Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼԷ
       Խօսիմ մէկ քանի աւանդութեանց վրայ եւս։
       Վարդավառի տօնին, այնինչ եկեղեցին Քրիստոսի պայծառակերպութեան աստուածային տօնը կը տօնէ, նոյն օրը‚ բոլոր ժողովուրդն Հայոց՝ արք եւ կանայք, ծերք եւ մանկտիք, ջրախաղութիւն կը կատարեն. թէ՛ տուներու մէջ եւ թէ՛ փողոցները, կամ դաշտերու մէջ, գետերու ափին կամ աղբիւրներու ակին ու առուակին մօտ խմբուած զիրար կը դնեն ի ջուր կամ գոնէ կուժերով իրարու վրայ ջուր կը թափեն։ Հայոց նաւասարդն է Վարդավառը։ Թողլով Վահեւունեանց տօնի հանդէսն ի Տարօն, զոր կը դիւցաբանեն հնագէտն եւ բանագէտն Մ. Թաղիադեանց իւր Սօս եւ Սօնդիպիի մէջը։ Նաւասարդը հայոց առաջին ամիսն է, այսինքն՝ երբ մարդկութեան երկրորդ սկիզբն եւ հայրն Նոյ նաւով հասաւ ի Մասիս՝ փրկուելով ջրհեղեղէն Աստուծոյ նախախնամութեամբ, եւ երբ իջաւ Նախիջեւան, զոհեց Աստուծոյ, այն օրէն առաջին ամիսն սկսաւ նորոգեալ աշխարհին՝ անուանուելով Նաւասարդ։ Եւ Նոյ, որպէսզի ջրհեղեղին յիշատակը անմոռաց պահեն մարդիկ, պատուիրեց իւր որդւոց ջրով ջրոտել զիրար։ Ինչպէս նաեւ կայ Վանայ մէջ մէկ արարողութիւն մը եւս, որ նոյն Վարդավառի օրը բնակիչք թաղ թաղ բանակ կը կազմեն եւ իրարու դէմ պարսետով եւ փայտէ նետով ու աղեղով կռիւի կ՚ելլեն՝ իբրեւ խաղ։ Այս եւս կարելի է Հայկավանից բնակչաց հին աւանդութիւն համարել՝ իբրեւ յիշատակ պատերազմին Հայկայ ընդ Բէլայ։
       Վարդավառի տօնին աղաւնի թռցունելու աւանդական յիշատակն ալ յայտնի է, որ միայն հայոց սեպհական արարողութիւն է՝ ի յիշատակ Նոյի արձակած աղաւնւոյն, զոր կը շարունակեն Հայաստանի շատ գաւառները, եւ ի Պօլիս Իւսքիւդարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութեան օրը, Վարդավառին աղաւնի կը թռուցանեն, եւ այդ տօնը ուրիշ ազգերէն անուանուած է գիւվերջին փանայիրի՝ տօն աղաւնեաց։ Նոյայ որդւոց, Նախիջեւանու բնակչաց հայոց գաղթականութեան հետ, այս ջրհեղեղեան եւ աղաւնեթռուցիկ տօնն ալ գաղթական եկած է մինչեւ ի Վոսփոր։