Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.
ԿՈՂՄԵՐԸ  ԻՐ  ՏԱՂԱՆԴԻՆ 

Այս գլուխը կը բացուի սովորութեան մը հպատակ մտայնութեամբ մը, քան` իրական առանձնացումներ, ճշդումներ իրագործելու բախտով մը։ Մեր իրաւ գրագէտներուն մօտ, բացի Մեծարենցէն (որ փորձած է քննադատական նշմարանքներ), Սիամանթոյէն եւ Վարուժանէն, տաղանդը միշտ յոգնակի կողմերով կը գտնենք։ Տկարութիւն անշուշտ, սա ստորաբաժանումները, բայց նոյն ատեն արդիւնք` մեր հասարակութեան կարիքներուն։ Պարոնեանի տաղանդը կողմ չունի։ 

 

Գործին ուրուագիծին մէջ ես տուի անուններ (վէպ, թատրոն, քրոնիկ, եւ այլն) որոնք սակայն զիս չեն արտօներ վիպող, թատերագիր, քրոնիկագիր Պարոնեաններ առանձին առանձին նկատի ունենալու: Այս յղացքներէն ոչ մէկը հարազատութեամբ կ՚ընդգրկէ Պարոնեանէն մեզի եկածը, իր հիմնական նկարագիրներուն հանդէպ որոշ յարգանքով մը։ Բայց յղացքներէն բաղադրիչնե՛ր։ Ու երգիծանքը, այս անգամ՝ իբր բարեխառնութիւն, որով կերպարանք հագնէի այդ վէպը, թատրոնը, եւ այլն …։ Աւելի արդար պիտի չըլլայի՞նք արդեօք, յանուն յստակութեան գործադրուած ու միշտ քիչիկ մը խնդրական սա բաժանումներու բարիքը մոռնալով, տեսնել Պարոնեանի մէջ մէկ տաղանդ, ընդհանուր ու ամբողջական (ոչ մէկ էջ իրմէ, հեգնութենէն չեկող)։ Առանձին։ Պարզ ու վսեմ։ Իրականութիւն է որ անիկա գրիչը ձեռք է առած, հեգնելու համար։ Ու քիչ բան չէր ըրած վաղ երիտասարդութենէն մինչեւ կանխահաս կործանումը։ Պարոնեան հեգնած է, բացարձակ ու այլամերժ։ 

Բայց, միշտ յանուն այդ յստակութեան, կարելի է անոր մէջ տեսնել փորձել թատերագիր մը [1], սակայն չծանրանալ, ըսել կ՚ուզեմ՝ տնավարի ազատութեամբ ու անծակ տգիտութեամբ թատրերգութիւն մը ոտքի հանող տաղանդի երակ մը տեսնել այդ մարդէն ներս, ամենէն աւելի պատրուելով անշուշտ անձերը խօսեցնելու անոր բնատուր շնորհէն։ Պարոնեան թատերագիր մը չէր ծնած, ինչպէս չէին ծնած Մ. Պէշիկթաշլեանն ու Պ. Դուրեանը։ Նոյն մտայնութեան մէջէն, թերեւս փորձուիք Մեծապատիւ   Մուրացկանները վէպ տիտղոսել։ Այս զիջումը ձեզ պիտի առաջնորդէր երկրորդին, վիպասան Պարոնեանի մը փառքին, քանի որ անձեր ապրեցնելու հիմնական շնորհն ալ պիտի գար ձեր զիջումը պաշտպանելու: Իրողութիւն է որ Մեծապատիւ  Մուրացկանները ուրիշ բան չէ եթէ ոչ պատկերներու շարք մը, այն զոր գաղիացիք անուանեցին կանխող դարու վերջերուն՝ franche de vie, որոնք քիչ մը աւելի լայն բռնուած, բայց թոյլ կապերով իրարու յաջորդող իրենց մասերը մօտիկը կը բերեն վիպական կառոյցին: Միւս կողմէ մտաբերել իսկոյն որ Առտնին Տեսարաններ ընդհանուր վերնագրին տակ Պարոնեան՝ ուրիշ թէքնիք չէ գործածած։ Մեղու, Եփրատ, Թատրոն, աւելի ետքը Խիկար  տառապէս ողողուած են այդ կարգէ պատկերներով։ Վէպը ստեղծում է։ Պարոնեան ձեւափոխած է, որ նոյն իմաստը անկարող է թելադրել։ Պարոնեանի գործին մէջ ամենէն աւելի հանգամանաւոր այս գրութիւնները չեն բաւեր վիպող Պարոնեան մը պարտադրել մեր նկատառման։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն՝ ո՞ւր է այս մարդուն գրական նկարագիրը։ Հարցումին պատասխանը կուտայ արեւմտահայ գրականութեան իսկ նկարագիրը, անոր այն կերպարանքը որ կը ձեւաւորուէր առօրեային տագնապներովը, կիրքերովը, պահանջներովը: Այս կերպարանքը անիկա չէր կարնար առնել իր քերթողներէն որոնք իրենց տկարութիւնները կը գնէին իրենց օրէն, իրենց երազները կ՚ոսկեզօծէին անցեալէն ու շատ շատ հանդէսներու մէջ արտասանուելով հաղորդ կ՚ըլային այդ կեանքին յուզումներուն։ Չունէինք վէպը։ Գիտէք մեր  թատրոնը իբր ձգտում, մանաւանդ գործադրում։ Ի՞նչ կը մնայ անդին։ Բայց հիմնականը։ Ատիկա թերթն է (գիտէք որ չունինք գրական հանդէսը։ Բազմավէպ, Իզմիրի հանդէսները, Չիլինկիրեան Հայկունի Ծաղիկը, Ոսկանին Արեւելքներն ու Արեւմուտքները աւելի խնամուած օրաթերթեր են քան թէ գրական լուրջ, հեռահայեաց ձեռնարկներ) որ ոչ միայն նորութիւնն է մեր հրապարակին, այլեւ ասոր իսկ պարտադրանքը։ Ու օրաթերթին մթնոլորտը օրուան կեանքը կուտայ: Պարոնեան, նման իրաւ ամէն տաղանդի, քիչ բան կը հասկնայ գործողութենէն: Օրաթերթ մը կազմակերպութիւն մըն է եւ ամենէն ուշ պիտի մտածէ գրական տաղանդի մը։ Թերթեցէք մեր մամուլին Դիւանները, գտնելու համար անոնցմէ ներս, առանձին, գրագէտը, այսինքն կազմակերպիչը։ Ձեր գտնելիքը ան բարատոքսալ իրողութիւնը թէ հարազատ գրագէտը անկարող մնացած է թերթեր վարելու, քիչ շատ տանելի յաջողութեամբ մը գոհանալու հանդէսներու վրայ։ Բայց, միւս կողմէ, գիրք մը բազմապահանջ ձեռնարկ մըն էր, մեր միջին ընթերցողէն յորդող։ Ահա թէ ինչու լրագիրը մեր գրականութեան տնկարանը ինչպէս վառարանը հանդիսացաւ: Ու հոն է որ մշակուեցաւ, զարգացաւ, գրական սեռի մը փառքին բարձրացաւ գրելու ձեւ մը որ օտարներու մօտ համեստ էր ու համեստ մնաց: Այդ ձեւը թերեւս անյարմար չէ քրոնիկ որակել, եթէ երբեք բառին վրայ չճնշէ իր եւրոպական իմաստը իրականութեամբ պայմանաւոր, լրագրողէ ինչ պէս գրագէտէ շնորհներով։ 1870ին անոր մէկ կերպարանքն է mélanges. 