Սպասման սրահին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Ա՜ բարի եկաք, պարոն Սատարօֆ, ի՛նչ հաճելի անակնկալ կ’ընէք մեզի...

Սատարօֆ զգածուած ըլլալու ձեւ չունէր իրեն շռայլուած այնքան ջերմ խօսքերէն՝ արտասանուած անուշ բայց առնական ձայնով մը, դիւրին գտնուած բառերով եւ փայփայիչ ու շողոքորթողշեշտով մը։

Բարեւ ձեզ պարոն Զանսքի, պատասխանեց անիկա ձեռքը տալով շտապով եւ բուռն կերպով։

Նախասենեակին մէջ Սատարոօֆ լռին ու գրեթէ նեղսիրտ կը հանէր վերարկուն մինչդեռ պարոն Զանսքի չէր դադրեր խօսելէ նոյն եղանակով։

Պարոն Զանսքի արդէն տարէց մարդ մըն էր, բայց ուժով կազմուածքով, իր ճերմակախառն մազերը եւ մօրուքը ծանրութիւն մը կուտային իրեն, հակառակ քանի մը խորշոմներուն որոնք արդէն կ’ակօսէին իր կեանքը վայելողի զուարթ դէմքը, գեղեցիկ կը նկատուէր դեռ անիկա իր աչքերուն անսովոր փայլին եւ իր անձէն արտայայտուող ազնուականութեան պատճառաւ, երբեմն լոյսի ո եւ է խաղով մը, մանաւանդ երբ մազի փունջ մը իյնար իր գեղեցիկ ճակտին վրայ, տարտամ նմանութիւն մը յունենար Ալֆօնս Տօտէի, անիկա կը պատկանէր բոլոնիական հին հին ընտանիքի մը որ շատոնց ի վեր Ֆրանսա հաստատուած էր։

Բայց հաճեցէք սոլօնը մտնալու պարոն Սատարօֆ, տիկինս չափազանց գոհ պիտի ըլլայ ձեզ տեսնելով։

Իր երկայն եւ ճերմակ ձեռքովը բացաւ կապերտէ վարագոյրը եւ գրեթէ Սատարօֆ մղեց դէպ ի սալօն, մինչ անիկա շուարած շլացած այնչափ լոյսերէն եւ լսած խօսքերէն անհանգիստ՝ չէր գիտեր ինչ դիրք բռնել։

Այս երկու անձերը զարմանալի հակապատկեր մը կը կազմէին, այնքան տարբեր էին նկարագրով եւ խառնուածքով. Զանսքի՝ չափազանց ձեւամոլ, ազնուական պատուասիրութիւններու եւ մեծարանքներու հակամէտ՝ որոնք ժառանգականութեամբ հասած արմատացած էին իր մէջ, մինչդեռ Սատարօֆ թէեւ լաւ տղայ՝ բայց այնպիսի ուղղամտութիւն մը եւ անկեղծութիւն մը ունէր որ չէր հանդուրժեր նոյն իսկ քաղաքավարական չափազանցութեան մը, կարծելով թէ կեղծիք մըն է անիկա, իր լուրջ եւ խիստ դէմքը՝ շատ տժգոյն եւ ուժգնօրէն կտրուած սաթի պէս սեւ մազերէն իր հոգւոյն հաւատարիմ արտայայտութիւնն էին. հակառակ իրենց նկարագիրներուն բացարձակ տարբերութեան զիրար կը սիրէին սակայն հաստատ եւ անկեղծ բարեկամութեամբ մը։ Երբ սալօնը մտաւ՝ Սատարօֆ ընդունուեցաւ Տիկին Նատիա Զանսքիէն.

Ա՜հ պարոնզ Սատարօֆ, անհամբերութեամբ կ’սպասէինք ձեզի... չեմ գիտեր ինչու մոռցաք մեր շաբաթ ները։

Բայց Տիկին...

Ոչ, պարոն Սատարօֆ ինքզինքնիդ մի՛ պաշտպանէք, անօգուտ է, արդէն ներուած է ձեզի։

Եւ Տիկին Նատիա զայն կ’առաջնորդէր causeuseի մը, միշտ շատախօսելով եւ գրեթէ պատասխանելու ատեն չձգելով։

Տիկին Զանսքի ազնուական կին մըն էր բառին բովանդակ նշանակութեամբը՚ շատ սիրուն եղած ըլլալու էր իր երիտասարդութեանը. դեռ կարելի էր գտնել մեղմօրէն անհետացած գեղեցկութեան մը հետքերը իր ազնիւ, եւ յոգնած դիմագծերուն մէջ, անհունապէս բարի եւ վեհանձն, երբեմն նոյնիսկ չափազանցեալ փութկոտութիւն մը կ’ունենար բոլոր անոնց համար որ կը տառապին։

Ինքն ալ տոհմիկ ընտանիքի մը աղջիկը, քաջությունը եւ վեհանձնութիւնը ունեցած էր անժառանգներուն եւ դժբաղդներուն կողմը անցնելու. կ’ըսէին որ իր ծնողացը հետ խզուելէն ետքը ինքն ալ շատ խեղճութիւն կրած էր եւ առանց հացի օրեր, ինչպէս առանց լոյսի գիշերներ անցուցած էր։ Բարեբաղդաբար գրական մեծ տաղանդ մը ունէր՝ շատ գնահատուած իր հայրենակիցներէն ինչպէս Բարիզի մէջ եւ ասիկա զինքը փրկած էր թշուառութենէն։

Հակառակ իր հիւանդկախ եւ նուազկոտ ձեւին, Նատիա Զանսքի կը վերստանար իր երիտասարդութեան ուժը եւ կորովը երբ իրեն պէտք ունենային ու հազուագիւտ չէր իրեն հանդիպիլ բեմի մը վրայ գործաւորուհիներուն դադատը պաշտպանելու կամ հեռաւոր աղքատ թաղերու մէջ վեցերորդյարկերը ելլելը, անգործ կամ հիւանդ գործաւորուներուն այցելելու համար։

Սակայն ինքը անձնապէս բոլորովին ազնուական մնացած էր. անարիւն եւ տժգոյն մորթով, ծանր երեւոյթով եւ վայելուչ շարժումներով, ու իր արդուզարդը հին ժամանակներու գեղեցիկ ձեւերէն առնուած ու խնամքով պատրաստուած մտածելկուտային երբեմն, վաղեմի գեղեցիկ chátelaineներու վրայ՝ ծանր շարժումներով եւ ներդաշնակ խօսքերով։

Այսպէսով է որ բոլորովին մոռնալով իր առօրեայ շփումը գործաւոր դասականգին հետ, բոլորովին աշխարհիկ կին մը կը դառնար իր սալօնին մէջ միջազգային սալօն մը ուր կարելի էր այնքան իշխանի մը հանդպիլ որքան Քարդիէ ի ուսանողի մը. իր ամուսնոյն պէս սքանչելի կերպով հիւրամեծար էր, անիկա հրապոյրը ունէր իր հիւրերը շրջապատելու գորովանքի եւ բարեկամութեան մթնոլորտով մը, եւ կ’ըլլար որ իրարու հակառակ ձգտումներ ունեցող անձեր իրարու ձեռք տային վերջապէս՝ եթէ մէկտեղ յաճախէին Տիկին Զանսքիի սալօնը եւ զգային իրենց մէջ թափանցելը մարդկային եւ եղբայրական լայն զգացումին։

Տիկին Զանսքի շատ լաւ կը ճանճնար Սատարօֆի նկարագիրը եւ միշտ ներողամիտ եղած էր անոր համար. յաճախ զայն պաշտպանած էր երբ Սատարօֆը անսիրտ մը, անքաղաքավար մը, կոպիտ մը նկատած էին. Սատարօֆ կ’զգար այս ջերմ համակրութիւնը իրեն համար եւ իր կողմէն կարելի եղածը կ’ընէր փոխարինելու բայց միշտ խեղճ տղան այնքա՜ն կը շուարէր այս գաղջ եւ բուրումնաւէտ միջավայրին մէջ՝ ողողուած գոյնզգոյն լուսամփոփներէ մաղուած լոյսէն որ բառ չէր գտնէր ըսելիք Տիկին Նատիաին, դիտմամբ կանուխէն եկած էր զայն մինակ գտնալու եւ ըսելիքը ըսելու, բայց հիմա անբացատրելի ամչկոտութիւն մը հոգին կը գրաւէր եւ հետզհետէ կը կատղէր ինքզինքին դէմ։

