Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԶ
       Վանայ ծովու շրջապատէն ընթանալով՝ կ՚սկսի Ալատաղի գօտին, որ է Ծաղկէ լեռը, որոյ տարածութիւնը կ՚երթայ մէկ կողմէն Ալաշկերտ։ Բայց մենք Աղիովիտն՝ Արճէշն, Առբերանին եւ Բերկրին հանդերձ շատ մը Հայու անունով ու Հայու բնակիչներով լի գիւղեր ու գմբէթով վանքերը, եկեղեցիները, դալարախիտ հովիտները եւ արտ ու անդաստան, Բէնդի մահու գետը եւ աւազի չափ շատ ու մանր տարեխ ձուկերը տեսնելով՝ ի հիւսիսոյ դառնանք դէպ ի Վան։ Եւ ահա Բազ բլուրը հոս է՝ վայր աննման առ ծովուն, ջրով, խոտով եւ օդով անզուգական, ինչպէս նաեւ անուամբ նուիրական։ Ոչ այս կողմերու եւ ոչ Ալատաղի սարին ու քարայրներուն, ոչ Թոնրիկի հրաբուղխ լեռան եւ ոչ անոր կողմերէն բղխած ծծումբի ջրերուն, ոչ Աբաղու դաշտի 366 աւեր գեղերուն եւ անոր մէջ ցցուած ապառաժներուն վրայ եղած վէպերը չեմ կարող յիշել։ Ետ դառնանք նորէն Սիփանայ տակը եւ անցնինք Մանազկերտը։
       Թաշգըն անունով Քրդու գեղ մը կայ հոս, եւ շեխ մը, որ անյիշատակ տարիներէ յետէ ատոր ազգ եւ տունը այս գեղն է իբրեւ թէ։ Ութն քայլ մեծութեամբ գերեզման մը կայ այս շեխի տան առջեւ՝ գեղի բերան, որ քարակոյտով մը բարձրացած է։ Անց ու դարձ ընողները եւ մերձաբնակ հայերը այդ գերեզմանին կ՚ըսեն Ազնաւուրին գերեզման, իսկ շեխը կ՚ըսէ՝ իմ նախնիս է, զոր կը մեծարէ իբրեւ մարգարէի շիրիմ։ Այդ գերեզմանը եւ Թաշգըն գեղը Մանազկերտու մէջն է, ուր էր Հարք. եւ այսպէս հսկայ գերեզման մը եւ ազնաւուր, որ է ազնաւոր, ազնիւ, ազն բառը՝ իբրեւ տոհմային գլուխ, տանուտէր ազգի՝ նշանակութիւնը կուտայ։ Ես չեմ կրնար վարանիլ ըսելու, թէ դա գուցէ Հայկին, կամ Հայկակի մը, կամ վերջապէս հայ նահապետի մը գերեզմանն է։ Այսպիսի մեծադիր եւ ազնաւուր անունով գերեզմաններ կը գտնուին ուրեք ուրեք, եւ այդ անունէն ու մեծութենէն ինձ կը թուին, թէ հայոց նշանաւոր Հարանց հսկայից, կամ նախարարաց շիրիմ լինին։ Իսկ շեխերու տիրելուն երբէք զարմանալու բան չկայ. ատոնք կամ հայութենէ դարձած են կամ անհայ գտնելով այդ տեղերը՝ եկեր տիրեր են եւ, իրենց բառովն ըսելով, օճախը շիներ են։ Շեխերը առհասարակ օճախ կ՚անուանեն իրենց տները, իբր թէ հաց, թանապուր մը եւ տաք ջուր մը վառած օճախին վրայ միշտ պատրաստ ունին տալ իրենց տուն եկող-գնացողին, ընդունիլ հիւր, լինել պաշտպան եւ պատսպարան իրենց դիմողներուն։ Բայց շեխութեան անունով շնորհ ունեցած են տէրութենէն շատ մը գիւղեր, ընդարձակ հողեր ունենալ իրենց, անոնց հողային տուրքերն ստանալ գեղացիներէն, որ իբրեւ տեսակ մը ճորտեր ունենալ է, եւ իրենք բոլորովին ազատ լինել հարկէ եւ այլն։ Այս տեսակներէն շատ կան Պուլանըխները, որ է Ապահունիք, Մշոյ դաշտը, Վանայ գեղերը, Խիզան, Մոգս, Ռշտունիք եւ այլն։