Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.
ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Քիչ դէմք՝ որ այնքան հարազատօրէն արտայայտէ գործ մը որքան ան որ մեզ հասած է Պարոնեանէն։ Լուսանկարի փառքի օրերէն երբ մեր եկեղեցականները, գրողները այնքան տենդագին ունայնամտութեամբ մը իրենք զիրենք յաւակնած են խաւաքարտեայ անմահութեան մը վստահիլ, Էտիրնեցի գրողէն մեզի հասած են շատ քիչ լուսանկարներ դէպ է յիշել նորոյթին հանդէպ Պարոնեանի վրէժխնդրութիւնը Մեծապատիւ Մուրացկաններ ուն մէջ ուր այնքան յաջող ուրուագիծի մը մէջ սեւեռած է սպրիկ այդ տիպարը, լուսանկարիչը, նոյն ատեն զայն կարելի ընող ընդարձակ ունայնամտութիւնը)։ Մարդոց ֆիզիք դէմքը գրականութեան մը պատմութեան մէջ վաւերագրական տարողութիւն մը ունի անշուշտ, բայց միշտ ալ անարգաւանդ ցոյց մը չէ: Սա տողերուն հետ ինծի կ՚այցելեն ծփանուտ, թանձր, լայն փողկապները, կուրծքը վերէն վար «հանդերձող պատկառելի բլասդրոն ները, յարդարուն, ԺԸ. դարու կեղծծամերը յիշեցնող գլուխները, եւ խոշոր, posé, հանդիսաւոր նկարները լուսա որոնցմով մեր Զարթօնքը, քիչիկ մը Ռոմանթիքները, մանաւանդ Դէպի Իրապաշտները խումբը իրենց գրողի, գործիչ եւ լուսապսակները յօրինեցին: Արտասանեցէք մտովի 1848, 1860, 1885 թուականները։ Ձեզի խուժող անունները, ատոնց զուգորդ, լուսանկարներ են ամէն բանէ առաջ։ Բայց այդ թուականներէն ձեզի խօսողը մինակ այդ մարմնական ճաշակները չեն, այլ մանաւանդ սերունդներու իմացական հանգամանքը։ Հերարձակ, կոճկուած, տարածուն, խստաճաշակ, առնուազն իրենց շուքերով ծանրաբեռն մարդեր էին խաւաքարտին ինչպէս պարզ թուղթերուն - իրենց գիրքերուն վրայ, ու կը պտտէին իրենց ժողովուրդին մէջ հովովը Եւրոպաներուն, յեղափոխութիւններուն, մշակոյթներուն որոնց հաղորդ էր ըրած զիրենք իրենց երիտասարդութիւնը, ուսման տարիները

Ոչի՛նչ, սակայն, այդ ամենէն Յ. Պարոնեանի շատ աղքատ, շատ պարզուկ դիմանկարին առջեւ: Խիստ, գուցէ չոր, մաը անոր գիծերը կը պատշաճին խիստ, մաշած, վաւերապէս աղքատ զգեստի մը հետ որուն է յանձնած այդ դժբախտ մարդը իր կործանած կուրծքին… փառքը, ծիւրախտին մանրէներովը արդէն դրուած… փտելու: Այդ դէմքին վրայ շատ պայծառ վկայութի՛ նը՝ այն գետնաքարշ կեանքին որուն մէջ սահեցան անոր տարիները, անպատմելի թշուառութեամբ մը` ներսէն, ու անզգած ռոշնութեամբ մը` դուրսէն։ Ո՛ չ մէկ թռիչք, ո՛չ մէկ հով, այնքան հաստատելի բաներ ասոնք, շրջանէն մեզի հասած լուսանկարներուն վրայ: Կարծես անկիւնի նպարավաճառին խանութէն իր պզտիկ գնումները տրտմութեամբ փոխադրող մարդ մըն է, նեղ բայց քիչիկ մը բաց ալ ճակատով, հոգէն ինչպէս դուրսի ու ներսի, տան ու զաւկի, ապրուստի ու պարտքի ցաւերէն փոսացած աչուըներով որոնք նայելու տեղ կենային, գամուէին, փնտռէին ձեր տրամադրութիւնը, հաւանաբար թաքուն համակրանքը, չլսելու համար արգահատանքը (զրկանքը, որբութիւնը, հալածանքը, ձախողութիւնը մեզմէ անկախ յօրինիչներն են մեր հոգիին), այնքան ամէն բան այդ դէմքին մէջ գործը կը ներկայացնէ Պարոնեանին։ Յետոյ, ինծի անծանօթ չէ տիպարը, իր ընդհանրութեանը մէջ, Պարոնեանի ծննդավայրէն։ Չոր, խոհեմ, քիչիկ մը կորաքամակ, վասնզի բաւական բարակ, ծանր գլուխ, երբեք ցուցամոլ, սկեպտիկ ու թափանցամիտ, գրեթէ խելացի։ Աս էր իմ տպաւորութիւնը Անդրապոլսեցիներէն։ Անոնց երեսներուն ես չտեսայ քնքուշ, բաց, գրավիչ մոյնքը որ Պոլսեցիները կը յատկորոշէ, երկու սերունդ վերջը։ Չտեսայ, դարձեալ, դեղձան թարմութիւնը Պրուսացիի դէմքին, այնքան թոյլ, այնքան անուշ, պարզ ու բացսիրտ, ինչպէս է արդէն հողին հոգին մահուան ջուրերու քաղաքները մահուան քաղաքներ են համար յարդարուած այդ տարօրինակ քաղաքին շրջակայքը ուր ջուրերը տաք կուգան երկրին ընդերքէն ու դաշտերը չեն գիտեր թոռմիլ Էտիրնէ՞ն։ Հիւսիսի բիրտ հովերուն բացուած գէջ ու կարծր այդ դաշտավայրին մէջ երեք գետակներու մշտահոսան բախումներով, արփաւո՜ր ո՞վ մեր բառերուն տարապարտ գեղեցկութիւնը մանկութիւնը, ասոր յաջորդ դաժան պատանութիւնը տարօրէն կը ճնշեն Պարոնեանի լման կեանքին։ Մի՛ ըսէք թէ կ՚արկածախնդրեմ։ Այս փոքր, անկարեւոր մանրամասնութիւնները կրնաք խնդրական նկատել։ Բայց ինծի համար ի ծնէ, վաւերական ամէն գրագէտ գիրքերու յօրինուածք մը ըլլալէ առաջ՝ արիւն է, գոյն է, հողի բխում մըն է, ասոնց պէս ինքնայօդ, անտաշ, աններդաշնակ, նոյնիսկ, ըլլալու տեղ կոկ, անուշիկ, նոնոշիկ, շինծու շէնքը երկրորդական ֆապրիքէ մեր գրողներուն։ 

Մեղք որ ըլլամ ստիպուած անցնելու, շատ արագ, տրտմութիւններէն այդ պատանութեան զորս ես ապրել եմ իմ կաշիիս վրայ, Էտիրնէին տեղ Պրուսան ունենալով։ Այդպէս ձգուած փողոցին, անկէ ծծելով անսփոփ, մութ, բարակ թախիծը որ քիչ մը նոյնն է Էտիրնէի ինչպէս Թուրքիոյ բոլոր ներքին քաղաքներուն համար։ Շատ քիչ բան Պարոնեանէն՝ այդ օրերը լուսաւորող։ Իր գործը տարօրէն ժլատ է դարձեալ այդ ուղղութեամբ։ Անոր կենսագիրները կը յիշեն Պօղոս վարժապետ մը, ապագայ Ներսէս Վարժապետեանը, որուն հասցէին կ՚ընեմ՝ սա տողերուն վրայ դառնագոյն իմ դատապարտութիւնը։ Կասկած չկայ որ շրջանին մեծագոյն մարդերէն մէկն էր այս վարժապետը երբ Պոլիս եկեղեցական ասպարէզը ընդունելով հասաւ մեր ընկերութեան բարձրագոյն աստիճաններուն։ Կը դատապարտեմ իր յիշատակը, իր անհասկացողութեանը պատճառով, իր շրջանի մեծագոյն սա մարդէն, քանի որ սառնութեամբ  հանդուրժեց որ ցամաք հացին իսկ չհասնի արեւմտահայ ու թերեւս ամբողջ հայ գրականութեան սա ամենէն իրաւ դէմքերէն  մէկը։ Երբ իր եպիսկոպոսական, պատրիարքական փառքին օրա ն կը լիացնէ զինքը խնկարկողները։ Պօղոս վարժապետ Էտիրնէի մէջ այդ պատանիին տուած է հայերէնի նախադասերը, երկբայելի իր պաշտպանութիւնը եւ միջնորդած՝ անոր իբրեւ աշակերտ ընդունուելուն յունաց վարժարանին մէջ։ Պարոնեանի կենսագիրները կ՚աճապարեն սա աշկերտութիւնը օգտագործել անոր Արիստոֆանի լեզուին ընտալերման մէջ տեսնելու մե՜ծ բարիք: Կը հասկնամ՝ Մոլիէռի աշկերտութիւնը զոր ըրած է արի կամքով մը ու չարքաշ միջոցներով Պարոնեան երիտասարդը, միս մինակը սորվելու համար Մոլիէռի լեզուն (Պարոնեան Արիստոֆանէն ոչ ինչ ունի)։ 16ին` շուկա՜յ։ Սփիւռքը հազիւ կը կասկածի եղերականութի՜ւնը այդ բառին։ Շուկայ։ Խելքուկէսը: Գործը ։ Զօրայեան, հարիւր տարի առաջ, այդ հոգեբանութիւնը սեւեռած է իր Նկարագրութիւն Ազգային Դաստիարակութեան գործին մէջ։ 1900ին, ես ապրել եմ այդ շուկային սարսափը ու տուեր քիչ մը ճաշակ . Օշական, Համապատկեր, Սփիւռքի Սերունդ Աշկերտ է դեղագործի մը խանութը, այսինքն ազնուակա՜ն պատանի քանի որ 1900ին իմ տասը դասընկերներէն մէկը միայն բախտաւորուեցաւ վաճառատան մը մէջ գրագրի պաշտօնով մը. միւսները մտան դարբիններու, դերձակներու, սափրիչներու, կօշկակարներու մօտ, այդ աշկերտութիւնը սկսելու: Մի մոռնաք գաւառական քաղքին մէջ սա բախտորոշ տարիքը։ Պոլիսը, իր զանգուածային հայութեամբը, քառսուն եկեղեցիներովը, ազգային կեանքը կեդրոնելու իր առաջաւոր դերովը իր գրողներուն հոգին կը պահէ որոշ aisanceի, éleganceի մէջ նույնիսկ: Գաւառական քաղաքը թրքական իր ահաւոր ճնշումէն խորշակահար կ՚ընէ պատանի հոգիները։ Պոլիս է Պարոնեան, այդ օրերու (վաթսունական թուականներուն) մեծահամբաւ իր հայ կենակցին, Տոքթէօռ Քեաթիպին բնակարանը ուր իրեն կը տրամադրուին շքեղ մատենադարան մը, ապրուստի լայն միջոցներ, զարգացման պատեհութիւն։ Սիրտցաւ ու մեծահոգի բժիշկը անձամբ կը հսկէ այդ ազատագրութեան, եւ, ինչպէս կը պատահի գրեթէ միշտ, պիտի գտնէ ինքզինքը վիրաւորուած, ուրացուած, հաւանաբար հիմնական անհասկացողութեամբ մը հանճարէն որ մասնագէտն է յաճախ ինքզինքը անօթի ձգելու: Փողո՜ց: (Կենսագիրները կը լռեն սա խզումին պատճառները: Պարոնեան hoրեղբօրորդին է Պոլսոյ ամենէն ազնուական, բարեսիրտ այդ բժիշկին որ կը հասնէր ծանօթին, մանաւանդ անծանօթին։ Այդ թուականներուն հրաշալի հայ մըն էր ու մեծ անձնաւորութիւն մը։ Պարոնեանի փողոցը իրական է սակայն, ընդդէմ այդ բոլոր բարեմասնութիւններուն։ Կը ներուի՞ ինծի այս բախումը շահագործել, ընդլայնել որպէսզի անոր ստուերին ընդմէջէն հասկնալի դառնայ քառորդ դարու մնացեալ ողբերգութիւնը որ ծանօթ է Յակոբ Պարոնեան անունով, հացի, ապրուստի, հիւանդութեան, ընտանեկան տառապանքի կերպարանքներով)։ Փողոցէն մարդիկ, գրել կարդալ գիտցողներ, այդ օրերուն կա՛մ ժամ կ՚երթային տէրտէր ըլլալու, կա՛մ… դպրոց, վարժապետութեան։ Պարոնեան կը ճանչնայ տուներու մէջ դաս տալու ստորնութեան լման դառնութիւնը։ Երիտասարդ է ու մարդիկ անոր կը բանան իրենց դռները, սանկ ու նանկ աշակերտներու դասախօսման պատրուակ մը ստեղծելով, իրենց հաշիւներուն ետեւ կծկտելու: Դարձեալ կը պակսին մանրամասնութիւններ: Կայ յիշատակութիւն թաղային դպրոցներու մէջ ուսուցչութեան որ իր կարգին իրական ասպետութեան աստիճան մըն էր թշուառութեան ճամբուն վրայ, դեռ այդ օրերէն, մինչեւ այսօր։ Փողո՜ց։ Դիւրի՞ն կը կարծէք հանճար ըլլալ ու հանդուրժուիլ պաշտօնակիցներէն, հոգաբարձուներէն, թաղականներէն, եկեղեցականներէն, ծնողքներէն ու… աշակերտներէն որոնք կը զգան բայց չեն հասկնար։ Յետո՞յ։ Իր դժբախտութիւնը, բացառիկ խմորէն, զինքը կ՚առաջնորդէ… հայոց մամուլին։ Մեղու։ Եփրատ ։ Որոնց մէջ անիկա կ՚ընէ անդրանիկ փորձերը իր գրիչին, յայտնելով արտակարգօրէն արագ, սուր, խածան դիտողութիւն մը զոր կը պաշտպանէ պարզ, աւելորդէն հիմնովին զերծ, հաստ ու հաստատ լեզու մը, ապագային ըլլալու կանչուած ամենէն ամուր գործիքը ամենէն ընդարձակ տաղանդի մը ի հեգնականն։ Իր թարմութեան, նորութեան, մանաւանդ ծանր դառնութեան բովանդակ հրապոյրով, ինչպէս լրջութեամբը։ Կ՚ըսեմ այս նկատողութիւնները փաստին դիմաց ամէն իրաւ, ծնած, ամբողջ գրագէտի որ քիչ անգամ կը շրջափոխուի, աս ալ ձեւին վրայ, բայց խորքին կը մնայ նոյնը։ Ընդարձակուիլը փոխուիլ չէ: Հնար չեղաւ ինծի ունենալ աղբիւրները ( Պետհրատը ձեռնարկած էր Պարոնեանի գործին ամբողջական հրատարակութեան։ Տեսած եմ մինչեւ վեցերորդը ուր կայ յիշատակութիւնը դեռ լոյս տեսնալիք երեք չորս հատորներու որոնք հաւանաբար պարունակեն սկսնակ Պարոնեանը: Այս էջերը անհրաժեշտ են սակայն ոչ միայն անոր դէմքին հարազատ յօրինման, այլ մանաւանդ շրջանը թափանցելու տեսակէտէն։ Երիտասարդները արագ ու տաք կը զգան, տալու համար նոյն արագութեամբ, տաքութեամբ, նկատումէ պակասով ինչ որ առած են իրենց ջիղերը անմիջական շրջապատէն ու չեն նմանիր հասուններուն որոնք պիտի աշխատին չէզոքացնել այդ տպաւորութեանց անմիջականութիւնը։ Յետոյ կայ սեռին ալ նկարագիրը։ Հեգնութիւնը պայմանաւոր է կենդանի իրականութեամբ որ յատակն է գործին։ Կրնանք երջանկօրէն անգիտանալ, օրինակ, մի համար, Թէրզեանի մը սկսնակութիւնը, քանի որ հասունութիւնը ոչ ինչ է աւելցուցած այդ երանելի տաղաչափին վրայ: Կրնանք նոյն խաղաղ հոգիով չզբաղիլ, ուրիշ օրինակի մը վրայ, Արշակ Չօպանեանն ըլլար ասիկա, այդ սկսնակ հոգեխառնութեամբ, քանի որ աւելի քան կես դար տրամադրուեցաւ անոր ինքզինքը իրագործելու, մեզ յոգնեցնելով։ Բայց պարագան նոյնը չէ Սուրէն Պարթեւեանին ինչպէս Յակոբ Պարոնեանին։ Հեղինակի մը վաւերածին սկսնակութիւնը թանկ է ուրեմն բազմաթիւ տեսակէտներով)։ 

 

Աստանդական ֆիզիք ինչպէս իմացական երեսներէ   սա կեանքէն թերեւս երկու մեծ թուականներ՝ Թատրոն ը, այսինքն ասոր խմբագրութիւնը։ Խիկար ը` նմանապէս։ Իւրաքանչիւրին համար Պարոնեան պիտի սպառէ իր ամենէն արժող որովհետեւ երիտասարդ տարիներէն մէկ քանին: Հերոսականը ան՝ որ այդ հանդէսները (ամսեայ քանի մը ֆորմա) անիկա լեցուցած է միս մինակը։ Կը կարդաք թեթեւ ու դիւրին։ Բայց կեցէք վկայութեան դառն փաստին առջեւ: Հանդէս մը երբ մանկավարժական, վարժապետական, բժշկական կամ գիտական չէ, աշխատանքով չի նուաճուիր։ Անիկա ժամադրավայր մըն է բազմերանգ հոգեխառնութեանց։ Եթէ ութսունական թուականներուն, նոյնիսկ Թատրոն ին մօտիկ օրերուն ունին գոյութիւն Երկրագունտ ը եւ Գրական եւ իմաստասիրական Շարժում ը, երկուքն ալ մեծաշռինդ խմբագրապետութեա՜մբը Եղիային. ասոնց թղթատումը մեզի կը թելադրէ թէ որքան տարբեր ձեռնարկներ են Պարոնեանի հանդէսները։ Եղիան անպատասխանատու գրող մըն է, բանդագուշանքին հռետորական ելոյթներուն, սուր ամփոփումներուն անկնիք հարկերուն վրայ խարսխած իր փառասիրութեան լայնածաւալ դրօշը։ Պարոնեան մեր կեանքին վրայ բացած է սուր, անողոք, անկաշառելի, մանաւանդ աննկատ իր նայուածքը ու պարտաւոր է ոչ միայն տեսնել այդ կեանքը, այլեւ հասկանալ զայն։ 1872ին, երբ Պետրոս Դուրեանի համակիրները կը ձեռնարկեն բանաստեղծին ձեռագիրները հրատարակելու, ասոնցմէ թատրերգութիւնները կը յանձնեն, ի գնահատութիւն, Պարոնեանին (որ անանուանելի կատակերգութիւն մը հրատարակած էր 1868ին), ինչպէս դարձեալ ի գնահատութիւն եւ ի սրբագրութիւն յանձած էին անոր քերթուածները հայերէնի վարժապետի մը։ Այս մարդը ամենայն լրջութեամբ կը սրբագրէ Դուրեանը ու կը դարձնէ իր ձեռագիրը որ տպուած է . տպագրութիւն), այդպէս հայացած: Պարոնեան կը դարձնէ ողբերգութիւնները, առանց անոնց մազին դպչելու, եթէ կը ներէք այս բացատրութիւնը: Մանրավէպին իմաստը` Պարոնեանի իմացական պարկեշտութենէն աւելի անոր վայելած հեղինակութիւնը կը թելադրէ հանրային կեանքին մէջ։ Թատրոն ն ու Խիկար ը մինչեւ օրս կը պահեն իրենց արժանիքը ոչ անշուշտ միայն անոր համար որ մեր մեծագոյն գրողներէն մէկուն իմացական անդաստանը կը ներկայացնեն, այլ անոր համար մանաւանդ որ շրջանէն ունին լիութիւն մը բարքերէ, տիպարներէ, տեսական կեանքի տախտակներէ։ Ուրիշ հարց անշուշտ երգիծանքին թեթեւ բայց դիմացկուն ալ պաշտպանութիւնը, հաստ ու առողջ ծաղրին բարիքը որ ինքզինքը ըլլալու արարքը ստիպուած է կրկնաւորել ուրիշ ալ բարիքով, փրկուածին բարիքովը։ Ընկերային, քաղաքական, գրական անձնաւորութիւններու շքահո՜յլ մը, բոլորին առջեւ իրենց հայելիները, ուսին` իրենց մեղքերը, յիմարութիւնները, սնափառութիւնները, գանկին` իրենց ունայնամտութիւնը, պարապութիւնը։ Բոլորն ալ նուաճուած վճռական վարպետութեամբ մը (maitrise) ու անխորտակելի կարկառներով։ Պէտք կա՞յ, աւելցնելու որ երկու հանդէսներն ալ շրջանին ազգային, գրական, քաղաքական, ընկերային գերագոյն եղելութիւններն են, տառացի կերպով լափուած, մարսուած, կարգ ալ կրցող ամէն մարդ է, շուկայի ոսկերիչէն՝ մինչեւ պատրիարքարանի գահակալները: Ու իրաւ էր ասիկա։ Հանդէսները իրենց այդ յորդ կեանքը ապրած են մխելով սակայն անոնց հեղինակը, հրատարակիչը (քիչ անգամ վաւերական գրագէտ մը մեր մէջ այս աստիճան յիմար է եղած, իր հանդէսը լեցնելէ ետքը՝ զայն տպագրելու համար ալ իր հացը ծախելու) անասելի դժուարութեանց ծոցը, քիչ մը ամէն ուղղութենէ, քանի որ Պարոնեան Եղիային պէս գովեստ, Չերազին պէս խրատ չէր վաճառեր, այլ կսմիթ, ապտակ, մերկացումներ…: Վիրաւորուած անձնականութիւնները դիւրաւ չեն հանգչիր։ Ու գրական քէները գերեզմանով կը յագենան։ Պարոնեան տառապած է սակայն նիւթականով ։ 1860ին, Մասիս թերթին բաժնեգինը հանգանակութեամբ կը հայթայթէին գաւառական քաղաքի մը բոլոր կարդալ գիտցողները տարին մե՜կ ղրուշ տրամադրելով։ Պարոնեան կը գանգատի թերթ փոխ տալու հրէութենէն։ Գիտենք թէ իր Խիկար ին մէկ օրինակը կը պտտէր Գում-Գափուի բոլոր թաղերը, կ՚անցնէր Սամաթիա, Եէտի–Գուլէ, Մաքրի գեղ, արուարձաննե՜րը, հայաշատ, հազարի մօտ, երբեմն աւելի տուներով, ու կը դառնար կրկին շուկայ, բզիկ բզիկ: Կը հասկցուի՞, այս մանրավէպէն, տագնապը հեղինակ հրատարակիչին։ Պարոնեանին մղձաւանջը կազմած են տպագրիչը, գրաշարը, թղթավաճառը. մարդեր ասոնք, իրենց նիւթին վրայ ամրահաւատ, շուկայի ապրանք, պնդերես, մանաւանդ լիրբ՝ երբ կը կարծեն իրենց աշխատանքը պաշտպանել գրոց-բրոց, անկուտի մուրացկաններու դէմ, ինչպէս կ՚որակուէին գրողները, վարժապետները, լրագրի խմբագրապետները։ Պարոնեան անգիտակցաբար այս տառապանքը մեղմացնելէ կարծած երբ Մեծապատիւ Մուրացկաններ ուն մէջ տեղ է տուած գրաշարին, եւ այլն։ Անոնք փորձանքն են կազմած անոր կեանքին, քանի որ վարժապետի, խմբագրի, շրջուն տոմարակալի շատ ճիղճ անոր նիւթական միջոցները աներեւաբար կորզած են իրմէ: Գիտեմ թէ հակառակ Պոլիսին շատ ընտանի մէկը ըլլալուն` կ՚ապրէր իբրեւ հաստատ գաւառացի մը (Պոլիս քանի մը սերունդ վերջը կը մարսէր այդ երանգը հոն գաղթողներէն), իր պզտիկ հաճոյքներով, մենագարութիւններով։ Բամբասանք: Սրճարան։ Իրիկուան օղիի սեղան։ Ժուժկալ հաց մը։ Սանկ ու նանկ վրայ-գլուխ մը։ Նարտի: Տիրացուական–թաղական–տէրտէրական պզտիկ չարախօսութիւններ: Կարճ` անգործ բայց սրամիտ մարդու տիպար մը։ Այս ամէնը քով քովի, բայց անկարող անոր թուղթին, մելանին, տպագրիչին ծախքերը փակելու։ Ահա թե ինչու ստիպուած ըլլայ սանձելու, սանձահարելու մեծ ու պզտիկ իր բոլոր հաճոյքները: Աւելին։ Պարտաւորուի խանութէ խանութ, վաճառատունէ վաճառատուն շրջիկ տոմարակալի ողբերգական ճակատագրին ու ողորմութեան ձեւով մը ափին սահեցուած չնչին գումարները հաւաքելով՝ շիտկէ շիտակ հոսեցնէ տպագրական գազան, անկուշտ մեքենային։ Այսպէս է անցեր ահա կեանքը սա մարդուն գլխէն, սիրտէն, ոտքերէն, երիտասարդութեան ոսկի շրջանին։ Ու, աւա՜ղ, այսպէս է թաւալեր դարձեալ կեանքին այդ անիւը, սա մարդուն ասպարէզն ի վար, մանաւանդ չափահասութեան շրջանին։ Այո՜։ Չէր կրցած իր հերոսութիւնը վերածել անմարդկայինին: Ամուսնութիւնը փաստ մըն է այդ մարդկայինին։ Բայց գիտնալու էք որ կնիկը, այսինքն ասոր բոլոր իրաւունքները, վայելքէ, զգեստէ, հացէ, զաւկըները, այսինքն ասոնց ոսկորները կազմելու կանչուած սննդամիջոցները, բոլո՜րը, բոլորը զոհուած են Թատրոն ին եւ Խիկար ին, որոնք կերած են այդ մարդը, զրկած զինքը իրմէ, ընտանիքէն։ Դարձեալ ասոնք դուք կը կարդաք թեթեւ դիւրութեամբը դուրսէն դիտողներու։ Ձեզմէ անոնք որ չեն գիտեր այդ Պոլիսը, հազիւ կրնան մտապատկերել ողբերգութիւնը հայոց մեծագոյն գրագէտներէն մէկուն, որ այդ Պոլիսին անհուն շուկաներէն, թուղթի հաստ ու ծանր շէնքերը վաճառականներուն տոմարնե՜րը իր անութին՝ տնքալով կը կտրէ կ՚անցնի, աչքը չորսդին, պարտատէրներուն հանդիպելու սարսափի մը մէջ, հարկին տա՜կը՝ աննշմար անցնելու, իր ճամբան երբեմն քառապատկելու ու հասնելու վաճառատունը, յոգնած - միշտ հիւանդ է անիկա , կատարելու ոսկիներուն գումարը, անպղինձ գրպանով, անօթի փորով ու անհուն իմացական գերազանցութեան կրակն ալ իրեն հովանի՜ ըրած։ Ընթերցո՛ղ, կը հասկնա՞ս սա տռաման։ Աւելցուր տակաւին ձմրան ցեխը որ Պոլիսին ամենէն ազնուական բերքն էր այդ օրերուն, ձի՜ւնը` որուն դէմ իր սառած անդամները պաշտպանելու համար այդ տոմարակալը չունենար ոչինչ։ Անօթութի՜ւնը՝ որ կը բարդուի ներքին սպառման վրայ։ Բոլորը անցուր յարձակումի՛, այդ տկար, դժբախտ, ճակատագրական խլեակին վրայ զոր հիւծախտը արդէն կը պեղէ թոքերէն, զրկանքը իր տունին պարտադրուած կը հալածէ ներսէն։ Դիրքը։ Ընտանի՜քը։ Ապրուստի բոլոր միջոցներէն զուրկ։ Յակոբ Պարոնեան հէքեաթին հսկան չէ, այլ այս թափառականը, այս ուրուականը, որ ի խնդիր իր մեքենային կը պտտի շուկայէ շուկայ, պարտքերը կրունկին, երազները առջին : Այսպէս է ապրեր անիկա, ուրիշներուն տետրակներէն անոնց հարստութիւնը ձեռնելով, դասաւորելով, օրինաւորելով ու իր տունին համար անհրաժեշտը  տպարան վազեցնելով, գողնալով կնկանը, զաւկըներուն բերանէն իրենց պատառը որպէսզի Խիկար ին մէկ օրինակը պտտի Պոլիսին քառսունէ աւելի թաղերը, մտնէ չորս հազարէ աւելի տուներ, խնդացնէ քառսուն հազարէ աւելի մարդեր : Ահա արեւմտահայ գրականութեան ամենէն հարազատ, ամենէն նուիրական, ամենէն սուրբ վկան, նահատակը: Չեմ գիտեր, արդեօք այս սուրբին անարժան հեգնութի՞ւն մը, իմ կողմէն, քիչիկ մը սա դասաւորման, պայմաններուն ներսն իսկ ենթադրել անոր հանճարը հասունցնող իսկութիւնը, անոր գրականութիւնը եւ թղթեղէնէն ազատագրող բարիքը, ու վերաբերել յաւակնիլ, այդ ամենէն, Պարոնեանի անբաղդատելի մեծութիւնը, մարզերէն, իրենց մեղքերէն, յիմարութիւններէն իր անհուն, տիրական, մեծափառ, անխորտակելի սեւեռումները եւ յանդգնիլ յայտարարել որ մեծ Պարոնեանը արդիւնքն է Պոլսոյ մեծ ու պզտիկ մաղազաներ ուն, այս բառին տալով իր ամբողջ պատկառանքը, բերնին մէջ մարդոց որոնց ամբողջ ստամոքսը, աղիքները, ուղեղը մնային խիստ կնիքին տակը այդ խասա, խուրտա փառքերուն։ Բայց դուք չէք գիտեր որ սա վերագրումները կը ներկայանան իմ գրչին յաճախանքին մէջ միւս մեծ ֆրանսացի գրագէտին որ իր տաղանդը անշուշտ պարտական մնաց իր տունին ողբերգութեան իր կի՜նը բայց իր հանճարը կ՚ըսեն թէ գնեց սափրիչի մը խանութէն որ ԺԷ. դարուն ժողովրդական խորհրդարանն էր Բարիզին ու գաւառիկ մեծ կեդրոններուն։ Ուր կ՚երթար Մոլիէռ իր տրտմութիւնը մարսելու, սազելէ ետքը անոր արտաքին կերպարանքը պալատներու յորդահոսան լոյսերուն թելերովը։ Ֆրանսացի մեծագոյն հեգնողը եւ ըստ ոմանց`  այդ ժողովուրդին ամենէն մեծ գրագէտը, կը տեսնէր մարդերը, շարան շարան, որոնք կուգային խանութպանին մկրատին ու ածելիին տակ իրենց մազն ու մօրուքը իրենց ոտքերուն առջեւ թափուած գտնելու, մինչ, միւս կողմէն, կզակները կը թափէին դուրս դերբուկները իրենց նկարագիրներուն եւ նորերը իրենց հոգիներուն։ Սափրիչին խանութը ու Վերսայլի պալատական բեմը: Գաւառական քաղաքներու տնավարի հանդիսասրահները: Բայց մանաւանդ ասոնք լեցնող մարդերը։ Անշուշտ: Ֆրանսացի հեգնողին գործին ներսը կայ դառն, դժնդակ, յիմար մարդկութիւն մը զոր դժուար ալ չէ մտապատկերել կամ հասկնալ նոյնիսկ, Պոլիս, մաղազա յին մութ անկիւնը իր տետրակները լեցնելու զբաղած տոմարակալին դառնութեան, տրտմութեան, յիմարութեան համահաւասար…։ Մոլիէռ միայն հեղինակ մը չէր. էր նաեւ դերասան մը ու ենթակայ ասպարէզին ամենէն տրտում տագնապներուն։ Միայն մեր օրերուն չէ որ դերասանը անօթութեան մասնագէտն է, վարժապետը շուքի ձգող, այլեւ անոր հանճարի մարմնառութիւնը։ Կը բաւէ՞ արդեօք հոս կամացուկ մը փսփսալ ձեզի թէ յիսունի դռներուն Մոլիէթը զիջաւ իր անունը շնորհե՜լ քսանէն վար իր դերասանուհիներէն մէկուն, գեղանի, թեթեւ, յիմար ու աւելի անդին քան այս ամենը, ինչպէս է ըլլալ գրեթէ պարտքը բոլոր դերասանուհիներուն։ Մի հարցնէք թէ ինչ է կապը Պարոնեանի անօթութեան ու Մոլիէռի չարչարանքին, իր կնիկին երեսէն: Կայ անիկա, ազդակներու փոփոխութեամբ մը։ Ես չտեսայ Պարոնեանի կինը, բայց տեսակ անոր զաւակը Ազգային Հիւանդանոց, Պոլիս։ Ու մտքէս չի կրնար ջնջուիլ ահաւոր անօթութեան կնիքը որ քառորդ դար ապրեր էր անվթար այդ տղուն ցաւագար ոսկորներուն կամարներուն ներսը ու դէմքին կը մնար միակտուր, պայծա՜ռ։ Ուրի՞շ։ Դարձեալ չեմ գիտեր թէ պարտաւո՞ր եմ հոս յիշել միւս սրբազան դրուագը, միշտ այդ Մոլիէռէն, ուր, մահացու կերպով սպառած, գրեթէ հոգեվարք, դերասան հեղինակը, արքունիքը հաճ ձգող ու մեծերը փառաւորող իր ասպարէզին ամենէն ծանր մէկ դարձուածքին, կը մերժէ բժիշկներէն պարտադրեալ հանգիստը, արգելքը ու կը բարձրանայ բեմ իր տկլոր խումբին համար որուն հացագինն էր կազմելու այդ ներկայացումը: Խաղին կէսին անիկա կ՚իյնայ այդ բեմին, ա՛լ չելլալու համար: Պարոնեան իր աչքերը պիտի փակէր ուրիշ բեմի մը վրայ, - ատիկա Պոլսոյ Ազգային Հիւանդանոցին ամայի, ցուրտ, վանող մէկ սենեակն էր, ձեզի համար հիմա բոլորովին ձրի բառ մը, բայց Պոլիս ապրող գրագէտներուն մեծ մասին վաւերական մղձաւանջը։ Չեմ պահեր մեղքս, այդ ապրումները այս խստութեամբ արժեւորելէ։ Քառորդ դար առաջ, ինծի կը տրուէր Պարոնեանի հոգեվարքին հիւծախտը տարի կը դնէ այդ տրտում դերը աւարտելու ստիպուած հիւանդին ուսերուն ամբողջական վերակազմումը, մղձաւանջէ մը աւելի իրաւ, ամէն անգամ որ տարիքէն կոխուած, հիւանդութեամբ դատապարտուած ու միշտ անմիջոց մտքի բանուոր մը առաջնորդէի ցաւին այդ… պալատը։ Չեմ կրնար Պարոնեանի ոդիսականը մինչեւ այդ գերեզմանին դուռը վերակազմել հոս ձեզի։ Ազգային Հիւանդանոցը պատսպարեց երկար անոր հոգեվարքին վերջին քանի մը ամիսները։ւ Կ'ըսեն թէ մեռաւ մինակ։ Ազգային մամուլը, իր դիակը թաղելու արարողութիւնը մեծահանդէս նկարագրելէ վերջը, նոյն թիւով իսկ ազգային հանգանակութիւն բացաւ, անոր զաւակներն ու կինը վերահասու աղէտէ մը ազատելու համար