Բարեբաղդաբար առիթը ինքնին ներկայացաւ։

Է՜, ի՞նչ նորութիւն կայ Քարդիէ ն մէջ, հարցուց Տիկին Զանսքի։

Ճիշդը տիկին, զուարթացնող նորութիւններ չէ, որ կը բերեմ ձեզի։

Աստուած ի՜մ, ի՞նչ կայ ընդհատեց Տիկինը։

Օ՜հ ահռելի ըմբոստացնող բան մը... ոքի ելաւ եւ թեւերը ծալլած կուրծքին վրայ սկսաւ խօսիլ արագ արագ, գրեթէ տենդով։

Հիմա պիտի պատմեմ ձեզի, Տիկին... բարեկամ մը ունիմ որ կը բնակի հոն՝ Սիբիոն փողոցին մէջ... գործ չունի ո եւ է օգնութեան յոյս չունի... կինը զաւակ մը ունենալէն ետքը հիւանդանոցին մէջ fièvre puerpéraleէ կը բռնուի եւ կաթը կը կորսնցնէ։

Հետզհետէ անյաղթելի յուզում մը կը բարձրանար Սատարօֆի կուրծքին տակ. շնչառութիւնը կը դժուարանար եւ բառերըկարճ եւ կտրուկ կը դառնային. միւս կողմէ կ’աճապարէր լմնցնելու ըսելիքը որովհետեւ կ’զգար որ եթէ ընդհատուէր, չպիտի կրնար արդէն շարունակել այդ տխուր եւ ցաւագին պատմութիւնը։

Մաթէրնիթէէն իրեն սթէրիլիզէ կաթ կուտային. 7 ամիս է որ ամէն առաւօտ խեղճ կինը կ’երթար օրական կաթը ստանալու, այս առտու կ’երեւայ թէ հիւանդապահուհին կռիւ կ’ընէ հետը եւ զինքը կը վռնտեն...

Ա՛հ խեղճ կինը մրմնջեց Տիկին Զանքսի։

Սատարօֆ քանի մը քայլ առաւ սալօնին մէջ, յետոյ յանկարծ դարձաւ Տիկին Զանսքիին.

Մտիկ ըպէք, Տիկին, սու մը չունին այս մարդիկը, կը հասկնա՞ք, հիմա իրենց տունէն կուգամ կոր եւ հոն բան մը տեսայ, բան մը, Տիկի՛ն, որ կեանքիս մէջ պիտի չմոռնամ երբէք։

Րոպէ մը կեցաւ։

Տիկին Նատիա, աչքերը սեւեռած անոր վայրենի դէմքին, բառ մը չէր համարձակեր ըսել, Սատարօֆ շարունակեց։

Հոն տեսայ որ Տիկի՛ն, պզիկը անօթութենէն կը պոռար որքան որ կրնար... առտուընէ ի վեր այդ 7 ամսու տղեկը կաթիլ մը կաթ չէր դրած բերանը. մայրը գրեթէ խենդեցած միշտ պարապ քարշուէ պտկունքը (tétine) կը դնէր տղուն բերանը, պզտիկը պահ մը յոյս կ’առնէր իր տկար կուրծքին բոլոր ուժովը կը ծծէր եւ անդրադառնալով որ կաթ չկայ՝ կը սկսէր նորէն սուր ճիչեր արձակել... եւ հայրը՝ անօգուտ դիմումներէ յոգնած անկիւն մը քաշուած կը հեծկլտար անկարողութենէն եւ կատաղութենէն։

Օ՜հ, ահռելի է, ահռելի է։

Րոպէ մը ծանր եւ տաժանագին լռութիւն տիրեց։

Սատարօֆ՝ քաջալերուած նստաւ Տիկին Զանսքիի քով.

