2.
ԹԱՏՐՈՆ
Ամէն
հիմնարկութիւն
եւ
սկզբնաւորութիւն
իր
հաստատութիւնը
ունեցած
օրէն՝
կ՚ունենայ
նաեւ
իր
հակառակորդներն
ալ,
որոնք
զանի
խորտակել
ու
անհետացնել
կ՚ուզեն.
ուստի
այն
հիմնարկութիւնները,
հակառակորդաց
կամացը
չը
զոհուելու
համար,
պէտք
է
անոր
հիմերը
խիստ
զգուշութեամբ
եւ
աւելի
ամուր
կերպով
հաստատուին՝
որ
ո՛եւիցէ
փոթորիկի
մը
բռնուած
ատեն,
եթէ
իւր
մասնիքներն
ալ
խորտակուին,
գոնէ
իւր
հիմերը
հաստատ
մնան:
Մեր
մէջ
բաւական
ժամանակէ
ի
վեր
բազում
հաստատութիւններ
եղան,
բայց
դժբախտաբար
ասոնցմէ
շատերը
անհետ
եղան
ի
շնորհս
հակառակորդաց
(ինչպէս
խօսարանի
հաստատութիւնն
ալ,
որ
իր
ծնունդը
առած
օրէն
իր
թշնամիներն
ու
հակառակորդներն
ունեցաւ,
բայց
ասոնք
լաւ
գիտնալու
են,
թէ
ամենափոքրիկ
վնաս
մը
կամ
արգելք
մը
չը
պիտի
կրնան
հասցնել,
քանի
որ
անոր
հիմերը
աւելի
հաստատ
եւ
խիստ
խորը
ձգուած
են
ժողովրդեան
սրտին
մէջ
).
այնպիսի
հաստատութիւններ,
որոնք
յառաջադիմութեան
շաւղին
հետեւող
ազգի
մը
նախաքայլերն
են
եւ
առանց
անոնց՝
յառաջադիմութիւնը
անկարելի
է:
Ո՞ւր
են
այնչափ
այլեւայլ
նպատակներով
կազմուած
ընկերութիւնները,
ի՞նչ
եղան
ատոնք,
եւ
ի՞նչ
արդիւնք
կրցին
յառաջ
բերել ,
—
ոչինչ,
այլ
մէկ
մէկ
անհատի
կրից
եւ
թշնամացը
զոհուելով,
անհետացան՝
առանց
արդիւնք
մը
յառաջ
բերելու
եւ
ահա
ասոնցմէ
մինակ
Հայկական
եւ
Անձնուէր
ընկերութիւնները
դեռ
հաստատ
կեցած
են,
որոնք
մեծապէս
օժանդակեցին
ազգին
եւ
դեռ
կ՚օժանդակեն
թէ
բարոյապէս
եւ
թէ
նիւթապէս:
Այս
հաստատութեանց
կարգէն
է
նաեւ
թատրոնի
հաստատութիւնն
ալ,
որ
երբեմն
զանազան
թշնամիներէ
պաշարուելով,
նախատուեցաւ,
բամբասուեցաւ
եւ
վերջապէս
այնպիսի
վիճակի
մը
հասաւ,
որ
միշտ
խափանուելու
երկիւղը
կ՚ազդէր
ճշմարիտ
թատերասէրներուն.
եւ
ահա
դեռ
այդ
անորոշ
եւ
տատանեալ
վիճակովն
է,
որ
կը
շարունակուի
մինչեւ
ցայսօր:
Թատրոնը
հայելի
մ՚է,
որուն
մէջ
մարդս
կրնայ
իր
ճշմարիտ
պատկերը
տեսնել
եւ
որով
իր
վրայ
նշմարած
անհաճոյ
տեսքերը
անհետացնել
եւ
մաքրել,
իսկ
դերասաններն
ալ
մէկ
մէկ
դաստիարակներ
են,
որ
ամէն
աստիճանի
մարդոց
ճշմարիտ
պատկերը
կամ
բարութեան
եւ
լաւութեան
հետեւանքները
ներկայացնելով,
մարդուս
բարոյական
զարգացմանը
պատճառ
կ՚ըլլան.
