Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Ալաֆրանկա, կատակերգութիւն ի հինգ արարուածս, գրուած է դարձեալ Թէոդոսիա եւ կը հասկցուի` նոյն ծրագրով ու նպատակով

Ներածութիւնը, վեց էջ, 1862ի լեզուէն գեղեցիկ նմոյշ մըն է միայն եւ չունի Արշակ Երկրորդ ին բարձրաթռիչ տեսութիւնները, միշտ ներածականէն։ Հարիւր ութսուն էջի վրայ տարածուող անհուն dialogue մըն է այդ խաղը, անշուշտ առանց հանգոյցի, թատերական զարգացման, նոյնիսկ կատակերգութիւն մը պաշտպանող տարրական առաքինութեանց։ Տրուած ըլլալով անլրջութիւնը ծրագրին եւ մտապատկերը արուեստի այդ սեռին Նար–Պէյի մօտ, հիմնական է դժուարութիւնը այդ կատակերգութիւնը վերլուծման ենթարկելու: Կարելի է քանի մը տողի մէջ խտացնել նիւթը սակայն որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ալաֆրանկա յին սիրահար մարդու մը այդ յիմարութեան երեսէն մոխիրի վրայ նստիլը, մինչեւ որ շատ դժուար ընդունելի թատերական կեղծիքով մը այդ մարդուն հայրենիք մնացած հայրը գայ Պոլիս, մտրակը ձեռքին, վանէ իր տղուն ապարանքի հացկատակները եւ տղան տանի երկիր: Այս ամփոփոյթը կը բացատրէ  խաղին հիմնական տկարութիւնը, վասնզի, ինչ որ ալ ըսենք, տարիներէ ի վեր Պոլիս հաստատուած, մեծահարուստ տունէ մը աղջիկ առած, յետոյ ալաֆրանկա յին սիրոյն ծախքերու յօժարած հասուն մարդ մը, իր կործանումէն յետոյ, գլուխը կախ դառնայ այն գաւառը ուրկէ եկած է։ Այսպէս ծրագրուած խաղին հիմունքը կը ներկայանալ չափազանց խախուտ։ Միւս կողմէն՝ ամէնքս ալ գիտենք որ կատակերգութիւնը շատ չախորժիր տրամաբանական քալուածքէ մը։ Մոլիէռի խաղերը ատոր զօրաւոր փաստերն են։ Բայց Նար-Պէյի խաղը իրականութեան մէջ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հաճելի, խնդացնող, գռեհկութեան մէջ կենդանի խօսակցութեանց մարդէ մարդ միայն կտրտուած շարան մը։ Այնպէս որ արարուածներու, տեսիլներու բաժանումը ձեւակերպութիւն մըն է կարծես կարգ մը ճարելու համար որպէսզի այդ մարդերը գան, խօսին, ծաղրեն, ծաղրուլն, անցնին բեմին ետին, սիկար մը ծխելու, վերստին դառնան շարունակելու համար նոյն անվերջ չաղակրատանքը

Ոչ մէկ տիպար, որ ըլլար ուսումնասիրուած խնամքով, յօրինուած՝ արդարացնելու համար հեղինակին ծաղրել ուզած հիմնական մոլութիւնները։ Տարօրինակն այն է որ քսանը անցնող այդ մարդոց կարաւանին մէջ ո՛չ մէկը ըլլայ սուտ, առնուազն անվաւեր։ Նար–Պէյի խաղին միակ արժանիքը այս մարդոց կենդանութիւնն է, եթէ երեք կենդանի, իրաւ ըլլալ մը ինքնին մարդկային անժխտելի իրողութիւն մը չէ։ Իրաւ մարդերը արուեստին փոխադրելու մէջն է գրականութեան հրաշքը։ Եւ այդ փոխադրումը վրիպած է չարաչար այն գլխաւոր անփութութեամբ` որ տիրական մեղքն է կատակերգութեան, երբ կը կենայ անիկա խօսուած լեզուին բոլոր խակութիւններուն, թացութիւններուն ու ջրոտ համերուն մօտիկ։ Նար–Պէյի dialogueը ամենահասարակ իրականութեամբ տոգորուած հեղեղ մըն է բառերու որոնք իրենք իրենց, առանց տաղանդի իսկ նպաuտին, բաւ են մեր ծիծաղ շարժելու:

Ո՞ր հասարակութիւնը ունէր նկատի Խորէն վարդապետ Նար-Պէյ, երբ իր մանկութեան, առջի պատանութեան խակ տպաւորութիւնները կը ջանար այդպէս արժեւորել հասունութեան շրջանին։ 1840ին կայի՞ն այդ մարդերը։ Կայի՞ն դարձեալ անոնք 1860ին, բարբառային այն մասնայատկութեանց եւ տիպարային այն խաղքութեանց մէջ որոնք երեք քառորդ դար վերջը իրենց գրուելէն՝ մեզ կը մատնեն զարմանքի, իրենց դժնդակ անիմաստութեամբը։ Կը յիշեմ 1880ի Մ. Մամուրեանի  Սէֆիլէնց Տղան, դարձեալ դպրոցական կարիքներու համար յօրինուած, բայց կրկնող նոյն տիրական անբաւարարութիւնը: Կը յիշեմ Չարշըլը Արթին Աղա ն որ առնուազն թատերական քալուածքի մը բարիքը ունի ինքզինքը պաշտպանելու։ Ալաֆրանկա ն, Արշակ Երկրորդ ի հաւատարիմ եղբայրն է անհեթեթութեան մէջ։

Կարելի չէ՞ հարիւր ութսուն այդ էջերու դէզէն քանի մը դիւրաբեկ բարիքներ արտահանել: Այս հարցումը անոր համար` քանզի Նար-Պէյ անհմուտ մէկը չէ միջազգային գրական յաջողուածքներէն, բեմականին մէջ անշուշտ։ Ուրիշ խօսքով՝ այդ մարդոց խօսքին ետեւէն սատկելով ստկելով այդ խօսքերուն ամբողջ կեղեւանքը, հասնիլ վաթսունական շրջանի բարքերուն եթէ ոչ համապատկեր մը, գէթ ուրուագծային հանդէսի մը: Ըրի այդ փորձը, եւ ստիպուած եմ ըսել որ անվաւեր է այդ ուրուանկարն ալ։ Պարկեշտութեան զգայարանքը, միշտ պակսած այս մարդուն, հոս ալ կը բաւէ անոր՝ իրականութիւնը ըստ քմաց ձեւազեղծելու։ 1868ին Պարոնեան կը տպագրէ Ատամնաբոյժն Արեւելեան ը, բայց չի վախնար այդ տպագրուածը հրատարակիչներու մօտէն հաւաքելէ։ Էտիրնեցի վարժապետը ոչ միայն ողջմտութիւնն ունէր, այլեւ պարկեշտութիւնը իր ըրածին: Կէս մնացած Շողոքորթը ուրիշ վկայութիւն՝ արուեստի զգայարանքէ մը Պարոնեանի մօտ է Արշակ Երկրորդ էն վերջ Ալաֆրանկա ն ի՞նչպէս տեղաւորեց Խորէն Նար-Պէյ իր արուեստի խղճմտանքին մէջ :

Միակ բարիքը որ կարելի ըլլայ ըսել այդ խաղին վրայ, dialogueին վաւերական, կենդանի հարազատութիւնն է այդ Պոլիսին ստորին խաւերուն հաստ ռամկօրէնին։ Թերեւս օր մը աշխարհաբար լեզուին յեղաշրջումը պատմող լեզուաբաններ քանի մը ճշդումներ ընեն, օգտուելով անոր dialogueէն։ Հայոց գրականութիւնը չի կրնար ընդունիլ այդ գործը իր առնուազն մի փակ ժառանգութեանցը մէջ։ 

* * *

Պէտք պիտի ըլլար խօսիլ իր յանգարանէն եթէ երբեք տառապանք մը չկազմէր ատիկա ինծի: Արդարեւ ի՞նչպէս արժեւորել մտքի կերպ մը, որուն փաստը կայ այդ յանգերու բառարանին մէջ, մէկու մը յիշատակին համար որ սկսած է հերարձակ բանաստեղծութեամբ, երգած շատ բաներ, փորձած իրարմէ լուրջ սեռեր եւ… մամուլին յանձնած ոտանաւորճիներու համար օգտակար յանգերու բառարան մը։ Բարի եղէք կարդալ Ստուերք Հայկականք էն Արտաւազդ Երկրորդ վերնագրուած քերթուածէն սա տուները 

 

Դափր անդ ի դրունդիւն
Նժուգից վրնջիւն,
Որսորդաց գոչիւն,
Բարակաց հաշիւն,
Երկոց բաջի՜ւն
Զինունց շառաչիւն,

Աղեղանց ճայթիւն,
Նետից ճարճատիւն,
Շըռինդ ընդ բոմբիւն,
Անդ յընդոuտ թընդիւն`
Յանտառ, ձոր թըմբիւն
Դըղըրդեն գանգիւն։

(ՍՏՈՒԵՐ Ք ՀԱՅԿԱ ԿԱ Ն Ք Երգ ԺԱ. Արծաւազդ Երկրորդ, Ե. ) 

եւ չխորհել այն բիւրաւոր տողերուն որոնք մեր միջնադարեան տաղաչափները մեզի կ՚ընծայեն անհանդուրժելի: Մագիստրոս մը, Շնորհալի մը ճարտասանութեան ընթացքը բոլորած չէին, Նար-Պէյին նման, եւ իրենց միամտութիւնը ունին, ինչպէս նաեւ շրջանին ճաշակը` իբր չքմեղանք։ Նար-Պէյ ԺԹ. դարուն մեծ բանաստեղծները ոչ միայն կը ճանչնար, այլեւ զանոնք թարգմանելու չափ բախտաւոր էր եղած

Տխուր է անշուշտ այս մեծ փառքերը այսպէս մերկացնել իրենց շուքէն։ Սերունդը, որ կուգայ, այդքանն ալ պիտի չզգայ այս կորանքներուն հանդէպ։ Հայոց գրականութիւնը, բառերու խաղ ըլլալէ առաջ, տաղաչափներու սնոտիք հայթայթելէ առաջ, հայոց ժողովուրդն է

Նար-Պէյ այդ ժողովուրդէն ոչ մէկ բան է ըսած որ հասնէր մեզի եւ անցնէր մեզմէ։