Ձեզի սարսափեցնելու համար չէ որ Տիկին, այս բաները պատմեցի, ոչ ալ ձեր սիրտը շարժելու կամ գթութիւնը հայցելու իմ դժբաղդ բարեկամներուս վրայ. ես եկայ ձեզմէ ծառայութիւն մը խնդրելու, աւելի ճիշդը տեղեկութիւն մը։

բայց բարեկամս, գիտէք որ կարելի եղածը պիտի ընեմ։

Լա՛ւ, կարծես թէ կը ճանչնաք Պարոն Բրացը։

Անշուշտ, Պարոն Սատարօֆ, կը յուսամ որ այս գիշեր գայ։

Ճիշդ։ Պարոն Բրաց ներքին բժիշկ է Մաթէրնիթէի մէջ. ես զինքը կը ճանչնամ թեէեւ բայց կը նախընտրէի որ դուք խօսիք իրեն այս մասին. պէտք է իրմօ խնդպել որ այդ տիկնոջ շարունակել տայ կաթը։

Շատ լաւ, բարեկամս, անհոգ եղէք. արդէն շատ սիրալիր եւ հաճոյակատար անձ մըն է. ինծի ըսած են որ բարի է իր հիւանդներուն հետ եւ խեղճերը կը պաշտպանէ որքան որ կրնայ։

Օ՜հ, այո՛, սուլեց Սատարօֆ, կէս մը հեգնական բայց համոզուած երեւոյթով։ Զանգակին երկայն թրթռացումը զիրենք ընդհատեց. բայց Սատարօֆ արդէն ինքզինքը հանգիս կը զգար. ազատուած դժուար պաշտօնէ մը որ այնքան կը ճնշէր իր խղճմտանքին վրայ եւ մինչ Տիկին Նատիա ոտքի վրայ կը շտկէր քրիզանթէմները մեծ ծաղկամանի մը մէջ՝ Սատարօֆ աչքերը կէս մը գոց՝ մտքովը կը մեկնէր դէպ ի ուսանողներու թաղը. եւ կըտեսնէր իր բարեկամները Սիբիոն փողոցին պզտիկ սենեակին մէջ, ամոքուած եւ հանդարտօրէն ընթրելով, իրենց պզտիկին քովիկը որ խորունկ կը քնանար օրօրոցին մէջ. ինքն ալ բաւական նեղութիւնով ձեռք անցուցեր էր այն 10 ֆրանքը զոր ուշ ատեն տարած էր իրենց ու յոգնութիւնը, հոգերը, զանազան յուզումները խորապէս ցնցած էին հոգին, արդէն ներքին սարսուռ մը կ’զգար՝ պզտիկ ցուրտ մը երբ դուռը բացուեցաւ եւ սպասաւորը ըսաւ.

Տիկին Սօնիա Մալիէնսքի։

Տիկին Նատիա փութաց դէպ անոր ու համբուրեցին զիրար եւ դեռ ոտքի վրայ կը խնդային, կը խօսէին, ընդհատուած երբեմն պզտիկ հառաչներէ կամ ուրախութեան ճիչերէ. Սատարօֆ շատ հետաքրքրուած կը դիտէր այդ կնոջ նրբին համակը սեղմուած gris perle հագուստին մէջ եւ գլուխը շողշողուն մութ խարտեաշ մազերով որոնցմէ քանի մը թելեր զատուելով գրեթէ լուսեղէն շրջանակ մը կը շինէին, եւ տպաւորութիւնը ունեցաւ անհունապէս տժգոյն դէմքի մը, հիւանդագին տժգունութեան մը…։ Աւելի ուշ ամէն անգամ որ կը մտածէր այդ կնոջ, անփոփոխելի կերպով մտքին մէջ կը ներկայանար անիկա իր ճկուն եւ դիւրաթեք հասակովը, փալփլուն մազերովը եւ այնքա՛ն տժգոյ՝ գրեթէ ճերմկորակ դէմքովը։

