց կողմերը կը գտնուէր, Երուսաղէմէ Հայաստան գալուն առթիւ: Կայսրը զինքը պատուով ընդունեցաւ, միջոց մը մօտը պահեց, անկէ մայրաքաղաք ղրկեց, ուր ապարանս թագաւորականս, եւ գահոյս արծաթիս, եւ գանձս բազումս յոյժ` շնորհեց անոր: Վարազտիրոցի Սմբատ որդին ալ կայսերական սենեկապաններուն մէջ առաւ (ՍԵԲ. 160): Այդ պատմութեան պարագաները զննելով, մարթ է դիտել, որ Վարազտիրոցի պէտք չէր դժուար ըլլալ Գարիքպէտի դաւաճանութեան առաջն առնուլ, նոյնիսկ ինքն անոր վրայ բռնանալով, քանի որ երկրին մարզպանն էր: Նոյնպէս վայելուչ որոշում մը չէր` այսպիսի չնչին պատճառով մարզպանութիւնը ձեռքէ հանել: Հերակլ ալ այնչափ պատուով եւ ընծաներով չէր ընդուներ Վարազտիրոցը, եթէ կանուխէն անոր բարեկամութեան նշանները տեսած չըլլար: Մի' գուցէ Վարազտիրոց գաղտնի խորհուրդով եւ Հերակլի գիտակցութեամբ այդ կերպը գործածեց, Պարսից կողմը տկարացնելու, եւ երկիրը անիշխանութեան մատնելու համար: Զի իրօք Վարազտիրոցէ ետքը նոր մարզպան չանուանուեցաւ, եւ Պարսկական բաժինը անտէրունջ կրնար սեպուիլ Յազկերտի տկար եւ անկայուն եւ երերուն թագաւորութեան ներքեւ: Իսկ Հայաստանի մէջ Թէոդորոս Ռշտունին էր, որ իբրեւ սպարապետ գործի գլուխ էր կանգնած, եւ պահանջից համեմատ ազգային շահերուն պաշտպանութեան կ՚աշխատէր: Այս էր հարկաւ պատճառը որ Եզր ալ Թէոդորոս Ռշտունիի խորհուրդին կը դիմէր:

464. ԵԶՐ ԵՒ ՀԵՐԱԿԼ

Եզրի ընկերանալու հրաւիրուած վարդապետներէն Մաթուսաղա հրաժարեցաւ իր զբաղումները պատճառելով, եւ իր աշակերտներէն նոյնիսկ Եզրի ազգական Թէոդորոսը ղրկեց որ կաթողիկոսին ընկերանայ (ՕՐԲ. Ա. 158): Նմանապէս Յովհան ալ հրաժարեցաւ կամ թէ խիստ պայմաններ առաջարկեց որ նա ալ կաթողիկոսին չընկերացաւ եւ զեկեղեցին եւ զկաթողիկոսարանն ոչ կամեցաւ թողուլ (ՕՐԲ. Ա. 159), եւ Եզր Դուինէ մեկնեցաւ Հերակլի մօտ երթալու, իրեն ընկեր առնելով Տիրատուր Արտազու, Քրիստափոր Դարունեաց, Մարտիրոս Գողթնեաց եւ Եպիփան Մամիկոնէից եպիսկոպոսները, եւ Վարդան Բագառիճոյ, Թովմաս Արշարունեաց, եւ Թէոդորոս Քռթենաւոր վարդապետները, եւ ուրիշ քանի մը նուազ կարեւոր անձեր (ՉԱՄ. Բ. 328): Կաթողիկոսը պատուաւոր ընդունելութիւն գտաւ Կարնոյ մէջ Հերակլի կողմէն, եւ անմիջապէս բանակցութիւնները սկսան, Հայոց կաթողիկոսին եւ Յունաց կայսեր միջեւ, որ իրեն հետ յոյն եպիսկոպոսներ ալ ունէր: Խնդիրը բնական կերպով կեդրոնացաւ Քաղկեդոնի ժողովին եւ երկու բնութիւն բացատրութեան վրայ, վասնզի Հայերը Յոյներէ զատող ուրիշ դաւանական խնդիր չկար: Եզր ալ իրաւամբ յայտնեց Հերակլի, որ եթէ նա հրաժարի ի Քաղկեդոնի ժողովոյն եւ ի Լեւոնի տոմարոյն, մեք միաբան եմք (ՕՐԲ. Ա. 138): Այս առթիւ մէջտեղ բերուեցաւ Լեւոնի տոմարը եւ անոր բացատրութիւնները քննուեցան, երկու կողմէն բացատրութիւններ տրուեցան եւ առնուեցան, եւ վերջապէս Հայերը Հերակլէ խնդրեցին ձեռնարկ հաւատ նամակի (ՅՈՎ. 99): Կայսրը հաւանեցաւ, եւ հաւատոյ գիր մը պատրաստել տալով յոյն եպիսկոպոսներուն, եւ իր իսկ կնքով հաստատելով յանձնեց Եզրի, որ իրեններուն հետ հանդարտօրէն եւ ազատօրէն քննէ, եւ դիտողութիւն եթէ ունի առաջարկէ, եւ խոստացաւ որ եթէ ուղիղ չգտնէ, Հոռոմները Հայոց դաւանութեան կը դարձնէ, եւ իր գիրը կ՚այրէ, ապա թէ ոչ, կ՚ըսէ, հաւանեցէք եւ դուք մեզ: Եզր իրեններով գումարուեցաւ յիջեւանսն իւր, եւ քննութիւններ կատարեցին զերիս աւուրս (ՕՐԲ. Ա. 158), կամ ուրիշներու գրածին համեմատ, երեսնօրեայ ժամանակօք (ՉԱՄ. Բ. 539), եթէ թիւերու շփոթութիւն չէ, զի հաւանական չ՚երեւիր Հերակլի 30 օր սպասելը: Հայերուն կողմէն տարբեր կարծիքներ ունեցողներ եղան, բայց վերջնական որոշման մէջ յաղթեց Թէոդորոսի կարծիքը, իբր Մաթուսաղայի աշակերտ, եւ Մաթուսաղայի տեսութեանց վկայ ու թարգման: Թէոդորոսի յայտարարութիւնը եղած է ըստ Օրբէլեանի, թէ ոչ գոյ ի նոսա թիւրութիւն ինչ հաւատոյ, այլ մի եմք մեք եւ նոքա, եւ թէ մեզ պէտք է անոնց հետեւիլ, քանի որ նոքա բուն արմատք են, մեք ոստ մի ի նոցանէ բուսեալ (ՕՐԲ. Ա. 160): Եթէ այս եղաւ իրօք Թէոդորոսի յայտարարութիւնը, ստոյգ որ ճշմարտութենէ հեռու էր անոր ըմբռնումը: Զի հակառակ ինչ ինչ դաւանական եւ կանոնական եւ ծիսական կարգադրութեանց, զորս Հայեր Յոյներէ փոխանցեցին, իբրեւ արդէն կազմակերպեալ եկեղեցիէ, երբէք Հայոց Եկեղեցին Յոյներէ ճիւղաւորմամբ չունեցաւ իր ծագումը, այլ առաքելական քարոզութեամբ եւ անկախօրէն լուսաւորութեամբ եւ ինքնուրոյն կազմակերպութեամբ ստացաւ իր սկզբնաւորութիւնը:

465. ԿԱՐՆՈՅ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թէոդորոսի այս յայտարարութիւնը իր արդիւնքն ունեցաւ, եւ Եզրի հետ եղող եպիսկոպոսներուն եւ աշխարհականներուն միտքերը մակարդեալ պղտորեցան: Արդէն Եզրի միտք թուլացեալ էին ի ճշմարտութենէն, վասնզի ակն ունէր մարմնաւոր փառաց եւ ագահութեան, հետեւապէս ներկաներուն մէջ համաձայնութիւն կազմուեցաւ, Հերակլի ներկայած հաւատոյ գիրը ընդունիլ եւ ստորագրել, եւ ըստ այնմ ալ փութացին կայսեր հաղորդել: Հերակլ ուրախութեամբ լեցուն հրամայեց հանդիսաւոր եկեղեցական արարողութիւն կատարել Կարնոյ եկեղեցւոյն մէջ, եւ պատարագին մէջ Յոյներ եւ Հայեր, Հերակլ ու Եզր, միասին հաղորդուեցան, եւ այս կերպով գլուխ ելաւ Հերակլի խորհած եւ ճարտար միջոցներով յաջողցուցած միաբանութիւնը: Մինչեւ հիմա կը ցուցուի Կարնոյ մայր եկեղեցւոյն կից` հին ու փոքրիկ եկեղեցի մը, Միաբան Սուրբ Աստուածածին կոչուած, Եզրի օրով կատարուած միաբանութեան յիշատակ, որուն վրայ թէպէտ որեւէ յիշատակարան չկայ, այլ Եզրի ժամանակէ մնացած ըլլալու չափ հնութեան նշաններ ունի, եւ ժամանակով նոյնիսկ մայր եկեղեցւոյն մէջ կը պարունակուի եղեր, եւ վերջէն նոր շինութեան ատեն դուրսը առանձինն է թողուեր: Հերակլ իբր գոհունակութեան նշանակ, Եզրին նուիրեց զերրորդ մասն գիւղաքաղաքին Կողբայ եւ զաղսն բովանդակ (ՕՐԲ. Ա. 160), ըստ այլոց նաեւ զԱղցք (ՎԱՐ. 61), բայց կ՚երեւի թէ միեւնոյն զաղսն է, գրչագիրներէ շփոթուած: Էջմիածնի կաթողիկոսարանը մինչեւ ցայսօր իաւունք կը վայելէ Կողբայ աղահանքէն ձրիաբար ստանալու քանի մը սայլաբեռ քարաղի կտորներ: Այս են Եզրի միաբանութեան եւ Կարնոյ ժողովին վրայ պատմիչներուն տուած տեղեկութիւնները, որոնք համամիտ են ծանր կերպով մեղադրելու Եզր կաթողիկոսին անձը: Միայն Սեբէոսն է, որ առանց դիտողութեան կը վերջացնէ պատմութիւնը, դարձաւ մեծաւ շքով ի տուն իւր ըսելով (ՍԵԲ. 15), ինչպէս առաջուց ալ գովութեամբ յիշատակած էր, թէ էր այր խոնարհ եւ հեզ (ՍԵԲ. 154): Մի' գուցէ ինքն ալ Եզրի խորհրդակիցներէն մէկը եղած ըլլայ, որ արդէն ալ Քրիստափորի պաշտօնանկութիւնը եւ Եզրի ընտրութիւնը այնչափ գոհունակութեամբ պատմած է 457): Բայց Յովհաննէս Պատմաբան Եզրի եւ իւրայնոց համար կը գրէ, թէ տգիտաբար իմն, իբր անծանօթ գրոց աստուածայնոց դաւաճանեալ խաբեցան (ՅՈՎ. 60): Ասողիկ ալ Եզրի համար կը գրէ, թէ տգէտ գոլով աստուածային գրոց խաբեալ եղաւ (ԱՍՈ. 88): Անեցին ալ տգիտաբար հաւանեալ կը ցուցնէ Եզրը (ՍԱՄ. 79), Վարդան վասն տգիտութեան իւրոյ քաղկեդոնիկ եղեւ կ՚ըսէ (ՎԱՐ. 61), Կիրակոս կը մեղադրէ թէ փոխեաց զամենայն ուղղափառ կարգադրութիւնս եկեղեցւոյ (ԿԻՐ. 34): Իսկ Օրբէլեան ամէն անարգանք կը կցէ նորա անունին, եւ Կողբայ նուէրը յիշատակած ատենը կը գոչէ. Ո՜վ անմիտ եւ չար վաճառին (ՕՐԲ. Ա. 160):

466. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՁԵՒԸ

Պատմական եղելութեանց կարգին առջեւ չանցած, պէտք կը զգանք քննել, թէ ի՞նչ էր Եզրի օրով տեղի ունեցած Կարնոյ ժողովը, եւ իրօք ի՞նչ էր Եզրի եւ իւրեանց ընդունած հաւատոյ գիրը: Դժբախտաբար ոչ Կարնոյ ժողովին գործերն ու կանոններն ունինք, եւ ոչ ալ Հերակլի ներկայած հաւատոյ գիրին պատճէնը: Կարնոյ համախմբութիւնը Հայոց ժողով մը ըլլալու համար պէտք էր Հայ եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու պատկառելի թիւ մը ունենար, բայց Եզրի հետ եկող 4 եպիսկոպոսներէն եւ 3 վարդապետներէն զատ ժողովական չէ յիշուած, ոչ թիւ է ցուցուած, եւ ոչ նիստեր նշանակուած, եւ եօթը ներկաներուն ով ըլլալն ալ դարեր ետքը Զաքարիա Ծործորեցին է յիշած (ՉԱՄ. Բ. 538): Հետեւաբար Կարնոյ ժողով ըսուածը, իսկապէս եւ բառին ճիշդ նշանակութեամբ եկեղեցական ժողով մը եղած չէ: Ինչչափ ալ Սակս ժողովոց կը գրէ, թէ Հերակլ ժողով ըրաւ յաճախագոյն իմաստասիրօք Յունաց, բերելով նաեւ զբազումս ի հայրապետացն Հայոց (ԹՂԹ. 221), սակայն այդ գրուածը իբր վաւերական ընդունուած չէ, եւ Յոյն իմաստասէրներ Հայոց ժողով չեն կազմեր, եւ Հայեր ալ մէկէ աւելի հայրապետ չունէին, եւ եպիսկոպոսներու հայրապետ անունը տալով հեղինակութիւն չի ստեղծուիր: Եղելութիւններն ալ չեն արդարացներ կանոնական ժողովի մը ձեւը: Յոյներ գիր մը կու տան, կաթողիկոս եւ քանի մը եպիսկոպոսներ առանձինն կը քննեն, եւ երբ հաւանութիւն կը յայտնեն, եկեղեցական հանդէս կը կատարուի: Ոչ նիստեր կան, ոչ որոշումներ, եւ ոչ կանոններ, այնպէս որ պարզապէս կայսերական հրաման մըն է, որուն Հայեր օգտակար կը սեպեն գլուխ ծռել, իրենց քաղաքական կացութեան հետեւանօք, եւ Պարսիկներէ յուսահատ` Յոյներու օգնութեամբ դիրքերնին պահելու ակնկալութեամբ: Հարկաւ Հերակլ անոնց աչքին առջեւ դրած է հարաւէն սպառնացող ահագին վտանգը, որուն դէմ դնելու համար իրարու հետ սերտ միաբանութեան պէտքը անհրաժեշտ էր: Նոյնինքն Թէոդորոս Ռշտունի, որուն յունատեաց զգացումները յայտնի էին, պահ մը պարտաւորուեցաւ Յունաց օգնել, փոխադարձաբար Հայոց համար օգնութիւն պատրաստելու համար:

467. ԴԱՒԱՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Հերակլի առաջարկած եւ Եզրի եւ իւրայնոց ընդունած հաւատոյ գիրին գալով, եթէ պատճէնը ունենայինք, ճշդութեամբ գիտցած կ՚ըլլայինք, թէ ինչ էր Հայոց կաթողիկոսին ստորագրած դաւանութիւնը: Պատճէնը չունենալով պարտաւորուած ենք ինչ ինչ նշաններու եւ յարակից պարագաներու դիմել գաղափար մը կազմելու համար: Սեբէոս կ՚ըսէ, թէ Հերակլի առաջարկած գիրը` նզովեալ զՆեստոր եւ զամենայն հերձուածողս, բայց ոչ էր նզովեալ զժողովն Քաղկեդոնի (ՍԵԲ. 159): Նոյնը կը կրկնէ եւ Պատմաբանը, թէ գրուած էր նզովել զամենայն հերձուածողս բաց ի ժողովոյն Քաղկեդոնի (ՅՈՎ. 100): Միեւնոյն է Ասողիկի բացատրութիւնն ալ, թէ առաջարկուած էր նզովել զամենայն հերձուածողս բաց ի ժողովոյն Քաղկեդոնի (ԱՍՈ. 88): Նման են ասոնցմէ ետքը եկողներուն գրածներն ալ: Ըստ այսմ կրնանք հետեւցնել թէ Եզրի ընդունածը բացասական լռութիւն մըն էր Քաղկեդոնի որոշման հանդէպ, եւ ոչ թէ հաստատական հաւանութիւն Քաղկեդոնի դաւանութեան: Եթէ Եզր այդ կերպով քաղկեդոնականութեան հանդէպ զիջում մը կ՚ընէր, սակայն կատարեալ քաղկեդոնիկ չէր ըլլար, քանի որ առաջարկող կայսրը` Հերակլ ալ, ու Բիւզանդական եկեղեցին ալ, եւ հետեւաբար Հերակլի հետ եղող Յոյներն ալ, կատարեալ քաղկեդոնիկներ չէին, այլ միակամեայ դաւանութեան հետեւողներ եւ պաշտպաններ: Մի կամք եւ մի գործողութիւն բացատրութիւնը մի բնութիւն կը հնչէր, ինքն Հերակլ ալ Էքթէս կոչուած հրովարտակով, միակամեայց վարդապետութիւնը հաստատած էր եւ զայն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքին կողմէն վաւերացնել տուած էր յատուկ ժողովով մը 638-ին: Անտարակոյս Հերակլի կողմէն պատրաստուած եւ Եզրի յանձնուած հաւատոյ գիրն ալ, եթէ Քաղկեդոնը լռութեամբ կ՚անցնէր, կամ թէ անցողակի զայն կը յիշէր, Մի կամք եւ մի գործողութիւն նոր բանաձեւը կը պարունակէր, եւ Եզր ու Հայեր այդ բանաձեւին ներքեւ մի բնութիւն դաւանութիւնը կրնային տեսնել, եւ ինքզինքնին հանդարտեցնել: Հարկաւ Հերակլ եւ իւրայինք ալ ամէն ճիգ թափած եւ ամէն լուսաբանութիւն տուած են, թէ Քաղկեդոնի անունը պահելով ալ, Եփեսոսեան դաւանութիւնը կը վերանորոգուէր, ինչպէս որ Հայեր կը պահանջէին: Մինչեւ իսկ Հայերուն աչքին, Յունաց կողմէն զիջողութիւն եղած լինելը կրնային ցուցնել: Այդ տեսութիւնները, երբեք մտացածին գիւտ պէտք չէ կարծուին, որովհետեւ Հերակլի եւ Բիւզանդական եկեղեցւոյն պաշտօնական դաւանութեան վրայ հիմնուած են, եւ ստոյգ եղելութեան տրամաբանական հետեւանքներն են: Մեր դիտողութիւնը կ՚արդարանայ եւս պատմական պարագաներով: Հերակլի ներկայած բանաձեւը ընդունելով հանդերձ Եզր պահ մը հոգեւոր հաղորդակցութենէ կը հրաժարի, յունական կղերին ի պոռնկութիւն եւ յայլ պղծութիւն համարձակ լինելը պատճառելով (ՕՐԲ. Ա. 159), որով հաւատոյ գիրին պարունակութեան դէմ խնդիր յարուցած կ՚ըլլար անուղղակի կերպով: Նկատելի է եւս, որ Եզր, Հերակլի գիրը ընդունելէն ետքն ալ` Դուինի մէջ անհակառակ կ՚ընդունուի մեծամասնութեան, կամ լաւ եւս հանրութեան կողմէն, ինչ որ հնար պիտի չըլլար, գիտնալով եպիսկոպոսական դասուն նախանձայուզութիւնը, եթէ ընդունած հաւատոյ գիրին մէջ փախուստի տեղ մը կամ արդարացման կողմ մը չգտնուէր: Եզրի Յունաց հետ հաղորդակցութեան միակամեայ դրութեամբ եղած ըլլալուն իբր նշան կրնանք յաւելուլ, որ լատին մատենագիր մըն ալ, Հայոց եպիսկոպոս Աթանաս մը կը յիշէ` իբր Կոստանդնուպոլսոյ Սարգիս պատրիարքին օժանդակ, միակամեայ դաւանութիւնը զօրացնելու օգնող (ՊՐԹ. Գ. 739): Անունի շփոթութեամբ` Եզրի ակնարկութիւն եղած կարծելը` անհաւանական չէ, քանի որ Աթանաս անունով Հայոց եպիսկոպոսի մը գոյութիւնը բնաւ ուրիշ տեղ յիշուած չէ:

