ՈՒՂԵՐՁ
ԱՌ
ՔԱՅՍԵՐԼԻ
ԱՀՄԵՏ
ԲԱՇԱՅ
ԿՈՒՍԱԿԱԼ
ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ
Լրագիրք
պատմեցին
Իզմիրի
դէպքը,
արգոյ
հասարակութիւնն
ալ
կարդաց
ու
իմացաւ
եղածն.
մեզ
կը
մնայ
ուղերձ
մը
հրատարակելով
շնորհակալութիւննիս
յայտնել
առ
Քայսերլի
Ահմետ
բաշայ,
որ
Յովհաննէս
Վէմեանն
ու
ընտանիքն
սրօք
եւ
սուսերօք
ծեծել
տալով
հանել
տուաւ
իւր
հօրմէ
ժառանգած
տունէն,
որ
իւր
եղբարցը
մէկուն
կողմէն
պարտքի
փոխարէն
աւանդ
տրուած
է
եղեր
վաճառականի
մը:
Ո՜վ
Քայսերլի
Ահմետ
բաշայ,
ձեր
այս
քաջասրտութիւնը
բոլոր
աշխարհ
հիացուց.
կանանց
վրայ
յարձակելու
եւ
զանոնք
նուաճելու
համար
շատ
ուժ
եւ
քաջութիւն
ունենալու
է
մէկը,
եւ
դուք
ձեր
քաջութեամբը
շատ
դիւրութեամբ
յաջողեցաք
կնիկները
սրով
նուաճելու:
Ապահով
եղի՛ք,
որ
եթէ
կանանց
դէմ
պատերազմ
մը
հրատարակուի,
բանակին
հրամանատարը
դուք
պիտի
ըլլաք:
Հասարակութիւնը
շատ
շնորհակալ
է
ձեզմէ,
որ
առանց
Պոլիսէն
զօրք
ուզելու
կրցաք
քանի
մը
կնիկներ
ու
պզտի
տղաքներ
զսպել,
անոնց
թեւը,
գլուխը
կոտրելով
եւ
արեան
մէջ
թաթխելով:
Հասարակութիւնը
դարձեալ
շնորհակալ
է
ձեզմէ,
որ
այդ
կնիկները
ու
պզտի
տղաքները
կախել
չտուիք,
որովհետեւ
քաջութիւն
ցցունելու
փափաքը
կրնար
զձեզ
դէպի
հոն
մղել:
Ընդունեցէ՛ք,
տէր,
մեր
յարգանաց
ո՛չ
այնչափ
խորին
հաւաստիքը
եւ
աշխատեցէք
ուրիշ
գաւառաց
կնիկներն
ու
տղաքներն
ալ
սրօք
եւ
բրօք
գանակոծել
տալով`
ձեր
քաջասրտութեան
ապացոյցներէն
զմեզ
չզրկել: