6.
ԵՐԿՈՒ
ԽՕՍՔ
ԱՌ
ՍԱՄԱԹԻԱՑԻՍ
Զուգակշիռ
Օգսէն
էֆ.
[ենտի]ի
եւ
Փանոսեանի
եւ
Յաշտութիւն
Սամաթիացի՛ք.
Խառն
ի
խուռն
կ՚ընթանանք.
կանգ
առէք
վայրիկ
մը.
վիհ
կայ
առջեւնիդ.
ական
պեղած
են
ձեր
ոտից
տակ.
ընկերական
աղէտալի
պայթիւն
մը
կ՚սպառնայ
Սամաթիոյ
եւ
անվրիպելի
է.
Սամաթիա
հրաբուխ
մ՚է
այսօր.
կը
մխայ.
մօտալուտ
է
իւր
պոռթկումը:
Այդ
ականին
եւ
հրաբուխին
վրայ
երկու
տարակարծիք
բանակներ
կան,
գաղափարաց
երկու
ախոյեան
ըմբիշներ
կան:
Այդ
երկու
բանակներէն,
այդ
երկու
ըմբիշներէն
կախումն
ունի
Սամաթիոյ
ճակատագիրը.
դոցա
մինն
է
Լոյս,
միւսն
Մութն
է:
Մութ
անկանի
պիտի.
եւ
այդ
անկումը
պիտի
վճռէ
Սամաթիոյ
բախտը.
Անկումը
որչափ
մեծ
եւ
սոսկալի
ըլլայ՝
այնչափ
շքեղ
ու
յաղթական
պիտի
ըլլայ
կանգնումը:
Այդ
Անկ
ու
Կանգման
մէջ
փայլի
պիտի
Սամաթիոյ
փառքը.
Սամաթիա
այլակերպիլ
կ՚ուզէ,
որպէսզի
նորափետուր
զարդարուի.
յեղափոխել
կ՚ուզէ,
որպէսզի
տապալէ
միապետները,
զտուիլ
կ՚ուզէ,
որպէսզի
իւր
ընկերականութեան
մրուրն
ու
փրփուրը
դուրս
տայ:
Սամաթիոյ
ընկերական
մարմինը
խորդ
ու
ժահահոտ
նիւթերով
բնդորած
է.
ընկերական
թորման
օրէնքը
կը
պահանջէ,
որ
անգամ
մը
վերլուծի՜
ու
վերաբաղադրի՜
Սամաթիա:
Աղմկարարք
եւ
խաւարասէրք
Սամաթիան
խաղաղ,
մի
անձնուէր,
ազատասէր,
գործող
ու
աշխոյժ
տեսան
եւ
նախանձեցան.
պաղ
ու
գազան
հոգիներ
կարծես
իրենց
հակապատկերը
տեսան
ու
զչարեցան:
Տեսնենք
իրենց
այդ
չար
նախանձն
ի
գործ
դնելու
համար
ի՛նչ
ըրին .
—
երկու
բան
կար
ընելիք:
Երկպառակել
Սամաթիան.
վատահամբաւել
Սամաթիացին:
Որովհետեւ
թշնամին
ընտանի
էր,
ըսաւ.
Սամաթիան
բաժնելու
համար,
պէտք
է
կասկածներ
յարուցանել
խաժամուժ
ռամկին
մտաց
մէջ,
Սամաթիան
վատահամբաւելու
համար՝
մուր
քսելու
է:
Կասկածն
յարուցին,
մուրը
քսեցին,
Սամաթիա
պառակտեցաւ,
Սամաթիացին
վատահամբաւեցաւ:
Հետեւա՞նքն ,
—
հետեւանքը
«վաղը
արեւ
պիտի
ծագէ
»
ըսելու
չափ
պարզ
եւ
յայտնի
է,
այսինքն
շինութեանց
գործոյն
յապաղումը.
շինութեանց
գործոյն
յապաղմանէն
ի՞նչ
պիտի
հետեւի ,
—
շինութեանց
գործոյն
պաշտօնէից
ապիկարութիւնը
կամ
անոնց
անձեռնհասութիւնը .
—
այդ
անձեռնհասութեան
կամ
այդպիսի
անձեռնհասութիւն
մ՚ի
վեր
հանելու
համար
խարդախ
եւ
դաւաճան
յետամտութեան
հետեւանքն
ի՞նչ
էր ,
—
մասնաւորաց,
թաղին
պաշտօնէից,
(անձին
),
դէմ
ունեցած
ատելութիւնը
վրէժխնդրելու
միջոց
մը.
այսինքն
մէկ
քանի
մարդոց
բերնին
մէջ
պաշտօնէից
անկումը
խնդրող
ու
բողոքող
կցկտուր
ձայներ
դնել,
հոս
ծպտեալ
խարդաւանքը
մերկանալ
կ՚սկսի,
հոս
գազան
որոգայթ
դաւաճանութիւնն
իւր
սեւ
դիմակը
վար
առնուլ
կ՚ստիպուի,
զի
հոս
խնդիրն
ալ
հանրական
ըլլալէ
կը
դադրի
ու
կը
մասնաւորի,
խնդիրն
ընկերականութենէն
ի
մարդ,
մարդէն
յանհատն
կ՚անցնի,
ալ
անհատին
հետ
մարտնչիլ
կ՚սկսի:
Ո՞վ
են
այս
անհատներ
այժմ:
Վերցնենք
խնդրոյն
քարը,
եւ
ահա
տակէն
Օգսէն
էֆենտի
մը
ու
Փանոսեան
մը
դուրս
կ՚ելլան.
երկուքն
ալ
ժողովրդեան
գաղափարաց
վրայ
իրենց
դերն
ունին,
երկուքն
ալ
ժողովրդեան
մարդիկ
են
ի
նա.
կշռքի
զարնենք
երկուքն
ալ :
Զուգակշռենք:
Սամաթիոյ
Ազգին
նուիրուած
նշանաւոր
անձերէն
մինն
ալ
պարծանօք
կ՚ըսեմ,
թէ
Օրագրի
խմբագիրն
է,
Օ.
նշանաւոր
ստորագիրն
Հայ
լրագրաց
մէջ
փայլածին
պէս,
խմբագրական
ասպարէզը
նոր
մարդ
մը
կը
տեսնէր.
ընթերցողք
նոր
ճաշակ
մը
ու
նոր
աշխոյժ
կ՚զգային
անոր
իմաստասիրական
խորհրդածութիւններէն
ու
սպարդական
ոճէն.
Ազգային
խնդրոց
նեղ
ու
աղօտ
կարծիքներ
նոր
ընդլայնում
ու
նոր
լոյս
կ՚առնուին,
եւ
ընթերցողք
Օ.
ստորագրութեամբ
յօդուածներն
այնպէս
ախորժանօք
եւ
հիացմամբ
կը
լափէին,
ինչպէս
նօթին
խորտիկ
մը
կամ
պապակեալը
պաղ
օշարակ
մը:
Ազգ.
[ային
]
խնդրոց
նկատմամբ
ամէնէն
նոր,
յանդուգն,
իրական,
շօշափելի,
պարզ,
քաղաքագէտ,
հեռատես
ու
պայծառ
կարծիքներ
միշտ
Օրագիրն
յայտնած
է
եւ
կը
յայտնէ.
խօսքիս
ապացոյց
2֊3
տարուան
Օ.
ստորագրութեամբ
եւ
Օրագրի
մէջ
հրատարակուած
Ազգային
յօդուածներն
եւ
ուրիշ
լրագրաց
կամ
անձանց
Ազգային
յօդուածներն
իրարու
քով
թող
բերէ
ու
թող
բաղդատէ
չհամոզուողը:
Թէեւ
այս
տարի
օր
մը
Մասիսի
եւ
օր
մը
Երկրագունդի
մէջ
աղճատեալ
եւ
եսական
խոպան
գրիչ
մը
քաշքշուկ
եւ
մէկն
ալ
բանաստեղծական
գահավէժ
դատմամբ
մը
վերացական
առարկութիւնք
անուանած
էին
Օրագրի
կարծիքները:
Չեմ
ուրանար,
թէ
Մանզումէ
ալ
չէ
յայտնած
ազգօգուտ
կարծիքներ.
