Ա.
ՄԱՐԴԸ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸ
Տեղ
մը
ըսած
եմ
թէ
արեւմտահայ
գրականութիւնը
երկու
կէս
խենթեր
եւ
մէկ
ալ
վաւերական
յիմար
ունի։
Դժբախտութիւն
է
որ
այս
վերջին
որակումը
ստիպուած
ըլլամ
գործածել,
տալու
համար
ամբողջական
գաղափար
մարդ
է
մը
որ
բոլոր
ժամանակներու
մեծագոյն
արուեստագէտներուն
շնորհը
նկատուող
բացառիկ
խառնուածք
մը
յայտնաբերեց
արուեստի։
Ցաւը
այն
է
որ
այդ
խառնուածքը
չհասաւ
իրեն
որակին
արժանաւոր
աշխարհի
մը
մէջէն
ինքզինքը
ընդմիշտ
մեր
հիացումին
ու
յարգանքին
պարտադրելու:
Ահա
ձեզի
քանի
մը
թուականներ։
Ծնած
է
1851ին
(Չերազ՝
1852,
Պէրպէրեան`
1851,
Դուրեան`
1851),
տրուած
ըլլալով
այս
բոլոր
անուններուն
միեւնոյն
քաղաքի
մէջ
եւ
միեւնույն
տարիին
մէջ
ծնած
ըլլալը,
դժուարութիւն
չունինք
մտքի
եղբայրութիւնն
ալ
հաստատելու
այս
մարդոց
առնուազն
գործին
մէջ։
Աւելին։
Ասոնց
կրթութիւնը
(բացի
Դուրեանէն)
ունի
իրեն
որրան
Խասգեղ,
զոր
մարդիկ
պիտի
չվախնային
Պոլսոյ
Աթէնքը
յորջորջելէ։
Կանխող
սերունդին
ճեմարանը,
Եղիայի
սերունդին
Շահնազարեանը,
Իրապաշտներու
եւ
Արուեստագէտներուն
մշակութային
վառարանները՝
Պէրպէրեան
եւ
Կեդրոնական,
այսօր
մեզի
կը
ներկայանան
վարժարաններու
իրենց
պիտակներէն
շատ
աւելի
հեռու
բաներ
թելադրող
իմացական
կազմակերպութիւններ։
Շահնազարեան
դպրոցին
մէջ
վեշտասանամեայ
պատանիներու
կողմէ
խմբագրուած
Երկրագունտ
ը
հրաշք
մը
չէր
անշուշտ,
բայց
փաստ
մը`
մեր
իմացական
հրապարակէն
հոն
գործօն
ուժերու
պարունակին։
Տարօրինակ
չէ
նոյն
ատեն
որ
մենք
Եղիայի
կեանքի
ամբողջ
երկայնքին
այդ
իմացական
խնամութեանը,
մասնայատկութեանը
հանդիպինք
մօտաւորապէս
երեքին
մէջն
ալ։
Մարդեր
են
որոնք
Զարթօնքի
սերունդէն
իրենց
ժառանգածը
կը
յաւակնին
արդիւնաւորել
շատ
աւելի
անդին`
որքան
չէին
արտօներ
ատիկա
իրենց
պատրաստութիւնը,
ընդունակութիւնները,
տաղանդը:
Դժուար
է
այսօր
հասկնալ
յանդգնութիւնը
օրինակի
համար
Պէրպէրեանի
մը
որուն
իմացական
ամբողջ
զրահաւորումը
միջնակարգ
վարժարանի
մը
հնոցէն
է
հայթայթուած
երբ
կը
յաւակնի
բարձրագույն
կրթական
հաստատութիւնները
ո՛չ
միայն
հեգնելու,
այլեւ
կը
յաջողի
զանոնք
վերածելու
երկրորդական
կրթութեան
այնքան
բազմապահանջ
կարիքները
լրացնող,
վերածելի
ձեռնարկի
մը։
Դժուար
է
չհիանալ
ոչ
միայն
յանդգնութեան,
այլեւ
միամտութեան
բաժինին՝
որով
ուշագրաւ
է
սկզբնական
խանդավառութիւնը
Մինաս
Չերազ
անունով
պատանիի
մը,
երբ
դեռ
քսանը
չմտած
մեր
ուսումնական,
կրթական
վերանորոգման
ոչ
միայն
մտայղացքը,
այլ
եւ
իրագործումը
կը
ներէ
իրեն
պատգամել
եւ
վարել
Երկրագունտ
ով
(վարժարանին
մէջն
իսկ)
երկու
միլիոնի
մօտեցող
ժողովուրդի
մը
քաղաքական
ու
իմացական
կեդրոնը,
իր
ձայնը
ընելով
թունդ,
հասցնելով
կրթական
շրջանակներէն
ալ
անդին։
Այս
սերունդին
մէկ
ուրիշ
կերպարանքն
է
ահաւասիկ
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան
անունին
տակ
երկարաձգուող
կենդանի
ողբերգութիւն
մը`
արիւնի
ինչպէս
մտքի
(իմաստի
ողբերգութիւն)։
Շահնազարեան
վարժարան։
Պետական
պաշտօնէութիւն՝
երկու
անգամ։
Իր
ֆրանսերէնն
ու
թուրքերէնը
իրեն
կը
բանան
դուռը
թրքական
նախարարութեանց
պաշտօնատուներուն
ուր
անոր
կը
յանձնուին
թուրքերէնի
թարգմանուելու
համար
թուղթեր:
Եւրոպա
մը
(1876,
Մարսէյլ),
հետեւելու
…
առեւտրական
վարժարանի
մը
ընթացքին
զոր
կը
ձգէ
կէս,
դառնալու
համար
Պոլիս,
իր
թափառումներուն
որոնք
զինք
պիտի
առաջնորդեն…
վարդապետութեան,
առաւել
խմբագրութեան։
Եղիայի
ուսուցչութիւնը
կը
յիշեմ`
յիշած
ըլլալու
համար
խոր
այն
տպաւորութիւնը
զոր
իր
անձը
ունեցած
է
թերեւս
իր
դժբախտութեանց
իսկ
լուսապսակով
աղուորցած։
Այդ
ուսուցչութեան
իբրեւ
արդիւնք
ունի
գրքոյկ
մը,
Տարերք
Փիլիսոփայութեան
Պատմութեան,
որ
ամփոփոյթ
մըն
է
Կեդրոնական
վարժարանի
իր
դասերուն
(1891)։
Կարդացած
եմ
դարձեալ
Կեդրոնական
վարժարանի
մէջ
իր
դասախօսութեանց
ամփոփ
արձանագրութիւնները
ընդհանուր
գրականութեանց
պատմութեան
վրայ,
այս
տեղեկութիւնները
թերեւս
օգտակար
են
մեր
գրականութեան
այդ
շրջանի
ընդհանուր
ուղղութիւնը
յայտնաբերող
ազդակներ
իբրեւ:
Արդարեւ,
1875-1890
արեւմտահայ
գրականութեան
սպասը
գրեթէ
կեդրոնացած
է
վարժապետներու
ձեռքին
մէջ։
Եթէ
դուրս
կը
մնան
ատկէ
Պարոնեանն
ու
Մամուրեանը,
ասիկա
չի
հերքեր
այդ
տաղանդաւոր
մարդոց
սկիզբը
(դարձեալ
վարժապետութիւն)։
Պատուելիին
(ամիրաներուն
սեղանները
չքաւորելու
կոչուած
հացկատակէն,
անօթութեան
հետ
պայմանագիր
կնքող
թշուառութենէն)
տիպարը
մէկէն
ի
մէկ
ինքզինքը
կը
պարտադրէ
մեր
հասարակութեան։
Վարժապետներու
սա
պայծառակերպութեան
մէջ
գրական
տաղանդին
բաժինը
մեծ
է
անշուշտ:
Զարթօնքի
սերունդին
ներկայացուցիչները,
աւելի
պետական
–
քաղաքական
ասպարէզներու
սպասարկու,
ատեն
չունեցան
մանուկներու
ճամբով
մեր
գրականութիւնը
«փառաւորելու»
(բառը
Եղիային
է)։
Վարժապետին,
ինչպէս
դերասանին,
ինչպէս
երաժշտին՝
նոյնն
են
ճակատագիրները
—
հետախաղաղ
կորուստ
է
Եղիայէն
մեզի
եկած
տպաւորութիւնները,
յուշքերը
լուսապսակուած
են
գրագէտի,
հիւանդի,
խմբագրի
անհաւասար
գեղեցկութիւններով։
Հասկանալի
է
որ
ընթերցումի
մոլի,
հալածանքի
մղձաւանջէ,
մնայուն
տառապող,
իր
արեան
մէջ
շրջան
ընող
խուլ
ու
դաժան
ազդեցութիւններէն
չարչարուած,
բայց
մանաւանդ
օրուան
հացին
ու
օրուան
ցաւին,
մամուլին
մէջը
անսկիզբն
ու
անվախճան
տուայտանքն
եղող
այս
մարդէն
գէթ
սերունդի
մը
իմացական
սնունդը,
գրական
արեւելումը
արուեստի
որոշ
դաւանանքէ
մը
չըլլան
եկած։
Կ՚ըսեն
թէ
իր
դասի
պահերը
վերացման,
խորունկ
գեղեցկու
թ
եան
եւ
յուզումի
պահեր
էին։
Տղաքներէն
աւելի`
ինքզինքը
նկատի
ունէր
այդ
մարդը
երբ
կը
խօսէր,
կ՚երազէր,
կուլար,
դասարաններու
մէջ
ուրիշներու
վրայ
խօսած
պատերուն։
Պոլսոյ
բարձրագոյն
հաստատութիւնները
պատիւ
սեպած
են
իրարու
ձեռքէ
խլել
այդ
անխլելի
մարդը,
որմէ
ոչ
մէկ
հետք՝
մեր
գրականութեան
ուղղութեան
վրայ։
Այսպէս
է
որ
անոր
շատ
գեղեցիկ
շնորհները
անցան
անօգուտ։
Ճիշդ
է
որ
Եղիան
սերունդ
չէր
կրնար
ունենալ,
բայց
նոյնքան
ճիշդ
է
որ
սերունդը
գործն
է
պատրաստուած,
նոյնիսկ
տաղանդով
պաշտպանուած
վարժապետներու
(Պէրպէրեան,
Ե.
Դուրեան)։
Այս
մտածումը
իր
բոլոր
լիութիւնը
կ՚առնէ
երբ
զայն
տեսնենք
լուսաւորուած
Պէրպէրեանի
մը,
Ե.
Դուրեանի
մը
ուսուցչական
վաստակին
մէջէն:
Խմբագիրը
նոյն
այս
դժբախտութիւնը՝
անոր
օրերը
լեցնող
երկրորդ
մեծ
սպառումի
մը
մէջ
որ
խմբագրութիւնն
է:
Իր
առաջին
գրութիւնը
գրաբար
ոտանաւոր
մըն
է
(1868)։
Պէտք
կը
տեսնեմ
յիշեցնելու
որ
Չերազի
կապուած
դպրոցի
սեղաններէն
կը
քալէ
անոր
փառքին
շուքէն
(որ
կը
լեցնէ
այդ
շրջանը
տարօրէն
կանխահաս
իր
իմացականութեամբը)
ընդունելով
ընտրողական
աշխարհաբարը,
գրելով
անով
բաւական
մը
տարիներ,
ինչպէս
կը
վկայէ
նոյն
այդ
մենամոլութեան
անձնատուր
Հրանդ
Ասատուր,
որ
իր
ուսուցչին
աշխարհաբարովը
(Չերազ
ուսուցիչն
է
Հրանդ
Ասատուրի)
հրատարակած
ալ
է
Պատանեկան
Ներշնչմունք
գրքոյկը։
Թերթերը
գոց
են
իրեն
երեսին,
լեզուական
այդ
արտառոց
քմայքին
պատճառով։
Մինչեւ
1880,
դիւանէ
դիւան
Եղիա
կ՚անցնէ
չարչարագին
իր
երիտասարդութիւնը,
առանց
իր
անունին
արժանի
գործ
մը
ձգելու
մեզի
այդ
շրջանէն։
1880ին,
ընտրողական
աշխարհաբարը
լքելուն
իբր