ուստի,
սրտի
եւ
մտքի
բարոյական
զարգացմանը
փափագողը
պէտք
է
թատերասէր
ըլլայ,
կամ
այն ,
որ
թատերասէր
է՝
ուրեմն
բարոյականութեան
ծաւալման
ալ
փափագող
է:
Ամէն
լուսաւորեալ
ազգ՝
այս
ճշմարտութեան
համոզուած
ըլլալնուն,
քանի
քանի
թատրոններ
եւ
թատերական
խումբեր
ունին
իրենց
մէջ,
որոնք
միշտ
պէտք
եղած
քաջալերութեան
արժանացած
ըլլալնուն,
կարողացեր
են
օրինաւորութիւն
պահել
եւ
յառաջադիմել,
եւ
ասով
ժողովրդեան
համակրութիւնն
ալ
գրաւած
են:
Մենք,
որ
իբր
լուսաւորեալ
ազգ
կը
պարծինք
եւ
միշտ
յառաջադիմութեան
քայլեր
առնելու
կ՚աշխատինք,
այս
ճշմարտութիւնը,
որ
ինչպէս
ըսած
էինք,
թէ
յառաջադիմութեան
միջոցներէն
մէկն
է,
իբր
երեւակայութիւն
մը
կը
նշմարենք
եւ
թատրոնը
ոչ
թէ
բարոյական
եւ
օգտակար
հաստատութիւն
մը,
այլ
իբրեւ
զբօսատեղի
մը
կը
նկատենք,
եւ
ահա
ասոր
համար
է,
որ
մինչեւ
ցարդ
օրինաւոր
Հայ
թատերաբեմ
մը
ունեցած
չենք:
Ժամանակ
մը
Արեւելեան
անուն
թատրոն
մը
ունէինք:
Ասիկա
մէկ
քանի
տարի
շարունակ
Հայ
ներկայացումներ
տալով՝
կրցաւ
հասարակութեան
ընդունելութեանը
եւ
քաջալերութեանը
արժանանալ.
բայց
յանկարծական
արկած
մը
զանի
իր
այս
ընթացքէն
դադրեցուց:
Բայց
եւ
այնպէս.
երբեմն
երբեմն
այլեւայլ
անուններով
թատերական
խումբեր
եւ
վարչութիւններ
տեսնուեցան,
որոնք
նոյն
թատրոնը
դարձեալ
վերականգնելու
յուսով
աշխատեցան,
զոհուեցան
եւ
վերջապէս
վնասուեցան
թէ
բարոյապէս
եւ
թէ
նիւթապէս,
բայց,
աւա՜ղ,
որ
իրենց
այս
աշխատութիւնը,
որ
նիւթական
օգնութեան
կը
կարօտէր,
բնաւ
քաջալերող
չեղաւ.
այն
ժողովուրդը,
որ
խիստ
գէշ
օդերուն
անգամ
հեռաւոր
տեղերէ
խումբ
խումբ
թատրոն
կը
յաճախէր,
կարծես
այն
ատեն
այլեւայլ
պատճառաբանութիւններով
անտարբերութեան
մէջ
թաղուեցաւ
եւ
սկսաւ
անտարբեր
աչօք
դիտել,
մինչդեռ
մէկ
քանի
տարի
յառաջ
իբր
լուսաւորութեան
նախաքար
մը
եւ
ազգութեան
փառք
մը
կը
համարէր:
Ի՞նչ
շահ
կրցանք
ունենալ
ասկէ,
ոչինչ,
բայց
եթէ
նոյն
խումբերը
անօգնական
մնալով,
տեղի
ունեցած
մէկ
քանի
անտեղութեանց
ու
ապօրինութեանց
առաջքն
առնուլ
անկարող
եղան
եւ
ասով
ժողովրդեան
այն
անտարբերութիւնն
անվստահութեան
փոխուելով՝
ալ
իւր
փափագը
բոլորովին
մարեցաւ,
թատրոնի
վրայ
ունեցած
գաղափարը
խանգարեցաւ
եւ
Արեւելեան
անունն
ալ
իր
դիրքովը
մէկտեղ
Ալգազարի
փոխուելու
դժբախտութիւնը
արժանացաւ:
Ի՞նչ
օգուտ
կրցին
ունենալ
այնչափ
զոհողութիւնները,
աշխատութիւնները
եւ
ժողովրդեան
այն
փափագը .
—
ոչինչ,
բոլորն
ալ
յօդս
ցնդեցան,
եւ
անոնց
յիշատակները
միայն
կեցած
են
այսօր,
եւ
որոնք
միշտ
ցաւ
կը
պատճառեն
ճշմարիտ
զգացման
տէր
եղողներուն:
Մէկը,
մէկը
կար
միայն,
որ
թատրոնի
վերականգնութեան
կարծես
ի
բոլոր
սրտէ
ուխտած՝
առանց
վարանելու
ամէն
միջոց
ձեռք
առաւ,
զոհեց
իր
անձը,
իր
կեանքը,
իր
քսակը
եւ
վերջապէս
զոհեց
ամէն
բան՝
ինչ
որ
իրեն
սիրելի
էր,
եւ
ահա
ի
շնորհս
անոր,
գրեթէ
կէս֊Հայ
թատրոն
մը
ունինք
այսօր
Օսմանիէ
անուամբ,
բայց
այն
ալ
անորոշ
վիճակի
մը
մէջ:
Ուրեմն
ինչո՞ւ
չենք
քաջալերել
զանի,
քանի
որ
մեզի
փառք
ու
պարծանք
համարուող
շէնքի
մը
հաստատութեանը
եւ
անցեալին
մէջ
տեղի
ունեցած
նախատինք
մը
մեր
ճակտին
վրայէն
սրբելու
համար
ամէն
ջանք
եւ
զոհողութիւն
չի
զլանար:
Մենք
խիստ
բծախնդիր
ըլլալով,
ամէն
բանի
մէջ
օրինաւորութիւն
կը
բնտռենք.
այո՛,
օրինաւորութիւնը
միշտ
յարգելու
է,
բայց
սա
ալ
գիտնալու
է,
որ
առանց
կողմնակի
պարտաւորութիւնները
ի
գործ
դրուելու՝
օրինաւորութիւնն
ալ
անկարելի
է:
Մենք
թողլով
մեր
հայկական
ներկայացումները,
կը
դիմենք
օտար
թատրոններ ,
որ
մեզի
բնաւ
օգուտ
մը
չընելէն
զատ՝
մեծ
ամօթ
մ՚ալ
կրնայ
համարուիլ,
քանի
որ
մենք
մեզի
համար
թատրոն
մը
ունինք.
այո՛,
թողլով
մեր
թատրոնը
կը
յաճախենք
հոն,
որովհետեւ
օտար
թատրոնները
աւելի
զարդարուն
են
եւ
դերասաններն
ալ
աւելի
յառաջադէմ,
որովհետեւ
մեր
թատրոնը
խիստ
աղքատ
է
եւ
դերասանները
տկար,
հետեւաբար՝
ապօրինի.
կ՚ուզենք
որ
մեր
թատրոններն
ալ
օտար
թատրոններու
նման
ըլլան:
Զարմանալի
պահանջում.
ենթադրենք
պահ
մը,
թէ
ներկայ
թատրոննիս
իւր
այս
կաղն
ի
կաղն
ընթացքին
մէջ
անգամ,
պէտք
է
ամենայն
կերպիւ
անոնց
փայլունութիւնը
ունենալ .