բայց
ալ
հինցած
են
նոքա,
եւ
կ՚երեւնայ
թէ
Մանզումէ
ալ
ծերանալ
սկսած
է,
սա
դժբախտութեամբ,
որ
քանի
ծերանայ
կապիկի
պէս
այնչափ
ալ
չարաճիճանայ
պիտի:
Մանզումէի
նշանաւոր
յօդուածք
հիմա
«Ագապեան
վարժարան
»
վերնագրովներն
են:
Սա
ալ
բաւ
է
յիշել,
թէ
անգամ
մը
հասարակութիւնը
Օ.
ստորագրութեան
համար
Մանզումէ
կը
կարդար.
Մանզումէ
առ
Օրագրով
է
այնպէս
ինչպէս
յարդն
առ
ցորենով.
թէեւ
քիչ
մը
չափազանց
ըլլայ
այս
զուգակշռութիւնը ,
շատ
անգամ
Մանզումէ
գրելու
տեղ
կը
«հայհոյէ
»
եւ
խօսելու
տեղ
«տիւզիւնայով
բառեր
»
կը
շարէ,
անշուշտ
քերականութեան
սա
առածին
համեմատ,
թէ
«խօսքը
բառերէ
կը
շինուի
»:
Անժխտելի
ճշմարտութիւն
մ՚է,
թէ
այն
ազգային
անհատն,
որ
ազգային
խնդրոյ
վրայ
«սուր
»
ու
«պայծառ
»
կը
մտածէ
եւ
ձեռնհաս
է
գործելու,
պարտի
Ազգը
զայդպիսիք
ի
պաշտօն
կոչել:
Գործելու
ձեռնհասութիւնը
մտածելու
կարողութենէն
կախումն
ունի,
մտածելու
կարողութեան
«հանճար
»
կ՚ըսեն.
խիստ
իմաստութեամբ
ըսաւ
Կարմիր
հռչակաւոր
Հանրապետականն
իր
նշանաւոր
ատենախօսութեան
մէջ,
թէ
նիւթական
«ուժի
»
մէջ
Հանճարն
է
յաղթական…
«Դէպքերն
»
ու
«պարագաներն
»
են,
որք
զհանճար
մարդոյն
ի
վեր
կը
հանեն.
ո՞վ
կը
մտածէր,
թէ
Կամպեթթա,
օր
մը
դիկտատոր
Պորտօի,
ոտքերը
գետնին
զարնելով
բանակներ
պիտի
յարուցանէ,
եւ
աշխարհի
էն
հանճարեղ
կարծուած
քաղաքագէտին
«խաղալ
»
չկրցած
«դերն
»
ինքն
պիտի
խաղայ
ճարպիկութեամբ.
պարագաներն
ու
դէպքերը
Կամպեթթայի
աննշան
հանճարն
ականահարեցին:
Թաղեցին
Օգ.
[սէն
]
էֆ.
[ենտի]ի
խորհելու,
խօսելու
հետեւապէս
գործելու
«ձեռնհաս
»
արժանիքը
ճանչնալով
ի
պաշտօն
հրաւիրեց
իր
ազատ
քուէովը,
իր
ազատ
կամօքն
ու
ազատ
համոզմամբը,
եւ
իւր
շինութեանց
ծանր
գործին
մէջ
նետեց
զանի
ալ
իբրեւ
անգամ
մը.
ասի
պատեհ
դէպք
մ՚էր,
որով
Օգսէն
էֆ.
[ենտի
]
ինչպէս
նաեւ
իւր
անդամակցաց
գործելու
ձեռնհասութիւնը
ի
վեր
երեւէր
պիտի.
ի՞նչ
կը
նշանակէ,
երբ
Փանոսեան
կ՚ելլէ
ու
զՕրագիրն
իւր
ընտրող
հասարակութեան
աչքին
կասկածելի
կը
ցուցնէ.
բարուրանաց
«մուր
քսելով
վրան
»
եւ
ասի
պարզապէս
եւ
ուղղակի
Օրագրի
թէ
խմբագրական
եւ
ժողովրդեան
առ
նա
ունեցած
վստահութեան
վարկը
կոտրելու
անիրաւ
ջանք
մ՚էր.
