Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Զ
       Իմ ձեռնհասութենէս առ այժմ վեր է այս կարգով գոհացուցիչ գործ մը պատրաստել, միայն յիշելու համար գրեցի։ Յիշելու, թէ հովիւն իրեն ոչխարի գոմին կազմութեան կերպին եւ տեղւոյն անուններն ունի, իւր ոչխարներու տեսակին եւ անոնց մէջ երեւցած ախտերուն անուններ կուտայ. ցաւ կայ, որ խոտերու արմատներէն կաթ կը հանէ, անով դեղ կ՚ընէ իւր գառնուկի վէրքին կամ ցաւին. զորօրինակ՝ պողի կաթը քսելով՝ ոչխարի վրայ եղած որդերը կը սպաննէ, եւ որդերու կերած մսին տեղ նոր միս կը շինէ։
       * ։ Հիւսն եւ դարբինն՝ իրենց գործիքներու անունները, ջաղացպանն՝ ջաղացքին, դերձակն՝ իւր ձեւածներու կտորներուն եւ կարած տեսակներուն, ոսկերիչն՝ իւր շինած զարդերուն, տուն շինողն՝ տան զանազան մասերուն եւ ձեւերուն զատ-զատ անուններ կուտայ. զորօրինակ, տան մը այն մասին վանեցիք երեսբաց կը կոչեն, որ պատշգամն է։ Արապահ, որ տանիքներուն շրջապատը իբրեւ պարիսպ կը բարձրացնեն, որով աւելի կը բարձրանայ շէնքն եւ ոչ միայն կը պատսպարուի գողերէն, այլ եւ ծակեր ունենալով՝ իբրեւ ամրոց կը ծառայէ։ Եւ կամ, որպէսզի փողոցէն չտեսնուին տան ընտանիքը, երբ տանիքը կ՚ելնեն գարնան ու հոն տեղ կը նստին իրենց ճախրակը կը մանեն, սանդերքով բուրդ կը գզեն, թաթ, թաթպան կը հիւսեն, միջան կը քրքրեն, ասեղով շապիկ ու գտակ կը նխշեն, խօնջան կը շինեն, ուլնիկ կը շարեն եւ այլն։
       Ջորոթան, տանիքներու վրայ դրուած փայտէ խողովակ է՝ կէս տապակած, յորում ժողվելով անձրեւի ջրերը եւ հալած ձիւները, յորդ եւ շառաջ ձայնիւ կը թափին փողոցը։
       Կան այնպիսի իրեր, որք Վասպուրականի մէջ ուրիշ բառով կը կոչուին, Տարօնոյ մէջ ուրիշ, Կարնոյ մէջ ուրիշ, թերեւս ուրիշ տեղեր ալ բոլորովին ուրիշ. զորօրինակ կարնեցւոց եւ բասենցւոց անուանած գուլպան մշեցին կ՚անուանէ բուջ, վանեցին՝ թաթ. ձեռնոցը մշեցին կը կոչէ թաթնոց, վանեցին՝ թաթպան։ Առջկան վասպուրականցւոց բառով այն գործիքն է, որով բուրդ, բամպակ‚ ապրշում կը մանեն ոտքի վրայ, բուրդի կամ բամպակի գզակը բազկին վերայ ունենալով եւ թել եղած կաժը առջկանի կոթին վրայ փաթթելով. եւ որովհետեւ այս գործիքին բարակ պոչը առջեւէն ծունկին վրայ գլորելով՝ թող կուտայ օդին մէջ, ասով թելը կը մանուի եւ կանել ու մանել միեւնոյն նշանակութեամբ գործ կ՚ածեն։ Այս կ՚ստուգաբանուի առաջքով կանել. այս բառը մշեցիք կը կոչեն քարման ։ Կտաւագործի սանտեռք, մասրան, վիլակն, շուղ, հինածն, ստեծն. բամպակ գզելու լարն ու աղեղն եւ այլ մանր մունր գործիքներն զանազան պէտքերու եւ արհեստներու՝ իրենց անունով։