Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.
Յակոբ Պարոնեան քրոնիկագիր մըն է 

Արեւմտահայ գրականութեան անդրանիկ շրջանը Պարոնեան ծնած է 1843ին երբ հիմնուած է Բազմավէպ ը ու կը հրատարակուին այդ հանդէսին մէջ Ալիշանի գրաբար քերթուածները հարկադրաբար կը մնայ ենթակայ սկիզբներու ճակատագրին։ Բացի բանաստեղծութենէն՝ գրական միւս սեռերը հազիւ թէ կ՚ուրուանան (ռոմանթիք մեր թատրոնը եւ վէպը չեն պատկանին մեր գրականութեան, այսինքն չեն անցած ազգային արժէքներու պահեստին)։ Թերթը հազիւ թէ մուտք է գտած մեր բարքերէն։ Թարգմանածոյ վէպերը կ՚արձանագրեմ՝ իբրեւ չարիքներ։ Եւ սակայն Եփրատ ը, մանաւանդ Թատրոն ը, այսինքն Պարոնեանի գործերը գործեր են որոնք կը պատկանին աւելի քան արեւմտահայ գրականութեան, քանի որ լայնօրէն շահագրգռած են արեւելահայերն ալ: Ի՞նչ է սակայն գրական նկարագիրը, օրինակ, Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ խորագրով կտորներուն ուր կեանքը, ասոր ամենէն հաստատ երեսները, մարդերը, ասոնց ամենէն իրաւ, կոշտ կողմերը կ՚իյնան սեւեռման, արագ, տաք  կերպարանքներու տակ։ Ու այն միւսներուն որոնք անուն ունի, Ազգային Ջոջեր, Հոսհոսի Ձեռատետրը, Ծիծիաղ, Առտնին Տեսարաններ, բոլորն ալ աւելի՝ քան առօրեան (այսօր ալ այնքան քիչ է անոնց մէջ բաժինը) ու հետեւաբար մեր գրական պահեստին իրաւ միութիւններէն: Եւ սակայն, նոյն քան դժուար, այդ գործերուն համար որոշել սեռ մը որուն չըլլար ներելի առարկութիւն։ Նոյն իսկ կ՚երթամ առաջ. կ՚արտօնուի՞նք Մեծապատիւ  Մուրացկաններ ը վէպ անուանել: Այս դժուարութիւնը ընդհանուր է Յ. Պարոնեանի բովանդակ վաստակին համար։ Այս է պատճառը որպէսզի, ըլլամ ստիպուած մերձաւոր տարազներ գործածելու։ Ասոնցմէ է քրոնիկագիրը: Քրոնիկը [1] օտարներու մէջ գրականութեան չէ  բարձրացած, բայց արեւմտահայ գրականութեան մէջ վայելած է բացառիկ ճակատագիր, իրագործած բախտաւոր արդիւնքներ։ Բոլոր Իրապաշտները փորձուած են անկէ։ Ու անոնց վաստակին լաւագոյն մասը եթէ կը հաստատենք վէպին մէջ, քրոնիկը ոչ նուազ արգասաբեր կրթանք մըն էր բոլորին համար: Ամբողջ Արփիարի քրոնիկ մըն է որուն բարիքը նուազելու տեղ սահմանուած է աճելու: Դէպի Իրապաշտներ խումբը իր քրոնիկները չէ մտածած արուեստին բարձրացնել: Պարոնեան անոր, քրոնիկին տուած է բացառաբար ճկուն նկարագիր մը

 

Դուք տեղեակ էք այս մարդու աշխարհին ընդարձակութեան։ Թելադրուած է, իր հիմնական գիծերուն մէջ, այդ աշխարհը սեւեռելու կոչուած սեռերու պարտադիր սակաւութիւնը (յիշեցէք վերը արագ հպանցուած տեսակէտները)։ Ու սա պարագան է որ սիրունիկ, աշխոյժ, համակ կեանք այդ ոչ-աւագ կերպը գրելու կ՚ենթարկէ բազմատեսակ զանցումներու։ Ամբողջ գիրք մը, Ծիծաղ եւ Կերբերոս, քրոնիկ մըն է գրեթէ, կենդանիներու բերնով գործադրուած ուր մուտք ունին ոչ միայն անձնական փորձառութեամբ նուաճուած օրուան մարդերը, իրենց տիրական նկարագիրներով, այսինքն ամբողջ իր ժամանակը, այլեւ ինչ որ իր ընթերցումները դրած են իր իմացականութեան խորը։ Չէր ընդարձակ այդ իմացականութիւնը ու չունէր նորոգման ուժ: Կ՚ընդունիմ։ Բայց Պարոնեանի կտոր փրթուճ յունարէնը եւ աւելի ներկայանալի ֆրանսերէնը ազդակներ՝ որպէս զի այդ հնոտի, անկարելի ձեւը անասնաբանութիւն, եթէ կը ներէք կեանքը դատելու չդառնար բացարձակ վրիպանք մը: Ծիծաղը իր շունն է։ Եղիան, հետեւողաբար, պիսի ստեղծէ իր կատուն: Կերբերոսը Ծիծաղին ընկերը, դասական կենդանին է որ դժոխքին մուտքը կը պահպանէր։ Ունինք Արգոսի Խոհեր ը։ Ծիծաղ ը լեցուն է դիցաբանական վերյիշումներով։ Ինչե՜ր կը գտնէին ութսունի մարդերուն այն պատուական ազգայինները որոնք կը բանային Պարոնեանի քրոնիկները։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ այդ օրերու ընթերցողը այդ կենդանաբանութիւնը կը դիմազերծե՞ր որպէսզի գոհացում գտնէր այդ անուններու վայրական տէրերուն վրայ գործադրուած ծաղրէն իր փոքր չարամտութիւնը։ 1910ին, միջին ընթերցողը այդ հեշտանքը կը պարզէր Երուանդ Օտեանի քրոնիկներուն վրայ: Բոլոր շուկան ու ամբողջ Պոլիսը շուկայ մըն էր այդ օրերուն իրարու կը մատուցանէր Օտեանի մէկ սրամտութեան վայելքը։ Քառորդ դար առաջ Պարոնեանի 

էջերը, աղուէսները, գայլերը, առիւծները, սիրամարգները, սոխակները հասարակութեան մէջ ոչ միայն տիտղոսներ էին, այլեւ մարդեր։ 1950ին այդ կենդանիները թերեւս կ՚ըլլան ծանր անպատեհութիւններ, բարքերը աւելորդով տարտամող, մտայնութիւններու թափանցումը դժուարութեան ենթարկող, ինչպէս եղած է պարագան Մամուրեանի դիմակներուն ( Հայկական Նամականի ն վիրաւորող գերագոյն մեղքը) որոնք կեանքի հանդէս մը փոխակերպած են դիմակներու տարտամ հանդէսին։ Յետոյ, կ՚անդրադառնա՞ք արդեօք որ 1870ը, քիչ մը աւելի վեր, 1880ը ոսկեդարն է մեր մէջ կենսագրելու մեզայատուկ եղանակի մը (Մամուրեանի, Չիլինկիրեանի Նամականի ները, Չերազի Փորձեր ը, Պէրպէրեանին հեղուկներէ ամրացող մարդերը Մարդիկ եւ Իրք ի խոհանոցին)։ Պարոնեանի Ազգային Ջոջեր ուն առաջին հատորին առաջին տպագրութիւնը ունի 1879 թուականը։ Այս յիշատակութեանց միտք բանի՞ն։ Ո՛չ` թէ մեր գրականութիւնը որոշ հակում մը ցոյց կուտայ զուտ քնարական յօրինումներէն չտարուելու Ռոմանթիքներու պարզած խանդով, ու կը հետաքրքրուի իրաւ, հաստատ կեանքին կողմերովը։ Ասկէ՝ իրաւ, հաստատ յօդուածներու, գիրքերու ճաշակը։ Պարբերաթերթերը, օրաթերթերը, պրակային հրատարակութիւնները զսպանակներ են ու միջոց այդ հետաքրքրութիւնը ստեղծելու ինչպէս սրելու: Եթէ Պէրպէրեանի կենդանագիրները քիչ մը շատ գրական, ազնուապետական հով մը կը թելադրեն, փառք է որ Պարոնեանի ջոջերը մէկ հարուածով ըլլան բարձրացած գլուխս-գործոցներու արժանիքին։ 

 

Ազգային Ջոջեր ու յառաջաբանին մէջ Պարոնեան կը գրէ. «Կը համարձակինք ըսելու որ ոչ զոք վիրաւորել ուզած ենք եւ ներկայացուցած ենք անձերն այնպէս ինչպէս որ են եւ ոչ թէ ինչպէս որ կ՚ուզեն իրենք. եւ եթէ ընթերցողն տեղ տեղ ծանր կէտերու հանդիպի` անոնց պատասխանատուն մենք չենք. ո՞ր հայելին գաճաճը Աքիլլէս կ՚անդրադարձնէ. ո՞ր լեռը սուրբը սատանայ կը կրկնէ»: Այսինքն քրոնիկի մը վայել հարազատութիւն: Այսինքն օրուան մարդերը շուքերու վերածել: Ազգային Ջոջեր ը իւրայատուկ կաղապար մըն է այդ կենդանի քրոնիկը ոչ միայն հաւատարմօրէն «անդրադարձող », այլեւ բանով մը աւելի ։ Այդ աւելին Արփիարի, Զօհրապի, Կամսարականի, Հրանդի, Բաշալեանի գրիչներուն տակ կ՚ըլլայ արուեստի փոյթ մը, ձեւին խնամքը, կիրթ ճաշակին պարտադրանքը ու գրական համը Պարոնեան այդ աւելին չ՚առներ անշուշտ միայն հեգնութենէն։ Գրիգոր Արծրունի մը (Պարոնեան) հեգնական կենդանագիր մըն է, առավել մարդկային նկարագիր մը: Զգոյշ եմ ծանր բաղդատութիւններուն փառքէն, երբ կը խօսիմ մեր գրողներէն։ Յիշե՞լ՝ Թէոփրաստը, Լա Պրիւյյէրը։ Աւելի պարկեշտ բան մըն է Ազգային Ջոջեր ը ընդունիլ Պարոնեանի կաղապարին մէջ ու չարկածախնդրել։ Որքա՞ն պակաս է հանգոյցը մարդկային ծանր, իրաւ գիծերու, որոնք ամբողջ մը կը յօրինեն, օրինակ Յովսէփ Շիշմանեան ի մը մէջ ( Ազգային Ջոջեր ), բայց որքան յատկանշական` այդ գիծերը իրենք իրենց հաշւոյն այդ մարդուն վրայ։ 

Դարձեալ, Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ ը շարք մըն է տպաւորութիւններու, ուղղակի, մանաւանդ առանց գրական յաւակնութեան, ինչպէս պիտի ընէր Զօհրապ մը եթէ փորձուէր այդ պտոյտին, կամ ըրած է Չիլինկիրեան, գրականութիւնը փոխարինելով պատմական մտածողութեամբ։ Տպաւորութիւններ՝ այդ շարքը որոնք ըլլային զերծ արուեստագէտներուն նկարչական ալ հեշտանքերէն ( Ներաշխարհ ը, Իւսկիւտարի Վերջալոյսներ ը գրական էջեր ըլլալուն չափովը աչքի զգայութիւններու հանդէսներ են) ու թելադրէին մեզի ոչ միայն տեղեր, այլեւ մարդեր, այլ մանաւանդ բարքեր, կանխող դարու վերջին քառորդէն։ Բարի՞ք: Դուք գտէք բառը: Նոճեստան ին տեղ 1900ի երիտասարդի մը ապրումնե՞րը։ Մեր գրականութիւնը սանկ ու նանկ հնչեակներու փոխարեն ունեցած կ՚ըլար կենդանի վկայութիւն մը։ 

