5.
ԲԱՆԱՍԻՐԱԿԱՆ
Առ
Պ.
Ա.
ԼՈՒՍԻՆԵԱՆ .
—
ԳԱՆՁԱՆԱԿ
ՄԸ .
—
ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱՑ
ԽՈՒՄԲ .
—
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՆԴԻՍԻՆ
ՆՈՐ
ՓԱՅԼԵՐ .
—
ԱԳԱՊԵԱՆ
ՄԸ.
***
Պարո՛ն.
Ներեցէք
եթէ
պատասխանս
ակամայ
քիչ
մ՚երկարաձգեցի:
Շնորհակալ
եմ
Ձեր
այդ
ողջոյնէն:
Սիրեցի
այդ
ողջոյնը՝
ծարաւի
հանճարի
մը
այդ
ջերմ
ընդգրկումը:
Չէք
խաբուեր.
այն
համեստ
գաղափարները,
որոնք
որոտալու
հետ
բուրել,
շանթելու
հետ
բուժել
գիտեն՝
այն
գաղափարները
պատրաստ
եմ
զինել
իմ
կողմէս:
Սակայն
կը
ցաւիմ
որ
չեմ
բոլորովին,
զոր
դուք
կը
նկատէք
Ձեր
պըչրող
գրչովը:
Այն
դափնիները,
զորս
դուք
իմ
ճակտիս
բոլորել
կ՚ըղձաք՝
կը
ճնշեն
արդէն
ճակատս:
*
կը
թօթուէք
Ձեր
ծաղկապսակ
քնարը,
հանճարի
այդ
վեհ
սիրտը
ի
զո՜ւր
կը
սասռէք:
Թո՛յլ
տուէք,
Ազնի՛ւ
բարեկամ,
որ
Ձեր
այդ
ջերմ
համակրութեան
դիմաց
սիրտս
լուռ
դողդոջէ:
Դուք
զիս
լաւ
նկարագրեր
էիք.
արտօսրի
պէս
լռիկ
եւ
հառաչի
պէս
մթին,
դուք
որ
աստղի
նման
խայտալ
եւ
շանթի
նման
որոտալ
գիտէք:
Խօսեցէք
եւ
սաւառնեցէք ,
պերճախօ՛ս
բարեկամ,
եւ
թոյլ
տուէք,
որ
բեւեռային
երկրի
պէս
ցուրտ,
տխուր
ու
դալկահար
ճակտի
մը
վրայ
լոկ
լուռ
խորշոմներ
ծալուին,
ցաւոց
թերթե՜ր,
եւ
հանճարը
շրթանց
մէջ
մեռնի,
քանի
որ
Ձեր
կրակոտ
ճակատն
անգամ
պերճախօս
հանճարի
բեմ
մը
կը
ներկայէ:
*
չեմ
ուզեր
հոս
խօսքս
երկարել:
Սրտերու
խօսակցութիւնքը
աստղերու
եւ
տերեւներու
շուքին
վերապահենք,
Ազնի՛ւ
բարեկամ…:
Այնպիսի
նիւթեր
ունիմ,
որոց
վրայ
խօսելու
տեղ
մերթ
որոտալ,
մերթ
բուրել,
մերթ
սարսափիլ
հարկ
է.
կոչման
եւ
սրտի
դիւցազներ
են
անոնք
վսե՜մ
յիշատակներ.
խոկմանցս
վրանին
մէջ
թռչտող
հրեշտակնե՜ր:
Պիտի
խօսիմ
անոնց
վրայ
որչափ
որ
արտասանուելու
համար
շուրթեր
այրե՜ն:
Այն
նշանաւոր
օրը
պիտի
յիշատակեմ,
յորում
իրարու
ձեռք
թօթուեցինք,
այն
օրը՝
յորում
ամէն
գլուխ
յեղաշրջում
մը,
ամէն
սիրտ
կրակ
մը
եւ
ամէն
հոգի
զմայլում
մ՚ունէր:
Կ՚ուզեմ
այն
հանդէսէն
վսեմ
գործերու
փունջ
մը
քաղել:
Կ՚արի՜
կը
գուրգուրամ
այս
հանդիսին
վրայ,
զի
մէկ
հատիկ
է:
Տխո՜ւր
բան.
գործեր
չ՚ունինք,
որ
յիշատակներ
ունենանք:
***
Հորիզոնին
վրայ
վարդերու
հրդեհ
մը
կը
ծաւալէր:
Աստղերն
անգամ
խտղտել ,
տժգունել
եւ
մարմրել
կ՚սկսէին:
Թաւուտքի
մը
դայլայլիկը
Մայիս
30ի
առաւօտը
կը
հծծէր:
Բիւզանդեանի
կապոյտ
գօտին
կը
ծփծփար:
Տեսարանին
մէջ
փա՜ռք
եւ
թուականին
մէջ
կրա՜կ
կար:
Ճակատս
երազներու
օրօրոց
մ՚էր
դարձած:
Կը
դողդոջէի
այս
թուականին
առջեւ:
Ոսկեզօծ
սարեր
ընդնշմարեցի.
վարդերու
աճիւնին
մէջէն
մեծ
կայծ
մը
կը
բարձրանար
Երկնքի
լուսալիր
Բիբը:
Լուրջ
Վոսփոր
մը
կը
ծիծաղէր,
կ՚ուռէր
եւ
կը
փրփրէր,
կը
սոնքար
այնպիսի
սիրալիր
եւ
նշանաւոր
թուականի
մը
ներքեւ:
Նուագներու,
կեցցէներու
եւ
ծափերու
ներդաշնակութիւն
մը,
սրտագրաւ
ժխոր
մը
Գուզկունճուքի
նաւամատոյցը
թնդացուց:
Շոգենաւ
մ՚էր
այս
ժխորը
շնչողը.
սրտադրոշմ
դրօշակներ
կը
ծածանէին ,
սրտեր
կը
բաբախէին
հոն .
ամէնքը
գունաթափ
էին,
կը
հեւային
սոյն
թուականին
վայրկեաններուն
հետ:
Երեւակայէ
զիս
ալ ,
բարեկա՛մ:
Չեմ
գիտեր,
թէ
ինչպէս
ինքզինքս
այս
շոգենաւը
նետեցի:
Կը
քալէինք,
կ՚երազէի.
սիրտս
դաշնակ
մ՚էր
եւ
հոգիս
մեղեդի
մը:
Յանկարծ
ձայն
մը
զիս
թօթուեց,
տեսիլ
մը
սառած
նայուածքս
յափշտակեց,
երիտասարդ
մ՚էր
տեսածս ,
դժգոյն
այտերէն
խարտեաշ
մօրուք
մը
վար
կը
թափէր.
կարծես
թէ
այդ
անձին
ներսը
սրբազան
բան
մը
կ՚որոտար.
իրեն
հետ
ձայնը
կը
դողդոջէր,
ձեռքը
գանձանակ
մը
կար…
ա՜հ,
քաղցր
այդ
անձը…
լուսոյ
սիրահարը,
յառաջադիմութեան
զինուորը
՝
Անձնուէր
ընկերութեան
առաքեալը .
թշուառներու
անդունդին
հսկող
այդ
աստղը
ճանչցի
եւ
սարսռացի
…:
Հայաստանի
արտասուալից
ուրուն
անցաւ
վրայէս:
Պ.
Գ.
Չօպանն
էր
այս
անձը.
պարծանօք
եւ
յարգանօք
կը
յորջորջեմ.
ԳՈՐԾՈ՜Ղ
ՄԸ.
փա՜ռք
իրեն,
որ
յիշատակ
մը
յիշատակով
կ՚անցունէ :
Մէկ
քանի
տարի
է
որ
Սահմ
[անադրութեան
]
հանդէսներուն
եւ
ազգային
ուրիշ
համախմբութեանց
մէջ
իր
գանձանակովը
կ՚երեւի,
ամբոխը
կ՚ակնածի
այդ
պատկառելի
մուրացկանէն,
սրտէ՜ն
կու
տայ:
*
ընկերութեան
գանձանակն
ինկած
լումաները
հին
գլուխ
մ՚յեղափոխելու
կը
ծառայեն,
ուր
գաղափարք
ժանգոտած
են ,
ուր
աղջամուղջք
կը
վխտա՜ն:
Աշխատի՛նք
որ
մեր
ընկած
հայրենիքը
վերականգնելու
տքնող
այդ
առաքեալներուն
ճակտին
վրայ
մխացող
քրտունքը
չը
սառին:
Երանի
այդ
անձերուն ,
որոնք
իրենց
անշուք
կեանքին
հետ
հսկայ
փա՜ռք
մը
կը
տանին:
***
*
Փա՜ռք
այն
ընկերութեանց,
որոնց
նպատակը
մարդկութեան
կամ
հայրենեաց
աւերակ
սրտին
կը
խօսի:
Հայրենասիրաց
խումբը
կ՚ուզեմ
հոս
յիշատակել,
որ
այս
տարի
Սահմ.
[անադրութեան
]
հանդիսին
առթիւ
իր
սրբազան
ձգտմանը
մէջ
հսկայ
քայլ
մ՚առաւ:
Հայաստանի
աւերակ
եւ
ամայի
սրտին
վրայ
նորընձիւղ
ծաղիկ
մ՚է
նա,
իր
արեւն
իր
նպատակն
է,
իր
ցօղն
իր
քիրտն
է:
Մե՜ծ
է
իր
նպատակն:
Նա
հայրենի
փլատակաց
վրայ
գաղափարի
վերանորոգութեան
վառարաններ՝
վարժարաններ
պիտի
կանգնէ.
յեղափոխութեան
մրրիկներ՝
սմքած
հանճարներ
պիտի
յարուցանէ:
Իցի՜ւ
թէ
խաւարասէրներ
իր
նպատակին
չը
դաւեն:
Կը
թալկանան
խնծիղք
այդ
ճիւաղներուն
սեւ
շրթանցը
վրայ,
երբ
այսպիսի
լուսասփիւռ
նպատակներ
ասպարէզ
կը
նետուին:
Կը
մօտի
այն
ժամը,
որ
այդ
սեւ
կառափները
ընկնին,
որոնք
վսեմին,
բարւոյն,
ճշմարտին
եւ
գեղեցկին՝
բնութեան
հանճարը
եւ
մարդկութեան
ոգին
բաղկացնող
այս
չորս
տարերց
ցուրտ
գերեզմաններ
կը
յանդգնին
ըլլալ:
***
Չեմ
դանդաղիր
մատուցանել
իմ
անկեղծ
շնորհակալիքս
Հայկական
ընկերութեան
Սահմ[անադրութեան]
հանդէսին
այդ
վեհաշուք
դրօշակրին:
Այս
տարի
աւելի
շքեղ
էր
իր
ճակատը,
աւելի
մեծ
էր
իր
փառքը,
վասնզի
Հիսարի
դպրոցի
աղքատիկ
աշակերտուհեաց
անմեղ
սրտերն
ալ
ծափահարեցին:
Կը
փութամ
նաեւ
շնորհակալ
ըլլալ
որբերու
մեծանձն
բարեկամին,
որ
բարեհաճեցաւ
Ս.
Փրկչեան
վարժարանի
աշակերտները
Սահմ[անադրութեան]
հանդէսէն
չը
զրկել:
Ս.
Փրկչեան
որբե՜րը,
անդունդը
թափած
այդ
շողերը,
ո՜հ ,
անոնք
ո՜րչափ
շնորհակալ
ըլլալ
գիտեն,
իրենց
ձեռքը
սեղմող
ձեռքին
մէջ
դողդողալ
եւ
փայփայուած
ատեն
փղձկիլ
կը
սիրեն.
արտօսրը
անոնց
հոգիէն
կը
բխի,
անոնք
աշխարհի
վրայ
բարերար
սրտի
սիրահար
են
լոկ:
*
[անադրութեան
]
հանդէսին
ներկայ
գտնուող
այդ
որբոց
մէջ
չը
տեսի
մէկը,
որ
ժպտէր
կամ
զմայլէր,
ամէնքն
ալ
տխուր
էին
եւ
կ՚ապշէին,
մութ
էին
իրենց
ճակատագրին
պէս:
Օրհնեա՜լ
ըլլայ
այդ
թշուառիկներու
բարեկամը,
թող
ինք
այդ
որբոց
աղօթքն
հետը
տանի,
անոնք
ալ
իր
յիշատակը,
ինք
որչափ
անհունը
ծածկէ՝
փառքը
չ՚կրնար
ծածկել:
***
*
Երբ
որոտընդոստ
պերճախօս
մը
իր
շանթերը
զգածեալ
համախմբութեան
մը
սիրտը
խրելէ
վերջը
թողուց
որ
մխա՜յ,
ամպիոնին
վրայ
շիկնոտ
դէմք
մ՚երեւաց.
ծափերու
թագուհի
մ՚էր
նա.
թօթուեց
հոն
սիրտը՝
զգացմանցն
այն
բուրվառը ,
կու
գար
իր
ճիչը
ծափերու
ամպրոպի
մը
մէջ
սուզել,
սակայն
ամբոխին
համար
գրեթէ
նորատեսիլ
էր
այս…
ուզեց
ըսել
եւ
զմայլիլ
եւ
թողուց
որ
սրտերը
լուռ
ծափահարեն:
Ո՜հ,
հանճարի
երկնած
շանթերը
շուրթերու
վրայ
կը
մարին
երբեմն,
գոյնն
ու
ձայնն
են
որ
մարդը
պերճախօս
կ՚ընեն:
Երբ
վերոյիշեալ
ատենախօսուհին,
որուն
անունը
յարգանօք
կը
յորջորջեմ,
օր.
Աղ.
Վարդանեան
իր
ատենախօսութեան
մէջ
կ՚ըսէր
«Ես
սիրեցի
իմ
ազգս…
»,
ակամայ
խնծիղ
մը
փոթեց
շուրթերս,
մրմռացի
իւրովի.
սիրեր
է
իր
ազգը.
նման
անոր,
որ
առանց
աղօթելու
կը
պաշտէ
իւր
Աստուածը:
Ուրախ
եմ
որ
չարաչար
կարմրեցայ
այս
թիւր
կարծիքին
վրայ,
հեգնս
փուշի
մը
պէս
հոգւոյս
խրեցաւ,
երբ
լսեցի
եւ
տեսի
ազգասէր
օրիորդին
նպատակն
ու
գործը:
Ազդու
շեշտ
մ՚էր
իր
խօսքը,
որ
եզրակացուց
թէ՝
կնոջ
շուրթերը
ոչ
թէ
միայն
ժպտելու,
համբուրելու
եւ
հրապուրելու
համար
գծուած
են,
այլ
մանաւանդ
ՅԵՂԱՓՈԽԵԼՈՒ:
Պատիւ
կը
համարիմ
ինձ
ծափահարել
սրտի
եւ
մտքի
այդ
վեհ
առաքելուհին: