Կամենից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  Ի սկզբան տպագրութեան գործոյս՝ անորոշ թողել էինք ասոր թաթարերէն մասին հրատարակութիւնը. հիմայ ըստ հաճութեան խնդրողաց գրոցս՝ յարեմք եւ զայն, ինչ կերպով որ գրած է հեղինակն, նախ՝ Տէր Յակովբ, յետոյ ( մեծ մասն ) Ագսենդ՝ որդի Տէր Գրիգորի աւագերիցու որդւոյ վերոյիշեալ Տէր Յովհաննու՝ հայերէնը գրողին: Ագսենդի պատմած Թուրքայ ու Լեհայ եւ դաշնակցաց՝ 1621 ի օգոստ. - սեպտեմ. ամսոյ պատերազմը՝ իւրաքանչիւր օրուան հանդիպածներով, կըրնայ ընծայել նոր լոյս եւ ստոյգ տեղեկութիւններ. որովհետեւ հեղինակն շատ մասին ականատես եղած է, թէ՛ ի բանակին եւ թէ ընկեր ըլլալով դեսպանաց, որով կ՚իմացուի եւ իր խորհրդական եւ արժանապատիւ անձ ըլլալն, եւ կըրնայ մեր յետին դարուց պատմըչաց դասակցիլ: Թուրքարէն գիտողաց՝ շատ անիմանալի չէ լեզուն, երբ լեհացի կամ օտար բառք չեն խառնուիր. երկուքին այլ հմուտ եղող մի՝ կըրնայ դիւրաւ բոլորն այլ թարգմանել ի մեր կամ յեւրոպական ծանօթ լեզու:

Ագսենտի ժամանակագրութիւնն վերջանայ 1621 նոյեմբեր ամսոյ յիշատակաւ. անկէ ետեւ քանի մի կտոր թաթարերէն եւ յետոյ հայերէնն՝ երեսուն տարի վերջը ուրիշներ գրած են:

Թողլով ուրիշ բառերը , շաբաթուան օրերու անունները՝ ստէպ յիշուելնուն համար՝ նշանակեմք . Եըխգուն՝ Կիրակի օր . - Եըխբաշգուն՝ Երկուշաբթի . - Նօկար գուն՝ Գշբթի . - Խայըն գուն՝ Դշբթի . - Գիչայնագուն՝ Եշբթի . - Այնա գուն՝ Ուրբաթ :