Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԸ
       Եփրատի հետ ներս երթալով՝ կիրճի կապաններով եւ ջրափի մացառներու եւ ձորավայրի միջով կը հասնիս նեղ ու պստիկ երկնքի մը տակ ի լեռնամէջ։ Հոն կ՚երեւի բերդ մը կլորաձեւ, մէկ կողմէն ցամաքին կից, իբրեւ հրուանդան եւ երեք կողմով Եփրատի լճացած ջրերով շրջապատ. ջրէն պատուած երեք բաժինն ալ լերջ եւ սահուն ապառաժ են, իսկ գագաթը տափարակ, ինչպէս գլուխէն դանակով կտրած խնձոր մը։ Եփրատին ջուրը ճիշդ օղակ կամ օղամանեակի ձեւով կը փաթթուի այդ բերդին ու կ՚անցնի կ՚երթայ իւր երկայն ուղին. այս բերդն է անառիկն եւ անմատչելին Ողկան ՝ միշտ նշանաւոր Տրդատէն յառաջ, Տրդատին ժամանակ եւ Մամիկոնեանց օրերուն, որ իւր հետն ունի դարաւոր պատմութեանց յիշատակները։
       Գուռգուռին մէկ քովն է Սեղանսար, որոյ գագաթը ուղիղ տափարակ է ճիշդ սեղանաձեւ, իսկ Գուռգուռին միւս ափն է Սեւ սարն կամ Սեմն, այն է Տօրոսը, որ Մշոյ սար ալ կ՚ըսուի՝ զանազան գլուխներու բաժնուած, բայց, իբրեւ մէկ տան մէջ մէկ գերդաստանի անդամք, իրարու մօտ ծունկ ծնկի, դէմ դէմի պուպուզած, ձորերով, վտակներով, դեղերով լի։ Անթովք լեառն այս լերանց մեծ եղբայրն է ամէնէն բարձր։ Մարութան կամ Մարաթու լեառն ասոնց մէջ սուրբ եւ բարեպաշտն է, որ Մարութա ճգնաւորին եւ եպիսկոպոսին անունով յորջորջուած կը թուի. այն՝ որ սուրբ Շմաւոն եպիսկոպոսի եւ Արեւելեան վկայից նշխարները ի Պարսից բերաւ եւ բիւրաւոր մասունքներ ժողովեց ու մարտիրոսաց քաղաք Նփրկերտը շինեց, որ հեռի չէ այս լեռնէն։ Սասունք կամ Սասնոյ լեառն, որ եղբարց մէջ ամէնէն զօրեղն է եւ անպարտելին՝ երկաթէ կողերովն ու քարոտ գլխովն, եւ որ ասպնջական եղած է Ասորւոց Սենեքերիմ արքայի որդւոց՝ Ադրամէլիքին եւ Սանասարին, Քրիստոսէն հազարաւոր տարի յառաջ։
       Ծովասար լեառն անոնց գեղեցիկ քոյրն է, որ Առաքելոց վանքին մօտ է եւ պստիկ ծով մը ունենալով իւր գագաթը՝ այս անունով կոչուած է։ Այս ծովակին շուրջ բուսած պարկեշտ մանիշակները երկնագոյն մարգեր կը ցուցընեն, եւ անթիւ են տեսակ ու գոյն զանազան ծաղկանց, որ կ՚զմայլեցընեն արարածները իրենց տեսքով ու գոյնով։ Իսկ խաւարծիլն աննման ու յոյժ պատուական է այս սարին։
       Խոյթը, թէպէտ անոնց մէկ կտորն է, բայց խորթ է. դար ու փոս եւ քարուտ դիրք մը ունի՝ կարծր եւ ծուռ ու մուռ փայտերով սաղարթալի, որոյ բնակիչներն ալ նոյնպէս կոշտ, սոպռ եւ ամեհի մարդիկ են մինչեւ ցայսօր։ Խոյթէն կ՚իջնաս Սալնոյ ձոր, ուր Բաղէշն է։ Եւ Ազնուաձոր, որ Գիւզէլտէրէ կը կոչուի։ Կ՚երթաս Կարճկան, Վանայ ծովափը եւ, Սորփ գեղէն անցնելով, մի երկար եւ ձիու կողի ձեւ ունեցող կապուտ գունով լեռ մը կը տեսնես։ Այն է Կապուտկող։ Անկէց Ռշտունիք, Արտօս լեռը, Ոստան, Հայոց ձոր, Վան կամ Տոսպ գաւառը։