Ասի՝
Սամաթիացիք
ոչ
զՕրագիրն,
այլ
զձեզ
անուանարկել
է,
ասի
Ձեր
ազատ
«քուէն
»
հեգնել
է,
ու
ազատ
կամքը
բռնաբարել
եւ
ազատ
համոզումը
գայթակղել
է:
Փանոսեանի
միակ
նպատակն
է
«ասով
»
խանգարել
Նունեան
վարժարանի
շինութիւնը
եւ
հասկցնել
ազգին,
թէ
լոկ
ինք
կարող
է
աղջկանց
վարժարան
կանգնել
ու
կառավարել:
Փանոս,
եթէ
յառաջադիմութեան
եւ
ոչ
«ցուցամոլութեան
»
բարեկամ
է,
եթէ
իրօք
ազատամիտ
եւ
ոչ
«եսական
»
մէկն
է,
ինչո՞ւ
«մրցում
»
չ՚սիրեր:
Ազգին
մէջ
«գործօն
ազգանուէր»—
(անշուշտ
իրեն
նման
)—
մարդ
չգտնուելու
դժբախտութեան
վրայ
կոկորդիլոսի
արցունք
կը
թափէ:
Ինչո՞ւ
համար
երբ
գործողը
գործելու
կը
ձեռնարկէ,
իսկոյն
գործողին
վրայ
կատաղի
յարձակումներ
կ՚ընէ,
զանի
կը
վատահամբաւէ
եւ
թումբեր
ու
խոչեր
կը
կանգնէ
գործողին
ու
շարունակողին
քայլերուն
առջեւ:
Սամաթիացի՛ք,
թողունք
զՕրագիրն
եւ
զՄանզումէ
ազատ
իրենց
գործոց
մէջ,
մէկը
ձեր
ընտրած
իւր
ընկերներով
թող
զՆունեանն
եւ
միւսը
թող
զԱգապեանը
շարունակէ .
թող
երկուքն
ալ
գործեն
ու
մրցին,
տեսնենք
ապագան
զորն
յերկոցունց
ծափահարէ
պիտի.
ով
որ
«սուր
»
ու
«քաջ
»
կը
մտածէ՝
նա
«հաստատուն
»
ու
«տեւական
»
կը
գործէ,
զի
«սկզբունքով
»
կը
գործէ:
Ով
որ
«յախուռն
»
ու
«գահավէժ
»
կը
մտածէ՝
նորա
գործը
պղպջակ
մ՚է,
որ
«ընդ
երեւալն
կ՚աներեւութանայ
»:
Սամաթիացի՛ք,
արթննանք.
շրջահայեաց
ըլլանք.
Փանոսեան
կ՚ուզէ
զմեզ
երկպառակեալ
պահել
ու
զմեզ
կուսակցութեան
բաժնելով
գործելու
անկարող
վիճակի
մը
մէջ
«կղզիացնել
»,
զմեզ
եւ
գործող
մարդիկը
վհատեցնելով
զինքը
միայն
«փառաբանել
տալ
»
կը
ցանկայ:
Թօթուեցէք
զձեզ,
Սամաթիացի՛ք,
կուսակցութեան
«ցեցն
»
ինկած
է
ի
ձեզ.
միգուցէ
«մաշէ
»:
Իրաւ
Փանոսի
եռանդն
ու
աշխոյժը
շատ,
բայց
«խելքը
»
քիչ
եւ
«մտածումը»
«կարճ
»
է
քչիկ
մը:
Սամաթիացի՛ք,
դուք
եսական
«միապետութիւնը
»
տապալող
առաջին
թաղեցին
եղաք,
առաջին
թաղեցին,
որ
դպրոցներ
«ընկերութեամբ
»
յառաջ
տանել
սորվեցուցիք
Պոլսոյ
Հայոց:
Այսօր
դուք
միապետ
մ՚ունիք
ի
ձեր
գլուխ,
որ
զօրէնքն
իր
«էֆենտի»,
«աղա»,
«պէյ»,
«փաշա
»
եւ
«սուլթան»
«քէյֆին
»
վրայ
հիմնած
է:
Սամաթիացի՛ք,
ասի
ի՞նչ
կծու
հեգնութիւն
է
ձեր
ազատասէր
եւ
ընկերասէր
ոգւոյ
ու
պատւոյն
դէմ.
ըսել
է
որ
դուք
այսօր
«քէյֆի
»
մ՚օրինաց
գերին
էք.
Սամաթիացի՛ք,
անտարբերութիւնը
մահ
է.
քիչ
մ՚ալ
եթէ
անտարբեր
մնաք
«գերեզման
»
մ՚է
ձեր
ներկան
եւ
«ափսոս
»
մը
ձեր
ապագան.
մի՛
թողուք,
որ
կուսակցութեան
հրդեհը
ձեր
ընտանիքներն
ալ
համաճարակէ.
դողացէ՛ք.
հրդեհը
Սամաթիոյ
տուները
քանդեց.
միգուցէ
դուք
ձեր
կուսակցութեամբ
Սամաթիոյ
ժողովուրդը
քանդէք.
հրդեհն
զՍամաթիա
դժբախտ
հոգեվարքի
մը
մէջ
թողուց,
միգուցէ
դուք
զանի
ի
գերեզման
իջեցնէք:
Ամէն
հրդեհ
կայծէ
մը
կ՚սկսի.
ընկերային
ամէն
աղէտաբեր
աւերումներն
ալ
կուսակցութիւններէն
կը
ծնին ,
կուսակցութիւնք
կարծեաց
գայթակղութեանց
հետեւանքներն
են,
«վայ
մարդոյն
այնմիկ՝
յոյր
ձեռն
գայցէ
այս
գայթագղութիւն»:
Ձեր
այդ
կուսակցութիւն
Նաբոգոդոնոսորայ
ծառն
է.
շատ
մը
զազիր
ու
վատթար
կրից
մէջ
տղմոտած
հոգիք՝
նորա
բազմաստեղնեան
ոստոց
վրայ
որջացած
են.
շո՛ւտ,
Սամաթիացի՛ք,
շո՛ւտ
«տապարն
առ
արմին
դրէք
»,
պէտք
է
տապալի
այդ
ծառն,
որպէսզի
ցրուին
«որջացեալք
»:
Սամաթիոյ
ընկերական
նաւը
«կոհակաց
»
ու
«մրրկաց
»
մատնուած՝
կը
տատանի
ընկլուզնամերձ,
այդ
նաւն
իր
մէջ
«մեղաւոր
»
մ՚ունի.
շո՛ւտ,
«Վիճակն
արկէք»,
«Յովնան
ի
ծով
»:
Եթէ
ոչ՝
Սամաթիան
ամբողջ
ամբողջ
ընկղմի
պիտի:
Հայկական
Ընկ.
[երութիւն]ը
Սամաթիոյ
մեծութեան
խորհրդանշանն
է,
Սամաթիոյ
արժանեաց
հայելին
է,
ատոր
մէջ
կը
կարդանք
ու
կը
տեսնենք
Սամաթիացի
Հայոցս
կրակոտ
հոգին,
աշխուժավառ
սիրտը,
գեղեցիկ
զգացումներն
ու
գովելի
բարեմասնութիւնները:
Հայկ.
[ական
]
Ընկ.
[երութիւն]ը՝
Սամաթիոյ
հոգին
է.
Հայկականին
հայհոյել,
Սամաթիացւոց
հոգւոյն
հայհոյել
է:
Պատւոյ
եւ
զգացման
տէր
Սամաթիացի՛ք,
ձեր
էն
նուիրական
պատիւը,
ձեր
էն
գեղեցիկ
ու
վեհ
զգացումը
Հայկականի
մէջ
կը
փայլի.
երբ
զՀայկականն
հեգնեն
ու
անուանարկեն,
զձե՛զ,
ձեր
պատիւն
ու
զգացումը
հեգնած
ու
անուանարկած
կ՚ըլլան.
դեռ
անտարբեր
կը
մնա՞ք,
Սամաթիացի՛ք.
զձեզ
բաժանել
կ՚ուզեն,
որպէսզի
տիրեն.
միացէ՛ք,
զօրութիւն
ի
միութեան
է.
ձեր
միութեան
կեդրոնն
Հայկ.
[ական
]
Ընկ.
[երութիւն]ն
է,
կեդրոնը
քանդել
կ՚ուզեն,
որպէսզի
ամբողջ
Սամաթիան
քանդեն.
ճիզուիթք
երբ
իրենց
մէկ
սեւ
նպատակն
յառաջ
տանել
կ՚ուզեն՝
զընտանիքներն
իրենց
միջոց
ու
գործիք
կ՚ընտրեն.
Սամաթիոյ
ոսոխն
ալ
կուսակցութեան
որոմը
նախ
ընտանեաց
մէջ
սերմանեց,
որպէսզի
երկպառակութեան
հոգին
ընկերութեան
ամէն
կարգին
մէջ
համահաւասար
ճարակել
տայ,
բայց
խաբուած
է.
իր
ցանած
որոմներն
ապառաժի
վրայ
անկան
միայն,
փուշերու
մէջ
հեղձան
միայն.
վա՜յ
այդ
անմիտ
եւ
ապիկար
որոմնացանին:
Կուսակցութիւնը
Սամաթիոյ
քամակին
վրայ
բացուած
քաղցկեղ
մ՚է,
պիտի
հիւծէ
Սամաթիան
եւ
մինչեւ
յանդունդն
գերեզմանաց
թաւալէ
պիտի:
Ա՜հ,
դահիճ
մ՚է,
սոսկացէ՜ք,
պիտի
անդամահատէ
զՍամաթիան
եւ
գլխատէ
պիտի
զՀայկականը.
օ՛ն,
փութացէ՛ք,
Սամաթիացի՛ք,
բուժել
զայդ
քաղցկեղն
ու
արտասահման
տարագրել
դահիճը:
Ո՛չ,
Հայկ.
[ական]ն
Ընկ.
[երութիւն]ը
Մանզումէի
ներկայացուցած
Հայկ.
[ական
]
Ընկ.
[երութիւն]ը
չէ՛.
Օրագիր՝
Մանզումէի
ներկայացուցած
Օրագիրը
չէ՛:
Մանզումէի
պէս
կարճատես
եւ
սեւադէտ
չէ
ամէն
ոք.
մենք
այսչափ
տարիներէ
ի
վեր
զՀայկականն
իր
անձնուէր
ու
հայրենասէր
գործքերովն՝
(ըստ
իւր
կարողութեան
)—
եւ
զՕրագիրն
իր
ազատամիտ
եւ
օրէնսգէտ
խմբագրութեամբ
լաւ
կը
ճանչնամք,
ինչպէս
մարդ
մը
իւր
ազատ
գիտակցութեամբ
կը
ճանչնայ
ճշմարտութիւն
մը:
Մանզումէն
երամակ
մը
հով
կլլողներու
դիւրախաբ
գլուխները
գայթակղելու
համար՝
Հայկ.
[ական
]
Ընկ.
[երութիւն]էն
եւ
Օգս.
[էն
]
էֆենտիէն
նպատակի ,
գործի,
եղելութեանց
եւն.
հաշիւ
կը
պահանջէ:
Մանզումէ
Հայկ.
[ական
]
Ընկ.
[երութիւն]էն
եւ
Օգս.
[էն
]
էֆենտիէն
աւելի
վաղ
ժողովրդեան
մարդն
եղած
է.
ժողովրդէն
գործի,
նպատակի
եւն.
համար
այնչափ
մեծագումար
դրամներ
ու
նպաստներ
առած
է.
ո՞ւր
են
նոցա
կատարեալ
եւ
ամբողջ
հաշիւները .
—
անշուշտ
աղա,
փաշա,
պէյ,
էֆենտի
քէյֆին
հարցնելու
է:
Նոյն
դրամօք,
նոյն
նպաստիւք,
կատարեալ
գործեր
ու
կատարեալ
նպատակներ
ի
գլուխ
կ՚ելլէին.
ինչ
ձեռնարկեց
կիսկատար
թողուց.
թէեւ
կերպով
մը
գովելի
են
իւր
կիսկատարքն
ալ,
զի
մեծագործութեանց
հիմերն
են.
ուր
աշխոյժ
շատ
եւ
հանճար
քիչ
կայ,
հոն
գործք
շարունակութիւն
եւ
կատարելութիւն
չունին,
հոն
սկզբունքն
«եղէգն
շարժուն
ի
հողմոյ
յանապատի
»
է.
ո՛չ,
ո՛չ,
Սամաթիացի՛ք
սխալ
եւ
շինծու
են
Փանոսեանի
այն
կարծիքները,
թէ
Օգսէն
էֆ.
[ենտի
]
եւ
իրեն
համամիտք
Ագապեան
վարժարանի
թշնամի
են
եւ
զանի
կործանել
կ՚ուզեն
ո՞չ
ապաքէն
սոքա
էին,
որ
օր
մը
զՓանոս.
[եան
]
քաջալերեցին
եւ
աջակցեցին
նորա՝
Ագապեանը
կանգնեցին
Սամաթիոյ
դպրոցազուրկ
օրիորդաց
համար.
միթէ
այն
ատենը
Ագապեանը
կանգնելը
Նունեանը
աւերակ
պահելու
թշնամութի՞ւն
մ՚էր,
որ
այսօր
աւերակ
Նունեանը
վերականգնելը
Ագապեանի
կործանման
սպառնալիք
կամ
թշնամութիւն
համարին,
ո՜վ
մտաթափութեանս.
միշտ
աջ
աչօք
դիտենք
Սամաթիացիք,
որ
գործը
բարի
տեսնենք ,
ձախ
աչօք
չ՚դիտենք,
որ
ամէն
գործ
չար
տեսնենք:
Սամաթիացի՛ք,
զձեզ
գրգռելու
եւ
զձեզ
Օրագրի
դէմ
զինելու
համար
Մանզումէ
այս
խօսքերը
կ՚ըսէ,
Փանոս.
[եան
]
Սամաթիոյ
խորթն
է,
իսկ
Օգս.
[էն
]
Սամաթիոյ
հարազատն
է,
սա
միշտ
իբր
ընտանի
մը,
իբր
բնիկ
մը
պիտի
մտածէ
Սամաթիոյ
վրայ,
իսկ
նա
միշտ
իբր
խորթ
մը:
Ագապեանը
ձերը
չէ,
Սամաթիացի՛ք,
անոր
Փանոս.
[եան]
ի
աղա,
պէյ,
էֆենտի
քէյֆը
կը
խառնուի:
Սամաթիոյ
աղջկանց
վարժարանը
Նունեանն
էր,
է՛
եւ
պիտի
մնայ.
պէտք
է
դուք
Նունեանը
կանգնէք,
անի
Մերն
է,
անի
Սամաթիացւոցն
է:
Փանոս.
[եան
]
անցաւոր
մ՚է,
Ագապեան
վարժարանի
ներկան
յառաջադէմ
ապագայ
չունի
քանի
որ
յառաջադիմութիւնը
քէյֆի
վրայ
է,
երէկ
Փանոս.
[եան]ի
քէյֆը
կ՚ուզէր,
որ
մինչեւ
1871
յուլիս
11
կիւրակէ
առաւօտ
ժամ
101/4
օրիորդ
Վարդանեանք
(զոյգ
մը
քորք
)
շարունակէին.
այդ
ժամանակէտէն
անդին
աղա֊փաշա
քէյֆը
չուզեց
որ
շարունակեն.
անոնք
ալ
չշարունակեցին:
Քաջ
գիտնանք,
Սամաթիացիք,
որ
այսուհետեւ,
երբ
Ագապեան
վարժարան
գնացող
օրիորդի
մը
եղբայրը
կամ
ազգականը,
կամ
ծնողքը
կամ
բարեկամը
Փանոսեանի
հետ
հակակարծիք
ըլլայ,
նոյն
օրիորդն
ալ
օր.
Վարդանեաններուն
բախտին
բախտակից
պիտի
ըլլայ.
եւ
այսպէս
շարունակելով
սա
տխուր
գուշակութիւն
ընել
պիտի
տայ
մեզ,
թէ
օր
մը
բոլոր
օրիորդներն
արտաքսելով
համբաւատենչ
Ագապեան
վարժարանն
ալ
Փանոսեանի
կիսկատար
արարից
դժբախտ
ճակատագրին
ենթարկի
պիտի .
—
Աստուած
չ՚ընէ
—:
Ագապեան
վարժարանը
հիւր
մ՚է
Սամաթիոյ
համար.
իսկ
Նունեանը
բնիկ
Սամաթիացի
է.
գուցէ
օր
մը
Ագապեան
վարժարանը
Փանոսեանի
հետ
Սամաթիայէն
գաղթի,
բայց
Նունեանը
կը
մնայ
եւ
պիտի
մնայ,
քանի
որ
կայ
Սամաթիան,
քանի
որ
կան
զանի
կառուցանող
Սամաթիացիք.
ուրեմն
Սամաթիացի՛ք,
սիրելի
արենակիցք,
եւ
դուք
դպրոցասէր
ազգայինք,
մի՛
խնայէք
Նունեանի
գանձանակին
մէկ
լուման:
Ձեր
ամէն
մէկ
լուման
օր
մը
ամբողջ
աշխարհ
մը,
ամբողջ
դարեր
ի
լոյս
վերածնող
մայրութիւն
մը
կրթող
եւ
վերականգնելու
վրայ
եղող
Տաճարի
մէյմէկ
քարերն
ու
ատաղձները
պիտի
ըլլան:
Ես
աւելի
Փանոսեանի,
քան
Օ.
[գսէն
]
էֆենտիի,
ես
աւելի
Ագապեանի,
քան
Նունեանի
բարեկամ
եմ.
բայց
այս
խնդրոյն
մէջ
—
զՕ.
[գսէն
],
քան
զՓ.
[անոսեան
]
աւելի
արդար
եւ
զՆունեան,
քան
զԱգապեան
աւելի
կարեւոր,
կենսական
եւ
շահաւէտ
կը
տեսնեմ
Սամաթիոյ:
Սամաթիացի՛ք,
դուք
բարի
եւ
ազգասէր
էք,
բարի
եւ
ազգասէր
են
նաեւ
ձեր
անկախ
քուէովն,
անկախ
կամօքն
ու
անկախ
համոզմամբն
ընտրած
պաշտօնեայները,
որոնց
յանձնած
էք
այժմ
շինութեանց
մեծ
գործը,
անոնք
են
սեւը,
անոնք
են
կասկածելի,
որ
զանոնք
սեւ
եւ
կասկածելի
երեւցնել
կ՚ուզեն
մեր
հանրութեան
առջեւ:
Վերջին
խօսք
մ՚ալ
Սամաթիացիք.
ես
իբր
անաչառ
պատգամաւոր
մը
Սամաթիոյ
ապագային
կողմէն՝
ամբողջ
երկսեռ
Սերնդոց
Լուսոյ
դաւաճանն
ու
դահիճը
պիտի
ըլլաք,
եթէ
զոհէք
շինութեանց
գործը
կուսակցութեան,
եթէ
զոհէք
ձեր
արդար
պաշտօնեայքը
կուսակցութեան.
եւ
կը
յաւելում,
ուրեմն
ի՞նչ
ընենք,
որ
մեր
կուսակցութեան
մեր
մէջ
բացած
վիհը
լեցուի ,
—
սէ՜ր,
սէ՜ր
լնունք .
—
ի՞նչ
ընենք
ուրեմն,
որ
իրարմէ
փարսախներով
հեռացած
խորհրդակցող
ճակատներն
իրարու
մօտենան.
«պագտուի՜նք
»,
մոռնա՛նք:
Մոռցի՛ք,
Սամաթիացի՛ք,
զմեզ
զատող
մրրիկները.
մոռնա՛նք.
մոռցիք
կուսակցութեան
ոխն
ու
ատելութիւնը,
սիրոյ
ձեռք
կարկառեցէք
իրարու,
համբուրեցէք
զիրար.
հաշտուինք,
քանի
քրքրենք
կնճիռը՝
այնքան
սրտեր
պիտի
արիւնենք,
այնքան
վէրքեր
բանանք
պիտի.
եկէ՛ք,
ձեռք
ձեռքի
տուէք,
միացէ՛ք,
Սամաթիացւոց
զօրութիւնը
միութեան
մէջ
է.
սիրեցէ՛ք
զիրար
Սամաթիացիք
եւ
հաշտուեցէ՛ք:
Սամաթիոյ
խրթին
կնճիռը
լուծող
վերջին
եւ
միակ
բառն
է
«հաշտութի՜ւն ,
հաշտութի՜ւն»: