Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ ԽՄԲԱԳԻՐԸ

Շահնազարեան վարժարանի Երկրագունտէն (1868) մինչեւ Շամտաճեանի Մասիսը (1900), Եղիա Տէմիրճիպաշեան սպասարկած է հայ լրագրութեան (եւ հայ գրականութեան)։ Ըսի թէ ունէր անհամար յօդուածներ, տարտղնուած երեսուն տարիներու տարածութեան մը վրայ, ամէն գոյնէ թերթերու եւ հանդէսներու մէջ։ Կ՚ընդունիմ որ այդ տարածուն աշխատանքը անպատուաբէր չէ Եղիայի յիշատակին, տրուած ըլլալով իր իմացականութեան իսկ նկարագիրը որ մտածման, գիտական ձգտումի խոր ախորժակները կ՚ընկերացնէ ձեւի շատ որոշ, երբեմն շատ փնտռուած անձնականութեան կնիքին, գրագէտ մը` որոշադրող։ Այնպէս որ եթէ արեւմտահայ գրականութիւնը, Ռոմանթիզմի օրերուն, մեր բանաստեղծները ողջակիզեց թատրոնի պահանջներուն, եւ ուրիշներ՝ ուսուցչական, բարենորոգչական կարիքներուն, եւ մեր Իրապաշտութիւնը խժդժարար իր սպասին համար շահագործեց մեր հարազատ վիպողները, զլանալով անոնց կորովը, ինչպէս եւ պատեհութիւնը, շատ գեղեցիկ աշխարհ մը նուաճելու բախտը (կ՚ակնարկեմ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսը լեցնող մեր հասարակութեան համադրական նուաճումին, որով առաջին անգամ այս ժողովուրդը պիտի ըլլար սեւեռուած ամբողջական համապատկերի մը գեղեցկութեանը արժէքովը) Եղիան բացառութիւն մը մնաց այդ դպրոցներուն եզրին, ինքզինքը բաժնելով, գրեթէ հաւասար չափերով, խմբագրական ինչպէս ստեղծագործ գործունէութեան մը վրայ

Ահա անունները իր իսկ վարած թերթերուն, Նոր կեանք: Մարսէյլէն դարձին` Տնտես (1876)։ Ասիական ընկերութեան կողմէ իբրեւ organe խմբագրուած Երկրագունտը, 1883ին, գրեթէ նոյն թուականներուն եւ նոյնքան կեանքով (աւելի քան վեց տարի)` Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժումը։ Հասկնալի է որ խմբագիր Եղիան առաւելապէս իր պատասխանատուութեան տակ լոյս տեսնող ձեռնարկներուն մէջ յատկանշելը` ըլլար աւելի բանաւոր ու արդար։ Ասիկա չի նշանակեր անշուշտ մերժել կշիռը, դերը եւ արժէքը լրագրական այն միւս աշխատանքին որուն գործաւորն է անիկա, հայ մամուլին բոլոր սիւնակներուն վրայ։ Մնաց որ ճիղճ իր հատորիկները (Իմաստասիրական Բառարաններ, Փորձ, Նախափորձ Շահնազարեանի մը Խղճին Պարզ Քննութիւնը, եւ այլն, եւ այլն) ուրիշ բան չեն եթէ ոչ քիչ մը ընդարձակ շունչով լրագրական յօդուածներու արտատպումներ: Եղիա գրած է ամէն բանի վրայ, հասկցածին ինչպէս չհասկցածին, գիտցածին ինչպէս չգիտցածին եւ գուշակածին։ Ստեղծագործական էջերու մասին նման հաստատում մը անիմաստ պիտի դառնար։ Բայց հրապարակագրական հանգամանքով ամէն գրուածք առնուազն ձեռնհասութիւն, հմտութիւն, համոզում, մտքի որոշ Constitution (կազմաւորում) մը կ՚ենթադրէ: Պէտք կա՞յ, աւելցնելու թէ այս յատկութիւնները յաճախ խնդրական սակով մը, երբեմն բացարձակ չգոյութեամբ մը մենք տեսանք երբ վերլուծեցինք մարդը Եղիայի մէջ։ Եղիա Տէմիրճիպաշեան կը հաւատայ թէ իր ընթերցումները, ասկէ ու անկէ մկրատած պոչատ գաղափարի ծայրերը, ժամանակը խանդավառող ընկերային, գիտական, գրական հարցերի հանդէսներու ամփոփոյքներէն իւրացնելը, իրեն իրաւունք կուտան ատոնց շուրջը` դիրք բռնելու, վստահելով միմիայն իր արտայայտութեան տարօրինակ դիւրութեան։ Այս է պատճառը, որ առանց վախնալու ամէն առիթ կը համարձակի շահագործել, ափիբերան մարդոց ապշանքին առջեւ, իր ընթերցումներուն արձագանգը, շուքը արժեւորել, գունավորել եւ քրմանալ, ոճի հմայքին եւ խաղերուն ծաղկանկար պատմուճանը տարածելով այդ մուրացուած մարմիններուն վրայ, որոնք իր յօդուածներուն մէջ այդ հարցերը կ՚ըլլան։ Երբ կ՚ըսեմ թէ գրած է ամէն բանի վրայ, ըսել կուզեմ թէ 1870էն մինչեւ 1895, այսինքն քառորդ դար, անիկա իր ձայնը պիտի ունենայ մեր հրապարակին բոլոր հարցերուն վրայ։ Այլեւս աւելորդ է վերլուծումը։ Կուգամ արագ ակնարկի մը մէջ կշիռը տալու իր իսկ հանդէսներուն, որոնցմէ երկուքը Երկրագունտ  եւ Շարժում իմացապէս հասուն անոր տարիքին պաշտպանութիւնն ալ կը վայելեն։ 1890ին արդէն բաւական խախտած է իմացական իր հաւասարակշռութիւնը։ Տնտեսը, դարձեալ ընկերութեան մը organeը, չեմ տեսած, բայց կ՚ենթադրեմ տեսակ մը տարապարհակ աշխատանք մը, տրուած ըլլալով իր անպատրաստութիւնը տնտեսական հարցերու իւրացման մէջ, թէեւ Երկրագունտի մէջ մէկէ աւելի անգամներ տնտեսական դրութիւններու շուրջ յօդուածներէ չէ վախցած։ 

Այդ հանդէսներուն մէջ Եղիան կը գտնենք միշտ ամէն բանի համար պատրաստ գրիչ մը։ Պէտք է խոստովանիլ որ Շարժումը, քերականի ծաւալով քսան էջնոց ամսեայ հանդէս, զուրկ է լրջութենէ, հակառակ իր ահաւոր տիտղոսին (գրական  եւ իմաստասիրական)։ Երկրագունտի հետ անոր նոյնաժամանակ գոյութիւնը կը խորհիմ թէ կը բացատրուի պահեստի շտեմարանի մը ապա գովութեան զգացումովը։ Երկրագունտը ամուր ընկերութեան մը (Ասիական) organeը ըլալով, Եղիայի կը պարտադրէր որոշ լրջութիւն, առնուազն հանդէսի ծրագրին կարելի պարկեշտութեամբ հաւատարմութիւն։ Եղիա, միշտ չափէ խուսող մարդ, անհուն յաւակնութեամբ մը լեցուն, իր մտքի արգանդէն ծնունդ առած ամենախեղճ պատառիկն իսկ արժէքին վրայ, պահած է այդ ամսեայ թերթիկը, հոն զետեղելու համար ինչ որ ապահովաբար կը մերժուէր Երկրագունտը կառավարող այն օրերու իմացական ընտրանիին ճաշակէն (թերեւս բան մը կ՚ըսէ սա ծանօթութիւնը) երիտասարդ Զօհրապը առաջին ուժերէն է այդ միութեան վարչական մարմնին մէջ։ Իր երկու լուրջ ձեռնարկներուն մէջ (Երկրագունտ եւ Շարժում) Եղիա խմբագիր մըն է որ բացառիկ շնորհը, չըսելու համար բախտը կը դիմաւորէ հանդէսով մը զբաղիլ կարենալու։ Այս հաւաստումը թերեւս չարժեւորուի իր ամբողջ եղերականութեամբը, եթէ երբեք նկատի չառնուին մեր գրականութեան այդ օրերու մասնակի պայմանները։ Խիկարը՝ 1884ին, Արեւելեան Մամուլը` 1871ին, արկածախնդրական ձեռնարկներ են գրեթէ, քանի որ մեր կարդացող հասարակութիւնը անբաւական է նոյնիսկ օրաթերթ մը սնուցանելու այդ օրերուն։ Հանդէս մը անըմբռնելի շռայլութիւն մը պիտի ըլլար։ Կը կործանի շքեղ Պարոնեանը, հակառակ անոր որ հանճարով մը կը պաշտպանէր իր շատ ընթացիկ, ամենուն հասնող գործը երգիծանքով այլապէս հանրամատոյց։ Կը դիմանայ Արեւելեան Մամուլը, անշուշտ մշտապէս մեկենասուած: Եղիայի յեղյեղուկ, անհաւասարակշիռ տաղանդը ոչ մէկ ապահովութիւն պիտի ներշնչէր խմբագրական իր ձեռնարկներուն: Կարծեմ այս տողերէն յետոյ հասկնալի՝ Ասիական ընկերութեան տիրական ձայնը, սա յաջողուածքին մէջ։

