4.
ՊԱՌԱԿՏՈՒՄ
ՄԸ
Լուսաւորութեան
հսկա
մը
այս
օրերս
ծանր
կնճիռ
մը
կ՚երկնէ:
Կառափն
իր
գաղափարը
կը
ծաղրէ:
Ազգասէր
մը
ազգային
ներդաշնակութենէն
թել
մը
կը
կոտրէ,
ազգին
սրտին
վրայ
մշտնջենաւոր
վէրք
մը
կը
փորէ,
վէրք
մը՝
զոր
Ագապեան
բուրաստանի
ծաղիկները
կը
պճնեն:
Ագապեանը
գրկող
գաղափարին
ձայնախող
հարուած
մ՚է
այդ:
Ցուրտ
օձտում
մը,
որ
Ագապեանի
վսեմ
նպատակին
վրայ
ոճիրներ
կը
ջարդէ:
Ինչո՞ւ
այդ
օձտումը:
—Ի՜նչ,
ազգային
ամբոխն
ու
ժխորը
ամբաստանե՜լ:
Միթէ
անցեալ
տարուան
Սահմանադրութեան
հանդիսին
ազգն
իրաւունք
չունէ՞ր
իր
քոյրերը
կամ
ապագայ
մայրերը
տեսնելու
վազել,
որոնք
կ՚ուշանային
հանդիսավայրին
առաւել
աւիւն
ներշնչելու:
Սակայն
իցի՜ւ
թէ՝
այս
տարի
ալ
Ագապեան
աշակերտուհիները
Պէյգոզի
ծովափը
բերող
շոգենաւին
անիւը
կոտրէր,
քան
թէ
ազգի
մը
սիրտը:
Գուցէ
այս
տարի
Ագապեանք
ճերմակ
հեղեղի
մը
անզգայութեամբ
չէին
անցներ
սիրազեղ
ամբոխ
մը
մոգաբար
պատռելով:
Ազգային
հանդիսավայր
մը
ճեղքե՜լ,
ազգային
յիշատակ
մը
յօշոտե՜լ՝
ազգի
մը
սիրտը
ճեղքել,
ազգի
մը
սիրտը
յօշոտել
է:
Ասով
Ագապեանի
վսեմ
նպատակը
իր
օրրանին
մէջ
կը
դեղնի,
լուսահար
ճակատը
կը
կարմրի,
մայրութեան
կորովի
սիրտը
կը
սխրի,
ծունկը
կը
կթոտի:
Ագապեանի
սրտէն
սրբազան
տրոփը
խեղդել
է
այդ:
Մտածեցէ՛ք,
ո՛վ
Ագապեանի
վէմը:
Դուք՝
որ
ազգին
գահոսը
կը
խառնէք
միշտ,
դուք՝
որուն
քրտունքը
ազգի
մը
այն
ահաւոր
վէրքին
սպեղանին
կը
կազմեն
եւ
քանի
մը
տարի
առաջ
լուսոյ
տաճարին
հիմունքը
օծեցին .
մտածեցէ՜ք:
Այդ
տաճարին
սեմին
վրայ
սիրտ
մը
կ՚արիւնի:
Ազգինն
է
այդ
սիրտը:
Եւ
դուք
պարծանօք
կը
խոստովանիք
թէ
Ձեր
նպատակն
է
այդ
սիրտը
վիրաբուժել,
մտածեցէ՛ք
վերջին
անգամ:
Եւ
Ագապեան
սանուհիք
կը
հաւանին
այս
որոշման:
Չեն
բողոքեր
այսպիսի
ցաւալի
պառակտման
մը
դէմ,
եւ
իրենք
իրենց
կ՚ուզեն
օտար
հանդիսավայրի
մը
մէջ
յիշատակել
ազգին
Սահմանադրութեան
ԽՈՐԹ
հանդէսը:
Անոնք
այժմէն
կը
սովրին
դիւրաւ
վշտահարել,
հանրութեան
դէմ
քէն
պահել,
բաժանման
ոգի
կրել,
անոնք՝
որ
լուսոյ
տաճարի
մը
հանրութեան
ջահերը
պիտի
ըլլան,
անոնք՝
որ
մայրութեան
առաքելուհիներ
պիտի
ըլլան:
Ջնջեցէ՛ք,
ջնջեցէ՛ք
այդ
սեւ
դրօշը
Ագապեանի
պայծառ
ճակտէն:
Ձեր
նպատակէն
սոսկացէ՜ք: