Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼԳ
       Հայաստանի մէջ իմ տեսած տեղերը հազիւ գրեթէ կը գտնուի գեղ մը, որ թուխմանուկ չունենայ. թէպէտ քաղաքներու մէջ ալ կը գտնուին։ Ամենափոքրիկ մատուռ մը կամ առանց կաւաշաղախի շարուած քարերով շէնք մը, որոյ մէջ տղայ մ՚ անգամ չպարունակիր, խաչքար մը, ողջ կամ կոտրած, կամ գերեզմանաձեւ շէնք մը, եւ ադոնց մէջ ճրագ ու խընկանոց, ուր կ՚երթան բարեպաշտ կանայք եւ ցաւագար կամ ախտաւոր անձինք՝ ձէթ եւ մոմ վառելու‚ խունկ ծխելու, ծունկ դնելով, կուրծք ծեծելով, լալով եւ պաղատելով իրենց ուխտը կը կատարեն։ Թուխ մանուկն այս է։ Թէ փողոցներու մէջ լինի այն, թէ տուներու մէջ եւ թէ այնպիսի տան մը եւ այգիի մը կամ արտի մը մէջ, զորս Հ այոցմէ առած լինին Տ աճիկները, այսու ամենայնիւ Հայերը ազատ են իրենց սուրբին ուխտի երթալու, սուրբին հրաշքները հռչակելու, որում վկայ կը կոչեն զնոյն իսկ Տաճիկները. եւ այս աւանդապահութեամբ եւ տաճկաց վկայութեամբ՝ թուխ մանուկներէն շատերը շինուած են եկեղեցի, ժողովրդանոց՝ նոյն անունը պահելով թուխ մանուկ։ Իսկ թէ ի՞նչ սկիզբն ունի այդ աւանդապահութիւնը։ Ինձ կը թուի, թէ կամ իրօք Ս. եկեղեցեաց տեղ են եղեր այդ տեղերը, զորս բարբարոսութիւնը քարուքանդ է ըրեր՝ անհետացընելու նպատակաւ Հայոց աշխարհէն քրիստոնէութիւնը։ Բայց սրտի տաճարները, մնալով կենդանի եւ անմահ, նշանակած են այն տեղերը եւ որդւոց յորդի ցոյց տուած ու պաշտած, շէնքին տեղը եւ անոր հողն ու քարը նուիրական են պահած։ Եւ կամ, հալածանաց դարերու եւ տարիներու մէջ‚ սուրբ հաւատքի համար նահատակուողներու արիւնը թափուած կամ անոնց թաղուած տեղերն եղած են‚ զորս նոյնպէս պաշտելի պահած են։ Եւ եթէ թուխմանուկ կոչուելուն եւ անուան ուշադրութիւն տանք, թերեւս լինին դոքա մանուկներ՝ խլուած իրենց մայրերու ձեռքէն կամ կպած անոնց ստինքին եւ գրկին մէջ, մորթուած քրիստոնէութեան անուան եւ սիրոյն համար, թուխ գոյն ստացած՝ բոսորային արեան մէջ թաթախուելով, որոց յիշատակի համար յատուկ պատմութիւն մը չկայ, բաց ի այն սրբազան երգէն Շարականոցին, որ է. «Կամաւոր պատարագք, մանկունք տիօք եւ կատարեալք իմաստութեամբ, որք փոխանակ կաթին արբիք զգինին զմայլեցուցիչ, բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց եկեղեցւոյ»։