7.
ԴՐԺՈՒՄ
Այս
օրերս
Ագապեանի
մէջ
ցաւալի
դէպք
մը
կը
պատահի:
Օր.
Աղաւնի
Վարդանեան
եւ
իր
քոյրը
կ՚արտաքսուին
հոնկէ
առանց
պատճառի
կամ
առանց
դպրոցական
կանոնաց
դէմ
զեղծում
մ՚ըրած
ըլլալնին
հաստատուելու:
Ագապեան
կը
դրժէ
իր
նշանաբանին:
Պ.
Փանոսեան
կը
գործադրէ
զայս:
Զարմա՜նք:
Գլուխն
իր
գաղափարը
կը
խեղդէ,
իրաւունքի
բոյրը
կրից
դժոխքի
մը
կը
խոնարհի:
Այդ
սկզբունքի
դարձը,
այդ
ցուրտ
գաղափարը
կատակ
մ՚էր,
որ
զԱգապեանը
եւ
զինքը
իր
մէջ
պլլեց:
Հրապարակային
մարդ
մը,
մանաւանդ
լրագրապետ
մը
կամ
վարժարանապետ
մը,
պէտք
է
որ
սկզբունքի
մը
այնպէս
գամուի՝
ինչպէս
Աստուած
մը
իր
խաչին:
Այնպիսի
նուիրական
բառեր
արտաբերել,
որոնք
շուրթեր
պէտք
է
այրեն,
այնպիսի
գաղափարներ
հրատարակել,
որոնք
ճակատներ
պէտք
է
պատռեն.
ասոնք
են
Փանոսեանի
պաճուճանքը:
Քանի
մ՚օր
առաջ
պ.
Փանոսեանի
հլու
սարկաւագներէն
մէկը
կ՚ըսէր,
թէ
Ագապեան
ապագային
օրրանն
է.
այո՛,
օրրան
մ՚է
իրօք,
սակայն
մայր
չունի,
ո՞վ
կ՚ուրանայ
զայդ:
Դուք,
Ազնիւ
օրիորդ,
Դուք
որ
Ագապեանի
երեսին
ճերմակը
եղաք,
Դուք
որ
ի
փառս
Ագապեանի
մինչեւ
ցարդ
սուրբ
քրտունք
թափեցիք,
արդ
պ.
Փանոսեան
փոխանակ
Ձեր
արժէքին
համապատասխանող
վկայագիր
մը
գոհունակութեամբ
Ձեզ
յանձնելու՝
Ձեր
կրելու
կարողութենէն
վեր
ցաւ
մը
կու
տայ:
Սակայն
Դուք
մի՛
ցաւիք,
թող
ի՛նք
կարմրի:
Հանրութիւնն
ամէն
բան
դատեց,
Դուք
ալ
ամէն
բան
մոռցէք:
Մի
ցաւի՛ք,
որ
Պ.
Փանոսեան
Ագապեանի
դռները
Ձեզի
գոցեց.
ազգի
մը
սիրտը
բաց
է
Ձեզ
համար.
Դուք
ճշմարտութեան
ճիչով
մը
նուիրական
հարկ
մը
դղրդեցիք,
Դուք
որ
Ագապուհի
մ՚ըլլալու
Ագապեանի
(իր
նուիրագործեալ
նպատակն
հասկանանք
)
սրտին
չը
կոխեցիք,
փա՜ռք
Ձեզի,
որ
Ձեր
սկզբունքին
շէնք
տուիք
եւ
ամօ՜թ
անոր,
որ
իր
սկզբունքը
զարկաւ: