Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԵ
       Սիփան լեռնադաշտի մը անունն է, որ Նէմրութի գօտին է՝ բարձրադիրք, եւ կ՚երկարի յարեւելս՝ կապուելու այն մեծ ու շատ բարձր սարին ոտքը, որ Սիփանայ սար կ՚անուանուի. որպէս թէ Նէմրութն լինէր Բէլը, եւ Սիփանը՝ մեր Հայկ, որ զԲէլն իր ոտքին տակ կապած է։
       Վերին եւ Ներքին Սիփան անունով հայոց գեղեր ալ կան այս գօտիին վրայ, եւ ուրիշ զանազան գեղեր ալ։ Խիստ անուանի է՝ խոտաւէտ եւ օդաւէտ լինելով, ուստի կը տեսնուի ետեւէն Պուլանըխայ մէկ մասն եւ Մանազկերտ, իսկ առջեւն են Խլաթ եւ իւր գեղերը‚ Արծկէն եւ իւր գեղերը, Խոռանց մեծ գեղը, Սքանչելագործի վանքը եւ այլն։ Այս առջեւի մասն անուանածս Վանայ ծովու երեսն է, եւ ընդհանրապէս ծառազարդ են բնակութիւնները եւ, բաւական զառ ի վեր դիրք մը ունենալով, պատուական եւ առատ պաղ-պաղ ջրեր կը հոսեն։ Բնակիչը կը վայելէ Վանայ ծովու անմահական օդը, անոր գեղածիծաղ երեսը, Վանայ բերդին ու իւր այգեստանեաց, Արտամետու ծառաստանեաց եւ յայնկոյս եղած ծովեզերեայ բոլոր շինից եւ աւանաց սքանչելի տեսարանը, ամենացանկալին՝ Վարագայ լեռը, Հայոց ձոր, Ռշտունիք, Շատախու եւ Մոկաց լեռները, Նարեկացւոյ Առ տէրը, Աղթամարայ, Կտուց եւ Լիմ անապատաց կղզիները եւ սուրբ տաճարաց երկնանման գմբէթները։ Ծովու հարաւային կողմէն ալ Կարճկանից անտառները եւ ծովու երեսը լողացող առագաստաբաց նաւերը։ Ելիր մէկ վայրկեան այս Սիփանայ հովիտը, թաւալի՛ր, հանգիր, շնչէ անմահական ծաղկանց եւ դալարեաց մէջը, ուր վտակ կը խոխոջի, ուր սոխակը կը դայլայլէ, ուր կռունկը կը կռայ, ուր ծովը առջեւդ կը ծփծփայ, երջանկացիր քիչ մը։ Է՜, տէ ել, Քիւրդ Մողրովի խոտնոցն է այդ. այս տեղը Հասնանցի Քրդերու տեղն է։ Ե՛լ, քիչ մը յառաջ երթանք։ Ահա Սիփանայ սարը, այդ ահագին, բարձր մասիսակերպ սարը, զոր եւ Թովմաս Արծրունին Մասիք կ՚անուանէ եւ գերմանացի Վակները՝ Գոռոզ լեռ։ Բնակիչները մէկ բան կ՚երգեն այս լերան վրայ, իբրեւ հին երգ, եւ կ՚ըսեն.
       -Նոյայ տապանն եկաւ ի Սիփան,
       Ասաց.
       «Սիփան, ա՛ռ զիս, ա՛ռ զիս»։
       Սիփանն ասաց.
       «Գընա՛ ի Մասիս, գընա՛ ի Մասիս,
       Որ մեծ է, քան զիս, որ բարձր է, քան զիս»։
       Տապանն Կորդուաց լեռներէն գալով առ Սիփան՝ Գրգուռայ գլխով անցեր եւ, քսուելով կամ գրգռուելով, այս լերան սուրուխ գլուխը տաշեր անցեր է եղեր։ Սիփան լեռը վեհափառաբար իւր ձիւնոտ գլուխը ամէն բարձր լեռներէն վեր կը ցուցընէ Վասպուրականի եւ Տարօնոյ բոլոր կողմերէն գրեթէ։ Իւր ծովային երեսը խիստ զուարթ է, բայց մէկալ կողմը, զոր տարածուած է երկարօրէն Մանազկերտու դաշտը, պստիկ-պստիկ ու կլորակ աստիճանաբար բլուրներ ունի ձեւացուցած, որ սեւ ու քարուտ են։
       Միտքդ բե՛ր Յովբը, որ իւր ցաւոց օրերու մէջ պառկած լինէր մէկ կշտին, ծունկ ծունկի դրած, ոտները ձիգ պարզած, մէկ ձեռքի արմունկը գետին եւ թաթը երեսին, գլուխը բարձր պահելով՝ կրթնած տքար‚ թափէր արցունք իւր աչքերէն, եւ այդ էր Սիփանայ վտակները։
       Եռային որդերը իւր անձին վրայ, եւ այդ էր Հասնանցի Քրդերը։
       Թափէին իւր գլխու մազերը, տրորուէր գանգի մորթը, եւ երեւէր լերկ ոսկորն ուղեղին. եւ այդ էր Սիփանայ ձիւնապատ ու սառոյցի որդերով եռացած գագաթը։
       Թշնամանէին զինք իւր հացն ուտողները, դրացիներն ու բարեկամները, եւ ատոնք էին Լաթառայ շեխեր ու աւազակ ֆախիները։
       Իւր կշտին ու կողին վրայ հանէր խոցերը, ու այդ նման էր Սիփանայ սեւ-սեւ, կոյտ-կոյտ բլրակներուն։
       Արդէն վաղուց մեռեր էին իւր դստերք ու որդիք. թալան տարեր էին իրեն ոչխարի հօտն, անդեայք, ուղտք, էշք եւ ջորիք։
       Այն մեծ տարածութիւն Մանազկերտու դաշտին, որ քար ու քռայով (այսինքն մանր եւ մեծ ժայռերով) լի է, անբոյս, անմխիթար եւ տխուր, դա ասես լինէր Յովբայ աղբիւսը եւ խեցիները, որոնցմով իւր վիրաց թարախն է քերեր։
       Այս է այդ լեռան համառօտ նկարագիր։
       Բայց վէպը կը պատմէ բնակչաց բերնով, թէ՝ Սիփանայ սարը հայոց մեծ թագաւորի բերդն է եղեր։ Թէ՝ մէկ ծածուկ դուռն կայ այդ սարին, որ մանազկերտցի Քիւրտ մը միայն գիտէ, եւ ատոնց պապենական սեպհական աւանդութիւն է, որ միայն հայրն իւր տղային ծանուցանէ։ Թէ՝ տասն տարին մի անգամ այդ քիւրդը Սիփանայ դռնէն ներս կը մտնէ կ՚երթայ եւ քանի մ՚ օր դուրս չելլեր։ Թէ՝ այդ Քիւրտը, թէպէտ եւ դուռը ցոյց չտար, բայց կը պատմէ, թէ ահագին քաղաք մը կայ շինուած Սիփանայ տակ՝ կամարակապ ու հաստատ շէնք։ Սաստիկ քամի կը խաղայ մէջը, բայց լոյս չկայ։ Թէ՝ տներ, պալատներ, շուկայներ ու հրապարակներ կան մէջը։ Թէ՝ մէկ քանի երկաթէ դռներ կան, որ միշտ գոց են եւ մենք կը կարծենք, որ թագաւորի ճակերը (զէնքեր) այնտեղ լինին։ Թէ՝ ամբար մը լցուն եփած չոր հաց կայ, պաքսիմաթ։ Թէ՝ մեծ գետ մը քաղաքի մէջէն կ՚անցնի»։ Եւ այլ շատ աւելի բաներ, որոնք չկրցայ ամբողջն իմանալ ու գրել։ Ափսո՜ս։ Սիփանը այդ շրջապատող գաւառներու առհասարակ բնակչաց Ողիմպոսն է եւ Պառնաս. իրենց սէրն ու դիւցազնութիւնը անոր կը նուիրեն։ Մուսայից եւ քաջաց միանգամայն շնորհատու կը դաւանեն զայն։ Աւազակները անոր մեծ ու ընդարձակ խորշերու եւ այրերուն մէջ կ՚ապաստանին. զէնքի եւ ձիու կրթութիւնը Սիփանայ լեռնադաշտին մէջը կ՚ուսանին. գեղերու հօտաղները եւ դաշտը հաց բերող աղջիկները, երբ իրարու սիրահարին, կ՚առեւանգեն զիրար եւ Սիփանայ կ՚ապաստանին։ Սիփանայ դալարաւէտ մարգերու մէջ վրանի տակ բնակող ոչխար կթող Քիւրտ աղջիկները, երբ երիտասարդ Քիւրտ խոռթ հովուի մը սիրահարին, նախիրէն կը բռնեն կրտած ձի մը եւ, զոյգ հեծած անոր գաւակին, ուղղակի կը քշեն Սիփանայ սարի սարաւանդները։ Ձիու գլուխը ետ կը դարձընեն, վարոց մը կը զարնեն. ձին կը դառնայ իւր երամին՝ ամենայն հաւատարմութեամբ գաղտնապահ լինելով եւ ոչ ումեք պատմելով իւր բեռին ուր լինելը։ Թէպէտ գիտնան ալ փախուցելոց պապն ու մամը, բայց չեն երթար ետեւէն՝ պատկառելով կամ պատիւ պահելով Սիփանին, ինչպէս Լոնտրայէն ետ չեն առնուիր հոն փախչող եւ ապաստանող քաղաքական յանցաւորները։ Այս է պատճառը, որ այդ Հասնանցի Քրդերը իրենց քաջաց յաղթելուն երգը կամ քաջաբար մեռնելու եղերգը միշտ Սիփանայ կոչումով կ՚ոգեւորեն, անոր անունով կ՚օծեն իրենց տաղին տողերը, եւ բանին բառերն ու տուները, եւ անոնց սիրահարական շատ մը երգերու զարդն ու խանդն Սիփանայ սարն է. թէպէտ լինին ասոնք քրդերէն լեզուով, բայց շատերու յօրինողք Հայեր են։ Նշանաւոր է այն խաղը, որ կ՚սկսի այս բառերով. «Սարէ Սիփանէ՜…», որուն մէջ կը պատմուի սեւ տղայի մը ու աղջկան մը վէպը, որք, միմեանց սիրահարելով, փախած են Սիփանայ գլուխ եւ երեք օր, երեք գիշեր առանց հացի, զիրար սիրելով միայն ապրած են։ Բայց երբ քաղցը նեղեր է զիրենք, սեւ տղան հրացան առեր ելեր որս մը զարնելու, գոնէ զայն ուտեն ու քիչ մը կազդուրուին։ Աղջիկն ալ քարի մը վրայ կայնած կը դիտէ։ Սեւ տղան կը պատահի եղնիկի մը, հրացանը կը պարպէ, կը դիպցընէ եղնիկի կողին, արիւնը կը հոսէ, եղնիկը կ՚եղնի վիրաւոր եւ կ՚ուզէ վազել, բայց կ՚իյնայ…։ Սեւ տղէն զինքը կը ձգէ, որ եղնիկը բռնէ, չփախցընէ, եւ ահա ինքն ալ գահավէժ կը հոսի քարերէն եւ կտոր-կտոր կ՚իյնայ մեռեալ։ Աղջիկը, ծնկներուն զարնելով, վարսերը փետելով, կը նստի քարին վրայ, աջ ձեռքը երեսին, ձախ ձեռքը վէր ծծերուն դրած, կ՚սկսի սրտառուչ սարսուռով մը իւր ողբը ողբալ, յորում կը կշտամբէ սեւ տղայի խստասրտութիւնը, թէ. «Ինչո՞ւ մինակ ելաւ որսի»։ Թէ. «Ինչո՞ւ զարկաւ եղնիկին, որ գուցէ այն ալ սիրական մ՚ ունէր իրեն այս վայրերուն մէջ մեզ պէս»։ Թէ. «Ահա սիրոյ Աստուածը արդար ու վաղահաս ըրաւ իւր դատաստանը»։
       Կ՚անիծէ խստասիրտ մարդիկ, որ արգելք կը լինին բնական սիրոյ եւ այսպիսի աղէտից առիթ կը լինին։
       Թէ՝ Իրեն համար ելաւ լեռը ինքն, իրեն համար եւ իրեն հետ կը մեռնի։
       Եւ ահա ինքզինքն ալ կը գահավիժէ քարերէն ի վայր սեւ տղայի սիրոյն ու մահուանը վրայ։