Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԷ
       Ապրի գեղը Պուլանըխայ մէջն է. մեծ օճախներ կան շեխերուն այս տեղը, որոց ծերերէն լսելով պատմողներ կան, թէ սոցա նախնիք եղեր են հոռոմ եպիսկոպոսներ։ Յոյները Հայաստանի մէկ բաժնին տիրած էին արդէն մեր Արշակունեաց անկման ժամանակները. իսկ միջին դարու սկիզբներէն մեծն Հայաստան, որ կարելի է ասել այսօրուան Տաճկի Հայաստանի մասը, բոլորովին յունաց բաժինն է եղեր։ Կարինը յունաց կուսակալութիւն էր եւ գաւառ։ Այս մեր ցոյց տուած վայրերն Կարնոյ թեւերն են։ Անբնական չէ, որ յունաց գաղթականներ եկած լինին այս կողմերը իրենց եկեղեցական ուխտիւ, որոնք Քաղկեդոնի բանակները կը կազմէին բարոյապէս եւ կ՚առաջնորդուէին անխնայ ջարդել եւ կորուսել տալու հայոց տուները եւ զաւակները, պաշտօնեայ գոլով Քրիստոսի, պաշտօն վարելով մոգերուն Յազկերտի։ Ադոնց թողուցած աւերակները դեռ կը մխան ու կը ծխան Հայաստանի հողին վրայ, հայոց սրտի եւ գլխի մէջ։ Ասոնք վանքեր եւ եկեղեցիներ ալ ունեցած եղեր են, ինչպէս մինչեւ այսօր ցոյց կուտան Շուշարայ գաւառի մէջ։ Վարդուայ Գոնտէմիր գեղը հերու բլուր մը քակեցին՝ եկեղեցին շինելու համար, քար հանելով։ Բլուրի տակէն տաճար մը երեւցաւ, որ բոլորովին յունական ձեւ եւ շէնք էր։ Ուրիշ շատ կան այդ Շուշարայ, Վարդուայ եւ Խնուսայ կողմերը։ Վերոյիշեալ Ապրի գեղի շեխերու տան (օճախի) մօտը, քար հանելու համար փորելով, գտած էին մէկ մարդաչափ բարձրութեամբ քարէ արձան մը՝ մարդակերպ քանդակուած, որուն վրայ յունարէն գրեր կան եղեր, զոր Մամիկոնեան Վարդան աղան վերցուցեր, տարեր էր՝ շեխերէն խնդրելով։ Արդ, այդ շեխերը, ինչպէս ըսած են, լինելով յունաց եպիսկոպոսներ եւ, ինչպէս որ են նոքա ցարդ, հողի, գեղի եւ ագարակի տէր ու ճոխ մարդիկ, արաբացւոց արշաւանաց ժամանակները, չուզելով իրենց ունեցած կացութիւնը կորսնցընել, փոխեր են կրօնքնին եւ իրենց առջի վիճակը պահելով, միանգամայն եւ կին առնելով՝ վառ պահեր են իրենց օճախը եւ շարունակեր են մինչեւ ցայժմ։ Ասոնք են սաստիկ մոլեռանդ եւ տէրութեան օրինաց հակառակ՝ շատ անգամ զՀայերը կեղեքող։ Եւ այս ախտը կամ բնաւորութիւնը աւելի քաղկեդոնականաց թշնամութեան յատկութիւնն է, քան մահմետականաց։ Ես կը հաւանիմ ընդունել այսպէս…