Տիկին Նատիա զայն Սատարօֆին ներկայացնելու վրայ էր երբ նոր հիւրեր հասան. հետզհետէ շաբաթ երեկոներու սովորական ոգեւորութիւնը կսկսէր գրաւել սալօնը. շատ տաքութենէն քրիզանթէմները գլոխնին կը հակէին եո պզտիկ սեղաններու շուրջ լուսամփոփներու ներքեւ խումբեր կը կազմուէին, մտերիմ խօսակցութիւններ, վիճաբանութիւններ կը լսուէին ամէն կողմէ, օրուան մարդոց անուններ կ’արտասանուէին, կը քննադատուէին։ Անկիւն մը ռուս աղջիկ մը շրջապատուած էր. իր գիտական աշխատութիւնները հանրածանօթ դարձուցած էին զինքը եւ նոյն շաբթուան Անսիթլօբբետի Լարուս ին մէջ իր պատկերը կար. նօթերով եւ իր աշխատութեանց վրայ յօդուածով մը։ Ուժով կազմուածքով օրիորդ մըն էր անիկա, մազերը շատ կարճ կտրուած, ծայրայեղ պարզութեամբ մը հագուած եւ ակնոցով. առնական եւ խիստ գիծերով դէմք մը ունէր այնպէս որ Լարուս ի մէջ պատկերը տեսնողը որ միայն գլուխը կը ներկայացնէր պիտի կարծէր թէ պեխերը ածիլուած էրիկ մարդու լուսանկար մըն է։ Ամէնքը կը փութային իրեն հարցումներ ուղղելու եւ Սատարօֆ ոտքի վրայ մտիկ կ’ընէր զայն՝ շահագրգռուած, կը դիտէր որ անոր ամբողջ անձին վրայ կնոջմէն միայն աչքերը մնացած էին, հիւանդ աչքեր, կարմիր արեւանունքներով զորս շարունակ կը քթթէր, բայց անոնք ունէին իրենց մէջ տարօրինակ հանդարտութիւն մը, փայփայանք մը, ու անսահման անուշութիւն մը։ Նոյն միջոցին տեսաւ որ Պարոն Զանսքի դէպ իրեն կուգար ժպտելով։

Սիրելի բարեկամս, Տիկինը ձեզ կ’սպասէ ճաշասրահին մէջ, ձեզի խօսելիք ունի։ Անմիջապէս Սատարօֆ հետեւեցաւ Զանսքիի, դեռ սեմին վրայ՝ նշմարեց Բրացը, տեսաւ նաեւ Սօնիան բայց ուշադրութիւն չըրաւ. Տիկին Նատիա եռանդով կը խօսէր։

Պարոն Բրացը միջին հասակով երիտասարդ մըն էր քիչ մը գէր. բնաւ գեղեցիկ չէր. գլուխը հազիւ ծածկուած տժգոյն խարտեաշ մազերով, երկայն եւ ինկած պեխերը զինքը աւելի կը տգեղցնէին. բայց առիւծի սքանչելի աչքեր ունէր, դեղին աչքեր սեւ գիծերով շրջանակուած եւ իր բիբերը այնպիսի կախարդիչ բան մը ունէին, հրապուրելու անդիմադրելի ուժ մը որ կը բաւէր որ նայէր համակրութիւններ վաստկելու համար։

Անմիջապէս որ Սատարօֆը տեսաւ դէպի անոր աճապարեց.

Պարոն Սատարօֆ, շատ նեղացուցիչ բան մը իմացայ։

Այո՛, պարոն Բրաց, կը ցաւիմ որ ստիպուած եմ ձեզի ըսել ինչպէս Տիկին Նատիաին ըսի, թէ Մաթերնիթէի մէջ ուր ներքին բժիշկ էք, այս առաւօտ բոլորովին անիրաւ՝ նոյն իսկ պիտի ըսեմ ոճրագործ բան մը տեղի ունեցեր է։ Անխօսուկ՝ Բրաց իրեն կը նայէր տխրութեամբ. մէկէն հոգւոյն մէջ ծածկուած դառնութիւնը դուրս տուաւ։

