Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԱ
       Մշոյ դաշտի արեւելեան հիւսիսը կայ մէկ լեռ Նէմրութ անուն, որոյ մէկ երեսը կը նայի Պուլանըխայ եւ Մանզկերտու կողմը, մէկ երեսը Խլաթն է առ ափն Վանայ ծովուն, եւ միւս երեսը Մշոյ դաշտն է։ Իւր թեւի տակն ունի նաեւ մէկ փոքրիկ եւ իրմէն բաժան լեռ մը տանձաձեւ‚ սեւ եւ լերկ։ Այս փոքր լեռն է Գրգուռ, որոյ ներքեւն է Ջրհոր գեղը։ Ջրհորի ձախ կողմն է Շամիրամ գեղը, եւ առջեւը Դատվան գեղը՝ Վանայ ծովուն նաւահանգիստը։ Ռահվայ դաշտն, որ ահագին տարածութեամբ եւ ամայութեամբն կ՚երկարի այս լերանց ոտներէն մինչեւ Բաղիշոյ ձորը եւ մինչեւ Խոյթայ լեռը եւ որ իւր մէջ ունի քանի մը քարաշէն խաներ։ Այս Ռահվայի ձմեռը եւ ձիւները անասելի շատ են ամէն տարի, եւ բուքը պակաս չէ։ Ուղեւորները իրենց պատսպարան կ՚ընեն այդ խաները եւ շատ անգամ քանի մը օր կ՚արգիլուին անոնց մէջը փակուած։ Ասոնք կը լինին որջ աւազակաց, եւ շատ անգամ միամիտ եւ անճար ուղեւորները հոն ապաստանած ժամանակ կը լինին բաժին այդ չարագործաց։ Նաեւ զանազան արհաւրօք լի պատմութիւններ կան այդ խաներուն վրայ։
       Դատվան գեղէն Ջրհորի սահմաններով դէպ ի Նէմրութ՝ ի դաշտակողմն գնալով՝ կը տեսնես կարգ մը տնկուածի կամ կանգնուածի պէս սեւ քարեր, որոնք հեռուէն եւ մութ ժամանակ կրնան խաբել զմարդ՝ թէ կարաւան են անոնք կամ մարդ եւ ուղտ։ Տեղացիք Բէլի ուղտեր եւ ուղտապաններ կ՚անուանեն զանոնք եւ որոց համար կը վիպասանեն ու կ՚ըսեն, թէ. «Կռապաշտ թագաւոր է եղեր Բէլը եւ մեծ զօրքով եկեր հայոց թագաւորի ու երկրի վրայ կռիւ։ Հայոց թագաւորը Աստուծոյ ձեռնով սպաներ է զԲէլ եւ հաներ Նէմրութայ գլուխ, այն տեղը փորեր, թոնիր շիներ, մէջը կախեր վառեր է։ Աստուծոյ հրամանքով այն կրակը ջուր է կտրեր, զմոխիրն հողի տակ իջուցեր, որ չեղնի քամին անոր փոշին տանի։ Բէլի մարդիկ եւ ուղտերն ալ իրենց վախէն քար են կտրեր։ Մինչեւ այսօր թոնիրն ու ջուրը կայ, եւ այն ջուրն է, որ սարի տակով կ՚իջնայ, Մեղրագետի ակնէն կը բղխէ եւ այդ գետը կը կազմէ»։ Մեղրագետի ակն կլորակ աւազան մի է Մշոյ դաշտին մէջ՝ Օձ քաղաքին մօտերը։ Աւազանի շուրջը սալարսած են քարերով, եւ անոր մօտ գմբէթ մը կայ։ Ջուրը այդ կլոր աւազանի ընդարձակ գոգէն կը բղխի՝ աւազներ հանելով իւր հետ, եւ պղպջալով կ՚ելնէ ոչ մէկ տեղէ, այլ բազմաչեայ։ Այս ակի բուն բղխման վրայ ընտիր վէպեր ունին տեղացիք։ Կը ցաւիմ, որ առ ձեռն չունիմ զանոնք գրելու։ Միմիայն ապացուցանելու համար, թէ այդ ջուրը Նէմրութայ գանգի լիճն է, հետեւեալը կը յիշեմ, որ կը պատմեն։ Իբրեւ թէ. «Հովիւ մը խաշինք կ՚արածացընէր Նէմրութայ լճին եզերքը։ Ոչխար դարձընելու համար, ըստ սովորութեան, իւր ձեռքի ցուպը կը ձգէ, ոչխարը կը դառնայ‚ հովուի փայտը լճին մէջ կ՚իյնայ եւ ջրի պտոյտքին մէջ կը կորսուի։ Օրեր կ՚անցնին։ Օր մը այդ հովիւն իւր ցուպը ուրիշ հովուի մը ձեռք կը տեսնէ, կը պահանջէ, հարկ կը լինի ապացուցանել։ Կ՚երթան գեղի մեծաւորին քով, եւ ցուպին բուն տէրը կ՚սկսի իւր ապացոյցը յառաջ բերել, թէ. «Ես յիսուն տարի է հովուութիւն կ՚ընեմ, ամէն մէկ տարին մէկ-մէկ ղազի քսաննոց ոսկի վարձք առեր եմ եւ, իմ ցուպին մէջը փորելով, ոսկիներս հոն լցրել եմ»։ Ցուպը կուտան իրեն, կը բանայ իւր փայտէ քսակի բերանը, իրօք 50 ոսկին վար կը թափի. կը տիրէ իւր ցուպին։ Եւ երբ գտնող հովիւին կը հարցնեն, թէ ուստի՞ ձեռքդ անցաւ այս փայտը, կը պատասխանէ. «Մեղրագետի ական բերանը մղլած էի ոչխարներս, ջուրը իւր փորէն դուրս հանեց զայն»։
       Արդարեւ նայելով Հայոց ձորին, ուր Հայկի եւ Բէլի ճակատամարտը եղեր է, եւ զԲէլն սպաննելէն զկնի երբ Հայոց ձորէն Հարք գաւառը պիտի դառնայ Հայկը՝ իւր բնիկը, ուղին այս տեղով ուղիղ կուգայ, եւ այս Նէմրութ լեռը, ինչպէս անունն ալ Նեբրովթ է, որ Բէլայ անունն է, իւր դիրքով միայն յարմարութիւն ունի Խորենացւոյն ասածին, թէ. «Հանեալ կախէ ի լեառն մի բարձր զմարմինն Բէլայ ի տեսիլ կանանց եւ որդւոց»։