1.
ԽՕՍԱՐԱՆ
Այս
օրերս
Սամաթիա
սոյն
«լուսարանին
»
կարեւորութիւնը
զգաց
եւ
«գործադրեց»:
Շատ
քիչ
անգամ
տեսնուած
է
զգալ
եւ
գործադրել
բառերուն
համընթացութիւնը,
որուն
շարժառիթին
վրայ
ուրիշ
միջոցով
կը
խօսինք:
Սամաթիա
սոյն
յառաջադիմութեան
քայլափոխին
մէջ
ալ
անդրանկութեան
պսակը
ընդունեց,
Սամաթիա
նիւթական
մոխրին
տակ
վառ
պահեց
բարոյական
կայծը,
եւ
այսօր
փլատակաց
մէջէն
իր
հարուածեալ
գլուխը
վերուցած
«ԼՈՅՍ
»
կը
պոռայ.
ստակ
կու
տայ,
մինչդեռ
հովէն
խարխուլ
հիւղակին
հողէ
կանթեղը
կանուխ
կը
մարի.
կ՚աշխատի,
կը
յոգնի ,
կը
մսի,
կը
քրտնի
իր
զաւկին
բարոյականը
եւ
ապագայն
վաստըկելու
համար:
Վերջապէս
Սամաթիոյ
թաղը
միւս
թաղերէն
աւելի
ձայն,
հուր
եւ
ճիգ
կ՚արտայայտէ
եւ
ապագային
մէջ
ալ
դաստիարակ
մայրեր
կը
խոստանայ
յամօթ
միւս
մեծ
եւ
հարուստ
թաղերուն :
Սամաթիացին
զգաց,
որ
ազգի
մը
դաստիարակութեան
եւ
յառաջադիմութեան
աղբիւրը
կիրթ
մօր
ստինն
է,
զգաց
եւ
գործադրեց,
աղջկանց
վարժարան
մը
կանգնեց
անձնուէր
եւ
ազգասէր
անձի
մը
ջանքով
եւ
ահա
այսօր
ալ
վերածնութեան
տաճարին
մէջ
ուրիշ
լուսեղէն
սիւն
մ՚ալ
կանգնեց:
Խօսարան:
Այս
բառը
միմիայն
եւրոպական
թերթերու
մէջ
գրեթէ
կը
կարդայինք,
այս
յարկը
Սամաթիացին
ունեցաւ:
Խօսարանը
ազգային
խնդրոց
քաւարան
եւ
գաղափարներու
կրթարանն
է,
յառաջադիմութեան
բաժակ
մը,
ուր
մրուրը
հիւթէն
կը
զտուի:
Խօսարանն
իր
մէջ
ապագային
նախազգաց
ձայներն
ունի:
Սկզբունքներու
ընդհարումը
լոյս
կը
ժայթքէ.
հոն
կը
սրուին
գաղափարները,
հոն
կը
ցրուին
սխալ
ըմբռնումները,
հոն
կը
փթթին
հանճարները,
հոն
կ՚ուղղուին
կարծիքները,
հոն
կը
հիւսուին
գեղեցիկ
միտումները,
հոն
կը
կապուին
միտքն
ու
սիրտը,
հոն
կ՚արտայայտի
լոյս
եւ
կապ,
վերջապէս
հոն
կը
կազդուրի
ներկայն
եւ
յուսադրուի
ապագայն:
Լուսաւորութեան
կանթեղին
իւղը
մեր
քիրտն
է,
եթէ
մեր
հուրը
մարի,
այն
ալ
կը
մարի:
Ուրեմն
աշխատինք,
որ
քրտնինք,
առանց
յոգնելու
չզգացուիր
այնչափ
հանգստեան
քաղցրութիւնը:
Սամաթիա
Պոլսոյ
արուարձաններուն
նախնի
Աթէնքը
եղած
է,
պէտք
է
որ
Պոլսոյ
միւս
թաղերն
ալ
անոր
շաւղին
հետեւին,
այլ
ընդհակառակը
անոնցմէ
շատերը
վարժարանաց
ուրիշ
կարեւոր
յարկեր
յարելու
տեղ,
նոյն
իսկ
վարժարաններն
ալ
անկարգ
ու
կիսափակ
պահելու
անփոյթ
ու
մութ
վիճակի
մը
մէջ
կը
ծփան.
(բարեյոյս
եմք,
որ
Ամեն.
ս.
Պատրիարքի
եռանդուն
ջանքովը
աղքատիկ
եւ
անտարբեր
թաղերու
այս
թշուառ
կացութիւնը
քիչ
ժամանակէն
կը
կերպարանափոխի):
Շատերնիս
գրեթէ
կը
զգամք,
որ
խօսարանը
վերոյիշեալ
յառաջադիմութեան
ջահերը
կ՚արտադրէ.
ուրեմն
ինչո՞ւ
կը
դանդաղինք
իւրաքանչիւր
թաղի
մէջ
խօսարաններ
բանալու,
ո՞վ
կ՚արգելէ
մեզ
—
ոչ
մարդ
եւ
ոչ
օրէն:
Թատրոնին
ծուռ
նայեցանք՝
պատճառելով,
թէ
սիրային
դէպքեր
կը
գործադրուին
թատերաբեմին
վրայ
եւ
անոր
քաղաքակրթական
օգուտներուն
աչք
գոցեցինք,
երեսէ
ձգեցինք
բարին
ու
չարը,
արդարն
ու
անիրաւը,
վսեմն
ու
նուաստը
եւ
աշխարհային
դարձուածքներն
ու
գաղտնիքները
մեր
առջեւ
պարզող
այն
գեղեցիկ
տեսարանը
թողուցինք
որ
մթագնի,
յաւիտենական
սէր
մրմնջող
այն
սրտաշարժ
քնարը
թողուցինք
որ
փոշոտի,
թէպէտեւ
հոն
զգացինք
հին
գլխոյ
անկումը
եւ
նորին
վերականգնումը:
Վերջապէս
այս
յարկն
ալ
փակեցինք
կամ
քակեցինք:
Պատճա՞ռ:
Վասնզի
թատերաբեմին
վրայ
դերասանուհի
մը
«կը
սիրեմ
զքեզ
»
կ՚ըսէ
եղեր:
Խեղճը
չէ
կարող
նշմարել
այն
արցունքը,
զոր
այն
խօսքին
վրայ
հեղինակը
թափած
է
եւ
արտասանողն
ալ
կը
փղձկի
գուցէ:
Բայց
վերոյիշեալ
«բծախնդիր
»
հին
գլուխը
«օրթա
օյինիի
»
եւ
ուրիշ
խայտառակ
ներկայացմանց
հանդիսատես
կ՚ըլլայ
եղեր
—
այդ
հոգ
չէ…
Թատրոնը
իրեն
չը
յաճախելուն
երկրորդ
պատճառ
մ՚ալ
աւելցուց
յետոյ՝
ստակ:
Թատրոնը
թէպէտ
ինկաւ,
բայց
նորէն
հոգի
կ՚առնու,
վասն
զի
իր
փլատակին
մէջ
դեռ
լոյսը
պլպլաց:
Գալով
խօսարանին՝
իր
բեմին
վրայ
առ
այժմ
ոչ
կին
(բայց
կը
փափագինք
որ
ունենայ
)
եւ
ոչ
դրանը
մէջ
ստակ
ունի
(Աւազաղբիւրի
մերկ
զաւակաց
նկարագիրը
եթէ
միտքերնիս
բերենք,
պիտի
ըսենք
թէ
այն
ստակին
վրայ,
որ
արցունք
կը
կաթէ՝
նա
սրտի
հատոր
չէ):
Ինչո՞ւ
ուրեմն
միւս
թաղերն
ալ
չեն
շարժիր
այս
ապահով
«լուսարանին
»
կառուցմանը
ձեռնարկելու՝
փոխանակ
գիշերները
երեկոյթներու
եւ
կիրակի
օրերը
սրճանոցներու
մէջ
անօգուտ
եւ
անգործադրելի
առարկութիւններով
եւ
խնդիրներով
զբաղելու
(խնդիրները
եթէ
ազգային
կամ
օգտակար
ըլլան,
ատոր
խօսք
չունինք):
Գաղղիոյ
կայսրուհւոյն
եւ
Աւստրիոյ
կայսեր
եկած
ատեն
ներկայացման
խնդիր
մը
յուզեցինք
եւ
խնդրոյն
մէջ
չը
յաջողելովնիս՝
ազգին
արժանապատւութեան
վնաս
մը
եղած
ըմբռնեցինք,
մինչդեռ
անդին
քիւրտերը
մեր
եղբայրները
հարստահարելով
եւ
անոնց
սրտաճմլիկ
ճիչերը
մեզ
հասած
ատեն
անտարբեր
կենալով,
այս՝
թէ
մարդկութեան
եւ
թէ
ազգութեան
արժանապատւութեանը
վնասող
կացութեան
մէջ
անյաջող
եւ
պարսաւելի
դեր
մը
կատարեցինք
եւ
դեռ
կը
կատարենք։
Ասկէ
կրնա՞նք
հետեւցնել,
թէ
հայը
փառք
մը
կ՚ակնկալէր
այն
ներկայացմանց
մէջ
—
ոչ,
այլ
կրնանք
ըսել,
թէ
հայը
դեռ
իր
արժանապատւութեան
կէտերուն
լաւ
վերահասու
եղած
չէ:
Խօսարանի
մէջ
այս
եւ
ուրիշ
տեսակ
խնդիրները
կը
յուզուին
եւ
կը
պարզուին,
առանց
ազգային
թերթերուն
կարօտելու
եւ
հեղինակ
մը
իր
գրածը
կարդալով
աւելի
ազդում
եւ
զգացում
կը
պատճառէ,
որչափ
ուրիշ
մը
զայն
կարդալով.
առաջինը
իր
ոգին
շատերուն
կը
ներշնչէ
ու
կը
ներգործէ,
իսկ
երկրորդը
միայն
իրեն
(այն
ալ
պակաս):
Խօսարանը
կանոնաւոր
եւ
համեստ
վիճաբանութեան
բեմ
մը
կը
ներկայէ:
Հրապարակային
լաւ
կամ
գէշ
խօսք
մը
արդիւնք
մը
կ՚արտադրէ՝
մէկին
կամ
շատին
նկատմամբ:
Խօսարանին
մէջ
գաղափար
մը
անդորր
կ՚արտայայտիր,
այլ
կամ
պիտի
զարնէ
եւ
կամ
պիտի
զարնուի
եւ ,
ինչպէս
վերը
ըսինք,
այս
հարուածէն
լոյս
մը
պիտի
բխի,
այս
լոյսը
պիտի
ծաւալի,
այս
լոյսը
պիտի
խմորի
եւ
մեր
գլխուն
մէջ
կեդրոնանալով,
մեր
ճակատը
զեղուլ
եւ
այրել
պիտի
սկսի,
եւ
այն
ատեն
պիտի
ըսենք ,
թէ
«մեր
գլուխները
տկար
են
այս
լոյսը
զսպելու
համար,
կամ
աշխատիլ
հարկ
է
եւ
կամ
«մեռնիլ
»,
պիտի
զգանք,
թէ
մարդ
եւ
ազգ
ենք,
եւ
հարկ
է
գործադրել
այն
բաները,
զոր
պահանջեն
այս
երկու
մեծ
սկզբունքները:
Հոն
պիտի
սովրինք
հաւասարութիւն,
ազատ
մտածում,
ընկերականութիւն,
եղբայրութիւն,
վերջապէս
բոլոր
մահու
եւ
կենաց
խնդիրները
իրենց
հետեւանքներովը
մեր
առջեւ
պիտի
զտուին
եւ
այն
ատեն
ընտրումնիս
ընդհանուր
եւ
ազատ
պիտի
ըլլայ,
միատեղ
պիտի
վիճինք
եւ
պիտի
վճռենք,
վերջապէս,
հայը
հոն
պիտի
ամփոփի
եւ
պիտի
սփոփի:
Լրագիրները
խնդիր
մը
կ՚առաջարկեն
եւ
խօսարաններու
մէջ
նոյն
խնդիրը
կանոնաւոր
վիճաբանութեան
ենթարկելով
կը
պարզեն
եւ
կը
գործադրեն:
Լրագրաց
միջոցաւ
ազգօգուտ
խնդիրներ
շատ
առաջարկուած
կան,
բայց
միջոց
չըլլալուն
պատճառաւ
անզգայութեան
մառախուղին
մէջ
թաւալած
ու
թաղուած
են:
Խօսարանը
ազգային
թէ
առաջարկութեան
եւ
թէ
գործադրութեան
կեդրոնականութիւնը
իր
մէջ
կը
պարունակէ,
եւ
քանի
որ
հասարակաց
կամքը
կը
յագի,
ուրեմն
ազգին
տարտամ
վիճակն
ալ
կը
յանգի:
Կարծեմ
մերովսանն
կրցանք
բաւական
բացատրել
խօսարանին
կարեւորութիւնը
եւ
արդիւնաւոր
արտադրութիւնը:
Ուրեմն
միւս
ազգային
թաղերուն
նախանձոտ
նայուածքը
կը
հրաւիրեմք
նախաքայլ
Սամաթիոյ
խօսարանաց
եւ
յառաջադիմութեանը
վրայ:
Մենք,
երիտասարդներ,
մենք
պիտի
հանդիսանանք
լուսոյ
դրօշակակիրները,
թող
մեր
ալեւոր
հայրերը
ապագային
աստղը
իրենց
կենաց
սեւ
կամարին
վրայ
նշմարելով
գոնէ
իջնան
այն
անցելոյն
փոսը:
Ինչպէս
որ
մենք
մեր
հայրերուն
նախապաշարեալ
գաղափարներուն
վրայ
կը
խղճանք,
մեր
զաւակներն
ալ
մեր
գաղափարներուն
վրայ
պիտ
խղճան,
որոնք
դեռ
հին
գլխոյ
մը
մրուրն
ու
մնացորդն
են.
սրբենք
մեր
ճակատը
եւ
ծաւալենք
մտածումնիս
հոն,
ուր
որ
կը
հասնի:
Ահա
մեզի
աղքատութեան
մէջ
յառաջադիմութեան
միջոց
մը,
ձեռնարկենք,
քանի
որ
գործադրելի
եւ
դիւրամատչելի
է:
Պիտի
խօսինք՝
ինչ
որ
կը
զգանք,
պիտի
տանք՝
ինչ
որ
ունինք:
Ինչո՞ւ
դանդաղինք
այն
խնդրոց
եւ
ձեռնարկաց
մէջ,
որ
առանց
մեր
կենաց
վնաս
մը
առթելու՝
մեր
եւ
ապագային
բարոյական
եւ
նիւթական
կեանքը
կ՚ապահովեն:
Ուրիշ
առթով
դեռ
կը
խօսինք:
1869