վարձատրութիւն,
ան
կ՚ունենայ
օրուան
միակ
լուրջ
organeը,
Մասիս
ը
(
Պարոնեանի
Խիկար
ը,
Մամուրեանի
Արեւելեան
Մամուլ
ը,
եւ
ուրիշ
թերթեր
իր
անունով
ունին
իրմէն
թեթեւ,
յաւակնոտ
բայց
ձեւի
մեծ
գեղեցկութեամբ
պաշտպանուած
գրութիւններ)։
Սկսած
է
խմբագրական
իր
փառքը
(Մարսէյլէն
դարձին
անոր
յանձնուած
էր
Տնտես
անունով
առեւտրական
հանդէսի
մը
խմբագրութիւնը)։
Շահնազարեան
վարժարանի
մէջ
այնքան
փառքի
ելած
Երկբա
եւ
ուներ
ը
1880էն
վերջ
կ՚անցնի
Եղիայի:
Կը
յիշեմ
իր
Շարժում
ը
(գրական
եւ
իմաստասիրական)։
Այս
իր
իսկ
խմբագրութեամբը
լոյս
տեսնող
հանդէսներէն
դուրս
անիկա
կ՚երեւայ
1875–1895։
1898–1900
մենք
իրմէն
ունինք
իր
վերջին
յօդուածները։
Մինչեւ
իր
մահը
(1908)
անիկա
դադրած
է
հայ
գրականութեան
ինչպէս
ինքը
իրեն
պատկանելէ,
բոլորովին
խորասոյզ՝
իր
հիւանդութեան
ճահիճին
մէջ։
Գրեթէ
ամէն
թերթի
եւ
հանդէսի
մէջ
քիչ
մը
ամէն
բանի
վրայ
—
կրօնք,
լեզու,
իմաստասիրութիւն,
պատմութիւն,
սարքեր,
գրականութիւն
–
աւելի
կամ
նուազ
կարճ
յօդուածներ։
Եթէ
ասոնց
վրայ
աւելցնենք
իր
գրքոյկները,
որոնք
իրենց
լեզուին,
գաղափարներու
տարօրինակութեան,
նոյն
իսկ
անիմաստութեան
պատճառով
մերժուած
են
օրուան
մամուլէն
եւ
այդ
իսկ
պատճառով
լույս
են
տեսած
առանձին
գրքույկ
իբրեւ,
կ՚ունենանք
Եղիայի
իմացական
գործունէութեան
երեք
չորրորդը
գրաւող
վաստակ
մը։
Ու
հոս
է
եղերականը։
Ըսի
ձեզի
թէ
քսանէն
վեր
տղաք
Շահնազարեանի
բեմէն
իրենք
զիրենք
իրաւասու
կը
զգային
մեր
մտքին
ղեկը
ձեռք
առնել
(Չերազ,
Եղիա,
Պէրպէրեան),
երբ
Զարթօնքի
սերունդին
համալսարանական
պատրաստութիւնը,
լրջութիւնը
առնուազն
մեր
միջավայրը
խորապէս
ճանչնալու
առաւելութիւնը,
ազգային
խորհրդարանը,
պատրիարքարանը,
մեր
վարչական
եւ
կրթական
կազմակերպութիւնները
կը
գործէին`
մեր
զարթօնքը
«ի
բրին
ածելու»
առաջադրութեամբ։
1870ին
տպուած
Գրական
Փորձեր
հատորի
մը
մէջ
Մինաս
Չերազ
խոշոր
հպարտութեամբ
մը
կը
խոստովանի
թէ
իր
ճառերը
եւ
քերթուածները,
պատանեկան
ներշնչումներու
արդիւնք,
տէրն
էին
այդ
օրերու
հայ
հրապարակին։
Տասը
տարի
վերջ`
Եղիան
ուրիշ
բան
մը
պիտի
չընէ
եթէ
ոչ
դպրոցի
մէջ
սնունդ
առած
սա
ճիղ
ճ
փառասիրութիւնը,
փառամոլութիւնը
ընդարձակօրէն
գործադրել
ջանալ
բոլորովին
անպաշտպան
ձգուած
այդ
հրապարակին`
վրայ։
Այսօր
դժուար
է
հաւատալ
թէ
ի՞նչպէս
յիմարութեամբ
լեցուն
գրութիւն
մը
—
Շահնազարեանի
մը
Խղճին
Պարզ
Քննութիւնը
-
այդ
օրերուն
տակն
ու
վրայ
կ՚ընէ
ամբողջ
Պոլիսը։
Այդ
ճառին
մէջ`
Եղիա
յատուկ
անուններու
կարկուտով
մը
սպառազէն,
կը
պահանջէ
բաներ`
որոնք
բառեր
են
անբովանդակ,
թէեւ
շատ
հնչական
ձեւով
մը
որ
կը
ճօճի
ընդմէջ
մարգարէական,
յայտնութենական
եւ
Հիւկոյիք
փայլակումներուն։
Եւ
սակայն
ամէն
մարդ
կարդաց
այդ
ճառը
եւ
հաւատաց
թէ
հայութիւնը
հանճար
մը
կ՚ողջունէր
իր
ծոցին
մէջ։
Եթէ
թերթ
մը
վարելու,
իմացական
շարժում
մը
առաջնորդելու,
գրական
դպրոց
մը
հիմնաւորելու
արարքներուն
համար
Եղիայի
պատրաստութիւնը,
տաղանդին
մասնայատուկ
կազմը
ու
այդ
տաղանդը
սնուցանելու
կոչուած
միջավայրին
չէզոքացուցիչ
ազդեցութիւնները
բերենք
քով
քովի,
մեզի
համար
պարզ
կ՚ըլլայ
թէ
ինչո՞ւ
այս
մարդը
համբաւ
մը
մնաց,
բայց
ոչ
ինչ
տուաւ
ասպարէզի
մը
մէջ
ուր
իրեն
եղունքը
չարժողներ
երախտապարտ
զգացումներով
դեռ
այսօր
իսկ
կը
պաշտպանեն
իրենց
յիշատակը,
իրենց
ժամանակէն։
Նոյնիսկ
աւելի
վերջերէն։
Այդ
համբաւը
ո՛
չ
ձրի
է
եւ
ո՛չ
ալ
անիրաւ,
սակայն
պայմանաւ
որ
զայն
գտնենք
ինքզինքը
կազմածից
գրական
թափառումներու
ուղիով,
անոնցմէ
դուրս
շատ
տրտում
դժբախտութեամբ
մը
—
ատիկա
իր
հիւանդութիւնն
է
։
Ինք
կը
գրէ
թէ
դեռ
դպրոցի
մէջ
իսկ
կը
տառապէր,
արիւն
կը
թքնէր։
Հիւծախտի
ախտաճանաչումը
կատարուեր
էր
իր
վրայ
եւ
սակայն
երեսունէ
աւելի
տարիներ
այդ
դպրոցէն
ետք՝
անիկա
պիտի
շարունակէ
այդ
հիւանդագին
վիճակով
դասախօսել,
խմբագրել,
բանաստեղծել,
բառարաններ
յօրինել,
այսինքն
իմացական
աշխատանք
մը,
այլապէս
սպառիչ,
իրեն
համար
նիւթապէս
անօգուտ։
Հիւանդ
մըն
է
անիկա
ուրեմն,
դպրոցի
սեղաններէն
մինչեւ
իր
մտքի
վերջնական
խաւարումը,
որ
իրականութիւն
է
այս
դարուն
սկիզբը։
1890էն
մինչեւ
1900
անիկա
եղած
է
Ազգային
Հիւանդանոցի
յիմարանոցին
մէջ,
որոշ
մեղմացումովը,
որոշ
զայրագնումովը
քրոնիկ
իր
հիւանդութեան
—
մենագարութիւն
։
Հոս
է
որ
պէտք
կայ
լուսաբանելու
Եղիայի
հէքեաթը։
Անառարկելի
է
որ
ոյժեր
են
Պարոնեան,
Մամուրեան,
նոյնիսկ
Չերազ
եւ
…
Բիւզանդ
Քէչեան,
իրենց
կամ
մեր
մեղքին
համար։
Հոս
դժուարութիւն
չունիմ
այդ
ոյժերուն
կազմումը,
տիրակալումը
հասկանալու
եւ
բացատրելու։
Առնուազն
իրենց
իմացական
ամբողջ
կորովին
տէրն
ու
տիրական
մարդեր
են
վերը
տրուած
անունները։
Ո՞ր
հանելուկին
գինով
է
որ
դատելու
իր
կեդրոնէն
խորապէս
խարանահար
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան
սանկ
քառորդ
դար
մը
մեր
գրականութեան
անդիմամարտ
ախոյեանը,
չըսելու
համար
միահեծան
ինքնակալը
կը
դաւանուի
եւ
կը
գործէ
իբր
այդ։
Այս
է
անհասկնալին։
Փորձելու
համար
թեթեւ
թափանցում
մը
այս
խորհուրդէն
ներս,
նկատի
առնել
չէ
Եղիայի
դժբախտ
կեանքը
(գրեթէ
քսան
տարեկանին
անիկա
կը
գտնուի
իր
հիւանդութեան
լուսապսակին
մէջ
ու
նոր
չէ
որ
մարդիկ
արգահատանքը
պիտի
առաջնորդեն
գնահատման),
խառնուածքի
տարօրինակ
քմայքները,
յարաբերութիւնները
իր
ժամանակի
բոլոր
լրախոհներու
հետ,
բայց
մանաւանդ
առատաբաշխ,
շնորհաբաշխ
գրիչ
առնող
ամէն
մարդու
մօտ
սանկ
պտլիկ
հանճար
մը
ողջունողի
իր
դերը,
յատուկ
անուններու
իր
անհուն
բանակը,
իր
ժամանակը
յուզող
(յԵւրոպա)
գիտական,
գրական,
ընկերային,
իմաստասիրական,
պատմական
հարցերու
շուրջ
անպատասխանատու,
յաւակնոտ
բայց
միշտ
խանդավառ
իր
բաժինը։
Կ՚աւելցնեմ
ասոր
վրայ՝
ատենին
աղմուկ
հանած
եւ
Պարոնեանի
շքեղ
էջ
մը
երգիծանք
արժած
գովամոլութիւնը,
որով
կը
դիւրէր
ճամբան
իր
իսկ
հէքեաթին։
Իրաւ
է
որ
ոչ
ոք
մտիկ
ըրաւ
զինքը
(պայմանն
է
ատիկա
արդեն
բոլոր
հէքեաթներու
հերոսներուն)։
Իրաւ
է
որ
իրմէ
մեր
գրականութիւնը
չունեցաւ
ոչ
մէկ
սան
(Չրաքեանի
լեզուական,
նկարչական
զանցումները
իբր
նախատիպար
ունին
Եղիայի
ոճին
յանդուգն
նրբութիւնները,
բայց
այս
նմանութիւնը
երբեք
մեզ
չ՚արտօներ
իմացական
ալ
յարաբերութիւնը)
եւ
սակայն
իրողութիւն
էր
միւս
կողմէ
իր
սքանչելի
ոճը,
ձեւին
հանդէպ
իր
շլացուցիչ,
սրտառուչ
տագնապանքը,
արեւմտահայ
աշխարհաբարի
բառերէն
նոր
լոյսեր,
հծծիւններ,
երանգներ
աղբերացնելու
իր
եզական
շնորհը:
Այնպէս
որ
մարդիկ
չհասկցան
բայց
սիրեցին
շաբաթը
անգամ
մը
անուն
եւ
ուղղութիւն
փոխող
այս
վհուկը
որ
կը
գրէր
ամէն
բանի
վրայ
զմայլելի
դիւրութեամբ,
յաճախ
մակերեսային,
բայց
երբեմն
ալ
խոր
հասկացողութեամբ։
Չեմ
գիտեր,
այս
տողերը
կը
բաւեն՝
բացատրելու
սա
հէքեաթը։
Համադրութիւններէ
ախորժող
մէկու
մը
համար
թերեւս
հաճոյք
է
Դուրեան
մը
մտայղացքի
վերածել,
այդ
յղացքին
ետեւը
դնել
քանի
մը
շատ
զօրաւոր,
շատ
իրաւ
զգացումներ
եւ
մտածումներ,
սիրտ
մը,
խառնուածք
մը,
թարմութիւն
մը
եւ
կախարդանք
մը։
Նմանապէս
Պէշիկթաշլեան
խորհրդանշան
մըն
է
հերարձակ
հայրենասիրութիւն
սիրող
սրտի
մը
շնորհայեղց
խառնուածքէն,
որ
ունենար
ճաշակը,
լայն,
դաշն,
մեղեդաւոր
նախադասութեանց։
Չեմ
շարունակեր
սա
համադրումները,
եւ
կը
հարցնեմ.
–
Ի՞նչ
կը
ներկայանայ
Եղիա
անունին
հետ
զուգորդաբար։
Խուժ
իր
ոտանաւորը
գրեթէ
կը
սպաննէ
անոր
երեւակայութեան
շքեղ
ծաղիկները,
տառապագին
երեւակայութեան
ճիչը,
աչքին
մելանոյշ
քաղցրութիւնները,
ընելով
անընթեռնելի
իրմէն
որեւէ
քերթուած
(Եղիայի
ոտանաւորները
շրջանէ
մը
շատ
թանկ
վաւերաթուղթեր
են,
ինչպէս
պիտի
տեսնենք
աւելի
վերջ)։
Դաշն
մեղեդիի
մը
պէս
անուշ
իր
արձակը
կարծես
աւելորդ
պերճանք
մըն
է
այն
բոլոր
էջերուն
համար
ուր
մեր
միտքը
հաստատ
տրամաբանութեամբ
պաշտպանուած
յառաջատու
կառուցման,
կարողութիւններու
պէտքը
կը
զգայ։
Դժբախտաբար
շատ
քիչ
են
այն
էջերը
որոնց
մէջ
այս
մարդուն
զգայնութիւններն
ու
արուեստը,
իմացականութիւնն
ու
անոր
զգեստը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
ասոր
արտայայտումը
չկործանեն
զիրար։
Կան
ատոնք
սակայն,
եւ
թերեւս
այդ
քանի
մը
ծաղիկներն
են
որոնք
բուրումնաւէտած
են
Եղիայի
հէքեաթը։
Պէտք
է
սակայն
այս
մարդը
տեղաւորել
արժանաւոր
կերպով
արեւմտահայ
գրականութեան
երախտաւորներու
շարքին
մէջ,
վայել
փառքով։
Առնուազն
անիկա
մէկ
շքեղ
փաստն
է
շատ
անծանօթ
եւ
պէտք
եղածին
չափ
չարժեւորուած
կարողութեան
մը
զոր
ի
մատենագրական
ուսումնասիրութիւնները
գտեր
են
դարէ
դար
անսպառելի
հեղինակներու
վրայ
իսկ:
Վիեննացիները,
Մագիստրոս
քերականներ,
ուղիղ
բանին
եւ
տրամաբանութեան
նախանձայոյզ
պաշտպաններ,
միեւնոյն
ատեն
արուեստի
զգայարանքէն
եղերապէս
զուրկ
ծնած
գօշեր,
յաջողած
են
սակայն
մեր
լեզուի
այդ
գեղեցիկ
ընդունակութիւնը,
ընկալչութիւնը,
թէքնիք
բառով
մը՝
յանհունս
կռանելիութիւնը
վարկաբեկել,
վեցերորդ
դարէն
իսկ
դադրած
համարելով
հայ
արձակին
փառքը,
դատապարտելով
մեր
վարդապետներուն
սրտառուչ
ճիգը
մեր
լեզուն
ընելու
ընդունակ
յոյն
մտածման
բոլոր
նրբութիւնները
արտաբերելու:
Ստոյգ
է
որ
յունաբան
դպրոցը
մեզի
գրական
գործ
չէ
ձգած
մեր
ցեղային
ոգւոյն
մեծ
մղումներով:
կենսաւորուած,
եւ
իր
ճիգին
մէջ
չափազանց
վերլուծական
եւ
ճիշդ
ըլլալու,
կորսնցուցած
է
ցեղային
կնիքին
իսկ
նկարագիրը,
բայց
ճիգն
իսկ
փաստ՝
թէ
այդ
լեզուն
ընդունակ
է
իր
իսկ
ընդերքէն
ինքզինքը
անընդհատ
նորոգելու,
միշտ
աւելի
բազմածալ
ու
շնորհալի
շեղումներով։
Այսպէս
կը
դատեմ
ես
Քռթենաւոր
մը,
Մագիստրոս
մը
(երկու
եզրերը
յունաբան
դպրոցին)։
Եղիա,
Չրաքեան,
քիչիկ
մը
Մրմրեան,
արեւմտահայ
աշխարհաբարին
վրայ
այդ
ճիգն
է
որ
կը
փորձեն։
Ու
պատիւ
է
որ
այս
երեքին
եթէ
ոչ
ամենէն
ճոխը,
գէթ
ամենէն
սրտառուչը,
ամենէն
դաշնը
ըլլայ
Եղիային
ճիգը։