Ու նոյն մտահոգութեամբ կուտամ անունը Հոսհոսի Ձեռատետրը ին որուն մէկ կարեւոր մասը կ՚ընդգրկէ 1880ի դէպքերը, մտայնութիւնը, ազգային կեանքը եւ քաղաքական քիչիկ մը միջազգային, առաւելեալ չափով ազգային հարցերը։ Պարոնեան երկու տողի մէջ խմբագրական մը խտացնելու չափ խնայող ու իմաստուն է հոն։ Կարգաւորեցէք այդ Ձեռատետրը, այսինքն վերակազմեցէք կեանքը ուրկէ արձագանքներ են այդ հատորը կազմող կտորները: Ու դուք կունենաք մեր կեանքէն արդար վկայութիւններ։ Առտնին Տեսարաններ ը։ Այս շարքն ալ կը պարզէ «Մտադրութեան, գործադրումի միութիւն մը։ Խիկար ի հինգ տարիները (1884-1888) ողողուած են սուր, արագ, չար ու համով այն traitներով որոնք քանի մը տողի մէջ այնքան ցայտուն կերպով մը անկորուստ սեւեռումներ կ՚ընեն շրջանէն, ու կը բանան ցեղի մը հոգեշատակին վրայ լուսամուտներ: Օրագրութիւն, Դիտողութիւնք, Գրպանի տետրս, Մտածումներ խորագիրներու տակ Պարոնեան գործադրած է թեւաւոր, տաք, համեղ քրոնիկի մը  համար բաւարար սրամտութիւն, թափանցում, մանաւանդ գրական որեւէ յաւակնութենէ զերծ ոճ մը է Այսօր դժուար է հանդուրժել Լ. Բաշալեանի, Կամսարականի, Սիպիլի Քրոնիկներուն ոճը, հակառակ բարիքով մը, ծաղկեալ ոճին բարիքովը մեղաւոր ըլլալնուն։ 

