Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԴ
       Բինգէօլէն վար եղած Արօս եւ Սարլու գեղերէն անցնելով՝ կը մտնանք այն ձորը, որ Ղզլճու ձոր կ՚ըսուի, եւ գետ մը կ՚անցնի ձորամիջով։ Գետնատակի ճանապարհ մը կայ հոն։ Ելլելով անկէց՝ կը բարձրանայ ուղեւորը լերան այն գօտիին վրայ, որոյ ստորոտն է Վարդուայ հովիտը։ Տեղագրութիւն չպիտի ընեմ ես. այս ձորերու, ջրերու, գեղերու վայելչութիւնը չպիտի գրեմ։ Վարդօն շրջապատող գեղեցիկ լեռնագօտիէն, որ Բինգէօլի մասերն են կամ նոյն իսկ Բինգէօլը, կը տեսնուի այդ լեռներու քարեայ մասերուն մէջ բազմաթիւ քարայրեր։ Ադոնցմէ ո՛րը աւազակաց վայր է, ո՛րը վայրի կենդանեաց եւ աղուէսուց որջ են եւ թռչնոց բոյն, ո՛րը գեղի ոչխարաց իբրեւ գոմ կը ծառայեցընեն, գոմ՝ քանի մը հազար ոչխարաց բաւական, ո՛րը ճգնաւորի տեղ կը կարծեն։ Իսկ մէկ քանիները մեղուներուն փեթակ են, որոց մէջ յաւիտենից շինուած կուտուած մեղրերը, մերթ ընդ մերթ զեղլով, ծակերէն դուրս ծորած են, եւ տեղ-տեղ ալ այրերուն դռները ժամանակի ծանր ձեռքով անյայտացած եւ ընդ հողով ծածկուած ըլլալով, զայն կամ հեղեղ մը, կամ վայրի խոզի կնճիթ մը, որ միշտ հող կը փորէ, կամ կռուան գոմէշի մը կոտոշները, որ գարնան նոր արեւ հանուած ժամանակ կը փնչփնչայ եւ, ճակատը ու կոտոշները ուժգին դափրելով, ծառերու արմատին, քարին կամ հողին կը զարնէ, ուժով կը քրքրէ, այս առիթներով կը գտնուին։ Այդ այրերը ինձ շատ հնագոյն կը թուին կամ այն ժամանակուան մարդոցմէ մնացած, որոց մէջ տուն շինելու ճաշակն ու ճարտարութիւնը չէր տարածուած եւ ընդհանրացած եւ, միայն հողը փորելով եւ այսպէս քարայրներ գտնելով կամ շինելով, մէջը բնակած են. կա՛մ անթիւ ու ամեհի գազաններէն պաշտպանուելու համար ըրած են, կա՛մ, ինչպէս մեր պատմութիւնները ցոյց կուտան, բարբարոս ազգաց արշաւանաց ու ասպատակութեանց օրերու մէջ մարդիկ իրենց գոյքը եւ ստացուածքը, շատ անգամ ալ կանայք ու մանկտիք, ապաստան դրած են հոն ու իրենք դիմեր են ի ճակատամարտ։
       Այս վերջին ակնարկս շատ տեղեր յայտնի կը գրեն պատմիչները, ինչպէս Փարպեցին, Վարդանանց պատերազմէն ետքը, կ՚ըսէ. «Մնացեալքն փախեան ի ծերպս եւ ի խորշս լերանց Խաղտեաց յապաստան անմատչելի»։ Թաթարաց արշաւանաց ժամանակ, նոյնպէս կը յիշուի մեր պատմիչներէն եւ այլ ուրիշ տեղեր ու ժամանակները։ Քարայրերը միայն Վարդօ չեն, այլ գրեթէ Հայաստանի ամէն գաւառներու մէջ լցուն են։ Այրեր, որոնք ո՜վ գիտէ ո՛ր դարու յիշատակները եւ կեանքի ու դէպքերու պատմութեան ի՞նչ թանգ ու հետաքրքրական գանձեր ունին թագուցած իրենց մէջ, որք կը մնան անհետազօտելի։ Այս տեսակ այրերէն շատը բնական եղած կը թուին։ Շատեր ալ կան, որոց մէջ կռաններու հետքը կը նշմարուի։