Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ 

Եղիայի մէջ տաղանդը վճռական է եւ վաւերական եւ այս մասին ոչ մէկ խօսք։ Այս տաղանդը եթէ ինքզինք ամբողջութեամբ չէ իրագործած, կ՚ազատի պատասխանատուութենէն՝ զգայնութեամբ, խորունկ, կսկծագին խաթարումներով, որոնք՝ անընդհատ միջամտած են, արգիլելով անոր (տաղանդին) իր բնական շրջափոխութեան աւարտումը։ Ու պէտք է անմիջապէս ըսել. Արփիարի հետ անիկա արեւմտահայ գրականութեան մէջ այն դէմքն է որ բացառաբար գրականութեան իսկ սպառին նուիրուեցաւ (իր կեանքին խոշոր շեղումները, տասնեակ տարիներու բարձրացող իր մտքի խաւարումը, վարդապետութիւնը՝ զոր չես գիտեր ինչո՞ւ կ՚ընէ, գրականութիւնը` որուն ընդունակութիւնը չպակսեցաւ իրեն, բոլորն ալ քովտի հետաքրքրութիւններ են, տեսակ մը յոգնութիւն առնելու միջոց մը) Ուրեմն գրականութեան մէջ ու անով միայն ապրող այս մարդէն ես կը զատեմ՝ 

ա) Խմբագիրը (գիտէք իր վարած թերթերը, անհուն յօդուածները, որուն նկարագիրը կը զատուի դարձեալ զինքը կանխող ինչպէս իրեն յաջորդ ուրիշ նմանօրինակ մարդոց տուրքերէ։ Պէտք կա՞յ, շեշտելու թէ զգուշացած է օրագրէն որ միշտ արեւմտահայերուն համար քիչ մը շատ շուկայիկ, տնավարի, խոհանոցային զբաղում մըն էր: Հանդէսներու խմբագրում մը, այսպէսով, իր մօտ կը ստանայ ուրիշ տարողութիւն մը։ Այսօր ով որ կը թղթատէ Եղիայի խմբագրապետած հանդէսները, կը համակուի զօրաւոր համակրանքով մը` արմատական գաղափարներու լայնօրէն բացուած անոր իմացականութեան, ութսունական թուականներու արեւմտեան միտքը՝ յուզող բազմատեսակ գրական, գիտական, ընկերային հարցերը լուրջ արթուն իր շահագրգռութեան: Խումբին մէջ (Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան) ամենէն ապերասանը, անժուժկալը, բայց ամենէն պրպտուն ուղեղն է անիկա։ Եթէ այս արժանիքները չգտան իրենց սպասելի հետեւանքները եւ արդիւնքը՝ մեր գրականութեան առնուազն կրթական կեանքին մէջ լայն, արդար ակօսներ բանալու, պատճառը (միշտ պետք է խորհիլ) անոր հիւանդութիւնն է ապահովաբար։ Չէին կրնար մտիկ ընել զինքը, թէեւ կը հիանային իր ըսածներուն նորութեան եւ խորութեան վրայ։ Դժբախտութիւն է որ այսքան շնորհներէ մեր գրականութիւնը չըլլայ ընդունած համապատասխան բարիք։ Մի մոռնաք որ գրականութեան պատմութիւն մը միշտ նժարն ունի նկատի այն յաւելումներուն որոնք մարդու մը անունով կը մնան արձանագրուած անոր մեզի ձգած վաստակին մէջ։ Ի՞նչ տրտմութիւն՝ որ անոր հարիւրաւոր յօդուածներէն ամէն բաներու վրայ մեզ շահագրգռող գրականութիւնը չըլլայ արձանագրած որեւէ նպաստ ո՛չ վէպի, ո'չ քերթուածի, ո՛չ պատմումի, եւ ո՛չ ալ դատումի գետիններու վրայ: Ու ցաւ է ասիկա։ Աւելի անդին մենք կուտանք լայնքն  ու հասակը խմբագրի այս գործունէութեան:

բ) Քերթողը ։ Հարիւրի կը մօտենայ թիւը այն քերթուածներուն որոնք երեսուն տարիներու ընթացքին երեւցած են քիչ մը ամէն տեղ, բայց չեն կրցած բանաստեղծի արդար վարկ մը վաստակել իրենց հեղինակին։ Այդ քերթուածներուն մէջ, ճիշդ ինչպէս խմբագրին համար ցուցմունքը եղաւ, դարձեալ գոյութիւն ունի քիչ մը ամէն բան օրուան կեանքը, մեռելը, կնունքը, հարսնիքը, արկածը, պտոյտը, քաղաքական իրադարձութիւնները, պատրիարքներու ելլել իջնելը, որոնց վարժուած ենք մենք արդէն Պէշիկթաշլեանի օրերէն տաղաչափoրէն՝ կամ քերթողաբար, ինչպէս կ՚ախորժէին գրել մեր հիները։ Ասոնցմէ դուրս՝ իր անձը, փառասիրութիւնները, ընթերցումներուն շուքը, հիւանդութիւնը, մեծամոլութիւնը։ Ու տակաւին՝ գրաբարը, ընտրողական աշխարհաբարը։ Եթէ դնէք այս ցուցմունքներուն քով ի վեր հիմնական իր գուլութիւնը, գրեթէ խուլութիւնը, ձայնական յուզումներէ (գերագոյն բարբարոսն է իր ոտանաւորը, երաժշտական խոշոր վրիպանքով մը), այդ ատեն կ՚ունենաք դժուար տարազելի արդիւնք մը։ Եւ սակայն այս մարդը բանաստեղծ է։ Վկայ՝ իր զմայլելի արձակը, երբ իր տպաւորութիւնները ինքնաբուխ յուզումով մը երբեմն կը յաջողի համակարգել, ոգեւորել, շատ աւելի քան Չերազը, Պէրպէրեանը, Սէթեանը, Թէրզեանը։ Իր ու մեր չար բախտէն, այդ շնորհը դարձեալ իր քովը մնաց անարգաւանդ։ Դժուար է Եղիայէն որեւ է քերթուած վայելել:

գ) Քրոնիկագիրը ։ Զանազան անուններու տակ (կարծես թէ կեղծ անուններու իր երկար ցուցակը ուղղակի հետեւանքն ըլլայ օրուան մէջ եւ օրուան հետ ըլլալու սա քիչ մը սրբապիղծ փառասիրութեան) անիկա ըսած է իր խօսքը ինչպէս կը փչէ հովը իր ուղեղին մէջ, այսինքն ըսած է այդ խօսքը թելադրութեանը տակ իր ուղեղին, աւելի իր ջիղերուն, թեթեւ, արագ, կենդանի, խածան ու գունաւոր։ Եւ սակայն խօսքի սա դիւրութիւնը, սա թեւաւոր տաքութիւնը, կենդանութիւնը դարձեալ չեն դիմաւորուած սպասելի բարիքով։ Ճիշդ է որ Եղիայի գործէն օր մը կազմելի հաւաքածոն ուրիշ տեղ է չէ որ պիտի սնանէր։ Եղիան իր լաւագոյնը դրած է այդ քրոնիկներուն մէջ։ Իրապաշտներուն մօտ իր ծանօթ կաղապարը չստացած՝ լրագրական այդ ժամանցը թերեւս Եղիային պատկանած է գրական այն հովով, կատարելատիպ վայելչութեամբ զոր Արփիարեան, Հրանդ, Զօհրապ, Հրանդ Ասատուր միանգամ ընդմիշտ պիտի նուաճէին անմոռանալի էջերու մէջ։ Այնպէս որ այդ քրոնիկներու մէջ սպրդած երբեմն շատ յանդուգն եւ իրաւ մտածումներու ցոլքէն ու ամենէն շատ զգայնութեանց, զգացումներու բաբախումներէն մեր առած վայելքը լայնօրէն կը հակակշռէ հաստ, անշահեկան, նոյնիսկ անհանդուրժելի հասարակ տեղիքին մթերքը, որ այդ բոլոր արտաքին էջերը իբրեւ փաթաթ կը պատսպարէ։ Խառնակ այդ նիւթերէն, ըսի, ամբողջ Եղիան ազատագրող ափերով գեղեցկութիւն կարելի է գտնել

դ) Վիպողը: Նոյն դժբախտութիւնն է որ հալածած է այս մարդը նաեւ վէպին մէջ։ Բազմաթիւ են այդ սեռէն իր յօրինումները։ Անոնց ծաւալը ընթացիկ նորավէպի սահմաններուն մէջը կը տարրերի։ Հատ մը միայն Երկրագունտ ի վերջին տարին, վերջին թիւին մէջ լոյս տեսած (Արտակ) կը զանցէ ծաւալի այս չափերը, մօտենալով դէպի վիպակը, գէթ ինչպէս տրուած է մեզի դատել անաւարտ վիպակին ընդլայնումի պայմաններէն: Մնացեալները, փառքի սահմանուած, նորավէպի աղաւաղ պատկերը կը պարզեն իր միւս երեսներուն մէջ։ Եղիայի տաղանդը հոս ալ կը պարզէ մէկ ու նոյն անբաւականութիւնը։ Անոր վիպակները խառնուրդ են ոչ միայն անբնական, ախտագին եւ, ցնորայոյզ վերլուծումներու, այլեւ նոյն ատեն չափազանց իրաւ, նոյնիսկ խոր ժողովրդականութեամբ պաշտպանուած saillisներու (նետուածքներ)։ Հոս է բանալին այն վրիպանքին, որ զարկած է զինքը, անկարող ընելով զինքը իր քանի մը պատերէն դուրս իրաւ մարդեր տալու առարկայական պարտքին: Իր վարպետը, Չերազ, այդ կարգի յօրինումներու իր ախորժակը պիտի պահէր մինչեւ խոր ծերութիւն ( Արեւելեան Վիպակներ ը)։ Եղիայէն ոչ մէկ վիպակ կ՚ազատի

ե) Իմաստասէրը: Մեծ րեքլամով ու աղմուկով, չըսելու համար թմբուկով արեւմտահայ գրականութեան մէջ իմաստասէրի իր մուտքը ընող ( Փիլիսոփայական Բառարաններ ը, Իմաստ, Շարժում թերթերը, անհամար յօդուածները, փիլիսոփաներու անուններով սպառազէն) Եղիան ամենէն աւելի ամուր պատրանքով մը մնաց փաթթուած իր իմաստասիրական փառասիրութեանց։ Դժբախտութիւն է անշուշտ որ զմայլելի իր զգայնութիւնը չըլլայ զինքը պաշտպանած նաեւ այս կալուածին վրայ: Եղիան փիլիսոփայի անուններ, փիլիսոփայական դրութիւններ սրտայոյզ անլրջութեամբ մը երեսուն տարի շարունակ հոլովեց ու հոլովեց, հասնելու համար իր հէքեաթին, բայց շատ սուղ գինով մը, ատիկա վճռական իր ջախջախումն էր այդ իսկ փառքին տակ։ Աւելորդ է ըսել թէ ուզողը չըլլար փիլիսոփայ, մանաւանդ Եղիայի պէս մէկը որ արդարացումն ալ չունէր գէթ Ռ. Պէրպէրեանի: Այս վերջինը իր դպրոցին համար դասական պէտքերու հպատակ՝ ստիպուած էր գոհացում տալ անոնց, մեթ ոտից գրքոյկներ, այսինքն անոնց ոգին փոխադրելով իր դասարաններուն: Եղիան ալ այդ դասը տուած է Կեդրոնականի մէջ եւ չէ վարանած անոնց ամփոփոյքը հրատարակելէ: Այս ամէնը կը յիշեմ՝ ցաւելով անշուշտ թեթեւութեան սա չափին վրայ։ Մնաց որ, խոր եւ իրաւ գրագէտը՝ Եղիա, միշտ գէշ մտածող մը եղաւ