1940ին՝ ամերիկեան reportage եւ Մորանի, Քէյզերլինկի, Ժիտի տպաւորապաշտ խառնուրդը։ Պարոնեան բարիքը ըրած է իրեն ինչպէս արեւմտահայ գրականութեան խմբագրականները չստորագրելու: Ու ըրած է անգնահատելի միւս բարիքը, օրուան անդրադարձումները քրոնիկը ուրիշ pose չէ - ազատագրելու օրուան հանգամանքներէն, յաճախ անցաւորը սեւեռելով մնայունին գիծերովը։ Չեմ ըսեր թէ Քրոնիկներ են, բառին ուղղափառ իմաստովը, իր Ազգային Ջոջերը, Հոսհոսի Ձեռատետրըն, Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջը, Առնին Տեսարանները, Ծիծաղը, բայց չեն բխիր գրագէտին թաքուն անգիտակցութեան իջած ալ ապրումներէն ինչպէս է ճակատագիրը ամէն ստեղծումի գրեթէ ու կը վկայեն անմիջական կեանքէն: Պարոնեան օրուան իրականութենէն կ՚առնէ թելադրանքներ որոնք Ոսկանի մը, Մամուրեանի մը, Խոճասարեանի մը, Փանոսեանի մը, Սվաճեանի մը, Քէչեանի մը գրիչին տակ թերեւս աղմկայոյզ խմբագրականներու  ձեւով պիտի առաջացնէին ծանր խռովքներ, շաբաթ մը վերջը մեռած թուղթի վերածուելու բախտով մը։ Մի աճապարէք երգիծանքը հեղինակ ընդունիլ այս անխուսափելի չարիքը անկարելի ընծայող փաստին։ Երգիծանքը ազատութիւն մըն է միայն դէպքերուն հանդէպ։ Պարոնեանին անձնական փառքը, այդ թելադրանքներուն տուած ըլլալն է անկորուստ իրենց մարմինը, որով պաշտպանուած օրուան դէպքերը պիտի մնան կենդանի, քանի մը սերունդի հասակով: Այսօր Ազգային Ջոջերէն ոչ մէկ տիպար կրնաք հաստատել ձեր շուրջը: Կեանքը յեղաշրջուած է հիմնովին։ Բայց քիչիկ մը դանդաղեցէք ձեր տպաւորութիւնները դասաւորելու ձեր օրերու օրինակ եպիսկոպոսէ մը։ Տիգրանեան մը կարելի չէ մեր օրերուն, կ՚ընդունիմ, բայց տիպարին բնականութիւնը չէ ենթարկուած աղօտացման, մաշումի։ Հիմա եպիսկոպոս Արսլանեան մը, օրինակի համար, ջուրի տեղ կը գործածէ քսութիւն, դաւ ու կը քշէ իր էշը։ Նար-Պէյ մը չունինք, իր անունին զուգորդ բոլոր տրտմութիւններով ու փառքով, բայց ունինք ծանր եկեղեցականներ որոնց կեանքին մեծ պողոտաները չեն հերքուիր Խորէն Արքեպիսկոպոս Նար-Պէյի համար Պարոնեանին սեւեռածէն։ Ահա թէ ուր է Էտիրնեցիին տաղանդին, չըսելու համար հանճարին տեսակարար ծանրութիւնը: Անիկա ազատ գիտէ ինքզինքը իր շրջապատին դէմ։ Գի՞նը՝ սա կեցուածքին։ Դարձեալ ազատութիւն մը անկէ սեւեռուածին վրայ: Անոր փոյթը պիտի չըլլար այդպէս գունաւորուած, ձեւազեղծուած, չափազանցուած իրողութեան մը սպառնացող վտանգը, ծաղրանկարին անխուսափելի չարիքը։ Ու անմիջապէս կ՚առաջարկեմ որ մտածէք Ծապլվարի առաքելութեան կամ Մանանային (երկուքն ալ Եր. Օտեանէն)։ Այս գործերուն վրայէն անցել է բաւարար ժամանակ, այսինքն անմիջական շրջապատին կենդանի պաշտպանութիւնը ա՛լ չի գործեր Փանջունիին ինչպէս Մանանան լեցնող երեսփոխաններուն վրայ։ Հեգնութիւնը, իր կարգին, տաղանդի ձեւ, կը պաղի այդ ժամանակին մէջ։ Մանանայի երեսփոխանները սանկ ու նանկ մարդեր են։ Փանջունին՝ անժամանակ փախուկ մը։ Բայց Գրիգոր Արծրունի՞ն, աւելի հին Տերոյե՞նցը։ Փանջունիին չափ փախուկ Խ. Միսաքեա՞նը: Նույնիսկ այնքան դժուար Ն. Վարժապետեա՞նը: Ինչպէս կը տեսնէք, Պարոնեանի տաղանդը օդով սնանող, օդէն վեր տարրերու բարիքովը նպաստաւորած է իր քրոնիկները

Այսպէս ամփոփուած, պարզուած, Պարոնեանի մօտ տաղանդի հարցը կը վերածուի մէկ ու նոյն բանին։ Անիկա առաջին եւ դեռ չգերազանցուած, հզօր, կենդանի երգիծողն է արեւմտահայ գրականութեան։ 

 



[1]        Ունինք Ատամնաբոյժն Արեւելեան, 1868ին տպուած, զոր, աւելի վերջը, հակառակ իր նիւթական նեղութեան, հաւաքած է հրապարակէն, այրելու համար։ Շողոքորթը, որուն վերջին արարուածը Երուանդ Օտեան իր կողմէ լրացնելով հրատարակած է Պարոնեանի անունով։ Երկու Տերանց Ծառայ մը, լոյս տեսած… 1911ին։ Պաղտասար Աղբարը արեւելահայերը վերածած են թատրերգութեան։ Քրոնիկ մըն էր։ Նոյնը ըրին արեւմտահայերը Մեծապատիւ Մուրացկաններուն։