Այլ սակայն մենք կարելի եղածը կ’ընենք բժշկապետը՝ Տօքթէօռ Բարօն ազնիւ մարդ մըն է, չեմ գիտեր թէ ինչպէս կ’ըլլան այդ կարգի խնդիրներ. ի՞նչ ընելիքնիս չենք գիտեր աղէկ խնամելու համար մեր հիւանդները, ճիշդ այօր Տօքքթէօռ Բարօն չափազանց բարկացած էր պզտիկ տղոց բժշկական խորհրդակցութեան ատեն։

Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ երեւակայեցէք որ այն տիկինները որ կուգան կաթ առնելու. փոխանակ մեր խորհուրդներուն հետեւելու՝ ապուշ բաներ կ’ընեն. տղաքները կը մեռնին ջնջին բաներու համար իրենց մօրը տխմարութեան կամ անխոհեմութեան պատճառով։ Ա՜հ անանկ տգիտութիւն մը, յամառութիւն մը կայ այդ ստորին դասակարգին մէջ որ հակառակ բոլոր բարի կամեցողութեան բան մը ընել կարելի չէ, ասիկա յուսահատական, յուսահատական է։

Քիչ մը հանգիստէ ետքը շարունակեց.

Այսպէս տղու մը որ ենթակայ է ջղային գալարումներու ժառանգական վատթարացումով հայրը եւ մեծ հայրը ալքոլական ըլլալով սթէրիլիզէ կաթ միայն պէտք էր տալ, երբ 14 ամսու եղաւ Տօքթէօռ Բարօն պատուիրեց միայն կաթով սնուցանելը շարունակել տղան աղէկ էր. ամէն շաբթու ծանրութիւնը կ’աւելնար բայց մայրը քմահաճոյքը կ’ունենայ իրիկուն մը ուտելիք տալու եւ խմելիք ալ, կը հասկնա՞ք, գինի կուտայ տղուն. «գինին ուժ կուտայ, կաթը չէ որ տղան պիտի զօրացնէ, անիկա կը թուլցնէ» չեմ գիտեր ուրկէ՞ այս խենդ գաղափարները կառչած են գլուխներուն. հիմակ այդ սքանչելի տղան գրեթէ շարունակական գալարումներ ունի եւ մէկ երկու օրէն պիտի մեռնի…

Բայց ի՞նչ ընէք Պարոն Բրաց, ամէն երկրի մէջ ժողովուրդը նոյն է. մինակ թէ այդ յամառներուն եւ անմիտներուն մէջ խելացիներ կրնան գտնուիլ եւ ճիշդ ատոր համար պէտք չկա ոչինչ պատճառներով զանոնք ալ վռնտել։

Ա՜, այդ խեղճ կնկանը համար էք, ճշդիւ ի՞նչ է պատահածը։

Պատահածը այն է որ Տիկին Էվան…։

Տիկին Էվա՞. հրեայ, չէ՞։

Այո, ճիշդ այդ Տիկին Էվան առտուն կը հասնի սպասման սրահը, կարծելով թէ ուշ մնացած է շիշերը չմաքրեր եւ տունը կը ձգէ, եւ ահա հիւանդապահ կինը կը հասնի, երեսին կը պոռայ, կարգ մը աւելորդ խօսքեր կ’ընէ եւ վերջապէս գող կը կոչէ զայն, Էվա իրաւամբը բարկացած կը գանգատի դայեակին. դայեակը տեսուչին կը ղրկէ զինքը, նոյն միջոցին հիւանդապահուհին կը հասնի գոչելով, լալով, վերջապէս այնպիսի աղմուկ մը կ’ընէ որ Տիկին Էվա կը վռնտուի առանց դեռ բառ մը ըսած ըլլալու, քառդը ձեռքէն կ’առնեն որովհետեւ իրեն կ’ըսեն թէ «հիւանդանոցին մէջ անկարգութեան պատճառ կ’ըլլայ կոր»։ Եւ հիմա ձեզի կը հարցնեմ Պարոն Բրաց ինչի՞ կը ծառայեն ձեր անձնուիրութիւնները, ձեր բարի տրամադրութիւնները եթէ հիւանդապահ կին մը որ ճշմարիտ canaille մըն է կրնայ երբ որ ուզէ խեղճ կին մը կաթէն զրկել։

