Ե.
ԲԱՐՔԵՐՈՒ
ՀԱՆԴԷՍԸ
Պարոնեանի
մէջ
վիպողի
քանի
մը
նկարագիրներ
ճշդելու
ատեն,
ակնարկած
էի
բարքերու
սեւեռման
մէջ
անոր
մատուցած
մեծ
ծառայութեան։
Հոս
տեղը
չէ
գրականութեան
եւ
բարքերու
յարաբերութիւնը
վերլուծել
ակադեմական
միջոցներով։
Գրականութիւնը
ըմբռնելու
եղանակները
ա'չ
անկայուն
են,
ոչ
ալ
անվերածելի։
Դարեր
շարունակ
անիկա,
գրականութիւնը,
ուրիշ
բան
չէ
գրեթէ
եթէ
ոչ
դասակարգի
մը
լայն
ժամանակը
անձանձրոյթ
ընծայելու
տեսակ
մը
բռնավաստակ
տաղանդին
վրայ
պարտադիր։
Գրագէտը,
մանաւանդ
բանաստեղծը,
մոռնալու
չէք,
վտարելի
մարդ
մըն
է
…
Պղատոնի
հասարակապետութենէն
ուր
մշակին,
արհեստաւորին,
զինուորին
տեղերը
այնքան
յստակ
գծուած
են։
Ու
գաղիացիներուն
գրական
ոսկեդարը
պայմանաւոր
է
ողբերգական
բանաստեղծութեամբ։
Համախմբել՝
կարելի
հրապոյրներով
կիներու
մեծ
թիւ
մը
ընդարձակ
սրահներու
մէջ,
ամենէն
շքեղները
արժեւորել
օթեւաններու
խորքը
ու
այսպէս
կազմուած
հանդէսի
մը
պահուն
նոյնքան
վայելուչ,
շնորհագեղ
բերաններէ
թափել
այդ
մարդոց
աչքերուն
(ու
ականջներուն
վայելումին
անուշիկ,
փափուկ,
գրգում,
կրքոտ,
կշռաւոր
բառերու
մեղեդին։
Բարքե՞րը։
Օ՜։
Զգուշացէք
ձեր
տուներուն
իրական
հոտէն
իսկ:
Զայրացէք
երբ
այդ
բեմերէն
ձեզի
ըսուին
այդ
բարքերը
յիշեցնող
փոքրագոյն
իսկ
բառերը։
Մի
ընդունիք
որ
դերասանուհի
մը
համարձակի
թաշկինակ
բառը
հանել
բերնէն,
որ
տունը
կը
բերէ
հանդիսականին,
այլ
պահանջեցէք
որ
այդ
գռեհիկ,
տնավարի
բառը
փոխարինուի
սանկ
ազնիւ,
ազնուական
շրջաբանութեամբ
մը,
օրինակ՝
ազնիւ
հիւսուած
մը,
եւ
այլն։
ԺԹ.
դարը,
տապալելով
այս
ճաշակները,
գրականութիւնը
բացաւ
սիրտին,
մանաւանդ
տունին։
Բարքերը
մէկէն
կը
դառնային
յատակը
գրական
ամէն
լուրջ
ձեռնարկի:
Կը
յիշէք
Պալզաքի
համար
գործածուած
դատաստանը .
անիկա
գրած
էր
իր
Մարդկային
կատակերգութիւն
շարքով,
Ֆրանսայի
իրական
պատմութիւնը։
Պարոնեանէն
առաջ
մեր
բարքերը
գրել
է
մուտք
չունի
մեր
գրականութենէն։
Ու
մի
զարմանաք,
քանի
որ
1850էն
առաջ
մեր
գրականութեան
սպասը
ընող
Վենետիկը
ո՛չ
քաղաք
մըն
է,
ո՛չ
ալ
ընկերութիւն
մը,
մեր
ժողովուրդով
գոյաւոր։
Խօսեցայ
թէ
ինչ
էր
Խոսրով
եւ
Մաքրուհի,
Էլիզա
վէպերուն
ենթաշխարհը։
Բանաստեղծութիւնը
կալուած
մըն
է
ուր
բարքերը
իբրեւ
խմոր
եւ
ոչ
թէ
լիութիւն
կը
դառնան
օգտագործելի:
Մնաց
որ
մխիթարեան
քերթողները
այդ
խմորն
իսկ
անօգուտ
ընդունեցին
եւ
խոշոր
դիւցազներգութիւն
մը,
Հայկ
Դիւցազն,
անկարելի
paradoxը
կ՚իրագործէ
ժողովուրդ
մը
տալու,
առանց
անոր
հարազատ
բարքերէն
փոքրագոյն
իսկ
նշմարի։
Կը
գրուին
Ալիշանի
Նուագք
շարքերը,
ուր
կրնան
բոլոր
ցնորքները,
սլացքները,
երկնային
հարսանիքները
եւ
պատմական
ողբերը,
անդաճմունքները
տեղ
գտնել,
բայց
վրիպիլ
իրաւ
կեանքի
մը
պատկերին
պահանջէն։
Ով
որ
կը
կարդայ
արեւմտահայ
գրականութեան
անդրանիկ
շրջանին
գործերը,
մինչեւ
1885,
չի
կրնար
չհամակուիլ
խորունկ,
յուսահատիչ
բեկումէ
մը։
Այդ
զգացումը
ծնունդ
է
այն
անլրջութեան,
օդայնութեան,
անիրականութեան,
ճիշդ
բա
ռով
մը՝
հոuտոuութեան
որոնցմով
կնքաւոր
է
այդ
մարդոց
ուղեղէն
դուրս
եկած
ամէն
գործ։
Չեմ
դառնալ
ետ։
Այն
անհուն
աշխատանքի
մարդը
որ
կը
կոչուի
Հ.
Ղեւոնդ
Ալիշան,
եթէ
հրաշքով
մը
կանչուէր,
որ
հազարաւոր
էջերու
բուրգին
վրայէն
դիտելու
իր
աշխարհը,
պիտի
տառապէ՞ր
արդեօք
իր
բառակոյտէն։
Ո՞վ
կայ,
տեղն
է
հարցնելու,
քեզ
անոր
հատորներուն
ետին։
Ո՞ր
ժողովուրդինն
են
այդ
մեծակառոյց
յիշատակարանները։
Կը
հրաւիրուիք
կրկին
բանալ
զանոնք
գտնելու
համար
հայոց
ժողովուրդը:
Ձեր
գտնելիքը`
յատուկ
անուն։
Ամենէն
բարձրորակ
ու
հանգամանաւոր
այս
վաստակաւորէն
վերջ,
աւելորդ
պիտի
ըլլար
այդ
ժողովուրդը
փնտռել
մեր
ռոմանթիքներուն
ինչպէս
նաեւ
այն
միւս
խումբին
մէջ
զոր
որակած
եմ՝
յատկանշական
մակդիրով
մը,
-
Դէպի
Իրապաշտներ
։
Ըսել
թէ
մեր
Իրապաշտութեան
հետ
մեր
ժողովուրդը
ներս
կը
մտնէ
մեր
գրականութենէն,
թէեւ
ըստ
էութեան
ճիշդ,
բայց
ըստ
ձեւի
անճիշդ
տարազ
մը
գործ
ածել
պիտի
նշանակէր:
Հայ
ժողովուրդը
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
իր
մուտքը
կ՚ընէ
Յակոբ
Պարոնեանով.
ու
ասիկա
վճռական
է
իր
ընդհանրութեան
ինչպէս
մասնաւորութեանը
մէջ։
Դուրեանի
եւ
Պէշիկթաշլեանի
տաղարաններուն
մէջ
ցոլքեր
միայն՝
այդ
ժողովուրդի
բարքերէն,
Մթերքը՝
Պարոնեանով։
Ըսուած
է
որ
մեծութեանց
հարցը
գրող
է
գրող
ունի
մէկէ
աւելի
բաղադրիչներ:
Ասոնց
ամենէն
տիրականը,
իմ
կարծիքով,
աշխարհն
է
(Պալզաք,
Տիքընզ,
Տայսթայովսքի,
Թոլսթոյ,
Զօլա,
Մարսէլ
–
Բրուստ,
որոնց
անուններուն
հետ
մեր
ներսը
յառնող
անդրանիկ
զգացումը
իրենց
տաղանդը,
ասոր
նկարագիրները,
ասոնց
կապուած
հարցերով
չէ
գոյաւոր,
այլ
այդ
անուններով
նուաճուած
աշխարհամասին
զգայութիւններով)։
Ու
տարազը
ճիշդ
չի
կրնար
չըլլալ
հայոց
գրականութեան
համար
ալ:
Ծաւալի
հարց
մը
չէ
որ
կը
յուզեմ։
Խրճիթներէն
մինչեւ
Խորհրդարան
ութսուն
էջնոց
կտորի
մը
մէջ
Օհան
Կարօ
յաջողած
է
փրկել
այնքան
բան
որքան
չէ
կրցած
ընել
ատիկա
իր
մանրատառ
ութածալ
ութը
հարիւրէ
աւելի
էջերով`
Խրիմեան։
Քիչ
վերը
յիշեցի
Ալիշանին
հազար
էջերը
որոնք
ամէն
հանգամանք
կը
մէկտեղեն
գրագէտի
աշխարհ
մը
յօրինելու,
բայց
կ՚արգիլուին
անկէ,
բարքերու
հանդէպ
Վենետիկով
միայն
բացատրելի
անտարբերութեամբ
մը
զարնուած։
Ու
կան
ուրիշ
անուններ,
մեր
երեք
սերունդներէն
որոնց
գործերը
իբրեւ
ծաւալ
պատկառանք
կ՚ազդեն։
Արշակ
Չօպանեան
թերեւս
Ալիշանին
հաւասար
թուղթ
է
սեւցուցած
ու
վանական
մըն
ալ
չէ
ապրած։
Փորձեցէք
սակայն
այդ
Պոլսեցիին
stockէն
աշխարհ
մը
լաստակերտել։
Այն
ատեն
միայն
պիտի
զգաք
ձեր
մէջը
արդարութեան
ձայնը
հանդէպ
Պարոնեանին։
Չօպանեան
մեր
ընկերութեան
բոլոր
խաւերուն
հետ
ունեցած
է
ընդարձակ
շփումներ,
ինչ
որ
համազօր
է
իր
գործէն
ներս
այդ
ընկերութեան
բոլոր
կերպարանքներէն
կարելի
ներկայութեան,
տղոց
հոգիներէն
սկսեալ
մինչեւ
մեր
պատմութեան
ամենէն
ականաւոր
անձնաւորութիւնները,
փառապսակ
դէմքերը։
Եւ
սակայն
ձեր
ենթարկուած
կորանքը
յստակ
է
չափազանց,
վաթսունի
մօտ
տարիներ
ժողովուրդի
մը
իմացական,
ընկերային,
քաղաքական
քրոնիկը
ընող
աշխատաւորի
մը
ձեզի
ձգածին
մէջ
երբ
չէք
գտնել
բաւարար
գոհացում,
աշխարհ
մը
սանկ
ուրուագրող
տարրերէ։
Պարոնեան
իր
քառորդ
դարու
գործունէութեամբ,
մասնակի
կալուածի
մը
վրայ,
առանձինն
ըրած
է
բարիք
այնքան
որքան
չեն
կրցած
ընել
արեւմտահայ
գրականութեան
բոլոր
մշակները,
հաւաքաբար,
միշտ,
մի
մոռնաք,
բարքեր
փրկած
ըլլալու
տեսակէտէն։
Ալ
ձեզ
կը
զրկեմ
ձեր
առարկութեանց
գումարովը
որպէսզի
հեշտանաք
մեր
գրականութեան
միւս
անուններուն
բաժինովը,
միշտ
մեր
բարքերէն:
Գրականութիւն
մը`
գեղեցկութիւն,
սլացք,
ոճ,
ստեղծագործութիւն,
ձգտում,
ինչ
գիտնամ,
այնքան
շատ
է
թիւը
սա
հանգիտութիւններուն:
Չեմ
արհամարհել։
Բայց
իմ
հաշւոյս
խանդավառ
եմ
միւս
եզրովը
տարազին.
գրականութիւն
մը
ծաղրանկար
մըն
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Ու
ժողովուրդ
մը
միս
ու
ոսկոր
ըլլալէն
զատ՝
է
բարքերու
հանդէս
մը։
Ահա
թէ
ինչու,
արեւելահայերը
ուզեցին
Պարոնեանի
արձանով
պատուել
Երեւանի
ամենէն
բազմամբոխ
հրապարակը։
Ահա
թէ
ինչու
Համապատկեր
ին
հեղինակը
երախտապարտ
զգացումներ
ունի
Պարոնեանի
փառքէն
աւելի
փրկածին—
բարքերու
մեծ,
շատ
մեծ
մթերքին։
Աւելի
անդին
երբ
վերլուծումը
կը
տարածուի
դէպի
ամբողջական
ընդգրկումը
Պարոնեանի
աշխարհին,
ես
պիտի
ունենամ
պատեհութիւն
իր
ամբողջութեան
մէջ
արժեւորելու
Պարոնեանի
անմահ
բարիքը
մեր
ժողովուրդին
է
Հոս
կը
բանամ
քանի
մը
նկատողութիւններ,
Պարոնեանէն
սեւեռուած
բարքերը
լուսաւորող։
ա)
—
Շուկան
ու
Շուկացին:
Դուք
այս
բառերուն
հետ
ունեցաք
ձեր
առաջին
շփումը
…
Նիկողայոս
Զօրայեանին
դիմանկարին
հետ։
Վրիպած
այդ
ընկերաբանը,
տնտեսագէտը,
մանկավարժը,
քաղաքագէտը,
խմբագիրը
1850ին
իր
լիութեան
մէջ
զգացած
է
շուկան,
զայն
չափած:
Ու
գտած
է
նոյն
ատեն
որ
իր
ժողովուրդը,
ապրիլ
կրնալու
համար
պարտաւոր
էր
իր
հացին
տաշտը
ուսումնասիրել
կարելի
խղճմտութեամբ,
փոյթով։
Հարիւր
տարի
անցեր
են
այդ
օրերէն:
Շուկան
այսօր
իմացական
տագնապ
մը
չէ,
թէեւ
կը
շարունակէ
կազմել
սփիւռքին
ամենէն
հզօր
մտահոգութիւններէն
մէկը:
Զօրայեանին
սերունդը,
իր
ձախ
թեւին
մէջ,
ծանրութեան
կեդրոն
պիտի
ընտրէ
իմաստը,
հոգին։
Ռոմանթիքները
կ՚ամչնային
անկէ,
շուկայէն։
Պարոնեանի
խումբը
այդ
արհամարհանքէն
իր
բաժինը
լքեց
Էտիրնեցի
տոմարակալին։
Իրապաշտները
անոր
փաթթուեցան,
հացէն
դուրս,
իր
պարզած
pittoresqueին
համար:
Շուկան
բառ
մըն
է։
որուն
ետին,
այսօր,
ընդհանրացնող
մը
պիտի
չվարանէր
արեւմտահայ
քաղաքակրթութեան
անգոյ
տարազ
մը
կենսաւորել,
այնքան
մեր
քաղաքը
կլանուած
է
այդ
յղացքին
տարածքին
մէջը:
Այսօր,
մեր
հայրենիքին
մէջ
բառը
դադրած
է
իր
իմաստէն,
առարկային
դադրելովը
իր
դերէն
։
Դարձեալ,
այսօր,
գաղթային
(սփիւռքը
գաղթային
հոգեբանութիւնները
միայն
պիտի
կրնար
ապրեցնել)
հոգեխառնութիւն
մը
մեզ
կը
կապէ
Զօրայեանի
մտածողութեան։
Ինչ
որ
ալ
ըլլայ
մեր
ժողովուրդին
պարզելիք
պատկերը
կէս
դար
վերջը
մեր
օրերէն,
ստոյգ
է
ինծի
համար
որ
յետադարձ,
խորունկ
հետաքրքրութիւններ
լայնօրէն
իրենց
նիւթ
պիտի
ճարէ
իրեն
պատկերին
մէջը,
մթերքէն
ներս
այն
բարքերուն
որոնց
կրկէսը
հանդիսացած
էր
այդ
շուկան,
ԺԹ.
դարու
սկիզբներէն
իսկ։
Մեղք
որ
մեր
ունեցածը
շատ
քիչ
բան
է
մեր
կեանքին
սա
չափազանց
յատկանշական
շեշտերը
սեւեռող:
Հասկնկալի
է,
ի
վերջոյ,
ուրիշներու
մօտ
պատահած
դէպքերու
լոյսին
տակ,
որ
ըլլանք
զանցած,
գրեթէ
արհամարհած
մեր
պատմութիւնը,
ըսել
կ՚ուզեմ
մեր
բարքերը
զանցած
ըլլանք,
մեր
ուշադրութիւնը
փոխադրելով
եկեղեցականներու,
նախարարներրու
արարքներուն
սեւեռման,
չունենանք
վէպը,
երբ
անոր
թարգմանածուն
ամէն
սեղանի
վրայ
իր
տեղն
է
ճարած,
շրջափոխուինք
չափազանց
արագ
որպէսզի
մեզի
չխօսին
մեր
ժողովուրդին
իրաւ
ապրումները,
գեղէն։
Բայց
չէ
հասկնալի
թէ
ինչո՞ւ
մեր
զոյգ
գրականութիւններուն
մէջ
մեր
շուկան
ուրուային
շէնքէ
մը
չըլլայ
աւելին։
Հիմա
փնտռեցէք
զայն
մեր
Իրապաշտներու
մօտ
ու
պիտի
զգաք
յստակ
թէ
ասոնք
զբաղած
ըլլան
շուկացիի
աղկաղկ
տիպարներով
ու
նիհար
մնան
բուն
իսկ
տիպարը
կազմող,
զայն
ձուլածոյ
ոտքի
նետող
գործարանը,
շուկան,
պարագրկելու
արարքին
մէջ։
Պարոնեան
այն
մէկ
հատիկ
գրողն
է
որուն
մէջ
այդ
շուկան
ոչ
միայն
իբրեւ
թանձր,
պայծառ
իրողութիւն
փրկուած
է
ժամանակէն,
այլեւ
իբր
հոգեբանութիւն
ինկած
ըլլայ
վճռական
ձեւով
մը
սեւեռման,
իրմէ
առաջ
անծանօթ,
իրմէն
վերջ
մղոններով
հեռու
մնացող
միջոցներով։
Ընդունուած
է
որ
ժողովուրդի
մը
միջին
տարրը,
որով
մենք
բանուորութիւն
չենք
ունեցած
արեւմտահայ
գրականութեան
կեանքի
շրջանին։
Այնպէս
որ
արեւելահայ
վէպը
եւ
Պարոնեանի
գործը,
նոր
ժամանակներու
համար
այն
գետիններն
են
ուր
ներուած
ըլլայ
շուկան
հաստատել:
Չեմ
ընդլայներ
վերլուծում
մը
դէպի
արեւելահայ
վէպով
ընդգրկուած
շուկան։
Բայց
կը
ծանրանամ
արժէքին
վրայ
Պարոնեանով
փրկուածին։
Յետոյ,
պէտք
է
բանալ
տարազին
եզրերը,
որպէսզի
անկէ
ներս
իյնայ
ամբողջ
Պոլիսը
ուր
ամէն
ինչ,
կեանքի
ամէն
երեւոյթ
շուկայ
կ՚իջնէ,
շուկայէն
կը
մեկնի,
շուկայ
կ՚ըլլայ,
բախտին
մէկ
տարօրինակ
կարգադրումով,
որ
մեզի
համար
գոցած
է
կեանքի
արտաքին,
առնուազն
հողային
զբաղանքները
ու
մեզ
նետած
մեր
խանութներուն,
մաղազա
ներուն
(ամենէն
իրաւ
ու
լեցուն
բառը
Պոլսեցիներուն)
մթին,
գէջ
կամարներուն
ներքեւ,
անկիւնը,
տետրակներուն
խցիկովը,
galerieներուն
պատրաստ
բեռնակիրներուն
նկարչագեղ
ցուցադրանքովը
ու
աղային,
էֆէնտիին
շքեղ
փորակոյտերովը…։
Պարոնեան
քիչ
մը
զգոյշ
է
վարուած
դասակարգին
հետ,
թերեւս
տոմարակալի
բնազդական
հաշիւներուն
անձնատուր։
Բայց
շուկան
կը
մասնաւորուէր
Պոլիս
արհեստաւորներով,
ամենէն
սիրուն,
շահեկան,
կենսաւէտ
տարրը
մեր
այդ
օրերու
հասարակութեան,
երկար
շրջափոխութեամբ
ինքզինքը
արդիացուցած։
Արփիարեան
անկէ
ըրած
է
իր
միակ
յաջող
յօրինումները,
պատմուածքի
կալուածին
վրայ:
Պարոնեան
անոր
ո՛չ
միայն
մարդն
է,
այլեւ
անոր
մտայնութեանը
ամբողջական
հաղորդումով
մը
մասնագէտ
մեր
գրողները:
Ոչ
միայն
կը
ճանչնար
անոնց
բնութիւնը,
հոգեբանութիւնը,
այլեւ
անձնապէս,
այսինքն՝
իր
սեպհական
բնութեամբը,
հոգեբանութեամբը
կը
պատկանէր
անոնց:
Իրեն
համար
գրելը
եւ
անոր
ամենէն
յատկանշական
գիծերը
ըլլան
ժամադրուած
անոր
միջին
դասակարգին,
մեր
մէջ՝
շուկային
վրայ,
քանի
որ
քիչ
տարբերութիւն
կ՚արժեւորէր
որքան
ազգային
սափրիչին
համար՝
ազգային
գլուխներ
սափրելը,
տպարանատէրին
համար՝
գրողէն
դրամ
կթելը
(բառին
տուէք
արարքին
հարազատութիւնը)։
Այս
մօտութիւն
է
որ
զինքը
մղած
է
անոնց
յօրինումին
մէջ
մինչեւ
իր
օրը
չհանդիպուած
բնականութեան,
colorisին,
կարկառին:
Անոնց
մտայնութիւնն
է
որ
կը
վարէ
իր
սքանչելի
խօսակցութիւնները,
դրուագումին
այնքան
բարեբաստ
ձեւով
մը
նպաստ
ճարող։
Տուած
է
անոնց
առօրեան,
այնքան
տափակ,
խենթուկ,
բայց
իրաւ,
գտնելով
որոշ
դիւրութիւն,
այդ
տափակութիւնը
նուազագոյն
չափի
վերածելու:
Արհեստաւորը,
խանութին
մէջ,
գործի
վրայ,
փողոցի
երեսին,
քանի
մը
բերան
բան
‒
բամբասանք
‒
փոխանակելու
արարքին
պահուն,
Պարոնեանէն
սեւեռուած
Թէոփրաստը
ու
Թէոկրետը
համադրօրէն
յիշեցնող։
Տո՛ւնը,
էրիկ
կնկայ
կռիւներուն
ամենէն
զուարթ,
բնական
տողանցը
երբ
կը
թաւալի,
էջերը
անզգալաբար
լեցնելով,
իրարմէ
գերազանց
նկարագիրներու
պարզումով։
Օրուան
կեանքին
ամենէն
չնչին
իրադարձութեանց
իսկ
մէջը,
Պարոնեանի
մօտ
այդ
շուկան
տիրական
է
ահաւոր
իրաւութեամբ
մը։
Երուանդ
Օտեան
զայն
չի
ճանչնար
գրեթէ։
Պարոնեան
անոր
ապրանքն
է,
ձեռնասունը,
սիրելին
է
Կը
բաւէ՞
այսքանը
արդեօք,
բացատրելու
համար
թէ
ինչպէս
Առտնին
Տեսարաններ
ը,
Քաղաքավարութեան
Վնասներ
ը,
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ը,
Պտոյտ
մը
Պոլսոյ
Թաղերուն
մէջ
ը
նոյնիսկ,
իրարմէ
այնքան
հեռու,
արտաքնապէս
տարբեր
վայրերէ
հանուած,
բոլորն
ալ
իրարու
հետ
կարծես
արմուկ
արմուկի
տախտակներ
են
այդ
շուկայէն։
Բացուիլ
մը
դէպի
գումարը
այդ
շուկան
յօրինող
բազմազանակ
տարրերուն՝
պիտի
նշանակէր
վերլուծել
յաւակնիլ
ոչ
միայն
դասակարգ
մը,
այլ
արեւմտահայ
ժողովուրդին
ամենէն
առաջաւոր
մէկ
մասին
հոգեյատակը
խորաչափել։
Համապատկեր
ը
չունի
այդքան
տեղ
ատոր
տրամադրելի։
Բայց
սխալի
մէջ
չեմ
երբ
Յ.