Այսպէս թէ այնպէս Պարոնեանի գործին մէկ կարեւոր մասը, օրով պայմանաւոր իրողութեանց ծնունդ, ինքնաբերաբար կ՚իյնայ քրոնիկին պարունակին։ Չունիմ առարկութիւն։ Բայց չեմ ալ միամիտ վտանգը անտեսելու։ Օրուան նկարագիրը վաղը չունենալն է միշտ։ Ու գրականութիւնը` օրուան ու վաղուան պարզ համադրումը։ Մարդիկ եւ Իրք ը, օրուան անդրադարձ, սահմանուած էր օրով մեռնելու։ Հոսհոսի Ձեռատետրը, դարձեալ օրուան անդրադարձ, կը հերքէ պատգամը ու կ՚ապրի ահա կէս դարէ ի վեր իր գրուելէն։ Մարդիկ եւ Իրք ը, Հայկական Նամականի ն, Ուեւորութիւն ի Կ. Պոլիս ը կը շահագրգռեն պատմաբանները։ Գրականութեան հետամուտները չեն կրնար աւարտել այդ գիրքերէն որեւէ քրոնիկ, եթէ երբեք գրականութեան պատմութեան համար տարրեր չըլլան ստիպուած հաւաքելու: Բայց բոլորովին տարբեր՝ ճակատագիրները Հրանդի, Թլկատինցի, Արփիարեանի քրnնիկներուն ուր մեզ շահագրգռողը առաւելաբար կեանքն է անշուշտ։ Տարբեր բան չէ բովանդակութիւնը Պէրպէրեանի, Մամուրեանի քրոնիկներուն։ Նոյն խորքէն ուրեմն խումբ մը մարդիկ, գրողի որոշ խառնուածքով մեզի ձգած են պատմական շահեկանութեամբ վկայութիւններ: Ուրիշներ, դարձեալ գրողի խառնուածքով - նոյն խորքէն սեւեռած են մինչեւ օրս կենդանի վկայութիւններ: Պարոնեան այս երկրորդ խումբին մէջ կ՚արժեւորուի գերազանց առաւելութեամբ մը։ Խառնուածքը անբաւական պիտի գար Պարոնեանի Քրոնիկները պաշտպանելու, ինչպէս անբաւարար է մնացած Եղիայի քրոնիկները ազատելու: Այս բացառիկ երեւոյթին հեղինակը Հրանդին, Զօհրապին, Թլկատինցիին մօտ գրական բացառիկ շնորհ մը չէ անշուշտ։ Բաշալեան մեր ամենէն ատտիկեան գրագէտն է ապահովաբար ու Թլկատինցին ամենէն խուժերէն մէկը։ Թլկատինցին եւ իր ընկերները իրենց քրոնիկներուն ներսը հեղած են իրենց զգայնութիւնը, բանաստեղծական, վշտոտ, տաք իրենց անձնաւորութիւններուն հոգեղէն ոճը եւ ոչ թէ իրենց իմացական չոր ու կոկիկ ճարտարապետութիւնը։ Արուեստը միտք ըլալէ առաջ այրիւն է։ Ու այս գինով է որ գնած են իրենց վկայութեանց համար աւելի սուղ, աւելի դիմացկուն ճակատագիր մը: Պարոնեան այդ քրոնիկները առած է հեգնութեան օրային մէջը։ Անշուշտ, հեգնութիւնը կախարդական հեղանուտ մը չէ, տափակները, գռեհիկ բաները գեղեցկացնող։ Դարձեալ գրագէտին անձնական, իրաւ, անփոխարինելի հեղումն է որով կ՚օծուին մեր զգայութիւններուն միջակ հիւսուածները եւ կը պայծառակերպուին։ Ուրիշին վրայ խնդալը կը հանդուրժենք աւելի դիւրաւ քան ուրիշէն յուզուելու վիճակ մը։ Պարոնեանի քրոնիկները, առանց հեգնութեան ալ, կերպը պիտի գտնէին մեզ շահագրգռելու

 

Յետոյ, կայ ուրիշ ալ իրողութիւն։ Քրոնիկը պատմութեան շտեմարանն է ըսեր են։ Չեմ յիշեր մեծ անուններ։ Կը գոհանամ դիտել տալով որ ֆրանսական գրականութեան անդրանիկ գրական յաջողուածքը Froissartն է։ Մեր գրականութեան (հին) ամենէն կենդանի վկայութիւնները՝ Բիւզանդը, Փարպեցին, մասամբ Եղիշէն, Խորենացին: Այսի՞նքն։ Ի՞նչն է որ կ՚արժեզրկէ Հայկական Նամականի ն, իր կարգին շրջանէ մը վկայութիւն ու կը պաշտպանէ Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ ը, դարձեալ շրջանէ մը վկայութիւն։ Մտածեցէք ու պիտի գտնէք որ Նամականի ն պատմութեան վրայ պատմութիւն է, այսինքն շուք։ Պտոյտ ը՝ ԿԵԱՆՔ։ Ահա թէ ինչու Յակոբ Պարոնեան, անաւագ սեռէ մը, որպիսին է քրոնիկը, ըրած է այնքան ծանր սեւեռումներ որքան ըրած է աւագ սեռէ մը, որպիսին է վէպը, Երուխան, իր Ամիրային Աղջիկը գործով, որ ազատ, թեթեւ, գործողութեան տրտում զգայարանքով միայն ստեղծագործութեան կապուած գիրք, բացառիկ բարիքն է գտած բարքեր փրկելու: Կ՚անցնին ոճին փառքն ու թարմութիւնը, կանոնաւորութիւնն ու ծաղկուն արժանիքները։ Կը մնայ այդ ոճին տակ դիզուած կեանքը։ Գրագէտը բառերու կախարդական գործաւորն է անշուշտ, բայց այդ գործաւորը պարտքին տակն էր կեանքի վրայ աշխատելու։ Ու Պարոնեան ոչ միայն հաստ, հաստատ, կոշտ կեանքին վրայ է աշխատած, այլ կեանքին երկարաձգումը կազմող մտայնութեանց ալ վրայ ։ Ահա թե ինչու, դարձեալ, իր փրկածը մեզի համար կը բարձրանալ բացառիկ արժէքի

 

Քրոնիկագիր Պարոնեան մը անջատ ամբողջութիւն մը չէ, պատմութեան համար այնքան կարեւոր։ Յակոբ Պարոնեան փորձած է ուրիշ կերպեր, այդ կեանքը սեւեռելու։ Ատոնցմէ մէկ ուրիշ է վիպումը

 


 



[1]        Ծանօթ էք բառին իմաստին։ Ըսեր եմ զանազան տեղեր ու հոս թերեւս աւելորդ անգամ մըն ալ կը կրկնեմ թէ ինչպէս որ պատմագրութիւնը մեր հին գրականութեան համար ընդհանուր աւազան մըն էր ուր կը հոսին մեր մտքին կարելի շնորհները, նմանապէս սխալ չէ ընդունիլ որ քրոնիկը արեւմտահայ գրականութեան մէջ նոյն քան ընդարձակ աւազան մըն է ուր հոսեցան ու դեռ էլի կը հոսին արեւմտահայ մտքին շնորհները, խռովքները։ Արեւելահայ գրականութիւնը զայն հազիւ թէ կը ճանչնայ։ Պարոնեանի շրջանին բառը չէ ընդհանրացած, թէեւ անով ծածկուած իմացական գործունէութիւնը նկարագիր է ստացած։ Խմբագրական որակուած յիմարութիւնը, որ ահա կէս դարէ ի վեր կը սպառէ մեր լաւագոյն գրողներուն ուժը, անկէ զառածում մըն է ինքնին։ 1860ին, խմբագրականին տեղ թերթերը տեղ կը բանան օրուան կեանքէն թելադրուած պատկերներու, հանդէս, ներկայացում, բանավէճ, մահ, եւ. այլն։ Լրագրական ամուլ զբաղա՞ք մը, ուրեմն։ Մի աճապարէք։ Կուտամ անուններ. Չերազի Գրական Փորձեր ը հաւաքումներն են այդ պատանիին ճառերուն, աւուր պատշաճի քերթուածներուն, քննադատական նշմարներուն, յարձակումներու դէմ պատասխաններուն, պոլսական հանդէսներէ զգայութիւններու, բոլորը մեր օրերու քրոնիկը յատկանշող: Առաջին Տերեւք ին յառաջաբանը եւ արձակները։ Եղիայի գործին երեք չորրորդը։ Մամուրեանի խմբագրականները ինչպէս Նամականի ները։ Արփիարեանին Օրուան Կեանք ը. Հրանդին Պանդուխտներու Կեանքէն ը, Արուեստագէտ սերունդին արձակ քերթուածները։ Եղիշէ Դուրեանին գրական արձակները։ Պարթեւեանին եւ Թէքէեանին տպաւորութիւնները, նոյնիսկ, քիչիկ մը սեղմելով տեսակէտը, Չրաքեանին Ներաշխարհ ը կուգան աւելի ընդարձակուած քրոնիկէն։ Այսպէս տեսնուած, քրոնիկը կը դառնայ արեւմտահայ գրականութեան ժողովրդական փորձաքարը, ինչպէս նաեւ անոր մշակներուն տաղանդին անվրէպ փաստը: Արդարեւ ո՞ւր արժեւորել Բարիզ եւ Լոնտոն ը . Օտեան) եւ Ուղեւորի մը էջերը (Զօհրապ), Ծիծաղ եւ ԿԵրբերոս եւ Աւերակներու վրայ (Տիկին Եսայեան) անուններով գործերը։ Քրոնիկը ուրեմն կ՚ազատագրէք լրագրական իր նկարագրէն ու կուտաք անոր արեւմտահայ գրականութեան մէջ ընթացիկ գրական սեռի մը բախտը։