Ու առանց կենալու Սատարօֆ պատմեց նաեւ շարունակութիւնը, առանց հացի եւ առանց կաթի օրը, ցաւագին մղձաւանջը՝ որ կը յամառէր իր բուռն կերպով ցնցուած հոգիին մէջ։

Բրաց հետզհետէ կը տժգունէր. բան մը չըսաւ, ի՞նչ կրնար ըսել արդէն։

Դուք չէք գիտեր թէ ամէն օր ինչե՜ր կ’անցնին սպասման սրահին մէջ. պէտք է հոնկէ անցնիլ հասկանալու համար որ ի՛նչ պէս կը վարուին բոլոր այն խեղճերուն հետ որ դեռ ձեր պաշտպանութեան ներքեւ չեն, բայց ձեր յարկին տակ մտած են արդէն, հոն է որ ամօթը եւ ցաւը իր մերկութեան մէջ պիտի տեսնէք, հիւանդապահներուն կոպտութիւնները, անգթութիւնները, ոճիրները գրեթէ. բոլոր անոնք որ սպասած են սպասման սրահներուն մէջ դառնութիւնը պահած են միշտ իրենց հոգւոյն խորը, նորեն կ’ըսեմ պէտք է հոնկէ անցած ըլլալ հասկնալու համար այն ջլատող, եղերական դերը որ ունի բոլոր այն խեղճ էակներուն վրայ որոնք դատապարտուած են հոն սպասելու…

Սատարօֆ ընդհատուեցաւ. սամովարը կը խժար եւ ճերմակ սփռոցին վրայ զանազան տեսակ կարկանդակներ, ընպելիներ տարածուած էին. հիւրերը սալօնէն կուգային թէյ առնելու համար. ամէն կողմէ դէմքարու զուարթ արտայայտութիւնը, ժպիտներ, խնդուքներ կը հակասէին իրենց տխուր մտածումները. Սատարօֆ պիտի հեռանար երբ Բրաց զայն կեցուց դեռ վայրկեան մը.

Բայց Պարոն Սատարօֆ, դեռ կարելի է կարգադրել. ինծի ղրկեցէք այդ կինը։

Եւ նոյն միջոցին անբացատրելի կարմրութիւն մը շառագնեց Բրացի դէմքը, ըսելիքը շարունակեց գետինը նայելով եւ հազիւ լսելի ձայնով.

Հասկցայ թէ ով է, կը յիշեմ որ բացակայ էր այս առաւօտ։ Տոքթէօռ Բարօն ալ շատ համարում ունի իրեն համար. խելացի երեւոյթ մը ունի, շատ արթուն, չէ՞. տղան չափազանց կը սիրէր… խեղճ կինը. ես զինքը խնամեցի տղան ծնած ատենը. երկու օր ահռելիօրէն տառապեցաւ. փոթորկոտ օդ մը կ’ընէր կոր եւ ասիկա շատ կ’ազդէ ջղոտ կիներուն վրայ։

Միշտ առանց նայելու Սատարօֆին հարցուց.

Ձեզի բարեկամնե՞պ են, պարոն Սատարօֆ։

Այո՛, Պարոն Բրաց։

Լաւ, այն ատեն ըսէք Տիկին Էվային որ քաջութիւնը չկորցնէ. իր վրայով կը խօսիմ Տօքթէօռ Բարօին. նոյն իսկ թող վաղը առաւօտ գայ. առէ՛ք քարդս ալ, եթէ իրեն դիտողութիւն ընեն թող ըսէ որ ինծի տեսնելու եկած է։

Սրահին միւս կողմէն զիրենք կը կանչէին. մեկնած ատենը Բրաց անգամ մըն ալ դարձաւ եւ Սատարօֆին ըսաւ.

Ըսէք Տիկին Էվաին որ ինծի սպասէ սպասման սրահին մէջ. ժամը 10ին ատենները կ’երթամ զինքը տեսնելու։