Պարոնեանի
կեանքը,
ասոր
ողբերգութիւնը,
ինչպէս
այդ
կեանքէն
անոր
հանած
սանկ
փոքրիկ,
անուշիկ
յոյզերը,
վայելքները
իբր
նախատարր
պայմաններ
ընդունիմ
նման
աշխատանքի
մը։
Եթէ
Պետրոս
Դուրեանը
կը
հանենք
իր
երազներէն,
Պէշիկթաշլեանը`
հարուստներու
տուներէն
ներս
իր
տռամայէն
ինչպէս
վարկէն,
Պարոնեան
ամենայն
բնականութեամբ,
ինչպէս
տղեկ
մը
իր
մօրը
արգանդէն,
աշխարհ
է
եկած
այդ
շուկայէն։
Ըսուած
է
թէ
այդ
շուկան
կը
խենթենար
Պարոնեանին
վրայ:
Անշուշտ
ըսել
կ՚ուզէին
որ
զայն
կարդալը
այդ
շուկացիներուն
համար
ազնուանալ
էր,
հպարտանալ,
սանկ
քիչիկ
մը
փառաւորուիլ
ի
վնաս
ջոջերուն,
մեծապատիւ
մուրացկաններուն,
պէյերուն
ու
պատրիարքներուն։
Աւելի
վերջը,
Պարոնեանի
վարկը
վտանգող
ամենէն
ծանր
մեղադրանքը
շուկայիկ
սա
հարազատութիւնը
պիտի
ըլլար,
Արուեստագէտներու
քիչիկ
մը
օդակառոյց,
վերնաթռիչ
ախորժակներուն
առջեւ
շատ
գետնաքարշ
բան
մը
թելադրող։
Դեռ
1895ին
Արշակ
Չօպանեան
Պարոնեանի
վրայ
իր
կայծկլտուն
ու
շատ
համով
կենդանագրին
մէջ
կը
դատափետէր
անոր
շուկայ
հոտող
ոճը,
բառերը,
թանձր
մտայնութիւնը։
Կէս
դար
յետոյ,
այդ
հոտը
ու
այդ
թանձրութիւնը
չեն
որ
մեղադրելի
կը
մնան,
այլ
այդ
իրապաշտութեան
քիչ
մը
շատ
իրաւ,
մանրամասն,
տեղական
գոյնով
կառուցուած
բան
մը
միայն
ըլլալու
ճակատագիրն
է
որ
կ՚ազդէ
այդ
սեւեռումներուն
արժէքին։
Պիտի
ուզէինք
այսօր
որ
այդ
իրապաշտութիւնը
եղած
ըլլար
ոչ
թէ
նկարչական
միայն,
այլեւ
մարդերու
սեւեռման
մէջ
երեւան
ըլլար
բերած
խորութեան
ծալքեր։
Ի
վերջոյ
ո՞ւր
է
այդ
շուկան
մարմնաւորող
տիպարը,
գէթ
այնքան
մը
կենդանութեամբ,
կարկառով
որքան
Մասիսեան
ն
է
Ռաֆֆիին։
բ)
—
Տունը,
այնքան
թեթեւ,
քիչ,
անկշիռ,
մինչեւ
Իրապաշտները
մեր
գրականութեան
մէջ։
Կարդալէ
ետքը
մինչեւ
1885
մեր
բոլոր
գործերը,
դուք
կ՚ունենաք
ծանր
տրտմութիւններ
որոնց
վրայ
հիմա
չեմ
ծանրանար։
Այդ
դժգոհանքէն
ամենէն
հիմնականը
պատկերէն
կու
գայ
գրականութեան
մը
որ
քանի
մը
միլիոնը
անցնող
ժողովուրդի
մը
գրեթէ
ոչ
մէկ
հանգամանքը
ինկած
ըլլար
յստակ
սեւեռման։
Բացէք
որ
գիրքը
որ
կ՚ուզէք,
ձեր
ժողովուրդին
intérieurը
գտնելու
արդար
ցանկութեամբ։
Ձեր
յուսախաբութիւնը
հզօր
դառնութեան
մը
կը
վերածուի
այդ
գիրքերուն
սուտ
ու
փուտ
աշխարհովը
երկրորդաբար։
Ոչ
միայն
չունինք
մեր
բարքերուն
թէկուզ
աղօտակի
ուրուագիծը,
այլ
ստիպված
ենք
իբր
բարք
ծամել,
հանդուրժել
օտարներէ
փոխադրումներու
վրայ
ձեւուած
իրականութիւններ։
Այս
է
հայ
վէպը
մինչեւ
Անհետացած
Սերունդ
մը
ն։
Իրապաշտ
վէպէն
առաջ
(մեր
մէջ)
իրական
տո՛ւնը
՝
Պարոնեանով,
գէթ
իբր
croquis:
Ահա
թէ
ինչու
շնորհակալ
ենք
այսօր
Էտիրնեցի
այս
պարզուկ
տոմարակալին
որ
գէթ
սանկ
քառորդ
դար
ու
քիչ
մը
աւելի
անդին
(դէպի
անցեալը)
նայող
մեր
տունէն
մեզի
ըլլայ
բերած
կտորներ,
պատկերներ,
իրենց
ուրուային
իսկ
կերպարանքներով
դարձեալ
մեզի
սիրելի։
Մինչ
իր
շուրջը
մարդիկ
կը
թափառին
դժոխքներու,
երկինքներու,
լուսիններու,
առնուազն
օդակառոյց
աշխարհներու
հեշտանքները
երգելով,
Յակոբ
Պարոնեան
իր
ջանքը
կը
յատկացնէ
նկարելու
տեսարաններ
ուր
մեր
տունին
ներքին
իրականութիւնները,
անոր
յատուկ
ծառայող
հոգեկան
վիճակները,
այդ
տուներէն
ներս
խուժող
նորութեանց,
մոլութեանց,
ախտերու
կործանարար
հետեւանքները
ու
նոյն
ատեն,
առանց
գիտնալու,
կ՚ըլլայ
ազատած
այդ
տուները
կանգնող
դարաւոր
առաքինութեանց
հանդէսը,
հաստատ,
շքեղ,
միտքէ
չփախող
դրուագներու
վրայ:
Վաթսուն
տարի
առաջ
Պարոնեան
կարդալ
ժամանց
էր,
զուարթութիւն
էր,
քաշքշուք
էր
եւ
կամ
զայրոյթ։
Այսօ՞ր:
Քննադատը
կրնայ
տրտմապէս
տրամադրուիլ
այդ
աշխարհին
անբաւարարութեան
անծածկելի
փաստին
առջեւ,
երբ
կը
տեսնէ
մեծ
կարելիութիւններու
գրեթէ
շատ
թեթեւ
օգուտներու
միայն
վերածուիլը։
Բայց
Համապատկեր
ը
միայն
գրականութեան
սպաս
մը
չէ
հետապնդած։
Անիկա
ապրումներու
հանդես
մըն
է.
մի
մոռնաք
ասիկա։
Ու
կը
հրաւիրուիք
լրջանալ,
ամէն
իրաւ
գրագէտի
գործին
առջեւ,
տրուածին
փաստը
արժեւորել,
վատնուածին
գինը
ափսոսալ,
ու
ցաւիլ
մանաւանդ
անդարձ
կորուստին
անդարման
փաստերուն
առջեւ։
Երբ
այս
տողերը
կը
թելադրուին,
Պարոնեանի
մարդերը
չկան.
ըսել
կ՚ուզեք`
այդ
մարդոց
արիւնը
ու
ասոր
ետին
զետեղելի
ամբողջ
հոգիի
դրութիւնները
խրած
են
ընդմիշտ։
Աղէտ
մը
աւլած
սրբած
է
իմ
ժողովուրդէն
աւելի
քան
կեսը
անոր
հոգեկան
աշխարհին։
Մեռած
է
այդ
զմայլելի
աշխարհը,
ան
որ
արեւմտահայ
քանի
մը
միլիոնին
հոգին
կը
կազմէր
յիսուն
տարի
առաջ
ու
այսօ՜ր
…
սփիւռքի
նսեմութեան
է
վերածուեր։
Ու
կը
մտածեմ
թէ
ութը
տասը
ջոջ
գրողներու
համակեդրոն
ճիգը,
այդ
ժողովուրդէն
փրկելու
կարելի
վկայութիւններ,
իբր
արդիւնք
չունի
թիւը
տասնեակը
անցնող
հատորներու:
Իրապաշտ
վէպը,
յետ–պատերազմի
ճիգը:
Ու
այսքան։
Պարոնեան
միս
մինակը
փրկած
է
երկու
թեւերուն
համագումար
արդիւնքը
կշռող
քանակութեամբ
մը
մեր
բարքերէն։
Ու
ասով
անիկա
գերագոյն
բարերարը
կ՚ըլլայ
արեւմտահայ
գրականութեան,
քանի
որ
իր
գործին
մէջ
հայ
տունը
մեզի
մատուցուած
է
գրեթէ
անվերածելի
ամբողջութեամբ:
Այս
հաւաստումը
պաշտպանելու
համար
պարտաւոր
չենք
հոս
յիշել
անոր
այն
գործերը
ուր
մասնաւոր
կերպով
մը
կը
զբաղի
առտնին
տեսարաններով։
Կարդացէք
ամենէն
քմայոտ
յօրինումները
(
Քանի
մը
Խօսք
առ
Տիկին
Պատմութիւն,
Կանանց
Նամակը,
Խօսակցութիւնք
Մեռելոց,
յիշելու
համար
է՛ն
յատկանշականները)
ու
դուք
պիտի
տեսնէք
որ
ամէն
ճամբայ
իր
մօտ
կ՚առաջնորդէ
դէպի
հայ
տունը:
Քաղաքավարութեան
Վնասները,
Առանց
Միջնորդի
Փեսացու
Գտնելը,
Պտոյտ
մը
Պոլսոյ
Թաղերուն
մէջ
ը,
նոյնիսկ
Ծիծաղ
ին
դիցաբանական
ու
կենդանաբանական
հեռաշխարհը
ու
դիմակաշխարհը
ուրիշ
բան
չեն
եթէ
ոչ
հայ
տունին
պատկերանքները,
նոյնքան
նիւթեղէն
տարի
իբրեւ
որքան
բարացուցական
անխախտելի
իրականութիւն։
Զգեստ,
ուտելիք,
կահ
կարասի,
զարդեղէնները,
խոհանոց
ու
հիւրասենեակը,
իր
թօփուզ
լամպերով,
գլխարկներն
ու
corsetները,
դիմակներն
ու
մեղքերը,
բամբասանքն
ու
ներկերը,
բոլորը
—
որոնք
արուեստին
համար
այնքան
դժնդակ
փորձութիւն
ու
փորձանք
են
նոյն
ատեն
—
իր
մոգական
գաւազանին
հպումովը
կը
փոխուին
մնայուն
արժէքի:
գ)
Ազգային
շրջանակներ,
գլխաւորաբար
պատրիարքարան,
խմբագրատուներ,
դպրոցներ,
առաջնորդութիւններ,
թաղական
խորհրդարաններ,
որոնք
շէնք
են
նոյն
ատեն
ու
մտայնութիւն,
տիպարներ
կուտան
ու
բարք
կը
յարդարեն
իր
գործին
մէջ։
Արեւմտահայ
գրագէտներէն
Արփիարեան,
Մամուրեան
այս
կալուածին
վրայ
ունին
որոշ
երախտիք։
Բայց
ասոնցմէ
դուրս
ուրիշ
ոչ
մէկ
գրագէտի
մօտ
յիշուած
հաստատութիւնները
գտած
են
այն
հարազատութիւնը,
վաւերատիպ
ճշգրտութիւնը,
մանաւանդ
յատկանշական
տարրերով
հարուստ
ըլլալու
բացառիկ
ալ
բախտ
մը
զոր
հիմա
այնքան
թանկ
արժեւորելու
հարկ
մը
այլապէս
կը
բարձրացնէ
մեր
նկատառման:
1945ին,
այդ
ամենուն
Պոլիս
մեր
գտածը
անորակելի
ողբերգութիւն
մըն
է:
Մէկ
մասը
այդ
հաստատութիւններուն
անցած
է
ուղղակի
թուրքին։
Ու
քիչ
կարեւոր
թիւ
մը
շահագործման
դաշտ
է
հայ-թուրքին
որ
նոր
տիպար
մըն
է,
այնքան
ահաւոր
իրաւութեամբ
մը,
մեր
ժողովուրդին
պատմութեան
թէեւ
հաղորդ,
բայց
այդ
տրտմութիւններէն
ալ
գերազանց
սաստկութեամբ։
1945ին,
այդ
ամենէն
սփիւռքի
մէջ
մեր
գտածը
ուրիշ
թշուառութիւն։
Չեմ
եղած
մեր
հայրենիքը
որպէսզի
արտօնուէի
այդ
ամենուն
հոծ
զգեցած
նոր
կերպարանքները
դատել
այն
բացսիրտ
պարկեշտութեամբ
զոր
իմ
գրիչը
ինքնաբերաբար
կը
հեղու
իմ
տողերուն,
երբ
իմ
միտքը
կը
վերակազմէ
Պարոնեանէն
ծաղրուած
այդ
հաստատութեանց
համագումար
իրականութիւնը,
փառքը:
Արտասանեցէք
ազգային
պատրիարքարան
հայոց
կախարդական
բանաձեւը,
կանխող
դարու
վերջին
քառորդին
համար
ու
հետեւեցէք
ձեր
ներսը
յառնող
զգայութիւններուն,
մտածումներուն։
Ոչ
միայն
շենքերը
իբր
նիւթական
յօրինում
կ՚ապրին
Պարոնեանի
մէջ,
այլ
մանաւանդ
այդ
շէնքերը
լեցնող,
անոնց
քարերը
կենդանացնող
ոգին,
մտայնութիւնները։
Պարոնեան
գործածած
է
իր
տաղանդին
ամբողջ
թափանցուն
կորովը
այդ
շրջանակը
ընդմիշտ
կերպադրել
կարենալու
համար։
Իր
գլուխ-գործոցը,
Ազգային
Ջոջերը,
առանց
այդ
շրջանակին
պիտի
ըլլար
տարտամ,
տժգոյն,
դրուագային
ծաղրով
մը
միայն
համեմուած։
Այդ
ազգային
ը
Պարոնեան,
իբրեւ
քրոնիկագիր
եւ
խմբագիր,
թերեւս
ալ
ամէն
հայ
գրիչ
շարժողի
մէջ
մնայուն
մեղքի
մը
իբր
անդրադարձ,
պիտի
գտնէ
իր
ոտքը
դրած
ամէն
շրջանակի
մէջ։
Կարծես
իր
ծաղրը
առանց
այդ
թիրախին
պիտի
դառնար
թեթեւ,
դրուագային,
ինչպէս
դիտել
տուր
քիչ
վերը:
Թող
պտտի
Պոլսոյ
թաղերուն
մէջ.
անիկա
մարդերուն
չափ
ու
անոնցմէ
աւելի
այդ
թաղերուն
ազգային
կեանքը
(որ
կը
նշանակէ
դպրոց,
թաղական
խորհուրդ,
եկեղեցի),
պիտի
տպաւորէ
իր
դիտողութեանց
plaqueները։
Այս
ազգային
կեանքի
hypnoseը
իր
վրայ
այնքան
հզօր
է
որ
իր
ընդարձակ
գործին
ամէն
հիմնական
բաժիններուն
մէջ
մենք
ստիպուած
ենք
հանդուրժել
այդ
հաստատութիւններուն
շուրջ
ներելի
ու
աններելի
ամէն
բաջաղանք,
առաւել՝
այդ
հաստատութիւններուն
հետ
քալող,
անոնց
շուրջը
մեղուի
պէս
դարձող
երամ
մը,
պար
մը
մարդեր,
զանազան
անուններով,
որոնք
կը
սնուցանեն
ու
կը
սնանին
այդ
ազգային
ով։
Պետական
քաղաքականութենէ
զուրկ
ժողովուրդ
մը,
այդ
կարօտը
բարձր,
վարչական
կեանքէ,
շատ
մի
տեսնէք
որ
ըլլայ
փոխադրած
իր
խեղճ
ու
պատառ
մշակութային
հաստատութեանց
ներսը։
Դուք
չէք
կրնար
չափել
անչափելի
ուժգնութիւնը
այն
զգացումներուն
որոնք
Զարթօնքի
սերունդին
հոգեյատակը
տուին:
Ազգային
Սահմանադրութիւնը
օրէնքներու
հաւաքածոյ
մը
չէ,
իր
գէշ
աղէկ
քալող
mécanismeով,
այլ
ուղղակի
առք
(extase)
մը,
խենթութիւն
մը։
Արուարձանային
մատուռի
մը
քարոզիչը
ազգային
կաթողիկոսի
մը
հովը
կուտար
իրեն
երբ
գաւազանը
ձեռքը,
կը
բանար
իր
օրհնեալ
բերանը,
«
Հանուն
Հօր
եւ
Որդւոյ
եւ
Հոգւոյն
Սրբոյ
»,
ու
կը
ծանուցանէր
Ս.