զ) Քննադատը: Մտածման սա տկարութիւնը ամենէն աւելի ի յայտ կուգայ Եղիայի տաղանդին սա կողքին մէջ, որ քննադատն է։ Գիտէք արդէն որ 1880էն ասդին թէ՝ իր հանդէսներուն, թէ արեւմտահայ օրաթերթերուն եւ պարբերական հրատարակութեանց մէջ անիկա պաշտօնական դատող մըն է որուն պարտաւոր են ուղղել իրենց գործերը բոլոր հեղինակները, եթէ երբեք կը փափաքին գրախօսուիլ ։ Եղիա իր հասկցած եւ կրցած ձեւովը արժեւորած է իրեն վստահուած սա վարկը, խօսելով, գովելով, պարսաւելով, զմայլելի այլուրութեամբ մը իր ըրածին, ստեղծելու աստիճան անհեթեթ հէքեաթ մը, իրերագովական ընկերութիւն որակումը կրելով տարիներ իր սիրական անպատասխանատուութեամբ: Ծիծաղ եւ Կերբերոu ին մէջ (Պարոնեան), իր տիպարը Փիլիպիպղոս յաջողագոյններէն է, Ադրիանուպոլսեցի մեծ երգիծողին յօրինումներէն։ Գրեթէ ամէն տեղ ու ամէն առիթ յարմար է իրեն այդ դատումին պարտքը, չլսելու համար Սասերտոսը արժեւորելու Կատուի մը Յուշագիրքը (օրագրի ձեւին տակ) Նուրանեա, Մելանիա, Թեւանեա, եւ այլն, երբեմն առանձին Ե., աւելի յաճախ՝ Գրասէր Ատոմ, կամ միայն Ատոմ, Ազատախոհեան, Ճին Յակոբ, Հուր Հայրան մինակ իր կեղծանունները չեն, այլեւ շուրջառները, դիմակները, սաղաւարտները, որոնք կարծես անհրաժեշտ են՝ դատելու իր արարքը այդպէս հանդիսաւորելով։ Ստիպուած եմ խոստովանիլ որ արեւմտահայ գրականութիւնը այս ամբողջ արարողութիւններէն սպառուած մելանէն եւ ընծայուած խունկէն կամ շանթուած պարսաւէն ոչինչ կը պահէ։ Քննադատ Եղիա մը` զինքը հասկնալու արարքին համար անհրաժեշտ փակագիծ մըն է, երբեք` նպաստ մը հայ գրականութեան, որ այդ ուղղութեամբ (դատում) լաւագոյն կերպով պիտի նպաստաւորուէր խոնարհ քրոնիկագիրներէն (Արփիարեան, Բաշալեան, Սիպիլ) եւ տիտղոսաւոր, առ այդ պատրաստուած, մասնագիտացած աշխատաւորէ մը (Արշակ Չօպանեան)։ 

 

Վերջացնելէ առաջ կողմերու սա արտահանումը, ստիպուած եմ յիշել իր բառարանները, մասնաւորաբար անոնցմէ մէկին Ֆրանս. Հայ մեր լեզուին բառակերտական ընդունակութիւնները շքեղօրէն արժեւորող փաստովը։ Այդ բառարանին մէջ Եղիա գրագէտի գործ է ըրած։ Կը խորհիմ թէ հոն դարբնուած հազարաւոր բառերէն ընտրանք մը պիտի շահեցնէր մեր լեզուին՝ բազմաթիւ termeեր, ճիշդ փոխադրուած բառեր։