468. ՄԱԹՈՒՍԱՂԱ ԵՒ ԹՈՒՂԹԸ

Յիշենք եւս թէ ամէն բան վերջանալէն ետքը Մաթուսաղա Սիւնեցին ալ Դուին եկաւ, քաղկեդոնականութեան ընդունելութիւնը լսելով եւ եղածին վրայ գայթակղելով, սակայն գալէն ետքը եւ բացատրութիւններ առնելէն ետքը ափիբերան եղեւ, որ է ըսել թէ պատշաճ լուսաբանութիւնը լսեց: Օրբէլեան Մաթուսաղայի լռելուն պատճառ կու տայ, թէ յիւր աշակերտէն էր բուսեալ չարն: Բայց Մաթուսաղա քերթողը իր աշակերտին հեղինակութեան կամ անձնաւորութեան առջեւ խոնարհող չէր, այլ կրնար տեղի տալ Թէոդորոսի բացատրութեանց առջեւ, երբոր սա մի կամք եւ մի գործողութիւն բանաձեւը ցոյց կու տար, եւ մի բնութիւն բացատրութիւնը անոր մէջ պարունակուած կը ցուցնէր: Մաթուսաղա ոչ միայն լռեց եւ համակերպեցաւ, այլեւ յանձն առաւ Եզրի ձեռքէն Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան ձեռնադրութիւնը ընդունիլ (ՕՐԲ. Ա. 161), բան մը որ Մաթուսաղայի վրայ տկարութեան եւ մեղսակցութեան կեղտը պէտք էր բերեր, ուր ընդհակառակն պատմութեան եւ աւանդութեան մէջ անտխեղծ եւ անբասիր մնացած է Մաթուսաղա քերթողահօր անունը: Մաթուսաղայի ձեռնադրութիւնը անուղղակի կերպով հաստատութիւն կու տայ Կարնոյ միաբանութեան համար մեր տուած թուականին: Դաւիթ ձեռնադրուած էր Աբրահամի ընտրութեան առաջին տարին 417), այսինքն է 607-ին, եւ Օրբէլեան 27 տարի պաշտօնավարութիւն կու տայ Դաւիթի (ՕՐԲ. Ա. 155, Բ. 246), որով Մաթուսաղայի ձեռնադրութեան տարին կ՚ըլլայ 634 կամ 633 կիսատ տարիներու միացմամբ, որ է նոյնիսկ Կարնոյ միաբանութեան թուականը 462): Օրբէլեան Մաթուսաղայի մէկ գրութիւնն ալ յառաջ կը բերէ (ՕՐԲ. Ա. 158), սակայն իր ըսածը չ՚արդարանար, վասնզի գիրը գրուած է Եզրաս կաթողիկոսի, Յովհաննէս Մարդպետական եւ Մաթուսաղա Սիւնեաց եպիսկոպոսներու կողմէ, իսկ Մաթուսաղայի ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Կարնոյ միաբանութենէն, ետքը, նոյնիսկ Օրբէլեանի վկայութեամբ: Բաց աստի գիրը ուղղուած է Հերակլ կայսեր, եւ հաւատոյ խոստովանութեան ձեռնարկէն ետքը` իբր բացատրական դիտողագիր, մինչ Թէոդորոսի Եզրին մօտ եկած ատեն դեռ Հերակլի ձեռնարկը տրուած չէր: Հետեւաբար պէտք է եզրակացնել, թէ այդ գիրը պատրաստուեցաւ իբր զիջողութիւն մը Մաթուսաղայի տեսութեանց, կամ թէ իբրեւ վերապահութիւն մը Հայոց կողմէն, Հերակլի իմացնելու համար, թէ որչափ ալ միակամեայ դրութեան հետեւանօք հոգեւոր հաղորդակցութիւնը յանձն առին, սակայն քաղկեդոնական դաւանութեան մասին իրենց համոզումը չեն փոխած, եւ անոր բանաձեւը ուղիղ չեն գտներ: Այդ յայտարարութիւնը գրուած է յանուն Հայ Եկեղեցւոյ, կաթողիկոսին եւ երկու մետրապոլիտներուն կողմէ, եւ Հերակլի ուղղուած, ինչ որ նորէն մեր տեսութիւնը կ՚արդարացնէ, թէ Հայ Եկեղեցին, եւ նոյնիսկ Եզրն ալ միակամեայ դրութեան հիմամբ, եւ քաղաքական պահանջներու ստիպմամբ, Յունաց հետ հոգեւոր հաղորդակցութեան յանձնառու եղան, սակայն իսկապէս քաղկեդոնականութիւնը չընդունեցան, եւ կատարելապէս քաղկեդոնիկներ չեղան:

469. ՅՈՎՀԱՆ ՄԱՅՐԱԳՈՄԵՑԻ

Ընդհանուր կերպով զիջողական քաղաքականութեան տիրապետած ատեն, աններող եւ անփոփոխ մտաց տէր կը յայտնուի միայն Դըւնայ Ս. Գրիգորի փոկակալ Յովհան Մայրագոմեցի վարդապետը, եւ իր ընդդիմութիւնը կը յայտնէ, Եզրի ընդունելութեան չմասնակցելով, որուն իր պաշտօնին պարտաւորութեամբ ստիպուած էր իբր փոկակալ, կամ մեր այժմեան ճշդաբանութեամբ` իբր աւագ լուսարարապետ: Եզր կը ցաւի փոկակալին կողմանէ եղած անարգանաց, եւ շատեր հանդերձ մեղադրութեամբ կը յորդորեն Յովհանը, որ պարտուպատշաճ յարգանքի մէջ թերի չգտնուի, այլ նա պինդ կը մնայ իր որոշման մէջ, յայտարարելով թէ, չի կրնար յարգել մէկ մը, որ քակեաց իսկ զսահման կանոնի հարցն մերոց ուղղափառաց: Եզր այդ բանէն աւելի վշտացած հրաման կ՚ընէ որ հարկաւ իրեն ներկայանայ, եւ ակամայ կամօք Յովհանը կաթողիկոսին առջեւ կ՚ելլէ: Եզր զինքն կը յանդիմանէ, թէ խրոխտաբար իմն անբարհաւաճութեամբ ընդվզեալ թուիս. բայց Յովհան բացէբաց կը յայտարարէ թէ Հերակլի հետ հաղորդակցութեամբ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը խախտած է, եւ կը խօսի այն բառախաղը, որ նշանաւոր մնացած է, Յիրաւի կոչեցաւ անունդ Եզր, վասնզի յեզր տարեալ հաներ զՀայաստանեայսս: Ասոր վրայ Եզր զայրանալով կը հրամայէ Յովհանի յանդգնութիւնը պատժել, եւ կը սկսին քիթին բերնին զարնել, մուրցացի տանջել զպարանոց նորա եւ զկզակս, մինչ Յովհան ձեռս ի վեր բարձեալ կը գոհանար, թէ վասն անուան Տեառն արժանի եղէ անարգելոյ, կրկնելով քահանայապետին ատեանէն վերջ առաքեալներուն համար ըսուած խօսքերը (ԳՐԾ. Ե. 41): Այլեւս անհնար էր Յովհանի իր պաշտօնին վրայ մնալ, ուստի փոկակալութիւնը եւ Դուինը թողլով քաշուեցաւ իր առաջին տեղը որ է Մայրոյ Վանքը, զոր եզր սկսաւ Մայրոյ Գոմ անուանել եւ Յովհանը Մայրագոմեցի, իբր զի Յովհան եզի պէս յամառ եւ պինդ գլուխ մէկն էր (ՅՈՎ. 101): Թէպէտ կոչումը նախատական էր, սակայն կիրառութեան մէջ ընդհանրացաւ, եւ այժմ ալ Յովհան աւելի Մայրագոմեցի անունով ծանօթ է, քան թէ բնիկ Մայրավանեցի կոչումովը: Յովհան այնտեղ ալ լուռ չէր կենար, եւ Եզրի դէմ հակառակութիւն կը գրգռէր, ուստի Եզր հրամայեց որ Դըւնայ մերձաւոր տեղերէն ալ հեռանայ, եւ նա քաշուեցաւ Գարդմանի գաւառը, Գետարակք բերդին մօտերը (ԿԻՐ. 31), ուր առանձնական եւ գրական կեանք մը ունեցաւ, եւ մեր պատմիչներ զինքն իբր առաքինի եւ սուրբ կը հռչակեն (59): Մայրագոմեցիին այդ միջադէպը մեզի առիթ կու տայ դիտելու, որ նա մինակ մնացած է իր խստապահանջ սկզբունքներուն մէջ, իրեն ձայնակցողներ չէ ունեցած, եւ կաթողիկոսարանի եպիսկոպոսներէն եւ վարդապետներէն եւ Հայոց նախարարներէն Յովհանի պաշտպան եւ կողմնակից չէ գտնուած: Այս ալ եւս քանզեւս կը հաստատէ թէ Եզրի զիջողական հաղորդակցութիւնը, ներողամիտ աչքով նկատուած է ամենուն կողմէն: Եզր ինքն ալ բնաւ մէկու մը ստիպում չէ ըրած, հակաքաղկեդոնական համոզումէն ետ կենալու, եւ Մայրագոմեցիին հանդէպ բռնած ընթացքը, կղզիացեալ դիպուած մը մնացած է, ոչ այնչափ հաւատքի խնդիրին, որչափ անարգական ընթացքին հետեւանք:

470. ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱԿԻՑՆԵՐ

Օձնեցիին վերագրուած սակս ժողովոց գրուածը, Եզրի միաբանութեան ինչ ինչ ուրիշ պարագաներ ալ կ՚աւելցնէ: Նախ կ՚ըսէ թէ Եզր այդ բանը ընելով ընկալաւ զհայրապետութիւնն հրամանաւ Հերակլի (ԹՂԹ. 222): Բայց այդ չ՚արդարանար, եթէ առաջին ընտրութեան իմաստով իմանալ ուզուի, վասն զի Եզր արդէն իր աթոռին վրայ կը գտնուէր երբոր Հերակլ Կարին հասաւ: Բայց իմաստ մը կրնայ ունենալ, եթէ յիշենք Մժէժի բերնով եղած հակաթոռ մը դնելու սպառնալիքը, վասնզի միաբանութենէ ետքը Հերակլ հաճեցաւ, որ Եզր ազատաբար Յունական Հայաստանի վրայ ալ իր իշխանութիւնը գործածէ: Կը յիշէ եւս թէ Եզր եւ Կարնոյ ժողովը, զսուրբ ժողովն որ ի Դըւնի նզովիւք չափ ի բաց մերժեն, եւ զմիաւորութիւն ծննդեան եւ զմկրտութեանն, եւ զխաչեցարն յերից սրբասացութեանցն ի բաց մերժեցին (ԹՂԹ. 221): Ոչ Կարնոյ կանոններ ունինք, եւ ոչ Հերակլի պահանջներուն պատճէնը, որ ստուգենք այդ կէտերը, սակայն մերձաւորներ, Սեբէոս եւ Պատմաբան եւ այլք, երբէք այդպիսի ծիսական կէտեր չեն յիշեր եւ անստոյգ գրուածի մը հեղինակութեամբ բան մը հաստատել չենք կրնար: Եթէ երբէք Օձնեցիի հարազատ գործն ըլլար, ոյժ մը կրնար ունենալ, բայց Օձնեցիի հարազատ գործերուն մէջ, Եզր պատուով է յիշատակուած, իսկ Սակս ժողովոց յօդուածը ստորին ոճով եւ ճապաղ լեզուով գրութիւն մըն է: Այս պատճառով նոյնիսկ Չամչեան չի համարձակիր Եզրի այդպիսի ծիսական փոփոխումներ վերագրել (ՉԱՄ. Բ. 541): Բայց կրնայ ենթադրուիլ, որ տեղ տեղ, մանաւանդ Յունական բաժինին մէջ, գտնուած ըլլան Հայ եպիսկոպոսներ, որք կամ յօժարութեամբ կամ ստիպմամբ կամ հրապուրմամբ, Յունաց հետ ծիսական համակերպութիւններ ըրած ըլլան, նոյնիսկ քաջալերուելով Կարնոյ միաբանութենէն: Սակայն այդ տեսակ եղելութիւնք, եթէ եղած ալ ըլլան, երբէք օրինական եւ օրինաւոր չեն սեպուիր, եւ չեն ալ կրնար Եզրի վրայ այդ տեսակ փոփոխութիւններ հրամայած ըլլալու մեղադրանքը աւելցնել: Մեր նպատակը չէ Եզրի դիւրահաւան զիջողութիւնը արդարացնել, միայն անաչառ պատմագիրի խիղճով կ՚ուզենք ամէն իրողութեան իր ճշգրիտ նշանակութիւնը տալ եւ Եզրի գործին նկատմամբ հաստատել, թէ ոչ զինքը մեղադրող Հակաքաղկեդոնիկներ կրնան զայն բացարձակ կերպով իր եկեղեցւոյն դաւանութիւնը ուրացած ըսել, եւ ոչ ալ Քաղկեդոնիկներ կրնան Հայոց Եկեղեցին պահ մը բացարձակ կերպով քաղկեդոնականութեան յարած ցուցնել Կարնոյ միաբանութեամբ:

471. ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՔ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Եզր այդ միաբանութիւնը կատարելէն եւ Դըւնայ մէջ իր աթոռը դառնալէն ետքը, տակաւին 7 տարի եւ աւելի պաշտօնաւարութիւն ունեցաւ կատարելապէս կանոնաւոր վիճակի մէջ, ինչ որ պիտի չկարենար վայելել, եթէ իսկապէս եւ բացարձակապէս քաղկեդոնիկ եղած ըլլար, որուն պիտի չհանդուրժէին հնաւանդ դաւանութեան պաշտպան եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ, Կոմիտասի ժամանակէն մնացած ուղղափառ եւ զարգացուն անձեր: Հարկաւ Եզր, Հերակլը կերպով մը գոհունակութեամբ հեռացնելէն ետքը, եկեղեցւոյն հին սկզբունքներով քալեց, իւրաքանչիւրին իր համոզմամբ մնալու եւ գործելու թոյլտուութիւն ըրաւ, այնպէս որ ոչ միայն կաթողիկոս փոփոխելու գաղափարը չծագեցաւ, այլ եւ ոչ Եզրը նեղելու ձեռնարկներ եղան: Ուստի հանդարտութեան վիճակ մը գտնելով` Եզր կրցաւ շինարար եւ բարեկարգիչ գործերու ալ ձեռք զարնել: Իր հովանաւորն ու ազգակիցն Կոմիտաս նորոգած էր Էջմիածնի կաթողիկէն եւ Հռիփսիմէի վկայարանը, ինքն ալ ուզեց Գայիանէի վկայարանը նորոգել, որ նոյնպէս խրթին ու մթին էր, ինչպէս Կոմիտաս գտեր էր Հռիփսիմէի Սահակաշէն տաճարը: Այս ալ Եզր քակեց, եւ ընդարձակագոյն եւ պայծառագոյն շինեաց, կոփածոյ քարամբք եւ կրով ձուլելով: Նորութիւն մըն ալ աւելցուց, եկեղեցիին շուրջը աւելցնելով կայանս բնակութեան քահանայական դասուց, ինչ որ անկէ առաջ երբեք շինուած չէ եղեր, ինչպէս կը գրէ Պատմաբան կաթողիկոսը, թէ այս եղեւ սկիզբն ժամատուն շինելոյ ի Հայս (ՅՈՎ. 103): Ծիսակատարութեանց ալ մտադրութիւն դարձուց Եզր, եւ ինչ ինչ կարգադրութիւններ ըրաւ, որոնց մէջ բնաւ յունականի ստրկական հետեւողութիւնը չէր շարժառիթը: Օձնեցին կը վկայէ թէ Առաւօտեան ժամերգութեան վերջին մասը զատելով` յատուկ Արեւագալի ժամերգութիւն մը կազմելը` Եզրի կարգադրութեամբ եղած է. Եւ զկնի ամենեցուն զԱրեւագալին նուագել սաղմոս, զոր Եղիցի անուն Տեառն ասել սկսեալ են ի ժամանակացն Եզրի կաթողիկոսի (ՕՁՆ. 30), եւ աւելի յստակօրէն կը կրկնէ, թէ զկնի Փառս ի բարձանցն Եղիցի ասեն, զոր կարգեալ է տեառն Եզրի Հայոց կաթողիկոսի (ՕՁՆ. 104): Մեր գլխաւոր դիտած կէտն է, Օձնեցիի կողմէ Եզրի անունին պատուով յիշատակուիլը, ինչ որ բնաւ չի յարմարիր Սակս ժողովոց գրուածին նախատական եւ բուռն լեզուին: Միւս կողմէն այդ մէկ կարգադրութիւնն ալ կը բաւէ հաւաստել թէ եկեղեցական ծիսակատարութեանց եւ բարեկարգութեանց ալ հետեւող եղած է Փառաժնակերտացի հայրապետը:

472. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐ

Եզրի միաբանական եւ բարեկարգական գործունէութիւնը կը պատրաւորուինք դնել նորա կաթողիկոսութեան առաջին մասին մէջ, երբ տակաւին համեմատաբար արտաքին եւ ներքին խաղաղութիւն կը վայելէր Հայաստան: Իսկ այս միջոցը հազիւ կրնանք երկարել մինչեւ 636 թուականը: Մուհամմէտի շարժումները իր կենդանութեան ատեն գրեթէ Արաբացի ցեղերու սահմաններէն անդին չանցան, եւ եթէ Ասորիքի կողմերն ալ յարձակեցաւ եւ Յունական բանակներու հետ գործ ունեցաւ 461), գլխաւոր պատճառներն էին Հիւսիսային Արաբիոյ այն ցեղերը, եւ գլխաւորապէս Ղասանի թագաւորութիւնը, որ քրիստոնէութիւն ընդունած եւ Յունական կայսրութեան հովանաւորութեան ներքեւ մտած էին: Հերակլի բանակները արդէն առաջին հանդիպումը ունեցած էին Մուհամմէտի զօրքերուն հետ, երբ կայսրը 631-ին Ասորիքի մէջ կը գտնուէր: Մուհամմէտ այդ միջոցին Մէքքէն ալ գրաւած էր եւ Քեապէի կուռքերը վերցուցած, եւ զայն իր կրօնքին կեդրոն նուիրագործած: Մուհամմէտ մեռաւ 632-ին Մետինէի մէջ, եւ յաջորդութիւնը Ալիի, Էօմէրի եւ Ապուպեքիրի մէջ խնդրոյ նիւթ ըլլալէն ետքը, վերջինին կողմը զօրացաւ, եւ Ապուպեքիր առաջին Խալիֆա կամ մարգարէին յաջորդ հռչակուեցաւ: Ասոր օրով աւելի ընդարձակուեցան Արաբներու արշաւանքները, թէ Յունաց եւ թէ Պարսից դէմ գունդեր ղրկուեցան, որոնք տիրապետութենէ աւելի արշաւանքներով կը գոհանային, թշնամին տկարացնելու եւ իրենք տակաւ զօրանալու համար: Ապուպեքիր շատ երկար չիշխեց, եւ երկու տարի ետքը 634 Օգոստոս 23-ին մեռաւ, նոյն օրը որ իր Խալիտ զօրավարը Դամասկոսին կը տիրէր: Խալիֆայութեան յաջորդեց Էօմէր, որ իր տասնամեայ իշխանութեան միջոցին, Արաբական աշխարհակալութեանց ընդարձակողը, եւ Իսլամական ինքնակալութեան հիմնարկողն եղաւ: Հետզհետէ Ասորիքի գլխաւոր քաղաքները Արաբաց ձեռքն ինկան, 637-ին Երուսաղէմ ալ ստիպուեցաւ անձնատուր ըլլալ Սափրոնիոս պատրիարքի գլխաւորութեամբ, այն պայմանով, որ Էօմէր, որ Մետինէ կը գտնուէր, անձամբ գայ գրաւել, ինչպէս որ ալ եկաւ անմիջապէս: Պատրիարքը հոգացած էր Պարսից գերութենէն դարձած Խաչափայտը առաջուց Կոստանդնուպոլիս ղրկել: Սափրոնիոս շուտով մեռաւ վիշտէն զգածեալ, եւ իրեն յաջորդեց Սերգիոս պատրիարք Էօմէրի հաստատութեամբ: Երբ Ասորիքի տիրապետութիւնը կը լրանար, արդէն Արաբացիք սկսած էին Պարսից վրայ քալել, 636-ին առաջին մեծ յաղթութիւն մը ըրին, Յազկերտ փախաւ եւ Արաբացիք զանազան կողմեր արշաւեցին: Հաւանաբար այդ պատերազմին մէջ էր, որ Մուշեղ Մամիկոնեան եւ Գրիգոր Սիւնի, Պարսիկ բանակին հետ պատերազմեցան եւ ճակատամարտին մէջ սպաննուեցան (ՍԵԲ. 168): Արաբական արշաւանքներուն հրամանատարն էր Սաատ, որ ամէն կողմ ահուսարսափ սփռեց 636-էն սկսելով երեք չորս տարի շարունակ: Եզր կաթողիկոս իր վերջին տարիներուն մէջ դժուարին ժամանակին վիշտերուն ներքեւ կ՚ընկճէր:

473. ՄԺԷԺ ԵՒ ԴԱՒԻԹ

Յունական Հայաստանի մէջ կ՚իշխէր Մժէժ Գնունի` Հերակլի կողմէն, որուն յաղթութեանց օժանդակն էր եղած, եւ ազդեցութեան տէր դառնալով անիրաւ ձեռնարկներու ալ միջամուխ կ՚ըլլար: Պատմութիւնը Մժէժը կը մեղադրէ Վարազտիրոցի փախստեան խնդիրին մէջ: Իրեն ձախող դերն ալ յիշեցինք Եզրը կայսեր հետ հոգեւոր հաղորդակցութեան ստիպելուն մէջ 462): Մժէժ Դաւիթ Սահառունիի դէմ ալ խարդախ ընթացք ունեցաւ: Նոյն միջոցներուն Բիւզանդիոնի մէջ Հերակլի դէմ դաւաճանութեան գաղտնիքը երեւան ելաւ: Այդ գործին մէջ կը գտնուէին Հերակլի որդին Աթալարիկոս, եղբօրորդին Թէոդորոս եւ ներքին սենեկապետը, եւ Հայ իշխաններէն Վահան Խորխոռունի եւ Սմբատ Բագրատունի Վարազտիրոցի որդին, որ սենեկապետին սիրելին էր: Վարազտիրոցի համար ալ ըսուեցաւ, թէ համախոհ գտնուած էր, բայց Հերակլի սպանութեան դէմ էր դրած, լոկ գահազրկութեամբ բաւականանալով: Գաղտնիքին երեւան գալուն` Հերակլ դաւաճաններուն քիթերն ու աջ ձեռքերն կտրել տուաւ, միայն Վարազտիրոցի եւ որդւոյն խնայեց, սպանութեան խորհուրդը արգիլած ըլլալուն համար (ՍԵԲ. 160), բայց երկուքն ալ Ափրիկէ աքսորի ղրկեց: Այդ պարագային Մժէժ, Դաւիթ Սահառունին ալ ձերբակալեց իբրեւ դաւաճանութեան մասնակից եւ կապանօք Բիւզանդիոն ղրկեց: Դաւիթ յաջողեցաւ ազատիլ, եւ իրեն կողմնակիցներ ալ գտնելով Մժէժն ու անոր գործակից Վարազգնել Գնունին սպաննեց, եւ բանակը իր կողմը շահեցաւ: Հերակլ կայսր ոչ միայն Դաւիթի արդարութիւնը ճանչցաւ, այլեւ Յունական բաժինին կառավարութիւնը անոր տուաւ կուրապաղատի աստիճանով, բայց վերջէն Դաւիթ ալ ատելի դարձաւ իր ընթացքով: Հազիւ երեք տարիի չափ պաշտօն վարեց, եւ նա ալ անարգեալ ի զօրացն հալածեցաւ, սակայն ժամանակին տիրող շփոթութեան պատճառով օրինաւոր յաջորդ չունեցաւ, Հայաստանի երկու բաժիններն ալ անտէր անտէրունջ կացութեան մատնուեցան, եւ անմիաբանեալ ամենայն ազատացն, կորուսին զերկիրս Հայոց (ՍԵԲ. 162), եւ ի չար հակառակութենէ եւ ի նանիր նախանձուէ դրդեալ կործանեցին սպառսպուռ զՀայաստանեայսս (ՅՈՎ. 104): Հայաստանի դժպհի բախտին նոր մէկ օրինակն ալ: Դաւիթ Սահառունիի եռամեայ պաշտօնավարութիւնը յարմարագոյն է 635-է 638 տարիներուն մէջ դնել մերձաւոր հաշուով, եւ անկէ ետքը անիշխանութիւնը:

474. ՏԱՐՈՆ ԵՒ ԴՈՒԻՆ

Այդ միջոցին է որ Արաբացի բանակներ առաջին անգամ Հայաստան կը մտնեն: Սաատի գունդերը Պարսիկներու դէմ պատերազմած ատեննին, անոնցմէ մաս մը դէպի Հայաստան կը քալէ 639-ին, Ապտիւր Ռահիմ զօրավարին առաջնորդութեամբ, որ Մոկաց նահանգէն կը յարձակի դէպի ներս, Սահուռ Անձեւացի եւ Վարդիկ Մոկացի անձնատուր կը լինին, եւ մինչեւ իսկ ճամբայ ցուցնելու կը զիջանին: Բայց Տարոնի մէջ Տիրան Մամիկոնեան կը փորձէ դէմ դնել, նախընտրելով մեռանիլ, քան քրիստոնեայ երկիրը մատնել, եւ իրօք ալ թէպէտ Սահուռը ձեռքովը կը սպաննէ, բայց ինքն ալ կը զարնուի եւ կը մեռնի, ուրիշ երկու Մամիկոնեան իշխաններու հետ: Արաբացիք Տարոնի գլխաւոր սրբավայրերը, Աշտիշատը, Գլակը, Մատնավանքը աւերելէն ետք (ՄԱՄ. 58), կը քալեն դէպի Վանայ ծովակին հիւսիսակողմը, կոտորած եւ սարսափ կը սփռեն Բզնունիք, Աղիովիտ ու Առբերանի գաւառները, Բերկրիի ձորերէն յառաջելով կ՚իջնեն Կոգովիտ գաւառը, անկէ ալ կ՚անցնին Արարատի նահանգը, նպատակ ունենալով Դուին հասնիլ: Ճամբուն վրայ գտնուող նախարարներ չեն կրնար դիմադրութիւն ընել, միայն Թէոդոս Վահեւունի, Խոչեան Առաւեղեան եւ Շապուհ Ամատունի, կը փութան լուր հասցնել Դուինի, որպէսզի դիմադրութեան պատրաստուին, եւ հոն կը փութացնեն տրամադրելի ոյժերը: Կը մտածեն Մեծամօրի կամուրջն ալ կործանել, որ Արաբաց յառաջխաղացումը արգիլեն, սակայն անոնք կը յաջողին Մեծամօրը անցնիլ, Վարդիկ Մոկացիի առաջնորդութեամբ (ՍԵԲ. 170): Արաբական բանակը Դուինի առջեւ կը հասնի, եւ Խոսրովակերտի անտառին մօտ բանակ կը զարնէ, տրէ ամսոյ 20-ին, 640 Հոկտեմբերի 6-ին շարժական տոմարով, որ ճիշդ ալ կը պատասխանէ պատմութեան յիշած յաւուր ուրբաթի, եւ ի կութս այգեստանին պարագաներուն (ՍԵԲ. 171): Երեք ամիս կը տեւէ Դուինի պաշարումը, եւ վերջապէս 641 Յունուար 6-ին, յաւուր սրբոյ Յայտնութեան (ՍԱՄ. 80), Արաբացիք քաղաքը կը գրաւեն, եւ անխնայ կը կոտորեն 12, 000 հոգի, 35, 000 ալ գերի կը տանին վաճառելու, եւ եկեղեցի ու ապարանք կապուտ կողոպուտ ընելով կը մեկնին: Հայաստան անտէրունջ էր, վասնզի Դաւիթ Սահառունիէն ետքը ոչ ոք ընտրեցաւ զօրավար յաշխարհին Հայոց (ՍԵԲ. 170), միայն Թէոդորոս Ռշտունին կար, որ իր անձնական նախաձեռնութեամբ, եւ քանի մի նախարարներու ընկերակցութեամբ, ոչ սակաւ ոճիրս գործէր ի թշնամեաց, միանգամայն եղելութեանց եւ դիպուածոց մտադրութիւն կը դարձնէր, եւ զգուշանայր զտիւ եւ զգիշեր ըստ իւրոյ քաջ իմաստութեանն (ՍԵԲ. 163): Թէոդորոս փորձեց Արաբական գունդերուն Դուինէ ետ դառնալուն առթիւ` յանկարծական յարձակումով մը գերիէն եւ կողոպուտէն գոնէ մաս մը ազատել, եւ Կոգովիտի մէջ դէմերնին ելաւ, բայց ոչ կորաց զդէմ ունենալ նոցա, եւ կորուստով ետ քաշուեցաւ, եւ դէպի Դուին գնաց այնտեղի գործերը հոգալու (ՍԵԲ. 171):

475. ԵԶՐԻ ՄԱՀԸ

Երբոր Դուինի տագնապը տեղի կ՚ունենար, դեռ եւս կենդանի էր Եզր, ինչպէս յայտնի կը գրէ պատմիչը, թէ եղեւ այս յամս Եզրի կաթողիկոսի (ՍԵԲ. 181), բայց ծերացեալ եւ տկարացեալ վիճակի մէջ, այնպէս որ գործունէութեան նշան մը չէ կրցած ցուցնել: Ըլլայ հիւանդութեամբ, ըլլայ վշտագին յուզմամբ, Եզր կը վախճանի Դուինի առման միջոցին, թէպէտ ոչ օրը եւ ոչ պարագաները` չունինք պատմութեանց մէջ, այնպէս որ ճշդիւ ալ չենք կրնար որոշել, թէ Եզր տեսաւ արդեօք առումը, կամ թէ առման միջոցին կոտորածն ու աւերածն է, որ տկարացած ծերունիին մահը փութացուցին: Պատմաբանը առումը պատմելէն ետքն է որ կ՚աւելցնէ, թէ իսկ եւ իսկ վախճանէր հայրապետն Եզր. բայց առման միջոցին սպաննուածներուն թաղումը Եզրի յաջորդին կը վերագրէ, թէ ամփոփեալ հաւաքէր զբազմութիւն դիակացն անկելոց (ՅՈՎ. 106): Իրաւ հնար չէ երկար ատեն սպանելոց դիակներուն մէջտեղ մնացած ըլլալը ենթադրել, բայց հնար ալ չէր որ աւրուած եւ աւարուած եւ 35. 000 գերի տուող քաղաքն ալ, անմիջապէս սպանեալներու դիակներովը զբաղէր: Յարմարագոյն կը կարծենք ըսել, թէ Եզր կենդանի էր տակաւին 641 Յունուար 6-ին, երբ քաղաքը առնուեցաւ, ծերութիւն, հիւանդութիւն եւ վիշտ մահը փութացուցին, եւ քիչ օր ետքը մեռաւ, եւ քաղաքական տեսակէտէն անտէրունջ երկիրը, եկեղեցական կողմէն ալ անգլուխ մնաց: Եզրի վրայ կազմուած գաղափարը շատ աննպաստ է ընդհանուր առմամբ, բայց ոչ այնչափ մերձաւորներուն, որչափ աւելի յետիններուն մէջ: Սեբէոս բնաւ իսկ մեղադրող չէ, Պատմաբան ու Ասողիկ` տգիտաբար խաբուած ըլլալու կէտը կը պնդեն, քան թէ գիտակցօրէն դաւաճանած ըլլալը. իսկ խաբուելուն կէտն ալ դիւրաւ կրնանք մեկնել միակամեայ վարդապետութեան մէջ ընկղմած եւ ոչնչացած սեպելով քաղկեդոնիկ երկաբնակութիւնը: Այս խորհրդածութեամբ է որ համարձակեցանք մեղմացնել Եզրի նկատմամբ ըլլալիք դատաստանը, մանաւանդ որ ուրիշ ամէն պարագաներով իր պաշտօնին անարժան մէկը եղած չէ, եւ ամենադժուարին ժամանակներու մէջ գործի գլուխ մնացած է: Թերեւս խոհեմական զիջողութիւնը շատ ընդարձակած է, հակաթոռութեամբ եկեղեցին չպառակտելու, յունական հովանաւորութիւնը չկորսնցնելու եւ արաբական արշաւանքներու դէմ պաշտպանութիւն մը ունենալու նպատակով: Ամէն առիթի մէջ ժամանակակիցներ ալ մեղմօրէն դատած են Եզրը, ոչ անոր կաթողիկոսութեանը հակառակած են, ոչ իրեն դէմ վէճեր յարուցած են, ոչ ալ զինքը իբր հաւատոյ եւ եկեղեցւոյ դաւաճան աթոռէ վար առնել մտածած են: Ընդհակառակն Եզր, նաեւ միաբանական ձեռնարկէն ետքը, պատուով եւ յարգանօք իր աթոռին վրայ մնացած է բաւական տարիներ (60):