Պատարագի
մէջ
հոգեհանգիստին
հասցէն։
Դպրո՜ցը։
Դպրոցնե՜րը։
Երեսփոխանական
ժողովը։
Պատրիարքարանի
վարչական
աւագանին։
Բացէք
այս
կարճ,
այսօր
մեռած
բառերուն
ետին
օր
մը
տրոփած
կեանքին
բովանդակ
հանդէսը,
հոնկէ
հոսող
կիրքերուն
ծանր
հեղեղները,
հոն
պարզուած
յիմարութեանց
համապատկերը,
ու
դուք
մօտիկն
էք
հասկնալու
ձեր
պապերուն
մէկ
հոգեպահը,
ձեր
ժողովուրդի
նկարագիրներուն
մէկ
քանի
տիրականները:
Պարոնեան
այս
ամէնը
ունի
իրեն
ենթաշխարհ,
ներաշխարհ,
վերնաշխարհ։
Մի
ըսէք
թէ
իր
խումբին
միւս
գործաւորներն
ալ
համակուած
են
նոյն
յուզումներով։
Ատիկա
պիտի
նշանակէր
լրիւ
ճանչցած
կամ
կարդացած
չըլլալ
շրջանին
հրիտակները
որոնք
ամենէն
աւելի
հանգամանաւոր
կերպով
մը
կը
խտացնեն
այդ
կեանքը,
Չիլինկիրեանի,
Մամուրեանի,
Չերազի,
Եղիայի,
Պէրպէրեանի
քրոնիկները։
Այս
անունները
դերձակներու
անուններ
չեն,
այլ
այդ
ազգային
կեանքը
ձեւակերպող,
զայն
դատող,
մեզի
փոխանցելու
պարտքով
մը
լրջացած
գրագէտի
անուններ։
Ու
կը
ղրկեմ
ձեզ
Արգոսի
Խոհեր
ուն,
Մարդիկ
եւ
Իրք
ին,
Ուղեւորութիւն
ի
Կ.
Պոլիս
ին,
Հայկական
Նամականի
ին:
Առէք
այս
գիրքերը,
խառնեցէք
իրարու,
ծեծեցէք
ու
ծեծեցէք
որպէսզի
գիրերուն
փշուրները
իրենցմէ
դուրս
արձակեն
կեանքին
սէրը,
իւղը,
ու
ձեր
գտածը
խնամքով
բաղդատեցէք
Պարոնեանի
ամենէն
քիչ
կշռող
մէկ
հատորին,
օրինակ
Ծիծաղ
ին
հետ:
Այն
ատեն
միայն
պիտի
կրնաք
արդար
ըլլալ
էտիրնեցի
սա
պարզուկ
տոմարակալին
յիշատակին
հանդէպ։
Վասնզի
անասուններուն
լեզուով
Պարոնեան
շատ
աւելի
իրաւ
է
տուած
այդ
ազգային
կեանքը
(
Ծիծաղ
)
քան
մուսաներուն
սպասարկու
Եղիան,
քան
ողջմտութեան,
իմաստութեան
զրահներով
սպառազէն
Մամուրեանը,
քան
ազգային
կրթութեան
տիտղոսաւոր
տրիբունները,
Չերազն
ու
Պէրպէրեանը։
Այդ
հաստատութիւնները
անշուշտ
կեդրոնական,
կեդրոնաձիգ
ձեւով
մը
իրենց
շուրջը
կը
պահեն
ազգային
կեանքը։
Բայց
Պարոնեան
այդ
կեանքը
(
ազգայինը
)
կը
հետապնդէ
նոյն
կորովով,
պարկեշտ
կիրքերով,
արդար
զայրոյթով
ուրիշ
ալ
տեղեր
մինչեւ,
մինչեւ
պետութեան
բարդ,
մթին
բաւիղները
ուր
կը
մղուին,
ճակատագրին
մատուըներով,
այս
ժողովուրդին
գերագոյն
ձգտումները։
Թուրք
արդարութիւնը,
թուրք
վարչութիւնը,
թուրք
պաշտօնէութիւնը,
մանաւանդ
թուրք
քաղաքականութիւնը
մեր
գրականութեան
մէջ
ոչ
ոք
իրեն
չափ
վճռական
գիծերու,
պատկերներու
տակ
յաջողած
է
սեւեռել։
Բարքերու,
քաղաքականութեանց
մանրախոյզ
պատմիչ
մը
թերեւս
պիտի
չընէր
աւելին,
հիմնական
նկարագիրներ
արտահանելու
արդիւնքի
մը
մէջէն
նկատի
առնուած։
Շարունակեցէք
բանալ։
Պիտի
գտնէք
լրագրողները,
անվճարելի
(impayable)
կերպով
մը
իրաւ
իբր
մարդ
որքան
մտայնութիւն,
միտք
որքան
բարք։
Պարոնեան
իր
շրջանին
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ը
գծագրելու
ատեն
ո՜ր
սուրբին
պաշտպանութիւնը
կը
վայելէր
որպէսզի
այդքան
վճռական
դուրս
գային
այս
տիպարները,
որոնք
իրենց
շահեկանութենէն
փշուր
մը
անգամ
չեն
կորսնցուցած`
այսօր։
Ազգային
Ջոջեր
ուն
մէջ
սպայակոյտը.
—
Տէրոյենց,
Իւթիւճեան,
Շիշմանեան
(որ
վիպասան
ըլլալէ
առաջ
քրոնիկագիր
մըն
է),
Կարապետ
Փանոսեան,
Խաչատուր
Միսաքեան,
Գրիգոր
Արծրունի
։
Ասոնք,
հեռու
պարզ
լրագրողներ
ըլլալէ,
ազգային
կեանքին
վրայ
մեծ
հեղինակութեամբ,
դերով
իշխաններ
են:
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ուն
մէջ
զմայլելի
է
Աբիսողոմ
աղան
դիմաւորող
խմբագրին
կենդանագիրը։
Ծիծաղ
ին
մէջ
բոլոր
մեծ
ու
պզտիկ
ասպետները
հրապարակագրութեան,
իրենց
անունին
հագցուած
թափանցիկ
դիմակներէն
ճանաչելի
մնացած։
Խիկար
ը,
մանաւանդ
Թատրոն
ը
տարօրինակ
առատութեամբ
մը
կը
բաբախեն
այդ
մարդոց
շնորհներէն,
մեղքերէն,
յիմարութիւններէն,
դերէն։
Անոնց
վեճերը:
Անոնց
փառասիրութիւնները:
Անոնց
ունայնամտութիւնը,
անոնց
ներքին
ու
արտնին
տագնապնե՜րը
։
Անոնց
միտքին
անկանգնելի
թշուառութիւնները:
Ծիծաղ
ը
մամուլի
ջոջ
կամ
վառեակ
սպասորեարին,
գիրքի
մուկերուն,
ճանճամիտ
ճպուռներուն,
սուտ
ու
փուտ
իմաստուններուն,
իմաստակներուն,
բանաստեղծ-վիպասան-դատողներուն
ծաղրանքին
մէջ
մասնաւորուած,
նկարագիր
առած
satire
մը
ըլլալուն
չափ`
սանկ
քառորդ
մը
դարու
համադրական
նկար
մըն
է
մեր
մամուլէն։
Հոն,
լոյս
տեսած
գիրք
մը,
աղմուկ
հանած
յօդուած
մը,
երբեմն
քանի
մը
տողի,
երբեմն
էջի
մէջ
կ՚իյնան
կարկառուն
սեւեռման
մը,
վերջնական
ու
շլացիկ:
Ճիշդ
է
որ
լրագիր
մը
առանց
կռիւի
դժուար
կ՚ըմբռնուի։
Նոր
չէ
որ
խմբագիրները
կը
գզուըտին։
Բայց
Պարոնեանի
օրերուն
մեր
իմացական
կեանքը
կ՚ամփոփուէր
առաւելապէս
այդ
կռիւներուն
ետին։
Օրաթերթերը
բանավէճը,
յարձակումը
կը
փնտռէին,
կը
ստեղծէին,
թերթին
tiraget
պաշտպանելու
համար։
Հանդէսները
կը
զբաղէին
«
լոյս
տեսած
»
հատորներով,
վէճի
դուռ
բանալու
շատ
սուր,
իրենցմէ
բխած
բայց
դուրսէն
ալ
լայն
չափով
մը
հրաւիրուած
ախորժակներով։
Այս
պայքարի
կիրքն
է
որ
կը
ջերմացնէ
օրուան
պարզուկ
ստեղծումները։
Ամէն
գրողի
անուն,
վէճի
մը
խրտուիլակը
իբրեւ,
կը
շահագործուի
բոլորէն։
Պարոնեան,
մանաւանդ
Թատրոն
ին
մէջ
որեւէ
պատեհութիւն
չի
կորսնցներ
այս
կիրքերուն
թափը
պահելու
իր
միջոցներուն
հասողութեան։
Շքեղ,
սքանչելի
մարդի՜կը։
Որուն
հերոսական
ճիգերով
ոտքի
հազիւ
կեցուցած
հանդէսը
չորս
տարիներու
ընթացքին
ո՜ւթը
անգամ
պիտի
ենթարկուի
պետական
հարուածի:
Դեռ
անկազմակերպ
գրաքննութիւնը
(1884ին,
այսինքն
Խիկար
ին
օրերուն
միայն
այս
ճիւաղային
մեքենան
պիտի
գտնէր
կերպը
Էտիրնեցին
զգաստութեան
կանչելու)
պիտի
դադրեցնէ
անոր
Թատրոն
ը,
աս
ու
ան
մեծապատիւին,
ծիրանաւորին,
ազնուաշուքին,
վսեմապատիւին
հարուածեալ
փառասիրութիւնը
գոհացնելու
համար։
Կատակ
չէ՜։
Ամբողջ
այդ
դրամի
ու
խելքի
ազնուականութիւնը,
տեղն
է
ըսել
Սթանտալի
կարմիրն
ու
սեւը,
պիտի
դաշնակցի
Էտիրնեցի
պարզուկ
տոմարակալին
դէմ։
Պատրիարքը
յատուկ
խնդրագիրով
կառավարական
միջամտութիւնը
պիտի
հայցէ,
փակելու
համար
Թատրոն
ը,
ու
պիտի
յաջողի
այս
նսեմ
խաչակրութեան
փառքը
անթառամ
մենաշնորհ
մը
ընելու
իր
յիշատակին։
Իրաւ
է,
այս
տռաման
այսօր
մեզի
չի
խօսիր
այն
ուժգնութեամբ
ու
կենդանութեամբ
զորս
ունէին
այդ
կռիւները
Թատրոն
ի
օրերուն։
Բայց
պզտիկ
ջանք
մը,
պարկեշտ
զիջում
մը
բաւ՝
որպէսզի
վերանորոգ
յօրինուէր
անիկա
ձեր
յիշողութենէն
անդին։
Պատմութիւնը
փոշի
է
ի
վերջոյ
ու
կը
նստի
ամենէն
պայծառ
դէմքերուն
ալ
վրայ:
Մաքրել
փոշին։
Ու
դուք
կունենաք
ամբողջ
փայլը
Պարոնեանի
մը
սրտաճմլիկ
հերոսութեան։
Անոր
դէմ
դաշնակցած
են
բոլոր
աւագները,
հայն
ու
թուրքը։
Զայն
կը
հալածեն
միջին
մարդերը
—
իր
պաշտպաննե՜րը
—
անոր
թերթերը
ձրի
կարդալով
ու
անոր
ապրուստէն
գողնալով
էականը,
հացն
ու
զգեստը
տունն,
կնկանը
ու
զաւկըներուն։
Ի՜նչ
հզօր
մարդ
էր
ըլլալու
այդ
լռակեաց,
տրտում,
իրաւ
գրագէտը
որպէսզի
ընդդէմ
այդ
խաչակրութեան
յաջողեր
ազատագրել
իր
գործը:
Պարոնեանին
կշիռը
առաւելապէս
հոս
է
որ
կը
գտնէ
իր
լիութիւնը,
իմաստը:
Այդ
է
պատճառը,
որ
այսօր
երբ
կը
կարդանք
իր
պայքարները,
շատ
բնական
կերպով
մը
անդին
կ՚անցնինք
այդ
պայքարներուն
իմաստէն։
Թող
քաշքշէ
Նար-Պէյ
մը,
Տիւսաբ
մը,
Իթիւճեան
մը,
Կ.
Փանոսեան
մը,
Եղիա
մը
(զոր
Ծիծաղ
ի
մէջ
մկրտած
է
Փիլոպիպղոս
—
գրասէր
—
այն
քան
իրաւ
ծաղրանունով),
շրջանին
բոլոր
ականակուռ
կամ
չականակուռ
անձնաւորութիւնները,
մենք
պիտի
մղուինք
այդ
անուններէն
անդին
անցնելու,
այսինքն
մեզի
մատուցուածին
ետին
գտնելու
ինչ
որ
իրաւ
գրագէտը
կը
զատէ
պատահական
գրչակէն,
այն
ժամանակէն
վեր
հանգամանքը,
որով
գործ
մը
կը
շինէ
իր
իմաստը,
դէպի
վար
(ետ),
ինչպէս
դէպի
վեր,
գալիք
ժամանակներու
ալ
վկայութիւն
մը
իբրեւ։
Ու
չունիմ
աւելի
պարզ
ու
պայծառ
տարազ
մը,
գրագէտի
մը
դերը,
փառքը
լուսաբանող
որքան
ըսել
կրնալը
իր
մասին,
—
անիկա
վկայութիւն
մըն
էր
իր
շրջանին.
այս
մարդը
կը
պատմէր
իր
ժամանակը
։
Ու
անմիջապէս
վերածեցէք
այս
հաւաստումը
իրական
իր
տարողութեան։
Գործածեցէք
զայն
ձեր
ուզած
անունին
հետ
ու
պիտի
գտնէք
թէ
որքան
քիչ
են
դէմքեր,
որոնց
համար
նման
գործողութիւն
մը
ձեզի
պիտի
գար
բնական։
Ի
վերջոյ,
1870ին
մարդիկ
խենթ
չէին
Խրիմեանի
քարոզներուն
(
Խաչի
Ճառ,
Մարգարիտ
Արքայութեան
Երկնից,
Սիրաք
եւ
Սամուէլ
),
որպէսզի
այդ
բարոյախօսական
քարոզները
գրական
փառքէն
ալ
անցնելն
անդին
եւ
Յակոբ
Պարոնեան
մեր
գրականութեան
մէջ
այն
շատ
քիչ
դէմքերէն
է
որոնց
մեզի
ձգած
վաստակին
հետ
մենք
արտօնուած
ըլլանք
ազգային
կեանքին
ալ
վերակազմութեան։
Վարդենիք
ը,
Յուզման
Ժամեր
ը,
Մայտա
ն
իրենք
իրենց
հաշւոյն
ձեռնարկներ
են.
թող
իրենց
ուզածը
յաւակնին
դնել
անոնց
ետին
անոնց
երջանիկ
հեղինակները։
Կ՚անցնի
կեանքին
կերպարանքը
ու
կուգայ
նորը
որուն
վրայ
այդ
անուններով
գործերը
չեն
կրնար
ունենալ
փոքր
իսկ
շուք
մը։
Պարոնեանի
ամենէն
անյաջող
մէկ
croquisն
իսկ
մարդ
մը
փրկած
է
կէսով։
Ազգային
շրջանակներուն
ընդարձակութիւնը,
չեմ
գիտեր,
կրցի՞
թելադրել
ընթերցողին
որպէսզի
անիկա
տեսնէր,
նոյն
խելամտումին
մէջ
ընդարձակութիւնը
գործին
ուր
այդ
ամենը
ըլլային
պարագրկուած։
Ու
տարէք
այս
հաւաստումն
ալ
իր
բնական
հետեւանքին:
Ըսել
կ՚ուզեմ
փնտռեցէք
Օտեանին,
Մ.
Կիւրճեանին,
Ա.
Արփիարեանին,
Յ.
Գույումճեանին
(Առանձար)
գործերուն
մէջ
սա
համայնականութիւնը։
Այս
անունները
մեր
կեանքէն
դրուագներ,
դէպքեր,
մասեր
կը
նուաճեն։
Պարոնեանին
էլ
փառքը
այդ
կեանքը
կարելի
լիութեամբ
նուաճելու։
Ոչ
միայն
այսքանը:
Աւելցուցէք
ազգային
այդ
շրջանակներուն
ուրիշ
ալ
հոսանքներ,
մեզի
հետ
հաղորդ,
անոր
մօտիկ,
փոխադարձ
ազդեցութիւններով։
Մի
մոռնաք
որ
միջին
արեւելքի
ամենէն
խառնացեղ
մէկ
կեդրոնն
է
այդ
Պոլիսը:
Ու,
«
նովին
իսկ
հրաշիւք
»,
Պարոնեանին
գործը
պիտի
մղուի
այս
խառնացեղութիւնը
«ըստ
կարելւոյն»
սեւեռելու:
Անշուշտ,
Պարոնեանին
մեզի
ձգած
դէմքերու
բանակին
մէջ
մենք
չենք
գտներ
վճռական
կերպարանքներ
լըվանթէն
էն,
իր
բառերովը`
թաթլը
սու
Ֆրենկ
էն,
արեւելքի
միւս
ցեղերէն
(պարսիկ,
հրեայ,
արաբ,
ռուս,
թուրք,
յոյն,
որոնք
իբրեւ
քանակ
ու
որակ
ունեն
որոշ
կշիռ),
քաղաքակրթութեան
մը
նշանակ
ծառայելու
յարմար
ձեւով
մը
ուսումնասիրուած,
բայց
այդ
դէմքերէն
հայն
ու
թուրքը,
իր
գրչին
տակ,
տիպարային
նկարագիրներ
են
խտացուցած։
Անսպասելի
բա՜խտ
մը`
թերեւս,
երբ
մենք
գտնէինք
այս
մարդուն
ձեռքը
կախարդական
գործիքը
որով
մտքի
մեծ
հսկաները
ոչ
միայն
իրենց
շրջապատը
կը
սեւեռեն,
այլեւ
կը
ձգեն
մեզի
ամբողջ
մարդկութիւնը
կերպարանող
վկայութիւններ։
Կ՚ըսեն
թէ
Պալզաքի
ազնուականները
կը
խօսին
իրենց
դռնապաններուն
լեզուն,
թելադրելով
այդ
բարքերուն
անծանօթ
կամ
քիչ
ծանօթ
վիպասանին
անճարակութիւնը
բարձրագոյն
խաւերը
հարազատութեամբ
նուաճելու
իր
ժամանակին։
Համաքաղաքացի
Պոլիսին
ավելի
բախտաւոր
մէկ
միութիւնն
է
Տիկին
Տիւսաբ
փաշան,
որմէ
Մայտա
ն,
Արաքսիա
ն
եղջերուաքաղ
կը
թուին
այսօր։
Ուրի՞շ։
Տասներկու
Տարի
Պոլսէն
Դուրս
ին
մէջ
Օտեան
սեւեռած
է
միջազգային
տիպարներ,
իրեն
յատուկ
անկնիք
թեթեւութեամբ:
Քայքայում
ին
մէջ
Պարթեւեան
տուած
է
սեւաթորմի
Croquisներ։
Քանի
մը
գիծ՝
Փաշալեանէն,
քրոնիկներուն
մէջ։
Թուրքը
իբրեւ
անհատ
չէ
նուաճուած
անշուշտ
Պարոնեանէն
(
թապուն
զինքը
կ՚արգիլէր
այդ
հերոսութենէն։
Առանց
ատոր
ալ
արդէն
լեգէոն
էին
իր
թշնամիները),
բայց
թրքութիւնը,
իբրեւ
մտայնութիւն,
ինկած
է
կարելի
սեւեռման:
Ու
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
ուրիշ
ոչ
ոք՝
որ
այդ
մտայնութիւնը
ըլլար
նուաճած,
մինչեւ
այսօր
իր
գիծերը
անաղարտ
պահող
պայծառութեամբ
մը,
որքան
կը
հաստատեմ
ասիկա
Պարոնեանի
մօտ։
Օտեանի
քրոնիկները
երբեմն
շատ
սիրուն
ուրուագրումներով
կը
յիշեցնեն
Հոսհոսի
Ձեռատետրը
։
1910ին,
մանաւանդ
1920-1922,
քաղաքական
պայմաններու
որոշ
դասաւորում
արտօնեց
Իգնատ
Աղան
(Օտեանին
թերթը)
այդ
թրքական
մտայնութեան
վրայ
ընելու
արագ,
թեթեւ
բայց
յատկանշական
սեւեռումներ։
Ու
այսքան։
Պարոնեանին
է
արժանիքը
այդ
մտայնութիւնը
ամենէն
առաջ
իւրացուցած
ու
արտաբերած
ըլլալու,
հակառակ
որոշ
դժուարութեանց,
ծանր
վախերու
նոյնիսկ:
Արեւելքը`
ծաղրը
չհանդուրժեց
դարերով։
Թուրքերը
ու
թուրքը
արեւելքն
էր,
Եւրոպան
կոխոտելու
արիութեամբ
մըն
ալ
բարդուած,
բարդացած:
Հոսհոսի
Ձեռատետրը
բաւական
է
այդ
բարդ
կենդանիին
վրայ
որոշ,
յստակ
դատաստան
մը
կազմելու:
Ազգային
շրջանակներու
լրիւ
վերլուծում
մը
կը
նշանակէ
Պարոնեանի
ամբողջ
գործը
բերել
սեղանի,
այնքան
անոր
ծաղրը,
ինչպէս
գրագէտի
կարողութիւնը
խածնուած
են
այդ
միջավայրին,
անկէ
մեկնող
հակազդեցութիւններուն,
հոն
առաջնորդող
ապրումներուն։
Արեւելահայ
դատումի
եղանակ
մը
փորձել
պիտի
նշանակէր
մէկիկ
մէկիկ
հոս
յիշել
անձերը,
հանգամանքները,
դրուագները
որոնք
սնունդ
են
տուած
անոր
գործին
(Հայաստանի
հրատարակած
ամբողջական
գործը
իր
հատորներուն
կցած
է
բանալի
ցանկ
մը,
վերակազմելու
համար
ազգային
շրջանակներուն
կերպարանքը՝
թէեւ
անկատար,
այդ
ցանկը
կը
սփռէ
բաւարար
լոյս
ոչ
միայն
Պարոնեանի
տաղանդին
ընդարձակութեանը,
այլեւ
անոր
գործին
յատակ
ծառայող
իրաւ
կեանքին
)։
Բարքերու
արտահանումին
նուիրուած
սա
բարակրաֆին
տարողութի՞ւնը։
Գաղտնիք
մը
չէ
որ
այդ
տարողութիւնը
ընդարձակելի
է,
ընդգրկելու
չափ
Պարոնեանի
աշխարհը
որ
իր
խոշոր
գիծերուն
մէջ
պիտի
իյնայ
վերլուծման,
աւելի
վարը։
Ըսի
անգամ
մը
թէ
արեւելահայ
ծանծաղ
քննադատութեան
հետեւիլ
պիտի
նշանակէ
նույնիսկ
մէկիկ
մէկիկ
անուանել
այն
ամէնը
որ
հաւաքուած
է
Պարոնեանի
գործով:
Անշուշտ,
անհունապէս
աւելի
բարձր
պիտի
կշռէր
այդ
մթերքը
եթէ
երբեք
հաւաքուած
ըլլալու
փոխան
երգիծանքի
պարունակէն,
մեզի
ըլլար
եկած
դրական
միջոցներով,
այսինքն
ուղղակի,
իր
բոլոր
ուղղութիւններուն
մէջ
փորուած
ուսումնասիրութեամբ
մը
Պոլսէն,
որ
իր
կեդրոնական
նկարագիրովը
ընդունակ
էր
իր
դերին։
Բայց
մոռնալու
չենք
որ
Պարոնեան
հայ
ժողովուրդին
գրագէտն
է,
այսինքն
հեռու
եւրոպական
ըմբռնումով
այն
գործաւորը
ըլալէ
որ
իր
դիտողութեան
ծիրին
ինկած
երեւույթները
խղճամիտ
կերպով
մը
կը
հաւաքէ,
կը
վերակազմէ,
լայն
ընդհանրացումներու
ի
հաշիւ:
Տուի
վերերը
անունները
անոնց
որոնք
իրենց
ժամանակը
նուաճեր
էին,
դիւանատուներէն
աւելի
ապահով
արդիւնքներով։
Չունեցանք
Պալզաք
մը,
տաղանդի
հարցէն
դուրս,
ընկալչութեան
ալ
ճնշումովը
արգիլուած
այդ
տեսակ
մարդոց
կապուած
բարիքներէն։
Նորէն,
այս
գետինին
վրայ,
մեզ
երախտիքի
մղող
մեծագոյն
դէմքն
է
Յակոբ
Պարոնեան։
Մեր
զոյգ
գրականութիւնները
հազիւ
անուններ
կը
թելադրեն
մեր
նկատառման,
որոնք
բարքերու
հանդէպ
ըլլային
ըրած
պարկեշտ
զիջումը։
Ռաֆֆիի
մեծ
գործը
իր
ժամանակէն
ճիղճ
մաս
մը
փրկած
է
կորուստէ։
Երուխանի
մեծ
վէպը
իր
փոքր
մասովը
միայն
բարքերու
սպաս
մը
ըրաւ:
Շիրվանզադէ
միշտ
հատուածական
ձեւով
մը
իր
գործին
մէջ
տեղ
բացաւ
բարքին։
Չեմ
արտօնուած
խորհելու
Երուանդ
Օտեանին
որ
քմայքը,
յերիւրանքը,
աժան
երեւակայութիւնը
նախամեծար
համարեց
պարկեշտ
ուսումնասիրութեամբ
նուաճելի
փառքին,
մեր
բարքերը
փրկելու
տակաւ
թանկագին
բարիքին։
Ստիպուած
ենք
ուրեմն
բաւականանալ
Պարոնեանով
որ
այդ
մարզին
վրայ
ցարդ
մնաց
անգերազանցելի։
Ու
ասիկա,
հեգնութենէն
անկախ,
մայր
բարիքն
էր
Էտիրնեցի
պարզուկ
տոմարակալին։