 

Այսպէս ապրեցուցինք ու այսպէս մեռցուցինք արեւմտահայ գրականութեան ամենէն վաւերական, արի, անկաշառ աշխատաւորը։ 

Փա՜ռք քեզի, ժողովուրդ հայոց։

Բայց մանաւանդ

Փա՜ռք քեզի, Յակոբ Պարոնեան

* * *

Պարզ, պարզ, իրաւ ու համեստ մարդ մըն էր, մեր ժողովուրդին միջին առաքինութեանց պայծառ մէկ խորհրդանիշ ներկայացուցիչը, արժէքաւոր անով՝ որ փտութեան եւ զեղծանումի մը կեդրոնին մէջ երեւան կուգար։ Սովորութիւն է իր շրջանի Պոլիսը մտապատկերել խեղաթիւրուած կերպարանքներու ներքեւ: 1850էն ասդին մեզի հասած հակասական վկայութիւնները այդ մարդերէն, բարքերէն հեղինակն են սա պատրանքին։ Պարոնեանի գործն ալ իր կարգին կը կանխագրաւէ մեզ, այդ Պոլիսը դատելու արարքը հեռացնելով իրականութեան պարտքէն։ Գաղտնիք չէ որ արեւելքը հեգնողը չհանդուրժեց։ Արաբ ու պարսիկ մեծ բանաստեղծները, ու ասոնց յիշատակին մէջ թուրք կայսրութեան Մեծ պարսաւողները յաճախ իրենց գլուխովը կը քաւէին իրենց հանճարներուն գեղեցկութիւնը եւ Արեւմտահայ գրականութիւնը դատելու ամէն փորձ պարտաւոր է մեկնիլ սա մտատեսութենէն թէ անիկա գերի ժողովուրդի մը արտայայտութիւնն է: Այս մտատեսութիւնը ձեզի պիտի բերէ բարիքը սփոփանքին: Չէին կրնար մեր գրողները իրենց տաղանդը շահարկել ազատ մարդոց արժանաւորութեամբ։ Չէր կրնար մեր ժողովուրդը անգիտանալ թուրքը, ասոր ընտանի հայ թուրքը, բարքերուն կշիռը, որոնք գրականութեան մը մէջ այնքան տիրական դեր ունին սակայն։ Պարոնեանը ու իր ժողովուրդը չեն ազատ սա նկատողութեան հետեւող բարիքէն ինչպէս չարիքէն։ Պարոնեանի ամենէն քաղցր, սրտայոյզ, բարձր առաքինութիւնը իր բացարձակ անկախութիւնն է այդ բարիքէն ինչպէս չարիքէն։ Թուրքերու հետ հինգ դարերու կենակցութիւն մը մեր մէջ պիտի մշակէր ինքնապահպանման տխուր, չըսելու համար ստոր Complexներ։ Ծանօթ տարազ մըն է ստրկախտը ։ Ազգային գետնէն երբ փոխադրուիք բարքերու դաշտը, դուք պիտի գտնէք երեւոյթ մը, կերպարանք փոխած, բայց նոյն՝ խորքին մէջ։ Պարոնեան այդ բարքերը սեւեռելու պարտքը գերադասած է ամէն փափաքէ։ Ուղղակի, անուղղակի։ Իր բերնով։ Ու իբր թէ ըլլար ատիկա անբաւական, հարկն է զգացած կենդանիներու մորթ մըն ալ փոխ առնելու: Լման գիրք մը, Պետհրատ ի Ե. հատորը, Ծիծաղ եւ Կերբերոս, այդ բարքերուն արտագրումը կը հետապնդէ։ Իր տասը հատորները մարդոց յիմարութիւններուն արձակարա՜ն։ Բայց ինք յիմար մը չէր: Ու հոս է իր արժանիքին ամենէն իրաւ մագաղաթը։ Եթէ երբեք, արեւմտահայ գրականութեան մէջ, այսօր ցաւով կը հաստատենք անբնական զգայնոտութիւն, շինծու հռետորութիւն, բառպաշտութիւն, կեղծիք ու հոսհոսութիւն, պատեհապաշտութիւն, քանակագիտութիւն եւ այլապէս անփառունակ ուրիշ առաքինութիւններ, Պարոնեան, Հրանդ մարդեր են որոնց գործէն մեր ներսը կ՚արթննայ հակադիր տրամադրութիւն։ Չէք կրնար որոշ հպարտութեամբ մը չհամակուիլ երբ կը գտնէք ձեր դէմ պատկերը անօթի տոմարակալին որ չգովեց, չսակարկեց, չսողաց, ու օրուան բոլոր ջոջերէն համարձակեցաւ պատռել դիմակները ու ասոնց ուսերէն ընել մէկդի դիրքին, դրամին շուրջառները։ Գրականութիւնը բարոյականի բեմ մը չէ։ Համաձայն եմ։ Մարդիկ կ՚արժեն իրենց արուեստովը: Համաձայն եմ։ Արուեստի գործին մէջ իրականութիւնը առաջնակարգ յատկութիւն մըն է։ Դարձեալ կ՚ընդունիմ: Բայց չեմ ընդունիր որ այդ բարիքները օգտագործուին ճիշդ իրենց ներհակ նկարագիրներու ապացուցումին։ Սուրէն Պարթեւեանն ալ հարուածեց, բայց ժում մը հացը բաւ էր յաճախ այդ ահարկու գրիչը գառնուկի վերածելու

 

Ողջամիտ էր, թեթեւներու, երազ ատեսներու, յաւակնոտներու, իւթոփիստ ներու կայսրութեան օրերուն։ Տեսաւ փառքերը իրաւ քերթողներուն ինչպէս չիրաւ գրողներուն։ Դատեց դէպքերը, գիրքերը, փառքերը, համաձայն այդ միջին ողջմտութեան։ Չէր կարելի զինքը կաշառել։ Ու անոր տաղանդին ամենէն ուժով շրջանին (1870–1890) մեր հանրային կեանքը կը պարզէր իրարմէ խեղճ տրտմութիւններ։ Մարդիկ գտան միջոցը, ինչպէս վերը ըսի, Սուրէն Պարթեւեանը արժեզրկելու, Արփիարեանը չէզոքացնելու, Օտեանը վարելու իրենց ուզած ճամբաներէն։ Պարոնեան հէքեաթը յօրինեց իր անկաշառելիութեան։ Ու հէքեաթներուն գիծը երբեմն տասը տեղ կը գլէ իրականութիւնը։ Պարոնեան պիտի վճարէ գինը, պատանութենէն իսկ սկսելով ու պիտի պատռէ իր մուրհակը Ազգային Հիւանդանոցին մէջ, իր զաւկըներուն ցաւագար մարմիններուն բեռան տակ։ Մերժեր էր կողմնակի ամէն նպաստ, աջակցութիւն որոնք կաշառքին ազնուական անունները եղան։ Պահեց իր պարզութիւնը, աղքատութիւնը, ազատութիւնը: Բաց էր անոր ճակատը, արի էր անոր կեցուածքը, անողոք էր անոր հարուածը հանրային կեանքը յուզող բոլոր հարցերուն մէջ։ Ու սարսափ էր անոր անունը, հասարակաց ու զգետնող, պալայով պարուրուած փաշաներէն մինչեւ թաղային վարժարանի մը սմսեղուկ բայց այնքան բարձրավիզ ու աքաղաղ հոգաբարձուին համար: Ու այդ սարսափը ուժ մըն էր, սփոփանք մը, սաստ մը նոյն ատեն։ Հին օրերու տրիբունը յիշեցնող սա հանգամանքը սա գրողէն մի արհամարհէք։ Մարդիկ կը սոսկային Պարոնեանի գրիչին տակ իյնալէ, մինչ կը վարձատրէին Օտեանը զիրենք հեգնած ըլլալուն համար: Խօսեցայ ձեզի գինէն: Այդ գինով էր որ անիկա լման քառորդ դար մը, միս մինակը օ՜ ստորնութիւնը գրական փաղանգներուն դիմաւորեց վարպետ, զգուշաւոր, անվրէպ հալածանքը։ Այսօրուան սերունդը հաղորդ չէ այս անբարոյութեան ծանրութեան։ Բայց իր աչքին տակն ալ դէպքերը կը դասաւորուին երբեմն մէկ ու նոյն ճարտարապետութեա՜մբ։ Չեմ լայննար մտածումին ետեւէն։ Պարոնեան hաշուի չառաւ անշուշտ գապալը, գաղտ, կռնակէն կատարուած այն խուլ  բայց անվրէպ դաւադրութիւնը, երբեմն ուղղակի յարձակումի, երբեմն բացարձակ լռութեան կերպարանքներով, որոնք գրողի մը համբերատարութիւնը կը սպառեն, զայն մղելով իր գրիչը կոտրելու վճիռին անգամ։ Մենք մագիստրոսներ ենք մեր իրաւ արժէքները հարուածելու, տապալելու անարգ խաչակրութեան մէջ ու զմայլելի հտպիտներ՝ մեր չիրաւ արժէքները փառապսակ աստուածացնելու մեջ։ 

Յակոբ Պարոնեան խղճմտանքի փաստ մը իբրեւ, մութ ու անօթի, ճառագայթեց, իր շրջանին անկումներուն վերեւ, ու աղուն խորհրդանշան մը արդարութեան զգայարանքէ մը, հիմնովին անարդար հասարակութեան մը մէջ։ Ըսի՞ թէ կը դողար անկէ մեր քաղքենին։ Մօտ քառորդ դար, ազգին վերնագոյն խաւերը ուրիշ ուժ մը չգտան զիրենք ըմբերանող։ Ազգային Ջոջեր ը քրոնիկներու վերտառութիւն մը չէ, այլ իրաւ, լայն, յուզումնահար ապրումներու հանդէս մը։ Այդ ջոջերը, այնքան վարպետ, փորձ, ունայնամիտ, սատանորդի կամ անկշիռ, կը կազմէին այն ընտրանին որ Զարթօնքի ճիգէն կրած էր որոշ բարեփոխում։ Տէրոյենց մը ամիրայ մը չէր 1870ին, բայց էր այդ ամիրան քառորդ դար առաջ։ Պարոնեանի գրչին տակ այդ մարդը իր երկու կերպարանքներն ալ կը գտնէր նկարահանուած։ Քիչ են անշուշտ 1850ը կանխող տիպարներէն սեւեռումներ, այն պարզ պատճառով որ կեանքը մարսած էր այդ ամիրայութիւնները։ Բայց որքան թարմ, շատ՝ այդ դասակարգին յաջորդ միւսները, ընդհանրապէս գրոց-բրոց, լրագրող, պաշտօնատար, աւագ եկեղեցական, գրագէտ որոնք կը փոխարինեն մեր աւագանին, ասոր կարգ մը բնազդները իրենց մէջ կը յաւերժեն, ու չեն վախնար նոյնիսկ Աստուծմէ, որ հեռուն է, բայց հաշուի կ՚առնեն Էտիրնեցին որ մօտիկն է, մէջերնին է ու գիտէ զիրենք իրենց յիմարութեանցը նաւերուն վրայ առագաստարձակ։ Մեր ջոջերը, այս նոր կարգէն, քրիկ քրիկ բզկտուած են ժողովուրդի անօթի սա զաւկէն։ Ուրի՞շ։ Բայց ամբողջ այդ Պոլի՜սը։ Մեր ժողովուրդը մինակ մութ, պարզ, անցոյց առաքինութիւններու գումար չէր անշուշտ։ Անոր տգեղ կողմե՞րը։ Բայց որքան առատ, սրտաբեկիչ շէնքով մը։ Գաղթակայաններուն նկարագիրն է սա անկայունութիւնը: Ակնցին քանի մը պորտ Ակնցի է տակաւին այդ Պոլիսին մէջ ուր միջավայրի համեմատական ազատութիւնը կ՚արձակէ զսպուած բնազդներուն արմատները։ Բազմաքաղաքացի հոգեբանութիւնն ալ մի մոռնաք: 1900ին Պոլիսը գոց է  գաւառէն գաղթողներուն ու 1910ի Օտեանի հեգնութիւնը հասարակութեան մը տականքովը անկարող սնանելու, ստիպուած է մասնակի, բացառիկ ապրումներու վրայ ինքզինքը խարսխել: Փանջունի ն, իրա՜ւ, բայց այնքան քիչ է իբրեւ քանակ, որ հազիւ թէ կը պատկանի մեր բարքերուն, ինչպէս Ծապլվարի րէսերը, խեւերը, տէրտէրները, ընկերուհիները` այնքան օտարոտի մեր ժողովուրդի ընդհանուր միջինին։ Պարոնեանին Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը բարիքովն են պաշտպանուած ուղղակի մեր կեանքէն բխումներ ըլլալու: Անոր առտնին տեսարանները անմահ շտեմարան՝ մեր բարքերուն։ Ու թեթեւութի՜ւնը մեր կիներուն, այնքան ակնբախ, գաւառական ծանր պայմաններու տակ իր զգայնութիւնը հիւսած տոմարակալին ամէն բան դիտող, որսացող աչուըներուն: Կ՚ուզէ՞ք տակաւին որ դպիմ այն հարիւրաւոր փոքրութիւններուն որոնք, իբրեւ փարթամ կեանքի օրինակներ, կ՚աճէին անոր շուրջը, երջանիկ, անարգել, խմելով իրենց ժողովուրդին կենսունակութիւնը, անահ որքան անպատիժ, ազգասիրութիւնը, ապսպրուած, բռնի նույն իսկ, մեր վարչական բազմազանակ մարմիններուն, սահմաննադրութեամբ նոր թափուած դրամներու նման ունայն ու շլացիկ։ Պարոնեան ծիծաղելի չէ ըրած թաղականը կամ ասոր կնիկը, այլ այդ մտայնութիւնը, ազգին ծառայող սնափառութեան, առաջին անգամ ենթարկած է կասկածի։ Պարոնեան Մեղու էն վերջ, Թատրոն ին մէջ (1874) ինքզինքը գիտէ տիրական, իրեն պարզուած ընդարձակ ռազմարշաւին մէջ ուր գուպարը կայ մեր բոլոր յիմարութիւններուն։ Ռուսինեան մը, Ծերենց մը, Զորայեան մը Եւրոպայէն դարձին ի՜նչ խռովքներով իջան կրկէսը իրենց ժողովուրդին սպասին, իրենց մտադրութեանց իրագործ ուժին։ Յուզիչ են այս պատկերները, տակաւին մինչեւ այսօր, դար մը վերջը նոյնիսկ, պատրաստուած այդ երիտասարդութենէն։ Թատրոն ը խմբագրող Էտիրնեցի վրիպած դեղագործը, վարժապետը քսանըհինգ տարեկան է: Տարիքը տաղանդին համար չունի այն նշանակութիւնը զոր ունի գրագէտին համար։ Տարիքը կիրքն է, տաքութիւնն է, առքն է որոնք վաւերական տուրքերն են ամէն ծնած եւ ոչ թէ կազմուած (կտիկ կտիկ) գրագէտի։ Ահա թէ ինչու այդ քսանամենի ըսուելու չափ վաղատի մարդը մէկէն կը սարսէ մեր հասարակութեան խղճմտանքը։ Ոչ Սորպոն, ոչ ալ Տորբադ։ Անշուշտ։ Բայց մանաւանդ ծնունդին բարիքը եւ հաւանաբար բժիշկ Քեաթիպեանին մատենադարանը։ Բայց ամենէն աւելի իր զմայլելի աչքերը ողջամիտ մտածողութիւնը ու ազնուական, peuple խառնուածքը։ Հիմա դրէք այս պարզ երիտասարդին դիմաց կատուները, գայլերը, աղուեսները, առիւծները (այս որակումներուն ետին դուք դրէք մեր խմբագիրները։ Աղուէսը Իւթիւճեանն է. կատուն՝ Փունջ ազգօգուտ լրագիր ի տէր եւ տնօրեն Համբարձում Ալաճաճեանը. գայլը՝ եօթ անասնական թուականներու կորովի խմբագիր Կ. Փանոսեանը) ու շրջանին բոլոր մեծ ու պզտիկ յաւակնութիւնները (Եղիան, Չերազը, Թէրզեանը, Պէրպէրեանը, Նար-Պէյը) որոնց սնուցումը այդ օրերուն միայն մեղքը չկազմեց այլեւ մեր օրերուն ալ շարունակեց իրենց մեռելութիւնը պարտադրել մեզի։ Պարոնեան ունէ՞ր գէթ գրական անհրաժեշտ զարգացումը, հակակշռելու չափ մուսաներէն շփացուած այդ համբաներուն տիրական փառքը։ Բացի Մամուրեանէն, որուն հանդէպ յարգանքի իր զգացումը դժուար չէ բացատրել, միւս բոլոր գրողները ենթակայ են իր ծաղրին, սուր, իրաւ, արիւնող։ Ու կան բազմատեսակ տկարութիւնները մեր եկեղեցականներուն, երեսփոխաններուն, ջոջերուն որոնց պորտաբոյծ փառքերը անիկա աճուրդի կը հանէր միշտ այդ Թատրոն ին մէջ։ Ելո՞յթ։ Այսքան կ՚ըլլար։ Պարոնեան ոչ միայն ձայն մը, ուժ մը, խղճմտանք մը, սարսափ մը, այլեւ գեղեցկութիւն մըն է, ժողովրդականութիւն մը, փառք մը, հիւսուած՝ տարբեր տարրերէ։ ըսել կ՚ուզեմ ոչ` թատրոններով, ճառերով, քերթուածներով, վարժարաններով որոնց վրայէն փառքին գային մեր Ռոմանթիքները եւ Պարոնեանին ընկերները։ Ոչ ալ այն միւս փառքը զոր 1910ին մենք ճարեցինք Երուանդ Օտեանի ստորագրութեան, Սուրէն Պարթեւեանին դիւային տաղանդին կամ Արշակ Չօպանեանին ընդարձակ աշխատանքին։ Յակոբ Պարոնեան ծաղրելով, մերկացնելով ըրաւ իր փառքին կտաւը։ Արի էր ու պարկեշտ։ Չեմ կրնար իմ հիացումը սակարկել սա պարզ որակումները արդարացնող քսանըհինգ տարիներու ողբերգական փաստերուն, որ անոր կեանքը եղաւ, մինչեւ Ազգային Հիւանդանոցի մահաբեմը։ Ու կ՚ընեմ մերձեցումներ, աւելի յստակ բացատրելու համար տարողութիւնը իմ գնահատումին եւ Սուրէն Պարթեւեան, Քայքայում ին մէջ աւելի անգութ է անշուշտ երբ կը խարանէ գրեթէ նոյն մարդերը, Պարոնեանէն քառորդ դար վերջը: Բայց դրէք չորս հինգ տարիներու անօթի Բարիզ մը անոր որովայնին ու դուք պիտի ունենաք այդ չար, դաժան ոճին հլու, գառնուկ սպասը ձեր ուզած հարցին համար մշտապատրաստ է 1914ին, իր փորին սպասովը միայն մտահոգ, անիկա պիտի չվարանի, Եգիպտահայ իր Տարեցոյց ներուն մէջ հասարակութիւններ, գրեթէ ոչնչութիւններ պսակազարդելու, դերձակներ, նոյնիսկ նպարավաճառեր ազգային դէմքերու փառքին բարձրացնելու, իր գիրքը վաճառելու անպատում տկարամտութեան մը ենթակայ: Սուրէն Պարթեւեան, այս գինով ու ճամբաներով պիտի ապրի իր ներսէն յարդարուն, անդարման ողբերգութիւնը, բռնի, ձրի, այս ժողովրդին կռնակին, մակաբուծութիւնն իսկ ազգային պարտականութեան վերածելով։ Մեծապատիւ մուրացկանները գերազանցուած էին քանի մը պատիկ, իր անձին օրինակին մէջ։ Սուրէն Պարթեւեանի թերթերը, որոնք կը հիմնուէին իր բարեկամներուն նպաստովը, պիտի կործանէր, իր փորին ու կիրքին կարիքներովը։ Թատրոն ը երեք հարիւր բաժանորդ ունէր։ Խիկար ը` անկէ պակաս: Երկու քաղաքի մէջ, Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա, Սուրէն Պարթեւեան կը վաճառէր հազարական օրինակ իր Տարեցոյց ներէն։ Այս թուաբանութիւնը զուր ցոյց մը չէ հոս։ Պոլիսը եւ Թիֆլիսը, երկու հայքերը այսինքն, Պարոնեանին հանդէսներուն աւազանները եղան որպէսզի կենսատու ջուրին թելիկը չհասնէր մինչեւ խմբագրին տունը։ Բայց խորհած ունի՞ք արդեօք թէ ինչ աւելի դիւրին պիտի ըլլար Պարոնեանին համար, քան շահագործել իր նիւթական անձկութիւնը, երբ իբրեւ տոմարակալ, դիւանապետ, քարտուղար, խմբագիր մուտք ունէր ազգային բոլոր շրջանակներուն մէջ։ Յետոյ, պարզ մարդ էր, շուկացիին հետ խօսելու մէջ ոչ մէկ նեղութիւն զգացող։ Ու մինչ իր շուրջը հոսհոսները, մեծապատիւ մուրացկանները այնքան կենդանի քաջագործութիւններով կերպը կը գտնէին «եղին, մեղրին մէջ ապրելու, ապրեցնելու իրենց զաւակները» (երանելի ազգային սափրի՜չը որ պուրս կը ջանայ ճարել իր տղուն), ի՞նչ կ՚ընէր ինքը, տետրակ բռնելէն իր առած ճիղճ գումարները: Դուք անծանօթ չէք սա սարսափին։ Աչքիս առջեւ կուգայ, սա տողերուն հետ, Երուանդ Օտեանը, այնքան շնական, այնքան ապաբարոյ, այնքան շուկայ։ Որ հեղինակն էր անկարելի հաւասարակշռութեանց, իր աշխատանքի եռոտանիին իւրաքանչիւր ոտքը զետեղած մահու չափ իրարու հակառակորդ պիւրոներու մէջ կուսակցութեանց, օրուան երեք մեծ պատերուն, առտու, կէսօր, իրկուն, հրամցնելու համար այդ մարդոց իրենց ուզածը, ամէնը, այսինքն եղածը չեղածը պատառ մը կիրքէն, կեանքէն 1910ի մարդոց։ Այդ գինով էր որ Փանջունի ին հեղինակը ապրեցաւ արեւելեան իշխանի մը, պորտաբոյծի մը փարթամութիւններով, ու զեղխութիւններովը, աշխատանքէն ու գինովութենէն   մինչեւ կէս գիշերը անց անիկա կը թափառէր գինետունէ գինետուն ատեն չկրնալով գտնել իր գործը հասցնելու։ Հիմա, փոխադրուեցէք ձեր մտքովը Պարոնեանի պայմաններուն։ Դրէք զայն իր խեղճ ու պատառ, անօթի պիւտճէին ներսը զոր մաղազայի ջոջերուն քմահաճոյքը իր կարգին կ՚ընէր աւելի քան անկայուն, քանի որ աշխատանքը չէր որ կը վարձատրուէր, այլ ողորմութիւնը կը ներկուէր, ու ըսէք ինծի թէ իր առթած անհուն պատկառանքովը այդ մարդը ի՜նչ չէր կրնար առնել այդ հարուստներուն, ունայնամիտներուն երկիւղահար քսակներէն, մեղքերէն …։ Պարոնեան վեր մնաց բոլոր այս տրտմութիւններէն, փոքրութիւններէն Ոչ հակառակէն քրմացում: Ոչ շանթաժ ։ Ոչ սողոսկուն թափանցում։ Մի ըսէք ինծի թէ այս յատկութիւնները, առաքինութիւնները նոյնիսկ ինչ գործ կրնան ունենալ գրագէտի մը յօրինման մէջ. թէ գործը եւ գործաւորը տարբեր հարցեր են. թէեւ այլն եւ այլն։ Բանաստեղծ մը չէ որ կը յօրինեմ՝ որուն ապրումներուն իրաւութիւնը, անխարդախ պատկերը պիտի բաւէին իր դէմքը մեզի պարտադրելու։ Յակոբ Պարոնեան վիպասան մըն ալ չէ որուն գործը մեզ կը շահագրգռէ բայց անձը մեզի կը մնայ օտար, անտարբեր։ Երգիծանքը գրական հտպտանք մը չէր Պարոնեանի գրած օրերուն, ամբոխները զուարճացնելու դերով մը միայն պայմանաւոր։ Ըսի թէ Պարոնեան այդ դերը որքան ծանրաբեռնած էր իրաւով, արդարով ։ Յետոյ, Պարոնեանի գործը միայն հաւաքական պարսաւը չէ մեր բարքերուն, կանխող դարու կէսերէն։ Անիկա է նոյն ատեն բարոյական sanction մը։ Անիրաւուածներուն յոյսը: Պարոնեանի ո՛չ գեղեցիկ նախադասութիւնները, ո՛չ ալ ողորկ ֆրազները պիտի պաշտպանէին իր անունը ապագային առջեւ: Իրմէն մեզի գալիք խորհրդանշանը գրական անկախութեան, հասարակական արիութեան, անկաշառ խօսքին ու անվախ հեգնանքին համախառնուրդ փաստն էր ըլլալու։ Անոր գործը այդ խորհրդանշանը կ՚արժեւորէ այսօր մեր գրողներէն ոչ ոքին վիճակուած պայծառութեամբ մը։ 

Ժողովուրդի մարդ մըն էր, այս տարազին կարելի լայնքովը։ Այսինքն՝ գիրքին, միտքին մեղքերովը, բորովը քիչ կամ բնաւ ախտացած։ Կը մտածեմ Ռապըլէին, մանաւանդ Սէն-Սիմոնին՝ որոնց ուժը իրենց փափուկ կամ զօրաւոր բառամթերքէն չի ծնիր անշուշտ, այլ իրենց փրկած կեանքին մթերքէն։ Ժողովուրդի մարդ` մեր գրողները, երբ կը սկսին իրենց ասպարէզը, կարելի արագութեամբ այդ հոգեվիճակէն փախուստի մը ուշադիր սակայն: Շատ քիչեր` որոնք իբրեւ գրող յօժարած ըլլան պահել իրենց բխումին նկարագիրը։ Պարոնեան այդ խմորէ մարդոց տիպէն է: Ու տրտում էր նոյն ատեն, բայց այս երանգը մեղմող, գրեթէ անզգալի ընող` bonhomme, զուարթ կտաւին տակը պարզ երկոտանին։ Չի կրնար իր ողբերգութիւնը անդրադարձ չունենալ այդ գործին մէջ։ Բայց փնտռեցէք անձին շեշտը իր ծաղրէն ներս, կարդալէ վերջ Պարթեւեանին ահաւոր պարսաւը ուր ուժը կուգայ անձնականէն: Հոգեկան վերապահութիւն, գաղիացիք կ՚ըսեն candeur, զգուշաւորութիւն, պարկեշտութիւն Պարոնեանին մենաշնորհը չեն անշուշտ: Հռետոր, զեղուն, ցուցահան ժողովուրդ մըն ենք եղած։ Մէջտեղն է մեր պատմութիւնը։ Բայց ժողովուրդն ենք դարձեալ լուռ համակերպումին, վերապահ տրտմութեան։ Սխա՞լ` այս վերջին հանգամանքներուն լոյսին մէջ արժեւորել Պարոնեանի նկարագրին սա ամենէն ամուր գիծերը: Դուք ծանօթ էք տարազին որ Պարոնեանին գործը կը դաւանի միջին գումարը իր ժողովուրդի ստորոգելիներուն։ Իրական է նոյն ատեն որ այդ միջին գումարը կազմող տարրեր ոչ ոք մեզի բերաւ արեւմտահայ գրականութենէն, իրեն չափ ընտիր, առատ օրինակներու վրայ: Կարելի է իր դէմքին բարոյական սա յօրինումը ընդարձակել եւ բերել երեւան մեզ այլապէս գոհ, հպարտ ձգող տարրեր, մանաւանդ երբ յաճախանքին տակն էք արեւմտահայ գրական դէմքերուն զուգորդ բարոյական այնքան իրաւ նուաղումներուն, խօթութեանց։ Չի բաւեր փայլուն, թատերական արձակութեամբ պաշտպանուած ոճով մը մարդերը շշմեցնել (Պարթեւեան) կամ նուրբ, թեթեւ, գրեթէ անոտն տողերով մարդերուն տափակութիւնը քօղաւորել (Օտեան)։ Գրագէտը անբովանդակ յղացք մը չէ։ Մարդ մը գրող ըլլալէ առաջ մարդ մըն է ։ Ահա թէ ինչու կը մնամ զուսպ, պահելու համար անաղարտ իմ հիացումը Պարոնեանի բարոյական, իրաւ մարդու կշիռին, որ թէեւ հասարակաց էր սերունդին բոլոր աւագ դէմքերուն մօտ (Զարթօնքի մարդերը, Ռոմանթիքները ծանրաբարոյ, որոշ պարկեշտութեամբ, իրաւի մօտ անձնաւորութիւններ էին, իրենց աւելի կամ պակաս փառասիրութեանց, դժբախտութեանց մէջ, իրենց գրականութեան թեթեւութիւնը, քիչ իրականութիւնը լայնօրէն հակակշռող), տակաւ դադրեցաւ իր իմաստէն։ Պարթեւեանէն գանեցանք բայց վախցանք։ Օտեանէն չհարցուցինք բանալին իր մոգական գաղտնիքին ոչ միայն քանի մը սերունդի հետ ըլլալու, այլ նոյն սերունդին մէջ քանի մը անձնաւորութիւններ, կողմ, մտայնութիւն նոյն օրուան մէջ ըլլալ կրնալու։ Պարոնեան ծաղրը ուժի էր վերածած. խմբագրին ջանացած էր ճարել տարրական վարկ մը, գրողին` սանկ թեթեւ ազատագրում մը հասարակաց արհամարհանքէն, արգահատանքէն։ Պոլիսը իր պատրիարքարանով, մանաւանդ Ազգային Հիւանդանոցի իր մռայլ ճնշումներով, պատիկ դեր մը չունէր այդ ստորադասութեան բարդոյթները գրողներուն ներսը զարգացնելու։ Ժողովուրդի զաւակ բացատրութիւնը, աւելի ուշ պզտիկցած տարազ, Պարոնեանի օրերուն նախնական, անաղարտ, ծանր տիտղոս մըն էր սպասեակ հոգեբանութեանց դիմաց (esprit de valet) մեր գրագէտներուն։ Կայի՞ն այդ բացատրութեան թելադրանքները մեր ժողովուրդն այնքան չարչարակոծ հոգետունին ներսը։ Ապահովաբար չէին կրնար չկենալ: Պարոնեան այդ յատկութիւններու ձեւին մէջէն էր որ իր տաղանդը երկարեց դէպի սիրտը իր ժողովուրդին, ամբողջական ընդգրկումով մը, կատարելութեամբ մը, նկարագիրներ սեւեռելու անհաւասարելի իր դիւրութենէն՝ պաշտպանուած, ինչպէս շքեղ իր տիրողութենէն, դառնալով տեսակ մը ոսպնեակ, ուր իյնային գիծերը իր ժողովուրդին հոգիին, բարքերուն, վերածուելու համար տիպարային կերպարանքներու: Յետոյ, ձեզ կը հրաւիրեմ ուրիշ փաստի մը։ Վէպը, թատրերգութիւնը, բարձր բանաստեղծութիւնը կը պաշտպանեն զիրեն է փորձողները, անոնց ընծայելով առիթ շքեղ կառոյցներու, շքեղ անձնաւորութեանց փաղանգի մը զօրավարութեան։ Աւագ սեռերուն բարիքն է ասիկա։ Ու կա՞յ, կարիք անգամ մըն ալ կրկնելու որ երգիծանքը փոքր, սահմանափակ կարելիութեանց սեռն է գրեթէ միշտ։ Դժուար չէր Միլտոնին համար մնայուն վսեմը հետապնդել: Սերվանդէս, անկէ մեծ գրագէտ մը թերեւս, մարդոց յիմարութիւնները ունէր իրեն զսպանակ։ Երգիծանքը թէեւ դիւրութիւն կը հայթայթէ բարքերու սեւեռման եւ գրագէտը կը թեթեւցնէ խոշոր կառուցումներու ծախքէն ու սպառումէն, է նոյն ատեն անխուսափելի ազդակ՝ արդիւնքին փոխանցման։ Ծիծաղելիի մէջ վսեմը արգիլուած գօտի է, բանաստեղծութիւնը՝ ծաղրանկար, խորութիւնը` կեղծիք։ Ահա թե ինչու Պարոնեան փոքր սեռի մը վրայ կ՚ողջունուի մեծ գրագէտ մը մեր մէջ

