Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼԹ
       Ես ինքս ալ վաղուց սկսած էի ճաշակս եւ գրիչս սիրել տալու այդպիսի առարկայից, եւ Արծուի Վասպուրականի մէջ ի Վարագ տպագրել տուի Վանայ պառաւանց աղօթքը եւ այլն։ ՚Ի Մուշ ալ Տարօնոյ Արծուիկի մէջ մշեցւոց լեզուով գրուածքները եւ քանի մը երգեր տպագրեցի։ Բայց որովհետեւ միշտ Արծւոյ թռիչը խափանեցին, եւ Արծուիկը խոցոտեցին‚ երկու քի շարունակութիւնն ալ վատութեանց եւ մատնութեանց զոհ ընելով։ Սակայն որպէսզի չխոտորիմ գրութեանս ընթացքէն, ուրիշ բան մը չեմ ըսեր այս մասին։ Իսկ ես երբեմն ի Վան, երբեմն ի Մուշ, երբեմն ի Պօլիս, երբեմն ի Կարին, յաճախ եւ ընդ փոյթ կը տեղափոխուէի վրաս եղած հարկէն եւ իմ նուիրական բաղձանքիս՝ գրասիրութեանս հակառակ միշտ դատապարտեալ էի այնպիսի պաշտօնական ծառայութեանց, որ էր մշակութիւն, տնտեսութիւն եւ անձանց վարչութիւն… վասն որոյ հաւաքածներէս եւ աշխատասիրածներէս բաւական բան կորուսած եմ եւ ամէն բանէն աւելի ժամանակս։ Այսուամենայնիւ, տակաւին ի ձեռին ունիմ հրատարակելու արժանի բաներ՝ թէ՛ հին, թէ՛ նոր, զորս կը խոստանամ հետզհետէ ի լոյս ածել։