Այս հանդէսներուն մէջ (Շարժումը, ըսի ձեզի, պահեստի մթերանոց մըն էր, իր բոլոր ցափռտուքները տեղ ապրելու) Եղիա պանդոկապետի մը տպաւորութիւնը կը թողու, որ իր հաստատութենէն ներս կ՚ընդունի, իր կամքէն անկախ, բայց ամրօրէն յանձնարարուած օտարականներ: Այս պարագային՝ ներկայացողը չի շահագրգռեր զինքը բայց պաշտպանուած է թերթին իրական տէրերէն։ Եղիա տեղի կուտայ միշտ։ Այս է պատճառը որ գրական հանդէս մը ըլլալէ աւելի՝ գիտական եւ ընկերային հարցերու նուիրուած եւ խիստ հսկողութեան մը ենթակայ  բեմ մըն է Երկրագունտը։ Մեծածաւալ, հանդէսի մը վայելող անշուշտ, այդ պրակներուն ներսը Եղիային ձգուած տեղը` թեթեւ, չըսելու համար աննշան։ Անիկա արտօնուած է շատ շատ օրուան կուռքերը գովելու, թերեւս անոր համար որ ո՛չ ոք կ՚արժեւորէր իբր լրջութիւն, անոր դատումները, գնահատումները, պարսաւները։ Բժիշկներու, օրէնսգէտներու, ընկերաբանները, գիտուններու շատ լաւ պատրաստուած փաղանգ մը, թիւէ թիւ բիրտ հսկողութեամբ մը, իր միջամտութիւնը կ՚ընէ յօդուածներու տեղաւորման այլապէս էական հարցին մէջ, հաւանաբար Եղիան դնելով կատարուած իրողութեան առջեւ, ինչպէս կ՚ըսեն։ Այս է պատճառը թերեւս որպէսզի Երկրագունտը չծառայէ գրականութեան, բայց ծառայէ մեր ժողովուրդին, պատմական հարցերու շուրջ պարզուած դիւրահասկնալի ընդհանրութիւններ մատուցանելով։ Այս բոլոր հարցերը, որոնք ազգին քաղաքական կեանքը կը շահագրգռեն, այդ շրջանին (1882-1888) այդ հանդէսին մէջ աղօտակի կ՚արձանագրեն, եւ այդքան։ Բացի պաշտօնական քրոնիկներէն (որոնց առանձնաշնորհեալ մունետիկը կը մնայ Ռ . Յ. Պէրպէրեան, իր Սոզիով [1] Հրաչեայ) եւ անտանելի քերթուածներէն (Եղիա, Սէթեան, Թէրզեան եւ անխուսափելի… Ա. Փանոսեան), թերթը չի ծառայեր գրականութեան եւ Եղիան քիչ անգամ կ՚երեւայ արդէն, լրջօրէն սանձուած (զանազան կեղծ անուններով իր օրագիրները, յուշագիրները խմբագրականէն աւելի կը պատշաճին քրոնիկին), թերեւս Censureէ ալ անցած, մէկ երկու անշահեկան առաջնորդողներու մէջ։ Ու կուգամ ըսելու դժբախտ իմ խօսքը, սա գրագէտի անկանգնելի վրիպանքէն՝ գրական հանդէս մը իսկ (որուն ապահովուած է նիւթականը) իր նպատակին առաջնորդելու: Ընդունելի է որ անիկա մնար անկարող տիրական գործի մը մէջ ինքզինքը իրագործելու: Ընդունելի է որ հիանային իր վրայ, բայց արհամարհէին զինքը բոլոր անոնք որոնք կը հաւատային գրականութեան ծանր եւ իրաւ դերին (ոչ ոք կուգայ Եղիայէն, մեր գրականութեան ծառայելու, եթէ երբեք նկատի չունենանք երկու ցաւագարներ Հրանդ Նազարեանց, Լեւոն Էսաճանեան. Չրաքեանը անկէ որդեգրած է արտայայտման հանդէպ Եղիայի զանցումները)։ Բայց ընդունելի չէ որ իր մինչեւ եղունգը գրագէտ ծնած սա մարդը չըլլայ բացած գրական ակօս մը։ Ի՞նչպէս չյիշել, տաղանդով իրմէ շատ վար, բայց կորովով իրմէ անհունապէս բարձր միւս իր ընկերը, Ռ Պէրպէրեան, որուն վարժարանը մեր գրականութեան ընծայաբերեց այնքան սխրալի անուններ։

Աւելին։ Իրմով ոչ մէկ գրական գաղափար, չըսելու համար հանգանակ մուտք ունեցաւ մեր այնքան հետաքրքիր, նորութեան հետամուտ գրականութեան մէջ։ Չունեցաւ միեւնոյն ատեն ոչ մէկ արձագանգ մեր կրթական կեանքին մէջ։ Ազգային շրջանակները կը կարդային իր գրածները, խորունկ քմծիծաղով, կ՚անցնէին իրենց յիմարութիւններուն։ Այնքան շատ բան ընելու կարող այս մարդը՝ մեր խմբագիրներուն մէջ ամենէն անկշիռը, զանցառելին կը նկատեմ

  



[1]        Սոզի, որեւ է մարդու մը նմանութիւնը, զոր կը շինեն մոմով։