* * *

Ընդարձակ՝ իր գործը։ 

Հայաստանի Պետհրատ ը ձեռնարկած էր անոր գործին ամբողջական հրատարակութեան։ Ըսի թէ տեսած եմ ձեռնարկին վեցերորդ հատորը որուն ետեւի մէկ ծանօթութենէն կ՚իմանանք թէ գործին ամբողջութիւնը մերձաւորապէս տասը հատորներ պիտի ընդգրկէր։ 

Մանրատառ ու երեք հարիւր էջերու ծաւալին մօտեցող այդ տասնեակ հատորները կը բովանդակեն 

ա) Թատրոններ

բ) Վիպակներ.

գ) Քրոնիկներ

դ) Մտածումներ.

այսինքն` բացի բանաստեղծութենէն՝ իր սերունդին բոլոր կրթանքները։ Ու դարձեալ` իր սերունդին հիմնական ախորժակներովը: Չունինք իրմէ, բարեբախտաբար, Գեղեցիկ եւ Գեղարուեստք ի սեռէն բանախօսութիւններ։ Չունինք, դարձեալ, Ուղեւորութիւններ ուն յաւակնոտ ցուցադրանքները (Մամուրեանի եւ Չիլինկիրեանի Նամականի ները)։ Գիտենք որ չէ սկսած, այդ օրերուն, արեւմտահայ քննադատութիւնը, բայց Ծիծաղ ին մէջ Պարոնեան շատ ողջամիտ կեցուածք է պարզած Մայտա յին փառքին դէմք։ Անշուշտ քիչ կը հասկնար քան Եղիան եւ Պէրպէրեանը որոնք այդ խեղճուպատառ վէպը գովելու մէջ քիչ մնաց հետեւէին առակին գորտին։ Բայց գրական իր ողջմտութիւնը չսխալեցաւ։ 

Իր ստեղծումն է շատ անձնական եղանակ մը՝ մարդեր կենդանագրելու, Ազգային Ջոջեր ուն հասարակաց կաղապարին տակ: Իրմէ առաջ եղանակը անծանօթ է ինծի մեր մէջ։ Իրմէ յետոյ կաղապարը անցա ասեմին ու չաժեմին շահագործման: Գրապաշտները զայն պիտի փոխակերպէին գրական քննադատութեան, Արուեստագէտները` անորակելի աճպարարութեան մը։ 1900ին ոսկեդարն էր վայրկեանականներու, կէս վայրկեանականներու ։ 

Այդ գործէն մեռելին մթերքը՝ աւելի անդին։ Հոս, կը գոհանամ՝ յայտնելով որ մեր բոլոր գրողներէն Պարոնեանին գործը միակն է ուր ողջ ին, մնայուն ին բաժինը անհամեմատելի կերպով գերազանց է մեռելէն։ Շքեղ կոյտէն Եղիային ազդա՞ծը, հաւանաբար հատոր մը տպաւորապաշտ էջերու եւ քանի մը տարօրինակ քերթուած։ Մամուրեանէն՝ գրեթէ ոչինչ բացի վաստակին փառքէն. Նոյնն է պարագան ՏիւսաբիՆ, Ծերենցին։ Իր տեղին մանրամասնօրէն պիտի ձգուի վերլուծման մնայունքն քանակն ու որակը։ Արեւմտահայ գրականութիւնը Պարոնեանէն ժառանգած չէ միայն սեւ ողբերգութեան մը մեղքը, այլեւ իր ամենէն անկորուստ տախտակների իր ժողովուրդին բարքերէն։ Ժամանակին մէջ այս բարիքը պիտի վերածուի իր արդար, անկորուստ փառքին, ճառագայթման։