—
շատ
աղէկ ,
—
այն
անձը,
որ
ամէն
զոհողութիւն
եւ
վնաս
չէ
խնայած
եւ
իւր
վնասը
գոցելու
համար
օտար
ներկայացումներ
տալ
ստիպուեցաւ,
ալ
աւելի
ծախքեր
ընելու
համար
որո՞ւ
վստահի,
(բայց
դարձեալ
նոյն
անձն
էր,
որ
կատարեալ
սիրահարի
մաս
կատարողի
մը
10
ոսկի
ամսական
կը
խոստանար
)
—
ժողովրդեա՞ն ,
—
մեր
ժողովուրդը
միշտ
նորասէր
ու
կասկածոտ
է,
ամէն
բանի
սկիզբը
կը
յարգէ,
կը
քաջալերէ,
կը
պաշտէ
եւ
վերջապէս
անոր
յարատեւութեան
ի
բոլոր
սրտէ
կ՚ուխտէ,
բայց
փոքրիկ
շարժում
մը,
կասկած
մը
կարող
է
ժողովրդեան
այս
եռանդը
մարել
ու
ամէն
խոստում
մոռցնել
—
ահա
ճիշտ
այս
հետեւութիւնն
ունեցած
է
թատրոնի
մասին
ժողովրդեան
ունեցած
փափագն
ու
տուած
կարեւորութիւնը.
ուրեմն,
ինչպէս
համարձակի
ալ
աւելի
պարտուց
տակ
ճզմուիլ,
քանի
որ
ժողովրդեան
կողմէն
փոքրիկ
շարժում
մը
եւ
քաջալերութիւն
մը
անգամ
տեսած
եւ
ընդունած
չէ:
Արդ,
ո՛
ժողովուրդ,
մենք
բուն
մեր
ուզածին
նման
թատրոն
մը
ունենալու
համար
պէտք
է
յարգենք
զանի,
որ
մինակ
այս
նպատակին
եւ
մեր
անուան
պատւոյն
համար
կ՚աշխատի,
քաջալերենք
զանի,
որ
նա
ալ
մեզ
գոհացնելու
կարող
ըլլայ,
թողունք
օտարները,
որովհետեւ
օտարներէն
չկայ
մեզ
յոյս ,
յուսանք
մինակ
Հայ
անունէն,
սիրենք
ինչ
որ
Հայ
անունը
կը
կրէ,
Հայը
միայն
կրնայ
հայուն
օգնել
եւ
անոր
ցաւակից
կամ
ուրախակից
ըլլալ:
Այո՛,
անցեալին
մէջ
տեղի
ունեցած
մէկ
քանի
անտեղութեանց
պատճառաւ,
մեր
սրտին
մէջ
դեռ
ամփոփ
կեցած
ատելութիւնը
անհետացնելով,
պէտք
է
չի
զլանալ
այն
քաջալերութիւնը
անոր,
որ
ապագային
եւ
թէ
ներկային
մէջ
ՀԱՅ
անունը
կրող
թատրոն
մը
մեզ
ներկայացնելու
փորձ
կը
փորձէ,
եւ
փոխանակ
օտար
թատրոններ
յաճախելու,
դիմենք
հոն
եւ
մեր
տեսած
ու
նշմարած
պակասութիւնները
ու
ապօրինաւորութիւնները
լրջմտութեամբ
իմացնենք
վարչութեան,
որ
նա
ալ
առանց
վարանելու
իր
նպատակը
կատարելագործել
աշխատի,
ասով
ոչ
թէ
ուրիշ
բան
մը,
այլ
Հայ
թատրոնի
մը
հաստատութեանը
օգնած,
օտարներու
առ
եւ
մեր
պատւոյն
պաշտպանութեանը
աշխատած
եւ
Արեւելեան
թատրոնին՝
մեր
վրայ
ծանրացուցած
նախատինքը
անհետացուցած
պիտի
ըլլանք: