Բ
Եղեր
են,
բայց
քիչ
մարդիկ
մեր
մէջ
մեր
լեզուին
համար
աշխատութիւն
յանձն
առնող։
Դեռ
մեր
վարժարաններու
մէջ
չկրցան
տառերու
հնչումն
անգամ
ուղղել
կամ
ուղիղ
արտասանել
գիտնալ
ու
սովրեցընել
նոյն
տառերը
եւ
նոյն
տառերով
կազմուած
ամբողջ
բառերը.
զորօրինակ՝
Դ.
տառի
ձայնը
պօլսեցին
եւ
պօլսեցւոց
վարժութիւն
ունեցող
անձինք
կը
հնչեն
թ
-ի
ձայնով,
ռուսաստանցիք
եւ
Տաճկաստանի
գաւառացիք՝
բուն
Հայաստանի
մէջ
ծնած
ու
բնակածները
կը
հնչեն
զայն
թ
-ի
եւ
տ
-ի
ձայնէն
տարբեր,
ճիշդ
գաղղիերէն
d‚
եւ
տաճկերէն
?
տառերու
ձայնով։
Ջ
տառը
չ
-ի
ձայնով
կը
հնչեն
պօլսեցիք,
իսկ
միւսները
ճիշտ
տաճկերէն
?
ջիմ
-ի
ձայնով։
Բ-ը
կը
հնչուի
հոս
փ
-ի
ձայնով,
իսկ
նոքա
կը
հնչեն
գաղղիերէն
b‚
եւ
տաճկերէն
?
ձայնով։
Գ-ը
ք
-ի
ձայնով
կը
հնչեն
ի
Պօլիս,
իսկ
գաւառները
ք
եւ
կ
ձայներէն
տարբեր,
տաճկերէն
?
գեաֆ
-ի
ձայնով։
Ձ
տառը
ց-ի
ձայնով
հնչելու
տեղ
հայաստանցիք
եւ
ընդհանրապէս
դուրսեցիք
գաղղիերէն
բաղադրեալ
gz-ի
ձայնով
կ՚արտասանեն։
Մենք
կը
սխալինք,
այո,
երբ
Բ,
Գ,
Դ,
Ձ,
Ջ
տառերը
Փ,
Ք,
Թ,
Ց,
Չ
տառերուն
տեղ
կը
գործածենք.
եւ
կրկին
կը
սխալինք
երբ
Պ,
Կ,
Տ,
Ծ,
Ճ
տառերն
ալ
Բ,
Գ,
Դ,
Ձ,
Ջ
տառերու
բուն
ձայներով
կը
հնչենք,
որով
մէկ
կարգն
բոլորովին
աւելորդ
կը
մնայ։
Դիտողութիւն
կը
վերցընեն
նաեւ
Ղ
եւ
Խ,
Հ
եւ
Յ,
Ւ
եւ
Վ
տառերու
հնչմունքը
եւ
այլն։